Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՐԱՒՈՒՄ

7, 5.

Նո՛ճք սեւաբերձ, մշտնջեան շունչերէ սարսռուն,

Որ լըռանհետ փոսերուն վրայ կը կոթողէք

Վախճանման մութ դատակնիքը սրտակեղէք

Եւ ահաւոր հըլութիւնը մեռնողներուն.

Որ կ’ափսոսաք արեւին վայելքը թրթռուն,

Ու լուսարբշիռ աչքերուն խինդը կ’աւաղէք,

Ո՛վ նոճք, եւ ի՛մ աղէտիս պատմիչներն եղէք

Երբ ի՛մ հոգիս ալ մարել գայ նըսեմ ուրուն:

Երկրի սրտին եւ աստեղց հոգիին ի խոյզ

Եւըս քան զեւս խորաթռիչ, դեռ ե՛ւս երկնասոյզ

Մինչ պիտի մարդ լաւագո՛յնըս ճանչնայ զԱստուած,

Ըսէք թէ ի՛նչ մորմոքով եւ ես եմ եկեր

Հող դառնալով կորսըւող ոսկրոտեաց ընկեր,

Ա՛լ երկինքէն անհաղորդ, ճանչնալէ զրկուա՜ծ:

7 Դեկտ. 1907