Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԲ
       Արմաշէն վերադարձէն ետքը իրիկուն մը սեղանին վրայ մայր ու տղայ երբ մինակ էին, Հաճի հանըմ ըսաւ.
       —Պետրոս էֆէնտի, գիտե՞ս Արմաշ որո՞ւ հանդիպեցայ։
       —Որո՞ւ։
       Սա ո՛ւր է, չիյտեմ, միտքդ կու գա՞յ, պզտիկ էիր նէ Խասգեղ խայըխճի մը կար, հոգեզաւակ մը ունէր, մարն ալ մեր չամաշրճին էր։
       —Միտքս չի գար։
       Տէր ողորմեայ քի միտքդ չի գար. ինը տասը տարու էիր. ճանըմ ո՞ւր է, օր մը ատ բիճը գրիչը աչքդ նետեց տէ քիչ մնաց պիտի հանէր. լուսահոգի հարդ ալ անխտար բաթըրտը ըրաւ, նշանն ալ տարիներով մնաց. բիճին անունն ալ Մովսէս էր. զէմպիլ ով ժամուն դուռը կախած էին տէ լուսահոգի հարդ ազատեց, ապրեցուց, բարով խերով չընէր վարժապետնիդ ալ Պաղտասարն էր. ան ի՜նչ օր էր լալով պոռալով վրանիս էկար նէ։
       —Էյ ի՞նչ է եղեր։
       —Իշտէ ան բիճին մօրը, տահա ողջ է եղեր, Արմաշ հանդիպեցայ, չխպնեցաւ տէ էլաւ քովս եկաւ, քիթէն մէկը իյնայ նէ տասը փարչայ կ՚ըլլայ։
       —Ինչո՞ւ։
       Ի՞նչ գիտնամ, սրբազաննիդ ալ բէք էրէս տուաւ. սէպէ քի ինծի մարդու տեղ չդրին, պատիւը ատանկներուն է։
       Էյ սէպէ՞պը։
       Բիճը ղազէթաճի է եղեր, խաթր ունի եղեր։
       —Ղազէթաճի՞։
       Հա՛, ճանըմ։
       Ի՞նչ ղազէթաճի։
       Ի՞նչ գիտնամ. Ղատիգեղ կը կենան եղեր. ալ էրկան—բարակ հարցուփորձ չպիտի ընէի եա։ Ամա տեսնելու բան էր. չալըմ մը, թաւուր մը քի։ Իմ չըրածս ինք ըրաւ։ «Էտքէն տեսնող» պիտի չպիտի ըսէի խնդայի պիտի ամա, ան ալ չէ. ի՞նչ է տեսեր քի . վէլհասըլ ղազէթաճիի մը բարչա է տղան։
       Մայրը պատմութիւնը վերջացնելէ ի վեր Ագրիպ էֆէնտի արմունկները սեղանին կրթնցուցած, ճակատը երկու ափերուն մէջ կը մտածէր։ Ինչպէս տեսակ մը մտակորոյս, որուն կը ներկայացնեն իր սիրելին, կը չարչրուի գտնելու համար իր յիշողութիւնը, այնպէս ալ Ագրիպ էֆէնտի իր յիշողութիւնը կ՚ամփոփէր։ Մայրը սեղանէն ելած էր ու ինք նստած սուրճին կը սպասէր։ Կտոր կտոր այդ հին անցեալը կը ջանար քովէքով բերել։ Այն աչքերը, որուն հետքերը չորս ամիսէ ի վեր կը փնտռէր, իրեն այնպէս կու գար, թէ սկսած էր գտնել։ Մտածելով, մտածելով վերակազմեց այն օրուան յիշատակը։ Այո՛, գրիչը չար տղայ մը երեսին նետած էր, տուն վազելը, վարժապետին միւս օրը այդ տղան գրասեղանին վրայէն քաշկռտելով հանելը, ականջներէն բռնելը, իր ու ընկերներուն անոր «բիճ, բիճ» կանչելը, այդ ամէնը սկսաւ կամաց կամաց յիշել, տասը տարուան տղու մը յիշողութեան բոլոր ուժովը։ Ու այդ աչքերուն եւ Հալքի տեսած աչքերուն մէջ նոյնութիւն մը կը գտնէր, կը խաբուէ՞ր արդեօք։ Ա՜խ թէ ճիշդ ըլլար։
       Միւս օրը կանուխ Ագրիպ էֆէնտիի գրագիրը Գատըգիւղ երթալով մխթարին բարեւներ կը տանէր ու մտերմաբար տեղեկութիւններ կը հարցնէր Նաւարեանի մասին։ Ղատիգեղցի՞ էր, դրսէ՞ն եկած էր, ի՞նչ էր. հայրը ո՞վ էր։ Մխթարը քթին տակէն կը խնդար, աղջիկ տալու խնդիր կար, բայց գոհացուցիչ պատասխան մը չունէր։ Նաւարեան քանի մը տարի է Ղատիգեղ եկած էր Օրթագեղէն. վրան բան մը չէր լսուած. լրագիրներուն մէջ անունը ծանօթ է. եւրոպական ընկերութեան մը մէջ ալ պաշտօն ունէր. գիտցածը այսքան էր։
       Գատըգեղէն վերադարձին գրագիրը էֆէնտիին հրամանով կառք մը կը նստէր եւ շունչը Օրթագեղ կ՚առնէր, շիտակ դպրոցը։ Գտաւ դպրոցին կառավարիչը, որ շատ տարիներէ ի վեր պաշտօն կը վարէր, իրեն ալ ծանօթ էր։ Առաւ սրճարան տարաւ, ու հարցուփորձեր ըրաւ, թէ արդեօք Ղատըգեղ նստող Նաւարեանը, որ լրագիրներուն մէջ ալ կը գրէ, Օրթագեղ եղա՞ծ է, դպրոց եկա՞ծ է։
       Տէր ողորմեա՛ քի, Օրթագեղ եկած է, ձեռքս մեծցած է նէ, շիտակը աղէկ ալ տղայ, երախտապարտ, մեզի չի մոռնար։ Հատտա եկաւ նէ Խայըխճեան կը կոչուէր. խեղճին հօրը անունն ալ Գէորգ էր, տասնըեօթը տասնըութը տարի առաջ, աղէկ մը չեմ յիշեր, ծովը խեղդուեցաւ …եանց աղախինը դիմաց անցուցած ատեն։ Խեղճին մարը ինչե՜ր քաշեց. թէքնէին տակը, տախտակ սրբելով մեծցուց տղան, բայց հիմա ալ շատ աղէկ է, վարձատրուած է։ Այստեղ Խայըխճեան չէր ըլլար, բռնեցի Նաւավարեան ըրի, գաղղիացի վարժապետն ալ օր մը լեզուն չէ դարձեր Նաւարեան կարդացեր է անունը։ Անկէ վերջը մնաց Նաւարեան։
       Եւ այս ամենը կը պատմէր խնդալով, իբր հին բարեկամի մը յիշատակը։
       —Կարգելու խնդիր կայ, անանկ չէ՞։ Աղջիկ տուողը շիտակը չի խաբուիր, աղէկ տղայ է։
       —Ո՞ւր տեղացի են։
       —Շիտակ չիյտեմ. Պալաթէ՞ն է, Ֆէնէրէ՞ն է. Յակոբ աղան գիտնալու է։
       Տեսակցութիւնը կը կատարուէր Մխթար Յակոբ աղային գինետունը, ինքն ալ հոն էր։ Կառավարիչը Ագրիպ էֆէնտիի գրագրին հետ գնաց քովը, ծանօթացուց։
       —Հա՛ սա, Մովսէսը, աղէկ գիտեմ, Խասգեղէն եկած էր խեղճին հարը։
       Գրագիրը շնորհակալ ալ ըլլալով մեկնեցաւ։
       Դեռ ատեն կար, Խասգեղ ալ կրնար երթալ։ Էֆենտին զինքը ղրկեց շիտակ աւագերէցին, որ իրենց ալ տան տէրտէրն էր դեռ։
       Ծերունի աւագերէցին յիշողութիւնը տեղն էր։ Այո՛, ժամուն դռնէն կախուած տղան. ծանուցումը ինք ըրած էր. նաւավար մը որդեգրած էր. անունը միտքը չէր գար։
       —Գէո՞րգ։
       Ատանկ ըլլալու է։ Տղուն անունն ալ Մովսէս դրի, Մովսէսի փարաւոնի աղջկան ձեռքով Նեղոսի ջրերէն ազատուած ըլլալուն ի յիշատակ։ Քիւթիւկին մէջ ալ ըստ օրինի արձանագրեցինք «Որդի Եկեղեցւոյ». ինչ ընենք, գտնուած տղայ է, ուրիշ կերպ չըլլար։ Ետքը ելան գացին. ո՞ւր գացի չիյտեմ։— Էյ էֆէնտին նայինք, ինչպէ՞ս է, աղէ՞կ է. Հաճի հանըմսս։ Ես Զատկի, Ծնունդի երբեք չեմ մոռնար, բայց իրենք օր մը թէնէզզիւր չեն ըներ իրենց գեղը գալու։ Ինչ է նէ թող ողջութիւն ըլլայ տէ։— Յատուկ ողջոյններ կ՚ընեմ։
       Ագրիպ էֆէնտի անձկութեամբ կ՚սպասէր. ժամը տասներկուքն էր, երբ գրագիրը եկաւ։ Խասգեղ լսածներն ալ պատմեց։
       Չէ՛, ալ տարակոյս չի կար։ Նաւարեան ու Խասգեղի եկեղեցիին դուռը կախուած բիճը միեւնոյնն էին։
       —Ձեռքէս ազատելիք չունիս, անբարոյական շուն, ըսաւ ինքիրեն. ու գոհ, ուրախ սրտով տուն գնաց։
       Երբ Ագրիպ էֆէնտի կատարելապէս համոզուեցաւ Նաւարեանի ծագման մասին ստացած տեղեկութեանց ստուգութեանը, իր քովը հրաւիրեց խմբագիր մը, որուն Նաւարեանի եւ անոր գաղափարակից գրողներու խմբին դէմ ունեցած ատելութեան չափը քաջածանօթ էր իրեն։ Ամէն բան պատմեց, խնդրելով միայն, որ յօդուածը հրատարակէ այն օրը, երբ ինք իմաց տայ effect—ն աւելի ազդու ընելու համար։
       Այդ յօդուածը չենք արտատպեր, կարճ գաղափար մը տանք։ Յօդուածագիրը գետնէ գետին կը զարնէր «նորելուկ սկեպտեան գրիչները, որոնց մասին մինչեւ հիմա ամենայն միամտութեամբ կը կարծուէր, թէ միայն թեթեւամիտ զօլայականներ են, սակայն անժխտելի ապացոյցներ այժմս կը հաստատեն, թէ յանդուգն շահախնդիրներ են, որք մեր տոհմային աւանդական պարկեշտութեան եւ ընտանեկան սրբութեանց ձեռնամուխ լինել կը ժպրհին, որպէս զի իւրեանց արատաւոր կեանքը վաւերացնելու յաջողին, վասն զի ամենայն իրաւամբ եւ արդարութեամբ պարտին ցմիշտ զրկեալ մնալ մարդկային պարկեշտ ընկերութեան մէջ երեւալու իրաւունքէն»։ Յետոյ կը հարցնէր, թէ ուսկի՞ց կու գան այդ ինքնակոչ մարդասէրները. հա՞յ են, յո՞յն, թէ՞ հրեա՞յ։ Հանելուկը ոչ ոք կրնայ լուծել եւ ոչ իսկ իրենք։ Ու քիչ մը քօղարկեալ, բայց բաւական թափանցիկ բացատրութիւններով կը ներկայացնէր Նաւարեանի կենսագրութիւնը, սեւ գոյներով, հետամուտ ըլլալով անոր Խասգեղ եկեղեցիի դռնէն մինչեւ Գատըգիւղ։ Յօդուածը կը վերջանար բացագանչութեամբ. «Եթէ այդ լրբենիները խառնեն իրենց յիշողութիւնը, հոն պիտի գտնեն անջնջելի տպաւորութիւն մը։ Օր մը Ներսէսեան վարժարանին մէջ ազնուականութեան շառաւիղ մը, որ ի տղայ տիոց անտի պատուոյ սուրբ զգացմամբ վառուած էր, կը վռնտէր զիրենք ընկերակցութենէն «կորիր ապօրէն, գոչելով. հիմա ամբողջ ազգը պիտի գոչէ՝ կորէ՛ք, կորէ՛ք ու ձեր անպատիւ կեանքը մի՛ պարզէք մեր քոյրերուն եւ աղջիկներուն անարատ աչքերուն առջեւ իբր քաջալերիչ օրինակ մը»։