Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՐՎԵՐ

Նոճաստանն է, խորհրդանուէր մռայլ անտառն,

Ըստոր ոգեաց անհա՜ս, Անդրին սեպհավայր,

Ուր կը կենան լո՛կ սեւ նոճերը եղբայր,

Մեռելներուն վերեւ ընտրած իրենց թառն:

Եւ կեանքը հոս՝ վեհօրէն մի՛ եւ անխառն,

Մահէն ծընած բարձրախոհանք մ’է յամայր.

Առ անպատում շունչն, երկինքի, հոգւոյ հայր՝

  որ վիհերուն փառաբանո՜ղ մութ բարբառն:

Այս սօսափիւնն ամեհօրէն թախծագին

Չէ՛ մէկ բողոքը պատրեալ հին յոյսերու,

Այլ դաշն աղե՜րսը մեղքերուն ապըստամբ՝

Եւս աւելի՛ նըւիրուելու Օրէնքին,

Որովհետեւ հոս զառիվերն է Մահու,

Ճշմարտութեան պատշաճում՝ խոր հեզութեամբ:

4 Յունվ. 1906