ՆՈՒԱԳԻ
ՁԱՅՆ
Նոճերուն
մօտ
ճեմքիս
պահուն
երկնանուէր
Գերեզմաննոցն
երբ
շուքերով
կը
ծմակի,
Կը
զեղու
ձայն
մ’երազակոծ
դաշնակի
Ճամբէն
հեռու
պատուհանէ
մ’մըթաստուեր:
Կը
ճըլուըլայ
նուագն
ու
կ’խայտայ
կշռակի,
Կարծես,
անմա՜սն
երկբայանքէն
վատշըւէր՝
Սրովբէական
տեսիլներէ
գըրաւուէր.
Դաշն
է
այնքա՛ն
այս
երգն
այերց
աղջնակի:
Եւ
մութ
նոճերն
որ
կ’ունկնդրեն
ներամփոփ
որ
ցնծկոծմանը
դայլայլին
քաղցրանուագ,
Երկնավստահ
ձայնէն
կը
թուին
անըսփոփ:
Կը
սեւեռի՜ն
մըտածելով
տխրօրէն,
Մինչ
ագռաւներ,
սեւափետուր
ու
վայրագ
Անոնց
վերեւ
կըռընչելով
կը
ճախրեն:
14
Փետր.
1906