ԱՇՆԱՆ
ԱՅԳ
7,
5.
Ի՜նչ
խաւարչուտ
արշալոյս,
ինչ
անարեւ
օ՜ր.
Նոճերը
լի
են
սոսկմամբ
այս
աղջամուղջին.
Եւ
հեռուն
սեւ
սեւ
հոծուած
ու
բաղձախտաւոր՝
Վըհատօրէն
այս
այգուն
դէմ
կը
մարտնչին:
Ի՜նչ
հեկեկանք
է
հովուն
կոծն
ալ
անսովոր.
Ո՞չ
միթէ
նոճք
կը
վայեն
շիջումն
Անուրջին.
Իրա՞ւ
արդեօք
անողորմ
կատարած
մ’է
որ
Կը
ծագի
այսպէս
յայնկոյս
դարվերին
վերջին:
Այդ
դալուկն
ուր
ըսփոփի
նըշոյլ
մը
չի
կայ,
Կարծես
սահմանն
է
կենաց
ուր
պիտի
հեղձնուն
Նոճեկարկառ
երկնայոյս
բաղձանքներն
ամեն:
Եթէ
հո՛ւսկ
այգն
ալ
որում
հէք
հոգին
կ’անձկայ,
Դատարկն
է,
զո՜ւրկ
Յայտնութեան
պաղպաջէն
անհուն,
Լա՛ւ
է,
փշոց
հետ,
գլխիկոր
չըքանալ
այժմէն:
25
Նոյ.
1905