Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԸ
       Երբ միտքը շատ կը յոգնէր, Նաւարեան կ՚երթար վանքը, ցնցելու համար սեւեռեալ գաղափարները հեզահամբոյր վարդապետներուն հետ հանդարտ ու զուարթ խօսակցութիւններով։ Վանականները կը ճանչնային զինքը Գէորգ Գէորգեան անունին ներքեւ, առանց կասկածելու, թէ այն կռուասէր, հանդգնամիտ Նաւարեանը, որուն ձայնը արձագանգ գտած էր իրենց խաղաղութեան ասպնջարանը ու մինչեւ իսկ կարծիքներու բաժանում առաջ բերած մէջերնին, այդ քաղցրաբոյր, խաղաղասէր, ծանրագլուխ երիտասարդն էր։
       Վանքին գրադարանին մէջ մէկ քանի ժամ տոհմային հնագիտութեան աշխատութիւններով կը պարապէր Նաւարեան ու ընդհանրապէս իրիկնադէմին, երբ պիտի մեկնէր, խօսակցութեան առիթ կ՚ունենար։ Այդ ժամերուն էր, որ կը սիրէր իջնել պարտէզը, ուր ծաղիկներուն բոյրը, կովերուն բառաչը, նոճիներու ստուերը կը կարծէր, թէ զինքը պահ մը կը փոխադրէին գիւղական ագարակ մը, անջատուած աշխարհէ, մտածութեան ամէն յոգնութենէ ազատ։ Հոն էր, որ կատարելապէս կը հանգչէր քիչ մը։
       Աշունը վերադարձաւ. կիրակի իրիկուն մը, հոկտեմբերի վերջերը, Նաւարեան գացած էր վանք ու միայնակ պարտէզը ման գալով հասած էր իր սիրական ռօթօնտան։ Այդ օրը բոլորած էր Վենետիկ հասած ըլլալուն տարին, եւ տխուր տարեդարձներու սրտի վրայ ունեցած խորհրդաւոր ազդեցութեան տպաւորութեան ներքեւ էր։
       Այն իրիկնամուտներէն մին էր, որոնք Վենետիկն այնքան դիւթիչ կ՚ընեն ու յիշատակը անմոռաց կը թողուն։ Կարմիր, կանանչ, դեղին ամէն գոյնէ միլիոնաւոր հրթիռներ կարծես նետուած էին երկինքը, հոն կը մնային անշարժ եւ ցոլալով անշարժ ջուրերուն վրայ հիանալի, աննման պատկեր մը կը յօրինէին։ Աշնանային գաղջ, թեթեւ հովը հեռուէն կ՚առնէր կը բերէր, մեղմացնելով, Սան—Բիէթրո յի զանգակներուն հեշտօրօր ներդաշնակութիւնները, որոնք կու գան կը գտնեն սրտին ու հոգիին մէջ այն նրբին ծակոտիկները, ուր սպրդելով եւ պահուըտելով կը խռովեն ամբողջ էութիւնը։ Արմունկները ռօթօնտային կարմիր պատերուն կռթնցուցած, այտերը ափերուն մէջ՝ հմայուած, հիացած, Նաւարեան երազանքներու մթնոլորտը կը վերանար։
       Օրթագեղի թթաստաններուն մէջ էր, հովուական մեղմասոյլ սրինգը, որ իր առաջին յուզումներուն ընկերն եղած էր կեանքի արշալոյսին՝ կը լսէր հիմա, իր սենեակին թիկնաթոռին մէջ ընկողմած՝ Մօտայի արեւին վեհաշուք մայրամուտը առջեւն էր, խմբագրատունը թաց թաց թերթերուն մոգիչ հոտը կ՚առնէր, բարի մօրը դէմքը կը տեսնէր, գաղափարակից մտերիմներուն, զոր հոգիէն աւելի կը սիրէր, ձեռքը կը սեղմէր, ու այդ անուշ դէմքը, Չամ—Իլիմանի խորշին մէջ… ամէնքը կու գային, կ՚անցնէին, կ՚երթային, կը վերադառնային աչքերուն առջեւէն. կը թուլնար, կարօտն ու յիշատակը կը տկարացնէին իր հոգեկան ուժը. մեկնելու էր, բայց տրտմելու հրճուագին երջանկութիւնը քիչ մը, քիչ մըն ալ պէտք էր վայելել։ Ու չլսեց վարդապետի մը ձայնը, որ կ՚ըսէր.
       —Ազգային մըն է, Պոլսեցի, ազնիւ երիտասարդ մը, որ շատ ուրախ պիտի ըլլայ անշուշտ, երբ հայրենակիցներ տեսնէ։
       Եւ քիչ մը յառաջանալով ռօթօնտան՝ ուր կը տանէր հիւրերը.
       —Գէորգեան էֆէնտի, հաճեցէք այս կողմ նայիլ, դժգոհ պիտի չմնաք։
       Նաւարեան սթափեցաւ ձայնէն, արթնցաւ, ինքզինքը գտաւ եւ գլուխը ետ դարձուց.
       —Օ՜հ, դուք հո՞ս, ըսելով լայն գիրուկ ձեռք մը իրեն կարկառեցաւ։
       —Ա՜հ…
       —Վախցա՞ք, կ՚ըսէր թրթռուն ձայն մը։— Ու մանրիկ նրբին մատները Նաւարեանի մեկնուեցան. երբեք իրենց սեղմումը այդքան դողդղացող հրճուանքով չէր եղած։
       Այսպէս ուրեմն, դիպուածին պարտական պէտք է ըլլանք, կ՚ըսէր Տիրան էֆէնտի գոհ զուարթութեամբ։
       —Ի՞նչ բարեբախտութիւն, որ իրարու ծանօթ էք, ըսաւ վարդապետը։
       —Պոլիս բարեկամներ էինք Գէորգեան էֆէնտիի հետ, ըսաւ Տիրան էֆէնտի, որ հասկցած էր, թէ Նաւարեան անծանօթ պահած էր ինքզինքը։
       Երիտասարդ վարդապետը, որ միայն էրիկ—մարդերու հետ կը խօսէր, անպատշաճ համարելով աչքերը աղջկան մը երեսին վրայ յառել, չէր կրնար գիտնալ, թէ Արուսեակի յանկարծական կարմրութիւնը շատ յայտնի կ՚ընէր, թէ պարզ ծանօթներ ըլլալու չէին։ Բայց այդ գունափոխութիւնը ո՛չ Տիրան էֆէնտիի, ո՛չ Նաւարեանի աչքերէն վրիպեցաւ։
       Տառապանքները, յարատեւ մտածութիւնը, վիշտը, ու այդ իրիկուան երազանքը տպաւորած էին Նաւարեանի քաղցր ու առնական դէմքին այնպիսի վեհութիւն մը, որուն հանդէպ իր կնոջական բոլոր տկարութեամբը Արուսեակ կը տագնապէր։
       Անմեղ վարդապետը հիւրերը տարաւ ռօթօնտան, քիչ մը անոնք հոն կեցան, հիմա երեքն ալ երազանքներու մէջ. միայն Հայր Պատուականը իր հիւրամեծարի պարտականութեամբ կը խօսէր։
       Տիրան էֆէնտի, Արուսեակ, Նաւարեան լռիկ, անխօսուկ, միայն վարդապետին ունկնդրելով, առանց բառ մը արտասանելու եկան վանքին դուռը, ուր իրենց կոնտոլա ները նստան, եւ վարդապետին մնաք բարով ըսելէ յետոյ Տիրան էֆէնտի գլուխը յառաջացնելով Նաւարեանի կոնտոլային։
       —Ուրեմն այս իրիկուն միասին կը ճաշենք, ըսաւ Նաւարեանի։
       —Մեծ ուրախութեամբ։ Ո՞ր պանդոկն իջած էք։
       —Պաւէրին։
       Կոնտոլաները բաժնուած էին իրարմէ փոքրիկ անջրպետով մը, որ սակայն անհուն կ՚երեւէր Արուսեակի եւ Նաւարեանի։
       Նաւարեանի կոնտոլա ն քիչ մը առաջ անցաւ, եւ երիտասարդը բիացէթթան կանգնած ձեռքը կարկառեց Արուսեակին դուրս ելլելու պահուն։