Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Նաւարեան երեք օր ո՛չ Չամ—Իլիման գնաց եւ ո՛չ ալ կղզիին այն կողմերը, ուր կրնար Տիրան էֆէնտիին եւ Օր. Սարաթեանի հանդիպելու առիթն ունենալ։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն սենեակին մէջ փակուած կը գրէր, գիշերները միայն նաւակով շրջագայութեան կ՚ելլէր։ Կիրակի օրը սակայն, կէս օրէն ետքը գնաց այցելութիւն մը տալու իր նոր բարկամներուն։
       Երբ սենեակէն ներս մտաւ, Օր. Արուսեակ շատ զուարթութեամբ ընդ առաջ եկաւ.
       —Օ՜հ, կարծեցինք, թէ կը փախչիք մենէ, երեք օր է զձեզ տեսնելու բարեբախտութիւնը չունեցանք։
       Եւ շիտակ երիտասարդը մօրը տանելով.
       —Մա՛յր, Նաւարեան էֆէնտի , մայրս։
       Մայրը, Սրբուհի հանըմ, մարմնեղ, ծանրաշուք կին մը— արդէն ոտքի վրայ էր սենեակին մէջ գտնուողներուն հետ , բարի եկաք , ըսաւ։
       Նաւարեան գնաց Տիրան էֆէնտիի ձեռքը սեղմելու։ Ուրիշ հիւր մըն ալ կար, Օր. Արուսեակ ներկայացուց իրարու։
       —Ագրիպ էֆէնտի Նաւարեան էֆէնտի։
       Գլխով իրար բարեւեցին։ Երբ ամենքն ալ նստան, Տիրան էֆէնտի ժպտալով ըսաւ.
       —Ագրիպ էֆէնտի, անշուշտ Նաւարեան էֆէնտին ձեզի շատ ծանօթ ըլլալու է անունով. դուք որ այնքան հանրային գործերու մէջ էք, կարծեմ թէ իրեն գրիչը գնահատելու պատահականութենէն չէք զրկուած։
       Ընտանեկան, անմեղ հեգնութեան մը շեշտովը կ՚արտասանէր ամէն մէկ բառը։
       —Ի՞նչ ըսել է, ի՞նչ ըսել է , յայտարարեց Ագրիպ էֆէնտի հաւակնոտ ձայնով մը , իր գրածները միշտ կը կարդամ, բայց շիտակն ըսելով առանց հաւանութիւնս տալու։
       —Անշուշտ կարծիքի տարբերութիւն , ըսաւ Տիրան էֆէնտի միշտ ժպտուն. —կ՚երեւէր թէ հանդիպումէն ախորժած էր։
       —Ո՛չ, ո՛չ , ըսաւ Ագրիպ , որուն երեսները կարմրցած էին յանկարծ , եւ ձայնը զայրոյթի շեշտով կը դողար, ու դառնալով Նաւարեանի.
       —Էֆենտի՛մ, դուք շատ առաջ կ՚երթաք, ես պահպանողական եմ, ես չեմ ներեր, որ ազգին աշխատաւորները անխիղճ քննադատութեամբ յուսահատին, ես չեմ ուզեր, որ հեգնութեամբ ամէնքը ջլատէք. ի՞նչ ըսել է, էֆէնտիմ, մեր ազգին մէջ էսբրի ընել. չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ գաղտնի պատճառ կայ, որ այսքան թշնամութիւն կ՚ընէք մեզի. բայց մենք գիտենք ընելիքնիս։
       —Կարծեմ թէ, ըսաւ Նաւարեան հեգնոտ ծիծաղով եւ մեղմ արհամարհանքով , եթէ բարեբախտութիւն ունիմ, որ էֆէնտին անունս լսած է, բայց ես դժբախտաբար առաջին անգամն է, որ իր անունը լսելու պատեհութիւնը կ՚ունենամ. ուստի չեմ հասկնար, թէ ինչպէս կարելի է, որ իրեն նկատմամբ թշնամական բան մը գրած ըլլամ։
       —Էֆենտին , հարեց Տիրան էֆէնտի , կարծեմ իր անձին համար չէ որ կը խօսի։
       —Անտարակոյս , անտարակոյս։
       —Այլ ի դիմաց բոլոր ազնուաշուքներուն, զոր այնքան անգթօրէն կը հարուածէք…
       —Անտարակոյս , անտարակոյս։
       —… եւ իրաւամբ ալ , հարեց մեծ ծիծաղով մը Տիրան էֆէնտի։ Բայց տեսաւ թէ կատակաբանութիւնը, որ ճշմարտութեան շատ մօտեցած էր, կրնար անախորժ հետեւանքներ ունենալ, ուստի ըսաւ.
       —Արուսեակ, սա սեղանը բեր պրիճ մը դարձնենք։ Նաւարեան էֆէնտի, կը մասնակցի՞ք։
       —Ինծի ներողութիւն, չեմ գիտեր։
       Ագրիպ էֆէնտի գոհունակութեամբ արհամարհական ակնարկ մը նետեց երիտասարդ գրագէտին վրայ, հասկցնելով, թէ «ընկերային դիրք » չունենալուն ապացոյցը տուած է։
       Նոյն միջոցին ուրիշ հիւր մը եկաւ։ Սրբուհի հանըմ, Տիրան էֆէնտի, Ագրիպ էֆէնտի եւ հիւրը սեղանին շուրջը նստան։
       —Հոս հրամմեցէք , ըսաւ Արուսեակ Նաւարեանի, որ միայն իր հիւրը կը մնար։ Եւ բաց պատուհանին առջեւ շուքին մէջ սկսան խօսիլ. Նաւարեան երկու անգամ ուզեց մեկնիլ, բայց թոյլ չտուին։
       —Իրիկունը ճաշը մէկտեղ ընել կը հաճի՞ք , հարցուց Տիրան էֆէնտի։
       Մերժումը դժուար էր։
       Ագրիպ էֆէնտի այդ օրը շատ սխալներ ըրաւ, եւ ընկերը միշտ կը գանգատէր։ Զայրոյթը աչքերուն մէջ էր, եւ խելքը Արուսեակի ու Նաւարեանի խօսակցութեանց կու տար, քան թէ թղթին։ Տիրան էֆէնտի ալ անդրադարձած էր Ագրիպ էֆէնտիի այդ օրուան վերացականութեանը։
       Ազնուաշուք երիտասարդը անբացատրելի հակակրութիւն մը կը զգար գրագէտին դէմ։ Միտքն ալ տագնապի մը մէջ էր. իրեն այնպէս կու գար, թէ այդ աչքերուն օր մը հանդիպած ըլլալու էր. բայց չէր կրնար գտնել թէ ո՞ւր , ե՞րբ։
       Նաւարեան շատ բարձր էր եւ չէր կրնար այդ անձին դէմ թշնամական զգացում ունենալ, բայց ինքն ալ միտքը կը չարչըրկէր. այդ աչքերն կեանքին մէջ օր մը իրեն դէմ ելած էին. բայց ո՞ւր , ե՞րբ։
       Երկուքն ալ զուր տեղը մտքերնին չարչրկեցին։
       Ցրտութեամբ մը զիրար բարեւեցին մեկնելու ատեննին։ Ագրիպ էֆէնտի Մեծ Կղզին կը բնակէր, նաւակով հոն անցաւ։ Իսկ ճաշէն վերջ Տիրան էֆէնտի, Օր. Արուսեակ, Նաւարեան պտոյտի ելան. սեղանին վրայ Սրբուհի հանըմի ներկայութեանը բնաւ չխօսեցան Ագրիպ էֆէնտիի մասին։ Բայց դուրսը, խօսակցութիւնը քիչ մը երիտասարդին շուրջը դարձաւ։
       —Շիտակը երկուքնիդ ալ , ըսաւ Արուսեակ խնդալով , շատ անգութ եղաք։