Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Պոլսոյ սակաւաթիւ ընտանիքներէն էին Սարաթեանները, որոնց անունը փնտռելու է ոչ թէ «նոր հարուստ»—ներու, այլ հիներու ոսկետետրին մէջ։ Սարաթօֆէն գաղթած էր ընտանիքին հիմնադիրը. վաճառականութիւնը զաւկէ զաւակ շարունակելով բաւական հարստացած էին։ Օրիորդ Սարաթեանի հայրը, վախճանած տարի մը առաջ, կը թողուր զաւկին ժառանգութիւն մը, որ առանց ամենափայլուն կոչուելու կրնար դասուիլ առաջնակարգ դրամօժիտներու շարքին մէջ։ Փեսացու—ընտրելիները սկսած էին դարպասնին ընել Օր. Սարաթեանի, որ բոլորովին իր սուգին անձնատուր, դեռ մինչեւ քանի մը օր առաջ եւ ոչ իսկ ուշադիր կ՚ըլլար իր շուրջը մղուած մրցումին։
       Բայց, ուշադիր էր Սրբուհի հանըմ՝ մայրը, որ բոլոր մայրերուն պէս, հարուստ թէ աղքատ, ամէնէն սուրբ մտածութիւնը աղջկանը ամուսնութիւնը կու համարէր։ Հօր ու մօր կողմէ ամիրայի զաւակ, ամուսնացած պատուական մարդու մը հետ, այրի տիկին Սարաթեան կատարեալ տիպար մըն էր այն հին հայ կիներուն, որոնք իրենց վեհաշուք ծանրութեամբն ու գորովալիր սրտովը ընտանիքին ու ժողովուրդին պահպանման անխախտելի սիւները եղան։ Բայց ինքն ալ իր նմաններուն պէս անկարող էր ըմբռնել հոգեկան նոր վիճակ մը։ Ինչ որ գոհացուցիչ եղած էր իրեն, մօրը, մեծ մօրը, կը կարծէր, թէ բաւական պէտք է համարուի զաւակին համար ալ։ Աղքատ կամ միջակ դասակարգի հայ մօրը համար մտատիպար ամուսինն այն է, որուն կնոջը «կռնակը տաք, փորը կուշտ » կը մնայ։ Ընդարձակելով տաքութեան եւ կշտութեան սահմանները, կ՚ունենանք հարուստ մօր իտէալ փեսացուն։ Այսպէս էր նաեւ Սրբուհի հանըմ, որ համոզուած էր, թէ հարուստ աղջկան մը երջանիկ ըլլալու առաջին պայմանը հարուստ ամուսին մը ունենալն է։ Բայց խոստովանելու ենք, որ իր գաղափարները սովորականէն քիչ մը աւելի լայն էին։ Հարստութեան հետ ամուսնի մը երիտասարդութիւնը, ընկերային դիրքը, համբաւը, բարոյականը կարեւոր պայմաններ կը համարէր ընտանեկան երջանկութեան համար։
       Սրբուհի հանըմին Ագրիպ էֆէնտիի նկատմամբ ցոյց տուած մասնաւոր յարգանքէն ակներեւ էր, թէ ամէնէն աւելի անոր վրայ համագումարուած կը գտնէր մտատիպար փեսացուի այդ բոլոր յատկութիւնները։ Պարզապէս «էֆէնտի՛ » կ՚անուանէր զայն, առանց անունը տալու. յարգանք մը, զոր միայն եղբօրը, Տիրան էֆէնտիին կ՚ընծայէր։ Հիւրերէն ոչ մէկուն բացի եպիսկոպոսէ այնքան ընդառաջ կ՚երթար սենեակ մտած ատեն, որքան Ագրիպ էֆէնտիի, որուն մեկնած պահուն մինչեւ սենեակին դուռը անոր ընկերանալը իրեն պարտականութիւնը կը համարէր։ Ու սիրայօժար, ժամերով պէզիկ կը խաղային միասին։ Թէ՛ Սրբուհի հանըմ եւ թէ՛ Ագրիպ էֆէնտի առանց խօսք բացած ըլլալու հասկցած էին իրարու միտք ինչպէս երկու սիրահարներ։ Տարակոյս չի կար, թէ երբ Արուսեակին հօրը սուգը վերջանար, առաջարկները պաշտօնապէս պիտի ներկայանային։
       Հալքի Սարաթեանի տունը երբ պրիճի սեղանին շուրջը բոլորուեցան չորսը , եւ Արուսեակ ու Նաւարեան անդին կը խօսակցէին միայնակ, Ագրիպ էֆէնտի անախորժ տպաւորութիւն մը կը զգար, Արուսեակը արդէն իր նշանածը համարելով։ Իր անձին վրայ ունեցած մեծ համարումին շնորհիւ, չէր ներեր ինքզինքին մտքէն իսկ անցընել, թէ գրող մը որ եւ ոչ իսկ «ընկերային դիրք » ունէր, կրնար ո՛ եւ է նշանակութիւն մը ունենալ։ «Նշանածը քիչ մը պատշաճութեան հակառակ կը շարժէր », այսքան միայն։
       Ո՛չ, միայն այսքան չէր։ Չամ—Իլիման երբ Արուսեակ աչքերը մեծատարած ծովուն վրայ յառած կը խորասուզուէր մտածմանց մէջ, այդ րոպէներուն անոր սիրտը քննող մը պիտի զգար, թէ այդ աղջիկը «փորը կուշտ, կռնակը տաք » պահելու իտէալէն շատ վեր կը բարձրանար։
       Այդ սիրտը քննող մը կար, մօրեղբայրը՝ Տիրան էֆէնտի։
       Արուսեակի սրտին ու մտքին վրայ ո՛չ հայրը, ոչ մայրը, ո՛չ ոք եղած էր այնքան ազդեցիկ, որքան Տիրան էֆէնտի։
       Հիմա յիսունի մօտ էր Տիրան էֆէնտի. իր առնական ամբողջ կորովին մէջ թէեւ, բայց կ՚ապրէր գրեթէ առանձնացած կեանքով մը, բնութեան , գիրքերուն ու քրոջն եւ աղջկանը հետ միայն։ Խորտակուած կեանք մըն էր, եւ արդէն խորտակուելու համար ստեղծուած էր։ Իր ազնիւ հոգին, մեծ սիրտը, պատուաճանաչութեան հզօր զգացումը, շատ յաջողակ աջակիցներ չէին հանդիսացած իր բարձր տաղանդին՝ կեանքի մէջ յաջողելու համար։ Երբեմն կը նայէր իր երիտասարդութեան ընկերակիցներուն վրայ ու կը ժպտա՜ր։ Շատ չափաւոր անոնց տաղանդը, բայց շատ աւելի չափաւոր պատուաճանաչութեան զգացումնին, ուստի ո՜րչափ ետ թողած էին զինքը յաջողութեան կրկէսին մէջ հեւիհեւ արշաւանքի ատեն։
       Քսան տարի առաջ կարեվէր խոցուած էր ու ալ չէր բուժուած։ Արտակարգ պարագաներ չէին թոյլատրած իրեն ամուսնանալ այն աղջկան հետ, որուն ծնունդը հայ ընկերութեան մէջ եղերական երեւոյթ մը կը համարուէր։
       Շատ կանուխէն, դեռ դպրոցական տղայ, սիրած էր բանաստեղծները, որոնց ձայնը հզօր արձագանք կը գտնէր սրտին խորը։ Կեանքի մէջ միշտ երազուն մնաց. շատ անգամ վարագոյր մը իր աչքերէն կը քողարկէր իրականութիւնը։ Կարելի է ըսել, թէ այդ վերացական րոպէներուն մէջ միայն իր երջանկութիւնը կը գտնէր, մորֆինահարի մը պէս մոռնալով ինչ որ շուրջն է, եւ անուրջներու աշխարհն ապրելով։
       Իմաստասիրութիւնը ընդլայնած էր իր միտքը. ընդհանուր մարդկային մտքի յառաջադիմութեան հետեւող, միշտ կը խորհէր, կը բաղդատէր, կը քննէր, կ՚ընտրէր։ Որքան որ իր հոգին կը վսեմանար մարդասիրութեամբ, այնքան աւելի համոզուած ամէն ընկերային փտած նախապաշարումներու, ամէն հնամոլ աւանդութեանց, որոնք անհատին երջանկութիւնը կը զոհեն շինծու, եսական, շահախնդիր հաշիւներու, ոսկեզօծելով զանոնք «բարոյականի», «պատուի», «ընկերական պահպանութեան » խարդախեալ նիւթերով։
       Քիչ էին իր բարեկամները, որոնք սրտին սրտակից , հոգինն հոգեկից, մէկտեղ կ՚իմաստասիրէին, կը գրէին, կը քաջալերուէին։ Մահը զանոնք առած տարած էր, ու ինք տարիներէ ի վեր միայն յիշատակներն ու գրքերը բարեկամ ունէր։
       Բայց հասաւ օր մը, որ ցնցուեցաւ. կը տեսնէր ծագումն երիտասարդութեան մը, որուն կազմութեանը վրայ իր միտքը հզօրապէս ներգործած էր։ Ինք քիչ մը ցանած էր հոս ու հոն խորհածները, զգացածները. եւ ահա վկայ կ՚ըլլար գրական իմաստասիրական նոր դպրոցի մը ծնունդին. անոր առաջին թոթովումներուն մէջ կը գուշակէր ապագան։ Ու երբ տեսաւ, թէ այդ երիտասարդութիւնը խորին ակնածանքով կը դաւանի զինքն իր մեծ վարպետը, սփոփուեցաւ։ Իր տրտմութիւնը չփարատեցաւ, բայց զգաց, թէ աշխարհիս վրայ ամէն բան ունայնութիւն չէ։
       Ու շատ տարիներէ ի վեր ա՛լ իր բազմազեղուն սրտին սէրը ամփոփած էր Արուսեակին վրայ։ Կեանքին ամէնէն տխուր ժամերուն մէջ այդ անմեղունակ ժպիտը րոպէ մը կը փարատէր իր թախծութիւնը. կամաց կամաց վարժած էր զբօսնուլ այդ փոքրիկին հետ, որուն շուրջը չարութիւնը դեռ չէր եկած իր ստուերը ձգել։ Ինք սորվեցուց անոր թոթովել իր առաջին խօսքերը. ան ժամանցն էր։ Աղջիկ կը մեծնար, մօրեղբօրը զգացումներն ալ մէկտեղ. քերականը ինք տուաւ անոր ձեռքը եւ հսկեց կրթութեանը սկզբնաւորութեանը ու շարունակութեանը։
       Այդ ընտանիքին անդամները կապուած էին իրարու հետ յարգանքով, սրտակցութեամբ։ Սրբուհի հանըմ պարզապէս կը պաշտէր իր «էֆէնտի եղբայրը », որուն ամէն մէկ խօսքը պատգամներ էին իրեն համար։ Քեռայրը, Սարաթեան էֆէնտին, խորին ակնածանք կը տածէր այդ բարձր ու քաղցրաբարոյ անձնաւորութեան համար, որուն հետ կենակցիլը պատիւ մը կը համարէր իրեն։ Հայր ու մայր շատ ուրախ էին, որ իրենց միակ զաւկին կրթութիւնը Տիրան էֆէնտիի խնամքովը կը տրուէր։ Ինք որոշեց ուսուցիչները, ինք պատրաստեց կրթական ծրագիրը, որուն գործադրութեանը կը հսկէր հոգածութեամբ։ Ու աղջիկը երբ խելահաս եղաւ, մօրեղբայրը իր բոլոր փորձառութեամբը կեանքին բանաստեղծութիւնը եւ իմաստասիրութիւնը իրենց խօսակցութեանը նիւթ կ՚ընէր։ Տարիքին համեմատ ընտրելով կու տար կարդալու գիրքերը, որոնց մէջ բանաստեղծները առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէին։ Իր համոզումն էր, թէ սիրտ մը որչափ աւելի փափկանայ, միտք մը որչափ աւելի նրբանայ, հոգի մը որքան վեր բարձրանայ գետնաքարշ իրականութիւններէն, այնքան աւելի կը մօտենայ երազուած երջանկութեան։ Ու այդ մթնոլորտին մէջ կ՚ուզէր ապրեցնել քեռորդին։
       Ու հիմա, երբ այդ գեղեցիկ աղջկանը հմայիչ դաշնակովը կը զմայլէր, երբ անոր հետ կը հրճուէր մեծ բանաստեղծները կարդալով ու անոնց վրայ խօսելով, երբ միասին կը քննէին կեանքի խնդիրները, Տիրան էֆէնտի ինքնիրեն կ՚ըսէր, թէ աշխարհիս վրայ բան մը ըրած է։ Ու իր սրտակիցը, իր մտերիմը, այն, որ բոլոր իր խեղճ բարեկամներուն տեղը կը բռնէր, Արուսեակն էր։
       Ցաւ մը միայն ունեցած էր. Արուսեակը շատ սիրող չէր հայ գրականութեան, որուն մէջ, կ՚ըսէր, հրաշք է, եթէ պատահի սրտին զարնող բանի մը, մտքին խօսող նոր գաղափարի մը։ Մօրեղբօրը գրածներուն հաւաքածոն զի՜նքը միա՛յն կը կապէր հայ գրականութեան հետ։ Բայց այդ ցաւը ա՛լ չունէր։ Երկու տարիէ ի վեր է Արուսեակ շատ ախորժանքով կը կարդար հայ գրականութեան նոր արտադրութիւնները, որոնք իր «սրտին զարնող բան մը, մտքին խօսող նոր գաղափար մը ունէին»։
       Նոր գրողներուն մէջ մօրեղբօրն ու իրեն համար ամենէն սիրելի անունը Նաւարեանն էր։ Անոր բանաստեղծութեանց մէջ նրբին տրտմութիւն մը կար, որ սրտի ալուցքներէն բղխած կու գար, կը զարնէր սրտերու։ Արձակ գրութեանց մէջ խոհունութիւնը կը միացնէր հեգնութեան, որ մինչեւ անգթութեան սահմանները կրնար հասնիլ։ Իսկ ընկերային իմաստասիրութեան գաղափարները իրենց ծայրայեղ յառաջդիմութեամբ մինչեւ իսկ մտածել կու տային Տիրան էֆէնտիին։
       Այս տպաւորութեանց ներքեւ էր, որ հանդիպեցան Նաւարեանի։