ԺԵ
Առտու
մը
Տիրան
էֆէնտի
ինքն
ալ
կանուխ
ելած
էր,
գնաց
եղեւնիներու
անտառը,
ուր
ծառի
մը
շուքին
տակ
Արուսեակ
ամէն
առտու
նստած
կը
կարդար։
Ձեռքը
կար
փոքրիկ
սիրուն
գիրք
մը,
զոր
ինք
երբեք
չէր
տեսած։
—Ի՞նչ
է
ատ,
նայիմ,
—
ըսաւ։
Ու
նայելէն
յետոյ
ժպտելով
վերադարձուց։
—Հովուերգական
բանաստեղծութի՞ւն
կ՚ընես։
Արուսեակ
ինքն
ալ
թեթեւ
մը
խնդաց,
ինչ
որ
քիչ
անգամ
կը
պատահէր։
Բայց
այդ
օրը
Տիրան
էֆէնտի
սկսւ
մտածել,
թէ
ինչո՞ւ
այդ
մանկունակ
գիրքը,
Պօղ
եւ
Վերգինէ,
զոր
տղայութեանը
կարդացած
էր
Արուսեակ,
հիմա
նորէն
անոր
ձեռքն
էր
եւ
առտուն
կը
կարդար
անտառին
մէջ։
Երբոր
կարդացուած
վէպի
մը,
բանաստեղծութեան
մը
կարօտը
կը
քաշենք,
յանկարծ
ո՞չ
ապաքէն
հոգեկան
տրամադրութիւննիս
է,
որ
կը
վարէ
զմեզ
անոր
մէջ
փնտռել
սրտի
սրտակից
մը,
վշտի
սփոփիչ
բարեկամ
մը։
Արուսեակ
ու
Նաւարեան
այս
տեղերն
էին,
որ
իրարու
կը
հանդիպէին,
կ՚ըսէր
ինքնիրեն
Տիրան
էֆէնտի,
ու
այդ
գրքին
մէջ
այնքա՜ն
սրտաշարժ
նկարագրուած
է
սիրոյ
ժամադրութիւնը,
ծառերուն
խոր
ազդեցութիւնը
սիրող
սրտին
վրայ,
երբ
կարօտակէզ
կը
տառապի
միւսին
համար։
Արուսեակի
սիրտը
միշտ
Նաւարեանի
հետ
էր։
Երբ
սիրտը
բացակային
յիշատակներուն
մէջ
կը
փնտռէ
իր
կեանքը,
երբ
անոնք
են
միայն
իր
հաճոյքը,
հրճուանքը,
ըսել
է,
թէ
սէրը
շատ
խորը
մտած
է,
բուժումն
անհնարին։
Ու
Տիրան
էֆէնտի
հիմա
շատ
կը
խորհէր,
ինք
որ
ամբողջ
ձմեռը
անձկութեամբ
կը
հետեւէր
Արուսեակի
առանձնակ
կեանքին,
եւ
յոյսը
դրած
էր
գարնանային
զուարթութեան
վրայ՝
փարատելու
համար
խեղճ
աղջկան
տրտմութիւնը։
Նաւարեանի
յանկարծական
աներեւութանալէն
յետոյ
ո՛չ
Տիրան
էֆէնտի,
ո՛չ
Արուսեակ,
ո՛չ
Սրբուհի
հանըմ
խօսք
մը
փոխանակած
էին
անոր
վրայ։
Ամէնքն
ալ
միեւնոյն
զգացումը
ունէին։
Սրբուհի
հանըմ
չէր
կասկածեր,
թէ
ի՛նչ
զգացումով
կապուած
էին
աղջիկն
ու
այդ
երիտասարդը.
միայն
կը
կարծէր,
որ
եղբայրը
կը
ցաւի
այդպիսի
անպատիւ
երիտասարդ
մը
տուներնին
մտցուցած
ըլլալուն,
ուստի
ձայն
չէր
հաներ
փափկանկատութեամբ։
Չմոռնանք
ըսելու,
թէ
Ագրիպ
էֆէնտի
հասկցուցած
էր
Սրբուհի
հանըմին
յօդուածին
հոգին։
Տիրան
էֆէնտի
եւ
Արուսեակ
ըմբռնած
էին,
թէ
Նաւարեան
ընկերային
արդի
պայմաններուն
մէջ
ուրիշ
բան
չունէր
ընելիք,
բայց
եթէ
ամէն
կապ
խզել
իրենց
հետ,
չունենալով
ապագայի
ո՛
եւ
է
յոյս։
Երկուքն
ալ
ջերմապէս
կը
համակրէին
դժբախտ
երիտասարդին,
բայց
ինչ
կրնային
ընել։
Ձմեռը
ամբողջ՝
Արուսեակը
ա՛լ
առաջինը
չէր.
դաշնակի
վրայ
միայն
տխուր
եղանակներ
կը
նուագէր.
հայերէն
ո՛
եւ
է
թերթ
կամ
գիրք
չէր
ուզեր
ձեռքն
իսկ
առնել։
Բայց
Տիրան
էֆէնտի
դիտեց,
թէ
սենեակին
մէջ
կը
պահէր
հին
հաւաքածոներ,
որոնք
անշուշտ
կը
պարունակէին
Նաւարեանի
գրածները։
Ընկերութենէ
ընդհանրապէս
կը
փախչէր։
Միայն
երկուշաբթի
գիշերները
ընդունելութեանց
ներկայ
էր
եւ
կը
հսկէր
ամէն
բանի,
համեստ
համակերպութեամբ,
բայց
միշտ
տխուր։
Ամէն
անգամ,
որ
Ագրիպ
էֆէնտիի
հանդիպէր,
գոյնը
կը
նետէր։
Տիրան
էֆէնտի
շատ
դիտած
էր
Արուսեակի
ատելութիւնը
Ագրիպ
էֆէնտիի
դէմ։
Օր
մը
խնդալով
անոր
համար
ըսած
էր
մօրեղբօրը.
—
Աս
աքրէպը։
Տիրան
էֆէնտի
ալ
խնդացած
էր
այդ
բառախաղին,
զոր
շատ
ճիշտ
կը
գտնէր։
Չէր
սիրեր
Ագրիպ
էֆէնտին
եւ
այդ
դէպքէն
քանի
մը
օր
ետքն
ալ
ըսած
էր.
—
Շատ
indigne
գործ
մը
ըրիք։
Ան
ինքզինքը
արդարացնել
ուզած
էր։
Արուսեակին
բան
մը
ունենալը
մօրն
ալ
աչքին
կը
զարնէր.
—Ա՛լ
առաջինը
չէ,
ի՞նչ
եղաւ
աս
աղջկանը,
—
կը
հարցներ
եղբօրը։
—Երիտասարդ
աղջիկ
է,
այս
տարիքին
մէջ
շուտով
կը
տխրին,
կ՚ուրախանան,
բան
մը
չէ,
գեղ
կ՚երթանք
կը
զուարճանայ։
Ագրիպ
էֆէնտի
կը
շարունակեր
դարպաս
ընել
Սրբուհի
հանըմին,
յաղթանակին
պտուղը
ե՞րբ
պիտի
քաղէր։
Մայրը
օր
մը
հարցուցած
էր
աղջկանը,
թէ
ա՛լ
ատենը
չեկա՞ւ,
որ
սուգը
վերջացած
համարուի,
եւ
Ագրիպ
էֆէնտիի
խօսք
տան։
Արուսեակ,
որ
Նաւարեանի
հեռանալուն
պատճառով
այլեւս
երկիւղի
տեղի
չունէր,
—
Մամաս,
—
ըսաւ,
—
ինծի
կը
սիրէս
նէ,
ատ
բիս
մարդուն
խօսքը
ինծի
մ՚ըներ։
Սրբուհի
հանըմ,
որ
արդէն
սրտադողի
մէջ
էր,
աղջկանը
օրէ
օր
տկարանալուն
պատճառաւ,
ալ
ձայն
չհանեց։
Ագրիպ
էֆէնտի
երբ
իր
առաջարկը
կրկնեց,
Տիրան
էֆէնտիէն
պատասխան
ստացաւ,
թէ
Արուսեակ
հիմա
շատ
տկար
էր,
ո՛
եւ
է
խօսք
ընել
կարելի
չէր.
սպասելու
էր
գարնան։
Շատ
տխուր
եղաւ
այդ
գարունը,
Արուսեակ
օրերով
սենեակէն
դուրս
չէր
ելլեր.
պտըտած
օրերն
ալ
բերանը
չէր
բացուեր.
ալ
մօրեղբօրը
հետ
կարծիքի
փոխանակութիւն,
հրճուալի
ընթերցումներ
վերջացած
էին։
Արուսեակ
միշտ
կը
սիրէր
մօրեղբայրը,
բայց
լռիկ։
Տիրան
էֆէնտի
կը
դիտէր,
որ
պտոյտի
ելած
ատեննին
Արուսեակ
միշտ
ան
տեղուանքը
կ՚ախորժէր,
ուր
ստէպ
գտնուած
էին
Նաւարեանի
հետ։
Տիրան
էֆէնտի
ինքն
ալ
սկսած
էր
տանջուիլ,
կը
ցաւէր
իր
անխոհեմութեանը
վրայ։
Բայց
կ՚անցնէ՞ր
մտքէն
այդպիսի
դէպք
մը։
Իր
սկզբունքն
եղած
էր
թէ
խելացի,
աշխատասէր,
պարտաճանաչ
երիտասարդ
մը
միշտ
պատուական
ամուսին
մըն
է,
եթէ
կը
սիրուի
իրեն
արժանաւոր
աղջիկէ
մը։
Արուսեակի
վրայ
մեծ
վստահութիւն
ունէր.
կ՚ուզէր,
որ
իր
սրտին
ու
կամքին
տէրը
ըլլայ։
Սիրայօժար
պիտի
տեսնէր
անոր
ամուսնութիւնը
Նաւարեանի
հետ։
Բայց
այդ
ծնունդի
յանկարծական
խնդիրը
իրաւ
իրեն
համար
նշանակութիւն
չունէր,
անշուշտ
աղջկանը
համար
ալ,
քանի
որ
այնքան
տխուր
էր
հիմա
Նաւարեանի
բացակայութեամբը,
բայց
մա՜յրը,
Սրբուհի
հանը՜մը։
Արուսեակ
զգալի
կերպով
տկարացած
էր.
մայրը
շատ
ուզեց,
որ
քանի
մը
բժիշկ
բերուի.
բայց
Արուսեակ
միշտ
մօրը
կ՚ըսէր,
թէ
բան
մը
չունի,
մէկտեղը
չի
ցաւիր.
իր
բնութեամբն
է,
որ
քիչ
մը
ասանկ
եղած
է.
բայց
կը
շտկուի.
ձմեռը
ասանկ
թէ
որ
մնայ,
այն
ատեն
թող
բժիշկը
նայի։
Բայց
սեպտեմբերի
սկիզբները
Արուսեակի
տկարութիւնը
բաւական
վրդովիչ
հանգամանք
մը
առաւ,
եւ
Տիրան
էֆէնտի
ինքն
ալ
պէտք
տեսաւ
բժիշկներու։
Չափազանց
նիհարցած
էր։