Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԶ
       Այն գիշերը, ուր Նաւարեան խելակորոյս ինքզինքը դուրս նետեց Սարաթեաններուն տունէն, գլուխը կրակներու մէջ՝ թափառեցաւ փողոցները, անկարող ըլլալով գաղափարները իրար կապել։ Ի՞նչ էր, ի՞նչ եղաւ։ Առաջին անգամ էր, որ դէմ առ դէմ եկած էր այն բարձր ընկերութեան հետ, զոր անխնայ կը հարուածէր իբր եսականութեան, շահամոլութեան նախապաշարման ամբարտակը. բախումը շատ զօրեղ եղած էր, առաջին հարուածէն ինքը տապալած գետին կ՚իյնար։ Կարծես կը լսէր, ականջներուն մէջ կը շառաչէին ծիծաղներու, հեգնութիւններու, արհամարհանքի շեշտերը, որք հիմա իր անունին շուրջը կը դառնային։ Այդ նենգաւոր յօդուածը ներկայացուցած էր զինքը իբր ստորին շահախնդիր մը, իբր իր ծննդեան գաղտնիքին գիտակ մէկը, որ կեղծաւորաբար կը պաշտպանէր «(իբր թէ) մարդասիրական գաղափարներ» ջատագով մը հանդիսանալու համար իր անձնական դատին, եթէ երբեք օր մը երեւան գար իր գաղտնիքը։ Հիմա ինք ապահով էր, թէ Օր. Սարաթեանի համոզումն այն ըլլալու էր, որ Նաւարեան գիտէր իր ծնունդին գաղտնիքը. կը ջանար զայն ծածուկ պահել, անգամ մը գրաւել իր սիրտը, տիրանալ իրեն եւ վայելել յաղթանակը, վայելելով Սարաթեաններու հարստութիւնը։ Նաւարեանի սիրտը ամէնէն աւելի խոցոտողը այն մտածութիւնն էր, թէ Արուսեակ այդպիսի կասկածներով ամենաստորին գաղափար մը պիտի կազմէր իր վրայ։
       Մէկ երկու գաւաթ գարեջուր խմելէ յետոյ գնաց իր վարձած սենեակը եւ յոգնած երկնցաւ անկողնին վրայ։ Ինքն ալ հիմա, ինչպէս քանի մը օր առաջ Ագրիպ, յիշատակին մէջ կը գտնէր յիշատակն այն աչքերուն, որոնց երբ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Հալքի, զգաց, թէ տեղ մը զանոնք տեսած ըլլալու է։ Յօդուածին օգնութեամբը կամաց կամաց ինքն ալ վերակազմեց Ներսէսեան վարժարանին մէջ իր պզտիկութեան պատահած տեսարանները. իր յիշատակը աւելի կենդանի էր, ու հիմա կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ համար այդ բիճ բառը ամէն անգամ որ լսէր, սարսուռ մը կը զգար, հին վէրքի մը վերանորոգման զգացողութեամբ։ Շատ յստակ կը հնչէր հիմա իր ականջին քսան տարի առաջուան լսած բիճ ածականը, որ անդուլ, անդադար զինքը վարած էր հալածական։
       Ու սկսաւ քննել մօրը իր հետ ունեցած յարաբերութիւններն ալ։ Բուբուլ տուտու զինքը շատ սիրած էր, վրան անդադար կը գուրգուրար, եւ սակայն միշտ զաւկին համար տեսակ մը յարգանք, ակնածանք, որոնք գոյութիւն չեն կրնար ունենալ մօր մը ու տղուն միջեւ, մանաւանդ հասարակ դասակարգին մէջ, միտքը չէր գար, որ օր մը մայրը զինքը հանդիմանած ըլլայ թեթեւ մը իսկ. ու որչափ որ ինք կը մեծնար, մայրն ալ այնքան աւելի յարգալիր կը վարուէր հետը, իբր թէ ամենապատուական հիւրը ըլլար։ Ու չէր զգացած երեսներուն վրայ համբոյրի ա՛յն տաքութիւնը, զոր հայր մը եւ մայր մը կու տան իրենց զաւակներուն։ Ու այս ամէնուն հետ մէկտեղ, չէր յիշեր, թէ մայրը օր մը երբեք իրեն խօսած ըլլայ կամ ակնարկութիւն մը ըրած ըլլայ իր ծնունդին պարագաներուն վրայ։ Ու լաւ մը յիշելով տղայութեանը, պատանեկութեանը եւ երիտասարդութեանը մէջ մօրն իրեն հետ ունեցած ամէն մէկ վարմունքը, գրեթէ ա՛լ տարակոյս չունէր, որ իր ծնունդին մէջ կար այն գաղտնիքը, զոր թերթը մատնանիշ կ՚ընէր։ Եւ յետոյ, այդ նենգամիտ յօդուածը, որ թուանշաններով ու եղելութիւններով կը խօսէր, միայն ճիշտ քննութեան մը արդիւնք եղած կրնար ըլլալ։ Ագրիպ էֆէնտի իրեն մրցակից մըն էր եւ ստոյգ, մանրազննին քննութիւններով միայն կրնար յարձակիլ իր դէմ, ապա թէ ոչ շատ դիւրին կ՚ըլլար իր խայտառակուիլը։ Ու եթէ դեռ տարակուսանքներ ունենար, որո՞ւն կրնար դիմել լուսաբանուելու համար, Բուբո՞ւլ տուտուին. չէ՛. այդ չարչարանքը չէր կրնար պատճառել այդ խեղճ կնոջ, զոր հիմա աւելի հզօրապէս սկսած էր սիրել, վասն զի անոր սէրն իրեն համար աւելի գերագոյն կը համարէր, քան թէ բնական մօր մը զգացումները. ու այդ կինը մարդասիրական մեծ սկզբունքներուն գործադիրներէն եղած էր առանց ո՛չ իրեն եւ ո՛չ ուրիշներուն յօդուածները կարդացած ըլլալու։
       Ժամերը կը յառաջանային, ա՛լ խոնջ, վաստակաբեկ՝ Նաւարեան քնացաւ անկողնին վրայ, գրեթէ չհանուած, վրան վերմակ մը քաշելով։
       Աշնանային գեղեցիկ առաւօտ մը ծագեցաւ. Նաւարեան հեղձուցիչ տպաւորութեանց ներքեւ արթնցաւ, ու լվացուելէն յետոյ, պատուհանը բացաւ, սուրճ մը սկսաւ խմել եւ մտածել։ Որոշում մը այդ պահուն իսկ տալու էր։ Պոլսէն ձգել հեռանալու գաղափարը ներկայացաւ իր մտքին՝ ամենէն գործնական միջոցը յուսահատութենէ փրկուելու։ Ի՞նչ պիտի ընէր. ամէն մէկ քայլին պիտի հանդիպէր ծանօթներու, որոնց պարտաւոր պիտի ըլլար պատասխան մը տալու։ Սարաթեաններու տունը իր առջեւ փակուած էր։ Ի՞նչ գրէր, ի՞նչ պաշտպանէր, երբ երկու կնոջ պատկերները աչքին առջեւ պիտի ըլլային միշտ. իր մայրն ու Արուսեակը զինքը կը ջլատէին։ Ու ասոնց հետ մէկտեղ մարդկային չարութեան այնքան հզօր ապացոյց մը, որքան եղած էր այն կեղտոտ յօդուածը, ազդած էր իրեն անդիմադրելի զզուանք մը։ Պոլսէն հեռանալ, երթալ թափառիլ, իր սիրտը թեթեւցնող մտածութիւնը եղաւ։
       Պատանեկութեան օրերուն մէջ սիրած էր Իտալիան, որուն լեզուն իրեն բաւական ծանօթ էր։ Իտալիոյ գեղեցկութեան ու գեղարուեստներու նկարագրութիւնն ու պատմութիւնը ընող գլխաւոր գործերու հաւաքածոյ մը ունէր։ Տեսականօրէն գրեթէ կը ճանչնար այդ հրաշալիքներու երկրին ամէն մէկ մասը, իր իղձերէն մին էր օր մը երթալ այցելել իր այնքան սիրած երկիրը ու ատեն մը հոն ապրիլ։ Հիմա փորձութիւնը ա՛լ անդիմադրելի եղաւ։ Ու իր ջախջախուած սիրոյն, խորտակուած յոյսերուն մէջ, առաջին քաղաքը, որուն պատկերն իր մտքին ներկայացաւ՝ Վենետիկն էր։ Տխրութեան, հանդարտութեան, փշրուած փառքի այդ քաղաքը իր սգաւոր սրտին միակ ապաստանարանը կրնար ըլլալ։ Հոն մենութեան ու լռութեան մէջ պիտի ապրէր ատեն մը, հոն նաեւ կրնար դիւրութիւններ ունենալ իր աշխատութիւնները շարունակելու, եւ երբ պէտք ունենար Մխիթարեանց տպարանը ամէն դիւրութիւն կրնար ընծայել իրեն՝ հրատարակութեանց համար։
       Իր աշխատութեամբը շահած դրամէն կրցած էր աւելցնել գումար մը, որուն համար որոշած էր օր մը իր սիրած նպատակներէն մէկուն յատկացնել. այժմ կրնար ինքն ինքնիրմէն փոխառութիւն մը ընել։ Այդ խնայողութիւնները պիտի կրնային իրեն ապահովել բաւական ատենի համար համեստ կեանք մը Իտալիոյ մէջ, ուր ապրուստը շատ աժան էր։
       Ա՛լ երկար ատեն չէր կրնար Պոլիս մնալ. իրեն համար անտանելի էր ո՛ եւ է դէմք տեսնել. Բերայէն կառք մը նստելով իջաւ Ղալաթիա, իր դրամը Իտալիա փոխադրելու կարգադրութիւններ ըրաւ։ Նամակով մը իր հրաժականը ղրկեց եւրոպական այն հաստատութեան, որուն մէջ պաշտօն ունէր. ուղեւորական քանի մը պատրաստութիւններ տեսաւ, յետոյ տուն գնաց, մօրը ըսաւ, թէ գործով յաջորդ օրը Ամերիկա պիտի երթայ եւ թերեւս քիչ մը երկար ատեն մնար. անոր ապրուստին համար ալ ամէն կարգադրութիւն ըրած էր։ Այս ամէնը կը վերջացնէր տխուր գիշերուան յաջորդ օրը՝ երեքշաբթի։ Չորեքշաբթի առտու իր մտերիմ գաղափարակից եւ սրտակից բարեկամներուն մէյմէկ նամակ կը գրէր, յանձնելով զանոնք մօրը՝ իրենց տեղուանքը հասցնելու համար։ Եւ կէս օրին յուզուած պագտուելով մօրը հետ, Գատըգիւղէն նաւակ մը նստած կ՚երթար ուղղակի Թաօռմինան, որուն վրայ զինքը տեսանք՝ նայելով դէպ ի Վենետիկ։