Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅԾԸ

5, 7.

Մեծ նոճերուն մօտ, խոտերուն մէջ ոսկեծիղ,

Զոր կ’լուսաշիթեն եղերդները կապուտակ,

Մինակն, ըսփիւռին վրայ մարմանդին ակնախտիղ՝

Անքոյթ, երջանիկ, կ’արածի այծ մ’ըսպիտակ:

Ո՛հ, անձնիւր քայլին կը գտնէ կեր ու խնծիղ.

Ի՛րն է սնունդն ամբողջ, շէկ արօտը բովանդակ.

Իր բերնին, ծիծին, մըկաններուն կարշնջիղ,

Ի՛րն՝ ուժն եւ արեւն որ կը փթթի ոտքին տակ:

Չի դիտեր նոճերն իր շուրջ կանգուն, սըգազգած.

Եւ չի գիտեր բնաւ թէ խարտեաշ մարգը ծաղկած

Ի՜նչպէս անշըշուկ է եւ ո՛րքան թախծագին:

Իբր ըստոյգ որդի անգիտութեան անսահման,

Անբի՜ծ այծն, ըստրուկ՝ այլ անծանօ՜թ է մահուան,

Զի թէեւ անգէտ՝ բայց հըլո՜ւ է Օրէնքին:

14 Օգոստ. 1907