Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԱ
       Ամիս մը վերջը Բարիզի Հայոց հոգեւոր հովիւը կը պսակէր նոյն քաղաքին մատրան մէջ Նաւարեանն ու Արուսեակը, կնքահայրութեամբ Տիրան էֆէնտիի։ Արարողութենէն յետոյ սեղանի մը կը հրաւիրուէին հայ գաղթականութեան ծանօթները։ Եւ նոյն գիշերն իսկ տէր եւ տիկին Նաւարեան Նիս մեկնեցան, ձմեռը հոն անցընելու։ Տիրան էֆէնտի քանի մը շաբաթ ալ Բարիզ մնալէն յետոյ վերադարձաւ Պոլիս։
       Ձմեռը Նաւարեան ձեռնարկեց իր մտադրած վէպը, բայց շատ աշխատութիւն կը պահանջէր. մէկուկէս տարի այդ գործին նուիրեց իր բոլոր ժամանակը, կը զգար, թէ կատարեալ հանդարտութեան պէտք ունէր իր փափաքած աշխատութիւնը կատարեալ ընելու համար։ Արուսեակ իր անձնուէր աջակիցն էր ու վէպին համար գրեթէ աշխատակիցը. արդէն ներշնչարանն էր եղած։
       Ամառը Իտալիոյ զանազան կողմերը գացին, ձմեռը Նիս վերադառնալով։ Գարնան ձեռագիրն արդէն ամբողջացած էր, եւ հեղինակն ու կինը վերադարձան Վենետիկ, հոն տպելու համար այդ գործը։
       Երբ վերջանայ տպագրութիւնը, տէր եւ տիկին Նաւարեան կը վերադառնան Պոլիս։ Իրենց բնակարանը գարնան համար արդէն պատրաստ է Հալքի։