Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՇՏԱՐԱՆ

5, 7.

Եթէ պաղպաջունք մ’ունենայի դրախտասոյզ,

Ե՜րկ պարսիկ խանդի եւ գիտութեան ալ արաբ,

Զոր հոտաւետէր պատաղիճ մը քաղցրահոյզ

  ունկովն հարսանեա՜ց շափրակներուն իր սատափ.,

Ուր վարդոսկեհուր կանթեղին տակ աղուամրա՜փ,

Գուսան նաժիշտներ թռչկոտէին տարփայոյզ,

Ու գային ինձ տալ համբոյրնին մուշկ ու շարաբ

Գիրկս հանգչեցնելով եղկ մարմիննին թրթռողկոյզ.,

Եւ յի՜ս միայն վառէր բոլոր տարփանքն հըրանուրջ,

Ու միայն յի՛ս ցնծար խորհուրդն ու տօնը Եսին.,

Նոճե՜ր ամբարձիկ գիշերին մէջ մշտնջեան,

Պիտի ուզէի՜ որ կանգնէիք պորմին շուրջ,

Հո՛ն, իբրեւ խղճիս վերացումներն առանձին,

Եւ գիտակցութիւնն Եսին բոլոր նանրութեան:

16 Մարտ 1908