Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՕԼԼԱ ԷՕՄԷՐԻՆ ԷՇԸ

Իմ երկրիս մէջ սայլ չկար: Մերինը էշ էր, սայլի տեղ մենք էշ կը գործածէինք: Ատոր ալ պատճառը այն էր, որ մեր ամէն կողմը լեռ ու ձոր էր, դաշտ չունէինք, գիւղին թէ արտերուն ճամբաներէն սայլ չէր բաներ: Այգիներունը, մանաւանդ գիւղիններէն ալ գէշ էին: Թէ մամռուտ էին եւ թէ զառիվար էին: Սայլ կրնա՞ր իջնալ այս տեղերէն: Էշը միայն կը յարմարէր մեր ճամբաներուն, մէկ մըն ալ ջորին:

Իմ գիւղիս մէջ էշ չունեցող տուն չկար: Միայն ջորի ունեցողներ ալ կային: Կային որ երկուքն ալ ունէին: Մենք ալ երկուքէն ալ ունէինք, որովհետեւ մինակ մէկով չէինք կրնար ըլլալ, բայց ի վերջոյ ջորին ծախեցինք, ինչու որ` պապս, հայրս, յետոյ ալ ես, պանդխտութեան ելանք, Իսթանպուլ եկանք, տունը այր մարդ չմնաց, կնիկմարդիկը մնացին. իսկ անոնք կրնայի՞ն ջորի գործածել: Ջորին քերիչով ամէն օր ամէն կողմը մաքրել կ՚ուզեր, մազէ ձեռնոցով փորը, կռնակը, սրունքները շփել կ՚ուզեր: Կից մը զարնէր` սաստել, խուսափիլ պէտք էր: Յետոյ` համետը վրան զետեղել, բեռը գրկել, վերցնել ու բեռնալ, պարանները երկու կողմերէն քաշելով կապել, ամրացնել կ՚ուզէր: Կնիկներուն ընելիք գործե՞րն էին ասոնք: Ետքն ալ, պանդխտութենէն որ եկանք, չուզեցինք ջորի մը գնել: Էշերը ջուխտել, երկրորդ մը առնել աւելի յարմար գտանք: Վարիգեղցի Թոսունենց Կողիկին ըսինք, որ մեր Ղուռուչայի ու Կերճանիսի գիւղերը կ՚ըլլար միշտ, այդ կողմերը էշ մը փնտռէր մեզի, Թեղուտցի Լեռնոյին ըսինք, որ Պախթիար ջաղացպան էր, աղօնի եկողներուն հարցնէր, Կոստըկայի Մօլլա Էօմերին ըսինք, որ Ղուզղշլա հատ մը կայ, կը ծախէ` ըսաւ, ու, յանկարծ, ցերեկ մըն ալ ըսած էշը բերաւ ու մեր բակը կայնեցուց:

Դուռը ելանք: Քովի Մերերոնց Մարտիրոս պապս, վարի Մերերոնց Գիրգոր հօրեղբայրս ալ կային: Ես զարմացայ, չհամբերեցի, ամէնէն առաջ ես խօսեցայ:

Ծօ աս ինտո՞ր էշ է, ասանկ էշ կ՚ըլլա՞յ, ա՞ս է ըսած էշը, բացականչեցի:

Պզտիկ էշ տեսեր էինք, բայց այսքան պզտիկ չէինք տեսեր։ Քուռակ մը քեզի: Սա ուր է` Չայլուին քուռակները կան, Չայլուցիները քած էշ շատ կը պահեն, որոնք կը թափառին իրենց դուռները, երկուքը, երեքը միասին, պոչերնին կը տնկեն, կը վազեն մինչեւ գետը, ետ կը դառնան, կը վազեն մինչեւ իրենց արտերը, կամ Ապուշտայի Կետիկը ելլէք` Ապուշտացոնց քուռակները, անոնք ալ շատ քածէշ ունին, գիւղին առաջքի իրենց եազին, գլուխնին կախած, իրենց մայրերուն քով կ՚արածին, խոտ կուտեն, թէ ի՞նչ կ՚ընեն` չես հասկնար։ Ինքարինատ, այն քուռակներուն չափ բան մըն էր: Մեր իշուն քով կայնեցնէինք` մինչեւ փորը կը հասնէր:

Ծօ, ա՞ս իշութիւն պիտի ընէր մեզի, ա՞ս մեր բեռները, մեր լեռներուն խոտը, մեր արտերուն խուրձերը պիտի կրէր: Աւելի չէ, երկու վանդակ խոտ դնէինք ասոր վրայ` մեր Էհերքարէն, մեր Քարնփոսէն բերելու, բեռանը տակը կը ճզմուէր: Քանի՞ խուրձ կրնար տանիր։ Հինգ խուրձն ալ չէր կրնար: Ըսենք թէ` տարաւ: Մեր Ուրտէն, մեր Օձունարտերէն մինչեւ Երկուքարուկ գար, խուրձերը գետիններուն քսելով` հասկերը ցորեն չպիտի մնար, պիտի թափէին, պարպուած հասկերով, առանց ցորենի խուրձերը կալը պիտի տանէր:

Գոյնն ալ գոյն չէր, էշ ըսածդ` սեւ կամ մոխրագոյն կ՚ըլլայ ընդհանրապէս: Երբեմն ալ` խառնորակ: Աս, ըսես, ճերմակ էր, եւ ինչպէ՜ս ճերմակ, աչքերդ կ՚առնէր, շատ նայելու ըլլայիր: Ճերմակ մազերով էշ տեսա՞ծ էք: Ուրկէ՞ առէր էր ասիկա ասոր մայրը: Մարզուանի էշէ էր ըսես` Մարզուանէն ասանկ էշ չելլէր: Մսրի՞ էր, արդեօք: Քիթը, բերանը, աչքերը ըսես` կորսուած էին մազերուն մէջ: Բոշաները կային, որոնք մէկ տարին չգային, երկրորդ տարին անպատճառ կուգային, տեղերնին ալ միշտ մեր Ածվտակի ուռիներուն տակն էին, հայերէն կը խօսէին, իբր թէ, մեզի հետ, հայերէ՞ն էր, քրդերէ՞ն էր, թէ՞ արաբերէն, կէսը կը հասկնայինք, կէսը չէինք հասկնար, մաղ կը շինէին, շարմաղ, քարմաղ, կալմաղ կը ծախէին մեզի, աման կը կլայեկէին, անոնց քուռակները մեր աղբանոցներուն մոխիրներուն մէջ կուգային տապլտկելու, կ՚ելլէին որ` գլուխնին, աչքերնին, կռնակնին մոխիրներու մէջ թաթխուեր, արտառոց արարածներ դարձեր էին: Քանի նալէիր աս բերած իշուն վրայ` բոշաներուն քուռակները կը յիշէիր:

Մելքոն չորպաճի, Իգնատիոս չորպաճի, ըսաւ Մոլա Էօմերը պապուս, հօրս, Ասղիկ Խաթուն, Նանօ Խաթուն, դարձաւ մամուս ու մօրս, դուք Ակոբին ըսածներուն մի նայիք, դուք առէք աս էշը, ես ձեզի բերի, չէք խաբուիր: Ըլլալի՞ք բան է, որ ես ձեզ խաբեմ: Այսչափ ատեն ձեր հացը կերեր եմ: Ալ իրարու երես չպիտի՞ նայինք:

Յետոյ աւելցուց.

Այո, պզտիկ է, բայց հասակին մի նայիք, պիտի տեսնէք ինտո՜ր բեռնատար է: Ինչքան բեռ կ՚ուզես` բեռցիր, աչքովս տեսած եմ, կը տանի: Նալ ալ չուզէր: Ծնածէն ի վեր նալ զարնուած չէ ոտքերը: Դուք ալ մի նալէք:

Թող մեր կարմիր կապանը, մեր Ինըսունըիննին լեռը փայտի երթայ, մեր եգիներուն դարվերիները ելլէ, նայէ` ինտո՜ր ճամբան կը մնայ, ըսի:

Իմ խօսքս մտիկ ըրէք, մի նալէք, պնդեց Մօլլա Էօմերը, ես ձեր ճամբաները չե՞մ գիտէր: Պաստանայի Քարը ձեր Քաջտանի Քարէն պակա՞ս է միթէ, ուր կոխես` չախմախ քար է: Սիլիրը, Սինիպելին նորէն` անանկ։ Ղոնճիտէրէյէն մինչեւ Քեռեկէ, հոնկէ մինչեւ Ֆրաթին կամուրջը հող կա՞յ: Քռաներուն, քարերուն մէջ մեծցած է աս էշը: Քարը կը մաշի, անոր ոտքերը չեն մաշիր:

Հինգ մեճիտիէ, այսինքն` հարիւր ղրուշ ուզեց Մօլլա Էօմերը: Շատ էր, պապս չմօտեցաւ: Չորսի իջաւ, նորէն չընդունեցինք, «ասոր ինչո՞ւն չորս մեճիտիէ պիտի տանք» ըսինք, վերջին գին` Մօլլա Էօմերը երեք մեճիտիէ՝ այսինքն վաթսուն ղուրուշ ըսաւ ու իշուն գլուխը դարձնելու, դուրս ելլելու, մեկնելու շարժում մը ըրաւ:

Վաթսուն ղուրուշը ի՞նչ է, այծի մը գին է, ի՞նչ կ՚առնէք աղբար, միջամտեցին Մարտիրոս պապս ու Գիրգոր հօրեղբայրս, չթողին որ տանէր: Ալ մեզի խօսք չձգեցին, էշը ախոռը քաշեցինք: Մեր իշուն տեղը փոխեցինք, ջորիին տեղը կապեցինք, Մօլլա Էօմերինն ալ` մերինին մսուրը:

Մօլլա Էօմերը չճաշած կ՚երթա՞ր: Հաց թրջեցինք, սալայով քովը դրինք, աման մը լեցուն թութի ուրուպ` նոյնպէս առաջքը դրինք: Մեր ուրուպները շատ թանձր ու շատ անուշ կ՚ըլլային, ներսիդիդ կ՚այրէին: Երկու գլուխ սոխ ու աղ ալ տուինք: Մօլլայ Էօմերը ուրուպը պլորեց հացին, հետն ալ սոխը աղը թաթխելով, առտուն տունէն չճաշած ելեր էր, կերաւ ու կերաւ: Վրայէն ալ մեր պղնձէ մեծ թասով լեցուն ջուր խմեց, մօրուքին վրայ թափելով, հին կարմիր բուրդէ հապիկան նորէն ուսը նետեց, բիրը առաւ, գնաց:

Տանը հարսը` կինս, անունը Ողըտայ էր, բայց ես անունովը չէի կանչեր, իմ երկրիս մէջ` մեր կիները որո՞ւ տան աղջիկ ու ո՛ր գիւղէն են, գիւղին, կամ տանը անունովը կը կանչէինք, մեր Կորջայենց Աղջիկը, խորհելով, թէ էշը ճամբէ եկած էր, անօթի կ՚ըլլայ, մաղ մը լման խոտ ու յարդ, դաբիկ մըն ալ գարի լեցուցեր էր մսուրը. իրիկունը` գիշերուան համար, երբ նորէն ըռզակին կեր տալու գացեր էր, զարմացեր էր` այնչափ կերը կերած ըլլալուն համար: «Կ՚երեւայ թէ անօթի թողեր են, ո՞վ գիտէ` քանի՞ օրէ ի վեր չեն տուած» ըսէր էր ինքնիրեն, երկու լման կալմաղ խոտ լեցուցեր էր մսուրը, մեր իշուն տուածին երկու անգամը, նորէն դաբիկ մըն ալ, այսինքն չափ մըն ալ գարի «թող աղէկ մը աչքը կշտանայ» ըսելով: Առտուն գացեր էր, որ նորէն կեր տար: Գիտէ՞ք, եզները ըլլան, կովերը, երինջները ըլլան, կամ էշը, ձին, ջորին, ինչ տաս` չեն ուտեր, հակառակ մեր կարծածին` կը զատեն: Եւ անանկ աղուոր կը զատեն, որ յարդին փոշին` մրեղը, խիճերը, ոսպի չափ պզտիկ քարերը, հողերը, յարդերու կարծր մասերը` կոթինքը, խոտերուն կարծր կոթերը չեն ուտեր, կը ձգեն: Ամէնուն մսուրը մաքրէր էր մնացորդներէն, Մօլլայ Էօմերին իշուն, ինչպէս կը կանչէինք, մսուրը մասմաքուր գտեր էր: Ոչ կոթինք, ոչ հող, ոչ խիճ, ամէնքը կերեր էր, լզեր էր: Երբ եկաւ ու ըսաւ, «շատ անօթի ձգեր են, որ հողով մողով կերեր է, մէկ մը աչքը կշտանալու ըլլայ, անկէ ետքը ասանկ չմնար» ըսինք:

Բայց ի՜նչ ասանկ չպիտի մնար ու աչքը պիտի կշտանար: Կշտանալ չունէր: Կշտանալը ի՞նչ է` չէր գիտեր: Առտու, իրիկուն, օրը երկու ժում, ամէնուն մէկ մէկ կալմաղ, անոր մսուրը կալմաղ ալ չէ, երկու քարկալմաղ, որ սովորական կալմաղներէն ալ մեծ է, խոտ ու յարդ, վրան ալ դաբիկ մը գարի կը լեցնէր, ու ամէն անգամ, երբ կ՚երթար մսուրները մաքրելու, նոր կեր տալու, անորինը հող կամ չկերուած մնացորդ չէր գտներ: Մենէ ով ախոռը մտնէր, անտարբեր կը մնար, բայց երբ կինս` Կորջայենց աղջիկը մտնէր, իսկոյն կը սթափէր, կը քսկռտկար: Նոր հարս էր, գլուխը սրմալը, սաչախլը լաչակով, միշտ կարմիր ու ալլու փուլլու հագուելէն չէր: Գիտէր, որ կեր տուողը ան էր, արդեօք մարագին դուռը բանալու, կեր տալո՞ւ եկած էր: Սովորաբար կեր բաշխելը եզերէն կը սկսէինք, որովհետեւ ախոռին ամէնէն վերի ու մարագին կից անկիւնը անոնք կապուած էին: Միշտ կովերէն, երինջներէն ետքը կարգը էշերուն կուգար: Մօլլա Էօմերին էշը անհամբերութենէն ինքզինքը կ՚ուտէր, կապը պիտի փրցնէր, եթէ առաջին անգամ իրեն չտային: Անմիջապէս կը հանդարտէր, երբ իրմէ սկսուէր: Ինչպէս ուտելը, անանկ ալ թրքելն էր: Ամէն օր աղբի կողով մը մինակ անոր թրիքը կ՚ըլլար:

Ալ վարժուեցանք իր շատակերութեանը: Բայց մինակ աս չէր: Ամէն օր հոգի կը հանէր, մինչեւ որ ախոռէն կը հանէինք, կամ ներս մտցնէինք: Ցերեկէ ցերեկ աղբիւրը ջրելու կը տանէինք ախոռին կենդանիները: Ամէնքը կ՚երթային, ան սեմին վրայէն չէր անցներ, կը կենար: Կը հրէինք, կը ծեծէինք, «պրէ՛, չօ՛» կը պոռայինք, մինչեւ որ կը ստիպուէր առուի մը վրայէն ցատկելու պէս նետել ինքզինքը սեմէն անդին, բակը: Աղբիւրէն դարձին նորէն կը յամառէր, մինչեւ որ ախոռ կոխէինք: Աղբիւրին գուռէն ալ կը խրտչէր: Ամէնքը կը շարուէին գուռերուն վրայ, իրենց ջուրը կը խմէին: Մինչդեռ ան ինքզինքէն կ՚ելլէր, կը խենթենար, իր ականջներն որ ջուրին մէջ տեսնէր: Տղու մը, ինչպէս երբեմն` չքալէր փողոցին մէջ, թեւէն քաշելով, քաշկռտելով կը քալեցնես, չըրածնիս չէր մնար, մինչեւ որ անոր ալ ջուր խմցնէինք, ջաղացքին առուն տանելու ըլլայինք հոն կը խմէր, որովհետեւ առուին մէջ իր ականջներուն կամ ուռիի ճիւղերուն պատկերները չկային, բայց ամէն անգամ բոլոր միւսները` կովերը, եզները, երինջները ձգէ, տար այնչափ տեղը, որ ինք ջուր խմէր` ատ չէինք ընէր, ո՞վ ըլլար, դուք ըլլայիք` կ՚ընէի՞ք:

Ճամբան ինչ տեսնէր` կը սոսկար: Առաջքը օձ մը, ոզնի մը, ծառի ճիւղ մը, լաթ մը, տրեխ մը, տաշտիկ մը (մենք կրիային տաշտիկ կ՚ըսէինք) կովուրծուծ մը (մենք կանանչ մորթով մեծ մողէզներուն կովուրծուծ կ՚ըսէինք) ասոնցմէ որը դէմը ելլէր` կը սահմռկէր: Քարի մը վրայ հոսհոսիկի մը սողալը նշմարէր, հոսհոսիկէն ալ մարդ կը վախնա՞յ (մենք պզտիկ մողէզներուն` հոսհոսիկ կ՚ըսէինք) կ՚այլակերպէր, կը թոթուըւէր: Գորտէն կը վախցուի՞: Հապա գլթոշէ՞ն (մենք խխունջին գլթոշ կ՚ըսէինք) խոտի մը վրայ եղջիւրները դուրս հանելու ըլլար` լեղապատառ կ՚ըլլար:

Չարքաշութեանը, բեռնատարութեանը ըսելիք չունէինք: Մօլլա Էօմերին պատուիրածին պէս չպայտեցինք, առանց պայտի վրան խոտ, խուրձ, ինչքան կ՚ուզես բեռցիր՝ կը տանէր, անանկ ալ շուտ շուտ մեր լեռներէն կ՚իջնար, որ առաջքը մարդ չէր ձգէր, որ կենար: Բայց վայ եկեր էր, որ կոտրելիք բան մը բեռնայիր: Ձմեռը ձիւնի ջուր չխմելու համար Մամասալէն էշերով ջուր կը բերէինք: Քանի՞ կուժ կոտրեց: Արտերը արտուորին թան, թանապուր կամ ոսպ, լուբիա կը ղրկէինք: Մեր ամանները հողէ էին: Էխելները, կճիկները սարեկով կը սարեկէինք, հապիկային աչքերը կը տեղաւորէինք, պատճառ մը չունէր ծառի մը, քարի մը կամ ուրիշ իշու մը քսուելու, բայց ան, կարծես, դիտմամբ կ՚ընէր, կ՚երթար կը զարնուէր անոնց, կը ճաթեցնէր, եղածը կը թափէր ճամբաներուն վրայ: Միւս էշը այնքան խոհուն, ծանր գլուխ էր, այնքան խոհեմութեամբ կը քալէր, Մօլլա Էօմերինն ալ` ճիշտ հակառակն էր, այնքան խօսք չհասկցող, խրատ վրան չառնող էր:

Ախղայարէն մեղր բերի: Թող որ` ասոր պատճառը մեր Կորջայենց Աղջիկն ու մայրս եղան: Համոզեցին զիս: «Ի՞նչ կայ, բան մը չընէր» ըսին: Մինչեւ գետը աղէկ եկաւ: Սովորութիւնն էր` գետին մէջ կենալ ու միզելը: Սպասեցի ու միզեց: Դիմաց անցանք: Մինչեւ Տավշան Եողուշին տակը նորէն աղուոր եկանք: Մէկ գուռով աղբիւրին ջուր մը կը վազէ, ինչքան ըսեմ` մախաթի մը չափ կայ չկայ, որ քիչ մը վարը հողին մէջ կը կորսուի: Խոտերուն մէջ ջուրը կը փայլփլէր: Ի՞նչ կարծեց: Առո՞ւ կարծեց, գե՛տ կարծեց, անանկ նետուեցաւ կանանչութեան վրայէն, որ ես ալ յանկարծակիի եկայ, ու այդ ոստումով զարնուեցաւ ժայռի մը, որ, եղբայր, մեր ճամբուն վրայ ալ չէր, խել մը վեր էր: Փորձանքը տեսա՞ր ինտոր կուգայ: Շուարեցայ: «Հէ՜յ, Զիմառու Աստուած, կանչեցի, դուն վար եկուր, դուն ըսէ` ինտո՞ր պիտի ելլեմ ասոր մէջէն»: «Ծօ՛, բղուկը ճաթեցաւ, մեղրը սկսաւ վազել, ո՞ւր երթամ»: Մինչեւ Չայլու, առանց շունչ առնելու, վազեցի: «Հնորվալու պաճի՜…. Զնզնուտցի պաճի՜՜՜… Որանիկլու Նենէ՜՜՜…» պոռացի: Ղզլպաշի կնիկները դուրս թափեցան: Պատմեցի: Բղուկ մը առին, վազեցին հետս: Չայլուցոնց տղաքն ալ` մեր ետեւէն: Հապիկան վար առինք, մեղրը նոր բղուկը լեցուցինք, նորէն բեռցանք, աղբիւրին ջուրովը լուացինք ձեռքերնիս, տղաքն ալ հողով մողով կերան թափած մեղրերը. ես ճամբայ ելայ: Այս անգամ մինչեւ տուն` ինտոր մեղրը տարի, ես գիտեմ: Տոտիկ, տոտիկ, հապիկային փակած, հարս կը տանէի, կ՚ըսես: Ճամբան ինքզինքս կերայ: Քանի մէկ հայհոյեցի մեր Կորջայենց Աղջկանը: «Ծօ՛, մարդ կնկանը խելքովն ալ ճամբայ կ՚ելլէ՞» ըսի ու ըսի ինծի:

Սիմայէն աղջուր բերի: Մենք աղի տեղ աղջուր կը գործածենք որ աղէն ուժով է: Մեր կիները գիտեն գործածութեան չափերը: Աղջուրը ձրի է, մէջքի պէս կը բխի լեռան կողէն ու գետը կը թափի: Մէկալ էշը չկար, Արաբկիր տարեր էին հայրս ու քեռիս, տունը աղջուրը հատեր էր, նորէն Մօլլա Էօմերին իշուն ինկաւ բերելը: Վախէս քովէն բնաւ չզատուեցայ, մինչեւ տուն եկանք, բակը: Մեր տունը ու ախոռին դռները իրարու քով են: Կանչեցի մեր Կորջայենց Աղջկանը, որ գար, կուժերը իջեցնէինք: Ուրախ էի, որ անվնաս, առանց կոտրելու տուն բերի: Բայց քանի՞ մը տեւեց ուրախութիւնս: Մէկէն մեր առջեւէն սեւ բան մը քալեց: Ես ալ աղէկ չհասկցայ` պլո՞ճ էր, բզէ՞զ էր, մո՞ւկ էր: Մեծ ալ չէր, պզտիկ բան մըն էր: Բայց անանկ էշը խրտչեցաւ ու ինքզինքը ախոռը նետեց, որ` ո՞ւր էր` ան սեմէն անցնիլը վախցողը: Դուռն ալ նեղ եկաւ այդչափ բեռովը: Երկու կողմը երկու կուժ բեռցեր էի, երկու քովերէն ալ մէկ մէկ մեծ պռկաւոր կախեր էի (մենք սափորին պռկաւոր կ՚ըսէինք, պռկունքէն խմելուն համար, աւելի պզտիկին ալ` պռկիկ) ամէնքը ջարդուփշուր եղան ու աղջուրերը սեմին վրայ, ախոռին մէջ պարպուեցան: Գլխուս թասը նետեց: Մէկ բան միտքս դրի: Քաշել սպաննել: Ի՞նչ կ՚ուզեր ըլլար: Տուն ցատկեցի: Ատրճանակս առի: Վեց աչքին մէջ ալ փամփուշտները պատրաստ էին: Իրարու ետեւէ պիտի արձակէի, պիտի սատկեցնէի: Մեր Կորջայենց Աղջիկը գրկեց զիս: Հրեցի անդին: Եղբայր, չգիտէք դուք: Գլուխնուդ գալու էր, որ գիտնայիք: Գիւղէն մինչեւ Երկանագին` մէկ, մինչեւ Երից Աղբիւրը` երկու, մինչեւ Մաղաքեանի Արութին ձորը` երեք (ուր է` լրագիր կարդալով իշուն ետեւէն կը քալէր, առջեւը չնայեցաւ, ոտքը պարապին կոխեց, ձորը գլորեցաւ ու սրունքը կոտրեց) հոնկէ ալ մինչեւ Սիմա, Աղջուրին Ակը, չորս: Այս տեղերուն ամէն մէկը կէսկէսական ժամէն աւելի կը տեւէ: Այդչափ ճամբաներէն բերեմ աղջուրը, բերեմ ու` տանը դուռը ասանկ թափի:

Ով որ լսեց, վազեց, եկաւ: Ատրճանակս ձեռքէս առին, չձգեցին որ սպաննէի: «Խե՞նթ ես, խելա՞ռ ես, Ակոբ, յորդորեցին ինծի, ի՜նչ ընենք, անասուն է, ըրածը գիտէ՞ ան» ըսին: «Ողըտան թող գայ կուժ մը լեցնէ մեր բղուկէն ու բերէ, քանի որ վաղը հաց պիտի եփէք, աղջուրնիդ հատեր է» ըսաւ կնոջս մայրը, զոքանչս: «Մենէ ալ եկէք առէք» ըսին ուրիշներ ալ:

Ալ անկէ ետքը կոտրելիք բան չբեռցանք Մօլլա Էօմերին իշուն: