Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՍՆԱԳԻՇԵՐ

7, 5.

Լուսնկա՜յ է. խաժասփի՜ւռ գիշերը կ’շողայ.

Եւ նոճաստանը ’միաձոյլ ու խաւարակուռ

Կ’արձակէ մութ կատարներն իր միահամուռ

Վեր, դէպ ի սուրբ անդորրի փառքը շափիւղայ:

Եւ ի՜նչպէս մեծ սեւլիներն անխլիրտ են ու լուռ.

Կ’լըսեն պաղպաջն անբծութեան որ վերը կ’խնծղայ.

’Ու աղու հեւքն այն որ իրենց մէջ մերթ կը դողայ

Իրենց հոգւոյն մէկ անհաս խօ՛սքն է հիասարսուռ:

Երանաւէտ տօն մ’է այս խորին ըսփոփման,

Նախավայե՛լք լուսեղէն կենաց անսահման,

Զի սեւ նոճեաց էութեան կարօտն ես գիտեմ.

Թո՜հն են փոխեալ ի տաւիղ, նիւթն՝ աղօ՛թք եղած.

Արփէ՜ սկզբան դառնալու իղձէն ամօթղած՝

Հէք Աղջամուղջն են ի ծունր անճառ Լոյսին դէմ:

21 Դեկտ. 1907