Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՊՈՅՏԷՆ ՎԵՐ

7, 5.

Մարմանդներէն հաճոյից, ցաւի գռեհներէն

Զերծ ու հեռու կը կանգնին նոճք հառաչալիր.

Ոչ խնծիղք, ո՛չ մորմոքներ զանոնք կը գերեն,

Անոնք վաղշէջ այս կեանքին չեն բնաւ պատկանիր:

Թող հովտին մէջ իրենց փուճ կայծերն հըրահրեն

Վայրագ փուշերը փըցուն ու ծաղկունք նանիր.

’Ու արեւոտ տաք րոպէի մ’ըղձան տրտմօրէն

Ծըղօտներն որ երբեք շող մ’իսկ չեն ընդունիր:

Վարի հէք հրճիւներէն, կոծերէն ունայն

Ո՛չ մէկ վանկ կայ շշունջին մէջ նոճեաց մըթաստուեր.

Քանզի անոնք դէպի վե՛ր կը պակնուն միայն,

Լուսապայծառ այս այերց սահմանէն անդին,

Աշխարհի վրայ ջահանցող տիւերէն ալ վեր՝

Տիեզերքի անաւօտ ադամամութին:

18 Նոյ. 1906