Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ը. ԳՐԱԳԷՏԸ

/186/ Չրաքեանի աշխարհին մասնակի արժէքը, գրական նկարագիրը պատճառներ էին, որպէսզի անոր դէմքին յօրինումը օգտագործէր մասնակի, շեշտօրէն գրական տուեալներ։ Եթէ կը բանամ զատ բաժին, հոն ուսումնասիրելու համար գրելու արուեստին վիրթուոզը, որ կայ Չրաքեանի մէջ, ատիկա արդիւնք է այն պղտոր, յաւակնոտ, բայց միշտ արուեստախնդիր եղանակին, որով իրագործեց այդ մարդը ինզքինք։ Չրաքեանի զգայարանքներէն աչքը միայն շահագրգռված է անոր գործով։ Ան զգալու տեղ տեսաւ, յուզուելու տեղ խորհրդածեց, ապրելու տեղ երազեց։

* * *

« Ներաշխարհ »ը իր համբաւին (նկատի ունիմ փառաբանանքն ու չարախօսութիւնը) մէկ կարեւոր մասը պարտական է

ա. իր լեզուական զանցումներուն,

բ. նորաբանութեանց,

գ. նոր բարդում–ածանցումներու,

դ. նախադասութիւնները դասաւորելու իր ինքնեկ կերպին,

ե. նոր կէտադրումի փորձերուն,

որոնք բոլորն ալ կը շահագրգռեն լեզուին գործարանաւորութիւնը։ Անմիջապէս կ՚աւելցնեմ, որ քերականական տագնապ մը չի խօսիր այս ամէնուն ետեւէն, որուն նման վիճակներէ անցած է արդի աշխարհաբարը, կիսադարեան կեանքի մը ընթացքին [1] ։

 

/187/ ա. Զանցումներ ։ Ասոնք արդիւնք են քմահաճ ձայնաբանութեան մը օրէնքներուն (բառին տալով կամայական առում)՝ լեղակապոյտ = լեղակ + կապոյտ։ Չրաքեան « Մեկնողական »ին մէջ կը պաշտպանի այս զանցումը, լեզուին բնազդական մէկ ձգտումը օգտագործելով, որուն համեմատ կրկնակ գիրերը առհասարակ կ՚իյնան գործածութեան մէջ։ Բայց գիր ու վանկ նոյն բաները չեն։ Կեղծամ = կեղծ + ծամ ձեւը անուշիկ թեթեւացում մըն է ու շահ մը։ Լեղակ էն երբ զեղչէք ակը, մաս մը կտրած կ՚ըլլաք անկէ։ Կեղծ անդամահատութիւնը (Չրաքեան պիտի գրէր անդամատութիւն ) տարբեր բան մըն է գիրի մը անկումէն։ Նշոյլհոսել = նշոյլ+ա+հոսել։ Հիւլէդրութիւն = Հիւլէ+դրութիւն։ Պատրելութիւն = պատրելի+ութիւն։ Սահմաններգեւող = սահմանը ներգեւող։ Մեղադիանալ = Մեղեդի ըլլալ։ Դիմակայել = դէմը կեցնել։ Այս տեսակէ նորութիւնները շատ են « Ներաշխարհ »ի մէջ։ Արդար ըլլալու համար, աւելորդ չէ դիտել տալ, որ լեզուին դէմ սա մեղանչումները տեսակ մը զառածումն են իր միւս մասնայատկութեան, նորաբանութիւն ընելու անդիմադրելի պահանջին։ Յետոյ, անոնց համեմատական սակաւութիւնը (բաղդատուած նոր կերտումներու ահագին թիւին) եղանակ մը ըլլալէ կ՚ազատէ սա քմահաճութիւնը։ Իրողութիւն է, որ այդ մեղքերը չեն վնասած գիրքին։ Մաքրախոյզները (puriste) անշուշտ պարտաւոր էին արդարացնել իրենց գոյութիւնը։

բ. Նորաբանութիւններ [2] ։ Բազմատեսակ են անոնք։

  /188/ Ոմանք օտարներու մօտ իրենց որոշ իմաստը ամրակալող բառերու փոխադրումն են մեր բարբառին, անկախաբար արդէն գոյ բառերու անտեսումէն։ Անոնց կազմութիւնը չի պաշտպանուիր լեզուական խորունկ զգայութիւններու նպաստով մը։ Այսպէս

կայանիլ = végéter

ժանտարերք = miasme

բարոյակրօնութիւն = ?? (չեմ գիտեր ո՛ր ֆրանսերէն բառը կը փոխադրէ այս բառը).

հեւերփնում = թերեւս՝ moiré

թռանցնիլ = effleurer (կար հպանցիլ)

յանկչիլ = s՚orienter

քայքայական = décadant

հրաշավիպական = թերեւս՝ mythe–էն

քապալեզու = cabale

արտաքնել = extérioriser

դէմյանդիմանութիւն = intuition

ուրուապատկեր = silhouette

բնօրէն = normal

տարակշիռ = déséquilibré

իւրագրաւել = assimiler

 

հարիւրներով կան այս բառերէն. մեծ մասին մօտ փակագծեալ ֆրանսերէնին մէկ–երկու նախավանկերը։ Անոնք իբր թէ պէտքի մը ծնունդ, յաճախ վայրկենական ներշնչման մը տակ, կ՚իրանան, շատ ալ չպահելով կարելի հարազատութիւն մը։ Տեսլահարը գործածուած է /189/ halluciné իմաստով, մինչ տեսլականը ՝ կը պատասխանէ idéal–ին, տեսլապաշտութիւնը ՝ idéalisme–ին։ Նոյն արմատին իրարմէ հեռու իմաստներ ծածկելը քմահաճ արարք մըն է իր մօտ։ Աւելի՛ն. իմաստասիրական բառերու առջեւ իր անտարբերութիւնը գայթակղեցուցիչ է պարզապէս։ Կը յիշէք, թէ մէկէ աւելի terme–եր կը գործածեր նոյն բառին համար (intuition = ներհայեցութիւն, դէմ յանդիմանութիւն, անդրհայեցութիւն)։ Զուտ իմաստասիրական տարազները ան կը գրէ առանց գութի ու առանց ճշդումի։ Այսպէս մտածում, որմէ մտածողութիւն, որմէ՝ մտածողականութիւն ։ Այս terme–երէն իւրաքանչիւրը առանձին իմացական արարք մըն է։ Վերածեցէ՛ք ֆրանսերէնի։ Պիտի շուարիք։ Անշուշտ աշխարհաբարին զարգացական վիճակը որոշ չափով դեր մը ունի սա մշշայնութեան մէջ, բայց սխալ պիտի չըլլար ենթադրել, թէ Չրաքեան պիտի զեղծանէր անոնցմով նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ լեզուն ըլլար կազմած իր իմաստասիրական բառամթերքը։ Այս կերպով կազմուած բառերու առջեւ ընթերցողը միշտ վախի մէջ է։

Ուրիշ կարգի նորաբանութիւններ, որոնք պատկերի մը եւ մտածումի մը միաձուլումն են ու կու տան ստուար տոկոսը իր կողմէ կերտուած բառերուն։ Այսպէս՝

Սեւադրոշմ, ներբաւիղ, ցնորակերտում, անարտաբերելի, անդրակենսութիւն, հանրէութիւն, երկբայաղօտ, խստագծուիլ, աստղակայլակ, սլաքօրէն, առնավայրի, ներէական, ընդերեւում, ժանիցայտք, անդրզգացնել, հիակերտում, հիասարսուռ, չքամոլութիւն, ըղձատեսուած, տեսլանկարուած, ծածկաղօթք: Այս կարգէ բառեր կը վխտան, ամէն էջի մէջ։ Հեղեղատիպ սա յօրինումը, իր յամառութեամբը, անգթութեամբը, կը դատուի վերի դասակարգին մէջ դիտուած բառերէն։ Անիկա Չրաքեանի գրական դաշտերէն տեսակարար կշիռը տուող փաստ մըն է։ Կան անշուշտ այս կոյտերուն մէջ վրիպած, բարբարոս միութիւններ, բայց իրենց մէկ մասին մէջ անոնք համադրող միտքի մը շողարձակումներն են, որոնց մէջ անոր տաղանդին երկու հիմնական կողմերը, զգայական եւ իմացական զոյգ ախորժակները կը համաձուլուին։ Այդ նորակերտումները կը շահագրգռեն իրեն չափ մեր լեզուն, անոր արտակարգ կենսունակութեան [3] /190/ մասին վկայութիւններ կազմող։ Եւ որովհետեւ բառը անարժէք բան մը չէ, նոյնիսկ բառարանին մէջ, այսինքն՝ դարերու ճիգին գնովը հակառակաց գանձարանին մէջ, կը հասկցուի թէ ամէն նորակերտում՝ յաւելում մըն է այդ հարստութեան։ Եղիայէն ետք, Չրաքեան արեւմտահայ աշխարհաբարին ամենէն երախտաւոր գործաւորն է ապահովաբար։ Յետոյ, Եղիայի նորակերտումները ենթակայ էին Եղիային, այսինքն մարդու մը, որ ապրեցաւ իրականութեան լուսանցքին գիրքերու բաւիղին խորը ու իր ստեղծումները մեծ մասով բառարաններու կողքը ունին իրենց ձուլարան, կամ գիրքերու մէջ ուրուացող ստուերային լուսարձակումներ։ Թերեւս այս է պատճառը, որ անոր բառարանները (մասնաւորապէս ֆրանս. հայ. ը) պարունակեն մեծ թիւը այդ նորութիւններուն։ Չրաքեան իր բառերը կը ստեղծէ գիրքի, ինչպէս արտաքին աշխարհի վրայ։ Անոր նորակերտումները կը բաշխուին իմացական ու զգացական կալուածներու վրայ հաւասարապէս։ Ու ինչպէս իր գործին ամբողջական ուսումնասիրութիւնը կը փաստէ, /191/ իմացական գետնին վրայ այդ նորութիւնները երբեմն անկայուն, անապահով յօրինումներ են, մինչ զգացական կալուածէն իր նորութիւնները կը մնան քանդակագեղ, անկորուստ, առնուազն անոր գրական նկարագիրը լուսազարդող [4] ։

Թէ այդ կերտումները կ՚արժե՞ն ճիգը ուրիշ հարց։ Ուրիշ հարց՝ անոնց թիւը՝ Չրաքեանի լեզուին կամ արեւմտահայ աշխարհաբարին վրայ։ Այս հարցերէն առաջինը ունի խոցելի կողմեր։ Բառակերտութիւնը, երբ կ՚ելլէ անհրաժեշտութեան մը սահմաններէն ու գրական եղանակ մը կ՚ըլլայ, այս իսկ հանգամանքով կը վտանգէ իր լրջութիւնը։ Բառարան կազմողներու մօտ թէեւ որոշ չափով մը հանդուրժելի, գրուած էջի մը վրայ իրար հալածող նորաբանութիւնները անխուսափելի կերպով կը յանգին բռնազբօսութեան։ Մեծածաւալ (Չրաքեան պիտի ախորժէր՝ մեծաւալ ) աշխատանք մը մասամբ մը կարելիութիւն կը ներկայէր այդ նորութիւնները իւրացնելու։ « Ներաշխարհ »ի 250 էջերը շատ նեղ կու գան հազարի մօտեցող սա յօրինումներուն։ Ու այս է պատճառը թերեւս նեղութեան, յոգնութեան այն զգացումին, որ ի վերջոյ կ՚արթննայ մեր մէջ։ Չեմ գիտեր ինչո՞վ աւելի է տարակշիռը անհաւասարակշիռ էն։ Կրնա՞ք, առանց ֆրանսերէնի օգնութեան (որ գրուելով միայն կու գայ բառին կուշտին, հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կայաճիլ ը, végéter, ուր աճումը չէ, որ կը կազմէ բառին հիմներանգը, այլ բուսային, բոյսերու նման ապրումը ։ Այսպէս, երբ իրաքանչիւր նոր բառ զարնուի զննութեան, կը պարզէ խոցելի կողմ մը։ Աւելի՛ն. Չրաքեան, զանոնք կերտած ըլլալով սեպհական գործածու/192/թեան մը ի խնդիր, անոնց տուած է շատ անձնական նկարագիր մը, որով անոնք երկար ատեն կը զատուին բառերուն յատուկ անանձնութենէն։ Չէ ընդունուած նոյնիսկ ներաշխարհը (արդի լեզուին մէջ) ո՛չ թէ իմաստէն պակաս, պէտք մը լրացնող տարր մը չըլլալուն (հակառակն է, որ ճիշդ է), այլ կրելուն կնիքը, շատ զօրաւոր կերպով, Չրաքեանի։ Մարդիկ պիտի զգուշանային ուրիշի մը գրականութիւնը (բառը հոս արուեստի տարր, յատկանիշներ կը պարունակէ ու այսպիսով կը դառնայ անհատական սեպհականութիւն) գործածելէ իրենց կարիքներուն համար։ Երկրորդ նկատումը՝ այդ բառերուն բեռ մը ըլլալուն, կը հաստատուի մատենագրական պատմութեան մէջ նմանօրինակ երեւոյթներուն ճակատագրովը։ Յունաբան դպրոցը հազարներով բառ է կերտած մեր մէջ։ Ու այդ դպրոցը Չրաքեանի նման անհատ մը չէ, այլ հանրային ձեռնարկ մը գրեթէ, քանի որ ուսուցողական պէտքի մը համար էր, որ այդ քերթողասէր վարդապետները, առնուազն բնագրական հաւատարմութեան մը պակասումին մէջ, կերտեր էին իրենց բառերը, որոնք իրենց աշակերտող ուրիշ դպիրներու միջոցով սփռուեցան կրօնական գործունէութեան շատ ընդարձակ պարունակին մէջ։ Մեր լեզուն քանի մը հարիւր բառ անցուցած է այդ մեծատարած մթերքէն, իր ներքին պէտքերուն լրացումին։ Մնացածը մեռած է, բայց Զ. . դարերու մեր մատենագիրներուն գործը անդարման կերպով խարանելէ ետք։ Չի կարդացուիր տաղանդաւոր Գրիգոր Մագիստրոսը, վասնզի ԺԱ. դարուն կը յամառի Սիւնեաց վարդապետարանին սխալը պսակաւորել։ Կը յիշեմ ունիթոռներու հերձուածը ու ատոր մեր լեզուին մէջ նետած բառերուն անփառունակ վախճանը։ Չրաքեանի նորաբանութիւնները տարբեր բախտի մը չեն սահմանուած։

 

Չեմ քններ բարդումի եւ ածանցման իր նոր կերպերը, որոնք արդէն ինկան վերլուծումի կանխող էջերուն մէջ, քանի որ այս գործողութեան արդիւնքն էին այդ նորաբանութիւնները։ Քննադատուեցաւ, թէ գործած էր լեզուին հիմնական օրէնքներուն հակառակ։ Ու բառերուն իմաստը (նորին) չէր որ կը շահագրգռէր զինքը, այլ անոնց ձայնական ու նկարչական զոայութիւններուն կը հպատակէր, որոնք միշտ տրամաբանական չեն արդէն։ Թէ անարգած էր լեզուին ոգին իսկ, այդ գործողութեանց (բարդում–ածանցում) ընթացքին մտիկ ընելով անձնական ախորժակները։ Այս բոլորը կը պատկանին լրագրական, բանավիճական քննադատութեան։ Երեսուն տարիներ անցել են այդ օրերէն։ Չրաքեանի բառերը կը մնան իր գիրքին մէջ, ոչ ոք պիտի մօտենար անոնց, ըսի թէ ինչո՛ւ։ Բայց Չրաքեանը այն հեղինակներէն է, /193/ որոնք կը կարդացուին, պիտի կարդացուին ։ Գէշ մարգարէութիւն մը պիտի ըլլայ իրեն համար մտածել բախտը Քռթենաւորին, Մագիստրոսին։ Ու գրագէտի մը լեզուն դար մը վերջը երկանաքարի մը պէս կը ճնշէ իր յիշատակին վրայ։

 

Այս ուսումնասիրութեան մէջ ես զբաղեցայ այս հարցերով անոր համար, որ Չրաքեան գրագէտին վրայ մեծ է անոնց կշիռը։ Այդ նորաբանութիւնները մենակ չեն մնացած սակայն, այդ գործը ծանրաբեռնող։ Անոր ոճին դժբախտութիւնը կու գայ մանաւանդ գրական քանի մը բացառիկ նկատումներէ։ Կու տամ գլխաւորները.

ա. Խտութիւն, շատ մը բաներ կարճ միջոցի մը մէջ տալու ձգտում, որ զգայական, ձեւական վիճակներու սեւեռումին համար օգտաւէտ, կը դառնայ ծանր անպատեհութիւն, երբ կը կիրարկուի իմացական իրողութիւններ արտայայտելու։ Ըլլան սա նախադասութիւնները.

 

« Մարդերու թի՛ւ, որ մարդկային անասնականութեան ծաւալն ես, որ արդէն անանուանելի անկաշկանդութիւնը նուազելով թշուառութիւնը կ՚աւելցնէս, գիտե՞ս ինչպէս կը սիրեմ ծուլութիւնը. գիտե՞ս ինչպէս կ՚ատեմ կենսաշահութիւնը. քու եղերազաւեշտ «յառաջդիմութեանդ» այդ նշանին անբարոյական ճակատագրականութիւնը գիտե՞ս ի՛նչպէս կ՚արհամարհեմ »։ («Ներաշխարհ», էջ 71)։

Կը հանեմ գաղափարները.

1. Անասնականութիւնը մարդուն.

2. Թիւը (մարդոց) կը շատցնէ այդ անասնականութիւնը.

3. Անկաշկանդութիւնը (որ թերեւս գրաքննութեամբ պարտադրուած տարազ մըն է ազատութեան փոխարէն).

4. Այս ազատութիւնը անորակելի է.

5. Անոր նուազումը.

6. Հետեւանք՝ թշուառութեան աճումը (մարդոց մօտ)։

Ահա մէկ ու կէս տողի վերածուած գաղափարներու հիւսք մը։ Անոնք մեր մտքին մէջ իրենց տեղերը պէտք եղած չափով փորելու, խորանալու ատենը չունին, քանի որ իրար կը հալածեն։ Զանոնք ըմբռնելու համար պարտաւոր ենք վերադառնալ, աւելի հանդարտ ընթերցումի մը զգուշութիւնն ալ հանդուրժելով։ Այս զոհողութեան գի՞ծը սակայն. թէ զանգուածը, ազատութիւնը կապտելով մարդուն, զայն կ՚ընէ աւելի թշուառ ։ Ի՞նչ պէտք կայ այս պարզ գաղափարին շուրջը դիտել ուրիշ տարրեր, որոնք անշուշտ տարր են, բայց ո՛չ անհրաժեշտ։

/194/ Յետոյ կու գայ հաստատումը որքա՛ն կը սիրէ ան ծուլութիւնը։ Ու այս հաստատումին կը հետեւին ուրիշ գաղափարներ.

1. Ատել կենսաշահութիւնը.

2. Եղերազաւեշտ «յառաջդիմութիւնը».

3. Նշանը անբարոյական ճակատագրականութեան (կենսաշահութիւնը)։

Մեր բառերով, այս մէկ ու կէս տողը պարզապէս կը նշանակէ, թէ յառաջդիմութեան նշանն է կենսաշահութեան քանակը (անհամատեդելի)։

Ինչպէս կը տեսնէք այս վերլուծումէն, Չրաքեան կ՚ատէ հացին պայքարը ։ Քովն ի վեր դիտուած գաղափարները, միշտ իրենք իրենց համար իրողութիւն, չունին անհրաժեշտութեան դեր մը այս պարզ վճիռը պաշտպանող։ Ու եղանակին արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ նախադասութեանց իրարու հոսումը, մէկ մտածումէն միւսին անցքը կ՚ենթարկուին աւելորդ շեղումներու, արգելքներու, դարձուածքներու եւ ընթերցումը կը վերածեն տաժանքի։ Չրաքեան միամիտ չէ կարծելու չափ, որ մէկէ աւելի իմաստներ սեղմել ու նեղկուկ տեղ մը թխմելը խորութեան տպաւորութիւն մը կ՚առթէ. ո՛չ ալ յիմար՝ բառերով մտածումը չկարենալ զատելու աստիճան իրաւ մտածումէն։ Բայց մէջտեղն է « Ներաշխարհ »ը, որ ծայրէ ծայր գրուած է վերի թեքնիքով։ Ինք կրնայ խտութիւն անուանել այս կուտակումը ։ Մեզի համար իր խտութիւնը աւելի դիւրաւ հաստատելի է իր բարդութեանց, ածանցումներուն մէջ, որոնք արագութեան բարիքն ալ ունին իրենց հետ։ Ահա՛ նմոյշներ։ « Պարիկներու ալէշշունջ մենութիւն », « Անգղի երգ մը », « անկռինչ տեսլանկարուած », « կ՚անդրանկարուի խուցին տրտում իտէապաշտութեան մէջ », « Քաղաքի տարաշխարհայնութիւնը չքնաղ յատկութեամբ մը դրախտաւէտելով », « որոց (պագուն) դրախտային կանաչութիւնը արմաւենիներու բուներուն մոխրագոյն լրթաղօտութեան մէջ կը ժայթքէր », « հեշտին սլափթթումը... արմաւենիներուն ». հարիւրներով կան այս կարգէ արտայայտութիւններ, որոնք ճշմարիտ խստութեան յաջողակ նմոյշներ են։ Դիտեցիք հարկաւ, որ բոլորն ալ գոյնի, ձեւի զգայութիւններ կը համադրեն։ Կիրարկեցէ՛ք եղանակը մտածումներու վրայ, ձեր գտնելիքը հակառակ, թանձր, կուտակաւոր խտութիւնը միայն պիտի ըլլայ։

բ. Նախադասութեանց բաշխումի քմահաճ կերպը, որ լեզուական ոգիին հետ քիչ է հաշտ, ո՛չ թէ անհաշտ։ Ասիկա միջանկեալ, երկրորդական նախադասութեանց շղթայաւորումն է, գլխաւորին ետեւէն։ Ստոյգ է, որ քերականօրէն (համաձայնական տեսակէտով) /195/ անոնք կը մնան ուղիղ ։ Բայց քերականական ճշգրտութիւնը հոգ մը չէր 1900–ին, թէեւ կազմէր մեծագոյնը հոգերուն 1860–ի մարդոց։ Իմ դիտողութիւնը կը պատկանի այդ երկրորդական նախադասութիւններով տողին վրայ դիպուած կոյտին, ասոր բերած արժէքին։ Ահա՛ միջին նմոյշ մը.

«… Ամէն բան կը համառօտուի, կը նուազի՝ ընդնշմարուող այն ահագին բանին առջեւ որ ներումով, քաւութեամբ, սրբութեա՛մբ կարծես լեցուն անդրագոյն վիճակ մ՚է, աղօտ, խորունկ, զարհուրելի, զմայլելի կերպով իրական. բայց կարծես թէ ընտանի վիճակ մ՚է այն. երկար ատեն զգացուած, մտախոհուած վիճակ մը զոր անյուսութիւնը կը ծնի, եւ որու անպատում անդորրին կարծես պայմանն է անյուuութիւնը, հի՛ն աշխարհատեցութիւնը որ հանճարեղ վայրկենի մ՚անհունութեան պէս երեւան կ՚ելլէ էութիւնը տոգորելու »։ («Ներաշխարհ», էջ 181)։

Նախադասութեանց այս թնճուկը կը թելադրուի իրեն բանգին առջեւ, որ ծաղկամանին մէջէն կը նայի իրեն։ Չրաքեան գրեր էր անկէ առաջ ... « Ակամայ եւ հոգեւին կը դիտեմ ծաղկամանիս բանգը (jusquiame)… կը դիտեմ զայն, սրտագին, զմայլած անոր տմոյն, անորակելի տեսքին. անիւնով ու արցունքով շինուած բան մ՚է. վհկային բոյսը »։ Կը հասկնանք։ Յետոյ խորհրդաւոր ուրիշ նախադասութիւն մը՝ « Եթէ կարելի ըլլա՛ր… »։ Ու առանց բանալու այս խուլ սպառնալիքին մեհենադրոշմ հէնքը, կ՚անցնի վերի տողումին, « Ամէն բան կը համառօտուի » եւայլն։ Դուք ազատ էք այդ « եթէ կարելի »ն բացատրել ձեր ուզած կերպովը, անշուշտ Չրաքեանէն անկախաբար, թերեւս ճիշդ հակառակ կերպով մը անոր մտածումին։ Այս անորոշութենէն ետք, լոյսի կարօտ ձեր դատողութիւնը պիտի կրկնապատկէ իր ճիգը, յոգնելու գնով հասկանալու համար, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն իրեն միւս նախադասութիւնները։

1. Ամէն բան կը նուազի ընդնշմարուող բանի մը առջեւ,

2. որ անդրագոյն վիճակ մըն է (սրբութեամբ, ներումով լեցուն, ութը վերադիր սա վիճակը որակելու կը ծառայեն).

3. զոր անյուսութիւնը կը ծնի.

4. եւ որու անդորրին պայմանն է անյուսութիւնը, աշխարհատեցութիւնը.

5. որ երեւան կ՚ելլէ էութիւնը տոգորելու.

Չեմ գիտեր, պա՞րդ է հետեւանքը սա պարզումի փորձին։

/196/ Ի՞նչ է ըսել ուզածը սա նախադասութեանց։ Գլուխը ճաթեցնելու գնով կրնանք անոնցմէ մերձաւոր բան մը հանել։ Բայց այդ հանածոյին արժէ՜քը։ Բանգին մէջ մտորուած մահուան յաճախա՞նքը։ Մահուան զուգորդ անյուսութի՞ւնը։ Ասով պայմանուած աշխարհատեցութի՞ւնը, որ կ՚ողողէ քեզ։ Զարկէ՛ք որ կողմը որ կ՚ուզէք։ Այս ոճով նախադասութիւններ են ահա մեղքը այդ գիրքին [5] ։ Կը յիշեմ Մարսել Փրուստը, որուն մօտ ալ նախադասութեանց կազմութեան, դասաւորման, բաշխումին կերպը նման է Չրաքեանի ճարտարապետութեան, միակ տարբերութեամբ մը սակայն, որ վճռական է։ Մ. Փրուստ մայր նախադասութեան ետին կապած երկրորդականներուն կը պարտադրէ նոյն խորութիւնը իմաստէ ու ձգտումէ, որքան ատիկա ստիպուած է ընել գլխաւոր նախադասութիւնը։ Անշուշտ արդիւնքը մէկ է միշտ ուշադրութեան անբաւականութիւն եւ ասիկա դարմանելու համար՝ ճիգ, կեդրոնացում ։ Բայց մեր այս զոհողութիւնը լայնօրէն կը վարձատրուի, քանի որ երկրորդական գաղափարները (երկրորդական նախադասութիւններուն բերածը) իրենց կարգին նոր են, գրաւիչ են, առնուազն վեր որեւէ բան ըլլալու խեղճութենէն պարագայ ՝ որով կը տառապին Չրաքեանի բոլոր երկրորդական նախադասութիւնները։ Բրուստի մօտ ջնջել անկարելի է զանոնք, այդ երկրորդական նախադասութիւնները (որոնք երբեմն ամբողջ են իրենց դասական կաղապա/197/րովը (դիմաւոր բայ եւ խնդիրներ)։ Վասնզի խօսքը պիտի տուժէր [6] ։ Կ՚արտագրեմ էջ մը « Ներաշխարհ »էն ու հասկացողութիւնը դիւրացնելու համար, կը բաշխեմ նախադասութիւնները (շեղադիրները երկրորդական են ու կրնան զեղչուիլ, պայմանաւ որ բնագիրը կորուստի չենթարկուի).

1 «Եթէ կարենայի ես երջանիկ ըլլալ այնքան

2 ( որքան սուրբ է ինքը, )

3 երջանիկ անոնց պէս

4 ( որ զինքը տեսան, ու անոր ձայնը լսեցին, անոր ձա՜յնը

5 ՈՐՈՒՆ ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԻՆ ՈՉ ՄԷԿ ՀՈՅԼ ԵՐԿՆԱՇՈՒՆՉ ՈՐՓԷՈՍՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ԿՐՆԱՐ ՀԱՍՆԻԼ,

6 լեռնադղորդ գոռումներու ոչ մէկ տիտանուագային համորոտում, միահաղոյն շշնջող ծովերու ոչ մէկ վայրենադաշն խմբերգ,

 

1 Անոր ձա՛յնը [7], այնքան քաղցրօրէն հզօր,

2 (որ կը վերակենդանացնէր, )

3 (որ մեռելներուն սառած ականջը կը լսէր զայն, ու կ՚արթննային, կ՚ելլէին, )

4 Այնքան քաղցր, Աստուած իմ, այնքան անասելի, անյղանալի կերպով քաղցր

5 (որ Նեխման իրականութիւնը կը ցնդեցնէ՜ր ցնորքի մը պէս)

6 (որ Նեխումն յանկարծ Աղօթքի կը վերածէր, Նեխման գարշելի, անբացատրելի, անդրմարդկային թշուառութիւնը Աստուածգիտութեան երանութեա՜նը կը փոխէր. ») («Ներաշխարհ», էջ 165)։

 

Դեռ խօսքը չէ աւարտած, բայց աւարտած է առաջին cycle-ը։

Առաջին հինգ նախադասութեանց մէջ մտածուածը վիճակ մըն է, կարելի պատկեր մը երջանկութեան։ Թիւ 1 նախադասութիւնը կը դնէ մտածումը ամբողջութեամբ ։ Թիւ 2-ը անտեղի թխում մըն է, վասնզի լրջութեան պակաս է մարդկային երջանկութեան մը (թեկուզ բաղձալին) բաղդատութեան մօտեցնել Յիսուսի սրբութեան հետ, որ չի մօտենար ոչ մէկ մարդկային եզրի։ Զեղչեցէ՛ք այս նախադասութիւնը, գրուածքը չի տուժեր։ Թիւ 3–ը շարունակութիւնն է թիւ 1-ին։ Թիւ /198/ 4-ը՝ ոգեկոչում [8] Յիսուսը տեսնող մարդոց։ Թիւ 5–ը ձայնին հետ կապուած նմանութիւններու, բաղդատութիւններու անհանդուրժելի հռետորութիւն։ Ասոնք ո՛չ միայն շարքին մէջ յաւելում չեն, այլ շարքէն դուրս ալ, իրենք իրենց անտանելի ճամարտակութիւն։

Նախադասութեանց երկրորդ cycle-ը նուիրուած է ձայնին. թիւ 1-ը կը դնէ ձայնին քաղցրութիւնը եւ հզօրութիւնը։ Թիւ 2 եւ 3–ը /199/ պատմութիւն (որ ոչինչ կ՚աւելցնէ)։ Թիւ 4–ը դարձեալ ձայնին քաղցրութիւնը կը պոռպռայ, հռետորութենէն ալ փողեր փոխ առնելով (Աստուա՜ծ իմ), որպէսզի նեցուկ տայ կործանած պատկերին։ Թիւ 5 եւ 6–ը Նեխումին Աղօթքի վերածումն է, անշուշտ գրական հակադրութեան նպաստովը։ Նախադասութեանց սա երկու խմբաւորումներու հիմնանիւթ է Յիսուսի ձայնը: Դեռ չէ աւարտած խօսքը, քանի որ գաղիական point-virgule–ը (., ) կ՚ըսէ ատիկա։ Կը շարունակեմ արտադրել։

1. «Եթէ երջանիկ ըլլայի անոնց պէս

2. որ նայուեցան անոր հայեացքէն, եւ գութի երկնային կոհակի մը մէջ պարուրուիլ, հրընկղմիլ ու իտէանալ զգացին (վասնզի ներման այնպիսի հեշտութիւն մը կ՚իրանար հոն ) + [որ ամօթապարտ մարդը կրնար նայիլ անոր, ] («Ներաշխարհ», էջ 165)։

Թիւ 1-ը կը դնէ երջանկութեան հարցը։ Թիւ 2-ը ոգեկոչում է դարձեալ, այս անգամ աւելի տանելի, մարդկային (թէեւ հրընկղմիլը, իտէանալը, իրանալը մեզ նեղեն)։

Խօսքը չէ աւարտած, կը շարունակեմ արտագրել.

1. երջանիկ, անոնց պէս՝

2. որ զինքը շօշափեցին,

3. վասնզի պէտք էր որ, խեղճ մարդիկ, զինքը շօշափէին, ո՛եւէ պատրուակով, աներեւակայելի էակին իրականութեանը համոզուելու համար,

թէեւ

4. Խղճին անվրէպ նախագիտութիւնն ըսէ՛ր իրենց թէ

5. Քրիստոսն է ան

Հրեշտակադէմ, Հրեշտակացած Աստուած,

արփային անիմանալի վիհերու միահամուռ կեդրոնացմա՛մբ ցնորակերտուած Գերամարդ,

Տիեզերքի մշտնջենաւոր թրթռումը միակ տրոփի մը մէջ կշռութուած,

Տիեզերքի Օրէնքը՝ Տիեզերքի Ոգին եղած., Ներաշխարհ », էջ 165-166)։

Թիւ 1-ը կը դնէ կրկին երջանկութիւնը։ Թիւ 2-ը ոգեկոչում։ Թիւ 3–ը ոգեկոչում։ Թիւ 4-ը եւ 5–ը Չրաքեան, այսինքն գաղափար-պատկերներու տարազահանը, ոմանք յաջող, ոմանք ճչան եւ ուռուցիկ։ Բայց ամէնն ալ առանց անհրաժեշտութեան են, քանի որ որեւէ տեղ կրնային գրաւել ու չեն ալ կապուիր երջանկութեան մտապատկեր վիճակին։

/200/ Խօսքը չէ աւարտած, կը շարունակեմ արտագրել:

1.   «Եթէ երջանիկ ըլլայի՜ իր կերպարանին թքնող մարդուն պէս, եւ իր ոտքերն իւղօծող կնկանը պէս երջանիկ՝ ես, արդեօք, գիտակցութեան, ինքնաճանաչման զարհուրելի ու մահացու աճումով մը, պիտի չըլլայի մէկը։

2. որ մեռնէր իրեն համար, եթէ ոչ մեռնէր իր ներկայութենէն»։

Թիւ 1-ը կը դնէ երջանկութիւնը, իր մէջ լուծուած պահելով ոգեկոչման ժապաւէնը։ Ու կը դնէ նոր գաղափար մը վերջապէս, որ կ՚ամբողջանայ երկրորդին մէջ, Յիսուսի ներկայութեան մէջ մեռնելու։

Խօսքը աւարտած է։

Խմբեցէ՛ք նախադասութիւնները։

Անոնք վերածելի են երկու հիմնական խումբի։ Արդէն մէկուն մէջ պատմական ոգեկոչումն է, որ կը զարգանայ, հանրածանօթ եղելութիւններու կշռոյթի մը ընդմէջէն։ Ասոնց միւսին մէջ մտածման, նմանութեան փշրանքներ։ Բայց երկուքն ալ անամբողջ։

Չրաքեանի նախադասութիւնները, ենթակայ այս կեդրոնախոյս ձգտումին, թերեւս գիրքը տկարացնող տարրերուն մէջ կը հանդիսանան ամենէն մեղապարտները։ Անոնց սովորականութիւնը երբեմն հեղինակն է այս տհաճութեան։ Ուրիշ անգամ՝ անոնց անսովորութիւնը դարձեալ հեղինակ է նոյն տհաճութեան։ Անոնց անամբողջութիւնը միշտ պատճառ անոնց արագ անցումին, քանի որ չեն կրնար տեղաւորուիլ մեր ըմբռնումէն ներս, ամուր ու հաստատ ու կը թրթռան, կը թռին։ Եւ որովհետեւ գիրքը նիւթ մը չունի, որ իր կարգին ծանրութեան տարր մը նետէր անոնց տակը, կը հետեւին մեր անհանգստութիւնը, տրուածը զետեղելու մեր աճապարանքը, միտքին զլացուած գոհունակութիւնը բանի մը ամբարման, զգայարանքներուն շնորհուած յոյզերուն կրկնակի ուժգնութեանը հակառակ։ Ա՛յս է ահա « Ներաշխարհ »ի ճարտարապետութեան մայր վրիպանքը։

Բայց այս մարդը նոյն ատեն արեւմտահայ գրականութեան ամենէն նուրբ, նոր, յանդուգն, բազմերես, թելադրական արձակը կը գրէ։

«... Մինչեւ իրիկո՜ւնը որ
հեռասոյզ գետակին խորքերուն մէջ կը վառէր,
մինչդեռ,
զով հուրեր
ծառերու խուրձերն, արմաւենիները, հեռուի ճերմակ
արեգակները:

/201/ կը բորբէին,
ու ջուրին միապաղաղ սփիւռներէն ոսկի շունչ մը կ՚անցնէր.,
մինչդեռ
հունին հեռուներէն շեղաբերձ առագաստի մը թեւը կ՚երեւար,
բոցավառ հորիզոնին իրերուն աղու խառնաղանճին
վրայ ցայտած
ու վերջալոյսէն թափանշոյլ.,
որ
անզգալապէս կու գար դիմացի ափունքն ի վեր,
դէպի ուր
նաւառաջքէն ձգուող լուսաւոր պարաններ
ստուերոտ որոկին վրայ
երեւան կը հանէին քուրջոտ, կքուն խառնուրդը լարորդներուն
որոց թուխ սրունքները կշռակի կու գային,
քաշելով մթին նաւը հանդարտ ջուրին վրայ
ուր կը ցոլանար։
իրիկունին խաժ ու մեղոյշ թափանցկութեան մէջ
սահուն, անծուփ հիացական թռչանին սեւեռմամբը
վճիտ օդին մէջ,
իր սաւառնաթեւ յամրութեամբ,
թեւաւոր անձայնութեամբ մը մտախոհ, ուրուաբերձ,
կարծես
երեկոյեան ու անապատական հայեցողութեամբ մը լեցուն,
ու խաղաղասահ.,
անցնելով, դեռ անցնելով
անվերջօրէն,
կարծես անշարժ,
ու սուզուելով շողուն հեշտոլոր կորանքներուն մէջ
ստուերամած գետակին,
լռիկ լրթափանցիկ վայրերուն մէջ
երանութեամբ հեռանալով։
կարծես մուէզզինի մը
վերջալուuափառ աղօթքն ըլլար
մթնշաղ շառաւիղի մը մէջ
ի լիւղ., …»։

(«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ», էջ 226-227)։

/202/ Այսպէս արտագրուած, անոր արձակը հաւասար է մեր ամենէն տաղանդաւոր քերթողներուն ամենէն շքեղ էջերուն, քերթողական յատկութեանց իսկ կրկէսէն։ Որեւէ վերլուծում չի հասնիր արտահանել գաղտնիքը, որով այս բառերը, բառերու փունջերը քով քովի, ետեւէ ետեւ կու գան, կախարդական ժապաւէն մը ինչպէս, ուր ձեւն ու շարժումը, գոյնն ու հէնքը, միսն ու հոգին, միտքն ու զգայութիւնները առանց ճիգի, բնական հոսման մը տպաւորութիւնը կ՚ընեն մեր աչքերուն, սիրտին ու միտքին։ Ամէն ինչ անհրաժեշտ է հոս։ Ամէն վերադիր անզեղչելի։ Նոյնիսկ շաղկապները, մակբայները, իրենց դերերը ունին այլապէս կարեւոր է։ Բայց, դիտեցիք հարկաւ, նախադասութիւնները, որոնք կը կաղապարեն սա բառերու փունջերը, ողկոյզները, ո՛չ երկարաձիգ են ո՛չ ալ թարմատար։ Ո՛չ կը ծանծաղին, ո՛չ ալ կը դանդաղին, կրելով հանդերձ բանակը անոր ածականներուն, այս անգամ երբեմն թելադրիչ, նոր, աղուոր, փայլակնատիպ ու խիտ՝ իբր իմաստ, գոյն, գիծ ու կառոյց։ Ուրկէ՞ կու գայ սա յաջողանքը։ Միշտ Չրաքեանէն, այսինքն մեր գրականութեան

ամենէն խոր, հեռահաս, նուրբ նայուածքէն,

մեր լեզուին բառերը, խմորի պէս, նորակերտ ձեւերու ի խնդիր թրող, վերակազմող գործաւորէն.

իր տարողութենէն վեր կառոյցներու ձգտող հզօր ճարտարապետէն.

իրերուն դիմաց դժբախտ ու թշուառ թափառականէ մը, որ պատկերահանած իր վայրերը, կայքերը, շարժումները, գոյները պիտի ենթարկէ խտութեան ալ dimension–ին։

* * *

Երեսուն տարի առաջ Տիրան Չրաքեան գայթակղութիւն մըն էր արեւմտահայ գրականութեան մէջ ու հանճար մը։

Երեսուն տարի վերջ ան դադրած է իր մեղքէն, բայց չէ տիրապետած իր փառքը։ Այսօր անոր լեզուական զանցումները, անհասկանալիութեան առասպելը, ողորկ ճաշակները խրտչեցնող սրութիւնները վերածուած են անտարբեր, ներելի, անկշիռ թերութիւններու։ Այսօր անոր փառքը, հանճարայնութիւնը մտած են աւելի պարզ, համեստ արժանիքներու այլապէս իրաւ փառքի մը, հանճարայնութեան մը։ Ինծի համար ան արեւմտահայ գրականութեան մեծագոյն թշուառութիւնն է, մէկ հատիկ մա՛րդը ՝ այդ գրականութեան, որուն համար գրելը, ստեղծելը եզակի շնորհներ էին, բայց որ վրիպեցաւ, այդ /203/ շնորհները իրենց լրումին տանելու այլապէս մեծ պարտքին առջեւ։ Կա՞յ, աւելի մեծ ողբերգութիւն մը։

Անոր պարագան բաղդատելի չէ ո՛չ մէկ տրամի, մեր գրողներուն մօտ յաճախադէպ։ Գրեթէ չունինք երկրորդ մը, Եղիայէն դուրս, որուն տուրքերը ըլլային այսքան առատ։ Որ գրելու արարքին մէջ հասնէր անհաւատալի արդիւնքներու, բառերու փխրուն մարմինին մէջ դիզելով քանի մը աշխարհի տարրեր, ընելու համար զանոնք նուագ, իմաստ, յոյզ, եւ այդ անկարելիութեան տագնապն իսկ վերածէր կեանքի տագնապի մը։ « Ներաշխարհ »ը մարդ մը չի պատմեր անշուշտ, բայց կը թելադրէ, հեռուներէն, քաւարանը ուր պիտի վարսուի, իր անլռելի սաղմոսերգութիւնը պոռալու պաղատագին, գրեթէ խենթ՝ փայլակնասոյզ արքայութեան մը ահագնութեան դիմաց ու պիտի չզգայ, թէ հողը կը փորուէր իր ոտքերուն տակ, զինքը հոսելու համար Շաբաթի դժոխքին։ Ասիկա աւելի է քան ծիւրախտին տրամը, քան թուրքին դանակին տակ, գլխէն առաջ ուղեղը մեղքնալու անկարող ճակատագիրը, որ մեր նահատակ մտաւորականներուն փաղանգը կը մէկտեղէ անհուն կսկիծի մը պատկերին մէջ, մեր սիրտերու խորանին վերեւ առկախ։ Անոր « Նոճաստան »ը ուրիշ դժբախտութիւն։

Ան մարդն է, որուն իւրաքանչիւր տողը աւելի էր իրմէն ։ Ու այս երջանկութիւնն է, որ ազատած է իր գործը, իրմէն առաջ։ Ու կը պաշտպանէ զինք, իրմէ վերջ ։ Չըրաւ զիջում մը իր ժամանակին, որպէսզի պատժուէր ուրիշ ժամանակէ մը։ Անոր համար, գրական փառք մը, ընթացիկ իմաստով, չունէր գոյութիւն։ Բայց անհուն էր իր փառասիրութիւնը, որ հանճարայնութիւն կը թարգմանուի եւ զոր հալածած է պատանութենէն մինչեւ մահը, զանազան ձեւերու տակ։ Ասկէ կու գայ թերեւս դժուարութիւնը զինքը մեր գրականութեան պարունակներուն մէջ զետեղելու։ Ու միւս անպատեհութիւնը զինքը մեր հոգիին հետ հաշտ, զայն կերպով մը, կողմով մը գոնէ արտայայտոող տիպար մը ընդունելու։

Մեր ժողովուրդին ո՛ր յատկանիշները կը յայտնաբերուին իր սա շնորհայեղց զաւկին մէջ։ Այդ յատկանիշներէն որո՞նք գտան իրենց կաղապարները։ Ո՞ր անծանօթ ուժերէն, անթեղուած ձգտումներէն նշմար մը, թելադրանք մը՝ անոր գործին մէջ։– Ասոնք ձրի հարցումներ չեն։

Մեծ տաղանդի կարիք չկայ այս հարցումներուն մերձաւոր, հաշտ պատասխաններ առնելու մեր գրականութեան բոլոր դէմքերէն, քանի /204/ որ անոնց իւրաքանչիւրը բան մը կը պահէ այդ ժողովուրդին տուրքերէն։ Փարպեցի, Եղիշէ, Խորենացի, Նարեկացի, Շնորհալի, Լաստիվերտացի միայն անուններ չեն գրողներու։ Այլ բան մը աւելի, որ այս անգամ մէկ մասնիկն է մեր ժողովուրդին։ Րաֆֆի, Շիրվանզատէ, Մուրացան, Դուրեան, Չերազ, Վարուժան, Մեծարենց, Թէքէեան, Զարդարեան, Թլկատինցի, Զ. Եսայեան, Հրանդ, ուրիշ անուններ եւ՝ ուրիշ կողմերը մեր ժողովուրդին։ Չրաքեա՞նը։

Ան շքեղ բացառութիւն մըն է, զոր պարտաւոր ենք հաշտեցնել իր ժողովուրդին։

* * *

Այն ատեն ես կը մօտենամ

ա. Իր միսթիքականութեան, ով մեր ժողովուրդին համար համատարած զգայնութիւն մըն է, պարղ ինչպէս բարդ ուղեղներուն, մէջ իր իրականութեամբը, գրողներուն ընդմէջէն՝ երկնակառոյց ստուգութիւն, ու սովորական հոգիներէն ալ՝ իբրեւ կեանքի գերադրեալ նպատակ։ Որ ոգեղէն աշխարհը անոր կը պահէ իր ջերմութեան, անդրայնութեան, գերիրականութեան, թերեւս մահազերծման մութ յղացքները ապրեցնելով դարէ դար։ Չեմ հերքեր, ինչ որ գրեր եմ Չրաքեանի հաւատացեալ մը իբրեւ ներկայացուցած անբնականութեան (anomalie) մասին, վասնզի հերձուածը, զարտուղումը ուրիշ բաներ չեն, եթէ ոչ ուղիղը հալածելու, հետապնդելու խիստ, բացարձակ եղանակ մը։ Այս անկիւնէն դիտուած, անոր Շաբաթը կը դառնայ միջին տարօրինակութիւն, եթէ երբեք չուզենք դատել անհուն վնասը, որ արժած է այդ յիմարութիւնը մեր գրականութեան, սքանչելի մէտիոմ մը (արուեստագէտը արուեստին մէտիոմն է) վերածելով յիմար մունետիկի մը։ Ատկէ անկախաբար, Չրաքեանի ոգեպաշտութիւնը, նոյնիսկ ռոմանթիք, ուռուցիկ, անհանդուրժելի՝ իբր ուղղափառութին, կ՚ըլլայ պատկեր մը, նորակերպ արտաքնացում մը այն բարեպաշտութեան, որ միախառնուած է մեր ժողովուրդին հոգեղէն բոլոր արտայայտութեանց, կազմած է ոճը անոր հոգիին։ Որ մեր տաճարներն ըրած է գողտր, քնքուշ, անուշ, զուսպ, զգաստ, տաք ու խորունկ, շնորհքի եւ կորովի թաքուն, յամառ տաղաւար, մեր սրբազան մատենագրութեան մէջ դրած է կարելի երկնայնութիւն, մնալով մեր աշխարհին սահմանամերձ, երբ կ՚ըլլայ այնքան յուզիչ, սրտառուչ ու խոր դագաղի մը եզրերուն։ Որ մեր հայրենիքին խորհուրդը սեւեռած է մեր վտարանդի տագնապներուն կորանքին առ/205/ջեւ, Կալկաթայէն մինչեւ Լէմպէրկ, այսօր՝ Նիւ-Եորքէն մինչեւ Ատիս-Ապապա։ Այսքան խորունկ զգացում մը աւելի է քան աստուածաբանական դրութեան մը փաստը ըլլալու անփառունակ տրտմութիւնը։ Ի՞նչ փոյթ, որ անոր, Չրաքեանի Աստուածը, զարտուղի մեր դասականութեան մտայղացքէն, վերբերէ ուրիշ կողմեր։ Ան չի դադրիր ըլլալէ Աստուածը այս ժողովուրդին։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ յոգնած զգացում մըն էր այդ կեցուածքը։ Խրիմեան տէրտէրէ մը աւելի թռիչք չունի, երբ իր պապերուն Աստուածը կը ջանայ մօտեցնել պոլսեցիներուն։ Սրուանձտեանց այդ Աստուծմէն աւելի, զայն ապրող մարդոց հիացումին մէջ կը հեշտանայ ու կը բանաստեղծէ։ Եղիշէ Դուրեան զայն գրական դրասանդներու ներշնչարան մը կ՚ընէ, երբ Աստուածորդին կը պատմէ. Չրաքեան, եթէ զեղչենք « Ներաշխարհ »էն համաստուածեան խաղերը, մարդն է, որ այս գրականութեան մէջ անոր ուղին, անոր իսկութիւնը ձգտած է արտայայտել։ Ե. 1900–ին մեր գրականութիւնը իրապաշտներու հուժկու մատներովը հուն էր փոխած, դէպի նիւթ, աշխարհ՝ խոշոր դիրքորոշմամբ մը (ի՜նչ ճիւաղ է այս բառը, բայց ի՜նչ իրաւ) ու մեր բարոյական հասկացողութիւնը ինկած էր բողոքական ոգեպաշտութեան շունչին որակ։ Մրմրեանի բաջաղանքէն, Ռոպէրթ գոլէճեան փրոֆէսէօրներու բարոյամոլ աւետրանականութենէն տասն անգամ վեր է Չրաքեանի déisme-ը։ Անոր « Ներաշխարհ »ի ոգիէն քաղցր, մեզամօտ, սրտայոյզ էջերը կու գան մեր եկեղեցիէն, ըսել կ՚ուզեմ մեր եկեղեցիին բանաստեղծական, վերացնող, երկնայնացնող խորհուրդէն։

բ. Իր զգայնութեան, որ գրողի խոշոր մեղքերուն ընդդէմ, ինքզինքը կ՚ընէ իրաւ, ամուր ու փաղաղիչ, ինչպէս է արդէն նկարագիրը այս ժողովուրդին զգալու ընդհանուր դրութեան, հազար ու մէկ տագնապներու, հակասութեանց, բռնութեանց ենթակայ, բայց այդ ամէնէն ինքզինք ազատագրելու իր կերպը երբեք չմոռցող։ Անոնք, որ հայ գրականութիւն բառը կ՚արտասանեն իբրեւ գրուած յիշատակարաններու հաւաքոյթ, սխալի մէջ են, քանի որ չեն գիտակցիր մեծագոյն իրողութեան մը գրականութիւն մը կարելի ընող պայմաններուն ահաւոր պակասին, մեր հաւաքական կենցաղին այնքան դժխեմ՝ կարգադրութեան, որով գրողը կը վերածուի անկարելի բանի մը։ Եւ սակայն գերութեան մը ծոցէն է, որ բարձրացաւ արեւմտահայ գրականութիւնը։ Ու մեր հին մատենագրութիւնը հրաշք մըն է ուղղակի, երբ հաճիք մտքի առջեւ բերել հանգամանքները, որոնք հայ ժողովուրդին դարերը կ՚ընեն աշխարհի ամենէն սրտաճմլիկ թշուառութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս, արեան ու աւերակի ծովուն վրայ իսկ /206/ անոր ջիղերը չեն պարպուած այն տարօրինակ արժանիքներէն, որոնք անոր ոսկի պարմանութեան նուէրը պիտի ըլլային, երբ, առողջ, երիտասարդ, շէն, ան նուաճեց իր երկիրը իր զէնքերէն առաջ, իր քաղցրութեամբը, ըրաւ այդ երկիրը իր զգայնութեան կաղապարովը, շէնցուց այդ ամայքները ու դրաւ իր կնիքը անոր ամէն խոնարհումներուն ու սլացքներուն։ Ա՛յս է պատճառը թերեւս, որ մեր զգալու կերպերը ըլլան այնքան անհաւասար, անհանգունակ, բայց այնքան ալ հարազատ մեզի ու մեր հողերուն։ Չրաքեանի մէջ, ինչպէս ամէն վաւերական գրագէտի մէջ, մաս մը բան կայ անթեղուած մեր սիրտբաց, ընկալուչ, այլասէր հակումներէն (ան օտարներու հաշւոյն չտառապեցաւ, քանի որ կը հաւատար, թէ կ՚իրագործէր իր ճակատագիրը։ Տարածեցէ՛ք բառը ու դուք կ՚ունենաք մեր ժողովուրդին ընդհանուր արժանիքներէն ամենէն տարօրինակը, «Օտարին տունին սիւն կանգնել»ու ազգային իրականութիւնը), որոնք մեր դժբախտութիւնը յօրինեցին, բայց որոնց դէմ կռուիլ վեր էր մեր ուժերէն, զի այդ հակումները թերեւս վեր են ցեղէն իսկ։ Չրաքեանի մէջ ստեղծումի խանդը գրագէտի փառասիրութիւն մը չեմ նկատեր, այլ մէկ երեսը դարձեալ այս ժողովուրդին այն հզօր տուրքին, որով անապատ մը, ամայութիւն մը, աւերակ մը, քանի մը տարուան մէջ կը դիմափոխէ, ընդդէմ աշխարհի քանդիչ ազդակներուն։ Կառուցման պերճ շնորհ, որ ոտքի նետեց մեր տաճարները, մեր լեզուն, մեր քերականութեան այնքան զուսպ փարթամութիւնը, կատարելութիւնը դեռ հինգերորդ դարէն ու ահաւոր դժոխքին մէջն իսկ իր նորագոյն պատմութեան՝ արեւմտահայ գրականութիւնը, իբրեւ ամբողջական իրագործում։ Չրաքեանի ստեղծագործութիւնը, նորը ըսելու տագնապը, տրուածով չգոհանալու արի ընդդիմութիւնը դժուար չէ փոխադրել մեր ժողովուրդին անտես ուժերուն։ Չափազանցութեան մէջ չեմ, երբ այսպէս շնորհներ կ՚ընդհանրացնեմ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը արհամարհելը ատեն մը փառքի տիտղոս էր խազախամիտ մարդոց, որոնց կը յաջորդեն անորակելի մարդեր, արուեստը հողագործութեան վերածող կամ կայաներգութիւնը բանաստեղծութեան հետ շփոթող։ Այսօր Փարիզի մէջ ուրիշ մարդեր, զայն կ՚ուրանան առանց ճանչնալու։ Տխուր ու արի պարտականութիւն է զայն սիրել, ո՛չ թէ պաշտպանել։ Չրաքեանի բոլոր տկարութիւնները կը բառնամ իր անհատական խառնուածքին ու արժանիքները կը տարածեմ իր ժողովուրդին։ Ո՞վ չի գիտեր, թէ այդ մարդուն գործը շինծու է մեծ չափով. պակաս՝ մարդկային հզօր տրամին յոյզը։ Թէ անոր ետին մարդու մը մասերը միայն կան, անկէ կարելի չէ հասնել որոշ կարգ մը ՝ զգացումնե/207/րու, տառ մը ՝ ապրումներու։ Բայց քիչեր միայն կը կասկածին, թէ այս նուազումները հեռու են խորտակելէ այդ գործը, քանի որ ժամանակը կը սրբէ մեր գործին ամենէն սուր, այժմէական, թիփիկ կարկառները ամենէն առաջ, յարձակելու համար մայր զանգուածին։ Դիմանալը արժանիք մըն է, բայց ո՛չ վաւերագրական ստուգութեան մը սպասարկելով։ Պերճ Պռօշեանի վէպերը, այդ տեսակէտէն, պարտաւոր էին նկատուիլ ամենէն անառարկելի արժեքները մեր նոր գրականութեան, մինչդեռ նման կարծիք մը անմտութիւն պիտի նշանակէր։ Երեսուն տարի վերջ, « Ներաշխարհ »ը կը պահէ թարմութիւն մը, ամանակազերծութիւն մը, գրեթէ մնայունութիւն մը, որոնք դուրս են կասկածէ։ Այդ երեսուն տարին կը ճնշէ որոշ աւերներ պատճառելու գնով մեր իրապաշտներուն պատուաւոր, արի, արդար վաստակին, վասնզի ասիկա շատ էր ենթակայ շրջանին ախորժակներուն ու հոգերուն։ Այս ազատութիւնը գիրքին համար պատճառ է հաւասարապէս տկարութեան, որքան ուժի։

գ. Իր գրչութեան, գրելու արուեստը կիրարկելու իր բացառիկ ճարտարութեան։ Ան վարուած է լեզուին հետ ազատութեամբ, բայց յարգանքով։ Ըսի, թէ կը յիշեցնէր մեր հին գրիչներուն տարակեդրոն ձգտումները։ Ու կը յիշեմ հոս այս տպաւորութիւնը, զայն տարածելով բոլոր անոնց վրայ, որոնք իրենց արտայայտութիւնը տագնապներու վերածեցին ու թերեւս կերպով մը ապրեցուցին իրենց մէջ մեր նախնիքներուն խոյզը, խանդը, յամառ հետապնդումը իրենց մտապատկերները կաղապարելու, ըստ այդ պատկերներուն ներքին ոճին, ճարտարապետութեան։ Չրաքեան վերջինը չէ անշուշտ այդ տիպարներուն։ Ով որ լեզու մը կը չարչարէ, անկէ ուզելու համար ինչ որ չէ տուած, ան մինչեւ իր օրը, հերետիկոս մը չէ խարոյկի արժանի, ո՛չ ալ միշտ յիմար մը, որ պարապ բաներ, բառե՜ր հալածէր։ Ան փնտռող մըն է։ Չրաքեանի գրուածքը շքեղ արժանիքներէն կը պատմէ արեւմտահայ աշխարհաբարին, անոր կենսունակութեան, նորոգուելու ատակութեան անմահ ապացոյցներէն մէկը։ Ու անոր վրայով կ՚երանաւէտէ այդ գրականութիւնը։ Ան մեր աշխարհաբարին մէկ մարմնառութիւնն է, առանց կասկածի, ու ասիկա մինակ պիտի բաւէր իր փառքին։ Խորհեցէ՛ք, թէ ի՜նչ բրդուճ բան է Արփիարեանի դերը այդ լեզուին esthétique–ին վրայ։ Չրաքեան գրել գիտէ ։ Իրողութիւն է, որ վիճակներու երեւակայութեան, ասոնց տնտեսումին, զարգացման ու գագաթումին համար անհատական այս գիրքերը (թէեւ « Ներաշխարհ »ը ասիկա հերքող ութը–տասը ամենաշքեղ էջերը ունի, բայց իբրեւ բացառութիւն) մինչեւ մեր օրերը մինակն է, որ իմաստներու /208/ տեսիլը (vision), առաւել՝ այդ տեսիլը ուրիշներու զօդելու, հիւսելու ընդունակութեամբ մըն ալ ըլլայ օժտուած։ Չրաքեանի համար մէկէ աւելի մտածում մէկ կաղապարի (բառի) մէջ զետեղելու յամառ փառասիրութիւնը ո՛չ գրական սին մարմաջ մըն է, սնոպութիւն մը, ո՛չ ալ, Եղիայի մօտ տեսնուածին նման ձայնապար, հնչականութեան հետամուտ dilettantisme մը։ Անոր բառերը ուրիշներու գործածումին կամ վայելքին համար չեն յօրինուած։ Կրնաք աւելորդ եսասիրութիւն մը ընդունիլ այս ստեղծագործ խանդը, բայց չէք կրնար հերքել անոր միջոցով նուաճել փորձուած բանին սրտառուչ գեղեցկութիւնը։ Գիտենք, թէ ան որքա՛ն արագ կը մտածէր։ Ու գիտենք, թե այդ մտածումը անխառն բխում մը չէր իմաստին ալքերէն։ Գիտենք դարձեալ, որ զգայութիւններու պատառիկներ միշտ կը կազմեն կորիզը այդ մտածողութեան։ Ասկէ թերեւս ծանր, կուտակոյտ տարազներու առատութիւնը։ Կարծես հեղինակը կասկածէր բառերուն դիմացկունութեան վրայ ու անոնց յանձնուած իմաստները պաշտպանելու համար նորանոր փաթաթներ ճարէր։ Անոր հարիւրաւոր նորաբանութիւնները թերեւս կը հպատակին այս խուլ վախին։ « Ներաշխարհ »ը մրցարանն է այս մեծ մարզանքին։ Ու մեր գիրին մէկ կոթողը նոյն ատեն։

դ. Իր իմաստին, որով հարազատ զգայնութիւն մը ու ամենանուրբ իմացականութիւն մը երբեմն անկարող պիտի ըլլան զիրենք անկնճիռ քանդակի մը մէջ յաւերժելու, երբ կամքը, աշխատանքը, յամառ ու պարկեշտ հոգածութիւնը չեն պաշտպաներ այդ ջիղերն ու այդ ուղեղը։ « Ներաշխարհ »ը այս դասը կու տայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց տուրքերուն հպարտութիւնը կ՚աճեցնեն ու իրենց վրայ հաւատքը կը վերածեն մոլեռանդութեան, խաչակրային արհամարհանքին։ Դարձեալ, այդ գործը կը թելադրէ կարելի ճակատագիրը այն ապուշ հիացումին, որ կ՚արժեզրկէ մանաւանդ ենթական իսկ այդ տարփանքին։ Եթե երբեք Չրաքեանի մօտ այդ պաշտամունքը չունեցաւ, վտանգաւոր ազդեցութիւն (քանի որ 1906–էն վերջ անոր իմացականութիւնը թէեւ տակաւ կը պայծառի, բայց կը կորսնցնէ սկզբնական ուժն ու սլացքը, հետզհետէ մոլորելով բաւիղներէ ներս, ուր անբանութիւնը միայն կը տիրէր), բայց չի դադրիր տակաւին իր յիշատակը հալածելէ։ « Ներաշխարհ »ը առանձին գիրք մըն է, դուրս իր ժամանակէն։ Եթէ կ՚ընդունինք, որ ասիկա գիրքի մը համար լաւագոյն գնահատում մըն է, մի՛ մոռնաք, որ առանձին մարդերը (որոնց արտայայտութիւնն է միշտ որեւէ առանձին գիրք) նոյն ատեն սահմանուած են առանձնութիւնը քաւելու (երբ ողջ էին) կամ հաշտուելու տարբեր ոգեկանութեան մէջ, որ հաղորդ է աւելի վեր տեսողութեան /209/ խաւերու։ Առանձին էր Պ. Դուրեան։ Կէս դար յետոյ ամէնունն էր ան։ Երեսուն տարի առաջ խռովայոյզ բախտը « Ներաշխարհ »ին չէ դադրած այսօր ալ, երբ լռած են այդ առանձնութիւնը ստեղծող հաւանական պատճառները նախանձ, գրգռութիւն, արհամարհանք, ամբարտաւանութիւն, իրմէ ինչպէս շրջապատէն, որոնք անոր կեանքը (գիրքին ու անոր հեղինակին) դառնացուցին։ Երեսուն տարի յետոյ, արժանիքներու եւ փառքելյու հետազօտիչ մը ինչո՞ւ չկարենար այդ գործը ներկայացնել իր ժամանակին այն գուրգուրանքով, հպարտութեամբ, վստահ հիացումով մը, զոր պիտի ընէր Մեծարենցի մը, Վարուժանի մը, Տ. Եսայեանի մը, Թլկատինցիի մը, Թէքէեանի մը գործերը երբ մօտենար վերագնահատելու։ Չրաքեանի տաղանդը յովտով մը իսկ պակաս չէ այս անուններուն թելադրած կշիռէն։ Թերեւս գերազանց կողմեր ալ ունի։ Բայց ահա թէ ո՛ւր կը սկսի ողբերգութիւնը։– Յիշուած դէմքերուն գործը ամբողջ է, արտայայտիչ, շրջանի մը պատկանելով հանդերձ, ողջ է եւ այսօր։ Առնուազն մեր կեանքին, հաւաքական առումով, պատկերը պիտի ստեղծէր կարելի խանդաղատանքը իրենց հեղինակներուն հասցէին։ Ամենէն անձնականը անոնց մէջէն, Թէքէեան, դարձեալ սերունդի մը մայր մտահոգութիւնները աւազանած է իր դժբախտ, անկայուն, խուսափուկ կեանքին վրայով։ Ըսի անգամ մը բաւական առաջները այս ուսումնասիրութեան ու կը կրկնեմ վախճանին. Ո՞ր հայ երիտասարդին արտայայտութիւնն է « Ներաշխարհ »ը։ Միայն ու միայն Չրաքեանի։ Կը զգամ, թէ ծանր է այս դատողութիւնը։ Ու կը գուշակեմ իր հիացումին գործակալներէն բանաձեւուած միւս սոփեստութիւնն ալ. Մարդուն: Այո՜։ Այն ատեն փոխադրեցէ՛ք « Ներաշխարհ »ը որեւէ օտար լեզուի։ Ձեր գտնելիքը, իբր անդրադարձ, այդ փոխադրումէն, պիտի հաւասարէր այն խուլ, անտարբեր, արհամարհոտ լռութեան, որով պատմուճանուած կը պառկին իրենց կործանած փառքին իբրեւ դամբարան գիրքերը Րաֆֆիի, Շիրվանզատէի, Չարենցի, ֆրանսերէն իրենց բնագրերուն մեղքը յաւերժելով։ Ու ասիկա անոր համար որ արեւմտեան արուեստին սպասարկու ամէն հայ արուեստագէտ հարկին տակն էր նախ իր ցեղը ըլլալու, երկրորդ՝ օտարը ըլլալու օտարէն եթէ ոչ վեր, գէթ անոր հաւասար խղճմտութեամբ, իր գործին հանդէս յարգանքով, ո՛չ թէ վարժուած գովեստներու դաւերով, արշաւել պիտի ներէր իրեն ինչպէս ըրին քանի մը թշուառութիւններ, որոնցմէ ոմանց մէջ տաղանդ ալ կար ։ Ո՞ւր է փառքը գործին, որ գրուած էր ֆրանսերէն ալ եւ որուն հայերէնը քանի մը անգամ առաջարկուեցաւ մեր հիացումին « Երեք երգեր, ասելու համար վիշտը երկրի եւ /210/ երկինքների » (Կ. Զարեան)։ Կ՚ընդունիմ, որ այս ու նման գործերէն մանաւանդ քերթողական էջեր, պատառիկներ արժանանան համակրանքի։ Սիպիլէն քերթուած մը կը հանդուրժեն յոյները։ Բայց ամբողջ Սիպիլը բացարձակ վրիպանք մը պիտի ըլլար։ Ու ասիկա անոր համար, որ մեր գրողները իրենց գործին վրայ դրած են շատ ու շատ հաշիւներ, բացի անհուն սնափառութենէն։ Ու երբ իրենք կ՚անցնին ու իրենց հաշիւներն ալ կ՚անցնեն իրենց հետ իրենց յիշատակին, գործը կը մնայ միայն պատասխանատու, այսքան անճար, անկարող, զինքը ստիպողին։ Այսպէս եմ մտածեր « Ներաշխարհ »ի վրայ։ Ու չեմ դադրած աւաղելու ամէնուն կորուստը, որուն intuition-ը ունիմ գիրքին մէջ գործող մեծ, վճռական արժանիքին, ուժին, շնորհներուն բացարձակութենէն, բայց որոնք գործածուեցան անիմաստ զարտուղութեան մը, առանձնացման մը, անձնացման ի խնդիր։ Չրաքեանի պատասխանատուութիւնը մեծ է այդ արդիւնքին առջեւ։ Ինք խօթացեալ մը չէր Եղիայի նման. անժառանգ մըն էր Մրմրեանի նման. պատուելի մը՝ բարոյախօսութեան ուսուցիչներուն նման։ Ամենէն ազնուական գրագէտը կ՚ապրէր անոր գանկին տակ։ Իրմէ նուազ տաղանդաւորներ հոգածութեամբ մը, զիջումներով, չըսելու համար պարկեշտութեամբ, ըրին իրենց գործը ու այսօր մենք հպարտ չենք, թշուառ օրինակ մը առնելու համար « Ովասիս »ը. բայց կը զգանք որոշ համակրանք ճիգին, լրջութեան ու հաւատքին առջեւ նման մարդերու, որոնք գոնէ իրենց ժամանակը կը պատմեն, անշուշտ իրենց պզտիկութեան հանդէսին ընդմէջէն։ Բայց կը պատմեն բան մը, որ կը ծառայէ ամբողջութեան մը մէջ։ Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ը ի՞նչ բանի պէտք կու գայ։

ե. Հեքիաթին ` զոր ծնաւ ու խնամեց ճշմարիտ գրագէտի մը քիչ վայել միջոցներով։ Անիմաստ է հեքիաթ մը կործանել։ Բայց շահեկան է հետեւիլ անոր բախտին։ Իրողութիւն է, որ Տիրան Չրաքեան մէկն է այն հազուագիւտ մարդոցմէն, որոնք շատ կանուխէն սահմանուած էին ուշադրութիւն գրաւելու։ Անոր ուսանողութիւնը բացատրած եմ, տարօրէն ընդունակ պատանիի մը լուսապսակին ընդմէջէն։ Ո՛չ բացառիկն է ան, ո՛չ ալ հրաշալին ինչպէս ուզած են հաւատալ շուրջը։ Ան խելք ու ջիղ ունի ուրիշներէ աւելի լայն չափով ու զգացական ընկալչութեամբ։ Բայց զուրկ էր ծնած միջին կամքի մը բարիքէն անգամ։ Ու չէր կասկածեր, թէ այդ խելքն ու այդ ջիղերը կեղծ հանճարներուն մօտ յաճախադէպ բռնկումներ էին։ Իր վրայ իր համարումը բարիք է ինչպէս չարիք։ Զուրկ էր ան կառուցանող, դասաւորող, ամբողջախոյզ ալ իմացականութենէն։ Ու կը ծածանէր /211/ ընդմէջ իր ուղեղին ու զգայարանքներուն, անկարող մտածող ըլլալու, բացարձակութեամբը մտածումին, ու զգայութեանց արտածիչ մը, ինչպէս են արուեստագէտները։ Անոր կեանքն ալ ծփանք մը եղաւ իրականութեան եւ մտածումին հեշտանքներուն եզրերուն։ Չապրեցաւ ինչպէս պիտի ընէին Զօհրապ մը, Սիպիլ մը, Չօպանեան մը, իրենց զգայարանքներուն, նանրամտութեան, կիրքերուն կնիքին տակ։ Տիկին Եսայեան երբ այդ հանճարային տղան Կեղծ հանճարներ ») Փարիզէն կը ղրկէ Պոլիս, խրուտքին մէջը թաղային վարժարանի մը վարժապետութեան, անգութ հեգնութիւն մը միայն չ՚ըներ ի հաշիւ Չրաքեանի կործանած կեանքին, այլ կ՚ըսէ աւելին անոր հիմնական անկարողութենէն կը պատմէ, ամէնուն նման մարդ մը ըլլալու։ Ու այս ջիղերուն, այս ուղեղին ու ասոնցմով յօրինուած կեանքին համադրութիւնն է ահա « Ներաշխարհ »ը։ Որքան ուզէք մեծցնել ասոր գեղեցկութիւնները, չէք կրնար աներեւոյթ ընել անոնց փայլին տակ գիրքին կորանքը: Որքան ալ լայն ոգիով մօտենանք « Նոճաստան »ին, չենք կրնար զայն ընդունիլ դիւան մը, նման Դուրեանի Տաղարանին, Վարուժանի քերթողական գործին, Թէքէեանի « Հրաշալի յարութիւն »ին։ Տուեր եմ պատճառները։ « Նոճաստան »էն ալ չի բարձրանար մարդ մը, ինչպէս չկար ան « Ներաշխարհ »ի ետին։ Այս անամբողջութիւնը, չէզոքութիւնը կամ զարտուղութիւնը (երեքն ալ կը պիտակեն այդ գործը հաւասար պարզամտութեամբ) այն ատեն միայն ներուին, հանդուրժուին թերեւս, երբ մեր լեզուն դադրի գրականութիւն ընելէ ու մեռեալ գեղեցկութիւններու պատմուճան մը դառնայ։ Որքան ատեն, որ մեր գրականութիւնը մեր սիրտն ու միտքին տագնապանքը աւազանելու կանչուած մարզանք մըն է, զբաղում մը, խաչակրական հերոսութիւն մը, Չրաքեանի գործը ասոնցմէ իր անմասնութեամբը, կը մնայ իր ստուերին խորը։ Ու չի յուզեր մեզ։ Չեմ ալ կրնար այդ գործին տայ այլապէս թշուառ, գրքունակ փառքը Բագրատունիի մը, Ալիշանի մը գրաբար քերթողութեանց, որոնք Չրաքեանի լեզուական շնորհներուն մօտիկ գեղեցկութիւններ էին երեք քառորդ դար առաջ, սխրանքի աղբիւր եւ հիացման արձակարան, բայց որոնց մօտենալը այսօր մարդ կը համակէ անորակելի տրտմութեամբ։ Ու ո՞վ կ՚երաշխաւորէ, թէ երեք քառորդ դար վերջը « Ներաշխարհ »էն, այդ գիրքին շնորհները պիտի չենթարկուին նման ճակատագրի մը, քանի որ լեզուական շքեղանքը ամենէն շուտ չորցած մասն է արուեստի գործին, երբ լեզուն կը լքէ այդ գործերը, ինչպէս ատիկա պատահած է լատին անկման դարերու քերթողներուն ու մեր գրաբարին։ Եղիայի հեքիաթը չդիմացաւ հեղինակին իսկ օրերուն։ Չրաքեան իր սերունդին ու յա/212/ջորդին մօտ դեռ կը վայելէ անորոշ փառք մը։ Դժուար է զայն տապալել վրիպանքներու գրոհին ներքեւ, որքան դժուար է նուիրագործել այդ փառքը, մինակը ձգելով զայն գործին դէմ։ Դեռ համակրանք, հակակրանք իր շուրջը զօրաւոր են, տարազը տպաւորելու աստիճան։

* * *

Կը խորհիմ, թէ մեզմէ վերջ ուրիշ սերունդ մը, երբ հաշուեյարդարի ենթարկէ Չրաքեանի սերունդին ճիգը, պիտի տառապի դարմանելու հոգովը մէկէ աւելի աղաղակող անիրաւութիւններու, շփացումներու, ուրացումներու եւ մոռացումներու։ Պիտի փոխադրէ կարգ մը կաւէ կուռքեր աղբանոց ու պիտի ազգային փառքերու պանթէոնը առաջնորդէ գրեթէ աննշմար անցնողներ։ Իր գործն է ասիկա։ Չեմ կանխեր անոնց վճիռը աժան մարգարէութեամբ։ Բայց կենալով պզտիկ փորձառութեանը մէջ արեւմտահայոց գրականութեան, աւելորդ չեմ նկատեր յիշեցնել, նման աշխատանքներու ատեն, խելքին ու արդարութեան պակասը բոլոր նորելուկ մունետիկներուն մօտ, երբ կը կանչուին դասել, դասաւորել մեր արժէքները։ Իրապաշտները ըրին ատիկա ու չհասկցան, թէ իրենց կիրքերը, նախասիրութիւնները կը բանաձեւերին փոխանակ անանձն դատումի։ Ըրին անոնք գնահատումը մէկուկէս սերունդի, Զարթօնքի սերունդին (որ կէս է) եւ Ռոմանթիքներուն գործին վրայ։ Արփիարեանի տղայական վճիռները գրականութեան պատկանելէ աւելի, կը շահագրգռեն մեր ընկերային յեղաշրջման պատմութիւնը։ Երկու էջ անխառն արուեստ մեզ չձգող մարդ մը, Ն. Ռուսինեան, անոր գրիչին տակը կը բարձրանայ շքեղ փաստի մը, անկէ կորզելով երկարաշունչ էջերով ծածանող պսակ մը գովեստ, մինչ մեր բանաստեղծութեան ամենէն անկորուստ փառքը, ամենէն մաքուր արժէքը նոյն այդ Արփիարեանէն հազիւ երեք–չորս տող գնահատում կը ստանայ։ Իրապաշտներուն բուն մունետիկը, Արշակ Չօպանեան, Թովմաս Թերզեանի մէջ կը հաստատէ մեծագոյն արուեստագէտը ռոմանթիքներուն։ Անշուշտ այս անարդարութիւնները դարմանուած չեն տակաւին, վասնզի Չրաքեանի սերունդը չարժանացաւ խաղաղ, ամփոփումի բարիքին մէջ նստած, իր արժէքներուն գիտակցութեանը արժանի օրերու, հնձուած ըլլալով շատ վաղազրաւ կամ տարտղնուելով չորս ծագերու։ Այսօրուան սերունդը, ա՛ն՝ որ Փարիզ—Պոսթոն—Գահիրէ աճած, օտար մշակոյթի մէջ ինքզինք գտած, կը յիշէ իր պապերը, առնուազն իբր հոգեբանութիւն, ի վիճակի չէ արդար զգալու եւ ուղիղ դատելու։ Ու խորհելով ուրիշ /213/ սերունդի մը, մեր հայրենիքէն բուսած, որ հաշտուելով իր ճակատագրին, ճիշդ կշռելով արժեքարտերը, որոնք բռնի կոխուեցան իր պապերուն աչքերուն, պիտի փորձէ դատել արեւմտահայ գրականութիւնը, անոր մէջ չմտնելու համար միայն ընկերային փրոփականտ, հողային հարց, պուրժուական լիպերալիզմ, թթու շովինիզմ, միջնադարեան սկոլաստիկա, ու այն բոլոր լոզունգները, որոնք այսօր հմայքն, բժժանքի դեր մը ունին, ոեւէ գրողի դէմքը լուսաւորելու կամ պատռտելու արարքներու մէջ։ Այդ սերունդը ամենէն աւելի պիտի տառապի Չրաքեան անուանուած « մի տարօրինակ գրականագէտ ի» գործին սռջեւ։ Այդ սերունդէն անոնք, որ միտքի ստեղծումներ պիտի չշղթայեն տնտեսական տաւիղներու երկաթ օղակներուն, ու պիտի հասկնան գոյութիւնն ալ ուժերու, որոնք հացէն ու փորէն, սեռէն ու դրամէն վեր են երբեմն, պիտի մնան շուարուն ու տագնապոտ։ Ո՛ր ժողովուրդին, ո՛ր դասակարգին, ո՛ր մտքին յայտարարը՝ պիտի հարցնեն անոնք, ինչպէս մենք, գործը որ կը կոչուի « Ներաշխարհ »։ Բայց հարցումը պիտի զգուշանան վճիռի վերածելէ։ Անոնք պիտի աչքէ անցնեն մեր մատենագրութեան հսկայ մթերքը ու պիտի հանդիպին շատ մը անունները, որոնց առջեւ կրկնելը անտեղի էր մէկ ու նոյն հարցումը։ Ո՛ր ժողովուրդին գործն են Փաւստոս Բիւզանդը, Եղիշէն, Խորենացին, Նարեկացին, Քռթենաւորը, Քուչակը, ու մեր ժողովըրդական, աշուղական ստեղծագործութիւնները, մեր Սասունցի Դաւիթը, արեւելահայ գրականութեան փարթամ, հաստ, ամբողջ հայ փառքերը, արեւմտահայ գրականութեան նրբենի, քնքուշ վայրագ, սաւառնարթեւ գեղեցկութիւնները ։ Ու պիտի հաշտեցնեն այդ լայնամիտ դատողները սա դժուար եզրերը իրարու, «թէ ժողովուրդ մը իր բազմադարեան կեանքին մէջ կրնայ ինքզինք մնալ, ինչպէս այլանալ, կործանիլ ինչպէս դիմանալ։ Այդ ժողովուրդին արուեստը անզգալի ատենագրութիւնն է այս processus–ներուն։ Թէ Խաչատուր Աբովեան եւ Տիրան Չրաքեան մէկ ու նոյն ժողովուրդի զաւակն են, իրարմէ այնքան հեռու, իրարու այնքան հակադիր երեսներով, բայց որոնցմէ ամէն մէկը մէկ փշրանքը, մէկ ծիլը, մէկ գեղեցկութիւնը մարմնացուցեր էր իր տառապահար կեանքին ընթացքին, ի հաշիւ խուլ, հեռահաս ազդմունքներու ու կորզեր էր կործանումին ժանիքէն անմահ այդ տարրերը, գործերու մէջ, որոնք իրենց ժամանակին, անկէ վերջ ու աւելի վերջերը մինչեւ կը թուէին միայն իրենց պատկանիլ։ Թէ ատոնք այս ժողովուրդի՛նն են ամենէն առաջ։ Ու իբր այդ, անմահ մասունք»։

Սուտ մարգարէն ալ չի դադրիր մարգարէ ըլլալէ։

 

 

 

 

 



[1]     Լեզուական բարեփոխում–բարենորոգման այս փորձերը կը սկսին աշխարհաբարի մանկութեան հետ իսկ։ Կը յիշեմ Ռուսինեանի « Ուղղախօսութիւն »ը, որ տեսական սկզբունքներու պաշտպանութիւն մը ունի իրեն մեկնակէտ։ Փորձը չանցաւ փորձի սահմանէն, գլխաւորաբար այն պատճառով, որ տիրական գործի մը վրայ ինքզինք չարդարացուց։ Ռուսինեան համբաւ մըն էր իրականութիւն մը ըլլալէ առաջ: Անկէ քիչ ետք կը հաստատենք Չերազի ընտրողական աշխարհաբարը, դպրոցականի յաւակնութեամբ ու վարժապետի միամտութեամբ գործադրում մը, որ դարձեալ ընկղմեցաւ մոռացման մէջ, վասնզի բացի կամայական իր հանգամանքին, չէր պաշտպանուած գործով (Չերազի փորձերը փորձ իսկ չէին գրական որոշ սեռերէ, այլ որեւէ բան, դպրոցականի շարադրութիւն, որոնց միակ արժանիքը դպրոցական ըլլալն էր)։ Աւելի վերջ ունինք Գարագաշ-Գուրգէն Պէրպէրեան խմբակին յետաշրջական ձեռնարկը, գրաբարով պատրաստելու նորակազմ աշխարհաբարը։ Այս դպրոցը գործեր ալ տուաւ: « Նոր Կտակարան »ի թարգմանութիւնը (Գարագաշ) իր բարբարոսութեամբը իր սաղմին մէջ սպաննեց այդ գրքունակ փորձն ալ։ Չրաքեանի կեցուածքը գրական է, լեզուաբանական, ըլլալու տեղ համաձայնական, բառագիտական ։

[2]     Լեզուները ապրող գործարանաւորութիւններ են ու իբր այդ՝ ենթակայ կեանքին օրէնքներուն, որոնք վեր են քերականութեանց պատգամներէն։ Ամէն լեզու, օրուան կարիքին համաձայն, կը ստեղծէ նոր բառեր։ Այս երեւոյթին գեղեցիկ, մէկ հանդիսացումն է արեւմտահայ աշխարհաբարը, որ մինչեւ Չրաքեան հարիւրաւոր, հազարաւոր առօրեայ պահանջները դիմաւորող բառեր ընդունած է։ Չրաքեանի մօտ երեւոյթին ակնբախ ուժգնութիւնը թերեւս արդիւնք է մասնակի պարագայի մը։ Մեր աշխարհաբարը իմացական նկարագրէ քիչ սեւեռումներ ունէր, տրուած ըլլալով մեր մտքին հետաքրքրութիւնը, որ ընթացիկ, լրագրական, անմիջական պակասներու գոհացումին կը հպատակէր։ Այսպիսով է, որ ունեցանք մեր լրագրութիւնը, մեր վէպը, մեր բանաստեղծութիւնը, այսինքն՝ ասոնք կարելի ընող լեզուն, մինչ իմացական, քննադատական, իմաստասիրական մեր լեզուն դեռ չէ իսկ կազմաւորուած Չրաքեանէն քառասուն տարի ետքն ալ։ Անպատասխանատու շփոթութիւն մը կը տիրէ մեր բառերուն մէջ, երբ փորձենք իմաստասիրական որեւէ գործ փոխադրել աշխարհաբար հայերէնի։ Չրաքեան աւելի ենթակայ էր մեղադրանքի, նկատի ունենալով, որ առաջինն էր որ կը զբաղէր իմաստի հարցերով։

[3]     Անոնք, որ մեր հին մատենագրութեան հետ ընտանի են, ծանօթ են այս զարմանալի կարողութեանը մեր լեզուին։ Անոր ամենէն խաղալ, պարզունակ, անթռիչ շրջանը, զոր պիտակած են Ոսկեդարու հայերէն, անշուշտ կը վկայէ բարձր տուրքերէ դաշնաւոր, կանոնաւոր, ժուժկալ, զգաստ, ներքին ներդաշնակութեան եւ բանավարական լիութեան ձգտող, ասիկա նուաճող մշակոյթի մը մասին ըլլալով գեղեցիկ համադրութիւն։ Յաջորդ դարերու մէջ, քերականական զանցումները մենք վարժուած ենք աղէտի վերածել ու այդ complexe-ով դատել ճիգը, որ մեր իմացականութեան թերեւս միակ պատուաբեր ապացոյցը կազմեց նոր բառերու ի խնդիր մեր գրողներուն հզօր, յամառ նկրտումը։ Յունաբան դպրոցին զեղծումները, զառածումները, նոյնիսկ վարդապետական (ուսուցողական) պէտքերու ծնունդ, վեր են մեղադրանքէ, արհամարհանքէ, վասնզի պակասի մը դարմանին հետամտումը՝ միշտ արժանի է համակրանքի։ Քռթենաւոր մը ունինք, Է. դարու գրող, որ այդքան կանուխէն Չրաքեանը կը գերազանցէ, երբ իմաստներու ծանծաղուտի մը վրայ, կը ջանայ խտութեան, խորութեան, համադրումէ եւ երկուքէ աւելի բաներ մէկի մէջ սեղմելու ձգտումները այնքան պերճ կերպով կ՚իրագործէ։ Ունի այս մասին բառեր, ուր մեր օրերու double, triple image–ը նուաճուած, հլու իրողութիւն է։ Ուրիշ գագաթ մը, այս ուղղութեամբ, Նարեկացին։ Հայ լեզուի սա նկարագիրը նոր ժամանակներու մէջ մենք կը գտնենք դարձեալ ի զօրու, գործօն արեւմտահայ աշխարհաբարին մէջ: Բացի առօրեայ կարիքով մեզի հասած նորութիւններէն, մենք ունինք անհատական փողերանոցներ, որոնցմէ մէկն է Եղիան։ Հիւանդոտ ուղեղին ձուլարանէն պղտորն ու թերխաշը եկան մեզի։ Չրաքեան երկրորդ փողերանոցն է նոր բառերու: Անոր մօտ մեր լեզուն միայն չի նուաճեր ստիպողական կարիքներ, այլ կը բերէ փաստը իր մեծ առաձգականութեան, առանց ինք զինք վտանգելու, երբ կը դիմաւորէ կիսամոլոր իմացականութեան մը բոլոր խոյանքները, ու կը թեւարկէ տարօրէն սուր աչքերու քանի մը զգայութիւնները միանուագ (simultanement), ծնունդ տալով նոր ին:

[4]     Ընթացիկ գործածութեան մը ձգտող բառերու յօրինումը դանդաղօրէն կը կատարուի ամէն ժամ մեր շուրջը։ Այն փաստը, թէ Եղիայի, Չրաքեանի բառերը չեղան բախտաւոր այնքան, որքան Կ. Իւթիւճեանի մը դարբնածները, կ՚իյնայ գրականութեան սեմին ու չ՚անցնիր անկէ ներս։ Նարեկացիի մէջ, Քռթենաւորի մէջ, Փարպեցիի մէջ բառը, նորակերտը, գրական տարր մըն է, շէնք մը, յաջողուածք մը։ Ու իբր այդ, այս հեղինակներուն ներգոյակ արժէքէն գեղեցիկ հրիտակ են։ Չեմ կարծեր, որ այդ հեղինակները ընդհանուր սպասի մը համար հնարած ըլլան այդ եսապատկեր բառերը: Երբ Փարպեցին Արարատեան նահանգին գրաստները կը պատկերէ արագագաւակ, յայտնի է, թէ վեր է ամբոխին նոր բառ մը մատուցանելու գործնապաշտ ոգիէն։ Անիկա այդ բառը գողցած է իր աչքերէն, երբ ասոնք կը խաղային վայրի էշերու բոյլին (իրն է բառը) արշաւանքն ի վեր, անտառախիտ զառիթափներու ոտքին։ Չրաքեանի բառերը ուրիշ զսպանակ չունին։ Նոճիները կոթողաբերձ ալէլու են Նոճաստան »), ամենէն առաջ Չրաքեանի համար։ Այս տեսակէտով բառը գրականութիւն է, ըլլալէ առաջ բնակիչը ազգային թանգարանին, բառարանին։

[5]     Վերը անցողակի դիտել տուի, որ Չրաքեանի ոճը « Ներաշխարհ »էն ետք կը մեղմանայ։ Այս ճիգը, հիմնական մտածումը պատրաստելու թարմատարէն, որոշ է « Նոճաստան »ի մէջ, որ իբրեւ տաղաչափեալ տողերու հանդէս հարկին տակն էր արդէն զգոյշ ըլլալու: Բայց ճիգը դարձեալ կը հաստատեմ « Մեկնողական »ի մէջ։ Ու անոր տպաւորապաշտ էջերը, թերեւս մտածումի համար քիչ ընկալող, լայնօրէն բացուած զգայութեանց հանդէսին, եղան հետզհետէ քիչ խառնատիպ ։ Մինչ « Ներաշխարհ »ի մէջ վերի մէջբերումը միջին նմոյշ մըն է հարիւրներու մէջէն (կա՛ն աւելի անտանելիներ, փակագիծներուն բանտովն իսկ անշոպելի) ու կու տայ գիրքին կառուցման օրէնքը (իբր նախադասութեանց կազմ), « Ներաշխարհ »էն դուրս անոր արձակը կը լրջանայ, կը ծանրանայ։ Անշուշտ միշտ Չրաքեանինն է այդ արձակը, բայց փոխանակ հոմանշային վիճակներու շաղապատում մը հետազօտելու, անոնց մէջ Չրաքեան զգայութիւններու յորդութիւն մը կը ղեկավարէ ու մտածելու տեղ (գիտենք թէ ի՛նչ կը հասկնայ այս գործողութեամբ) կը ձեռնէ, կը զգայ, կը զանազանէ ու կը սեւեռէ։ Հոգիի սա փոփոխութիւնն է ահա, որ անդրադարձած է ասոր արտայայտութեան։ Բարեփոխութիւնը ֆրազին ներոտային դրութիւնն է, որ ենթակայ է իրեն: Ասկէ ոճի տեսութիւն մը դժուար չէ արտահանել։

[6]     Որ ամբողջական իմաստ մը արտայայտող հանդէս մըն է յաճախ, մէկէ աւելի նախադասութիւններէ բաղկացած։

[7]     Այս բառը հիմա ելած է երկրորդականէն առաջին կարգին:

[8]     Որ տեղի ու անտեղի կը բռնանայ գիրքին բոլոր վիճակներուն վրայ ու ապացոյց է խորունկ տկարութեան, քանի որ փախուստ մըն է ներկայէն։ Անցեալին կ՚ապաստանին բոլոր ոճի հերոսները, ուր ստեղծումը առնուազն կը խնայուի իրենց ու կը տրուի պատեհութիւն բառերուն պատմուճանը, շրշիւնը, գոյնը կախարդօրէն գործածելու։ Հոս այդ ոգեկոչումը անտանելի չէ անշուշտ բայց չեմ տեսնել, թե ինչ կ՚աւելցնէ, եթէ նկատի չունենամ ձայնը գտնելու անոր մտահոգութիւնը։ Անգամ մը ձայնը ձեռք ձգելէն ետքը, նոր շեղում՝ այդ ձայնին ետեւէն։ Ու կը հարցնեմ տրտմօրէն. Ի՞նչ պէտք սա Որփէոսեան հնամաշ, ծիծաղելի դիցաբանական ակնարկութեան, ինչպէ՞ս չի զգար, որ առնուազն անհեթեթութիւն է Աստուծոյ մը ձայնին քաղցրութեան հիմնական զգացումը հակակշռել համորոտումով որոտումներու խումբ մը կայ այս բառին ետեւ: Ձեզի կը ձգեմ Յիսուսի բառերուն մէջէն զգալ այս որոնումներու պատկերը), զոր պիտի ստեղծեն լեռնադղորդ գոռումներ տիտաններու վայել համանուագ մը իբրեւ։ Նոյնիսկ ընդունելով պահ մը, որ հակադրութիւնը սորված ըլլայ Ասքանազի Գրագիտութեան մէջ ու հիացած անոր վրայ՝ Հիւկոյի մէջ: Չրաքեան չի՞ տառապեցներ մեզ այս բառերուն անդնդային աղմուկով։ Ի՞նչ է ասոր մէջ մարդկայինը։ Անշուշտ այդ տիտաններու նուագը չլսեցին մարդիկ, քանի որ Աւետարանը նման բան մը չէ պատմած մեզի։ Կարելի՞։ Բայց ի՞նչն է անկարելի։ Կը գրեմ. «... որուն քաղցրութիւնը անհամեմատ կերպով կը մերժուի, կը թաւշանայ, կ՚ամպանայ, իր միգամածի նոյնիսկ այն ձայնահանդէսին յայտնութենական գրոհին մէջէն, զոր կանչուած ըլլային յօրինել կործանող երկինքներու, մրճափշուր եկեղեցիներու, հրաշահալ զօրութիւններու միատրոփ հիւլէսուզումը, փոշիացումը, ձայնամոխրացումը…»։ Ասիկա անհեթեթութեան տարուած պատկերակերտութիւն մը պիտի չըլլար միայն, այլ նմանողութիւն մը Չրաքեանին, քանի որ տիտաններու նուագին համադրումը ուրիշ բան մը չէ ինքնին։ Չեմ զբաղիր վայրենադրոշմ խմբերգին ալ անկանգնելի աւելադրութեամբը։ Ինչո՞ւ այսպէս կը գրէ այս մարդը, երբ գիտէ, թէ այդ Ձայնին մէջ մեզի համար կենսականը սարսափը չէ, այլ քաղցրութիւնը։ Նախադասութեանց երկրորդ cycle-ը այդ ձայնը կը տեսնէ ուրիշ զգայութիւններու հոյլի մը հետ, մէջէն, աւելի ընդունելի, բայց դարձեալ խնդրական, ոչ անհրաժեշտ, քանի որ մեռելներու վկայութեան մը շահագործումը ոգեկոչել է դարձեալ։ Ու չէք մոռնար էականը անիկա սկսած է կտորը իր անձին վրայով, անձնական երջանկութեան մը ծարաւով։