Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Խասգեղի Ս. Ստեփաննոս ժամուն աւագերէցը կիրակի առտու պատարագի աւետարանը կարդացուելէն առաջ հետեւեալ ծանուցումը ըրաւ.
       —Օրհնեա՛լ ժողովուրդ, այս առաւօտ սուրբ եկեղեցւոյս դրան վրայ զամբիւղի մը մէջ կախուած գտնուեցաւ անմեղ երեխայ մը, որոյ հայրն ու մայրը անգթօրէն չեն ուզած իրենց զաւակը պահել. ով որ կամենայ որդեգրել այս թշուառ մանուկը, մանկացեալն Տէր Յիսուս, որ մսուրի մը մէջ ծնաւ, հազարապատիկ ու բիւրապատիկ վարձահատոյց արասցէ, որպէս փարաւոնի աղջկանը, որ Մովսէսը Նեղոսի ջուրերէն ազատեց։ Այս անմեղ երեխան որդեգրել յանձն առնել ուզող բարեսիրտը դիմելու է թաղական խորհրդարանը։
       Ժամուորներուն մէջ էր նաւավար Գէորգ ալ, որուն արցունքները կը վազէին պատարագին սկսելէն ի վեր. ծանուցումէն յետոյ խորասուզուած էր մտածութեանց մէջ։ Սպասեց պատարագին ամբողջ աւարտմանը։ «Օրհնեալ եղերուք »էն վերջ ինքն ամէնէն ետքը դուրս ելլողն եղաւ. կամաց կամաց գնաց շիտակ թաղական խորհրդարանին առջեւ, բայց ներս չնայելով հեռացաւ, քովնտի սանդուղէն վար իջաւ ու դուրս ելաւ, եւ քիչ մը ետքը միւս դռնէն նորէն ներս մտաւ. գնաց խորհրդարանին առջեւ. քիչ մը դեգերեցաւ, ետ դարձաւ. նորէն գնաց, վերջապէս վարանումին յաղթեց, ներս մտաւ ու բարեւ մը տալով կայնեցաւ։
       —Ի՞նչ կուզես , հարցուց թաղական խորհրդին ատենապետ Ագրիպպասեան Օհաննէս էֆէնտի։
       —Ծառայ եմ , ըսաւ խեղդուկ ձայնով մը. պատարագին ատեն տէր հայրը ժամուն դուռը կախուած տղու մը համար ծանուցում ըրաւ։— Ի՞նչ ընեմ, ես ա՛լ, աղաներ, անզաւակ մնացի, խիղճիս զարկաւ. էյեր կամք կ՚ընէք նէ ինծի տուէք, աղքատ ենք, ամա բէք աղէկ կը նայինք Աստծու տուածովը։
       —Ինչո՞ւ չէ, ինչո՞ւ չէ, բէք աղէկ, բէք աղէկ, հրամմէ նստէ։
       —Նայէ՛, սա ունեւորներէն մէկը կը մօտենա՜յ, ըսաւ քթին տակէն թաղականներէն մէկը։
       —Նորէն ասոնք, նորէն ասոնք , պատասխանեց Ագրիպպասեան էֆէնտի։
       Մինչ խեղճ նաւավար Գէորգը իր կողմէն մեծ յանդգնութիւն համարած էր տղան խնդրելը, թաղական էֆէնտիները մեծ ուրախութեան մէջ էին, որ զիրենք փորձանքէ մը կ՚ազատէր. կը վախնային, որ ընկեցիկը վրանին կը մնայ ատեն մը եւ եկեղեցիին համար ծախքի մը դուռ կը բացուի։
       Թաղական էֆէնտիները խահուէ մըն ալ ապսպրելու պատիւն ըրին նաւավարին, ու ժամկոչին ալ հրամայեցին, որ կախուածը երթայ բերէ. մօտը տուն մը ղրկած էին։
       Մաքուր, նուրբ, անուշահոտ շորերը, որոնց մէջ փաթթուած էր ընկեցիկը, հաւաստեցին, թէ սիրային գաղտնի յարաբերութեանց ծնունդ էր խեղճը։ Հաւանօրէն առտուն շատ կանուխ Բերայէն բերուած կախուած էր։
       Մկրտութիւնը կատարուեցաւ յաջորդ կիրակին, Ս. Ստեփաննոսի աւազանին մէջ, նաւավարին տղաքներուն կնքահօրը ձեռքովը. թաղականները ներկայ էին «առ ի քաջալերութիւն ». ծանուցում ընող աւագերէցը ուզեց ինք մկրտել այդ պատիւը նաւավարին ընելը իրեն պարտականութիւն սեպելով։ Միայն ըսաւ, որ երեխային անունը Մովսէս դրուի, նուիրագործելու համար ծանուցումին մէջ ըրած գրական գիւտը։
       Եկեղեցիին քիւթիւկին մէջ ընկեցիկը արձանագրուեցաւ Մովսէս անունով ու քովն ալ «Եկեղեցւոյ զաւակ»՝ հօրն ու մօրը անունին տեղը։