Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՒԻՆ ԴԱՐԸ

Կաւին դարին իրարանցումը առաջին անգամ Պեկիշենց Մանուկը տեսաւ: Մաղիկանց Արութին, կամ ինչպէս կը կանչէին` Մաղաքեանին, հետ երկուքը միասին գիւղ կուգային: Հերկին արտը Մանուկին արօրձողը կոտրեր էր, տուն կ՚երթար` նոր մը տանելու, Մաղաքեանն ալ Սիմայի Աղջուրի Ակէն էշովը աղջուր բերելու գացեր էր, վերադարձին Երկանագիի նեղ տեղը իրարու հանդիպէր էին:

Կալերուն գլուխը, Խաչի Դար որ եկան, Մանուկ, թէեւ պատճառ մը չկար, բայց մարդ չէ՞ր, մարդ երբեմն ետին չդառնա՞ր, չնայի՞ր, Սուրբ Սարգիսի լեռան կողերուն նայեցաւ: Կաւի տեղերուն կապոյտ հողերուն վրայէն մէկը կը վազէր դարվեր: Կնիկմարդ ըլլալու էր: Կաւի հանքերէն լուացքի, գլուխ լուալու կաւ հանելու համար էրիկմարդ կ՚երթա՞յ: Կնիկմարդու գործ է: Ետեւէն երկրորդ մըն ալ վազեց: Անոր ալ ետեւէն քիչ վարը հերկուոր մը, որ արտ կը հերկէր, եզնիքը կեցուց, ան ալ վազեց ու կնիկներուն հասաւ:

Զարմանալի բան: Խելք չէր հասցուեր: Ինչո՞ւ իրարու ետեւէ վազեցին ասանկ: Բան մը կար հոն:

Մաղաքեան, ըսաւ Մանուկ, Սուրբ Սարգիսի կողերուն, Կաւի Տեղերուն նայէ, բան մը կայ հոն, բան մը ըլլալու է, ի՞նչ կ՚ըսես:

Մաղաքեան, որուն աջ ոտքին տրեխը ոտքէն կ՚իյնար, կապերը քակուեր էին, ծռէր էր ու կը կապէր, շտկուեցաւ, էշը կեցուց, որ չերթայ` կուժերը տեղի մը զարնէ ու փշրէ, մօրուքը միջոցին մէջ, զննեց: Մանուկին տեսածները ան ալ տեսաւ:

Բան մը կենալը` կայ, ամա եղածը ի՞նչ է, հոսկէ հոն ինչպէ՞ս կը հասկցուի, ըսաւ:

Նոյն պահուն Գինան Փողերէն հերկուոր մըն ալ հերկը ձգեց, ան ալ լեռն ի վեր վազեց ու հասաւ միւսներուն: Լեռը գացողները շատցան:

Ժողվըւելնուն որ նայելու ըլլաս, ատ մէկ տեղն է ինչ որ եղած է, ըսաւ Մաղաքեան ու Մանուկին հետ անթարթ դիտեցին:

Դէպքին տեղէն երկու հոգի զատուեցան ու, դարվար քալելով, Սարդըխի աղբիւրին հաւասարութեանը եղան ու կ՚եցան: Դպրենց Զաքարն ու Մանուկանց Նշանը, եզնիքը առաջքնին, կը հերկէին Դպրենց աղբիւրին արտը: Յայտնի է, թէ անոնց բաներ մը ըսին ու նորէն լեռը ելան: Զաքարն ու Նշանն ալ իրենց դիմացի Ճախինը Կոչենց վիկին արտը վիկ քաղողներուն հաղորդեցին: Պոռալու ձայները հասան Մանուկին ու Մաղաքեանին, բայց չէին հասկցուէր ըսուածները:

Մանուկ չհամբերեց, խոշոր ոտքերովը մինչեւ Կզնակի ուռիներուն տակը վազեց: Հոտկէ վիկ քաղողները մօտ էին, անոնց հարցուց.

Կաւին Դարը ի՞նչ կայ, ի՞նչ է եղեր:

Անոնք ալ պոռալով պատասխանեցին.

Տեմուրճենց հարսը մեռեր է… Կաւին լեռը վար իջեր է, տակը մնացեր է, հասկցա՞ր:

Հասկցա՜յ… հասկցա՜յ…

Հանե՜ր են… հանե՜ր… մեռե՜ր է:

Վիկ քաղողները նորէն շարուեցան արտին վիկը քաղելու: Ալ կը կայնուէ՞ր: Պէտք էր գիւղը լուրը տանէր: Կալերուն գլուխը չելաւ, ճամբան կ՚երկննար: Շուտ, շատ շուտ երթալու համար ջաղացքին առջեւէն` առուին վրայէն ցատկեց, Մանուկանց, Բարիկանց պարտէզներուն վրայի ճամբէն, հոնկէ Արխնենց արտին տակէն, հոնկէ Լեղաղբիւրէն, Քնարենց դռնէն, Գալուստին տան առաջքէն դառնալով, Շեխենց տան առջեւը հասաւ: Ցերեկուան սաստիկ տաքը սկսած էր: Շուք ըլլալով` հողէ սեթերուն վրայ արտը, հերկը չգացողները, գիւղին մեծերը, տարեցները նստեր էին: Մանուկին մինթանը քակուած, կուրծքը մինչեւ փորը բաց, քրտինքը թարթիչներէն կը վազէր, ու ամիսներէ ի վեր չսափրուած կերպարանքը տեսնելով` Հայնենց Կարապետ աղան յանդիմանեց զինքը. «Ծօ՛, Մանուկ, ատ ի՞նչ հալ է, մազդ մօրուքդ աղէկ մը իրար անցէր, երթալով թեղուտցի Գարեգինը կը դառնաս»` ըսաւ: Բայց Մանուկ չթողուց, որ խօսքը աւարտէր ու լուրը հաղորդեց.

Տեմուրճենց հարսը, Կաւին Դարը մեռեր է, լեռը վրան փլեր է, տակը մնացեր է, ըսաւ:

Յանկարծակիի եկան ամէնքը: Կարապետ աղային խօսքը բերանը մնաց:

Եա՜… ատ չեղաւ… կը տեսնէք հիմա եղածը, ըսին իրարու, Հիմա Տեմուրճենց տունը տակնուվրայ պիտի ըլլայ: Տուներնին էրիկ մարդ ալ չիկայ, ոչ պարնտատը, ոչ էրիկը: Կեսուրն ու տղաքն են: Ինտո՞ր հիմա լուրը պիտի տանք, ո՞վ պիտի երթայ լուրը տայ:

Ամէնքը իրենց մտածածները ըսին: Քանի տարին անգամ մը` փորձանքը պակաս չէ աս Կաւին Դարէն: Վիրայ կը փլի: Աս անգամ մահ ալ եղաւ: Ամա կաւը չերթան, կաւը չի ղրկենք` ի՞նչ պիտի ընենք, ինչո՛վ մեծ պզտիկ գլուխնին, ծամերնին պիտի լուան, ամէն առտու աղբիւրը ի՞նչ պիտի տանին` տղոցը շորերը մաքրելու համար: Սապոնով հո՞ւն կ՚ելլուի: Տանտէրը` Շեխ կնիկը, որ դուրսը էրիկմարդոցը խօսածները իմացաւ, դուռը եկաւ ու ափսոսաց. «Վա՛խ, վա՛խ, վա՛խ… վա՜խ…, ըսաւ, տահա աս առտու էր` կուժը շալակը մեր դռնէն անցաւ… ծոցաւոր ալ էր, ետքի ամիսին մէջ ալ էր… երկու հոգի մէկէն մեռան, մարն ալ, բերելիք զաւակն ալ»: Էրիկմարդիկը բարկացան իրեն. «Շեխկնիկ, դուն ալ ելեր ես` բերելիք զաւակը կը մեղքնաս: Թող մարը ազատէր տէ, զաւակն ալ թող աշխարհք չգար: Երիտասարդ էր, մարը թող մէկ մըն ալ բերէր» ըսին: Հոն եղող երիտասարդներուն` Գառնիկին, Կարապետին դարձան ու` «Տղաք, խոտը չէք երթար, հերկը չէք երթար, գործերը ձգէր էք տանը կնիկմարդոցը վրայ, պոյպեկիի պէս կը պտտիք գիւղը: Պոյ մը մինչեւ Կաւի Դարը երթայիք, աղէկ մը հասկնայիք` ինչ որ եղեր է, ի՞նչ եղեր ու մեռեր է, լուր մը բերէիք մեզի» ըսին:

Տղաքը գացին, կարելի է` դեռ Կզնակի աղբիւրը չհասած, Քորճայենց Առաքելը եկաւ հերկին դարեն, հերկուորի տրեխներով, ու

Ինչ է նէ, ինչ է նէ, ըսաւ, ամէնուս ալ անցած ըլլայ: Տեմուրճենց հարսը Կաւին լեռը հողերուն տակէն ազատեցինք, ջորիով տուն, բերինք, եկայ ձեզի լուր տալու:

Ի՞նչ կ՚ըսես, աղբար, պատասխանեցին էրիկմարդիկը ամէն կողմէ, որունի՞դ ըսածին հաւտանք, Պեկիշենց Մանուկը եկաւ ըսաւ, թէ մեռեր է, դուն կ՚ըսես տուն բերինք:

Մանուկը ի՞նչ գիտէ, լուրը ես տուի Սարդըխը արտ հերկողներուն, «մեռած չէ» ըսի: Ալ չեմ գիտէր, ո՞վ սխալ լսէր է, «մեռած է» իմացեր է: Ինծի չէք հավտար նէ, գացէք Տեմուրճենցը` աչքովնիդ տեսէք: Ամա` մազ մը մնացեր էր մեռնելուն, չհասնելու որ ըլլայինք: Ապրելիք օր ունի եղեր: Լեռան շատը իր վրայ չէր քալէր: Մէկ մըն ալ որ` էնթարիին փէշը դուրս մնացեր էր: Չէ նէ ինտո՞ր պիտի գտնէինք ուր ըլլալը»:

* * *

Այս պատմածներս պատմուածք շինելու համար ստեղծագործութիւն մը չէ: Կաւին Դարը հողին տակը մնացողը` Տեմուրճենց հարսը, իմ մայրս է: Ինձմով իր վերջին ամսուան մէջ յղի եղեր էր: Դէպքէն քսանըհինգ օր վերջը ես աշխարհ եկեր եմ: Բառ առ բառ իմ պատմութիւնս է աս: