Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑ

7, 5.

Մեծ սէրվիներն ուրուային, անմռունչ անդրհայեաց,

Վըճիտ աղջին մէջ կանգուն այստեղ կը տիրեն.

Կարծես բղխած ըլլային գերեզմաններէն,

Մըտածութիւնք մեծամեծ, յաւէտ մահադիա՜ց:

Ի՞նչ աննըւաճ բան հըզօր, ի՞նչ փառք յարակեաց

Կը պանծացնեն բազմասլաք՝ մահու դարվերէն.

Կամ ի՜նչ տեսիլ սըգալի, յուսահատօրէն

Կ’ամբարտակեն մուտքին վրայ թաքուն ամայեաց:

Միտքէն, կամքէն գերագոյն, սէրէն ալ վերին

Անյեղլի կա՞րգն ում ըստրուկ են չարն ու բարին,

Եւ ուր ամեն ինչ ունի իր օրէնքն յինքեան,

Կամ ապառնի պերճ փաստից նանիրը մըթին.

– Յաւերժութի՛ւնն անգիտա՜կ անըզգած Նիւթին,

Եւ նոյն ատեն մա՜հն արդեօք հէք գիտակցութեան:

Օգոստ. 1904 (*)