Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Պապա՛, բիճը ի՞նչ է։
       —Ծօ՛ տղայ, ատ ի՞նչ բիս խօսքեր է քի կ՚ընես… ինչո՞ւ կը հարցնես։
       —Պապա՛, դպրատունը տղաքները ինծի բիճ կը կանչեն կոր. ինծի կ՚ըսեն քի, դուն բիճ ես, ժամուն դռնէն գտնուեր ես , հա՞, պապա, իրա՞ւ է. բիճը ի՞նչ է. ինչո՞ւ մէկալ տղաքներուն չեն ըսեր տէ մինակ ինծի կ՚ըսեն։
       Այս հարցումները կ՚ըներ Մովսէս իրիկուն մը իր հօրը, նաւավար Գէորգին։
       Հիմա ծովը դարձեալ կարծես կապար կտրած էր, դարձեալ խեղճ նաւավարին այնպէս կուգար, թէ թիերը գամուած կը մնան ափերուն մէջ։
       Եօթը տարի անցած էր այն օրէն ի վեր, երբ նաւավար Գէորգ հոգու զաւակ ըրած էր Ս. Ստեփաննոս ժամուն դուռը կախուած երեխան։ Հոգու զաւակը եղած էր եւ սրտի զաւակ։
       Իր կաթովը մեծցուցած էր Բուբուլ տուտուն այդ տղան, երկու ամսուան մեռնող զաւկին կաթերը դեռ չէին քաշուած, երբ որդեգրեցին Մովսէսը. ու արեւելեան ժողովուրդներու մէջ կաթ տուող մայրն ալ ծնող մօր մը սիրտը կը կրէ։ Ան ծնող մօրմէն ալ աւելի եղած էր։ Քանի որ միտքը կը բերեր խըյանէթ մօրը ատ աղուորիկ տղան դուրս նետած ըլլալը, խեղճ կնկան խելքին կու գար, չէր կրնար աս «անօրէնութիւնը » մտքին մէջ սղմեցնել։ Բոլորովին գուրգուրանք, գորով, սէր կտրած էր։
       Նաւավարն ալ հօր պէս կը սիրէր տղան ու իբր խնամակալ կը հսկէր վրան. ո՛չ միայն սրտի զգացում ունէր, այլ եւ կը մտածէր, թէ Աստուած ղրկած էր անիկա իրենց մխիթարութեանը համար։ Ինչ որ չէր ըրած մեկալ «զաւալլըներուն » ասոր համար կ՚ընէր։ Խաղալիքներ կ՚առնէր սուղ գնով իսկ, բարակ անուշեղէններ կը բերէր եւ աղէկ կը հագուեցնէր։
       Էրիկ կնիկ իրենց մեռածներուն կարօտը Մովսէսէն կ՚առնէին։
       Ու մանուկը կը մեծնար, աղուոր, սիրուն եւ առոյգ տղայ մը. իր խոշոր ճակատը ցոյց կու տար, թէ խելացի բան մը պիտի ըլլայ։ Այն կորովի նմուշներէն էր, զոր ընդհանրապէս կ՚արտադրեն ընկերութեան կողմէ ապօրէն ձայնուած յարաբերութիւնները. հզօր սիրոյ ծնունդ։
       Նորէն ճըվլտուքը սկսած էր նաւավարին տան մէջ, նորէն աշխատաւորը յենարան մը գտած էր ապրելու համար. կը թիավարէր եռանդով ու իրիկունները, երբ գինետուն մտնէր, դարձեալ զուարթութեամբ կը ճնկէր։
       Եւ ահա յանկարծ փոքրիկին մէկ հարցումը կը վրդովէր իրենց կեանքի խաղաղութիւնը։
       Եօթը տարուան մէջ Մովսէս երբեք օր մը չէր կասկածած, թէ իր «պապան ու տուտուն » իրենը չէին։ Արդարեւ մանուկը տակաւին չէր կրնար գաղափար մը կազմել թէ ի՞նչ է զաւակն ու որդեգիրը. սակայն նաւավարն ու կինը չէին ուզեր, որ երբեք օր մը ո եւ է ակնարկութիւն կասկած տայ, թէ արիւնի կապը կը պակսի տղուն եւ իրենց միջեւ։ Իրենք ալ կ՚ուզէին վայելել պատրանքի երջանկութիւնը։
       Սարսափով կը զգային, որ եթէ տարակոյսը մտնէր փոքրիկին մտքին մէջ. տարիքին հետ պիտի աճէր, ու օր մը խելահաս պատանին պիտի ուզէր գիտնալ զինքը չարչրկող գաղտնիքին պատճառը։ Պիտի իմանար, թէ հայրն ու մայրը օտարականներ էին իրեն համար։ Այս մտածութիւնը սոսկում կը պատճառէր խեղճերուն։
       Խասգեղ իրենց սեփական տուն չունենալով, եօթը տարուան մէջ շատ անգամ բնակարան փոխած էին. կը կարծէին, թէ տեղափոխութիւնը կորսնցնել կու տայ անցեալ կեանքին հետքը։ Ա՛լ մոռցուած կը համարէին այդ անցեալը, ոչ ոք աղքատիկ դասակարգին մէջ ակնարկութիւն մը ըրած էր օր մը։
       Սակայն նաւավարը միշտ կը վախնար, թէ օր մը, երբ Մովսէս աւելի խելահաս ըլլայ, պարագայ մը կրնար յանկարծ Խասգեղի մէջ յիշեցնել իրեն անցեալը։ Շատոնց է միտքը դրած էր երթալ ուրիշ գեղ մը հաստատուիլ, բոլորովին անծանօթ։ Բայց յիշատակները կը պրկէին ոտքը Խասգեղի հողին։ Հոն մեռած ու թաղուած էին հայրն ու մայրը, հոն ծնած էին իր կինն ու ինքը։ Եւ ամէն մեռելոցի կ՚երթային օրհնել տալ գերեզմանները ու աչքերնին սրբել հինգ զաւկի հողին վրայ։ Քառասունըչորս տարուան կեանք մը կը կապէր զիրենք հայրենի հողին։ Ուստի նաւավարը օր օրուան կը ձգէր տեղափոխութեան խորհրդին իրագործումը. վտանգը մօտալուտ չկարծելով։ Բայց ահա յանկարծ պարագաները կը խաբէին իր իմաստութիւնը, վտանգ մը որոշեալ ժամանակ չունի հասնելու համար։