Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԴ
       Հիմա ա՛լ Միջերկրականին բացերն էր Թաօռմինան։
       Լայնարձակ ծովուն վրայ, աշնանային մեղմաշունչ հովին փայփայանքներէն հրճուալիր, Նաւարեան երազուն ու խոհուն կը զգար, թէ ժամէ ժամ սիրտը կը լայննար, կը լայննար ծովուն անհունութեանը հետ ու միտքը կը սաւառնէր գետնամած պզտիկութիւններէն շատ վեր։
       Դեռ չորս օր միայն կը բաժնէին զինքը ցաւերու այն գիշերէն, ուր ամօթահար փախած էր Սարաթեաններու տունէն, եւ այդ ժամերը կը ներկայանային աչքին առջեւ աղօտ յիշատակի մը երեւոյթովը։ Այնքան ճշմարիտ է, թէ անցեալն ու ներկան իրարմէ բաժնող մեծ անջրպետը ժամանակէն աւելի միտքն է։
       Ինքզինքը գտած, կը խոհէր։ Մի՞թէ մտնելու չէր հեգնական ժպիտը շրթներուն վրայ. այն սրահը, ուր կը ներկայանար հասարակ մարդկութեան մանրանկարը, եւ անխռով պաղարիւնութեամբը ցոյց տալու չէ՞ր իր խորին արհամարհանքը ընկերային կեղծաւորութեանց դէմ։ Ինչ փոյթ մարդու մը, որ իր ծնելէն առաջ տէրտէր մը էրիկ մարդու մը ու կնոջ մը վրայ քանի մը աղօթք ըրած ըլլայ կամ ոչ։
       Չէ՛, ամօթահար կը մնար ինքն իր առջեւը։ Հռչակել սկզբունքներ ու օր մը երբ առիթը կը ներկայանայ գործնապէս ցոյց տալ համոզումներու ուժը. սարսափահար ձգել փախչիլ նախապաշարեալ ողորմելիի մը պէս, մի՞թէ հաստատել չէր պաշտպանած դատին տկարութիւնը։ Չէ՛, դաւաճանած էր ընկերային խնդիրներու մէջ իր ունեցած դաւանանքներուն դէմ։
       Ծովուն ու երկնքին հետ մինակ մնացած, հետզհետէ կը վերլուծէր փախուստի րոպէին բնազդական զգացումները։ Այնքա՜ն պէտք ունէր ինքն իր էութիւնը լաւ ճանչնալու։ Կեանքին մէջ դառնապէս վշտացած էր կամ հրճուած միայն եւ միմիայն ինքն իր անձին համար տուած վկայութիւններովը։ Համոզուած էր, իբր հրապարակագիր, թէ ուրիշներու ազդեցիկ առաջնորդ կրնայ ըլլալ միայն ան, որ խիստ ինքնադատ մըն է եւ իր խղճին վկայութենէն զատ ուրիշ ո՛ եւ է ջատագովութեան կամ պարսաւանքի հանդէպ կը մնայ անտարբեր։ Հիմա ամէն ատենէ աւելի պէտք կը զգար ինքն իր աչքին առջեւ արդարանալու, եթէ կրնար։
       Իր զգացումներուն քննութենէն համոզուեցաւ, թէ սէրը մեծ տկարութիւնն է կամքի ու համոզումի տէր երիտասարդին համար, երբ սիրուհին իրեն չափ զօրեղ, հաստատամիտ չէ, տոգորուած միեւնոյն գաղափարներով։ Արուսեակի սէրն էր, որ այդ հոգեկան տագնապի րոպէին զինքը տկարացուցած էր։ Երբ դաշնակին առջեւ կը կարդար այդ յօդուածը, բնազդը, արիւնի հետ բերուած զգացումը իրեն կը՚սէին, թէ Արուսեակ իրեն համար ամօթահար էր. հարուածը անդարմանելի էր, ուստի պէտք էր յաղթուիլ։ Կրնա՞ր այնքան լաւատես ըլլալ՝ յուսալու չափ, որ այդ անմեղունակ աղջիկը զոհէ իր ընկերային կրօնքը երիտասարդի մը համար, որուն հետ ոչ մէկ անքակտելի կապ մը կը միացնէր զինքը։ Այո՛, գիտէր թէ Արուսեակ կը սիրէր զինքը, վասն զի անոր աչքին գեղեցիկ երեւցած էր ու մեծ, բայց ա՛լ հիմա ճակտին վրայ երեւան եկած արատ մը զինքը պզտիկ ու տգեղ կ՚երեւցնէր։ Այդ տգեղութիւնը իր յանցանքովը չէր անշուշտ, բայց մի՞թէ յանցաւոր պիտի ըլլար, եթէ բնութիւնը զինքը ժառանգական ախտով մը աշխարհ նետած ըլլար։ Մարմնական ախտէ մը շատ աւելի զզուելի չէ՞ ընկերային կեղծուպատիր աւանդութեանց դէմ մեղանչում մը՝ իր գոյութիւնը կեղծիքի վրայ հիմնած ընկերութեան մը համար։ Իր յանցանքն էր ուրեմն ոչ-գաղափարակից աղջիկ մը սիրած ըլլալը։
       Այս մտածութիւնները հետզհետէ կը ներկայանային իր մտքին, երբ կը վերլուծէր րոպէական բնազդը ու անկէ ետքը ունեցած զգացումները։ Քաջ կը համոզուէր, թէ սէրը զինքը տկարացուցած էր։ Անձնատուր եղած էր բնութեան, բայց եւ այնպէս դաւանանքներու դէմ ուրացումը կը մնար միշտ ուրացում։ Շատ լաւատես եղած էր կամքի ու մտքի զօրութեան վրայ, եւ ահա բնութիւնը պատժած էր զինքը։
       Եւ սակայն այդ պատժին մէջ իսկ կը գտնէր համոզումի եւ կամքի տէր անձի մը գերազանցութեան ապացոյցը։ Ո՞չ ապաքէն ալ յուսահատ փախստական մը չէր, այլ կռուելու համար ամէն ժամանակէ աւելի տրամադիր։ Նախապաշարման դէմ մղած պատերազմին մէջ կորսնցուցած էր ճակատամարտ մը. պատահար մըն էր, զոր պիտի դարմանէր, կորովամտութեամբ առաջ մղելով մարտը, յաղթանակելու հաստատ որոշմամբ։
       Բայց եւ այնպէս մտքէն չէր անցներ ետ դառնալ։ Մէկ գիշերը աւելի փորձառու ըրած էր զինքը, քան թէ ամբողջ կեանքը։ Կը զգար, թէ խոհեմ ըլլալն ալ քաջութիւն մըն է, շատ անգամ վատութիւնը կը կայանայ անխոհեմ ըլլալու մէջ։ Կը կասկածէր իր խեղճ սրտին վրայ, որուն բաբախումներն մինչեւ այն ատեն մարդասիրական եղած էին միայն. ուր երբ առաջին անգամ տրոփեց կնոջ մը համար ալ, ինքն ալ նմանեցաւ փոթորիկէն բռնուած ու լողալ չգիտցող անճրկածի մը։ Կը վախնար այդ սրտէն, ու իրիկունները, երբ մթնշաղին մէջ անմեկնելի տրտմութիւնը կը պատէր հոգին, այդ րոպէներուն կը զգար, թէ ժամանակն ու հեռաւորութիւնը պէտք էր մտքին ու համոզումին աջակիցները հանդիսանային սրտամարտին մէջ։