Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐՕՐ

5, 7.

Պատուհաններուս վերեւ ինչպէ՜ս այս գիշեր

Նոճերուն հըզօր սօսաւիւնը կը կոծի,

Եւ ի՛նչպէս կ’իշխէ ամեն նըւաստ կսկիծի

Որմէ խրոխտ ու մռայլ այս խիղճն ի զուր կը գարշէր:

Հանգչի՛մ պահ մը հոս. հեռո՜ւ ինձմէ, գձուձ յուշեր.

Այս ձայնը խորունկ դարման ու յոյս է ինծի.

  ոնջ միտքս հեշտագին կը մարմըրի, կ’առկայծի,

Կ’անդորրին վախերն, ու’ ամօթներն ա՛լ չեն ճնշեր:

Գերեզմաննոցի աղջամուղջէն օրրավա՛ր

Մըրափե՛մ ձեր մօտ, նո՜ճք յամրածուփ ու խաւար,

Եւ ձեր շըշունջներն ալ քնարանիս ցանկորդեն:

Կ’ուզեմ ձեզ լըսել, ո՛վ ջայլամարք հաւաստի.

Եղերերգեցէ՛ք այնպէս իբրեւ թէ արդէն

Եկած ըլլար ժամս հանգստեան ու կորուստի:

19 Յունիս 1907