ՑԱՒ
5,
7.
Ո՜հ,
յաւէտ
այսպէ՛ս
են
սեւ
կարգերը
նոճեաց,
Անշարժ
ու
մըթին,
յուրաններու
պէս
պորփիւր.
Ո՛րքան
խաղաղիկ
են
եւ
որչափ
անձընդիւր՝
Իրենց
խստամբեր
սեւեռման
մէջ
անդրհայեաց:
Սե՛ռն
ու
միատարր,
եւ
անխոտոր,
անստերիւր,
Վեր
կը
կոթողին,
դէպ
անդրաշխարհ
մ’աւետեաց.
Գերերկրեայ
հոգիք,
շըքեղօրէն
այսրատեաց,
Կը
վերաբերին
մայր
աւարին
լուսաղբիւր:
Ի
զո՜ւր
ես
խորին
թշուառութեամբ
կը
դառնամ
Նըկատել
իրենց
հըզօր
աւիւնն
անթառամ,
Ու
վերամփոփման
իրենց
կորովը
պըղինձ.
Զի
մինչ
կը
սուզին
նոճք
Օրինա՜ց
վիհն
ի
վեր՝
Ես,
զո՛ւրկ
նըսեհէն
ընտրեալներուն
երկնանուէր,
Կոյր
սըխալներուն
կալանաւորն
եմ,
վա՛յ
ինձ:
12
Յունիս
1907