Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՎԻՆ ՄԷՋ

5, 7.

Հիւսիսի ’հզօր հո՛վն է, Աշնան շունչն ահագին,

Որ արհաւիրքով կը լնու անբաւ իր ճամբան.

Տըմոյն ու ողորմ, կը ճարճատէ ամեն բան

Արշաւին ներքեւ սաւառնաթեւ կոհակին.

Եւ սարսափահար ծըղօտք յիրեար կը հակին,

Ու գորշ վախճանին ոտնաձայնէն կը զոփան.

Ո՞չ միթէ հուսկ օրն է այս, անդարձ, անխափան,

Վերջին պա՜հն արդար, ուր անտրտունջ խորտակին:

Ինչպէ՜ս կ’ըմբռնեն փըցուն իրերն աշխարհի

Թէ արժան է որ ոչընչանան առաթուր.

Ի՜նչպէս փոքր ու նուա՜ստ է ամեն բան էովին:

Մինչդեռ՝ մրրիկին ահա շունչէն վիթխարի՝

Իբրեւ ամեհի ներշնչումի մ’անձնատուր՝

Նոճերը բոլոր վեհածածան կ’օրօրուին:


30 Նոյ. 1906