Զ
Զատկէն
ետք,
գարնան
առաջին
զուարթ
արեւին
հետ
կը
փութան
Հալքի
ապաստանիլ
հանդարտ
ու
ժպտուն
բնութեան
հետ
քիչ
մը
ատեն
մենակեաց
ապրելու
կարէտը
քաշող
սրտերը,
որոնք
շատ
բազմաթիւ
չեն
ըլլար։
Այդ
տարին
մայիսի
սկիզբը,
ամէն
օր
իրիկուան
դէմ
Չամ—Իլիմանիի
ծովախորշը
կու
գային
քառասունըհինգէն
յիսունի
մօտ
մարդ
մը
եւ
դեռատի
աղջիկ
մը։
Կը
նստէին
ծովեզրը,
փոքրիկ
թեւերով
ու
չորցած
տերեւներով
յօրինուած
հովանոցակին
ներքեւ։
Քիչ
մը
կը
խօսէին,
եւ
սուրճը
խմելէ
յետոյ
մէյ
մէկ
գիրք
կը
հանէին
ու
կը
կարդային։
Անդիէն
զանոնք
դիտող
մը
պիտի
նշմարէր,
թէ
երբեմն
աչքերնին
գրքէն
վեր
վերցնելով
կը
յառէին
մեծատարած
ծովուն
վրայ,
խորասուզուած
խոր
մտածութեանց
մէջ։
Ու
այդ
րոպէներուն
թեթեւ
տխրութիւն
մը
կը
պատէր
երեսնին։
Աղջիկը,
կէս
սուգի
զգեստներով,
հազիւ
տասնըութ
տարեկան
կ՚երեւէր։
Հաւանօրէն
ընկճուած
չէր
վրդովեալ
անցեալի
մը
ծանր
յիշատակներուն
ներքեւ.
ատիկա
դեռ
շատ
կանուխ
էր
իրեն
համար։
Անշուշտ
ապագան
էր,
որ
ծիծաղկոտ
չէր
երեւնար։
Իսկ
միւսին
համակրելի
դէմքը,
իր
ծանրախոհ
նրբին
տրտմութեանը
մէջ
մեծ
յոգնութեանց,
շատ
յուսախաբութեանց
նշանները
ցոյց
կու
տար։
Երկու
շաբաթ
յետոյ
Չամ—Իլիմանի
սկսաւ
երեւիլ
երիտասարդ
մը,
որ
թէ՛
առտուն
շատ
կանուխ
կու
գար,
եւ
թէ՛
իրիկունները։
Շատ
վայելուչ
ու
լրջադէմ
էր.
կը
նստէր
մեր
ծանօթ
զոյգէն
բաւական
հեռու .
հետը
միշտ
քանի
մը
օրաթերթ
ու
գիրք
մը
կ՚ունենար։
Երբեմն
երբեմն
աչքերը
կը
յառէր
այդ
զոյգին
վրայ,
բայց
իր
ուշադրութիւնը
աւելի
էրիկ
մարդուն
համար
էր,
քան
թէ
աղջկանը։
Աղջիկն
ալ
քանի
մը
օրէն
ի
վեր
միայն
ծովը
չէր
դիտեր
ու
ետ
դառնալով
կ՚ուզէր
զմայլիլ
եղեւնիներու
տեսարաններով.
այդ
դարձին
մէջ
երբեմն
աչքերը
կը
հանդիպէին
երիտասարդին
աչքերուն։
Չորս
հինգ
օր
յետոյ
աղջկան
ընկերը,
երբ
սովորութեանը
համեմատ
քիչ
մը
կը
պտըտեր
դաշտին
մէջ,
նշմարեց,
թէ
երիտասարդը
հայ
է.
հայերէն
թերթ
մը
կը
բանար
այդ
րոպէին։
Շրջան
մը
ընելէ
յետոյ,
երբ
նորէն
առջեւէն
անցաւ,
կանգ
առաւ
ու
հանդարտ,
անուշ
ձայնով
մը
ըսաւ.
—Կը
ներէք…
Երիտասարդը
անմիջապէս
վեր
ելաւ
խորին
յարգանքի
մը
ակներեւ
նշաններով։
—Կը
ներէք ,
—
շարունակեց
միւսը ,
—
թէեւ
անծանօթ
եմ
ձեզ,
բայց
գիտէք,
թէ
գիւղերու
մէջ
բարեկամանալու
համար
արարողութեան
պէտք
չկայ։
—Ես
անծանօթ,
բայց
ոչ
հրամանքնիդ։
Գիտեմ,
թէ
պատիւ
ունիմ
Տիրան
էֆէնտիի
ներկայութեանը
գտնուելու,
եւ
քանի
մը
օր
է
կը
փափաքէի
յարգանքներս
գալ
մատուցանել
ձեզ,
բայց
զձեզ
առանձին
չէի
տեսներ։
Տիրան
էֆէնտի
ակներեւ
գոհունակութեամբ
թեթեւ
մը
գլուխը
խոնարհեցուց
ու
հարցուց.
—Ու
ե՞ս
որու
ետ
խօսելու
պատիւն
ունիմ
արդեօք։
—Ձեզ
հետ
խօսելու
պատիւն
ունի
Նաւարեան։
—Դո՞ւք
էք ,
դո՞ւք
էք,
ի՜նչ
գեղեցիկ
հանդիպում։
Ու
ձեռքը
երկնցուց
անոր
իբր
մտերիմ
բարեկամի
մը.
—Երկու
տարի
է ,
—
շարունակեց ,
—
շատ
ուշադրութեամբ
կը
հետեւիմ
ձեզ
եւ
կրնաք
հաւատալ,
որ
ինծի
համար
մեծ
հաճոյք
մը
եղած
է
կարդալ
ձեր
գրածները.
երբ
շաբաթ
մը
չէք
գրեր,
կը
զգամ,
թէ
բան
մը
կը
պակսի
ինծի։
Նաւարեան
ակներեւ
կը
շփոթէր
Տիրան
էֆէնտիի
կողմէն
իրեն
շռայլուած
փայփայանքին
համար։
—Ձեր
քաջալերական
խօսքերովը
զիս
երախտապարտ
կ՚ընէք ,
—
ըսաւ։
—Շատ
հաւակնութիւն
պիտի
ըլլար
իմ
կողմէս
յայտարարել,
թէ
ի՛նչ
սքանչացում
ունեցած
եմ
միշտ
ձեր
անբաղդատելի
տաղանդին
եւ
անձին
համար.
հին
ու
նոր
սերունդին
ձեզ
համար
ունեցած
սքանչացմանը
մասնակից
եմ։
Տիրան
էֆէնտի
գլուխը
խոնարհեց,
երիտասարդին
դողդոջուն
շեշտերէն
զգածուած,
լաւ
հասկնալով,
որ
հասարակ
շողոքորթութիւն
մը
չէր
ըրածը,
այլ
խորին
համոզումի
մը
եւ
սրտաբուխ
խանդի
մը
արտայայտութիւնը։
—Ո՜րչափ
գոհ
պիտի
ըլլայ
քեռորդիս,
եթէ
ձեզի
հետ
ծանօթանայ։
Թէեւ
ընդհանրապէս
ֆրանսերէն
կը
կարդայ,
բայց
ձեր
դպրոցին
շնորհիւ
հիմա
կը
սիրէ
հայ
գրականութիւնն
ալ,
եւ
շատ
համակրանքով
կը
կարդայ
միշտ
ձեր
գրածները։
Եթէ
կը
հաճիք
իր
մօտը
երթանք։
Նաւարեան
այս
հրաւէրէն
ինքն
ալ
չէր
գիտեր
ինչո՞ւ
այնքան
գոհ
մնաց.
եւ
անմիջապէս
գլխարկը
ձեռքը՝
յառաջացաւ
Տիրան
էֆէնտիի
հետ։
Մօտեցան
աղջկանը
նստած
տեղը։
—Արուսեակ ,
—
ըսաւ ,
—
կարծեմ
շատ
գոհ
պիտի
մնաս,
եթէ
քեզի
ներկայացնեմ
Նաւարեան
էֆէնտին։
—Քրոջս
որդին՝
Արուսեակ
Սարաթեան։
Գոհունակութիւնը
յայտնի
եղաւ
աղջկանը
դէմքին
վրայ.
ինքն
ալ
առանց
վարանելու
ձեռքը
մեկնեց
երիտասարդին
եւ
ժպտելով
ըսաւ
Տիրան
էֆէնտիի.
—Անշուշտ,
մօրեղբայր ,
Նաւարեան
էֆէնտիի
տաղանդին
համար
մեր
սքանչացումը
յայտնած
ես,
ուստի
ինծի
շատ
բան
մը
թողած
չես
ըսելու։
—Մի՛
վախնար,
սքանչացում
յայտնելու
անսպառ
նիւթ
ունիս,
եւ
վստահ
եմ,
թէ
պահեստդ
միշտ
պիտի
աւելնայ։
Մէկ
ժամ
միասին
անցուցին
իրիկուան
հեշտ
արեւովը.
երեքին
դէմքին
վրայ
ալ
կը
փայլէր
այն
զուարթառատ
գոհունակութիւնը,
զոր
կը
զգան
զարգացած
ազնուահոգի
մտքերը,
երբ
իրար
կը
գտնեն
ու
իրենց
խօսակցութեան
մէջ
կը
զտեն
կեանքի
հիւսուածքին
ամէն
թելերը։
Մեկնելու
ժամանակը
երբ
հասաւ,
Տիրան
էֆէնտի
հրաւիրեց
Նաւարեանը
վերադառնալ
իրենց
նաւակովը։
Ճամփան
խօսեցան
իրենց
կենցաղավարութեան
վրայ։
Տիրան
էֆէնտի
քանի
տարի
է
քրոջը
հետ
Բերայէն
գարնան
Հալքի
կու
գան
եւ
մինչեւ
աշուն
կը
կենան։
Նաւարեան,
որ
Գատըգիւղ
կը
բնակէր,
ամսուան
մը
արձակուրդով
եկած
հաստատուած
էր
Պէլ—Վիւ
պանդոկը.
բայց
կը
յուսար,
թէ
արձակուրդին
լրանալէն
յետոյ
ալ
մինչեւ
աշուն
կղզին
կ՚անցըներ,
առտու
իրիկուն
երթալ
գալով։
Երբ
նաւամատոյց
ելան
ու
իրարմէ
պիտի
բաժնուէին,
թէ՛
Տիրան
էֆէնտի
եւ
թէ՛
Օր.
Արուսեակ
հրաւիրեցին
Նաւարեանը
իր
այցելութեամբը
պատուել
զիրենք
իրենց
տունը։
Ու
միանգամայն
յայտարարեցին,
թէ
ո՛րչափ
գոհ
կը
մնան
միշտ
իր
ընկերակցութիւնը
վայելելով։
Նաւարեան
այն
գիշեր
չէր
կրնար
պանդոկը
մնալ.
երազելու
տենչը
ունէր,
նաւակ
մը
վարձեց
եւ
ժամերով
անլուսնակ
գիշերին
թափառեցաւ
ծովուն
վրայ։