Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա

Դ.
ՋՐՀԵՂԵՂ ՏԱՊԱՆՆ - ՆՈՅ

 

      Երկրագունտս յորմէ հետէ արձըկեցաւ յարարչէն յանհուն տարածութեան եթերաց, անդադար փոփոխութեան կամ յեղանակելու մէջ է․ թէ ուրիշ եթերական մարմնոց ազդեցութիւնք եւ թէ իւր սեփական տարերքն՝ զինքն բաղադրեն եւ լուծանեն, շինեն եւ քակեն․ թէպէտ այս փոփոխութիւնքս իբրեւ ոչինչ մի են բաղդատութեամբ մեզի անծանօթ իրաց որ բոլոր հաստատութեան մէջ կ՚ըլլան, բայց մեզի որ բնակիմք յերկրի եւ տկար զօրութիւն մը ունիմք ճանչնալու եւ դիտելու զեղեալս ի նմա, մեծամեծ երեւոյթներ են անոնք, զոր քիչ անգամ մէկէն կու ճանչնամք եւ շատ հեղ պետք ունիմք երկայն տարիներու եւ դարերու իսկ քննութեանց։ Ամենէն զգալի եւ զարմանալի փոփոխութիւն կ՚երեւի մեզի ջրոյն եւ ցամաքին իրարու ազդեցութիւնն կամ կռիւը, իրարու բաժին գրաւելն, որ եւ ընդարձակ նշաններ թողուն ի վերայ երկրի․ այս նշանաց, եւս առաւել յեղափոխութեանց՝ մեծագոյն ի յիշատակս եւ ի զարմանս մարդկան է համաշխարհական ՋՐՀԵՂԵՂՆ։

      Բանախոյզք կու հարցընեն թէ յիրաւի՛ համաշխարհակա՞ն էր Ջրհեղեղն Նոյեան, թէ մանական, որպէս եգիպտական եւ յունական Ջրհեղեղքն․ թէ եւ մեր նպատակէն դուրս են այդպիսի քննութիւնք, սակայն մէկ երկու բան ըսել հարկաւոր ճանաչեմք․ եւ նախ համաշխարհական ըսելով կ՚իմանամք գրեթէ ամենայն հին ազգաց մէջ աւանդութիւն, ի Հայոց մինչեւ յամերիկա եւ ի կղզիս Ովկիանու, որք կ՚ընդունին թէ ի հնագոյն ժամանակս մեծ ողողումն ջրոց եղեր է ի վերայ ամենայն երկրի․ երկրորդ, Ս․ Գրոց եւ հնագոյն պատմչաց աւանդութիւնք ալ ընդհանուր երկրի ողողումն կու նշանակեն․ երրորդ երկրաբանական զանազան նշանք ալ ընդհանրութիւն մը ցուցընեն․ չորրորդ թէ եւ մասնական եղած ըլլար նոյական ջրհեղեղն, երկրիս այն մասին մէջն էր Հայաստան, մեր աշխարհն ալ ողողուած է ի ջուրց որ զհին մարդկան սերունդն եւ զբնակութիւնս ջնջեցին, եւ այսէ մեր պատմութեան համար կարեւոր գիտելիքն, որ եւ այնքան ընդունելի է օտարաց եւ օտարամտաց անգամ, մինչեւ ոմն զջրհեղեղն չընդունելով ջրհեղեղ՝ դեռ կարծէ որիբր այլաբանօրէն իմն նշանակէ Սկիւթացւոց արշաւանք մը ի Հայաստան։

Ջրհեղեղն տիեզերական կանոնաւոր օրինաց արգասիք մը չթր, այլ արտականոն յեղափոխութիւն մը երկրի աստուածային կամօք, առ ի ջնջել յերեսաց նորա զամենայն մարդիկ եւ զյիշատակս նոցա․ յորոց միայն տուն մը կամ ազգատոհմ մը միայն պիտի ապրէր՝ նորէն զերկիր մարդաբնակ ընելու համար․ եւ էր այս տանս տէրն Նոյ տասներորդ յԱդամայ, Քսիսաւթրոս Քաղդէացւոց, ըստ յունական արտաբերութեան, որ ի հարկէ ի բնականէն փոխուած է․ Նոյ, իւր կինն, երեք արու զաւակքն եւ անոնց կանայքն միայն զերծան ի ջրհեղեղէն, ըստ Ս․ Գրոց հաւաստի պատմութեան, աշխարհածանօթ տապանաւն՝ որ էր մեծատարած [1] նաւ մը եռայարկ, յորում ապաստանեցան ցամաքային կենդանիք եւ թռչունք։ Դիպուածէն 100 կամ 120 տարի առաջ հռչակեցաւ ջրողող պատուհասն, որ ոմանց, իբրեւ զրոյց եւ սնոտի կարծիք սեպուէր, ոմանց հաւաստի գուշակութիւն եւ սակաւք կամ ոչ ոք անկէց օգուտ քաղեց։ Թէ եւ ընդհանուր բնակեալ երկրի վերայ տարածած էր ջրհեղեղին համբաւն այլ ի հարկէ աւելի հոն ուր կ՚ենթադրուէր եւ բնավայր մարդկութեան․ եւ անշուշտ այս միջոցն էր մեր Հայոց աշխարհն եւ հաւանօրէն հոն ալ էր բնակութիւն Նոյի եւ տեղի շինութեան Տապանին, զոր ոմանք ինչուան ի Փռիւգիա կու տանին եւ Քաղդէացիք ի կողմանս Բաբելոնի [2] ։ Եթէ հեռու ալ էր բնակութիւնն գոնէ, ըստ աւանդութեան, եկաւ հոն Ադամայ եւ Եւայի ոսկորները հետն առնուլ ի տապանն։ Ըստ եօթանասնից ժամանակագրութեան յամի աշխարհի մարդկութեան 2242, եւ հաւանօրէն նոր տումարի ապրիլի վերջն [3] մտաւ Նոյ ի տապանն իր ընտանեօք որոց հետ կ՚աւանդեն ոմանք ի մերոցս թէ էր նաեւ ճարտարապետ տապանին Սնաւտիս [4] իր ընտանեօք, նաեւ Նոյի աղջիկն, եւ ուրիշ մերձաւոր անձինք, որք հաւատացին քարոզութեան Նոյի։ Յետ եօթն աւուրց ի 6 մայիսի, սկսաւ ջրոց ողողումն թէ երկնատեղեաց անձրեւօք եւ թէ անդնդաբուխ ողաղանօք, որք 40 օր անդադար բղխելով լցին զձորս եւ զդաշտս եւ բարձրացան քան զլերինս 15 կանգուն [5] ջնջելով զամենայն ցամաքաբնակ կենդանիս, եւ առաւել զմարդիկ, եւ զանուանեալ հսկայս յաւիտենից, ամենայն հասակ եւ կերպարան եւ կեանք միօրինակ թուլատարր ալեաց յորդութեամբ եւ ծփանօքն ծաւալեցան երկրի եւ երկնից մէջ բռնող աշխարհակալ բնութեան վերայ․ մարդկութիւն քան զայս մեծ կամ նման հարուած չէր եւ չէ ընդունած երբեք 150 օր պատժեալ եւ լլկեալ մնաց երկիր ջրեղէն ծանր ծածկութին տակ․ յորոց վերայ տապանն տատանեալ երթայր եւ գայր կրելով զապագայ յոյս նորա զսերմն մարդկութեան։ Յետ 5 ամսոց յ՚3 հոկտ․ հողմն (հարաւաշունչ) սկսաւ ջրերը ծեծել եւ ցածցընել․ եւ յետ 10 աւուրց (13 հոկտ․) ջուրք բաւական քաշուած ըլլալով՝ տապանն նսաաւ Հայոց աշխարհիս բարձր լերանց մէկուն վերայ, որք դեռ ջրով պատած էին, եւ զի տապանն 30 կանգուն էր բարձրութեամբ յայտ է թէ քանի մը կանգուն միայն տապանն մխեալ էր ի ջուր․ բայց ինչուան որ լերանց գլուխք ի ջրէն դուրս ելան դեռ երեք ամիս ալ անցաւ․ ասել է որ ջրերն խիստ կամաց կ՚իջնային, կամ տապանակիր լեռն անհամեմատ բարձր էր քան զայլս, զորոյ գլուխն չէին կարող տեսնել որք ի տապանին, այլ ի 15 յունուարի տեսան մերձագոյն բարձր բարձր երկրի կատարներն, իբրեւ խեղդած կարծեալ երկրի կենդանութեան նշան։ Եւ յետ 40 աւուրց (24 փետր․) բացաւ Նոյ զպատուհան տապանին, եւ երկրիս վերայ ողորման մեծամեծ նշանները տեսնալով ուզեց իմանալ թէ ո՞ր աստիճանի ցամքած է․ եւ արձակեց ագռաւ [6] մը, որ երթալով գալով վերջապէս իր ոտից դադար մը գտաւ․ բայց Նոյ չապահովելով աղաւնի մ՚ալ արձակեց՝ որ ամենեւին իր մաքուր բնութեան յարմար տեղ մը չի գտնելով՝ մէկէն առ տապանն դարձաւ եւ Նոյ ձեռքը երկընցուց եւ ներս առաւ։ Եւ այն օրէն ի վեր ագռաւն եւ աղաւնին խորհրդական բաներ եղան մանաւանդ քրիստոնեական եկեղեցւոյ մէջ։ Յետ 7 աւուր (3 մարտ) դարձեալ արձակեց զաղաւնին որ բաւական պտըտելու տեղ գտաւ բայց ոչ գիշերօթի, եւ դարձաւ իրիկուն իր խնամողին ընծայիկ մի բերելով զշիւղ ձիթենւոյ, որ եղաւ այնուհետեւ նշանակ հաշտութեան․ իսկ երբ երրորդ անգամ արձակեցաւ հեզաթեւիկ, երկիր թռչնոց համար բաւականապէս ցամքեր եւ տաքցեր էր․ աղաւնին իր ընկերին սպասեց եւ ալ չդարձաւ ի տապանն, իմացուեցաւ որ բաւական ցամքեր եւ պատրաստեր է երկիր ի նորէն հիւրընկալութիւն մարդկան։ Յառաջնում աւուր տարեգլխին եւ գարնանամտին (21 մարտ) քակեց բացաւ Նոյ զձեղուն տապանին, եւ դեռ երկու ամսի չափ մէջը մնալով՝ կը դիտէր օրէ օր երկրիս ցամաքիլը եւ բուսական կենօք զարդարիլը․ մինչեւ արեւն զօրացաւ, գարունը տիրեց, եւ ի 16 մայիսի իր ընտանեօքն ելաւ երկրորդ անգամ կոխելու զերկիր, զերկիր նորոգեալ։

      Եթէ նախկին նահապետաց երկիրն ի Հայս ըլլալուն վերայ կար տարակոյս առ ոմանս, վասն իջման տապանին կամ Նոյի ի Հայս՝ ոչ նոյնպէս [7] վասն զի Ս․ Գիրք եւ հնագոյն պատմիչք արեւելեայց (Բերոսոս Աբիւղենոս) յայտնապէս ասեն թէ Նոյ նաւեց եւ ինջաւ ի լերինս Հայոց, միայն լերանց անուան եւ գրից վերայ է վէճ եւ տարակոյս․ վասն զի զորԵբրայական բնագիրն կոչէ Այրարատայ լերինս, ասորւոց եւ քաղդէից թարգմանութիւնն Կորդուաց լերինք ասեն․ եւ ի Ս․ Հարց, որպէս եւ ի մերոցս, ոմանք յայս կարծիս են եւ ոմանք յայն․ կէսք Արարատ անուամբ զաշխարհն Հայոց կ՚իմանանկամ զմասն մի եւ կէսք բուն լերանց անունը կամ մասնաւոր լեռմը յորոց վերայ նստաւ տապանն, եւ յայս կարծիս են այժմ մեր ազգին հետ գրեաթէ ամենայն մերձակայ արեւելեան ժողովուրդք եւ շատք յեւրոպական դիանոց, որք հայկական լերանց արարատեան պարն, եւ ի մասնաւորի զբարձրագագաթ Մասիս ցուցանեն եւ պատուեն իբրեւ հանգիստ տապանին եւ Նոյի, եւ Պարսք, Նոյայ լեառն իսկ անուանեն զայն [8] եւ իբրեւ այնպիսի սրբազան տեղի պատուեն ի հին ժամանակաց հետէ։ Սակայն մեր հարաւային դրացի ժողովուրդք քրիստոնեայք եւ հեթանոսք, որպէս եւ շատք ի Ս․ Հարց Նախնեաց [9] Կորդուաց լերանց կ՚ընծայեն տապանին ասպնջականութեան պատիւն, եւ շատք զանոնք ալ Արարատեան լերանց անուամբ իմանան․ եւ որովհետեւ Կորդուաց լերինք առաւել քան զայրարատեանս բազմահռչակ եւ բազմակոյտ են, եւ վասն այսորիկ ի թուրքաց Պարմագ տաղ կոչին ոմանք Ճիւատի լերանց վերայ սեպեն իջած զտապանն, որ թերեւս էր ըստ Հայոց կոչեցեալ Սարատաղ [10] որ ըստ Խորօնեցւոյ է կոչեցեալն Ասորւոց Սողոփի յարեւմտակողմն Կորդուաց եւ Տիգրիսի մօտ, եւ որոյ ստորոտը աւանդեն շինեալ զԹըմնիս կամ Թէմանիմ քաղաք որ նշանակէ Ութից կամ Ութոնից տեղի բնակութեան, իջելոցն ի տապանէն եւ որոյ քրիստոնէական յիշատակք թերեւս հնագոյն են քան զԱկոռւոյ մասեաց Եպիփան Լուպար կամ Լուվար կոչէ զտապանակիր լեառնն Արարադայ զոր եւ ասէ ի մէջ Հայոց եւ Կորդուաց։ Իսկ հին հեթանոս պատմիչ մը ոչ զԱրարադ եւ ոչ զԿորդուս յիշէ, այլ ի վերայ քան զՄինիաս գաւառ կամ աշխարհ զՊարիս կամ Բարիս լեառն Հայոց, այլ ոմն Ոկիլա կոչէ․ ոմն՝ Կերոն եւ ոմն Կուադրատ իբր քառակուսի թերեւս բրգաձեւ․ եւ շատք առանց յատուկ անուան միայն լերինք Հայոց [11] ։

      Ըստ նախնեաց ոմանց տապանն յարեւելից կողմանէ սահեալ եկաւ ի լեառն հանգստեանն ի հայս որպէս եւ Խորօնեցի մերյիշէ յաշխարհագրութեանն [12] նոյն դարձեալ եւ վասն Ասորոց ասէ աւանդել թէ ի նուազել ջուրցն եւ ի հասանել տապանին ի գլուխսարարադայ (Սողոփի) սղոցաձուկն մէջ անցնելով արգիլեց եւ հոն դադրեցուց զտապանն։ Աւելի անհեթեթ զրուցեն Սընճարայ հեթանոս բնակիչք թէ տապանն անցնելու ատեն զարնուեր է ի Սնճար լեառն եւ ծակոտեր, իսկ օձն հնարագէտ՝ խոստացեր է առ Նոյ խցել զլծակն եթէ խոստանայ կերակրելզինքն արեամբ․ եւ ի հաւանել Նոյի, կլորելով խրեր մտեր եւ ծածկեր է զծակն․ բայց Նոյ հրամանաւ Աստուծոյ սպաններ զնա եւ այրեր եւ զմոխիրն ցնդեր, ուստի գոյանան միջտաք եւ զեռունք, զորս պաշտեն հեթանոսքդ ցուրտ առասպելաբանք։ Մեր ազգայինզրուցաց մէջ ալ յիշուի տապանին հանդիպելն առ Գրգուռ լեառն յեզրդաշտին Մշոյ եւ աղաչել զնա ասելով

Գրգուռ, առ զիս․

Եւ նորա պտասխանեալ առ տապանն թէ

Գընա՛ ի Մասիս

Զի բարձր է քան զիս։

      Անտարակոյս է որ առ հին նախնիս մեր շատ եւ շատ աւանդութիւնք է զրոյցք կային այսպիսիք, զոր քրիստոնէութիւնն լռեցուց․ յորոց մի է անշուշտ եւ Վրաց պատմութեան մէջ յիշեալն այլաբանօրէն վասն ջրհեղեղին, թէ ընդ մէջ Քաղդէացւոց Թրուջան աստուծոյն եւ արամազդայ (որ է արամազդ ըստ Հայոց) պատերազմ եւ թշնամութիւն կար․ եւ արամազդ յաղթող գտուելով ջրախեղդ ըրաւ զԹրուջան։

      Այսչափ կարծեաց եւ զրուցուածոց միաբանութիւնն այսէ նախ՝ թէ տապանն եւ Նոյ իջան Հայոց երկիրը բարձր լերան մը վերայ․ եւ երկրորդ որ այս լեռն կա՛մ հիմակու հռչակեալ Այրարատայ պարուն մէջ էր եւ կամ ի Կորդուացն [13] ։

      Այս երկուքէն մէկն անտարակոյս ըսելու համար պէտք էր Այրարատ անուան միտքն եւսահմանն լաւ ճանչնալ․ որ շատ դժար է, եւ անուան ստուգաբանութիւնն ալ շատ կերպ մեկնութեամբ եւ պատճառօք դեռ անստոյգ կու մնայ․ եւ մեր հնախօս պատմչին (Խորօնեցւոյ) աւանդութիւնն այլ թէ Արայի մահուանէն կամ ընկած դաշտէն առուած է Այրարատ կամ Արարադ անունն՝ հաւանական չերեւիր մեզ, թէ եւ չեմք այլ դիտել ի՞նչ մտօք ստուգաբանէր զայն պատմիչն, Արայի արատ իմանալով, իբր թէ Արայի վիրավորելու, վնասուելու տեղն, թէ արաբիկ Րէտ բառէն իբր վանումն Արայի․ (դժար էր Հայոց այս անունը ընդունիլը)։ Աւելի նուազ ընդունելի են եբրայական ստուգաբանութիւնն Անէծք-սասաման, եւ կամ լաւ եւս լերանց լերինք, շատ տարակուսական Հուր-արտա [14] անուանն ընթերցումն ի բեւեռաքանդակ արձանս, աստուածային հուր՝ իբր նշանակելով հրաբուխ․ եւ հաճոյագոյն է մեզ Արեաց երկիր թարգմանութիւնն, ըստ արիական լեզուաց կամ Բարձր երկիր ըստ սեմական լեզուաց [15] ։ Հրէական բնագիրն այս անունը ի գործ ածէ, որ է ասել Մովսէս, 1600 տարի յառաջ քան զՔրիստոս, եւ իբր 3 կամ 400 տարի յետ արայի․ թուի մեզ թէ եւ Արայի կենդանութեան ատենն ալ կայր այս անունս, եւ այսպէս անուանէր Հայաստան, գէթ ի հարաւաբնակ ազանց, մասնաւորապէս ի հեղինակաց աստուածաշունչ գրոց, յորս Հայաստան կամ Արմենիա ամենեւին չի յիշուիր, այլ Արարատ՝ զնոյն իմանալով։

      Բայց եւ սահման Արարատ անուան եւ լերանցն անորոշ եւ ընդարձակ է․ ըստ ազգային ստոյգ աշխարհագրութեան եւ պատմութեանց բնիկն Այրարատ՝ գաւառ մ՚է ամփոփ, կամ դաշտ մը սահմանաւոր Երասխայ հիւսիսագոյն օժանդակներովը ոռոգեալ եւ Արայի լերն ոլորտը․ յորմէ եւ զանունն առնուլն հաւանագոյն է մեզի [16] անոր պէս՝ աւելի կամ պակաս ընդարձակ 20գաւառք ալ անոր չորոդին մէկտեղ մէկ նահանգ կամ աշխարհ մը ձեւացուցած՝ Այրարատ կոչուին, որ Հայոց թագաւորին սեփական կալուածն էր, եւ իբր կենդրոն թագաւորութեանն այս գաւառներուն մէկն է Մասեացսան, յորում է Մասիս մը որ է բարձրագոյն գագաթն Այրարատեան լերանց, եւ ոչ սակաւ հեռի ի բնիկ Այրարատ գաւառէ, վասն զի մէկն Երասխայ մէկ կողմն է միւսն մէկ այլ կողմը․ եւ սակայն երկուքն ալ Այրարատ կ՚ըսուին․ եւ այս ոչ այնքան յԱյրարատ նահանգին մէջ ըլլալնուն համար, որքան Այրարատայ տէրութեան մէջ, այսինքն Հայոց թագաւորութեան սահմանին կամ երկրին․ տէրութիւնն եւ անունն հաւանօրէն ըստ մտաց կամ հեղինակաց Ս․ Գրոց ընդարձակէր մինչեւ ի սահմանածայրս տէրութեանն որով որ է լեառն Հայոց կրնար ըսուիլ լեառն Այրարատայ (երկրի) եւ ահա այսպէս կ՚անուանէ Եսայի մարգարէն այլ Սիմ լեռները Աղձնեաց յոր փախան որդիք Սենեքերիմայ ապաւինելով ի Հայս։ Ապա ուրեմն Կորդուաց լերինքն ալ կրնային ըսուիլ լերինք Արարադայ՝ եթէ Արարատեան թագաւորութեան տակն ըլլային, որպէս եւ էին իսկ շատ անգամ, բայց ոչ միշտ․ եւ վասն այնորիկ ընդ 15 աշխարհս Հայոց Մեծաց համարին եւ Կորճայք, յորում են գաւառք եւ լերինք Կորդուաց։

      Քաղդէացիք եւ Ասորիք անլեռն անբարձր երկրի մէջ բնակած, բնական էր որ իրենց սահմանակից ամէնէն մօտ եւ բարձր լեռը համարէին տապանահանգիստ, եւ զարմանք չէ որ Ս․ Գրոց երկիւղած թարգմանիչք ալ Կորդուաց լերինք անուանն փոխանակ Արարատայ վասն զի փոխադարձօրէն, ինչպէս որ Արարատայ անունը անսահման եւ ընդարձակ առնուած է Կորդուաց անունն եւ սահմանն այլ անյայտ եւ ընդարձակ է, եւ ինչուան յարեւմտեան Մեծ հայոց սահմանածայրն ալ Կորդուաց գաւառ կու յիշուի, (ընդ մէջ Երզնկայ եւ Դերջանայ)․ եթէ Կովկասայինք իրաւապարծութիւն մը ունէին իրենց Էլպրուզը վասն բարձրութեանն (որով առաւելու քան զՄասիս [17] ) տապանակիր սեպելու, այսպէս կրնային մեր հարաւային դրացիք ալ այնպիսի մը բնտռել Կորճայից լերանց մէջ, որոնք դեռ չափեալ չեն եւ ինչուան 15000 բարձր կատարք կարծուին, թէ ոչ եւ աւելի եւս։ Ուրեմն անաչառապէս խօսելով դրական եւ աներկբայ փաստ մը չունիմք զՄասիս համարելու բուն տապանակիր լեառն, եւ ոչ բաւական հաստատութիւն մը կրնան ընծայել տեղական աւանդութիւնք կամ ստուգաբանութիւնք, ինչպէս են այն հասարակօրէն ծաւալեալ զրոյցքն եւ անուանք Նախիջեւանի եւ Արկուռոյ․ առաջինովն իմանալով այն տեղն ուր նոյ նախ իջաւ ի տապանէն եւ բնակութիւն հաստատեց, եւ այսպիսի տեղ մը կար ի Հայս, ըստ վկայութեան Յովսեպոսի պատմչի, զոր եւ յունական բառով արովադերիոն կ՚անուանէ եւ կու թարգմանի ստուգապէս Յետ չրոց եւ ազգային աւանդութիւն հիմայ կու ճանաչէ զայն ի Նախիջեւան [18] քաղաք հին, ուր եւ հին աղիւսակերտ կիսաւեր շինուածք մը Նոյի գերեզման անուանէ․ որ է թուրք աթաբէկաց ժամանակի շինուած կամ գերեզման․ քաղաքն ալ Յովսեպոսի յիշած տեղն չի կրնար ըլլալ, վասն զի, նախ անմիջապէս Մասեաց լերանց մօտ չէ, եւ երկրորդ որ քաղաքին բուն անունն ըստ հնագոյն հեղինակաց մերոց ոչ է Նախ-իջեւան, այլ Նախճաւան, իբր Աւան Նախճոյ։ Նոյնպէս երկրորդ անունն ալ Արկուռի, իբր թէ Նոյի ուռ այսինքն որթ տնկած տեղը՝ բռնազբօսեալ եւ անհիմն է․ վասն զի տեղւոյն բուն անունն է Ակոռի, յորմէ թերեւս հիմկու այլազգական լերան անունն ալ Աղըր տաղը։ Աւելի ստուգաբանական մերձաւորութիւն ունի ուրիշ անուն մը, զոր ազգային աւանդութիւնն մոռացեր է, եւ է Գինոյ բլուրն եւ Գինեգոյն գետն որ յԱկոուոյ կ՚ելլայ, եւ յիշուի յառաջ քան զԱկոռի։ Քանի որ այս գեղս շէն էր (յառաջ քան զկործանումն ի 1840) իրմէ վեր լերան վերայ տափ մը կու ցուցուէր իբրեւ տեղի այգեաց Նոյի, եւ դեռ այգի մշակուէր հոն ի յիշատակ զինեհնար նահապետին․ ինչպէս որ Ս․ Յակոբայ վանքն ալ քիչ մ՚աւելի վեր ուրիշ յիշատակմը կու պահէէր տապանին, այսինքն Ս․ Յակոբայ Մծնբայ հայրապետին ի Դ դարու ուղեւորութիւնն դէպի լեռն վեր առ ի գիւտ Նոյեան տապանին։ Սակայն այդ երկուքն եւ այլ ասոնց նմանիքն ոչ աւելի քան զաւանդութիւն եւ զզրոյցս ստուգութիւն ունին․ եւ այդպիսի  զրոյցք կրնան գտուիլ կամ տրուիլ ուրիշ բարձր լերանց այլ, առանց մէկուն վերայ ստուգուելու․ եւ թերեւս ինչպէս դրախտին տեղն աւերած եւ փոխուած է եւ չի կրնար նշան մը գտուիլ, բաց ի չորից գետոց աղբիւրներէն, այսպէս տապանին լեռն ալ փոխեալ եւ աննշան եղած ըլլայ երկրաշարժ զօրութեամբք։ Մասիս՝ որ աւելի քան զամենայն լերինս հաւանականութիւն ունի՝ դեռ նոր (1840) սասանութեամբ մը՝ փլաւ մասամբ, եւ հնագոյն փլածոյ եւ պատառման անխաբ նշան ունի կողին վերայ մղոնաչափ հերձուածը, որ եւ կարծէր յիշեալ ի Խորօնեցւոյն․ (Ա․Լ․) սակայն մեր պատմահօր յիշեալն ուրիշ լեռ մ՚է մօտագոյն ի Նաիջեւան Մեծ կոչեցեալ, որպէս թուի վասն մեծութեանն եւ բարձրութեանն, որ եւ հնագոյն բազմաշրջիկ աշխարհագրաց վկայութեամբ ահագին երկրաշարժէ մը փլած էր, այսպէս մասամբ ընկած, եւ Երասխայ ընթացքը փոխած դէպ ի հարաւ, որուն նշանը հիմայ ստուգեն երկրազնին գիտունք․ այս լեռն որ Առանայ լերանց մէկն է եւ գափուձքղ կ՚ըսուի հիմայ, արդեօք պատմութեան առաջին եւ անյիշատակ դարերուն մէջ քան զՄասիս վեհագոյն եւ հսկայակերպ չէ՞ր ամբառնար, մինչեւ մեծ կոչուիլ ի լերինս․ եւ եթէ առաջին անփուլ հասակաւն մնացեալ ըլլար ցայսօր, արդեօք բոլոր Մասեաց ջրհեղեղեան աւանդութիւններն իր վերայ պիտի չգտնէի՞նք աւելի հաստատութեամբ մը վասն Նախիջեւանի մերձաւորութեան։ Եւ եթէ բարձրն Մասիս յառաջ իսկ քն զմեր քրիստոնէական աւանդութիւնս ի հեթանոս նախնեաց մերոց դիւցազնական առասպելապաշտութեամբք եւ պանծանօք պսակեալ էր, որպէս յայտ առնեն դէպք Արտաւազդայ ի սկիզբն Բ դարու, այդ վկայէ միայն թէ Մեծլերին փլածն հնագոյն է քան զառասպելս եւ զպատիւ Մասեաց, որ կրնայ ժառանգած ըլլալ զայն ի Մեծէն, որպէս կրնար եւ յետ այսորիկ ուրիշ լեռ մը ժառանգել ի Մասեաց, եթէ 1840ին փոխան քիչ մը փլածին՝ քանի մը հազար ոտք վար իջնէր գագաթն եւ քան զՍիփան, զՃիւտի եւ զՃեափուր լերինս ցածագոյն երեւար, եւ քանի մը երկայն ղար անցնելով մոռցուէր իր հիմկու եզական եւ աննման բարձրութիւնն․ անշուշտ այն ժամանակին բարձրագոյն լեռն՝ պիտի ցուցուէր իբրու տապանակիր։ Զարմանանք եթէ եւ յայժմու վիճակին Կորդուաց լեռներն այս պարծանքը կ՚ուզեն յափշտակել, մինչդեռ ասոնց բարձրութեան չափը չեմք գիտել․ եւ ինչուան որ այս չի ստուգուի՝ պետք չէ մասեաց վերայ յամառիլ ըստ բարձրութեան յարմարութեանն․ իսկ ըստ այլ պատճառաց, որպէս եւ նախ ըսինք, Կորդուաց լերինք ալ հաւասար աւանդութիւններ եւ փաստեր ունին․ եւ մեզիիսկ (որ զանոնք այլ հաւասարապէս կու ճանչնամք ի Հայաստան) ասոնք յարմարագոյն կ՚երեւան թէ ոչ տապանին՝ գոնէ Նոյայ բնակութեանն քան թէ Մասիքն։

        Եւ նախ յովսեպոս, որ Նախիջեվանի առաւջին զրոյցն աւանդած է, տապանին լեռը եւ մնացորդքը կու յիշէ Ադիաբեն նահանգին մէջ որ Կորդուաց հարաւակողմն է։ Հոն յիշուի Թմանիմ քաղաքն ութից յառաջ քան զշինութիւն Ակոռւոյ եկեղեցւոյն եւ Ս․ յակոբայ վանացն․ Նոյնպէս եւ քրիստոնէից եկեղեցին, եւ Քիպորա այսինքն տապանին վանքն, ի Ե դարու․ ուր եւ սկիզբն Է դարու ասեն եկաւ Հերակլ կայսր, եւ քիչ մը վերջը Իճատ-պեն-ղանէմ առաջին զօրավար Արաբաց եկաւ պատուելոյ զմնացորդս տապանին, զոր եւ Էօմէր ամիրապետ ժողովել տուաւ եւ շինել մզկիթ մի ի Գզիրէ․ եւ յամին 766 եկեղեցի տապանին շանթահար այրեցաւ։ Տապանիլերին դիմացը, որ մօտ ի Գզիրէ վկայի, կայր Նահրեվան գիւղն այսպէս անուանեալ յիշատակաւ Նոյեանց, որ մեր Նախիջեւանի կու համեմատի, եւ մինչեւ հիմայ ընդ մէջ Գզիրայ եւ Զախուի կայ Նահրեփան գիւղ քաղդէաբնակ։ Ինչուան անցեալ գարուն վերջերը անգղիացի ճանապարհորդ [19] մը տեսաւ ի Թմանիմ տապանին մզկիթը, զոր կանթեղավառութեամբ պատուէին մահմետականք ուրբաթ օրեր․ եւ այս դարուս սկիզբը տեղացի Քուրդ պէկից մէկն պատմեց Ռիչ ուղեւորի թէ ինքնին ելեր է լերան գագաթն եւ տեսեր տապանին մնացորդներէն հին փայտեր ոտնաչափ երկայն գամերով։

      Որչափ այլ անստոյգ ըլլան զրոյցքս ցուցանեն աւելի քան զՄասիս պահել զյիշատակ եւ զկարծիս տապանին [20] ։ Այլ հաւանագոյն փաստ է մեզի Նոյեանց բնակութիւնն յայս կողմանս, վկայութեամբ մերոց իսկ պատմչաց, որպէս քիչ մը վերջը տեսնանք։ Իսկ Արարատ անուան համար ալ փաստ միընծայէ վրաց պատմութիւնն, որ սահմանածայր Թորգոմայ ի հարաւոյ կողմանէ դնէ զՕՐԷԹ լեառն յերկրին Քրդաց հանէպ Մարաց, որով մարթ է իմանալ զմերս Զարասպ անջրպետ Կորճայից եւ Պարսկահայոց, զորս եւ Յոյնք պարսիկ անուամբ կոչէին Քուարրաս, իբր Քուհ-ի-ատեր (լերինք հրոյ)։

      Սակայն մի կարծեր (ուշիմ ընթերցող) թէ մեր ազնիւեւ բարձր Մասեաց շնորհքն եւ ազգային համարմունքն կ՚ուզեմ նուազեցընել եւ ջնջել Քիւրտիստանու անծանօք լեռ մը քան զածխարհածանօթ Այրարատին գագան ի վեր մղելով։ Մասիս եւ հայրենի պատմական սրբազնութիւն մը ստացեալ է, զոր այսուհետեւ ժամանակն չէ կարող ջնջել եւ այնքան հին է իր պարծն՝ որքան իր գագաթն ընդ մէջ Կովկասեան եւ Տաւրոսեան պարուց լերանց․ եւ չեմք գիտեր թէ ջրհեղեղեան յիշատակքն եթէ Հայկազանց դիւցական կարծիքն հնագոյն են իր յիշատակարանաց մէջ․ հին պատմչաց եւ Հարց առանց անուանմիայն Հայոց լեռ ըսելովն այս խնդիրս անստոյգ մնայ․ թէ եւ մեր հնագոյն հարց եւ պատմչաց կարծիքն այլ Մասեաց մօտ չէ, ոչ Լուսաւորիչ, որ պատմէր ազգին զդէպս ջրհեղեղին, ոչ Ագաթանգեղ ու յիշէ զՄասիս, եւ ոչ իսկ ոսկի դարուն գրիչք Խորօնեցի եւ Եղիշէ, եւ թէ եւ յետինս վկայէ յԱյրարատեան լերինս Հայոց լինել, բայց եւ այնպէս չասեր Մասիս․ իսկ Բուզանդ ի պատմութեան Ս․ Յակոբայ Մծբ․ Սարարագ կոչելով զլեռն՝ նոյնպէս ի Կորդուս դնէ․ հին պատմիչ [21] վարուց Սրբոյն ի յիշել զխնդիր փայտից տապանին՝ ծանուցանէ զի տարակոյս կայր վասն լերինն եւ ոմանք զԿորդուացն ասէին, ոմանք զՄասեաց, բայց յիշէ զի կոյր ի սմա աղբիւր եւ եկեղեցի յանուն Ս․ Յակոբայ [22], եւ մինչեւ ցայսօր ժամանակի ասելով՝ ցուցանէ զի հնուց շինեալ էր, նորագոյն պատմիչք համարձակ զՍարարագն կամ զլեառն ելից Սրբոյն՝ Մասիս կոչեն։ Ս․ Յակոբայ վանաց եւ Ակոուոյ եկեղեցւոյն շինութիւնն յԱնաստասայ կաթողիկոսէ 1200 տարուան հնութիւն ունի, եւ որովհետեւ հիւրանոց ալ շինեց հոն, յայտ է որ անկէ առաջ այլ ոչ թէ միայն յաշխարհի մերում հռչակեալ էր, այլ իյոյժ հեռաւոր աշխարհս, յորոց եւ յուխտ գային [23], եւ աւանդէին թէ դեռ տապանն կամ մեծ մասն մի կայր ի լերինն․ մանաւանդ ի ԺԴ դարու յաւուրս աշխարհակալութեան Թաթարաց առաջին ճանապարհորդք արեւմտահայք սկսան համբաւել զայս յԵւրոպա եւ շարժել ի հետաքննութիւն զթափառասէրս [24], յորոց նշանաւոր ճանաչի Ադրիւյս հոլանտացի որ յամին 1670 պատմէ ելեալ յԱյրարատեան լեառնն եօթնօրեայ ճանապարհաւ (5 փարսախ ելլալով յաւուր), եւ հոն գտանէ ճգնաւոր մի Հռոմայեցի Դոմինիկոս Աղեքսանդր, որ 25 տարիէ վեր բնակէր ի քարայրի, եւ մտեր էր ի տապանն եւ ամբողջ գտեր զայն, որոյ փայտէն խաչ մ՚ալ տուաւ հրաշապատում ճանապարհորդին։ Յաջորդ դարուն սկիզբը (1702) անուանի բուսաբան ճանապարհորդ Դուռնըֆոր ելաւ ի Մասիս, բայց ոչ մինչ ի գագաթն, վասն որոյ եւ տապանէն տեղեկութիւն չի տար, այլ մեծ պատառածին եզերքը ճամբայ մը գտաւ՝ ուսկից սեպէ իջած զՆոյ եւ զընտանիսն։ Քանի մը տարի վերջ (1720) Մեծն Պետորս Ռուսաց ինքնակալ մարդիկ ղրկեց՝ որ ելան, փնտռեցին եւ բան չի գտան ի տապանէն, որպէս եւ ոչ յետին ելլողք յայսմ դարուս, երեւելին Բառոդ եւ որք յետ նորա երկրաբանք, որ պէսպէս քննութիւն ըրին եւ չափեցին զլեռն․ այլ տապանին հետք մ՚ալ չի գտան, որ թէ մնացեալ ըլլար՝ բազմադարեան եւ կէս մղոնաչափ բարձր սառանց տակ ծածկեալ պիտի ըլլար։

      Ոչ այնքան այս նշանք եւ աւանդութիւնք եւ երեւոյթք առ հաւատացողս, որքան սքանչելի եւ կեդրոնական դիրքն Արարաատեան Մասեաց եւ քիչ ընդհատ միւս բարձր Լերանց Հայոց՝ յորս կարծիք տապանին, հիմկու հմտագոյն աշխարհագիտաց [25] միտքն եւ զարմանքն գրաւեն, եւ աստուածային խնամոց ընտրութեան յարմարագոյն մարդասփիւռ կէտ ճանաչեն զայն՝ քան զբարձրաբերձ լերինս Հնդկաց եւ Դիպեթաց։ Այրարատեան Մասիք Հայոց Մեծաց կենդրոնն է, եւ իր զանգուածովն բոլոր հին աշխարհին կեդրոն ծանրութեան ծանուցեալ․ Այրարատեան աշխարհն ալ բազմապատիկ տեսութեամբք կայ ի կեդրոնի բնական եւ քաղաքական երկրիս․ հոն աշխարհի երկարագոյն գծին որի Պէհրինայ մինչիմգլուխ Բարեյուսոյ՝ միջավայր է Այրարատ․ Ատլանդականէն Խաղաղական ովկիանոսին ծովուց միջոցն է Այրարատ․ Իսլանտիոյ որ ի Հ․ Մ․ ծայր Եւրոպիոյ եւ Հնդկաց հարաւագոյն ծայրին միջավայրն է Այրարատ․ Ափրիկիոյ Սենեկալի սահմանէն սկսեալ անապատաց որ յ Արաբիոյ կ՚անցնին յԱսիա եւ մինչեւ ի Փէքին ձգուին՝ միջատեղն է Այրարատ․ Ճիպրալդարէն մինչեւ ի Պայքալ տարածեալ ճահճաց միջատեղն գտուի Այրարատ, իբրեւ ովասիս մեծի ծովու ցամաքելոյ եւ ցամաքաց լճացելոց․ Կովկասեան եւ Հնդկագերման ցեղից, Մողոլեան եւ Եթովպական ցեղից միջասահմանն է Այրարատ․ եւ բարձրութեամբ երկրին առաւելեալ քան զմերձաւոր շրջակայ աշխարհս, յորս իջուցանէ տասնիւ չափ չափաւոր մեծութեամբ գետեր, կլիմայիւն ընդ ազնուագոյն աշխարհաց դասակից (թէ եւ հիմայ քան զնոսա ցրտագոյն), մարդկային քաջահնար միտք իսկ չեն կարող լաւագոյն տեղ մը ցուցանել յերկրագնտիս ի սփիւռ եւ ի ծաւալումն մարդկութեան յետ ջրհեղեղին։

      Այսպիսի բարէդէպ տեղւոյ մը գագաթ իջուց Նախախնամութիւնն երկրորդ մարդկութեան նահապետը իր պատսպարան նաւովն եւ ընտանեօք․ եւ այնպիսի բարձր կէտէ բարձրագոյն եւ հրաշախառն տեսութեամ ցոյց տուաւ երկրիս շուրջ ոլորտը՝ ուր իր սերունդքը բազմանալով պիտի ծաւալէին, ինչպէս այն բոլորածիր եւ մի ըստ միոջէ հեռաձիգ ծիրքն ալեաց որ լայնաբաց հեռանային ի լեռնէն յիջանել եւ ի նստել տապանին հոն։

      Առաջին գործ երկրորդն եւ հմտագոյն Ադամայ յելանելն ի փրկաւետ արգելանէն՝ եղաւ դաւանութիւն եւ պաշտօն անզուգական երախտեաց Արարչին որ առ ինքն եւ առ տուն իւր, որոյ հրամանաւ մտաւ եւ ելաւ ի միակ ճշմարիտ ոլորտապատ նաւէն․ եւ հազիւ կոխելով՝ այն նոր ցամքած բարձր նաւահանգիստը [26], սեղան մը կանգնեց Աստուծոյ, եւ իր խնամօք տարի մը սնած սուրբ չորքոտանի եւ թեւաւոր կենդանիներէն ողջակէզ պատարագ հանեց, իր ընտանեօքը սեղանին չորս բոլորը առած ընդ շնորհակալեաց՝ մաղթելով ի Տեառնէ գթութիւն ի վերայ ապագայ զարմին եւ խնայել յայնպիսի ահագին բարկութենէն, եթէ դարձեալ երբեք յանցաւոր գտուի սխալոտ մարդկութիւնն։ Պատմութեանց եւ մանաւանդ Ս․ Գրոց մէջ քանի մը սիրալի պատարագք կամ զոհք յիշուին որպէս Աբելին, Աբրահամուն, Ահարոնի եւ Սողոմոնի, եւ այլն, բայց Նոյայ պատարագն ամենէն վսեմագոյն եւ բազմադէմ եւ աննման կ՚երեւայ մեզ․ սեղանն 15-6000՛, բարձր լերան մը ոտրատափ որ երկրիս համաշխարհական վտանգին ազատութեան առաջին նշան եղաւ․ զոհն ամենայն ցամաքային կենդանեաց ազնուագոյն տեսակներէն ընտրուած, քահանայն 600 տարուան ծերունի մը որ միակ վկայ է 2000․տարուան մարդկութեան յիշատակաց, զոր ջնջեցին անդնդոց եւ երկնիցհեղեղքն․ այն հին աշխարհին եւ նորասկիզբն աշխարհի մէջ իբրեւ կենդանի ներկայ մը կեցած, աւելի քան զանծանօթ ապագայն որոյ սկիզբն պիտի ըլլայ, կու մտածէ զանցեալն որոյ կատարածն եղաւ․ եւ անոր վրայ 600 անգամ արեւուն շրջանը դիտող աչքերն կու ծածկին արտասուօք երբ Այրարատեան լերանց չորս դին տարածուած հովիտներն եւ դաշտերն կու դիտէ, որ երբեմն հսկայից շինութեամբ եւ բնակարանօք լցեալ, հիմայ անոնց յղփացեալ մարմնոց նշխարօքն, տեղ տեղ դիզուած անշարժ ոսկերոտեաւն միայն կու յայտնին, թէ այդ անհուն անշունչ անապատ երկիրն երբեմն մարդկան եւ կենդանեաց անդրանիկն կրելով ոգեւորել էր․ կանգնեալ ընդ մէջ աշխարհի մեռելոյ եւ նորածին աշխարհի, մէկուն քաւութիւն՝ մէկայլին բարգաւաճումն կու խնդրէ իր ջերմեռանդագին ընտանեօքն․ որոց յօժար ունկնդիր Բարձրեալն՝ երկիցս եւ երիցս խոստմամբ, օրհնութեամբ եւ պատուիրօք հրամայէ նոցա աճումն եւ բարգաւաճումն, սերիլ, լնուլ զերկիր աւելի քան զառաջինն, եւ իշխել ամենայն անբան բնութեանց․ չունենալով այնուհետեւ կասկած եւ երկիւղ նորէն համաշխարհական ջրհեղեղի մը, եւ յառհաւատչեայ խոստման իւրոյ եւ յուսոյ մարդկան, քաջալերելով ասէ Աստուած․ «Զաղեղն իմ եղից յամպս, եւ եղիցի ի նշանակ յաւիտենական ուխտին ընդ իս եւ ընդ ամենայն երկիր։ Եւ եղիցի ի գումարել ինձ զամպս ի վերայ երկրի, երեւեսցի աղեղն իմ յամպս, եւ յիշեցից զուխտ իմ ․․․ եւ ոչ եւս եղիցի ջրհեղեղ ի սատակել զամենայն մարմին»։ Անձրեւն միշտ իբրեւ տկար յիշատակ մի կ՚ընծայէ ջրհեղեղի․ ծիրանի գօտին այլ նորոգէ անոր վախէն փրկութիւնն եւ Աստուծոյ խոստումն․ անոնցմէ հաստատ եւ հզօր նշան դաշանց Աստուծոյ եւ մարդկան՝ ուխտից արձան՝ լեառնն արարատեան ընդ մէջ երկնից եւ երկրի կոթողեալ՝ կայ եւ մնայ ի վկայութիւն անցեալ եւ ներկայ աշխարհաց, եւ ի յիշատակ մեծագոյն անցից մարդկութեան եւ երկրի [27] ։

      Այս ուխտից լերան վրայ մեծ նորութիւն կամ փոփոխութիւն մ՚ալ հաստատեցաւ մարդկան բարոյական եւ բնական կենաց․ հրամայեց բնութեան հաստիչն որ անբան կենդանիք ոչ միայն ծառայ ըլլան մարդկան՝ այլ եւ սնունդ․ որպէս անոնք զիրար ուտէին, մարդ ալ կարենայ ուտել զմիս անասնոց։ Այս դիպուածն միայն իբրեւ մեր հայրենեաց երկրին վրայ հանդիպեալ յիշեմք, իսկ խորհրդածելն այս ծանր նիւթոյն վրայ թողումք ընդհանուր մարդկային տնտեսութիւնը քննող իմաստասիրաց։



[1]       Շատ մեկնութիւնք եւ հաշիւք կան չափու տապանին, որ էր 300 կանգուն երկայն, 50 լայն՝ եւ 3) բարձր. արդ կանգունս այս, ըստ ոմանց է եգիպտական կանգուն. որով երկայնքն է 512' իտալական, 85' լայն, 51 բարձր. եւ բովանդակէ 42413 տակառաչափ, ընդարձակագոյն քան զՍ. Պետրոս տաճար Հռովմայ։ 

[2]       Թովմ. Արծ. «Ոմանք ասեն ի Լաւոդիկիա Փռիգացուոց շինեալ տապանին , որ յերից մաuանց երկրի ասիական կոչի կողմ, եւ յոյժ անհաւաստի են ասացեալն. քանզի սուրբ Նահապետացն տասանց՝ բնաւ ոչ երբեք ումեք երեւի ասել է միջերկրայս ունէր բնակութիւն, այլ ի հրամանէ Աստուծոյ՝ յանդիման դրախտին բնակելով». Թովմ. Արծ. Ա դպր. Ա Գլ. 27 էջ . Պետերսբուրգ, 1887)։ 

         Խոր. Աշխարհգ. «Կիւդոս (քաղաք Փռիւգիոյ) այսինքն տեղի տապանին Նոյի շինելոյ, եթէ առասպել է, եւ եթէ ճշմարիտ՝ ոչ գիտեմ»: Այսինքն Քիվոդոս ըստ Յունաց, գաւաթ ըստ մեզ: Աս յիշատակս վաւերացնեն Ապամիա Փոիւգիոյ քաղաքի հին կայսերական դրամքն, որոց վրայ տապանին պատկերը դրոշմեալ է։

[3]       Ս. Գիրք ասէ ի ԺԷ (ըստ մերումս ԻԷ) աւուր Բ ամսոյն ցսկիզբն ջրհեղեղի. ոմանք զամիսս իմանան Նոյի կենաց եւ ծնունդի օրէն հաշուելով . այլք Հրէից տարին, բայց ոմանք զքաղաքականն եւ ոմանք զսրբազանն. մեք կարծեմք զյետինս, այսինքն զսրբազանն որ սկսանի ի գարնայնի հասարակօրէին, ի 21 մարտի. ըստ նոր տօմ. որով մուտք Նոյի ի տապան լինի ի 27 ապրիլի. ըստ այսմ՝ հաշուեմք եւ զայլ աւուրս դիպաց ջրհեղեղին, որ ի թարգմանութեան մերում՝ տեւեաց ամ մի ամբողջ, իսկ ըստ այլոց եւ ըստ մեզ 10 օր աւելի, այսինքն 375 օր մինչեւ յելս ի տապանէն։ Յայսմաւուրք յ17 մայիսի ասեն զսկիզբն Ջրհեղեղիս»։ 

[4]       Վասն Անաւդեայ աւանդէ ոմն ի մերոցս՝ թէ յաւարտել զշինութիւն տապանին՝ ի քուն մտաւ, եւ երբ արթնցաւ՝ արդէն ջուրն սկսեր էր ծածկել զերկիր՝ եւ տապանն հեռացեր. բարձր լերան մը վրայ ելաւ՝ եւ հոն խեղդեցաւ․ եւ երբ Նոյ արձկեց զագռաւն՝ Անաւդեայ դիակն գտնելով՝ սկսաւ ուտել եւ չդարձաւ ի տապանն

[5]       Վարդան առ Հեթում. «ԺԵ կանգուն ջրոյն բարձրանալն քան զբուն լեառն բարձր, պատճառն այն էր զի հսկայքն այնչափ էին, զի ծածկեսցէ զնոսա»:

[6]       Աբիւդենոս 3 օր վերջը ասէ արձակել զագռաւն

[7]       Թէպէտ եւ դարձեալ տարախոհք ոմանք ինչուան ի Սկանտինաւիա, ի Հնդիկս, ի Չինս եւ նաեւ յԱմերիկ իջուցեր են տապանն» իսկ մօտագոյն տեղերէ կ'անուանեն ոմանք զԵլպրուզ ի Կովկաս կամ   ուրիշ լեռմը, զUնճար Ասորւոց, Կելենիս ի Փռիւգիա, Պոնտական լեռներ, Ճանեաց աշխարհ, եւ այլն

[8]       ՅԱրարատ (Մասիս) ասեն Եղիշէ, Կալմէթ, Ս. Հերոնիմոս, Փիլսոտորգ Գ. ԽԸ

         Յայսմ, Արեգ. «Նստաւ տապանն ի լերինն Արարատայ որ է Աւագ Մասիս. եւ այն գովութիւն եւ պարծանք է ազգիս Հայոց եւ աշխարհիս մերոյ։ Եւ ոչ միայն տապան այլ եւ Բ գետքն, Տիգրիս եւ Եփրատէս»:

         Թոմ. Արծ. «Տապանն յարեւելեայն ի միջոց աշխարհի, հանգեաւ ի Լերինս Կորդուաց»։ 

         Հօն պատշաճ. «Նոյ, որոյ ասացաւ, Սա հանգուսցէ զմեզ պատարագաւն որ արար ի սեղանն զոր շինեաց ի լեառնն Կորդուաց»։ 

[9]       Բազմավէպ, Բերոսոս, Յովսեպոս։ Ոմանք զՆպատ լեառն համարեցան յանուն Նոյի իբր Նոյապատ կոչած․ եւ այլք զնոյն Լուպար յիշեալ յԵպիփանէ. ըստ այսմ Նոյի Նախիջեւանն այլ կրնայ յարմարիլ Նաւկայ գեղչ, որ չէ շատ հեռի ի Նպատայ։

[10]     Եղիշէ Մեկն ծննդ. «Արարատու լեառն ոմանք զԿորդուացն ասեն»։ Այս սուրբ վարդապետս զանազանութիւն մ'ալ կ՚ընէ. «Գոյ եւ ի Պաղեստինեայ եւ ի Դամիրս Արարատ, այլ մերս Արարաթ լսի». Սիբիլլական մատեանն ի Փռիւգիա համարի զԱրարատ. եւ կարծի Մոնտանոսի Փռիւգացւոյ հերեսիովտապետի հնարեալ զՍիբիլլական տաղսդ գէթ զԱ եւ զԲ երգսն: Սարարադ ասեն Բուզանդ, Կիւրեղ ի մեկն ծննդ. Բարսղի Հարցման, Խորօնեցի ի պտմ. Հռիփս

         Տպագրական սխալմամբ Հ. Ալիշանի բնագրին մէջ Սարատաղ անլուր անունը դրուած է, որ պիտի ըլլայ Սարարադ։ 

         Նորայր Բուզանդացի շատ հանճարեղ կարծիք մը յայտնած է այն մասին, կ’ըսէ նա թէ փոխանակ Ս. Գրոց հայ թարգմանութեան մէջ՝ «ի լերինս Արարատայ» կարդալու՝ պէտք է ընթեռնուլ՝ ի լերին Սարարատայ», զոր Բուզանդ յիշատակած է (յէջ 22, 24) Ծ. Հրտ

[11]     Տես Եպիփան. Հերետկ. Ա. ա. 4 եւ 5 եւ Նիկ. Դամասկացի։ Կեդրենոս, Բուզանդացի պատմիչը յետ սա տարտամ բացատրութիւնն ընելու «--» (Անդ, յէջ 20)․ յէջ 21 կ'ըսէ. « Նոյ տնկեց այգի ի լեառն Լուրան Հայաստանի», «--»։ 

         Կ'երեւի թէ կամի Կեդրենոս Եպիփանէն առած է, կամ՝ այսպիսի աւանդութիւն մ'ալ կը գտնուէր հնոց քով, թէ եւ դժուարին է Հայաստանի մէջ Լուրան անուամբ լեռ գտնել։  Ծ․ Հրտ․ 

         Մինիաս այս՝ ըստ ոմանց է Մանաւազեան երկիրն, ըստ լատին թարգմանութեան Սուրբ Գրոց. Պարիսն՝ ըստ ոմանց Վարսալ Բագրեւանդայ, ըստ այլոց Պասիս ընթեռնլի, լծորդ Մասեաց։ Ոմանք ըստ յունին վարիս «նաւ» թարգմանեն, եւ ոմանք կարծեն «բարձր»։ Ս. Ամբրոսիոս՝ կոչէ «Կուադրատ», Փրեկուլմին, Պոգաձշիդ՝ «Ոկիլա», Յովսեփոս «Կերոն» յԱդիաբեն, Արատոս, Յհ. Ոսկեբերան, Աբիւդենոս՝ պարզապէս «լերինք Հայոց»

[12]     Խոր. Աշխարհ. « Զոր եւ Կոստանդիանոս Անտիոքացի ի քրիստոնէական տեղագրութեան ասէ յաղագս տապանին անցանելոյ յարեւելեան երկրէն առ մեզ ի մէջ կոյս»։ (Աշխարհացոյց, յէջ 589, տպ. 1865)։ 

[13]     Այս խնդիրներուն վրայ ընդարձակօրէն գրած է Սիմոն Վէպէր գերմանացին Հանդէս Ամսօրեայ 1901։ 

         Թոփչեան նոյն գրութեան համառօտութիւնն ըրաւ Նոր Դարի մէջ, 1901, 152 4:

         Միսքճեան Վ. 1901ի «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ մանրամասն ուսումնասիրեց թէ որ լերան վրայ իջած էր Նոյայ տապանը։ 

         Murad գերմանացին առանձին գործ մը նուիրեց սոյն խնդրին (որ թարգմանեցաւ նաեւ ի Բազմավէպ Հանդիսարանի, 1902), հետագայ խորագրով. «Ararat und Masis», Heidelberg, 1901։ 

         Հ. Ալիշան կ’ըսէ. «Այսչափ կարծեաց եւ զրուցաց միաբանութիւնն այս է նախ թէ տապանն եւ Նոյ իջան Հայոց երկիրը բարձր լերան մը վրայ, եւ երկրորդ որ այս լեռն կամ հիմակու հռչակեալ Արարատայ պարուն մէջ էր եւ կամ՝ ի Կորդուացն»։ 

         Անհրաժեշտ չէ այս երկուքէն մէկը ընդունիլ, որովհետեւ երրորդ մեկնութիւն մ'ալ կայ. Արարատ բառը հոս լեռ յատկանշելու տեղ, կրնայ աշխարհ մը նշանակել․ եւ «ի լերինս Արարատայ» կարող ենք հասկնալ ի լերինս Ուրարտուի։- Դիտենք թէ Ուրարտուի կեդրոն էր Վանը․ Գրգուռ լերան աւանդութիւնը, այսպիսի մեկնութիւն մը չ’ակնարկեր, եւ դիտմամբ գործած չե՞ն այն Սուրբ Հայերը որ պարզապէս «Ի լերինս Հայոց» կը դնէին։— Ընդհանրապէս այժմ Արարատ բառը այսպէս կը մեկնուի։  Ծ. Հրատ

[14]     Աննիոս ստուգաբանէ (Արարատ) յԵրասխայ, իբր Արաքսատ: Նիպուհր 416 զԱհուրաատրա ասէ ձայնափոխութեամբ եղեալ Արարատ։ Տես զկնի վասն անուանց Հայաստանի

[15]     Առաջին երկիր բնակութեան մարդկան զոր Զանդիկք կոչէին Էրմէնէ - վէճոյ, առ նախնի Հնդիկս ի սանսկրիտ կոչէր Արիա-Վարդդա եւ նշանակէր Արեաց երկիրը։ (Ուիլսըն)։

[16]     Թէ եւ չեմ կրնար ստուգել Րատ կամ Արատ կոչումն

         Հ. Բարսեղ Վ. Սարգիսեան հմտալից յօդուածի մը մէջ որուն վերնագիրն է Տեսութիւն Մարիբասեան աւանդութեան ըստ Մովսիսի Խորենացւոյ (Բազմավէպ 1882, էջ 54, 111, 224, 308 դարձեալ 1883 յէջ 35, 123, 220, 315), Րատ մասնկի նշանակութիւնը գտած ըլլալ կարծէ։

         «Արարատ բառն ընդհանուր առմամբ՝ եբրայական եւ ասորի լեզուաց մէջ անեծք, անէծք սասանման եւ կամ լոյս ընթացողի կը նշանակէ։ Սակայն եթէ վերլուծելու ըլլանք՝ երեք մասն կ’ունենանք, եւ անոր արմատականն է Ար (Ar). որ լեռ կը նշանակէ՝ ճիշդ նշանակութեամբ, ա (a) միացուցիչ է այն արմատականին ընդ րատ (râd կամ râdha) մասնկան, որ արիական լեզուի աւելի կը վերաբերի, քան եբրայականի, եւ տուող կամ՝ տէր կը նշանակէ, հետեւաբար Ար-ա-րատ կը նշանակէ լեառն Տեառն։ (Բզմ. 1883, էջ 133)։ 

         Նոյնը կ’ըսէ

         « Իսկ ըստ հայերէն կազմութեան լուծելով յԱրարատ բառն, անոր արմատականն կ’ըլլայ Արա, հայ նահապետի մը յատուկ անուն, եւ վերջնական մասնիկն րատ, որ արիական լեզուաց մէջ՝ ինչպէս շատ, պատ, այնպէս ալ այս մասնիկն տեղ, բնակութիւն, արարք, եւ դաշտ կը նշանակէ»։ 

         Այս ամէն ստուգաբանութիւնները այնքան հաւանական չեն երեւիր, քանի որ Արարատ պարզապէս Ուրարտուի այլաձեւումն է: Այս վերջինին վերլուծումը միայն՝ կարող է գոհացուցիչ ըլլալ։ Արդեօք Ուր–արտու անուան մէջ իրենց Արդ–ինի չաստուածոյն անունը կարող չե՞նք տեսնել (հետեւաբար Ուրարդու = Երկիր Արդ–ինիի) ինչպէս որ Հաշտիս չաստուած ալ՝ Խալդի–ացիք անունը յառաջ բերեր էր Ծ. Հրտ

[17]     Մասեաց բարձրութիւն հաւանական փաստ մ’ալ է տապանին ընկալուչ ըլալու, բայց ոչ թէ բոլոր երկրիս բարձրագոյն կէտն էր, այլ եւ ոչ շրջակայ աշխարհաց մէջ բարձրագոյնն. վասն զի Ելպրուզ աւելի քան զ1000 բարձր է քան զՄասիս, եւ Տէմաւէնտ այլ աւելի քան զԵլպրուզ։ 

[18]     Cloviյo ճանապարհորդ յամին 1404, Գալմարին կոչէ զառաջին քաղաքն բնակութեանն, մերձ յԱրարատ, փոխանակ Նախիջեւանու, loհ. Aventinus, Գիրք Ա․ գլ․ Գ. 8-9. Subsidentibus deinde aquis paulatim, navis ipsa recubuit in vertice Gordei montis Majoris Armeniae. Siccatoque orbe egressus Noas (ita enim ille vocabatur) Deo sacrificavit et litavit. Urbem inde Sagalbinam cujus Ptolomaeus quoque meminit (juxta Araxim amnem Majoris Armeniae) condit, ubi cum filiis habitare caepit.... Cum itaque Armenia oppleta esset hominibus, anno 101° id quod et Moses tradit si diligentius consulueris, (hoe anno Peleg natus est Hebro) posteaquam genus humanum in Armenia riparatum fuit, divisit ipse Noas terram, servatis antiquis nominibus (uti anto diluvium fuerat aquarum) in partes tres, Asiam eto

         Decimo deinde anno roversas in Armeniam Tuisconis (quem in Armenia genuerat) posteros adoptat, omnem haud dubie Italiae orbisque potiundi. Ipsum inde ex Armonia in Europam mittere costituit et parat. Quicquid intra Rhenum et Tanaim amnes continentus, eidem adsignat. Authores rerum Germaniam vocant et

[19]     Այդ անգղիացի ճանապարհորդն էր Sullivan։

[20]     Դեռ նոր ատեններս այլ (1861) տեղացի շէյխ մը պատմեց որ ամենուն ծանօթ է հոն լեռը, եւ ամէն տարի ջրհեղեղի տօնայիշատակը կը կատարեն

[21]     Ժամանակն անյայտ, այլ թուի ոչ յետ քան զ'Է դար

[22]     Ի վարս Հարանց յիշի ծեր ոմն բնակեալ յաղբերն Ս. Յակոբայ, այլ զի յիշէ նա զՄաքենոց վանս որ յԸ դարու շինեալ ապա չէ շատ հին:

[23]     Ֆրոթմուտ Փրանկ վասն սպանութեանց ի թագաւորութեան Լոթարիոսէ եւ ի Պապէն Բենեդ. Գ. ստիպեցաւ յուխտաշրջութիւն, եւ յետ Պաղեստինեայ եկն եւ ի Հայս յուխտ տապանակիր լերինն յամին 855–7:

[24]     Երանելին Ոդերիկոս Փրանկիսկեան ի սկիզբն ԺԴ դարու անցանելով Արարատայ քովէն փափագէր ելանել ի քնին տապանին, այլ ոչ թողին ընկերակիցքն անելանելի ասելով զլեառնն։ 

         Մանտըվիլ ի նոյն դարու, ասէ մինչեւ այն ատեն երեւար տապան. ի պայծառութեան օդոց, եւ բազումք ասէին երթեալ եւ մտեալ ի նմա. բայց սչ հաւատայ վասն սառնապատ բարձրութեան լերինն

[25]     Րայմէր՝ Պաղեստին. Րիդգեր:

[26]     Վարդապետ ոմն մեր ասէ, վասն Նոյի ասացեալ. «Սա հանգուսցէ զմեզ պատարագաւն որ արար ի սեղանն զոր շինեաց ի լեառն Կորդուացն»: Այլ ոմն. «Նոյ օրհնեցաւ իւր որդւովքն ի լեառն Մասեաց, աստուածային բերանովն»:

[27]     Ոչ միայն սեղան մը այլ եւ տաճար մը շինեցին Նոյեանք, ըստ Մեթոտիոսի, հոն, «հեռի իշխանութենէ իւրեանց մնացելոց ի ջրոյն»: Թուի իմանալ հեռի յերկրէն ուր բնակէին յառաջ քան զջրհեղեղն