Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱ
       Այդ տարի Խաչին Արմաշ գնաց Հաճի հանըմ այս անունով կը յորջորջուէր Բերայի մէջ Ագրիպ էֆէնտիի մայրը։ Էրկանը օրով Երուսաղէմ ալ գացած էր, քանի մը անգամ ալ Արմաշ։ Զաւկին փառքի օրերուն մէջ ուխտի մը երթալու տենչը ունէր։ Օրագիրները գրեցին, թէ այդ տարին Խաչը արտակարգ հանդիսաւորութեամբ պիտի տօնուի, մեծ բազմութիւն պիտի երթայ. օդն ալ շատ զով ու գեղեցիկ էր։
       Հոս շատ չենք ծանրանար այն ընդունելութեան վրայ, որ եղաւ Ագրիպ էֆէնտիի մօրը։ Բայց ըսե՞նք թէ շատ գոհ չմնաց։ Իրմէն օր մը ետքը ուրիշ կին մըն ալ եկաւ. կ՚երեւար, թէ կը սպասէին անոր գալուն, վասն զի լաւագոյն սենեակ մը յատկացուեցաւ անոր։ Դիտեց նաեւ, որ այդ կինը գալուն պէս սրբազանը անոր այցելութեան գնաց անմիջապէս, ու իրեն ետքը եկաւ. առջի օրը իրեն այդպիսի պատիւ մը չէր եղած։ Դիտեց նաեւ, որ բոլոր վարդապետները, ընծայացուները այդ կնոջ կ՚այցելէին. իրեն միայն մէկ, երկու ծանօթ վարդապետներ եկած էին։ Շատ հետաքրքիր էր. Բերա անոր չէր հանդիպած, բայց իրեն այնպէս կու գար, թէ բոլորովին ալ իրեն անծանօթ չէր։ Տեղ մը տեսած ըլլալու էր։ Սակայն, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, որ ատանկ երեւելի կնիկ մը իրեն եկած չըլլայ։ Միայն թէ վրան գլուխը թէեւ շատ շնորհքով, թէեւ անոր շատ պատիւ կ՚ընէին, բայց այնքան քիպար չէր երեւնար։
       Երբ սենեակը ելաւ, քովը եկաւ իր հին ծանօթ վարդապետ մը, բաւական տարէց։
       —Ճանըմ, հայր սուրբ, սա մեծ օտա ին հանըմը ո՞վ է։
       Իրաւ որ, Հաճի հանըմ, ես ալ աղէկ մը չիտեմ. երկու օր է անոր համար իրարանցում կ՚ընէին։ Գատըգեղցի է. հարցուցի նէ ղազէթա գրողի մար է ըսին։
       Տէր ողորմեայ ինձ Աստուած, սա ղազէթա գրողները ո՞վ են քի անոնց մօրը ասանկ բաներ կ՚ընեն։ Աս ալ լսուած բան չէր։
       Ի՞նչ գիտնամ, Հաճի հանըմ , մեր նոր սրբազանը շատ ուսումնական է, հայ սուրբնիս ալ շատ կարդացող է. հիներէն չեն, իրենք ալ շատ կը գրեն, հէլպէտ տէ քի գրողներուն ալ շատ պատիւ պիտի ընեն։ «Նման զնմանք իւր սիրէ» կ՚ըսէ սուրբ Աւետարանը։
       —Էնֆիէ մը կ՚առնե՞ս։
       —Է, տո՛ւր նայիմ։
       Է, մնաս բարով Հաճի հանըմ։
       —Երթաս բարով, հայր սուրբ։
       —Նորէն կուգամ։
       —Հրամմեցէք։
       «Ղազէթաճի»ին մօրն ալ կը թուէր, թէ այդ կինը, որ ուշադիր իրեն կը նայէր, տեսած ըլլալու էր, բայց միտքը չէր գար։ Ան օրը շատ մտածեց։
       Քա հա՛, ա՛ն ըլլալու է, մեղայ, ըսաւ ինքնիրենը։ Միտքըս չի գար մէյէր, ալ լմնցեր եմ. ցնդեր եմ։ Ի՞նչ ընեմ. քսան տարի կայ քի չեմ տեսեր։
       Ու միտքը բերաւ այն լացի օրերը, երբ զինքը վռնտած էին իրենց տունէն։
       Աստծու գործը նայէ. հիմա ինծի անկէ աւելի պատիւ կ՚ընեն. Աստուած ըրաւ քի ես եկայ։
       Ամբողջ ատ գիշերը դրաւ վերցուց, թէ ինքզինքը մէյ մը ցոյց տա՞յ, թէ ոչ։ Հաստատ որոշում մը չէր տուած, բայց այնքան պատիւ վայելելէ յետոյ անգամ մը անոր աչքին երեւնալու տենչը անզուսպ էր։ Դէմ առ դէմ եկան եկեղեցիէն ելած ժամանակնին։ Մօտեցաւ Հաճի հանըմին, որ իրեն կը նայէր.
       —Բարեւ, Հաճի տուտու։
       Այդ «տուտուն» անախորժ եկաւ, շատ անախորժ Հաճի հանըմին. ու ակներեւ սրտնեղութեամբ մը ըսաւ.
       Աստծու բարին. աֆ կ՚ընես, քեզ չճանչցայ։
       Էյ, զիյան չունի, ես ալ քեզի մէկէն ի մէկէն միտքս չբերի. շատ տարի է իրար չենք տեսած։ Ատենօք շատ կու գայի կ՚երթայի ձեզի։
       —Կայնէ նայիմ…
       —Միտքդ չի՞ գար… ըսեմ… Բուբուլ կ՚ըսուիմ, Գէորգ աղային կնիկն եմ, Խասգեղ…
       Քա, դո՞ւն ես, աս շա՜տ փոխուէր ես, ամա տահա կէնճցեր ես, ո՞ւր ես հիմա, ի՞նչ կ՚ընես, ալ չե՞ս բանիր։
       Չէ, Աստուած չընէ, գլխուս շատ պաներ էկաւ, ամա հիմակ բէք րահաթ եմ. տղաս ինծի վարդի պէս կը պահէ. Աստուած մէկ օրը հազար ընէ։
       —Ո՞ր տղադ, սա հոգեզաւակ մը ունէիր նէ ա՞ն…
       Ի՜նչ հոգեզաւակ, Աստուած ամէնուն ալ անանկ բարի զաւակ տայ։ Մենք հիմա Խատիգեղ ենք, բէք աղուոր քիպարի տեղ է. տահա Խասգե՞ղ էք, էրիկդ ո՞ղջ է, տղադ ի՞նչ կ՚ընէ, խանութը կերթա՞յ… կարգեցի՞ր… փարալը աղջիկ առի՞ր։
       Ամէն մէկ հարցում գամի պէս կը մխուէր Հաճի հանըմի սիրտը։
       Մենք հիմա Խասգեղ չենք, ըսաւ գոռոզութեամբ, մեզի ա՛լ չի վայելեր հոն նստիլ։ Էֆենտիին մեռնելէն ի վեր Պէյ օղլու ենք. Պետրոս էֆէնտին շատ մեծ է։ Էրիկդ ի՞նչ կընէ, ո՞ղջ է, խայըխճութիւն կընէ՞ տահա։
       Քա, մեղա՜յ, մեղա՜յ, ան պաները կլխնուս քի էկաւ նէ Օրթագեղ կացինք. զաւալլը մարդը խեղդուեցաւ… ա՜խ, ա՜խ… ի՛նչ է նէ, ասծու կամքն է, ասուած հիմա անանկ տուաւ քի լայըխ չէի…
       Այդ միջոցին երկու վարդապետ եկան ու մեր հին ծանօթ Բուբուլ տուտուին.
       —Խաթուն մարիկ, խաթուն մարիկ, եկուր հրամանքդ պտըտցնենք ամէն տեղ, ըսելով հրաւիրեցին։
       Է, ա՛ֆ կ՚ընես, Հաճի տուտու, մնաս բարով, հայր սուրբները շատ պատիւներ կ՚ընեն, նորէն ինշալլահ կը տեսնուինք։
       Ու գնաց։ Չէ՛, ալ նորէն տեսնուելու պէտք չի կար։ Քսան տարուան դառնութիւնը այդ օրը դուրս տուած էր։ Զինքը տունէն վռնտող կնոջ աչքին այնքան մեծ երեւցած էր, ու ինք, նախկին հանըմ, այնքան աննշան իր քով։ Այսքանը կը բաւէր։