Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ի՞նչ էր հայ բնաշխարհը՝ երբ դեռ հիւրասիրուած չէինք իր վսեմ լեռներուն, բեղնաւոր հովիտներուն մէջ։

Ըստ Ալիշանի՝ դրախտ մ՚էր։․․

Այս մտածութիւնն ինքնին քնարերգութիւն մ՚է։

Բայց նա չուզեր, որ միայն բանաստեղծական ենթադրութիւն մ՚ըլլա այս, այլ գիտական ճշմարտութիւն մը, կրօնական դաւանանք մը՝ որուն հակառակողը՝ Աստուածաշունչի թշնամին համարուի։

Եւ, այս գաղափարով վառուած, պատանեկան հասակի բոլոր ոգեւորութեանը մէջ, Հ․ Ալիշան ձեռք կ՚առնու գրիչը՝ մարդկութեան եւ հայ ազգի սկզբնաւորիլը երգելու համար․ Ադամէն՝ Հայկ, Հայկէն մինչեւ Տիգրան Ա․ որուն հետ կը սկսի ազգային անկախ թագաւորութիւն․ ահաւասիկ Հայաստան նախ քան զՀայաստան։

Հ․ Ալիշանի այս գործը խառնուրդ մ՚է երգի եւ քննութեան, օփէրէթ մը, ինչպես են ընդհանրապէս իր մանր երկեր։ Աւարայրի սոխակն է՝ որ դրախտի մէջ պիտի երգէ։ Հոս է գիտնական Ալիշանը՝ բանաստեղծ Նահապետին հետ, հոս են իրարու քով՝ իր գրիչն ու տաւիղը։ Վերը կը սաւառնի իր հաւատացեալի խորհրդապաշտ հոգին, որու մէջ կը տեսնենք, անուղղակի, բոլոր կախարդանքներն ապագայ աշխարհի մը՝ զոր երբեմն Հայաստանէն անցած կ՛ենթադրէ։

Ո՜հ ինչ նկարչական է այն վայրկենին՝ երբ դրախտի սահմանները պիտի գծէ․ իր գրիչը կը սահի երեւակայական քարտէսի մը վրայ ուր քաղաքներու տեղ ցանուած են լեռներ, լճակներ, անտառներ՝ հրեշտակաց երգերովը սարսռուն։

Ինչ խնամքով կը շարժէ գրիչը, վախնալով մի գուցէ Հայաստանի բլուր մը, բուրաստան մը, առուակ մը, աղբիւրիկ մը՝ սխալմամբ դրախտի սահմանէն դուրս մնայ։

Անզգայ պէտք է ըլլալ՝ յիշելու համար այդ վայրկենին, թէ դրախտի քննութիւնը դադրած է հետաքրքրական ըլլալէ, թէ այդ բանը աւելի Ս․ Գրոց մեկնութեան կը վերաբերի քան հայկական գիտութեան, կամ թէ վերջապէս կորուսեալ դրախտ մը՝ ո՛ եւ է օգուտ չունի մեր ներկայ դրութեան համար։

 

***

Հ․ Ալիշան սոյն գործը սկսած է շատ կանուխ պատանեկան հասակի մէջ, ինչպէս ըսինք։

Հեռի զայն հրատարակելու դիտումէն, անխնամ թողուցած էր իր անտպագրելի գործոց շարքին մէջ։

Զարմանալի չէ ուրեմն՝ եթէ բոլոր հին կարծիքներ կը գտնուին հոս, նորագոյնները կը պակսին։ Ով որ տեսած է անձեւ կմախքները, որոցմէ Արարատի, Սիսուանի, Սիսականի պէս հոյակապ գործեր ելան, պիտի կարենայ գուշակել թէ Ալիշանի սոյն երկը ո՛րքան պիտի գեղեցկանար՝ եթէ իր գրիչը անգամ մ՚ալ անոր վրայէն սահելով՝ նորութիւններով զայն ոսկեզօծէր։

Իր անունը արդէն նուիրական եւ սրբագործուած փառաց հաստատուն կէտի մը վրայ է, եւ ոչ մէկ նոր գործ պիտի կարենայ այդ փառքը նուազեցնել կամ աճեցնել։

Եւ սակայն, նոյնիսկ այս գործին մէջ, կը գտնուին այնպիսի հմտական հատուածներ, որոնց նմանը հազիւ թէ կարելի ըլլայ այլուր գտնել։ Համեմատուին, օրինակ իմն, այն գլուխներն, յորում ազգաց բաժանման  եւ հայ ազգի ծագման վրայ կը խօսուի․ այնքան ճոխ, մանրակրկիտ, հմտակուռ մատենախօսութիւն մը պիտի գտնուի հոն՝ որուն նմանը Հայոց ծագման վրայ խօսող բանասիրական ոչ մէկ գործ ունի թերեւս։

Գիտնական մը, այդ ցուցմունքներէն առաջնորդուած, աւելցնելով անոնց վրայ քննադատական դժուարահաճ ոգի, պիտի կարենայ այդ խնդրի աստիճանաբար զարգացման խորագոյն ուսումնասիրութիւնը գրել։

Ուրեմն այս երկը, Հ․ Ալիշանի հոգեբանութիւնը ամբողջացուցած ժամանակ, եթէ ոչ նոր՝ գոնէ թաղուած գանձեր պիտի յայտնէ գիտնոց։ Եւ գովելի է յոյժ Մեծապ․ ԳՐԻԳՈՐ ԱՂԱ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ ազգասէրն՝ որ պատճառ եղավ անոր հրատարակուելուն, ինչպէս նաեւ հայկական երախտագիտութիւնը՝ որ իր մեծ ջահին ամենէն աղօտ նշոյլն ալ կը պահանջէ մեզմէ։