ԺԳ
Հոկտեմբերի
մէջ
Սարաթեանները
վերադարձած
էին
Բերա։
Հոն,
Նաւարեան
ալ
վարձած
էր
սենեակ
մը
«ծովը
գեշ
եղած
օրերը»
Գատըգիւղ
չկրնալ
երթալուն
պատահականութեանց
համար։
Բերայի
ընկերութիւնը
սկսած
էր
իր
սովորական
կեանքը.
—
Սրբուհի
հանըմ
ընդունելութեան
օր
որոշած
էր
առջի
տարիներուն
պէս
երկուշաբթին։
Նաւարեան
հրաւիրուեցաւ
Տիրան
էֆէնտիէն
ամէն
երկուշաբթի
գիշեր
այցելել։
Կղզիէն
իջնելէն
ի
վեր
երկու
սիրահարները
իրար
չէին
տեսած։
Առաջին
հանդիպումնին
հոկտեմբերի
ընդունելութեան
առաջին
գիշերը
տեղի
պիտի
ունենար։
Ամբողջ
այդ
օրը
Նաւարեան
տենդոտ
էր,
արտակարգ
որտնեղութեամբ
կը
սպասէր
գիշերուան,
որ
չէր
հասներ։
Տագնապալից
վիճակին
մէջ
չբացաւ
իսկ
այն
օրուան
թերթերը։
Իրիկունը
Բերա
ելաւ,
քիչ
մը
ճաշեց,
արդուզարդն
ըրաւ
եւ
գնաց
Սարաթեաններու
տունը,
ուր
առաջին
անգամ
առիթ
պիտի
ունենար
ներկայանալու
հայ—լայֆին,
որոնք
իր
հեգնութեանցն
ու
մտրակումներուն
գլխաւոր
թիրախներն
էին։
Երբ
ընդունելութեան
սրահը
պիտի
մտնէր,
դրան
առջեւ
հանդիպեցաւ
Արուսեակի,
որ
գունատ,
զայրոյթի
գունատութեամբ,
դողդղացող
ձեռքով
սղմեց
Նաւարեանի
ձեռքը։
Երիտասարդը,
որ
քիչ
մը
աւելի
խանդի
կը
սպասէր,
երկարատեւ
բացակայութենէ
մը
յետոյ,
կոտրուած
մնաց։
—Անհանգի՞ստ
էք,
—
հարցուց
ցած
ձայնով։
—Ոչինչ
բան։
Աչքերը
սակայն
կ՚ըսէին,
թէ
բան
մը
կար,
ակներեւ
նեղութեամբ
մըն
էր,
որ
հիւրին
հետ
սրահը
մտաւ։
Սրբուհի
հանըմ,
որուն
մօտեցաւ
Նաւարեան,
յայտնի
ցրտութեամբ
սեղմեց
ձեռքը.
Տիրան
էֆէնտի
անխռով
յարգանքով
ընդունելութիւն
ըրաւ.
ներկայ
եղողները
իրարու
ակնարկներ
կու
տային
եւ
մինչեւ
իսկ
Նաւարեան
լսեց,
որ
կիներէն
ոմանք
կ՚ըսէին
արհամարհական
շեշտով
մը.
—Ա՞ս
է։
Միայն
Ագրիպ
էֆէնտի,
անսովոր
զուարթութեամբ
մը
իրեն
մօտեցած
էր,
որպիսութիւնը
հարցուցած
էր.
—Ալ
իրար
կորսնցուցինք,
Նաւարեան
էֆէնտի,
—
ըսաւ
բարեկամական
շեշտով
մը։
Եւ
հինգ
վայրկեանի
չափ
ոտքի
վրայ
իրարու
հետ
խօսեցան։
Տիրան
էֆէնտիի
աչքին
զարկաւ
այս
նոր
սիրալիր
վարմունքը,
ու
մտքէն
ըսաւ,
թէ
այդ
աղտոտ
գործը
անորն
էր։
Նոյն
կասկածն
ունեցաւ
նաեւ
Արուսեակ։
Ագրիպ
էֆէնտի,
երբ
բաժնեցաւ
Նաւարեանէն,
իր
բարեկամներէն
ոմանց
ըսաւ,
թէ
«չէ
տեսած,
չէ
նէ
չէր
գար—բայց
հիմա
աղուոր
խաղ
մը
կ՚ընենք»։
Կէս
ժամ
ետքը
թղթախաղի
սեղանները
սկսան
պատրաստուիլ։
Նաւարեան,
որ
չէր
խաղար,
առանձին
պիտի
մնար
սակաւաթիւ
ընկերներու
հետ։
Սրահին
մէջէն
դուռ
մը
կը
տանէր
դաշնակին
սենեակը,
ուր
կը
հաւաքուէին
առանց
թուղթի
զբօսնող
երիտասարդներն
ու
երիտասարդուհիները,
որոնք
սակայն
բազմաթիւ
չէին։
Քիչ
մը
առաջ
հոն
մտած
էր
Ագրիպ
էֆէնտի,
երբ
թղթախաղի
պատրաստութիւնք
կը
տեսնուէին։
Գրպանէն
լրագիր
մը
առած
կը
կարդար,
իբր
թէ
սպասելով
մէկուն
գալուն։
Սպասածը
ներս
մտաւ,
Նաւարեանը,
որուն
ետեւէն
անմիջապէս
Ագրիպ
էֆէնտիի
թղթի
ընկերը
ներս
մտնելով
հրաւիրեց
զինքը
չսպասցնել
զիրենք։
Ագրիպ
էֆէնտի
սրահը
մտաւ,
բայց
աճապարանօք
լրագիրը
դաշնակին
վրայ
մոռցաւ։
Նաւարեան
մինակ
էր.
անձկութեամբ
կը
սպասէր,
որ
Արուսեակ
կարգադրութիւնները
լմնցնելով
գայ։
Մեքենաբար
ձեռքը
երկնցուց
ձգուած
օրագրին
եւ
լուրերուն
վրայ
աչք
մը
նետելէ
յետոյ
սկսաւ
կարդալ
խմբագրականը։
Քանի
կը
կարդար,
կ՚այլափոխուէր,
կարդացածը
կրկին
կրկին
կը
կարդար.
երկրաշարժի
ահռելի
ցնցում
մը
զգացողի
ու
փլուզումի
ներքեւ
մնացողի
մը
տպաւորութիւնը
ունեցած
էր։
Թերթը
վար
ձգեց,
չորս
կողմ
նայեցաւ.
մարդ
չի
կար։
Սենեակը
երկրորդ
դուռ
մըն
ալ
ունէր,
ինքզինքը
անկէ
դուրս
նետեց։
Այդ
րոպէին
Արուսեակ
սրահէն
դուրս
կ՚ելլէր.
տեսնելով
Նաւարեանին
գոյնը,
սարսափահար
մնաց,
բայց
չկրցաւ
բերանը
բանալ
բառ
մը
արտասանել.
այլ
եւ
կին
մը
սանդուղէն
վեր
ելած
իր
առջին
էին,
զանոնք
ընդունեց,
ու
երբ
սրահը
կ՚առաջնորդէր
զանոնք,
լսեց
Նաւարեանի
սանդուղներէն
վար
իջնելը։
Զգաց,
թէ
իր
սրտին
վրայ
կը
կոխկռտէր։