Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Զ. ՔՆՆԱԴԱՏԸ

/135/ Նման գլուխ մը, գործին համար մարդու մը, որ դատելը կամաւոր հաշիւներու հանդէս մը ըրաւ, պիտի չարդարանար անշուշտ, եթէ երբեք ծաւալ, կարծիքներ, տեսութիւն ու արժեկշիռ չըլլային ինքնին յատկանշական է։ Իբրեւ ծաւալ՝ « Ներաշխարհ »ին մեկնողականը մօտ է բնագրին։ Իբր արժեկշիռ՝ իր գնահատանքը Յովհաննէս Սէթեանի բանաստեղծական վաստակին վրայ կը զարմացնէ ոչ այնքան իր դրական, այլ ժխտական կողմերովը… արեւմտահայ գրական ճիգը դատելէ, երբ հազիւ անկեղծ միայն ըլլալ կրցող տաղաչափ մը, այլապէս եւ իրապէս 1910–ին այլեւս անընթեռնելի, պոլսական ոգիին արտայայտիչը կը դաւանի։ Այս տարօրինակութիւնը կեցուածքի անշուշտ բան չէր այս գլուխը պարտադրելու, եթէ երբեք Չրաքեանի դատումներուն ետին չկենային մէկ կողմը իր դէմքին, ու միւս կողմը պատկերը այդ Պոլիսին ։

« Ներաշխարհ »ը, նկարագրական էջերը, երբեմն նամակները, ընթացիկ յօդուածներէն ոմանք [1] անոր համար առիթ էին արդէն արուեստի հարցերու շուրջ արտայայտութեանց։ Ասոնք ոչ-պաշտօնական ըլլալնուն հակառակ, միշտ մաս կը կազմեն անոր քնարական հայեացքներուն։ Բայց Չրաքեանի մէջ քննադատ մը կը հաստատեմ, երբ հոս կը գրեմ՝

ա. « Ներաշխարհ»ը բացատրուած իր հեղինակէն » ընդարձակ բացատրութիւնը։

բ. Ռ . Պէրպէրեանի վրայ ճառ մը,

գ. Շիրվանզատէի « Գործակատարի յիշատակարանից » գիրքին վրայ ուսումնասիրութիւն մը.

/136/ դ. Դուրեան Սրբազանի « Հովուական սրինգ »ին վրայ ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը։

ե. Ճառ մը Հայ գիր երու վրայ, անոնց գիւտին մեծ յոբելեանին առիթով։

զ. Ճառ մը Յովհաննէս Սէթեան ի վրայ, յոբելեանին առիթով։

է. Կեդրոնականի մէջ իր դասերը ժամանակակից մատենագրութեան, որոնք լոյս տեսան « Հայրենիք » ամսագրին մէջ։

Հատորի մը նիւթ կայ ասոնց մէջ։

Ժլատ մարդէ մը այս արդիւնքը զիս չի համակեր տխրութեամբ, քանի որ հոն բանաձեւուած կարծիքներուն չափ ու աւելի՝ շահեկան է գրագէտը, իր ներաշխարհեան հոգեբանութեամբ եւ երբեմն ալ թեքնիքով։ Այնպէս, որ այդ հատորը ըլլալէ առաջ ասոր ու անոր անձին կամ գործին վրայ լրագրական քրոնիկներու հաւաքածոյ մը, վկայութիւն մըն է Չրաքեանի հոգիէն ։ Չէք կրնար այս նախադասու թիւնը գործածել Արտաշէս Յարութիւնեանի գրադատականներուն, դիմաստուերներուն լաւագոյններէն կազմուած հատորի մը համար, այն պարզագոյն պատճառով, որ ասոր հեղինակը իրմէն աւելի ուրիշին կը մտածէր, երբ կը խմբագրէր իր գեղեցկագիտական այնքան համբաւեալ յօդուածները։ Չէք կրնար, նմանապէս, Չօպանեանի ետին խառնուածք մը ընդունիլ, երբ ընկերները կը դատէ, քանի որ այդ կեցուածքին մէջ ան լրագրող մըն է շատ–շատ, հազիւ յիշեցնող շարժումներու մղիչ ուժը, հանգչած հոգեբանութեանց վերարտադրիչը, գրական հասկացողութեան, հանգանակներու բանաձեւողը։

Չրաքեանի մէջ վարդապետամոլ մեղք մը, որ թելադրած ըլլար այդ կարծիքները մեր գրականութեան որոշ արժէքներուն վրայ, կուսակցական–ընկերաբանական տեսութիւններու ու ասոնց փրոփականտին սպասարկու պայքարողի դէմք մը, նմանապէս, ձրի վերագրումներ պիտի դառնային։ Նոյնիսկ այդ կտորներուն ծնունդը դէմ պիտի ըլլար այդ վարկածներուն։ Անոր քննադատական վաստակին կէսը բացատրութիւնն է իր գործին։ Միւս կէսն ալ (մերձաւորապէս) տօնական գրագէտի տուրք մը։ Պաշտօնական առիթներով խօսուած ճառեր են ասոնք ու Չրաքեանի մօտ կը լուսաւորեն կեցուածքէ մը անդին իրողութիւններ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ վերադարձ մը մեր այն շրջանին, ուր քնարը մեր գրականութեան ամենէն յարգուած, նախանձելի մէկ սեռը կը կազմէր։ Կար ատեն մը, երբ Չերազ մեծ գրագէտ մըն էր, վասնզի զեղեցիկ ճառեր կը խօսէր։ Այսօ՞ր։ Ու այդ ամենը կար նորէն, երբ Եղիա պարգեւաբաշխութեան հանդէսներու բեմերը կը վերածէր գեղեցկագիտական տեսութեանց կրկէսի մը։ Պիտի կրնա/137/յի՞ք, յիսուն տարի վերջը, այդ ճառերէն մարդ մը զգալ (տրուած ըլալով անոնց մէջ արտայայտուած գաղափարներուն անխուսափելի շիջումը)։– Չե՛մ կարծեր։

Ուշագրաւ է, որ բացի « Մեկնողական »էն, միւսները ըլլան գրուած Սահմանադրութեան վերհռչակումէն ետք, երբ իր գրական, ստեղծագործական էջերը հետզհետէ կը ցանցառին, կը դալկանան։ Յետոյ, ըլլան մէկ կարեւոր չափով ճառեր, լուրջ, ակադեմական, հանդիսաւոր տօներուն բոլոր ծանրութեամբը ու բարոյական կեցուածքի հովով մը, որ մտածել կու տայ։ 1910–ին արեւմտահայ գրականութիւնը պայծառ իրողութիւն մըն է, չըսելու համար գեղեցիկ յաղթանակ մը, մեր ուժերուն չափովը պատուաբեր ու արդար ճիգ մը։ Ան ըրած է նուաճումներ, կարելի կատարելութեամբ (մեր պայմաններուն կարկինովը) ու արձանագրած ցեղին քանի մը խոր գիծերէն վերբերումներ։ Գործեր կան մէջտեղը, ամբողջական ու ա՛լ պատմութեան անցած, որոնց մասին կարծիք, դատաստան մօտիկն են բիւրեղացման։ Գործեր կան իրեն, Չրաքեանի ժամանակակից, իր աչքին տակ բուսած, որոնք արտայայտութիւններ են մեծ ու հզօր խառնուածքներու, ցեղային տուրքերու առատ յորդումով մը կրկնապէս սիրելի։ Տիրան Չրաքեան կռնակ կը դարձնէ իր սերունդին, հասկանալի բայց ոչ արդարանալի պատճառներով ու կը դատէ կանխող սերունդէն մարդեր, որոնք ամենէն անհարազատ կողմերը եղան այդ գրականութեան։ Ո՞ւր է բանալին այս տարօրինակութեան։

Ենթադրել պատահական փախուստ մը, ուրացում մը իր ժամանակէն, ու ասոնց պատճառներուն պրպտումը փորձել, գտնել անոր կարծիքներուն ետին ոխակալ, կանխակալ, անարդար, փոքրոգի միտքը, անոր լռութիւնը (մեր մեծ արժէքներէն) հասկնալ ջանալ ստորայնութեան complexe-է մը, անոր համակրանքներուն խորը տեսակ մը շրջուած արհամարհանք հաստատել մարդերու փառքին հանդէպ, որոնք Վարուժան, Սիամանթօ, Մեծարենց, Թէքէեան, Տիկին Եսայեան կ՚անուանուին եւ սերունդին ճշմարիտ փառքերը եւ մեր գրականութեան մեծ անունները եղան. կարելի բայց ոչ ներելի ընդհանրացում մը պիտի նշանակէր հոս։ Պիտի նշանակէր քիչիկ մը իրեն նմանիլ։ Կը զգուշանամ ատկէ։

Տիրան Չրաքեան ունի անհրաժեշտ պատրաստութիւնը, իմացական մթերքը, արհեստին պահանջած քանի մը տուրքերը լայնամտութիւն, խանդավառութիւն, ուրիշին իջնելու խոնարհութիւն, /138/ սէր. հաստատ առաջադրութիւններ, մեթոտ, համբերատար պրպտում, դասաւորման շնորհ, միտքի շրջանակ (գրական իրողութիւնները դասակարգելու համար), խօսելու համար ամենէն պարզ, բայց անհերքելի կողմերը դատելու կանչուած մէկու մը համար։

« Գործակատարի յիշատակարանից »ին մէջ ան վերլուծած է վէպ մը, բայց չէ կրցած « Ներաշխարհ »ը միջակ յօրինուածքով վէպ մը դուրս բերել։ Պէրպէրեանի մէջ ուսումնասիրած է տրամաբանութեան, խորհող ուժին կարելի ներկայացուցիչը, ու իր գործը ատոր հերքումն էր սկսեալ « Ներաշխարհ »էն մինչեւ ոգեհարցութեան վրայ իր յօդուածը։ Տիրան Չրաքեան մշուշին, մութին, զգացական մղումներուն, անհակակշռելի ուժերուն, կարճ բառով՝ զգացումներու միսթիքի մը. դրօշովը պտըտեցաւ կեանքին, ինչպէս իր գրականութեանը մէջ ու երբէ՛ք զիջում չըրաւ բանականութիւն որակուած տկարութեան։ Տիրան Չրաքեան փառաբանած է դաշնակութիւնը, մեծվայելուչ քաղցրութիւնը, երաժշտայնութիւնը Սէթեանի ոտանաւորին։ Բայց « Նոճաստան »ը ամենէն խուժ մեղեդիին կոթողն է հաւանաբար մեր բանաստեղծութեան կշռական շնորհներուն մէջ։ Տիրան Չրաքեան « Հովուական սրինգ »ին վրայ ուսումնասիրութեան մը մէջ կը խօսի մեր prosodie–էն, ու իր արձակէն աւելի դերբուկներով վիրաւոր է իր տողը (ոտանաւոր)։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն ինչպէ՞ս գնահատել գնահատութիւն մը, որուն ետին յստակ անբաւականութիւն մը կը կենայ ամէն րոպե։

 

Անշուշտ լայն են բաւական, դատողի մը չմերժելու չափ ընդհանուր հասկացողութիւն մը։ Բայց այս պարագային պարտաւոր ենք ընդունիլ դատելու արարքին համար մասնագիտացած (spécialisé) միտք մը, ինչ որ Չրաքեանի համար անհեթեթութիւն մը պիտի ըլլար։ Աւելի ճիշդ է Տիրան Չրաքեանի մէջ քննադատը վերածել ընթացիկ կաղապարի մը, զոր սովոր են անուանել տպաւորապաշտ Անաթոլ Ֆրանս, Պուրժէ, Կուրմոն, տալու համար քանի մը օրինակներ ընդդէմ Ժիւլ Լըմէթր, Ֆակէ, Պրիւնըթիէր, Թլիպոտէ անուններուն թելադրած վարդապետական, սկզբունքային, raisonneur կերպին։ Այսպէս դասաւորուած, Տիրան Չրաքեան կը մտնէ իր սերունդին մեծ դէմքերուն շքախումբին մէջ, որոնք չյամառեցան (insister) դատելու վարդապետական, ուռուցիկ փառքի մը վրայ ու արժեւորեցին մեր գրողները, ընդհանուր հասկացողութեան մը լոյսին ու բարիքին մէջէն, բայց մանաւանդ գրեցին, այսինքն իրենց մտածումները, գործերէն ու շարժումներէն, մարդերէն ու հոգեբանութիւններէն իրենց տպա/139/ւորութիւնները մեզի մատուցին վայել, առնուազն պարկեշտ տարազի մը տակ։ Ամենէն անխնամ դատողը ատոնց մէջ Տիկին Եսայեանն է հաւանաբար, որուն ոճի հանդէպ զգայութիւնը միշտ տմոյն դուրս եկաւ, բայց որուն դատումները եղան տարբեր, պաշտօնական, լրագրական փցուն ֆրազներէն։

Տիրան Չրաքեան, այս կերպ ըմբռնուած դերի մը համար, ունի բոլոր տուեալները, բացի հմտութենէն (որ դարձեալ թեթեւ չէ, նորագոյն մեր ուրացողներուն մօտ մեր հաստատածին աստիճանով, քանի որ առնուազն կարդացած է հեղինակները, որոնց վրայ կը խօսի, չըլլալով նման վերիններուն, որոնք իրենց անծանօթ գործերը կը կոտրեն, կը կործանեն), տպաւորապաշտ քննադատութեան համար ան կը ներկայացնէ բազմաթիւ առաւելութիւններ։

ա. Արուեստագէտ է, ամէն բանէ առաջ ։ Այսինքն մէկը, որ արուեստի գործի մը առջեւ կ՚այցուի զգացական, formel, աչքերուն խօսող ձեւերու հրապոյրովը ու ասիկա գիտէ հաղորդել ընթերցողին։ Այս մասնայատկութիւնը տիրակա՛ն, յաճախ ներելի կ՚ընէ իր զանցումները, կողմնակալութիւնները, անբաւարարութիւնը։ Չըլալով իր կարծիքին հետ, կը շարունակենք ընթերցումը, համակուելով այդ հրապոյրէն, որ ստեղծագործական էջերուն նկարագիրը կը կազմէ։ Նոյնիսկ այն ընդարձակ յօդուածին մէջ Մեկնողական »ը), ուր փաստը, վիճարկութիւնը, պաշտպանութիւնը (բառը գործածելով իրաւական առումով) կու գան առաջին պլանի, արուեստագէտը կը մնայ նոյն գիծին։ Դատած ատենն իսկ ստեղծելը իրեն համար տարազ մըն է։ Ու սա հանգամանքը արժեւորել՝ դատումէն աւելի մտածման sinuation-ը սիրել, հաստատումներուն չափ ու ասոնցմէ վեր՝ մերձեցումներուն, զեղումներուն, շիջումներուն հրապոյրովը տոգորուիլ, ձգտիլ դէպի քնարականը, բայց ինքզինքը չխաբել, մտածման փոխարէն միւս յն բանաստեղծական ապառքներ [2] հետապնդելով Չրաքեանի քննադատութիւնը կը զատեն մեր դատողներին մեր գտած գոհացումներէն։ Ստոյգ է, որ քիչ անգամ այդ դատումը պիտի ապաս/140/տանի իր ոճին։ Աւելի ստոյգ է միւս պարագան, որուն համեմատ անոր համար արուեստի գործը սեպհական ներշնչման պատրուակ մը, զսպանակ մըն է։ Չէ գրած այս մարդը տող մը (իր ամբողջ գործը ունիմ նկատի), ուրկէ պակսէր ո՛չ թէ արուեստագէտը, այլ արուեստին գոնէ գոլը, իսկութիւնը։ Դրատումը եւ արուեստի զգայութիւնները շատ բաներ են անշուշտ, եթէ ո՛չ իրարու հակադիր, գէթ իրարու ո՛չ վերածելի, շփոթելի։ Նոյնիսկ հոն, ուր այդ երկուութիւնը պայծառ մթնոլորտ մըն է. « Գործակատարի յիշատակարանից »ի վերլուծումը կ՚ակնարկեմ։ Չրաքեան գիտէ գաղտնիքը raisonneur չըլլալու, ինչ որ հոմանիշ է զգացող տարրերով բարեխառնելու, գունաւորելու, վէպը հասկնալու, հասկցածը ապացուցանելու, ապացուցումը թաքցնելու միշտ գրական արժանիքներուն։ Բայց արուեստագէտը բացառիկ գեղեցկութիւններ կը գտնի մասնաւոր մարդերու վրայ, երբ կ՚առաջնորդուի իր մէկ–երկու զօրաւոր, խորախարիսխ զգացում գաղափարները պաշտպանելու։ Սուլթան Սելիմի Մզկիթ ին առթիւ (Էդիրնէի պատմական գլուխ–գործը) յօդուածի մը մէջ Պտոյտ », «Բիւզանդիոն») ան կը վերստանայ կարծես իր երիտասարդութեան հուրքը, Նորաշխարհ եան թեքնիք ու խաղարկութիւն գործադրելով, ընելու համար ոգեղէն ոճի քանի մը զմայլելի քանդակներ, որոնք իրենց իմաստին պերճանքը ու ձեւին նորհայեղծ նորութիւնը, élégance-ը փայլակ առ փայլակ կը բոցեն ու կ՚անցնին, թեւաւոր, կենդանի, աղջկան միսին նման տաք եւ գրգռիչ համ մը արձակելով տողերուն ետեւէն։ Այս հրաշքը անշուշտ գինը չէ միայն միսթիքին, որ Չրաքեանի արուեստին տիրական բարեխառնութիւնը կու տայ, անոր նկարագիրը ըլլալու աստիճան, այլ ձեւերու հանդէպ մեծ ընկալչութիւն մը, հարստութեան մը փաստը։ Արուեստի նոյն ջերմութիւնը այն միւս կտորներուն ալ մէջ, ուր իրեն պատեհութիւն կը տրուի իմացականէն անդրգիտականը ճամբայ հարթելու։ Դուրեան Սրբազանի գործին մէջ կրօնական զգացման վերլուծումը տեսակ մը քնարական յօրինում է, բայց զսպուած, բայց չափի, կանոնի տակ մղուած, տարիքին, փորձառութեան ծանրութիւնովը։ « Ներաշխարհ »ը, անշուշտ, իբր կորիզ կը պահէր տարրերը այդ երկնայնութեան, բայց կը պահէր սեպհական վայելքին համար։ Ու Սէթեանի վրայ իր քերթուածին մէջ հայերէնի զգայնութիւն մը, /141/ ոտանաւորը շօշափելու, խմելու կերպը ուրի՛շ վիճակ։ Բոլոր յօդուածներուն համար գոյ է արուեստին սպասարկուն, անոր տարփաւորը, որ այդ դատման արարողութիւնները մեծ մասով կ՚ազատագրէ անխուսափելի լրագրականութենէն։ Այսօր, Չօպանեանի դատաստանները պատմութեան կը պատկանին։ Անդառնալի կերպով հեռացած ենք իր կշիռներէն։ Պիտի կարդան զայն անոնք, որ մատենագրութեան հետաքրքրութիւններ, անցեալներ վերակազմող փառասիրութիւններ կը փայփայեն, ու ատիկա՝ հակառակ ոճի բարձր շնորհներուն։ Բայց անկէ մեր սորվելիքը դադրած է ըլլալէ։ Ու լուռ է դարձեալ արձագանգը անոր ինքնադատական կենդանի գործունէութեան։ Ո՛ր ժամանակ ալ ըլլայ, կը կարդացուի, պիտի կարդացուի Չրաքեանը, վասնզի միշտ անոր դատումները տաք են, կրքոտ, խանդոտ, իրազանց ու իրաւազանց անոր անձնաքննութեան հեղումներովը, ինչպէս քանի մը շքեղ, քանդակակերպ իրացումներուն սիրոյն, որոնք անոր քննադատական յօդուածներուն մէջ սլացիկ կաթողիկէներու նման կը ցցուին ու կ՚առինքնեն։ Արուեստագէտին փառքն է ատիկա։ Ինքն է, որ գրած է Թէոֆիլ Կոթիէի տողը, յօդուածի մը մէջ, « Զի քաղաքը կ՚անցնի, բայց արձանը կը մնայ »։ Գրական էջեր են այդ գրախօսականներէն կէսը։ Ու զանոնք ստորադրողը բարեբախտաբար քահանայական զգեստ չէ առած վրան, պատգամ տուողի ծիծաղելիութիւնը առնուազն խնայելով այս կերպ մեզի։ Բոլոր իր եզրերը կրնան մերժուիլ ու չեն ալ պաշտպանելի։ Անոնց մատուցուելու եղանակը սակայն մեզի կ՚ընէ զինաթափ։

բ. Ունի իր մթնոլորտը, որ անշուշտ շարունակութիւնը, կրկնութիւնն է իր ստեղծագործութեան մայր բարեխառնութեան։ Անիմաստ պիտի ըլլար միսթիք քննադատութենէ մը խօսիլ։ Բայց Չրաքեւանի դատումները կը թուին ճարուած ըլլալ այդ ալքերէն կամ այլ բարձունքներուն ի սպաս։ Բանաստեղծութիւնը իրեն համար գերազանցապէս անձնական, գերիրական խոյանքներու տիսիփլին մըն է։ Իր անեզրութիւնը հորիզոնն է այդ ըղձաւորութեան։ Իր Եօշուան այդ անէութեան էացեալ խորհուրդն է մեր աչքերուն։ Ու մարդը կ՚արժէ ո՛չ կը միտքին ուժովը, լայնքովը, այլ իր սրտին քաղցրութեամբը, կեանքը ընդունելու պարզութիւնովը, հանրէութեան դառնալու դիւրութեամբը։ Այս ընդհանուր հոգեբանութիւնը, « Ներաշխարհ »եան կամ « Նոճաստան »եան գիրքի մը համար բաւ, կրնա՞յ դիմաւորել ուրիշները դատելու կեցուածքը, ասոր կապուած արարքները։ Չրաքեան էսթէթ մըն է անտարակոյս, իր ոճին ու նկարչական հակումնելուն ցուցմունքին ընդմէջէն։ Բայց չէ դադրած էթիք մը հետապնդե/142/լէ։ Բանաստեղծ մըն է, որուն համար սակայն մտածումը, ասոր տարփանքը աւելի հեշտագին զգայութեանց աղբիւրներ են քան ձեւերուն, ձայներուն կախարդանքը, որ նկարագիրն է բանաստեղծութեան։ Ինչ որ ելած է իր գրչէն, այս կրկնակ նկարագիրները ունի զօրեղապէս։ Այս է պատճառը թերեւս իր չեմ ըսեր կեցուածքին՝ արեւմտահայ գրականութեան իր իսկ շրջանին ընդդէմ, այլ զայն իբր արտայայտութիւն մը, հոգեբանական արար մը նկատելու մասնաւոր կերպին, իր մթնոլորտին ։ Ռոմանթիքներուն հետ ըլլալու, զանոնք փառաբանելու, անոնց մտայնութեան մէջ էթիքն ու էսթէթիքը գտած ըլլալու իր աղանդաւորութիւնը եթէ երբեք փոխառիկ ուղղութիւն մը, հաշուեյարդար մը չեն թելադրեր (խոր էր իր արհամարհանքը իրապաշտներէն), չեն ալ հաշտուիր իր գործին տիրական գաղափարաբանութիւնը, իր զգայութիւնները արտաշխարհելու կերպին մէջ հետապնդուած կանոնազանցութիւններուն գումարին։ Այսպէս թէ այնպէս, Չրաքեան դատած է իր սիրած կերպովը մեր գրականութեան քանի մը դէմքերը, ուղղութիւնները։ Ատոր իրաւունքը չենք կրնար զլանալ մարդու մը, որուն ուղխն ու զգայարանքները բարձրորակ արուեստագէտի մը բաւելէն աւելին ալ են։ Ինչ որ զիս կը շփոթեցնէ, այս դատումին կերպէն աւելի չափանիշներուն տարօրինակութիւնն է, օտարութիւնը՝ իր իսկ ախորժանքներէն։ Ի վերջոյ արուեստագէտ մը, որ երկնած է « Ներաշխարհ »ը, այսինքն քաոսայինէն մշտապէս ապառնացեալ ճարտարապետութիւն մը, ու արուեստին, գիտութեան, իմաստութեան ու կրօնքին ընկալեալ բոլոր տախտակները խորտակելու մոլուցքով մը չէ խնայած լեզուին իսկ ոգիին, այդ արուեստագէտը ո՛ր հրաշքին միջամտութեամբը պիտի զիջի արժէք, գեղեցկութիւն, բարձրագոյն շնորհներ հաստատել արդիւնքներու մէջ, որոնք ուրիշ մտայնութեանց մօտ հասկնալի իբրեւ համբաւ, արժէք, բայց իրեն համար հեռու էին, ըլլալու էին այդ ամէնէն։ Ուշագրաւ չափազանց սա արտակեդրոն հանգամանքը, ամենէն շատ իր մօտ։ Պէրպէրեանի մէջ բարձրագոյն իմացականութիւն մը ողջունած ատեն ապահովաբար քօղարկուած արհամարհանք մը չի բանաձեւեր դպրոցին դէմ ( իրապաշտներ եւ արուեստագէտ սերունդը ), որ « Դպրոց եւ դպրութիւն »ը, « Առաջին տերեւք »ը չվախցաւ իրենց իսկական պարտութեամբը արժեւորելու ու ըսաւ ատիկա, իր կերպով։ Չրաքեան Պէրպէրեանի գրականութեան մէջ կը պաշտպանէ բանականութիւնը ։ Ու գիտէ սակայն, թէ գրականութիւն մը բանականութեան մը արտայայտութիւնն է երկրորդաբար, ըլլալով նախապէս զգայարանականութեան մը փաստը։ Թէ արուեստի գործերը իրենց պարունա/143/կած իմաստութեան չափով չէ որ կը դիմանան (քանի որ այլ իմաստութիւնը ամէն սերունդի հետ, եթէ ոչ խորք գէթ դիմակ, զգեստ կը փոխէ ու դարու մը մէջ առնուազն երկու անգամ հիմնովին ինքզինքը կը հերքէ, մինչ Ռոնսարի մէկ քերթուածը, Քուչակէն քառեակ մը, Սայեաթ–Նովայէն սիրերգ մը, Դուրեանէն տող մը պիտի խօսին հաիւրաւոր տարիներով իրարմէ բաժնուած սերունդներու ու ասիկա միանգամ ընդմիշտ, ընդդէմ կործանումին, որով կը պառկին Լայպինցն ու Տէքարթը, երբ զատենք իրենց ժամանակէն սանկ յիսունը տարիով)։ Այն ատե՞ն։ Չարագուշակ սա հարցումը։ Միտքս կու գայ Պայրընը, որուն ամեհի յարձակողականը չափով մը հաշտ է սակայն իր խառնուածքին, ընդդէմ Փոփր տապալողներուն։ Ամենէն կատաղի, ապերասան, ամբարհաւաճ ռոմանթիքը, Պայրըն, դասական Փոփը պաշտպանած ատեն, անուղղակի մղումին տակն է իր գրական դաստիարակութեան, որ բաւական է դարձեալ։ Չրաքեան ո՛չ ոքէ բան ունէր սորվելիք [3] ։ Ամենէն քիչ Պէրպէրեանէն, որուն դպրոցին մէջ արդէն իր ըմբոստ վարքը լռելեայն խոստովանութիւնն է տաղանդաւոր սողուն. անոր՝ որ չափած է իր ուսուցիչները, մեծերը ու «պակաս գտած»։ Բարոյական խառնուածքը մեծ Ուսուցչին տպաւորած է անկէ տրտմօրէն նիհար պատանին ու այդ տպաւորութեան բիւրեղացումն է, որ քսան ու աւելի տարիներ վերջը Չրաքեանը կը մղէ մեծութիւն, կատարելութիւն, առաջնորդողի շունչ տեսնելու իր պատանութեան ամենէն ուժով փառքին ետին, այդ արժանիքները տարածելու չափ անոր գրականութեան ալ։ Խարդաւանա՞նքը իր սիրական տարօրինակութեանց։ Ճշմարիտ համոզո՞ւմ մը, որ Պէրպէրեանի փայլատ, բայց հաստատ, հռետորաշունչ բայց պարկեշտ ոճը կը վերածէ Բանին, Բանականութեան, ընդհանրականութեան փարթամ արտայայտչի մը։ /144/ Դժուար է ճշդել։ Կ՚ախորժի գործերուն ոգիէն, ձգտումներէն, բարերարութենէն, կարգէն ու կանոնէն, պայծառ, անսեթեւեթ, անհրաժեշտը միայն ունեցող արտայայտութենէն, ոճին դասական (նոյնիսկ traité–ներու մէջ ուսուցուած սնոտիքէն չի վախնար համ առնելէ), ստորոգելինելու եւ վերլուծումէն, գործերը բարձրացնող ոգեղէն բարեխառնութենէն։ Այս բոլորէն միայն վերջինը սակայն կրնամ գտնել « Ներաշխարհ »ին մէջ։ Ստոյգ է, որ գրագէտ մը ամենէն առաջ կը ճանչնայ իր պակասները եւ ուրիշներու վրայ իր սիրածները, գովածները այդ զրկանքին, անբաւականութեան անդրադարձն [4] են յաճախ գրական խղճմտանքին մէջ։ Սէթեանի յոբելեանին առթիւ իր դասախօսութիւնը միայն ակադեմիական պատշաճակերպ (décent) տուրք մը չէ Պէրպէրեանի պէս գահընկէց փառաթափ գրողի մը հասցէին, եւ կամ վերափառքի սուտ, հռետորաշունչ ճարտարութիւն մը, որուն մէջ իր ընդունակութիւնները աշխատէր արժեւորել. այլ թերեւս անկեղծ զգայութեան մը վկայութիւնը։ Բառերը հոգի մը ունին ու զուր հնարք մը չէ անոնց հոգին տարածել զիրենք գործածողին ալ ճանաչումը, թափանցումը իրագործելու։ Ամէն բառ, ինքզինք յարգող, որոշ պարկեշտութեամբ մը տառապող արուեստագէտին համար, ասոր աչքերէն վերցուած ու դուրս հանուած տախտակ մըն է։ Կարդալ ուր կտորները, կ՚ըսենք ամէնքս ու կ՚անցնինք: Բայց գտնել այդ կտորներուն ներքին յօրինուածութիւնը, կեանքը, թրթռումները, /145/ միսն ու սրսփանքը բառերուն ծածկածը բռնի առնելն է իրենցմէ։ Այսպիսով է, որ Սէթեանի դաշնաթաւալ վերադիրներուն, ոգեբաղձիկ դիմառնութեանց, երկնասլաց թեւաբախումներուն, արտայայտութեան օդեղէն, անիրական, մշշամած ու պերճութեան մէջ հնօրեայ, հնատիպ ճարտարապետութեան փառքը Չրաքեան պիտի վերածէ գովեստէն վեր բանի մը։ Յովհաննէս Սէթեան պիտի ըլլայ ո՛չ միայն այդ բառերուն լոյսին ընդմէջէն մեծ զգայնութիւն մը, այլեւ մեծ արուեստագէտ մը, այլեւ մեծ, հանդիսաւոր մէկ վկայութիւնը մեր ժողովուրդին։ Որքա՞ն կը հաւատար իր վերագրումներուն։ Դժուար է միշտ վճիռը։ Չրաքեանի հաստատումները չեն, որ իր միտքին վրայ բացուածքներ պիտի տան։ Անոր լռութիւնները մանաւանդ պիտի փակեն այդ միտքը։ Ու տխուր է ըսել, որ իր ընկերները, իրեն հետ աշխատողները ուրանալը (չխօսիլը ուրիշ բան չէ) ու զինքը կանխող սերունդը քայքայելու իր խոհեմ ռազմավարութիւնը [5] հոս ալ միջամտեն, որպէսզի իրմէ մեր ժառանգածը ըլլայ այնքան քիչ իբր քանակ։ Ամէնքս ալ գիտենք, թէ քննադատական գիրքերը ամենէն վաղանցուկ արարածներն են մեղքի ստեղծումներէն։ Թէ՝ անոնց իմաստութիւնը (գեթ զրահանքը նման յաւակնութեան մը) չի դիմանար յաճախ մէկ իսկ սերունդի։ Բայց նոյն ատեն կը կարդանք ԺԷ. դարու փշրանքները, եթէ երբեք անձնականութեան կրակ մը ատենին վառած է այդ նախադասութեանց ծոցը։ Ոչինչ ունինք հակառակաց Քոռնէյլի մտածումին հետ, թատերական արուեստին ընդհանուր ըմբռնողութեան տեսակէտէն, բայց կը կարդանք իր խաղերուն ընկերացող յառաջաբանները։ Նոյնն է պարագան տող մը ստեղծում չստորագրած Եղիազար Մուրատեանի, որ 1880–ի մեր դատումներուն մասին վկայութիւն մը ըլլալէ աւելի է, վասնզի այդ անունը միտք մըն էր նոյն ատեն, ու իբր այդ միշտ շահեկան։ Չրաքեան տեղեակ է այս ամէնուն, բայց չի վարանիր հայ տառերու գիւտին առթիւ յոբելեանի հանդէսին մէջ կարդալու ճառ մը, ուր տիրական են դատման իր բարեխառնութեան քանի մը ուրիշ կողմեր.

Քմայքը, որ բանաստեղծի մը մօտ հանդուրժելի, նոյնիսկ հրապուրիչ, կը վերածուի որեւէ բան ըսելու սնափառութեան (երբ /146/ դիտենք ըսել, այսինքն ոճ մը ունինք, մեր լեզուին ներքին զգացողութիւնը, մեր բառերուն ոսկորներուն ոսկորները կը ճանչնանք, մանաւանդ երբ կրնանք պատկերներ ստեղծել)։

Ձրի, աժան, օդային ընդհանրացմանց իր անսրբագրելի մոլութիւնը, որ կասկածելի կ՚ընէ մեր մտածման ներքին տարողութիւնը, մեր ըսածներուն զլանալով առնուազն պարկեշտութիւն. մեր տեսածները, նոյնիսկ զննօրէն դիտածները կը զրկէ լրջութենէ. ու չտեսութեան, աժան ցուցափառութեան, ուրիշները զարմացնելու սնոտիքին անծածկելի տպաւորութիւնը կ՚առկախէ մեր էջին վրայ (քանի որ այդ ամէնուն ետին իրականութիւնը, կարելի է առնուազն անյաւակնոտ իրականութիւնը չկայ, զանոնք պաշտպանելու, թանձրացնելու)։

Անհակակշիռ, անփորձարկելի տարազները, նետուած էջերն ի վար, առանց կարիքի, առանց՝ անհրաժեշտութենէ մը բխող զգացման մը, սեւեռման ճիգի մը, համադրական խուլ, զօրաւոր պահանջի մը լրացումը վկայելու։ Որոնք կ՚ըսուին, բայց չեն ապացուցուիր, կը տպաւորեն, բայց չեն համոզեր ։ Որոնք փարատոքսային պարկեշտութիւնն ալ կ՚արհամարհեն ու կ՚ըլլան թուղթի վրայ օրէնքներ, ո՛չ մէկ իրականութեան, ո՛չ մէկ ազգային անցեալի ճանաչումովը գունաւորուած, ջերմացած պատգամներ [6] ։ Որոնք կը շլացնեն, կը պատրեն ու կը վտանգեն այս խաղարկութեան տգեղ փաստին մէջ ներգոյակ արժէքներն ալ իրենց, քանի որ զանոնք արտացուցող (exposé) միտքը որոշ կարողութիւններ պարզած է ուրիշ առիթներով։

Ցուցամոլութիւն, խարդաւանանք, միամիտները զարմացնելու մեղապարտ փառասիրութիւն, բոլորն ալ « Ներաշխարհ »եան aura-յէ մը իր մտքին մէջ իբրեւ տիպար, իրացում արմատ փռած։ Որոնք երիտասարդութեան արդարացումն ալ չունին, երբ այսպէս կը դպին մեր իմացական candeur–ին ու ցաւագին հակազդեցութիւններ կը պատճառեն, այսքան հարուստ մարդու մը իրենց ներկայութեամբը։

/147/ Հանդիսականութիւն, հանդիսամոլութիւն, մարդու մը մօտ, որուն « Ներաշխարհ »ը առանձնացման, եզակի մնալու բարբարոս ձգտումին կոթողը եղած էր։

Կարելի է երկարել շարքը դեռ այս հաստատումներուն։ Բայց նոյն այլ ճառին մէջ Հայ լեզուն ») այս ամէնէն անդին կան ուրիշ ալ բանէր։ Ի՞նչ փոյթ իրեն, ու քիչ մըն ալ մեզի համար, որ, իր գտնել յաւակնած յատկութիւնները, ծալքերը ու խորհուրդները մեր լեզուէն, ըլլան ենթակայական, խնդրական, առաձիգ, չպատասխանեն ո՛չ մէկ պատմական ստուգութեան, չպաշտպանուին բարձրագոյն հմտութեան մը ներած ներհայեցական ալ ճշմարտութիւններէն [7] ։ Ան տպաւորութիւնները տալու իր կերպը պիտի, չեմ ըսեր՝ զարդարէ, այլ մասնաւորէ գեղարուեստական այն ճաշակին, հոլին, ճկուն նազանքին մէջ, որ արտայայտութիւն մը, ոճ մը, գրուածք մը, արուեստի որեւէ գործադրութիւն մը կը զատեն գիտական, հմտական, անարուեստ (ոչ-գեղարուեստական) հասարակութենէն։ Չրաքեանի, դատումները գրական էջեր են, միական բարեխառնութենէ մը գունաւորուած ու իբր այդ կը զատուին լրագրական դատումներու դիակոյտէն, որ սերունդի մը գաղափարները կը գերեզմանէ։

գ. Ունի որոշ գաղափարներ, որոնց իմաստասիրական, քննադատական տարողութիւն մը տալու մեղքը այսօր ծանը չի կշռեր իր յիշատակին։ Մերկացնելով այդ սնոտիքէն Ներաշխարհ »ը վիրաւորուած էր արդէն անով) այդ էջերը, մենք կ՚ունենանք հոգեյատակ մը, աւելի քան իմացական դրութիւն մը գրութիւններուն իբր խարիսխ. այնպէս,

1. Իր դասականութիւնը, որ վենետիկեան, պոլսական, ֆրանսական ոգիներով ու մեր նոր գրականութեան առաջին մեծ գործերը կործանող ըմբռնումն է արուեստէն։ Չրաքեան դեռ 1911–ին կը խօսի մեզի պարզ, բարեխառն, վսեմ ձեւերէն, առանց զգալու իր ծիծաղելիութեան աստիճանը։ Ու հռետորութեան ձեռնարկներու (traité de /148/ rhétorique) իմաստութիւն մը կը ճգնի արժեւորել, երբ այդ ամէնը կը պատկանէին պատմութեան։ Դպրոցական մարզանքներէ իր մտքին կառչած սա բոսբոսացած փշրանքները չեմ փաթթեր մատի։ Չրաքեանի դասականութիւնը կարծես Պէրպէրեանը պաշտպանելու թաքուն փառասիրութիւն մըն է, քան ճշմարիտ գրական կեցուածք մը։ Ըսի, թէ ինչո՛ւ չէի կրնար հաւատալ իր հաւաստումներուն։ Դաuականութեան սպասարկու մը ուրիշ կաղապարով մը պիտի հանէր ոտքի իր գործը։ Արդ, « Ներաշխարհ »ը եւ դասական գործ մը (նոյնիսկ ամենէն համեստը) հակադիր բեւեռներ են։ Ու դիւրին է Չրաքեանի դասականութիւնը պատահական, փոխառիկ կեցուածք մը ընդունիլ [8] ։ Ուրիշ բան՝ երբ դասականութիւն բառին համար գոհանանք իր ենթադրական սահմանով իմացական բարեխառնութեամբ։ Այն ատեն Չրաքեանի դատաստանները, պատկանելով հանդերձ քմայքին, անբնականին, խնդրականին, ռոմանթիզմին, կը ստանան բանավարական որոշ կշիռ։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՛նչ է Բանը ։ Ու դասականութիւնը՝ Բանին պաշտամունքը, արուեստին մէջ։ Չրաքեան տուած է ատոր ապացոյցը Շիրվանզատէի մէկ վէպը Գործակատարի յիշատակարանից ») ենթարկելով ամուր, սեղմող, քրտնցնող քննութեան մը, տրամաբանական շատ ապահով processus-ի ընդմէջէն, մէկիկ մէկիկ երեւան հանելով հերոսներու արարքներուն մեղանչումները ընդդէմ բնական, ուղիղ, արդար Բանին, դուք ըսէք՝ Բանականութեան։ Փա՞ստ այս վկայութեան։– Ընդհանուր, միջին ողջմտութիւնը կը նուաճուի, երբ կանչուած է Չրաքեան դատելու 1880–ի պոլսական դասականութիւնը, յանձին Պէրպէրեանի, ու կը վերածուի կողմնակալ, խուսափողական ապացուցումի մը, ուր զգացական, հաշուեխնդրական, տրտմօրէն վրէժխնդրական նկատումներ կը պղտորեն իր մտածողութիւնը։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է այս մարդուն փառաբանած դասականութիւնը։ Եթէ է ասիկա ան, զոր մենք կը գտնենք Պէրպէրեանի արձաններուն մէջ, այդ իսկ փաստով կը դադրի լրջու/149/թենէն։ « Մարդիկ եւ իրք »ի քրոնիկագիրը ո՛չ աւելի է եւ ո՛չ պակաս 1900–ի կանանց « Ծաղիկ »ը հրատարակողներու խմբագրական ճաշակէն։ « Դպրոց եւ դպրութիւն »ը միջակ մանկավարժը խանդավառող ճառերու, նկատումներու հանդէս մըն էր, ուր վսեմ ոճը, անբնական գոյնը, սլացիկ ծփանքները աւելի քան ծիծաղելի պիտի ըլլային (ինչպէս են արդէն « Առաջին տերեւք »ի որոշ քերթուածներուն, ճառերու մէջ)։ « Գաղափարներու աշխարհին մէջ պէս–պէս » քրոնիկ է դարձեալ, որուն մայր երանգը զգացական ըլլալու տեղ իմացական է (եթէ կը ներուի), եւ ուր գաղափարը այնքան կը փրկէ իր իրական իմաստը, որքան « Ներաշխարհ »ի մէջ։ Կը զգուշանամ Բարւոյն, ճշմարտին, Գեղեցկին ֆէթիշին մօտենալէ։ Տրտում սրբապղծութիւն մը պիտի ըլլար ատիկա իմ կողմէս, աւելցուած Պէրպէրեանի այլապէս որտում, անարդարանալի սրբապղծութեան։ Անշուշտ, կորով կայ այդ մարդուն ոճին մէջ, երբ կը յօրինէ վարժապետին անձնաւորութիւնը։ Բայց ուղիղ, թաքուն հպարտութիւն մը։ Բայց 1900–ի խմբագիրներէն ո՞րն է, որ զուրկ ըլլար այս պարզունակ շնորհներէն։ Չրաքեանի խոշորացոյցը հաւանաբար հայթայթած են կուսակցական օրկաններու խմբագրականները, որոնք սուտ, ուռուցիկ ըլլալու մեղք մը պարտկել կը ջանային գռեհիկ ողջմտութեան մը շպարին տակ պարզ, ուժով դատողներու։ Չեմ երկարեր այս նկատողութիւնները։ Չրաքեանի դասականութիւնը անպաշտպանելի է ամենէն առաջ ի՛ր իսկ գործին ծանրակշիռ վկայութեամբը անոր դէմ։

 

2. Կրօնական զգացողութիւն մը, որ դարձեալ կը հրաւիրէ անհուն կասկած, գէթ իր էութեան իսկ տեսակէտէն։ Սխա՞լ՝ Պէրպէրեանի ոգեպաշտութիւնը խանձարուր ընդունիլ սա զգացողութեան։ Թերեւս այո՛։ Թերեւս ո՛չ։ Ահա թէ ինչո՛ւ։ «Ներաշխարհ»ը ոգեղէն ապրումներու հզօր մթերք մը ունի։ Ու ասոնց մէջ կրօնականները՝ որոշ խորութիւն, բայց երբե՛ք՝ յստակութիւն [9] ։ Ան իր իրաւունքին /150/ մէջն էր տիեզերքը բացատրելու իր պապակը բարձրացնելու դրութեան մը, գէթ ասոր պատրանքին։ « Ներաշխարհ »ը ատոր երերասայր, անպատասխանատու, քիչիկ մըն ալ պոռոտ փորձն էր, որ չկրկնուեցաւ, չպաշտպանուեցաւ։ Գիրքին երկունքին ու հրատարակման ընդմէջ տարիները Չրաքեանի համար այդ ուղղութեամբ (մտածումը դրութեան վերածելու) անցան անօգուտ։ Մեկնողական ին մէջ գիրքին ձեւական, զգայարանական լուսաբանութիւնը կը գտնենք։ Անոր գաղափարաբանութիւնը չէ աճած, պայծառացած, ինքզինք գտած [10] ։ Ու տարբեր չեղաւ իրողութիւնն ալ Պէրպէրեանի ոգեպաշտութեան, որ մինչեւ վերջը ապաստան որոնեց գրական զրահանքին տակ ու չիջաւ արձակ կրկէսը իմաստասիրական մարզանքին, մտածումին, ինչպէս կը տեսնենք ասպարէզէն իմաստասէր միտքերու մօտ։ Իբր այդ, Չրաքեան կը կրկնէ Պէրպէրեանը։ Բայց կ՚անցնի ուսուցչին զգաստ, խոհական, ինքնաբաւ, հաւասարակշռուած ու լայնօրէն գրական բարեխառնութենէն, իր թեւերուն տակ ֆիզիքի քանի մը թէորիներ անցուցած, Տիեզերքը uանկ վերէն աչքէ մը անցընելու եւ գտնելու épatant քարոզներ Ներաշխարհ »ը այս ճաթած գիտականութեան ալ գետին է դժբախտաբար) ու բացատրելու յաւիտեանը, nրուն ծանօթ հզօր լոյսը ըլլար։ Այս եղջերուաքաղը փառասիրութենէ աւելի բան մըն էր իր գիրքին մէջ։ Տարիներ վերջը, անիկա վերա/151/ծուած է ցաւագար հոգեկան հիւանդութեան մը։ Պատմեցի ձեզի անոր Շաբաթը. « Ներաշխարհ »ի թերակրօն ու 1920–ի մոլեկրօն Չրաքեաններուն մէջտեղ անկարելի չէ հաստատել Պէրպէրեանէն կաղապարուած միտքը, որ իրերուն մէջ գերբնական վայելչութիւն մը, վերնայարդար ներդաշնակութիւն մը, կեանքին վրայ հաւատք (ասկէ անդին), քիչիկ մըն ալ Մեծ Անծանօթին խորունկ, մութ, ահարկու ձգողութիւնը գտնելու յաւակնութիւնը պիտի բարեխառնէ գրական զգայապաշտութեամբ մը (sentimentalisme, բառէն զեղչելով. իր տգեղ, տխուր իմաստը)։ Այդ էջերուն մէջ « Նոճաստան »ի մթնոլորտը, « Հովուական սրինգ »ին վրայ ուսումնասիրութեան ընդհանուր ոգին, « Պտոյտ »ը, ճառերը, տպաւորապաշտ էջերը (մենք կը համակրինք մարդու մը, որ նիւթեղէն չափերուն, որոնք արդի քաղաքակրթութեան ամենէն ամուր արժէքները կը ցուցագրեն) դէմ ունի իր վերապահութիւնը, չըսելու համար արհամարհանքը։ Ու գիտէ, թէ մարդ կենդանին առանց երազի, առանց գանկին տակ կամարի մը անհունին ու սրտին մէջ՝ ազնիւ, բարձր ու բարձրացնող սերմերու, կ՚իյնայ աստիճանին իրմէ այլապէս վար ու դժբախտ կարգերու անբաններու անիմաստութեան, որմէ սարսափ մը ոչ միայն արդար է, այլեւ անհրաժեշտ է։ Գրական նանրամտութի՞ւն։ Ինչ կ՚ուզէ ըլլայ անունը այս գարշանքին։ Իրողութիւն է, որ Չրաքեան հպարտ է իր ուղեղով, մարդերուն դէմ։ Ու պիտի ըլլար այդ հպարտը մանաւանդ անբաններուն դէմ։ Ու թերեւս պիտի ստեղծէր երկինքը, եթէ գտած իսկ չըլլար, պաշտպանելու համար զայն փուտին, հողին, հետախաղաղ կորուստին դէմ, որ վճիռն էր նիւթեղէն իմաստութեան։ Կրօնական ոգին (նկատի չունիմ անոր դժբախտ զառածումը [11] ), այսպէս ըմբռնուած, անոր գրականութեան համար կ՚ըլլայ տեսակ մը վարդապետական հանգանակ։ Աւելի՛ն. անոր ոգեղէն անձնաւորութիւնը այդ հեղանուտին ընդմէջէն ինքզինք /152/ հաղորդ կ՚ընէ աշխարհին, ուրիշներուն ու ատով մասը կը կազմէ անոր նիւթեղէն ալ անձնաւորութեան ըմբռնումին, այս վերջինը ընծայելով թափանցիկ, թրթռագին, լման մարդ, որ կը տառապի մեզի պէս, բայց այդ տառապանքը կը պատմուճանէ կտաներովը գեղեցիկ յոյսերուն, անդենախոյս երազներուն ու իրերուն գարշանքը, որ մեզ կը սանձէ, կարող կ՚ըլլայ ոսկեդրուագ բանի մը նման առնել տանելու վեր թռիչքն ի վեր։ Մի՛ շփոթէք ասիկա միսթիքականութեան [12] հետ, որ ուրիշ կեցուածք մըն է։ Դարձեալ մի՛ բաղդատէք զայն կրօնազգած այն ոգիին հետ, որ Սրուանձտեանցի, Խրիմեանի գրականութիւնը կ՚ողողէ, հայրենանուէր բանով մը Հայաստանեայց Եկեղեցին դարաւոր հոգեբանութեամբը։ Կը մնայ զինքը մօտեցնել Եղիային, nրուն իմացական դեդեւանքը, դրութենէ դրութիւն ոստոստումը, գրական կրօնազգածութիւնը անշուշտ կը յիշեցնեն « Ներաշխարհ »ի ստեղծիչը, իր հազար ու մէկ տարազներով (նախապէս աչքէ անցած այս ուսումնասիրութեան ընթացքին) ու անկայուն, անուղիղ սլացներով։ Ֆիզիքէն մինչեւ Շաբաթին ճահիճը ճամբան բնական չի թուիր մեզմէ շատերուն։ Կայ երրորդ երակ մը կրօնական զգացողութեան, /153/ որուն երկու մեծ ներկայացուցիչները մեր մէջ են՝ Յ. Գ. Մրմրեան եւ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեան։ Առաջինը անտարազելի մարդ մըն է, որ շքեղ տարազներով կը պտըտի երկինքն ի վեր ու կ՚ըսէ բաներ, որոնք իրեն միայն մատչելի եղան ու ոչինչ բերին մեզի։ Երկրորդը ծփուն, աննուաճելի իմաստուն մըն է, հեթանոս ու զգայապաշտ, ոճի վարպետ ու գաղափարներու ծարաւի, բայց որուն մէջ արուեստին գործաւորը տիրական կերպով մը կը հնչէ զգացման ու հաւատքին կեդրոններուն վրայ։ Դուրեան Սրբազանի գործէն արտաշնչուող ոգին տարբեր է Չրաքեանի գրական ալ միսթիքէն։ Ու աւելի քան երբեք ուժին մէջ է հարցումը. Ի՞նչ կը հասկնայ այս մարդը երկինքէն, զոր հալածեց անդադար, խրելէ առաջ Շաբաթին ճամբէքին մէջ։ Հարցին պատասխանը անոր « Ներաշխարհ »ը կու տայ դարձեալ։ Ոգեպաշտութիւնը, իբրեւ իմացական դրութիւն, հաշտ էր Չրաքեանի ուղեղին։

3. Գրական ոգեպաշտութիւնը ուրիշ մէկ կողմն է անոր մօտ կրօնականին։ Ըսի, թէ որ էր իր արհամարհանքը իրապաշտութենէն։ Արդար ըլլալու համար կ՚աւելցնեմ, որ անկարողութեան մը (ատիկա ըլլալու) ապացոյցը չէ սա կեցուածքը իր քով։ « Ներաշխարհ »ի մէջ սքանչելի էջեր կան իրականութիւնը նուաճող, իր ամենէն նրբենի, խուսափուկ ծալքերուն մէջ։ Անոր երկինքը խենթեցնող իրականութեամբ գիծեր ունի, որոնց անսպառ զանազանութիւնը զերծ ալ է մտածականին մէջ դիտուած աւելորդութենէն։ Անոր եգիպտական պատկերները ուրիշ հրաշալիք՝ որ պայմանաւոր է ամենէն առաջ փարթամ, բայց ոչ ռոմանթիք իրականութեամբ մը։ Ու ասիկա այսպէս բնութեան բոլոր պահերուն, մեծ ու պզտիկ առարկաներուն, նոյնիսկ այն վիճակներուն համար, որոնք ֆիզիք արտայայտութեան սահմաններովը կը գոհանան։ Խենթ ին դիմային, շարժումնային իրականութիւնը կը հակակշռէ իմացական ճապաղմունքը։ Բանգ ին իրականութիւնը, անով թունաւորուողին վրայ դիտուած մկանային ստուգութիւնները, բոյսերու երանգներուն վրայ գործադրուած ճշմարտութիւնը փաստեր են այդ կարողութեան։ Չրաքեանի գրական ուղղութիւնը, դատաստանները թելադրող զսպանակները դուրս են ընդարձակ հանգանակներէ, ինչպէս դուրս է իր իրագործած գրականութիւնը։ Իբրեւ ընդհանուր բարեխառնութիւն, կը կենամ ամէն ինչ ոգեզինող իր յամառ հաւատքին առջեւ։ Անոր համար գեղեցկութիւնը չէ այն անճանաչելի, հակասական, դարէ դար ու ժողովուրդէ ժողովուրդ փոխուող բանը, որ ԺԹ. դարու ընկերաբան դպրոցները հրապարակ դրին։ Չէ նոյն ատեն շեշտօրէն բարոյամոլ իրողութիւնը, /154/ որ բանավարութիւնը, նորոգեալ աւետարականութիւնը (Թոլսթոյի դպրոցի) ունի իրեն հետ (երբ արուեստագէտ մը, ինչպիսին է Թոլքսթօ, արուեստի գործին համար այդքան պարզ, ռամիկ նպատակներ կը սահմանէ)։ Ըսի, թէ մեր գրականութեան ընդհանուր ձգտումներէն դուրս էր։ Ինքնատպութեա՞ն փորձանք, կամաւոր մեկուսացո՞ւմ, ան հեռու եղաւ գրական շարժումէն [13], հակառակ անոր, որ ստեղծեր էր խորունկ հետաքրքրութիւն, որքան հակառակութիւն։ Եւ խորհիլ, որ մեր կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնը, Կեդրոնականը, յանձնուած էր իր տաղանդին։ Իր դասերը, որոնք երեւցան Ամերիկայի « Հայրենիք » հանդէսին մէջ, արեւմտահայ գրականութեան պատմութենէն, անշուշտ աւելի են, քան տափակ բարբանջանքները

Վրթանես Փափազեանի մը, բայց չեն անցնիր դասային [14] իրա/155/կանութիւնը։ Ո՛չ մէկ տիրական կաղափար, նոյնիսկ իր ոգեպաշտութիւնը չեն միջամտեր զանոնք քիչիկ մը զսպելու համար անփոյթ վարդապետութենէն կամ ծեքծեքուն, դպրոցամոլ ոգիէն, որ գրաբարագէտ խմբակին կողմէ խմբագրուած դասագիրքերուն մէջ գրողները կը կենսագրէ, կը տասանորդէ համաձայն իրենց գիտցած լեզուներուն։ Ու մեր բախտէն, անոր ուժերը պիտի վատնուին մէկերկու, անկշիռ փորձերը, որոնց արժանիքը չէ որ կու տամ, այլ որոնց փաստով մեզի գալիք գեղեցկութեանց կորուստին կսկիծը կ՚արձանագրեմ հոս։

4. Իր ըմբռնածը մեր պատմութենէն ու գրականութենէն ։ Ապա՝ իր վերջնական ձեւին մէջ մտապատկերը, զոր ան կազմած է նոր գրականութենէն (հին մատենագրութիւնը գոց աշխարհ մըն էր իրեն համար ու աւելի քան դատապարտութիւն մը)։ Այս բառին տեսնել հաճեցէք Ալիշանը, Թերզեանը, Սէթեանը, Պէրպէրեանը, Չերազը, Եղիան։ Միւսները։ Անոնց մասին դասագրական կարճ էջեր ու այսքան։ Իրեն համար արեւմտահայ ճիգը այս մարդոցմով տարազուած մէկ–երկու յատկանիշներուն մէջ կը կործանի։ Ու այդ յատկանիշներէն մէկ կարեւորն ալ լեզուականն է։ Ռոմանթիքները հոգի, հոգեբանութիւն, տագնապ, իրականութիւն ըլլալէ առաջ տաղաչափական, ձայնական յօրինուածութիւններ են, որոնք ժուռ կուգան իրեն հաճելի ոլորտի մը մէջ ոգեպաշտ ու անդրգիտական, մելամաղձոտ բայց դալկահար։ Յետոյ՝ իմացականութեան պաշտամունքը, որ դարձեալ ծափահարութեանց յարդարանքի մը հետ կը շփոթուի, քանի որ Պէրպէրեանի մեծապայծառ իմացականութիւնը ձրի վերագրում ըլլալէ փրկելու ծառայող իմաստի տարրերը կը պակսին « Պտոյտ մը գաղափարաց աշխարհին մէջ »ն իսկ։ Արեւմտահայ ճիգը այսպէս պարզելէ, փոքրելէ, չքացնելէ ետք, ան կ՚անգիտանայ արեւելահայերը, թերեւս կարդացած իսկ չէ զանոնք։ Իրեն համար Պոլիսը /156/ կը խտանայ յիշուած հեղինակներուն լուսնահառաչ, եթերածուփ, դաշնաթաւալ մեղեդիներուն մէջ։ Ու քրոնիկներուն իմաստասիրութիւնը՝ « Մարդիկ եւ իրք »ի լրագրողին։ Գրականութենէն յետոյ կ՚անգիտանայ մեր պատմութիւնն ալ [15] ։ Ուրիշի մը, օրինակի մը համար Մեծարենցի մօտ ատիկա գայթակղութիւն մը չէ անշուշտ։ Բայց Չրաքեան հայ նոր գրականութեան պատմութիւնը դասախօսած է տարիներով, պերճ անծանօթութեամբ մը, այլուրութեամբ մը այս ժողովուրդին տասնըհինգ դարու գրական ճիգէն։ Ու չեղած բանի մը վրայ կարծեմ անտեղի է ծանրանալ։

/157/ 5. Արուեստի շուրջ իր գաղափարաբանութիւնը ։ Տրուած գետինի մը վրայ, սահմանները ամփոփ գրականութեան մը մէջ, մշակներուն գրեթէ անձնապէս ծանօթ գործունէութեան մը առջեւ (արեւմտահայ գրականութեան) տեսանք, թէ ի՛նչ ըրած է Չրաքեանը։ Բայց Շիրվանզատէի վէպին Գործակատարի յիշատակարանից ») մասին իր դատելու եղանակը, մանաւանդ ինքզինքը ներկայացնելու իր երկարաշունչ, համբերատար, պրպտող ոգին Ներաշխարհ »ի « Մեկնողական »ը) կը վկայեն, թէ Չրաքեանի մէջ virtuellement գոյ է քննադատը, գոնէ դատողը, հասկցողը։ Այս գետինին վրայ ան նման է Եւրոպայի միջին արուեստագէտին, որուն համար քերթուած, վէպ, ուսումնասիրութիւն պայման են գործունէութեան։ Չեմ կրկներ ըսածներս ասկէ առաջ այդ առթիւ։ « Ներաշխարհ »ը ամէն բանի կարգին կը զբաղի արուեստով ալ, բայց մեր, ինչպէս իր դժբախտութենէն, այդ հետաքրքրութիւնն ալ ծանծաղ, աննպատակ, պարագայական զառածում մըն է գաղափարներու աշխարհին մէջ ու նման է ուրիշ հետաքրքրութիւններու [16], որոնց ան տարադէպ արժէք ալ չէ վարանած ընծայելու։ Արուեստի մասին իր դատումները (ուրկէ ալ քաղուին անոնք իր գործին մէջ) մշշային են եւ անաւարտ։ Բանականութեան մեծ պաշտպանը, ըսի քանի մը հեղ, ամենէն անբանական, ամենէն քմայական, ամենէն անձնական գրականութիւնը ըրած է։ Ռոմանթիք բանաստեղծները իր ժամանակի ճշմարիտ քերթողներուն /158/ դէմ՝ արժեւորելու իր կեցուածքը (գիտէք, թէ ի՛նչ են ասոր շարժառիթները) չ՚արդարանար իր ո՛չ մէկ քերթուածով։ Շիրվանզատէի վէպը խորտակելու իր հաճոյքին ետին խուլ, չլսուած արհամարհանք մը կայ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն լուրջ շարժումին՝ իրապաշտութեան դէմ, որուն փառքին մէջ է, որ ան պատրաստուեցաւ գրագէտի մը ասպարէզին, զոր չգնահատեց պղտոր ու շիլ, եսասէր ու փոքրիկ հաշիւներով, բոլորն ալ անվայել իր տաղանդին, քանի որ կը մեկնին անձնական զանցառութիւններէ կամ արդիւնք են պոլսական թեթեւութեան։ Իր թափառական վարժապետի վիրաւոր արժանապատուութիւնը անտեղի կերպով կը յարձակի այդ շարժումին դէմ ու անկէ վեր ըլլալու պատրանք մը իրեն կը թելադրէ ցատկել այդ տասնհինգ տարիներուն վրայէն (1885-1900) ու փակչիլ անհուն Ալիշաններու գործին, զոր վստահ եմ, թէ չէ ալ կարդացած։ Այս որոշ հարցերուն դէմ որոշ կեցուածքներէն դուրս, պատառ–պատառ, հոս ու հոն տարտղնուած իր գաղափարներու փշրանքներէն ոգեպաշտիկ (spirituel) բարեխառնութիւնը, իր յաճախանքովը, ոգեհարցական իր հետաքրքրութեան ետին կիսասքօղ յիմարութեան հովէն անկախաբար, Չրաքեանի իմացական, գրական դէմքին մօտ է միութիւն մը ճարելու։ Ինչ որ տարեր էր ոսկի պատանութեան մը արշալոյսին ընդմէջէն Ներաշխարհ »), ոգիին փառքը, գերակայութիւնն էր ատիկա։ Խօսած եմ այդ մասին։ Արուեստը Չրաքեանի համար այլ ոգիին թանձրացումն է, ամէնուն մատչելի կերպարանքներու տակ։ Ու ատով՝ կը զգենու Ռիսքընեան լրջութիւն։ Դիւրաւ կը հանուին այս մայր տրամադրութենէն իր երկրորդական հետեւանքները։ Աստուածը գերագոյն Եզրն է այդ ոգիին, Ծոցը, ուրկէ փրթած ձեւեր են բոլոր միջին եզրերը, որոնք պիտի քալեն դէպի ակը, ուրկէ ելեր էին։ Ու արուեստի գործը, որ այդ զգայութիւնները չ՚արթնցներ մեր ներսը, որ միայն մարդկային պլանի յուզումներու է ատակ (իրապաշտութիւնը) անվաւեր է ու անլուրջ։ Պիտի փառաբանենք Սէթեանի աղկաղկ, թերխաշ, հնաբոյր, գրքունակ ոտանաւորը, որովհետեւ բառերուն ետին երկնային շառայլներու հիւսիսայգ մը կը թռչկոտի, հազիւ տեսանելի, բայց այդ բանն իսկ բաւ է, որպէսզի արհամարհուին Սիպիլեան սնգոյրը, ժանեակը, իրապաշտ պատմումը (ոտանաւոր)։ Այս անհաւասար նժարին մէջ տարիքը ոչինչ պիտի աւելցնէ։ 1913–ին իսկ Չրաքեան կը թուի հաւատալ ռոմանթիզմին։ Ու ասիկա աւելի է, քան պարզ անգթութիւնը իր արհամարհանքին ընդդէմ իրապաշտներուն։ Գիտեմ, թէ անտեղի բան է Չրաքեանի մօտ փնտռել արուեստը հասկանալու, դաւանելու, գործադրելու գիտակից ջանք մը։ Միւս /159/ կողմէն, ձեռք առէք գործը ոեւէ տաղանդաւոր գրողի (բացի Եղիայէն)։ Ձեր գտնելիքը մէկ կամ երկու-երեք մեծ գաղափարներու իրագործումն Է, եթէ երբեք կեանքը շնորհած է ատոր համար անհրաժեշտ բաժին մը ժամանակէն։ Կարեւորը ո՛չ թէ հոգեկան միութեան դժուար պահանջն է, որ երիտասարդութիւն մը օտար չ՚ընծայեր ծերութեան մը, այլ քիչ-շատ իր ամբողջութիւնը իրագործող շրջանն է մեր ստեղծածներուն։ Եղիշէ վարդապետ Դուրեան անտանելի տաղաչափ մըն է մինչեւ 1900, այսինքն կեանքին կէսէն ալ քիչ մը անդին։ Տասը տարի շքեղ քերթող մը, որմէ վերջ ուրիշ անշահեկան քերթող մը, որ կը զբօսնու այս ու այն քաղաքակրթութիւններէն հեքիաթներ փոխադրելով։ Բայց իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ան հաւատարիմ է ինք իրեն։ Նոյնն է պարագան Չօպանեանի, Զօհրապի։ Չրաքեան ո՛չ մէկ շրջանի ինքզինք չէ նուաճած։ « Ներաշխարհ »ը անհուն, որքան շքեղ խոստում մըն էր, որ մնաց խոստում։ « Նոճաստան »ը՝ ուրիշ։ Ու այս ամէնուն քովն ի վեր, արուեստի շուրջ իր գաղափարները տարբեր ճակատագիր չէին կրնար ունենալ։ Կրնայ արհամարհել քննադատութիւնը (ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոր պարտադրած ընթերցումները, մեթոտները, կառուցման ու ընդհանրացման պարտքերը), բայց չի կրնար իր միտքին բոցը խնայել։ Չրաքեանի ամբողջ գործին մէջ արուեստի հարցերը մնացած են այն տարտամութեան, տարրականութեան, պարագայականութեան ու պատահականութեան մէջ, որոնցմէ զերծ չեղան երբե՛ք իր միւս գաղափարները։

 

Չրաքեանի քննադատութիւնը բեռ մը չէ իր յիշատակին։ Անոր մէջ, երբեմն ամուր բռնուած տրամաբանական ուժ մը (Շիրվանզատէի առթիւ), երբեմն քերթողական արուեստի խոր թափանցումէն պատմող դիտողութիւններ Հովուական սրինգ »ին վրայ իր յօդուածը), երբեմն ոգեպաշտիկ յոյզերու տարր մը, միշտ արտայայտութեան վարպետ մը, բանաստեղծական խռովքներու հետամուտ ու զանոնք նուաճող արուեստագէտ մը իրարու կը միանան, փրկելու համար լրագրական թշուառութենէն ինչ որ ձգած է մեզի։ 

 


 



[1]     « Բիւզանդիոն »ի մէջ դասագիրքերու շուրջ դատումներ. « Պտոյտ » վերնագրուած ընդարձակ մէկ գրութիւնը կը խօսի Էտիրնէի մէկ մզկիթին, Սելիմիէ ի մասին։

[2]     Ինչպէս է այնքան յաճախ պարագան Արշակ Չօպանեանի քննադատութեանց մէջ, որոնք գաղափարի դրութենէ մը բխելով հանդերձ, քնարական յոյզեր, հաղորդականութիւն, ոճի փաղփիւններ կարծես կը ձգտին նուաճել, աղօտելով, այդ իսկ գնով, մտածման արարքին լրջութիւնը։ Չօպանեանի մօտ շփացած սա արժանիքը թերեւս արդար ալ է անկանգնելի հետեւակութեան, աղքատութեան դիմաց դատող միւս դպրոցին, որ կը տիրէր արեւելահայոց մէջ պատերազմէն առաջ եւ որ պատերազմէն ասդին ուռեցուցած է իր յաւակնութիւնները ընկերաբանական ալ թեզիսներով ու գէշ գրելու մեղքը ծանրացուցած սուտ ու սխալ, անարդար ալ ըլլալու շնականութեամբ:

[3]     Կան այս բացառիկ տղաքը, որոնք ուրիշներու 4-5 տարիէն տեսնելիքը կ՚առնեն քանի մը ամսուան մէջ ու սեղաններուն վրայ դպրոցին կը չափեն ուրիշներ։ Անոնք տաղանդ, հանճար ըլլալէ առաջ, կանխահաս միտքեր են։ Չրաքեանի ընկերներէն մեզի հասած վկայութիւններէն դժուար չէ հետեւցնել սա հանգամանքը, որուն համեմատ ան դասերովը չէ զբաղած, կռիւի, թերթի, նկարչութեան յատկացնելով իր օրը։ Ու կը հասկնաք զինք, երբ մտիկ չ՚ըներ դասերը իր ուսուցիչներուն, որոնց միտքը իր միտքին համազօր էր սեղաններուն վրայ իսկ, այդքան կանուխէն։ Պէրպէրեանի ազդեցութիւնը հաւանաբար իմացական, գրական ըլլալէ աւելի հոգեբանական էր անոր վրայ։ Այլապէս գէթ պիտի ունենայինք իրմէ կտորներ, որոնք այդ ազդեցութիւնը (գրական ) բացատրէին, ինչպէս է պարագան Չօպանեանի տղայութեան քերթուածներուն, որոնք ժանտօրէն Թերզեան կը հոտին։

[4]     Չրաքեանի ոճը որոշ յեղաշրջում մը կը մատնէ դէպի Բանականութիւն Ներաշխարհ »էն ետք)։ 1913–ի յօդուածները, « Ոստան »ի մէջ իր ճառը եւ ոգեհարցութեան վրայ իր ուսումնասիրութիւնը տարիքին լիութիւնն ու գրական աւիշին նիհարացումը չէն թելադրեր միայն, այլ նոյն ատեն կը պարզեն իր միտքին տարողութիւնը, անոր տաղանդին ուղեղային նկարագիրը ։ Առաջին երիտասարդութեան տարիները, կրակը. խոյանքները հազիւ յուշի մը պէս կը թեւածեն ու կ՚անցնին «Բիւզանդիոն»-ի 4. 000 թիւին առթիւ իր « Պտոյտ »ին մէջ, որ կը սկսի « Ներաշխարհ »եան թէքնիքով, բայց շուտով կը խէլօքնայ։ Ու բանականութեան սա դարձը՝ ծանրաբեռն ոճի թարթափումներէն վերջ, ու խաղաղ, օծուն գեղեցկութիւնը այդ զգայութիւններուն՝ ամբողջ գինը կու տան մեր կորուստին այս տարօրինակ տաղանդէն, որ ըսէր անգամ մը, ե՛րբ այլեւս պիտի շնորհուի մեր գրականութեան։ Պոլսական նկարագիրները այդ գրականութեան, իրենց ամենէն հարազատ մեկ–երկու արտայայտութիւնները (դրականներուն կ՚ակնարկեմ) գտան այդ ոճին մէջ: Միայն Չրաքեանի ոճին օրկանիզմը հզօր փառք մըն է այդ գրականութիւնը իր բոլոր տկարութեանց մէջ իսկ պաշտպանելու կարող։ Ու անոնք, որ եւ ուրանան Սէթեանը, Պէրպէրեանը, եւ կ՚ընեն ատիկա Չրաքեանի, Չրաքեաններու օրինակէն սիրտ առնելով։

[5]     Երբ կը վերլուծէ « Գործակատարի յիշատակարանից »ը, իր հարուածները, իրապաշտութեան վրայէն, ուղղուած են մեր իրապաշտներուն: Իր գնահատանքը, ռոմանթիք Սէթեանէն, նոյն խաղարկութեամբ, կը բարձրանայ ռոմանթիզմին, որուն նորոգեալ ձեւն էր բանապաշտ–ոգեպաշտ–հռետոր իմաստասիրութիւնը ընտրողական դպրոցին . Քուզէն)։

[6]     Այս գրականութիւնը նորերուն մէջ գտաւ զարմանալի ընդունելութիւն: Օրաթերթերուն մէջ, հանդէսներուն մէջ հասարակ իրողութիւն է այսօր տարազներու տարափը։ Կը զբաղիմ միայն տաղանդաւոր զեղծանող Կոստան Զարեանով, որ իր այդ բանաձեւերով, բոլորն ալ խնդրական, ոսին (ֆրանսացիք կ՚ըսեն creux) անցաւ իբր հսկայ մը հայ միտքին, մէկը, որ մտածման առիթ իսկ չունէր, այնքան` ապրելու, զգալու, ձեւերով արբենալու, այսինքն գրագէտ մը որոշադրող տուրքերու հեղեղին մէջ խորասոյզ էին իր օրերը։

[7]     Հակառակն է, որ ըրած է, ուրանալով մեր լեզուին դաշնակութիւնը (առանց կասկածելու, որ ծիծաղելի բարբանջանք մը կ՚արձակէր, քանի որ լեզու մը ժողովուրդի մը թեւաւոր մարմինն է ու այդ ժողովուրդն է ամէն բաներով), բաղաձայններու խուժ տիրապետութեան մը տակ կարծելով անոր ոգին, ու չէ անդրադարձած, որ մեր ժողովրդական բանաստեղծութիւնները ձայնական ամենէն քնքուշ յօրինումները գործադրող հրաշալիքներ են, հեզասահ ու դաշնաթաւալ, նման երաժշտութեան, որ զանոնք իր բոցէ շապիկին մէջ առած կը տանի։ Բարբառներու խոժոռութի՞նը։ Բայց եւրոպական ո՞ր լեզուն զերծ է անոնցմէ։

[8]     Ասոր համար, « Ներաշխարհ »էն դուրս ունինք « Նոճաստան »ը, որ իր կարգին իբր յօրինում հիմնովին կը հակասէ հաստատ, օրինաւոր, ապահով ճարտարապետութեան (որ կ՚իշխէ դասական քերթուածի մը գործադրութեան մէջ)։ Ունինք անոր տպաւորապաշտ էջերը Դէպի Եփեսոս », « Խալքի », « Սամոթրակէ », « Տաւրոսէն անցք », « Նկարը », « Պտոյտ »), բոլորն ալ արդիւնք շատ ինքնատիպ կեցուածքի մը, զոր կը կերպադրեն ձայնական, երկնային զգայութիւններ (այսինքն ամենէն վաւերական օրէնքները ռոմանթիզմի)։ Նոյնիսկ իր դատումները յաճախ ենթակայ են խառնուածքի սա կենսական հեղումին։

[9]     Մեղք չեմ գործեր յստակութիւն պահանջելով կալուածի մը մէջ, ուր աղջամուղջը, անդունդը տիրական են դժբախտաբար ամէն անիրաւ դիտողի ու համեստ դատողի համար: Ու « Ներաշխարհ »ը իր ոգեղէն յօրինուածութեան մէջ զիս չի նեղեր։ Չեմ նեղուիր դարձեալ, երբ « Հովուական սրինգ »ին վրայ իր ուսումնասիրութեան մէջ Չրաքեան սքանչելի թափանցումով մը կը մտնէ հոգեբանութիւններու մէջ, որոնք պայծառ են այնքան։ « Էմմաուսի ճամփորդները » քերթուածին . Դուրեան) երբ վերլուծումը կ՚ընէ, Չրաքեան կը յաջողի մեզի փոխանցել շատ յստակ յոյզեր, սարսուռներ, բխող՝ տեղէն, պահէն, խորհուրդէն ու ... աւելիէն, այսինքն՝ ոգեղէն ամբողջ է մը, որ կը գոհացնէ զիս։ Յետոյ, այդ յստակութիւնը դարձեալ, կամաց–կամաց, որ կը զարգանայ զայն ընկղմելու, վրիպելու աստիճան Շաբաթ ին Պրոպատիկէին մէջ։ Այն ատե՞ն: Ո՞ւր է հիմնական ակօսը սա զգացողութեան։ « Հայր գթած »ին Ներաշխարհ ») խորունկ մարդկայնականութիւնը չեմ ուրանար։ Բայց չեմ հասկնար այդ զգացողութիւնը իմացական դրութեան մը բարձրացնելու իր յիմարութիւնը։ Ըսել է, այդ ոգեղէն իրողութիւնները իրեն համար գրական թեմաներ են, երբ կը մտնէ իմաստի կեանքէն ներս. յետոյ քիչ-քիչ կը փոխուին ու կ՚ըլլան տոկմաներ ։ Իր նամակները Շաբաթը պաշտպանող՝ տխուր փոքրացումն են այդ հզօր մթերքին:

[10]   Պարագայ, որուն պատասխանատուութիւնը կու գայ դարձեալ մեզի 1880–էն, երբ Եղիա մը, Պէրպէրեան մը կը կարծեն իմաստասիրել, իմաստասիրական դրութեանց յիշատակումներ կամ հեղինակներու անուններ քշելով յօդուածներու մէջ։ Չրաքեան չէ իսկ գտած ճշմարիտ ոգեպաշտ դրութեան մը ամբողջական սարիքը։ Ինչպէս « Ներաշխարհ »ի մէջ անիկա զգացում մըն էր, « Հովուական սրինգ »ին վրայ իր ուսումնասիրութեան մէջ ալ չէ դադրած այդ զգացումը ըլլալէ։ Ու զգացումը գրական թեմա է ամէն բանէ առաջ։ Արեւմտահայ գրողներուն համար մտածումը, ինք իր համար, գոյութիւն չունի։ Չեմ կրկներ ինչ որ ըսի կանխող գլուխներուն մէջ այս մասին։

[11]   Որ իր կարգին եւ ապացուցանէ դարձեալ զգացած բարկ, բարդ, անյագուրդ դրութիւններ։ Բոլոր հերձուածողները, ըլլալէ առաջ եկեղեցիին անէծքովը խարանահար դժբախտներ, եւ մարդեր, որոնց մէջ այդ հարցերը կը գտնեն ուժգնութիւն մը, խտութիւն մը՝ համեմատական զիրենք արտադրող ջղային, ուղեղային դրութիւններուն ու ատով կը դառնան ընդհանուր միջինին մարգարէ, արուեստագէտ, յիմար, տեսանող, գերազանցապէս ոգեղէն էակներ։ Չրաքեանի Շաբաթը Պրոպատիկէ մըն էր, ուր ան տարաւ թաղելու իր արդէն անդամալոյծ ուղեղը, զոր կրծած էին իր անյագուրդ ջիղերը, իր երազներուն սղոցները, իր փառասիրութեանց որդերը։

[12]   Ճշմարիտ հոգեկան վիճակ մըն է ասիկա, նման ուրիշներու (քնաշրջիկութիւն, տեսանողութիւն, պայծառատեսութիւն եւ այլն)։ Զայն վերլուծած են հոգեբաններ։ Չրաքեանի Շաբաթը անոր մէկ կերպարանքն է, բայց այս շաբաթը այլապէս կարելի է բացատրել։ Երբ իր տունն ու զաւակը, կինը ձգած, ան կ՚ապրի յոյնի մը տունը, մենք կը մղուինք մարդկօրէն դժուար ընդունելի մտածումներու։ Բայց, երբ այդ մէկը յոյն աղջիկ մը կը ներկայացնէ իբր Չրաքիտիս, իբրեւ իր քոյրը, որուն տունը բացուած է իր առջեւ յանուն այս ու այն երկինքներու, մենք կը մնանք շփոթահար։ Ո՞ւր կը սկսի երկինքը սա մեր աշխարհին վրայ։ Մարդոց ստուարագոյն մասին համար անիկա կնոջ մը փէշերուն հորիզոնովը պայմանաւոր է։ Չրաքեան հանճար մը ըլլալով չի դադրիր մարդկութենէն։ Ու այն ատեն պարզ կը դառնան վիճակներ, որոնք անհասկանալի էին առաջին ակնարկին։ Բայց, վայրկեան մը լռեցնելով մեր մէջ բոլոր կասկածները, երբ կանանք հանդարտ դատումով մը երեւոյթին առջեւ, որ այդ զառածումն է, միսթիքին անհրաժեշտ յորդութիւնը, բացարձակութիւնը չէ որ կը հաստատենք Չրաքեանի կրօնազգած զեղումներուն մէջ։ 1911–ին, 1913–ին, ան, այդ միսթիքը, մեծ չափով գրական է, կրնամ ըսել աւելի յստակ քան 1900–ին, 1906–ին։ Այն ատե՞ն։ Ու հարցը կը մնայ աւելի քան բաց։ Հսկայ, անկանգնելի կեղծաւորութի՞ւն մը այդ հոյակապ խաղարկութիւնը։ Չեմ համարձակիր։ Բայց չեմ կրնար ընդունիլ, որ Չրաքեանի երկինքը միսթիք, թանձրացեալ իրականութիւն մը ըլլայ, ինչպէս երկինքը բոլոր միսթիքներու, որոնք աշխարհէն կը սկսին երկինքը։

[13]   Մեր գրական դպրոցները աւելի են, քան իրենց ընթացիկ արժէքը օտարներու մօտ: Մերինները պարտաւոր էին մէկէ աւելի ձգտումներ թեւարկել, մաքսանենգել։ Ռոմանիքներուն մէջ գրական կեցուածքը, շեշտօրէն հայրենասիրական, ազգայնական է։ Մեր իրապաշտներուն կարգախօսը Ժողովուրդը իր ծագումը կ՚առնէ մեր յեղափոխութենէն։ Մեր խորհրդապաշտութիւնը գրաքննութենէն փախչելու ճարտարանք մը ունի իրեն ազդակներուն մէջ։ Կը հետեւի, թէ գրական շարժումէն առանձնացում մը չի բացատրուիր իր սիրածը արհամարհելու չտես ու տմարդի հոգեբանութեամբ մը, քանի որ օրուան սին փառքերուն բոլոր աղմուկին հակառակ, մեր գրականութիւնը թաքուն ուղղութիւններով կ՚առաջանայ դէպի իր նպատակը մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ իմացական ազատագրումը։ Թէ Չրաքեան անտարբեր էր այդ ամէնուն, ըլլալով վեր ազգէն, ազգայինէն, ճիւաղութիւն մը աւելի բարդել պիտի նշանակէր իր արդէն ծանրաբեռն յիշատակին։ Հանճարային Զարեանն անգամ, իր բոլոր անհեթեթութիւնները ստիպուեցաւ լռեցնել, երբ շփման մէջ եկաւ իր ժողովուրդի տառապանքին։ « Անցորդը եւ իր ճամբան » գեղեցիկ գործ մըն է, « Երկիրներ եւ աստուածներ » եղջերուաքաղին հետ բաղդատուած։ Զսպանակը՝ ազգային ձգտումը։

[14]   Բացի իր գրուած բառերէն, խօսուած ճառերուն մէջ մուտք ունեցած դատաստաններէն, Չրաքեան գրասեղաններու վրայ որոշ խաչակրութիւն մը կատարած է ընդդէմ իր սերունդին ամենէն ամուր փառքերուն, անոնց գործերուն մէջ անխուսափելի թերացումները, նուազումները, անբաւարարութիւնը խոշորցնելով։ Կը պատմէին իր ելոյթը « Տրտունջ »ին դէմ . Դուրեան), զոր կը կործանէր յայտնի հեշտանքով մը, ինչպէս կը փառաբանէր այլապէս կեդրոնականի կուսակցամոլ ուսանողութեան դէմ. սա նոյնքան կուսակցամոլ կեցուածքը թերեւս պատճառ է, որ իր հոգին չըլլայ անցած ո՛չ մէկ խումբի, գոնէ քանի մը անհատներու։ Եթէ գրագէտ մը առանձին անասունն է սա մեր աշխարհին վրայ, չունիմ առարկութիւն։ Այդ պատիժը արդէն բաւ էր իրեն: Բայց Չրաքեան անդադար խօսած է հոգիէն, բարոյական արժէքներէն, ոգեպաշտ ուղղութիւններուն տիրական փառքէն, առանց ազդելու ոչ ոքի վրայ։ Ու այն, որ ամենէն աւելի իրաւունք ու կարողութիւն ունէր իր գաղափարները գործնապէս պաշտպանելու (քանի որ մամուլ ու դպրոց չպակսեցան իրեն), եւ ունէր պարտքը մեր գրականութիւնը գէթ իր արդիւնքներովը դատելու, կշռելու (քանի որ ատոր կարելիութեան փաստը կայ մէջտեղը), թերացաւ այդ մայր պարկեշտութեան առջեւ ու մէկ–երկու պոլսական անուններու շուրջ կեդրոնացուց իր իսկապէս ամուր ուժերը: Ի՞նչն է ուղիղ, բնականոն այս մարդուն, որպէսզի ըլլային ատիկա իր դատումները։

[15]   Այն սերունդը, որ իր զարգացումը առաւ 1885-1908–ի շրջանին, Պոլիս, վիրաւոր է նոյն մեղքով։ Գրաքննութիւնը, ազգասիրական ռոմանթիզմը արգիլելով հանդերձ, անկարելի դարձուց այն իսկապէս օգտաւէտ հետաքրքրութիւնը, որով այդ գիտակցութիւնը հրապոյրն ու արժանիքն էր նոյնիսկ իրապաշտներուն։ Ու սերունդ մը իր անցեալին հասկացողութեամբ կ՚իջնէ ու կը լրջանայ: Այդ երանգը, ատկէ դատարկութիւնը անոնց յաջորդ սերունդին աւելի է, քան պարզ պակասութիւն մը։ Սնոտիքով շփանալու, նկարչութեամբ պարծենալու մեղքերը տեսակ մը հակահարուած են այն խոր անգիտութեան, ուր իր զգայութիւնները կը կազմակերպէ մեր 1900–ը։ Մեր հին գրականութիւնը լեզուաբանական վիճաբանութիւններու հանդէս մըն էր։ Շնորհալի թարգմանելը՝ գրական մեծ վաստակ։ Այդ ալ կանխողներուն ձեռքով։ Չրաքեան քանի մը հոլովական զիջումներ կը կարծէ արժեւորել։ Ու հիներուն լքումը բանասէրներու շաղակրատանքին կը լրացնէ աղէտը: Այսպիսով է, որ երեւան կու գայ գրական սերունդ մը, որ նոյնիսկ ազատ աշխարհ անցնելէ վերջն ալ պիտի չգտնէ ատեն իր հարցը գրականութիւնը զգալու։ Երբ ուրիշ ժողովուրդներու համար անցեալի ժառանգութիւնը ներշնչման ու նորոգման աղբիւր էր, մեր 1900–ի մեծ տաղանդները, Եւրոպա ապրածներն ալ մէջը ըլլալով, իրենց ցեղին ծանր ճակատագիրը իր ներկային հետ միայն կրցան ըմբռնել։ Կոմիտաս մը արեւելահայոց մէջ կարելի` Պոլիս հրաշք մըն էր 1908–էն վերջ։ Չրաքեան ոչինչ կը հասկնայ իր ժողովուրդէն ու այդ անհասկացողութեամբ չտառապելէն զատ, չի տառապիր նաեւ անոր ներկայովը։ Ըսի, թէ Ատանայի եղեռնը չարժանացաւ իր գութին։ Միայն Սիամանթօն արհամարհելու ձեւ մը չէր ատիկա իւսկիւտարցի Չրաքեանի մօտ, այլ աւելի խորունկ խօթութեան մը փաստը։ Ահա՛ թէ ինչո՞ւ, սիրելով հանդերձ Մեծարենցը, Տիկին Եսայեանի Պոլիսը, Վ. Թէքէեանի Եւրոպան, յանձինս այդ հեղինակներուն, մենք կը գորովինք սխրագին ու տրտում Վարուժանի մը քերթողութեան առջեւ, մոռնալու չափ ծանր հռետորութիւն, առաւելազանցում ու ռոմանթիզմ։ Նոյնն է պարագան նաեւ այսօրուան սերունդին (Եւրոպա, Ամերիկա, Եգիպտոս), որ առանց հայ ըլլալու ատեն ճարելու, կը գրէ հայերէն։

[16]   Միայն հետաքրքրութիւն մը չէ իր մօտ ընկերային հարցը, քանի որ կենսաշահութիւն տարազին տակ ան տառապանք ալ կը թելադրէ։ «Ներաշխարհ»ի մէջ ան էջեր նուիրած է աշխատանքի, հացի, տաղանդի, արդիւնքի հարցերուն ու անուններ քալեցուցած, ցոյց տալու համաը ընթերցումներու ապահովութիւն մը։ Բայց չէ անցած անկէ անդին։ Ընկերային դրութիւն մը անոր քսանամենի ուղեղին համար այնքան իրականութիւն է, որքան տիեզերք մը խոկալու անոր գեղեցիկ բայց վրիպած փառասիրութիւնը։ Չեմ ըներ հոս քաղը Չրաքեանի ընկերային գաղափարաբանութեան, անոր համար, որ գրչի խաղեր են անոնք, քան թէ պրպումի, ընթերցումի, առնուազն համոզումի արդիւնք անկեղծ վկայութիւններ: 1900–ին աշխատանքը ահաւոր ընդարձակութեամբ հարց մըն է, յղի ահաւոր հեռանկարներով (պատերազմը այնքան հակադիր հետեւանքներով պիտի լուծէր այդ հարցը, Եւրոպան բարեկարգելու մեծ, սրբազան խաչակրութիւնը շեղեցնելով իր բուն նպատակէն, զայն իրագործող ուժերուն անխելք մէկ փոխանակումովը: Ընկերային հարցը կ՚իյնար թաթին տակը ամենէն անուս, ասիացի, աղքատ ժողովուրդներու հոյլին, մինչ Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա կը խզտէին զայն, անոր դէմ նոյնքան անողորմ ճակատով մը)։ Չրաքեան դուրս է այս ամէնէն։