ԺԷ
Խաղաղութեան
տենչացող
սրտին,
անդորրութեան
կարօտ
մտքին
օթեւանը
գտած
էր
Նաւարեան
այն
քաղաքին
մէջ,
որուն
միակ
աղմուկն
է
անդրդում
հրաւէր
մը
հոգիներու՝
խնդրել
իրենց
զուարթութիւնը
երազական
պատրանքներէ։
Այդ
զանգակներու
մեղեդիները
զինքն
ալ
կ՚առնէին
կը
տանէին
ցնորքներու,
երազներու,
պատրանքներու,
յիշատակներու,
յոյսերու
աշխարհ
մը,
երբ
իրիկնամուտին
կոնտոլային
մէջ
թաղուած
կը
սահեր
անծուփ
ջրերուն
վրայէն,
սիրահարուած
այն
թախծութեան
ստուերներուն,
զոր
կ՚արձակէին,
փառքի
ջախջախուած
կոթողներու
պէս,
շիջելափառ,
այլ
միշտ
վսեմափառ
պալատները։
Հոն,
ի
Վենետիկ
էր,
որ
Նաւարեան
տրտմութեան
հաճոյքն
ու
հրապոյրը
իր
բոլոր
ուժգնութեամբը
կը
զգար։
Հիմա
ա՛լ
պաղարիւն
փիլիսոփայի
պէս
կը
մտածէր,
գտած
ըլլալով
եթէ
ոչ
սրտի,
բայց
մտքի
կատարեալ
հանդարտութիւնը։
Ինչ
որ
առաջադրած
էր
Թաօռմինայի
մէջ,
առաջադրութիւնը,
որ
իր
հրապարակային
կեանքին
շարունակութիւնն
ու
կատարելագործութիւնը
պիտի
ըլլար,
կը
գործադրէր
կէտ
առ
կէտ։
Ամենածանր
աշխատութեան
անձնատուր
եղած,
մէկ
կողմէն
կ՚ուսումնասիրէր
գեղարուեստը
վենետիկեան
հրաշալիքներուն
մէջ,
կը
զբաղէր
տոհմային
հնագիտութեամբ,
որուն
մէջ
տկար
էր,
յաճախելով
Ս.
Ղազարու
մենաստանը,
որ
շատ
սիրելի
էր
իր
սրտին,
-
իր
անունը
ծածուկ
պահելով,
-
իսկ
միւս
կողմէ
կը
մտածէր
ու
կը
մտածէր
այն
գործին
վրայ
զոր
պիտի
գրէր։
Իր
ծրագիրն
էր
սկսել
այն
աշխատութիւնը,
որուն
մասին
կը
խորհէր
բաւական
ժամանակէ
ի
վեր,
եւ
կը
զգար,
թէ
պարագաները
զինքը
յուսուցածէն
աւելի
կանուխ
պատրաստած
էին
ձեռնարկելու
այդ
գործին։
Վէպի
մը
մէջ,
որ
գրեթէ
կենսագրութեանց
շարք
մը
պիտի
ըլլար,
պիտի
ամփոփէր
Պոլսոյ
Հայոց
ընկերային
կեանքի
պատկերները,
զոր
շատ
աղէկ
ճանչցած
էր։
Մերկապարանոց
պիտի
պարզէր
եսամոլութեան,
շահախնդրութեան,
ունայնամտութեան
բոլոր
անտեսանելի
ոճիրները,
որոնք
կեղծաւորութեան
ու
նախապաշարման
մեծ
յենարաններու
կռթնած՝
կը
տիրապետեն
ամէնուն
կեանքին
վրայ։
Այդ
վիրաբուժական
գիրքը
իրեն
պէս
ամէն
զոհերուն
ալ
վրէժխնդրութեան
յաղթանակը
պիտի
ըլլար
ու
զայն
իբր
անվտանգ
վահան
ձեռքը
բռնած
պիտի
մտնէր
այն
ընկերութեան
մէջ,
ուրկէ
փախստական
եղած
էր
արիւնի
հետ
բերուած
զգացումներու
բնազդին
ազդեցութեան
ներքեւ.
ու
մարտը
պիտի
մղէր
կորովալիր,
գաղափարակիցներու
խմբի
մը
աջակցութեամբ։
Իր
ոգեւորութեանը
մէջ
ինքն
իրեն
կը
հարցնէր
սակայն.
—
Բայց
միթէ
մեր
ընկերութիւնը
միայն
ապականութեանց
կոյանո՞ց
մըն
է.
ո՞չ
ապաքէն
այն
ատեն
պէտք
է
որ
ամէն
անոր
մօտեցող
ինքն
ալ
նեխեալ
ըլլայ,
որպէս
զի
անտանելի
չըլլան
իր
ռունգերուն
միջավայրին
գարշահոտութիւնը
եւ
կարենայ
շնչել
ու
ապրիլ։
Եւ
ի՞նչպէս
յուսալ
ազնուացման
մը,
մանաւանդ
նոր
հասնելիք
սերունդին
համար,
երբ
անոր
աչքերը
գրեթէ
կուրցած
ըլլան
հոգեկան
թանձր
խաւարը
միայն
տեսնելու
վարժութեամբ։
Ու
կը
սկսէր
իր
յիշողութեամբը
մտքին
առջեւ
բերել
այն
բոլոր
դէմքերը,
որոնք
սրտին
մէջ
քաղցր
յիշատակներ
թողած
էին
ու
զինքը
կապած
կեանքին։
Նենգաւոր
յօդուածագրին
զազրելի
դէմքին
քով
կը
բերէր,
կը
դնէր
անոր
հակապատկերն
եղող
իր
մտերիմ
բարեկամ
գրողները։
Ագրիպի
եւ
ընկերներուն
դէմ
կը
հանէր
նոյն
իսկ
առեւտրական
դասակարգին
մէջ
ճանչցած
ազնիւ,
բարի,
պատուաճանաչ,
սրտի
տէր
խումբ
մը
անձնաւորութիւններ,
որք
եթէ
իբր
գերազանց
իտէալ
մը
չէին
կրնար
ներկայացուիլ,
բայց
եւ
այնպէս
կեանքի
տաժանելի
ուղեւորութեան
մէջ
ախորժելի,
ծիծաղկոտ
դէմքեր
էին։
Ու
իր
հա՞յրն
ու
մա՞յրը,
որ
հիմա
գիտէր,
թէ
օտարականներ
էին։
Ո՞չ
ապաքէն
այդ
խեղճուկ
տգէտները
բարութեան,
ազնուութեան,
գթութեան,
փափկանկատութեան
մարմնացումներ
էին։
Դիպուածի՞
միայն
արդիւնք
ըսել։
Ինչո՞ւ
այս
հոռետեսութիւնը։
Ո՞չ
ապաքէն
հողի
մը
յատկութիւնը
իր
բերքերէն
կը
դատուի.
վտիտ
արտադրութեանց
մէջ
տեսնուած
պարարտ
հասկերը
նշանակ
մը
չե՞ն,
թէ
հողը
կենսատու
յատկութիւնները
բոլորովին
չէ
սպառած։
Ու
Տիրան
էֆէնտի՞ն։—
Հոս
շուարած
կը
մնար,
եւ,
օրերով,
իր
միտքը
կը
դեգերէր
անդադար
այդ
մեծ
դէմքին
շուրջը,
որուն
ամէն
մէկ
գիծը
վերլուծել
կը
ջանար
եւ
թափանցել
սրտին
ու
հոգիին
բոլոր
գաղտնիքներուն։
Այո՛,
այդ
անձը
կրնար
ներկայացուիլ
իբր
կարելի
եղած
կատարելութեան
տիպար
մը։
Միտքը
մեծ
զարգացում
ունէր,
կեանքի
փորձառութիւնը
շատ
զօրացուցած
էր
իր
տեսական
իմաստասիրութիւնը,
հիմա
մարդասէր
փիլիսոփայ
մըն
էր,
սրտին
տրոփումները
բանաստեղծական
էին,
հոգին
միշտ
կը
սաւառնէր
բարձր,
ջինջ
մթնոլորտներու
մէջ,
բարի
էր,
գթառատ,
մարդասէր
եւ
սակայն
այդ
մտատիպարը
արդեօք
ընկերային
ամէն
նախապաշարումները
արհամարհելու
չափ
զօրաւո՞ր
էր։
Եթէ
ինք՝
Նաւարեան,
այդ
երկուշաբթի
գիշերը
փոխանակ
մեղապարտի
մը
պէս
Սարաթեաններու
տունէն
փախչելու,
ուղղակի
առանձնանար
Տիրան
էֆէնտիի
հետ
եւ
անոր
ըսէր.
«—Ես
կը
սիրեմ
օրիորդ
Սարաթեանը,
գիտեմ,
թէ
ան
ալ
զիս
կը
սիրէ.
դուք
ձեր
համակրանքովը
զիս
պատուեցիք,
եւ
միանգամայն,
մարդկային
սիրտը
լաւ
ճանչնալովնիդ
հանդերձ,
արգելք
չեղաք
այն
յարաբերութեանց,
որոնք
մեր
սիրոյն
ծնունդ
տուին
ու
զօրացուցին
զայն։
Ծնունդին
գաղտնիքը
հիմա
ինծի
հետ
դուք
ալ
իմացաք։
Ընկերութիւնը
հօրն
ու
մօրն
ոճիրին
պատասխանատու
կը
բռնէ
զաւակն
ալ։
Սարաթեանները
մաս
կը
կազմեն
ազնուական
համարուող
ընկերութեան,
բնական
է
ուրեմն,
որ
ամէն
նախապաշարման
ենթարկուած
ըլլան։
Դուք
կը
ներէ՞ք,
որ
օրիորդ
Սարաթեանը
ինծի
կնութեան
խնդրեմ.
ի՞նչ
խորհուրդ
պիտի
տաք
ինծի,
օր.
Սարաթեանի
եւ
տիկին
Սարաթեանի»։
—
Ա՜հ,
եթէ
այս
հարցումն
ըրած
ըլլար,
պատասխանը
հիմա
փարատած
պիտի
ըլլար
իր
բոլոր
տարակուսանքները։
Առանց
երկբայութեան
պիտի
կրնար
գիտնալ,
թէ
մտքի
մը
մեծութիւնը,
հոգիի
մը
ազնուութիւնը
կազատագրե՞ն
մարդ
մը
ընկերային
նախապաշարումներէն,
որոնց
աղբիւրը
շահամոլութիւնն
է
եւ
ունայնամտութիւնը։
Եթէ
նախապաշարումներու
հոսանքը
կը
վարէ
եւ
Տիրան
էֆէնտին
ալ,
այն
ատեն
պէտք
է
պարզապէս
իւթոբի
մը
համարել
իր
տոհմը
ազնուացնելու
հաւատքը։
Սակայն
ի՜նչ
հզօր
զօրավիգ,
եթէ
ստուգապէս
գիտնար,
որ
Տիրան
էֆէնտի
հոսանքին
դէմ
կանգուն
թումբ
մըն
է։
Նաւարեան
միտքը
կը
յոգնեցնէր
այս
խնդիրը
լուծելու։
Կը
խորհէր,
կը
բաղդատէր,
կը
քննէր։
Իր
բոլոր
խորհրդածութիւնները
կը
հանգէին
այն
եզրակացութեան,
թէ
Տիրան
էֆէնտիի
միտքը
չէր
կրնար
գերի
ըլլալ
նախապաշարումներու,
վասն
զի
սիրտը
մեծ
էր։
Չէ՛,
անհնարին
էր,
որ
հիւանդոտ
սրտի
մը
արտաշնչութիւնը
եղած
ըլլար
այն
քաջառոյգ
եւ
զովարար
շունչը,
որ
Տիրան
էֆէնտիի
գրածներէն
բխելով
այնքան
կազդուրած
էր
զիրենք
եւ
սփոփած։
Եւ
սակայն
եթէ
կը
խաբուէր,
եթէ
Տիրան
էֆէնտիի
նկատմամբ
իր
տածած
զգացումները
կը
մոլորեցնէի՜ն
միտքը։
Փորձառութիւնը
միայն
կրնայ
հայթայթել
իրականութեան
պատկերահանին
վրձինին
ճշմարտութեան
մութ
ու
փայլուն
գոյները։
Անդադար
յիշողութեանը
առջեւ
կը
բերէր
Տիրան
էֆէնտիի
երկուշաբթի
գիշերուան
աչքերուն
գաղտնիքը,
երբ
ինք
ներս
մտաւ
սրահէն,
ուր
արդէն
յօշոտուած
էր
իր
կեանքը։
Տխուր
էին
այդ
աչքերը,
բայց
իր
յօշոտիչներուն
դէմ
զայրոյթի
հուրին
ցոլքը
չէր
փայլեր
անոնց
մէջ.
սակայն
պլպլուք
մը
միայն,
գթութեան
տժգոյն
լոյսը
եւեթ։
—
Ա՛հ,
անգութ
հանելուկ,
անգութ
հանելուկ,
—
կը
գոչէր
ինքն
ալ
չարչարուելով
տարակուսանքի
ջլատման
ճիրաններուն
մէջ։
Նաւարեան
կը
զգար,
թէ
հաւատքը
միայն
զինքը
կանգուն
պիտի
պահէր
եւ
զօրացնէր.
հոռետեսութեան
խաւարին
մէջ
թուլցած,
տկարացած
հոգւով
անդնդասոյզ
չըլլալու
համար։
Տիրան
էֆէնտիի
դէմքը
իբր
լուսատու
պայծառ
փարոս
կը
խնդրէր։
Եւ
սակայն
ի
զուր
այդ
լոյսը
կը
փնտռէր։