Ա.
[ՍԻԱՄԱՆԹՕ
ՄԵՐ
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ
ՄԷՋ]
/221/
Մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
Սիամանթօ
կը
յարուցանէ
կարեւոր
հարցեր։
Ամենէն
առաջ
անոր
աշխարհը
կը
կազմէ
ինքնին
ընդարձակ,
բայց
նոյնքան
վիճելի
մասնայատուկ
պարագայ
մը։
Իր
գործէն
արտահանելի
չըլլալու
ճակատագիր
մը
զայն
կ՚ընէ
կրկնապէս
խնդրական
։
Չարաղէտ
յամառութեամբ
մը,
Սիամանթօ
խուսափած
է
աշխարհագրութենէն
ինչպէս
պատմութենէն,
տեղական
գոյնէն
ինչպէս
դրուագին
լոյսէն,
որեւէ
վայրի
տագնապները
կամ
պատահարի
մը
խռովքները
նուաճելու
մարդկունակ
պարտքէն։
Կարելի
է
1900–ի
սէմպոլիստ
(օտար)
ախորժակները
պատասխանատու
նկատել
սա
տարտամացման։
Ի՛նչ
ոչ
էական
է,
այլ
աշխարհին
տարապայման
ընդլայնումն
է,
ժամանակէն
փախուստի
շատ
որոշ
ճիգով
մը։
Մասնակիէն
ու
ասոր
պարտադրանքէն
ազատագրելու
սա
մտադրութիւնը
չեմ
դատեր։
Ներքնապէս
համոզուած
ըլլալով
հանդերձ,
որ
այս
փախուստը
շատ
յաճախ
է
տկարութեան
խոստովանութիւն
մը,
արուեստագէտին
ուժը
փորձի
ենթարկող։
Սիամանթոյի
քերթողաշարքը
երբ
կ՚աւար/222/տէք,
ինքզինքնիդ
կը
զգաք
փարաւոնեան
շրջագիծով
վայրի
մը
մէջ,
որուն
ցուցանիշ
ծառայող
յատուկ
անունի
փշրանքները
իրենք
ալ,
իրենց
կարգին,
կը
տժգունին
ու
կը
լուծուին
սա
քաւարանեան
զգայութեանց
մէջը։
«
Ս.
Մեսրոպ
»-ն
դուրս,
այդ
աշխարհը
մեր
օրերու
թշուառութեանց
բնակարան
տուող
գիւղերն
ու
քաղաքներն
են
–
այսինքն
տեղեր,
որոնք
օրերով,
ամիսներով
լողացին
մեր
արիւնին
մէջ
կամ
սեւցան
համատարած
կրակներով։
Պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
հոն,
ուր
թափեցաւ
այդ
արիւնը,
անուշիկ
մասն
է
Աստուծոյ
արեւէն
լուսաւորուած
հողերուն,
արտերէ,
այգիներէ,
պարտէզներն
ու
համատիպ
ամէն
սքանչելիքներէ
բաղկացած։
Որոնց
վրայ
անոր,
Սիամանթոյի
տղու
հոգին
ինքզինք
յօրինեց։
Որոնք
սակայն
հեքիաթներու
մէջ
կարելի
այլափոխմամբ
մը
մէկ
օրէն
միւսը
խենթեցան
ու
դեմ
ծառայեցին
ամենէն
վայրագ,
անըմբռնելի
եղեռնագործութեանց։
Այս
երկու
հիմնական
երեսները
սա
աշխարհին
Սիամանթոյի
մէջ
կաղապարեցին,
չասելու
համար
քլիշէ
իրենց
նկարագիրը,
ստիպուած
են
պաշտպանել
սակայն
անխուսափելի
տկարութենէ
մը
միօրինակութեան
չարիքէն։
Սիամանթօ
պիտի
մեղադրուի
թերեւս,
յաջորդ
սերունդներու
կողմէ,
այս
վրիպանքին
համար
ամենէն
աւելի։
Ի՛նչ
որ
մեզ
կը
նեղէ
այսօր
Միլտոնի
մեծ
քերթուածին
մէջ,
տեղի
սա
նոյնութիւնն
է
թերեւս,
լոյսի
կամ
կրակի,
աստուածներէն
ճառագայթելու
հեղեղման
կամ
սանդարամետեան
մութ
պայծառութեանց
փոփոխակի
տեսարան
գալովը
կազմուած։
Փորձեցէ՛ք
մէկ
գիրքէն
միւսը
ձեզի
մատուցուող
աշխարհը
տեղաւորել
ձեր
մտքին
մէջ,
պիտի
չյաջողիք
ընել
ատիկա,
տրուած
կարկառներուն
անբաւարար,
անստոյգ,
ընդհանուր
կազմին
պատճառով։
Նիւթական
աշխարհին
սա
աղօտացումը
չէր
կրնար,
իր
կարգին,
չանդրադառնալ
հոգեղէն
տարրին
ալ
վրայ։
Երեք
շարք
«
Հայորդիները
»
տարօրէն
իրարու
նման
վիճակների
շարայարութիւն
մըն
են,
ըլլալու
տեղ
մարդեր,
որոնք
մեր
ժամանակներու
բոլոր
բացառիկ
կողմերը
ունէին
սակայն,
ու
գագաթներ
էին
գրեթէ
զանգուածի
մակաղումին
վերեւ
այնքան
սլացիկ
ու
շքեղ։
Կ՚ուզէ՞ք
նմոյշ
մը:
«Մահակիր
սիւները
մթնշաղին
մէջէն
եղեռնաբար
կը
բարձրանան,
Պայծառ,
սրտոտ
եւ
նուիրական
որդիներուն
համար
տրտմաթախիծ
Հայրենիքին,
Կարինէն
Գաղատիա
եւ
Մարզուան
եւ
Պոլիսէն
Իզմիր
եւ
Երիզա ...
Եւ
ամէն
անգամ
որ
արեւակերպ
հերոսի
մը
հռնդիւնը
հովերուն
մէջ
մեռաւ,
/223/
Հեթանոս
խուժանը
կատաղօրէն
վարն
էր,
հրապարակին
վրայ,
ցեխին
մէջ
եւ
ցեխն
ապականելով
…
Եւ
ցնծութենէ
կ՚ոռնար,
Ալլահին
հրաւէրէն
եւ
ատելութեան
ծափերէն
մոլեգին»։
Անշուշտ
այս
բառերու
տարափը
ձեր
ջիղերուն
վրայ
ծնունդ
կու
տայ
որոշ
զգայութիւններու,
բայց
չի
ստեղծեր
ինչ
որ
կ՚ենթադրէք,
որ
էին
այդ
տեղերուն
մէջ
այդպէս
խմբուած
մարդոց
ու
սիւներուն
վրայ
ճօճ
եկող
պատկերներուն
թելադրանքը։
Ահա՛
ձեզի
քիչիկ
մը
աւելին,
նոյն
քերթուածին
մէկ
ուրիշ
մասն.
«Դէպի
ստոյգ
մահը
կը
քալեն,
ցեղին
ցաւովը
սպառազէն
Եւ
մօտաւոր
մահէն
զօրաւոր…
Եւ
ահաւասիկ
հրաշալի
Ժիրայրը,
հայրենատարփ
Արամեանը
եւ
ռազմատիպար
Պետօն.
Ահաւասիկ
Ծառուկեանը,
Գալուստը,
Գուրգէնը,
Տէրսիմի
փառաւոր
Քեռին
եւ
Խորէնն
յաղթահասակ ...
»։
«
Հայորդիները
»ին
(Գ.
շարք)
«
Կախաղաններու
կատարէն
»
կատարուած
սա
մէջբերումները
չեմ
գիտեր
կը
յաջողի՞ն
թանձրացնել
ձեր
մտքէն
ներս
այն
սարսափը,
անորակելի
այն
պատկերը,
որ
այդ
տղաքն
էին
մահուան
սիւներէն
առկախ…։
Տեսայ
ես
այդ
տղաքը,
չարաշուք
քաղաքին
(Պոլիս)
ամենէն
չարաշուք
հրապարակներէն
մէկուն
մէջ,
եռոտանիներին
այդպէս
օրօրուն։
Ու
օր
մ՛ը
կարելի
Աստուծոյ
մը
դէմ
իր
պատրանքները
դատապարտելու
բաւ
քանդակներու
դերով
մը
պիտի
ուզէր
շահագործել
զանոնք։
Սիամանթոյի
տողերէն
իմ
տեսածը.
աղօտ
ուրուագիծն
իսկ
չի
բերեր
ինծի։
Այդ
տողերը
հնչական
բառեր
են
միայն
ու
այդքան։
Ուրիշներ
կրնան
շատ
բաներ
գտնել
անոնց
տակ։
Ու
տրտումը
հո՛ն
է,
որ
այդքան
եղերափառ
ողբերգութիւններ
անցնին
բանաստեղծի
մը
հոգիին
հորիզոնէն,
մշուշներու
նման,
առանց
իրենք
զիրենք
իրագործելու:
Ու
տխուրը
հոն
է
դարձեալ,
որ
Սիամանթոյէ
ստորագրուած
բոլոր
վտիտ
հատորիկները
կրկնեն
ու
կրկնեն
սա
տարօրինակ
վրիպանքը։
Ազատ
էք
verbal
մեծ
գեղեցկութիւններ,
զլացական
զօրաւոր
սեւեռումներ,
մանաւանդ
ձայնական
հաղորդութեան
մէծ
բարիքներ
զատել
անոր
էջերէն։
Կան
ասոնք,
երբեմն
պահանջուածէն
աւելի
առատ,
բայց
դժբախտ
ճակատագրովը՝
աշխարհին
վիճակին,
աւելի
թանձր
բառով
մը՝
նիւթին
նիհարութիւնը
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
անպատսպար
ձգելու։
«
Կարմիր
լուրեր
բա
/224/
րեկամէս
»ը
գիրքն
է,
ուր
բառին
տեղ
վիճակը,
փոխաբերական
կամ
հռետորական
արժանիքներուն
տեղ
կեանքին
անպարագրելի
զարհուրանքը
պարտաւոր
էին
տիրապետել։
Դրուագային
(épisodique)
նկարագրով
պատահար
մը
Կիլիկեան
ողբերգութենէն
(1909),
միջին
հաշվով
50-60
երկարատեւ
տողերու
վրայ
պիտի
տարածուի,
որպէսզի
հասնի
նուաճելու
ինչ
որ
մեր
միտքը
կը
դժուարանայ
ըմբռնել
այսինքն՝
թրքութիւնը
երբ
այդպէս
անզէն
ու
անպաշտպան
մարդոց
գլխուն
վերեւ
կը
բրգանայ…։
Տխուրը
հո՛ն
է,
որ
սարսափի
սա
տեսարանները՝
կեանքին
մէջ
փայլակնային
արագութեամբ
պահեր,
բառերէ
աւելի
շարժումներով
սեւեռելի
իրողութիւններ
են։
Ու
Սիամանթօ
մտքէն
չէ
անցուցած
շարժումները
կարելիութիւնը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
իրական
մնալու
դժուարագոյն
պարտքը։
Արուեստի
գործը
մեծ
վտանգներու
գնով
միայն
կը
յաջողի
փախուստ
տալ
իրականութեան
հակակշռէն։
Բառը,
ինչքան
խախուտ,
անհաւատարիմ
տարր
մըն
է,
որպէսզի
միս-մինակը
արտօնուի
մեր
մէջ
սեւեռելու
այն
հակազդեցութիւնները,
որոնք
ծնունդ
կառնեն
սարսափի
այդ
մրրկումներու
ընթացքին։
«
Պարը
»,
«
Խաչը
»,
«
Խեղդամահը
»,
(«ԿԱՐՄԻՐ
ԼՈՒՐԵՐ
ԲԱՐԵԿԱՄԷՍ»)
այս
կարգէ
փորձեր
են,
որոնք
պիտի
նուաճեն
ոճիրներուն
ամենէն
անասելիները։
Հատորը
կու
տայ
տեսիլներ,
կը
յուզէ
կիրքեր,
կը
շողացնէ
ուրուային
փայլակներ։
Բայց
չի
թելադրեր
ամբողջութիւնը
այն
տագնապին,
որ
մարդոց
խումբերունը
եղաւ
ապրիլեան
այդ
օրերուն
(1909),
երբ
կրակն
ու
սուրը
շաբաթներով
պարեցին
անոնց
մարմիններուն
վրայ…։
Ու
ասիկա
այսպէս
բոլոր
հատորներուն
համար։
Ըսի,
թէ
որքան
քիչ
կու
գային
«
Հայորդիները
»,
պատմելու
համար
մեզի
մեր
յեղափոխական
մեծ
դէմքերուն
սրբազան
հերոսութիւնները։
Նոյնն
է
պարագան
«
Դիւցազնօրէն
»
հատորին,
ուր
դիւցազունէ
դուրս
ուզածնիդ
կրնաք
գտնել։
«
Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր
»ուն
բաղդատաբար
հոծ
իրականութիւնը
կը
վերագրեմ
Սիամանթոյի
այն
տագնապին,
որուն
ակնարկեցի
քիչ
վերը։
Զեղչեցէ՛ք
այդ
էջերէն
պայմանադրական
հռետորութիւնը,
ապսպրուած
յեղափոխութիւնը,
պիտի
ունենան
երիտասարդ
մը,
որ
մահուան
ճշմարիտ
զգայութիւններու
ընդմէջէն
կը
յամառի
կեանքին
փաթթուիլ։
Վրիպանք
մըն
է
դարձեալ
Ամերիկա
գրուած
«
Հայրենի
հրաւէր
»ը։
Պէտք
է
գիտնաք,
որ
այդ
քերթուածաշարքը
ապսպրանք
մըն
է,
Նոր–Աշխարհի
մէջ
սփռուած
իր
եղբարցը
հոգիներուն
խորը
արթնցնելու
Հայրենիքին
զգայութիւնները,
այնքան
մօտ
բոլորին
ալ
intuition-ին։
Բայց
կարդացէ՛ք
հատորէն
«
Հարսին
երազը
»,
«
Եղբայրն
իր
եղբօրը
»,
«
Մօր
մը
երազը
»,
«
Մայրը
իր
զաւկին
»,
«
Կաղանդի
իրիկուն
»,
«
Այգեկութք
»,
/225/
մանաւանդ
«
Գերեզմաններէն
ապաշաւ
»
եւ
«
Հայ
դաշտերուն
պաղատանքը
»
քերթուածները,
համոզուելու
համար,
թէ
որքա՛ն
քիչ
բան
գիտէ
այս
բանաստեղծը
իր
ժողովուրդին
իրական
հոգիէն
ու
իր
երկրին
ամենէն
հարազատ
թելադրանքներէն։
Կը
մնայ
խօսիլ
«
Ս.
Մեսրոպ
»
հատորիկին
ներսը
զետեղելի
աշխարհ
մը։
Մեծ
կղերիկոս
մը
ըլլալու
հարկ
չկայ
սակայն,
ըմբռնելու
համար
նիւթի
մը
մէջ
(Ս
Մեսրոպի
մը
երկունքը
տեսլախառն
խոշորացման
մը
հանուած),
ուր
տասնհինգ
դարերու
փոշին
միապաղաղ
գորշութեան
մը
վերածած
է
կեանքին
տիրական
պատկերը,
Սիամանթօ
հիմնովին
անընդունակ
մնաց
թափանցում
կատարելու,
մեզի
ոգեկոչելու
համար
հարազատ
շերտերը
այդ
մարդոց
ու
անոնց
հոգիներուն։
Մեր
օրերու
հռետոր
մը
չէր
անշուշտ
կատաղի
այդ
առաքեալը,
որպէսզի
զեղծանէր
փոխաբերութիւններու
աղմուկէն
ու
ածական–վերադիրներու
աժան
փառքէն։
Գրքոյկը
(«
Ս.
Մեսրոպ
»)
մեզ
կը
շլացնէ,
ինչպէս
ըսի,
փոխաբերութեանց,
նմանութեանց,
մանաւանդ
verbal
ուժի
մեծ
առատութեամբ
մը,
երբ
անոր
էջերուն
մէջ
անսպառ
հեղեղմամբ
մը
կը
թաւալին
պատկերներր։
Ասկէ
անդի՞ն։
Կա՛յ
սակայն
այդ
անդին։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
իրաւ
մարդերու
իրաւ
տագնապանքը,
առնուազն
ա՛յն,
որ
Ե.
դարուն
մեր
ժողովուրդն
էր,
աւագ,
մանաւանդ
արքայ,
նախարար,
կաթողիկոս,
սարկաւագ,
ամբողջ
երամը,
սերունդը,
ու
ասոր
հոգեբանութեան
ամենէն
հզօր
տախտակներուն
տեսիլը։
Գրքոյկը
մեզ
կ՚ընէ
յուսախաբ,
ինչպէս
ըրած
էին
միւս
հատորները։
Սիամանթոյի
գործին
մէջ
աշխարհին
սա
տարտամութիւնը,
ժամազերծութիւնը
դժնդակ
հաստատում
մըն
է։
Կրնայ
առարկուիլ,
որ
ան
վիպասան
մը
չէր,
որպէսզի
առարկայական
աշխարհի
մը
ճարտարապետը
իբրեւ,
ըրած
ըլլար
իր
պարտքը,
մեզ
կտակելու
իր
վկայութիւնները
այդ
ամէնէն։
Բայց
չէ
այդ
վիպասանը
այն
միւս
բանաստեղծը,
որուն
աշխարհը
այնքան
հարազատ
շրջագիծ
ու
կարկառ
կը
պարզէ
մեր
ժողովուրդին
համայնական
ապրումներէն,
անոր
ստեղծագործ
հայրենիքէն,
ինչպէս
հոգիէն։
Ճիշդ
է,
որ
Վարուժանի
«
Հացին
երգը
»
իբրեւ
գոյն
ու
գիծ
(տեղական
հարազատութիւնը
ունիմ
նկատի)
աղօտակի
անդրադարձ
մը
չէ
այդ
գիւղէն,
բայց
շքեղ
յաջողութիւն
մըն
է,
երբ
բաղդատուի
«
Հայրենի
հրաւէր
»ին
պարունակութեան։
Մնաց,
որ
«
Հացին
երգը
»
վտիտ
տետրակ
մըն
է,
անաւարտ
ու
անամբողջ։
Այդ
գործէն
առաջ
կան
կոթողներ
(«
Ցեղին
սիրտը
»,
«
Հեթանոս
երգեր
»),
որոնք
չեն
նմանիր
Սիամանթոյի
միւս
հատորներուն։
Այնպէս
որ
տրտում
փարատոքս
է,
որ
/226/
իր
ժողովուրդին
ամենէն
արիւնոտ
մէկ
շրջանը
սեւեռելու
կոչուած
(գէթ
իր
դերը
իբրեւ
բանաստեղծ
այդպէս
ըմբռնեց),
իր
ժամանակի
հզօրագոյն
յուզումները
իրապէս
ապրած
երիտասարդը
պարզէր
մեզի
այլուրութեան
սա
աստիճանը,
նոյն
այդ
տագնապներէն
։
Ու
իմ
կարծիքով,
այդ
դժբախտ
պայմանն
է,
որ
այդ
գործին
վրայ
իբրեւ
ներքին
խաթարում,
խօթութիւն
ժամանակ
մը
ապրելէ,
յօրանալէ
ետք,
յանգեցաւ
այսօրուան
վճիռին,
որ
դատապարտութիւն
մը
ըլլալէ
շատ
ալ
հեռու
չէ։
Մեզի
համար,
որ
բաժներ
էինք
իր
տագնապները
ու
սիրեր
իր
փառքը,
Սիամանթօ
կը
շարունակէ
շքեղ
յիշատակ
մը
մնալ։
Նորերուն,
յետպատերազմեան
տղոց
համար
1910-ի
Սիամանթոյի
համապարփակ,
տիրական
վարկն
ու
փառքը
դժուար
հասկնալի,
բայց
շքեղ
անհեթեթութիւն
են։
Ու
ի՜նչ
ողբերգութիւն,
գրողի
մը
համար,
սա
կործանումը։
Մեր
ներկայ
քաղաքական
դժբախտութիւնը
ի
հարկէ
իր
դերը
ունի
սա
փլուզումին
մէջ։
Կուսակցական
գրականութիւնը
մեռած
է
այլեւս։
Խորհած
ունի՞ք,
սակայն,
մի՛ւս
ալ
հաւանականութեան։
Ազատագրուած
հայրենիքի
մը
մէջ
ապրող
մարդոց
համար
տարբեր
պիտի
ըլլա՞ր
այդ
գործին
ճակատագիրը։
Մարդիկ
ուս
պիտի
թօթուէին
այդ
պահուն,
աղմկայոյզ,
fantastique
ողբասացութեան
դիմաց,
անիրաւ
ըլլալու
իսկ
գնով
անոր
բառական
արժանիքներուն
հանդէպ
ու
անցնէին
անդին,
ինչպէս
/227/
կ՚ընեն
բոլոր
մեծ
բանաստեղծներուն
համար։
1940–ին
Պայրըն
մը
կարդալը
վկական
նահատակութիւն
մըն
է
միջին
ընթերցողներուն։
Դար
մը
առաջ
բոլոր
անգլիացիներէն
գոց
սորվուելու
արժանի
այդ
քերթողութիւնը
ցուրտ,
անդարձ
մեռած
բառակոյտ
մըն
է։
Մեր
մէջ
տարբեր
չէ
պատկերը։
Ամենէն
շատ
փառաբանուած
քերթողը,
Ալիշան,
գեղեցիկ
յուշք
մըն
է։
*
*
*
Սիամանթոյի
գործին
հետ
կը
տրուին
ուրիշ
ալ
հարցեր։
Ահա
մէկ
քանին.
Ա.
–
Խորհրդապաշտութիւն,
արեւելահայերուն
սիմվոլիզմը,
եւրոպացիներուն
սէմպոլիզմը
։
Աւանդութիւն
մը,
մինչեւ
այսօր
յարգուած
–
կ՚ուզէ,
որ
Սիամանթօ
մեր
մէջ
առաջին
աշխատաւորն
ըլլայ
այդ
բանաստեղծական
դպրոցին։
Անմիջապէս
կ՚աւելցնեմ,
սակայն,
որ
հո՛ս
ալ
հզօր
պատրանք
մը
կը
միջամտէ,
ինչպէս
կար
ատիկա
անոր
աշխարհին
համար։
1900–ին
գրական
կազմութիւնը
ճարտարապետող
երիտասարդ
տաղանդի
մը
համար
(որ
թշուառ
ու
դալկահար
արմատախիլ
մըն
ալ
էր
ու
հեռու
Ակնէն
Պոլիս
ու
Պոլսէն
Եւրոպայի
ամենէն
տխուր
ոստանները
քշուած,
պիտի
ապրի
իր
սերունդին
ողբերգութիւնը)
անհնար
էր
չազդուիլ
շրջանին
գրական
ճաշակէն,
հաւատքի՝
հանգանակներէն
։
Այնպէս
որ,
երբ
կը
դրուէին
սա
տեսակ
տողեր՝
/228/
«Մարմարի
ո՞ր
ապառաժներէն
արդեօք
իրենց
իրանները
կառուցին…
Ու
ո՞ր
գինիէն,
ո՞ր
թոյնէն
եւ
կամ
ո՞ր
արիւնէն
հրավառ…
Այսպէս
իրենց
աչուըներն
ու
մտածումը
սա՛
Խենթութեանը
յանգեցան,
Ո՞ր
սալերուն
վրայ
ու
ի՛նչ
կռաններով
այս
արշաւանքի
գիշերուանը
համար,
Իրենց
սա՛
կայծակներու
հանգոյն
սուրերը
կարողացան
տիրականօրէն
դարբնելու...
Ու
վերջապէս,
ըսէ՛ք,
ո՞ր
խաւարներուն
երկնքէն
է
որ
նուաճելով
սանձեցին
Այս
բիւրաւոր
երկաթէ
երիվարներն
ահարկու…»։
«Ճակատամարտը»
(«ԴԻՒՑԱԶՆՕՐԷՆ»)։
ուր
յանգին
անգոյութիւնը,
կշռոյթին
արձակութիւնը,
բանահիւսական
մեր
օրէնքներուն
ոտնահարումը
անակնկալներու
նման
կը
պայթէին
պատկերէն
ու
իմաստէն,
հաստատ
ու
շրջագծուած
վիճակներէն
բոլորովին
գերիվեր։
Մեր
ընթերցող
հասարակութիւնը
հանգիտօրէն
կը
մտածէր
ֆրանսացի
սէմպոլիսթներուն,
մասնաւորարար
Փօլ
Ֆօրին։
Սիամանթոյի
մօտ
տողն
է,
ասոր
մարմինին
զարտուղի
ճօճումներն
են,
որ
անոր
համար
կը
շահին
սէմպոլիսթ
պիտակը։
Եւ
սակայն
սիմպոլիզմը
տագնապ
մը
ըլլալուն
չափ
ու
աւելի
հոգեբանական
երեւոյթ
մըն
է,
քիչ
մը
ընդհանուր՝
ամբողջ
արեւմտեան
քերթողութեան
։
Բայց
որուն
հիմնական
գիծերը
հիմնօրէն
կը
պակսին
մեր
գրականութեան
մէջ։
Ձեւի,
տառի,
տարազի
սա
առերեւոյթ,
պատրող
հանդիսութիւնը
դժուար
չէ
իր
ճիշդ
աստիճանով
գնահատել
ու
կշռել
Սիամանթոյի
սիմպոլիզմը
իբր
calqué,
cliché
հետեւութիւն
մը։
/229/
Բայց
կա՛յ
աւելին։
Սէմպոլիսթ
Սիամանթոյի
մը
ձրի
վարկածին
մէջ
կը
միջամտեն
ուրիշ,
ծանրակշիռ
ալ
ազդակներ։
Ասոնցմէ
է,
օրինակի
մը
համար,
բանաստեղծական
անբաւարարութիւն
մը,
ընդոծին
ու
անսրբագրելի։
Դպրոցները
(գրական)
ուրիշ
բան
չեն
յաճախ,
եթէ
ոչ
այդ
ընդոծին
զրկանքները
camoufler
ընող
տղայական
coterie–ներ։
Այսպէս
ընելով
է,
որ
երբեմն
ոտանաւորի
գործաւորներ
իրենք
զիրենք
բանաստեղծ
կը
դաւանին։
Չունիմ
առարկութիւն
Սիամանթոյի
զգայական
հարստութեան,
անկեղծութեան
ու
յարակից
վիճակներուն
հարազատութեան
մասին։
Ո՞ր
հայը,
1900–ին,
անկէ
առաջ
ու
անկէ
ետք,
չողբաց
իր
կործանած
հայրենի
տունը,
իր
մորթազերծ
եղբայրները,
կախաղանի
անտառները
ու
Հայրենիքին
սրբապղծումը,
որպէսզի
ատոր
ընդունակութիւնը
զլացուէր
Սիամանթոյի։
Ամէն
հայ
անկեղծ
է,
երբ
կը
խօսի
այդ
եղեռնէն։
Բայց
արուեստը,
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ,
զգայական
մեր
տարերայնութիւնը
ոճաւորելն
է,
ինչպէս
կ՚ըսեն
այսօր։
Եւ
առանց
այդ
կախարդական
միջամտութեան,
ամենէն
սրտակեղէք
վիճակները
մեզ
կը
տպաւորեն
բոլորովին
անբաւարար,
անարուեստ
(աւելի
ճիշդ
է
ապարուեստ
)
կերպով
եւ
չեն
իջներ
մեր
խստագոյն
ընկալչութեան,
չեն
յուզեր
մեր
մէջ
ջուրերը
անդրագոյն
ապրումներուն։
Աւելորդ
է
հոս
երկար
տեսութիւններ
արժեւորել
արուեստին
էութեան
շուրջ։
Աչքէ
անցուցէք
Սիամանթոյի
որեւէ
մէկ
հատորիկը,
բոլորը
միասին,
նոյնիսկ
«
Ս.
Մեսրոպ
»ը,
գտնելու
համար
անոնց
մէջ
մէկ
հատիկ
քերթուած,
ուր
վայելքը
տրուէր
մեզի՝
չեմ
ըսեր
գիւտին,
այլ
պարզ,
իրաւ,
ամուր
վիճակի
մը
հաստատ
իրականութեան։
Ու
եղերականը
հոն
է,
որ
հարիւրաւոր
անոր
քերթուածները
միշտ
պիտի
մեկնին
այդ
հաստատ
իրականութենէն,
անմիջապէս
շեղելու
համար
բնական
մղումին
արահետներէն
ու
զառածումէ
զառածում,
թափառումէ
թափառում
անկումէ
անկում
պիտի
զարգանան,
մոռնալով
/230/
սկզբնական
վիճակի
չափը
ու
պիտի
գոհանան
քովնտի
զգայութիւններուն
բարիքովը։
Ու
պիտի
չհասկնաք,
թէ
ինչո՛ւ
քերթուածը
չդիմեց
իր
բնական
վախճանին։
Հատորը,
ուր
նիւթը
ինքզինք
հարկադրէր
ու
արգիլէր
որոշ
չափով
բանաստեղծին
զեղծանումները,
«
Կարմիր
լուրեր
բարեկամէս
»ն
է
անշուշտ։
Բայց
ուշադիր
վերլուծում
մը
դարձեալ
ձեզ
պիտի
դնէ
նոյն
տագնապին
առջեւ։
Առէք,
պատահակի,
«
Խաչը
»։
64
տողեր
յատկացուած
են
խաչուելիք
կնոջ
մը
ողբերգութեան։
Մայր
մըն
է
այդ
կինը,
որ
իր
կորսուած
զաւակը
կը
փնտռէ
ջարդարարներու
ջոլիրին
մէջ
իսկ
ու
կը
բռնուի,
իր
կարգին
խաչուելու
համար։
Զարհուրագին
զգայութիւններ
իրարու
ետեւէ
մեզ
կը
պաշարեն։
Հետեւինք
սակայն
քերթուածին
զարգացման։
1-8
տողերը
հասարակ
տեղիք
մտածումներ
են,
յոյս,
թախիծ,
սարսափ,
որբ,
ցեղ,
դաւաճան
մարդկութիւն,
զարհուրանք
–
բոլորը
խորդացող
ոտանաւորի
մը
յոգնեցուցիչ
աղմուկին
ընդմէջէն։
Ութ
այդ
տողերուն
հեղինակ
չեղող
ոեւէ
տղայ
չեմ
երեւակայեր։
9-21
տողերը
յատկացուած
են
պատմելու
տագնապը
մօր,
որ
իր
զաւակը
կը
փնտռէ։
Մայրերը
իրենց
մեռելները
ունին
ու
չեն
լսեր
անոր
աղաչանքները։
«Խելացնոր»
կինը
ժամ
կը
դիմէ
եւ
Աստուծմէ
իր
զաւակը
կ՚ուզէ։
Յուսակտուր՝
կը
մտածէ։
«…
Թշնամիէն
զայն
պաղատիլ...
»։
Չեմ
դատեր
այդ
պատկերներուն
տարողութիւնը։
Այնքան
հոծ
են
անոնք,
իրենց
լռած
մասերով,
մանաւանդ։
Տասնով,
քսանով
էջեր
անբաւական
պիտի
գային
հոս
ուրուացող
վիճակներուն
սեւեռումին։
Սիամանթօ
կը
գոհանայ
թելադրելով
մեզ
տեսիլքը
ու
կ՚անցնի
առաջ,
իր
պատմումը
շարունակելու։
22—27
տողերը
խաժամուժը
կը
պատկերեն,
«Կողոպուտէ,
կոտորածէ,
աւերներէ
ետ
դարձող,
Եւ
այրիներու,
մեռելներու
եւ
որբերու
վրանին
տակ
բորենիի
պէս
շրջելով
Եկած
էին
զոհերուն
քով,
իրենց
սուրերն
սրբելու...
»։
«Խաչը»
(«ԿԱՐՄԻՐ
ԼՈՒՐԵՐ
ԲԱՐԵԿԱՄԷՍ»)։
Աւելորդ
է
պատկերը
բացատրելու
ամէն
ջանք։
28-34
տողերը
խօսքեր
են,
թշնամիին
կողմէ
արտասանուած
(դիմել
քերթուածին՝
/231/
այդ
խօսքերուն
արժէքը
դատելու
համար)։
35-39
տողերը
բարբաբոսներու
«քրքիջն»
է,
հեգնանքը,
«
գետնին
բարեւը
»,
այնքան
հարազատօրէն
թրքական,
այդ
գրեթէ
խելագար
կնոջ
անպարագիծ
կսկիծին
վրայ
տեսարանուած։
40-43
տողերը,
խօսքով,
այդ
մօր
շապիկը
կ՚ուզեն։
Վայրագութեան
եւ
զարհուրանքի
տեսիլները
Սիամանթոյի
մօտ
բռնացող
նկարագիր
ունին։
Այս
չարագուշակ
ազդեցութենէն
զերծում
մը
ուշագրաւ
կ՚ըլլայ
ինքնին։
Կախման
կետերով
կազմուած
տողի
մը
մէջ
կը
հասկնանք,
որ
մօր
տղան
ներսը,
ժամուն
խորանին
վրայ
մորթած
են
բարբարոսները
ու
անոր
արիւնին
մէջ
թաթխուած
ծաղկանկար
շապիկը
(այդ
մօր)
կը
բերեն
իրեն.
«...
Պահ
մը
յետոյ
բարբարոսները,
գաւիթէն
դուրս
խուժելով՝
Արիւնթաթաւ
շապիկն
եկան
մօրը
ցոյց
տալու...
»։
«Խաչը»
(«ԿԱՐՄԻՐ
ԼՈՒՐԵՐ
ԲԱՐԵԿԱՄԷՍ»)։
որմէ
յետոյ
դարձեալ
խօսք,
46-51
տողերը
լեցնող։
Ու
տաժանագին
մեր
սպասումը
պսակող
վերջապէս
եօթը
տող
գործողութիւն,
տեղին
ու
պահին
վայել
արագութեամբ,
զահանդագին
սարսուռով։
Ուրիշ
6
տող,
միշտ
խօսք,
կ՚առաջնորդեն
քերթուածը
իր
վախճանին։
Անշուշտ
հիմնական
գիծերու
սա
արտահանումը
վերլուծում
չէ,
բայց
բան
մը
ստոյգ
կերպով
կը
դնէ
մեր
առջեւ։
Գործողութեան
յատկացուած
տողերուն
քանակը
լայնօրէն
կը
գերազանցուի
խօսքէն,
որ
ինչպէս
ամէն
տեղ,
հոս
ալ
հանդիսական
իր
tenue–ն
պահելու
համար
պար/232/տադիր
կերպով
կը
զգենու
հռետորական
հանդերձանք։
Ու
քերթուածին
ներքին
հաւասարակշռութիւնը
այսպէս
կը
ստանայ
նկարագիր։–
Խօսքի
բանաստեղծութիւն,
բայց
նոր
չէ,
որ
խօսքը
կը
պղտորէ,
կը
խռովէ,
կը
խանդավառէ,
քիչ
անգամ
համոզիչ
ըլլալու
բախտով։
Կը
հետեւի,
թէ
Սիամանթոյի
բանաստեղծութիւնը
խօսքի,
բանի
(verbe),
աղմուկի
ու
բիրտ
ձայները
նպաստովը
կ՚ախորժի
սնանիլ։
Ու
այդ
իսկ
պատճառով
խօսքէ
դուրս
մասերուն
մէջ,
որոնք
վիճակ,
գործողութիւն,
հոգեկան
լայն
ու
խոր
նուաղումներ
կը
նշանակեն,
այդ
նշանաւորը
ըլլայ
թոյլ,
անողնայար
(ինչպէս
կ՚ըսեն
գէշ
բայց
նկարող
բացատրութեամբ
մը),
անիրական,
անվստահելի,
ազդելու
չափ
քերթուածին,
քերթուածներուն
ու
ամենէն
վերջ,
մանաւանդ
այժմէութեան
պակսելովը՝
գործին
ամբողջութեան
ճակատագրին,
ու
վտանգեն,
ի
վերջոյ,
անոր
խօսքին
այլապէս
իրաւ,
արի
շահեկանութիւնը,
բարիքը։
Աններդաշնակ,
անհամաչափ,
անկառոյց
բառերը
մարդիկ
մտածեցին
Սիամանթոյի
ոտանաւորին
հետ։
Յօրինման
մէջ
թերացում
դժուար
քաւելի
մեղք
մըն
է։
Ու
այդ
մեղքը
ժամանակին
հետ
ու
մէջ,
խլիրդի
նման,
կը
պարուրէ
գործը։
Սիամանթոյի
մեծ
առաքինութիւն
ուժը,
շնորհը
իր
verbe–ին
մէջ
կը
գտնեն
իրենց
արդարացումը։
Բայց
դժբախտութիւնը
հոն
է,
որ
verbe–ը
եղանակ
է
գրեթէ
միշտ
ու
կրկնուելով
կ՚իյնայ
իր
նորութենէն,
ուժգնութենէն,
ինչ
որ
չուշացաւ
երեւան
գալ
անոր
անդրանիկ
իսկ
հատորէն
ետք
(«
Դիւցազնօրէն
»)։
Այնպէս,
որ
բանաստեղծը
փրկելու
մեր
ճիգին
մէջ
ստիպուած
ենք
դիմել
վիճակներուն
։
Ու
գիտէք
ասոնց
տարողութիւնը
իր
մօտ։
Անաւարտ,
թերի,
անբաւական
էին
անոնք։
Ու
իր
բախտին
անբաւական
էին
անոնք
դարձեալ
Եւրոպայի
սէմպոլիսներուն
մօտ։
Այս
տողերէն
ետք
հասկնալի՞՝
սէմպոլիսթ
տարազը,
երբ
կը
գործածուի
Սիամանթոյի
անունին
հետ։
Բայց
տեղը
չէ
հոս
երկար
վերլուծումներ
յատկացնել
սա
հարցին
ճշգրիտ
թափանցումին։
Եւրոպական
սէմպոլիսթները
այդ
տարտամութեան
արդարացումը
ունէին։
Անոնք
սպառած,
որդնոտ
քաղաքակրթութեան
մը
բոլոր
tare–երը
կը
փոխադրէին
իրենց
քերթողութեան
մէջ։
Ու
խորտակելու
համար
հասարակաց
անզգածութիւնը,
ուշքի
իյնալու
համար
կը
նեղէին
իրենց
արտայայտութիւնը,
կը
պրկէին,
չարչարագին
տարազի
մը
տակ
պարտվել
ջանալով
նիւթին
նիհարութիւնը,
որով
կը
տառապէին
ամէնքը
(
չէ՞
որ
ամէն
բան
ըսուած
էր
)։
Սիամանթօ
բոլորովին
տարբեր
զգայնութիւններու
խուրձ
մըն
էր։
Հեռու
սպառումէ,
շատ
յորդ,
իրենց
պատերը
խորտակելու
չափ
յորդ
հոսանքներու
ճամբաներ
էին
անոր
հայու
ջիղերն
ի
վար
ու
վեր
թաւալ
եկող
տագնապները,
այնքան
որ
ան
դժուար
/233/
կը
դիմակալէր
իր
նիւթին
սա
բռնութիւնը,
որ
ուրիշ
կերպով
մը
ինքզինք
արտայայտէր
պիտի։
Այս
մշուշին,
ճնշումին
ներքեւ
էր,
որ
անոր
ոտանաւորը
բզիկ-բզիկ
փեռեկումներ
ունեցաւ
ներսէն
ու
երեւան
բերաւ
կազմական
(դուք
ճշդեցէք
կառուցողական
)
թերիներ,
նման
արեւմտեան
սէմպոլիսներու
ոտանաւորին
վրայ
դիտուած
ճեղքերուն։
Այս
անգամ
ալ,
մեր
իմաստուն
անմտութիւնը
փութաց
շահագործել
հանգիտութիւնը։
Ու
սէմպոլիսթ
վերադիրը
այլեւս
իբրեւ
պիտակ
ընկերացաւ
Սիամանթոյի
անունին։
Կայ
աւելին։
Սէմպոլիզմը
ձայնական,
երաժշտական
effet–ն
(արեւելահայերը
կը
գրեն
էֆեկտ
),
կը
հետապնդեր,
իմաստէն,
յօրինումին
ամուր
օրէնքներէն
հեշտագին
զառածումով
մը։
Համաչափ,
հաստատ,
խստակառոյց,
զարգացուն
ու
իմաստին
ենթակայ
ճարտարապետութեան
փոխարէն
(այս
էր
պառնասեաններուն
հանգանակը),
արեւմտեան
քերթողները
գոհ
էին,
երբ
ոտանաւորը
երգէր
կամ
մթագին
խորհուրդներու
սպասարկէր
։
Առնուազն
նոր
անձնականութեան
մը
ձայնը
բերէր,
հոգ
չէ
թէ
զոհուէին
տաղաչափութեան,
քերականութեան,
տրամաբանութեան
դարաւոր
օրէնքները։
Վերհառն,
Ա.
Կիլ,
Կուրմոն,
Հանրի
տը
Ռենիէ,
Վալերի,
Սամէն,
յիշելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
անուններ,
իրենց
անհատականութեանց
շեշտին
հետ
այդ
կարգէ
մտահոգութիւններ
քալեցուցին։
Ու
եթէ
երբեք
իրենց
քերթուածներու
յօրինումը
պարզեց
մթութիւն,
թուլութիւն,
դարձեալ
եղաւ
հաւատարիմ
զիրենք
արտադրող
քաղաքակրթութեան։
Այդ
մարդոց
մօտ
տագնապը
հոգեբանական
էր,
քաղաքակրթութեան
ստեղծած
հիւծումն
էր
կամքերուն
մէջ։
Սիամանթոյի
տասնապը
ամենածայրայեղ
նախնականութեան
մը
գրոհն
էր
ժողովուրդին
վրայ։
Ու
իր
սէմպոլիզմը՝
աղօտացման
անգիտակից
ջանք
մը
այդ
անժուժելի
սարսափներուն։
Ու
թերեւս
հոս
էր
վրիպանքին
գերազանց
վրիպանքը։
Սամէն
մը
կեղծ,
անբնական
չէ
երբ
հիւծագին,
հեշտախտաւոր,
սրսփուն
իր
զգայութիւնները
արտակերպելու
իր
տառապանքին
մէջ
իր
ոտանաւորը
կ՚ընէ
քիչիկ
մը
flou,
զեղուն,
անուղղափառ
ու
բառերուն
ներքին
շողիւնները
կը
ջանայ
շահագործել,
թելադրական,
թերի,
յանդուգն
զանցումներով
տրամաբանական
գնացքէն։
Ու
ասիկա
այսպէս
միւս
վարպետներուն
համար։
Անշուշտ
Սիամանթօ
ունի
իր
անձը,
իր
հիւծախտը,
որոնք
բաւ
են
քերթող
մը
փրկելու
համար,
մանաւանդ
երբ
արտայայտման
մեծ
շնորհներ
ալ
միջամտեն
խառնուածքին։
Ան
գիտէ,
այս
դարու
սկիզբին,
այսքան
լայն
խոստումներէ,
ցոյցերէ,
յոյսերու
վերջ,
իրեն
համար
տրուած
գերագոյն
հարցը
ճակատագիրն
է
իր
ժողովուրդին,
որ
մեծ
է
զինքը
կազմող
անհատներուն
արժէքէն։
Ու
այդ
ժողովուր/234/դին
գոյութիւնն
է,
որ
դրուած
է
աճուրդի։
Ցեղ
մը,
քանի
մը
հազարամերու
տագնապներէն
ինքզինքը
ազատած,
կը
մորթուի
օր
ցերեկով,
աշխարհի
բոլոր
սուրբ
պատգամներուն,
բոլոր
մեծ,
արդար
սկզբունքներուն
սֆինքսային
լռութեանը
մէջ։
Պե՞տք
է
վեր
լուծել
պատկերը,
որ
նման
զգայութիւններու
գինն
է
մեր
մէջ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
լաւագոյն
մասերուն
մէջ
ուրիշ
բան
չըրաւ։
…
Ուրեմն
Սիամանթոյի
սէմպոլիզմը
շատ
հեռուէն
աղերսներ
ունի
այս
պիտակով
պատմութեան
անցած
գրական
դպրոցին
հետ։
Արտայայտման
ուժ
(ձայնական),
կառուցողական
անբաւարարութիւն,
շրջանային
ազդեցութեան
գլխաւոր
պատճառները
կը
նկատեմ
վերապրումին
ու
կ՚անցնիմ
այն
միւս
հարցերուն,
որոնք
այս
անգամ
ուղղակի
կը
շահագրգռեն
Սիամանթոյի
բանաստեղծութեան
ներքին
ու
ընդհանուր
տարողութիւնները։
Բ.
–
Հռետորութիւն
։
Ըսի,
թէ
1908-1915–ի
երջանիկ
տարիներուն
չունեցանք
հանրային
հանդիսութիւն
մը
(եւ
որքա՜ն
շատ
էր
անոնց
թիւը
եւ
որքա՜ն
ընդարձակ
ծիրը
անոնց
գործադրումին),
ուր
Սիամանթոյէն
քանի
մը
քերթուած
չարտասանուէին
։
Իր
դժբախտութիւնը,
այս
հասարակաց
սպասը,
որուն
մէջ
անխիղճ
քապոթէններ
այդ
ոտանաւորին
ներքին
խօթութիւնը
աւելորդ
յորդութեամբ
մը,
ուժգնութեամբ
մը
կը
փառաւորէին։
Փլփլած
տղաք,
շքեղ
հոսհոսներ,
աճապարանքով
սարքուած
բեմերու
վրայէն,
շարժումներու
խելայեղիչ
առատութեան
մը
մէջ,
դպրոցի
մը
սրահին
կամ
ակումբի
մը
քիչ
մը
շատ
բան
հոսող
նեղլիկ
միջոցին
մէջ,
քիթ
քիթի
տեղաորուած,
թշուառ
ու
երջանիկ
մարդոց
վրայ
կը
թափէին
երկարօրէն
այդ
ոտանաւորին
ամբողջ
ծանր,
կպչուն,
մազերը
փշաքաղող
հնչականութիւնը,
ժահրը,
տեսիլքն
ահաւոր
վայրագութիւնը
։
Պէտք
է
/235/
ճշդել
հոս
դերն
ալ
ժամանակին
(եւրոպացիներուն
moment–ը,
որ
թէեւ
կարճ
(1909-1914),
բայց
բաւ
էր
երեւան
բերելու
համար
քանի
մը
խորագոյն,
թերեւս
դարաւոր
զսպումներու
պոռթկումը…
բառերու
վրայով։
Թերեւս
չունեցանք
մեր
պատմութեան
մէջ
շրջան
մը,
ուր
այնքան
հզօր
ճնշումով
մը
մենք
զգայինք
դասը
մեր
դժբախտութեանց,
հաղորդ
ըլլայինք
մեր
վրայ
գործադրուած
անարդարութեանց
ամբողջ
եղերականութիւնը
ու
սնուցանէինք
յոյսը
այդ
ամէնը
սրբագործուած
տեսնելու,
ու
դարերու
կարօտին
յագեցումին
կը
հաւատայինք
մեր
միամտութեանը
մէջ։
Գործօն
ցեղ
մը
չենք
եղած
ու
մեր
երազներուն
յամառութիւնը
շփոթած
ենք
մեր
իսկական
ուժերուն
հետ։
Տկար
ժողովուրդներուն
զէնքը
հռետորութիւնն
է
կ՚ըսեն,
առանց
սխալ
ընդհանրացում
մը
ընելու։
Սիամանթոյի
քերթողութիւնը
այդ
ռոմանթիզմին
սխալ
արտայայտութիւնն
է
ահաւասիկ
ցեղային,
տարերային,
անսրբագրելի
եւ
յիմար։
Ամբոխներուն
համար
այս
հռետորութիւնը
սնունդ
մըն
է։
Ու
ասիկա
կը
բացատրէ
մեծ
վարկը
մեր
ռոմանթիք
դպրոցին
ու
անհուն
խանդավառութիւնը,
զոր
բառերը
կը
ստեղծեն
մեր
զանգուածներուն
ներսը։
1860-1870–ին
մեր
ժողովուրդը
հիացիկ
աւիւնով
մը
ծափահարած,
փառերգած
է
այն
թատերական
գործերը,
որոնց
թշուառութեան,
ապարուեստութեան
աստիճանը
դուրս
է
այսօր
պարզամիտ
մարդոց
իսկ
ճաշակէն։
Ու
այն
բիւրաւոր
երգերը,
որոնք
այդ
քառորդ
դարու
ընթացքին
(1860-1886)
մեր
հանդէսները
խենթացուցին,
խորքին
մէջ
ուրիշ
թելադրանք
չունին,
քան
այն
մէկ
ու
նոյն
հոգեվիճակը,
որ
երկու
դար
առաջ
Ս.
Լուսաւորչի
հաւատքն
էր
ու
Սիամանթոյի
ժամանակ
արմէնիզմը
եւ
հայ
յեղափոխութիւնը,
անոր
մարտական
արարքները
ու
մեր
թշնամիին
անհուն
բարբարոսութիւնը։
1860–ին
Մ.
Պէշիկթաշլեան
անհրաժեշտութիւն
մըն
էր
ու
հարազատ
մարդ
իր
շրջանակին։
1910–ին
Սիամանթօն,
իր
բոլոր
թերացումներովը,
անփոյթ
գործադրումներովը
նման
անհրաժեշտութիւն
մըն
էր։
Ու
իր
կուսակցութեան,
ինչպէս
իր
ընթերցող/236/ներուն,
ունկնդիրներուն
համար
հոգեղէն
կարիք
մը։
Այս
ուսումնասիրութեան
ընթացքին
ակնարկեցին
«
Ս.
Մեսրոպ
»ի
փառքին,
Պոլիս,
Ս.
Երրորդութեան
եկեղեցիին
մէջ,
Կոստան
Զարեանի
արտասանութեամբը
լուսապսակուած։
Ու
1913–ին
մեր
ժողովուրդը
մեր
գիրին,
գրականութեան
ռոմանթիզմը
կ՚ապրէր։
Հարկ
չկայ
մեր
պատմութիւնը
այսպէս
խուզարկելու,
գտնելու
համար
ընդհանրացման
եզրեր։
Բայց
ահա
փարատոքսը:
Իր
աշխարհին
վերլուծումը
իր
բոլոր
անբանականութիւնները
դրա
մեր
առջեւ։
Իր
նիւթը
այնքան
անփութութեամբ
շահագործած
այս
քերթողին
ազդեցութիւնը,
հեղինակութիւնը
փաստեր
են
անհերքելի։
Բայց
անոնք
կը
փոխարինե՞ն
մեր
տաղանդը։
Ոչ
ոք
մեր
քերթողներէն
հասաւ
ժողովրդականութեան
այն
աստիճանին,
ուր
կը
կենար
քրմական
անզգածութեամբ
Ատոմ
Եարճանեան
բանաստեղծը։
Ու
փարատոքսին
արժանիքն
է
անբացատրելի
ըլլալ։
Ինք
իր
մէջ
դիտուած,
Սիամանթոյի
հռետորութիւնը
թերեւս
իր
քերթողութեան
ամենէն
հարազատ,
անհրաժեշտ
մէկ
ներքին
իսկութիւնն
է,
որ
իյնալով
իրեն
ընտանի
միջավայրի
մը
մէջ,
օգտուելով
շրջանային
հոգեբանութենէ,
պահ
մը
պատրեց
թէ՛
բանաստեղծը,
թէ՛
իր
ունկնդիրները։
Այդ
հռետորութիւնը
–
հարկ
է
ընդգծել
–
հիմնովին
կը
տարբերի
Մխիթարեաններով
Պոլսոյ
գրական
ճաշակը
խեղաթիւրող
գրքունակ
ու
տափակ
խաղարկութենէն,
որ
վտանգեց
ռոմանթիք
մեծ
քերթողներուն
ստեղծագործութիւնները,
տապալելով
իրական
խառնուածքներ։
Չեմ
կասկածիր,
որ
բանաստեղծ
մը
կար
Աբբա
Ալիշանին
ետին։
Բայց
փորձեցէք
կարդալ
իրմէ
որեւէ
քերթուած։
Գրաւ
կը
դնեմ,
որ
պիտի
չկրնաք
աարտել
այդ
քերթուածը։
Ինքնաբերաբար
ձեր
ձեռքէն
կ՚իյնայ
դիւանը
Մ.
Պէշիկթաշլեանի,
երբ
կարդալու
վերջ
անոր
սիրային
քերթուածները,
կը
փորձէք
մօտենալ
պարագայականներուն,
հայրենասիրականներուն։
Ու
ասիկա
եղերօրէն
ճիշդ
է
Թերզեանի,
Նար–Պէյի
տաղերուն
համար։
Եւ
սակայն
հայրենասիրութիւնը
ոչ
մեղք
էր,
ոչ
ալ
ամօթ։
Անիկա
մեր
ամէնուն
հոգին
համախառնող
ամենէն
հզօր
զգացումն
էր
եւ
է
մինչեւ
այսօր։
Ինչո՞ւ
այդ
քան
նուիրական,
հարազատ,
խոր
հոգեվիճակ
մը
այդ
քան
ձախող
արտայայտութեամբ
մը
գործերու
ծնունդ
տալ,
որոնք,
փոխանակ
ըլլալու
մեր
գրականութեան
անկորուստ
փառքերը,
բեռ
են
անոր։
Սիամանթոյի
հռետորութիւնը
ոչինչ
ունի
գրքունակ,
տաղաչափական,
քերականական
։
Զայն
լիովին
կը
դատենք,
երբ
մօտեցնենք
այդ
միւս
ալ
հռետորութեան,
որ
փառքը
կազմեց
«
Ով
որ
սուլթան
մը
ունի
իր
հոգիին
մէջ
»
(Ռ.
Զարդարեան
)
եւ
կամ
«
Յարգա՜նք
քեզ
»
(Ա.
Ահարոնեան),
«
Գեղօն
ի
պատիւ
հայ
լեզուին
»
(Ա.
Չօպանեան)
եւ
կամ
«
Ծփանքներ
»
(Ռ.
/237/
Որբերեան)
անուններով
փառապսակ
կտորներուն
հետ։
Այս
կտորներուն
խնամքով
սքօղուն
հռետորութիւնը
անշուշտ
քիչիկ
մը
կը
յիշեցնէ
Բագրատունի–Ալիշան—Պէրպէրեան
դպրոցը,
որուն
քերականական,
տաղաչափական
ծաղիկներուն
տեղ
գործածուած
են
բառական
նրբութիւն
ու
ծեքծեքում։
Սիամանթոյի
հռետորութիւնը
ո՛չ
մին
է
եւ
ո՛չ
միւսը։
Ինքնայատուկ,
չըսելու
համար
ինքնատիպ
եղանակ
մըն
է
մտածումներ,
պատկերներ,
վիճակներ
դասաւորելու,
առանց
որ
յարգուէին
այդ
գործողութեան
յատուկ
օրենքները։
Ու
ամենէն
յաճախակին՝
այդ
մտածումներուն
սովորականութիւնը,
որ
պայմանն
իսկ
էր
անոնց
հաղորդականութեան
։
Մեր
տառապանքին
իրական
խորութիւնը
պատրանքի
պատճառ
մըն
էր,
որպէսզի
այդ
լարէն
զարնող
ամէն
հեծք
մեզի
համար
ստանար
ապշեցուցիչ
արժանիք։
Միւս
կողմէն,
քիչ
վերը
համառօտուած
քերթուածին
մէջ
(«
Խաչը
»),
դուք
տեսաք
խօսքին
բաժինը։
Ու
խօսքը
քերթուածի
մը
մէջ
թեւաւոր
մտածում
միայն
կրնայ
ըլլալ։
Չնորոգուող
նիւթի
մը
լուրջ
մտածումը
հրաշք
մը
չի
կրնար
գործել,
ինք
միայն
ինքզինք
նորոգելու
կարող
ընծայելով։
Այս
իսկ
նկատումով,
այդ
գործին
կէսէն
աւելին,
ինքնաբերաբար
դադրած
է
արդէն
արժէքէ
եւ
ազդեցութենէ։
Բայց
տպաւորութեան
ուրիշ
հզօր
ազդակներ
են
պատկերները,
որոնք
մեր
մէջ
մտապատկերման
representatif
կարողութիւնը
կը
շահագրգռեն
/238/
(չշփոթել
պատկերը
տեսիլքին,
ինչպէս
այս
վերջինը՝
վիճակին
հետ)։
Այսպէս,
ամէն
քերթուածի
մէջ
մեզի
կը
շնորհուի
հոծ
խռովքը
խիտ
պատկերներու
–
երկաթաքայլ
հով
(«Զանգակին
ձայնը»),
ադամանդեայ
ապառաժ
(«Ս.
Մեսրոպ»),
անխտրական
ցորեան
(«Հայ
դաշտերուն
պաղատանքը»),
յիշելու
համար
քանի
մը
նմոյշներ։
Ամբողջ
հատորիկ
մը,
«
Ս.
Մեսրոպ
»,
ուրիշ
բան
չէ,
եթէ
ոչ
իրարմէ
խիտ
ու
աճեցուն
պատկերաշարք
մը,
ուր
Սիամանթոյի
ստեղծագործ
երեւակայութեան
փաստը
կը
ստուգուի
անհերքելի
կերպով
մը։
Հռետորութիւնը
պատկերները
ճարտար
բաշխումներով
կը
սիրէ
արդիւնաւորել,
բայց
չի
կրնար
քերթուած
մը
փրկել։
Սիամանթոյի
վստահութիւնը՝
իր
տողերուն
հնչականութեան,
իր
կշռոյթին
թափին
ու
բառերուն
լոյսին
վրայ,
զինքը
ըրած
է
կոյր,
առնուազն
անտարբեր
ուրիշ
կողմերու
վրայ։
Ու
այսօր
ունինք
իր
գործը,
որ
տառապանք
մըն
է
ամէն
արուեստագէտի։
Առանց
խորունկ
կսկիծի
չէք
կրնար
կարդալ՝
«Այսօր
եօթը
լարերն
իմ
բարկութեան
եւ
մարտնչումի
քնարիս,
եւ
հաւատքս
մոլեռանդ
Եւ
հեծեծանքս
եւ
մտածումս
եւ
եղբայրական
աչքերս
Ձեզի
կը
բերեմ,
ձեզի
կը
խնկեմ,
ձեզի
կը
մատուցանեմ,
ո՜վ
կենդանի
մեռեալներ,
Ո՜վ
թիապարտներ,
ո՜վ
աքսորեալներ,
հայրենակարօտնե՜ր,
կալանաւորնե՜ր,
/239/
Դուք
որ
մահուան
մէջ
կ՚ապրիք
եւ
կեանքին
մէջ
ամէն
վայրկյան
կը
մեռնիք,
Դուք
որոնց
արդար
սուրերուն
տեղ
այսօր՝
ձեր
վրայ,
ծանրածանր
շղթաներ
են
որ
կը
փայլին...
»։
«Բանտերու
խորերէն»
(«ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ»,
Գ.
շարք)։
Ու
այս
հազիւ
ներկուած
հասարակ
տեղիքները
այսպէս
պիտի
շարունակուին
տակաւին
20-30
տողեր
ի
վար,
առանց,
որ
դուք
բախտը
ունենաք
այդ
տղաքը
տեսնելու,
բանտերուն
խորը,
թուրքին
կողմէ
յարդարուած,
այդ
հերոսները
դանդաղ
մահուան
մէջ
մարսելու։
Ու
հոս
է
դժբախտութիւնը։
Թո՛ղ
սա
տողերը
արտասանուին
որոշ
խառնուածքով
մարդոց
կողմէ,
կը
տպաւորեն
առանց
այլեւայլի։
Բայց
կարդացե՛ք
քիչիկ
մը
ուշով,
պիտի
ընդվզիք,
որ
վեց
երկար
տողերու
մէջ
դուք
գտնէք
մէկ
բան
միայն
–
բանտարկեալները
։
Ասիկա
բառերու
խաղարկութիւն
է,
հոսհոսներու
վայել
անլրջութիւնը։
Ու
երբ
մտածէք,
թէ
սա
վիճակը
միշտ
գոյ
է
ամէն
քերթուածի
մէջ,
շատ–շատ
ընդլայնումի
մը
աստիճաններով
միայն
տարիներուն,
այն
ատեն
միայն
ճիշդ
իր
չափին
մէջ
կը
դատէք
մեծաշուք
վրիպանքը,
զոր
սխալ
չըլլալ
մօտեցնել
«
Հայկ
Դիւցազն
»ի
(Հ.
Արսեն
Բագրատունի)
վսեմ
ձախողանքին։
Ու
ըլլալու
համար
կարճ
ու
արդար,
ատեն
է,
որ
առանց
պատէ
պատի,
ըսուի
իրականութիւնը
Սիամանթոյի
գործին
տարողութեան
մասին։
Հայ
հոգիին
տարօրինակ
յատկութիւնները
կարկառի
հանող
գրական
արդիւնքին
մէջ,
որուն
անունն
է
արեւմտահայ
գրականութիւնը,
Սիամանթոյի
մեզի
կտակածը
չեղաւ
այդ
ահեղ
գեղեցկութիւնը,
որմէ
խօսիլ
ու
լսել
կ՚ախորժէր
քրմատիպ
տժգունութեամբ
այդ
երիտասարդը,
որուն
սովոր
էին
հանդիպիլ
խմբագրատանց
քուլիսներուն
մէջ,
իր
համբաւը
արժեւորելու
ծանր
անձուկով։
Ըսված
է,
որ
պետք
է
տալ
կայսրինը
կայսեր
ու
Աստուծունը՝
Աստուծոյ։
Մեր
պարագայապաշտ
քերթողներուն
մէջ
Սիամանթօ
եղաւ
այն
/240/
բացառիկ
ալ
մարդը,
որ
չինկաւ
ծիծաղելիին
մէջը
մեր
ռոմանթիքներուն
(պէտք
է
հոս
անգամ
մըն
ալ
թարմացնել
վճիռը,
որուն
համեմատ
մեր
ռոմանթիքներուն
պարագայական
քերթողութիւնը
բեռ
մըն
է,
մեղքն
է,
մեռեալ
տարրը
արեւմտահայ
քնարերգութեան։
Ի՛նչ
աւելի
տխուր
փաստ
քան
դիւանը
Մ.
Պէշիկթաշլեանի,
որ
հարազատ,
եթէ
ոչ
մեծ
բանաստեղծ
մըն
էր։
Հարիւրի
մօտ
իր
քերթուածներէն
սակայն
քանի՞
հատը
այսօր
կը
խօսին
մեզի։
Ինսունը
այդ
հարիւրէն
դրուած
են
այս
ու
այն
թշուառական
հանդէսին
փայլ
մը
աւելցնելու
մեղապարտ
փառասիրութեամբ։
Չեմ
կրկներ
նախապէս
ըսուածները։
Սիամանթոյի
անունին
հետ
այս
թարմացումը
ախտանիշ
մըն
էր,
զոր
սակայն
պէտք
չէ
մղել
ուշադրութենէ)։
Ու
պատեհութիւններու
ծանծաղուտը
փորձեց
կտրել
անցնիլ
սէմպոլիսթ
իր
նաւակով։
Այս
ճիգը,
ճարտարանքը
անհրաժեշտ
էր
արձանագրել,
ու
կ՚ընեմ
ատիկա։
Թէ
կարելի
էր
օրուան
կեանքէն
վերանալ
տիրական,
որքան
տեւական
ստեղծումներուն,
հոս
հարցը
կը
փոխուի
ի
վնաս
անհա՛շտ
Սիա/241/մանթոյի,
որ
գովեստի
ու
խունկի
մուրացկան,
ըրաւ
չարադէպ
շահագործումը
պարագաներուն,
տարիներ
միջոցներով։
Բառը,
հնչումը,
նախադասութեանց
տինամիզմն
ու
շքեղութիւնը,
ինչպէս
ամէն
ճիգէ
իր
նահանջը՝
իրարու
կ՚աւելնան,
որպէսզի
հիւսուի
պատրանքը։
Թերեւս
անտեղի
չըլլայ
հոս
յիշել
իր
երկունքէն
տագնապ
մը,
որուն
տրտմութեամբ
ականատես
եղայ։
«
Ս.
Մեսրոպ
»ի
ստեղծումն
էր
ատիկա։
Քանի
մը
շաբաթ
տեւող
այդ
շրջանին
Սիամանթօ
կ՚ապրէր
ունայնամիտ
չարչարանքը
Նարեկացին
նորոգելու:
Խոր
յուզումով
է,
որ
կը
յիշեմ
օրը,
երբ
զիս
կեցուցած
Կամուրջին
գլուխը
(Պոլիս),
կը
կարդար
գիշերուան
գինը
կազմող
ութը-տասը
տող
բացագանչութիւնները,
ծանրանալով
մանաւանդ
քաջալերին,
հիացումին,
որոնք
չէին
խնայուեր
իրեն
բարձր
շրջանակներէ
(կուսակցական)։
Ու
կը
հաւատար
իրեն
ընծայուած
սա
փառաբանութեան,
որուն
լայթմոթիֆը
կը
կազմէր
«Tu
as
surpassé
Naregatzi»
նախադասութիւնը։
Ու
լուրջ
էլ
ու
հանդիսական։
Չկասկածեցաւ,
թէ
այդ
գիշերաջան
արդիւնքին
մէջ
իսկ
ինքը
կը
պակսէր
իր
քերթուածին,
ինչպէս
միշտ
պակսած
էր։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
լրագրական,
կուսակցական
ապսպրանքը
եղաւ
մեծ
պատճառ
Սիամանթոյի
գործին։
Ու
չուրանալով
հանդերձ
շրջապատին
հզօր
մղումը,
ինծի
կու
տամ
իրաւունք
կասկածելու
ամէն
արդիւնքէ,
ու
ներքին,
խորագոյն
տագնապը
չ՚իշխեր
իր
գործերուն
նկարագիր
մը
ճարելու
ճակատագիրը
բարձրօրէն,
չըսելու
համար
ենթագիտակցօրէն,
ղեկավարող։
Այսպէս
ընելով
էր,
որ
ան
հաւատաց
իր
անկապակից,
անաւարտ,
անծրագիր
պատկերներուն
թելադրանքին։
Իր
հռետորութիւնը
բարձրագոյն
իր
խտութիւնը
կը
գտնէ
«
Ս.
Մեսրոպ
»ի
մէջ,
գրքոյկ,
ուր
ես
–ի
եւ
դուն
–ի
երկասացութիւն
մըն
է,
որ
կը
ծանծաղի
15-20
էջերու
վրայ
երկարաձգուող։
Ես
-ը
քերթողին
անձն
է,
բոլոր
ժխտական
սեղմումներովը,
դուն
–ը
Սուրբին
մտատեսիլն
է,
ներբողին
բոլոր
ծաղիկներով։
Արդիւնքը
այն
կ՚ըլլայ,
որ
երկու
այս
հակադրութիւնները
քանի
մը
էջի
մէջ
սպառել,
զիրար
չեզոքացնելէ
ետք,
կը
դադրին
կեանքին
պատկանելէ։
Նորոգեցէ՛ք,
որքան
որ
կրնաք,
պատմական
արժէքը,
անձերը,
չէք
կրնար
խուսափիլ
աղէտէն,
որ
բառերէն
խղդուիլն
է
միշտ,
եթէ
երբեք
անցքերը,
անձերը
իրագործելու
մոգական
ուժէն
զուրկ
էք
ծնած։
Աճեցուցէ՛ք,
բազմապատկեցէ՛ք
փոխաբերութիւնները,
հռետորական
truc–ները,
բառերուն
ներքին
ուժէն
ձեր
տաղանդին
նուաճումները,
պիտի
չյաջողիք
իրականութեան
պահ
մը
թելադրել
մեզի։
Այդ
ոժբախտութեան
շքեղագոյն
փաստն
է
ահա
«
Ս.
Մեսրոպ
»ը,
որ
իր
վերադիրները,
ճիտէն
կախուած
շքանշանները,
լայնաձեռն
/242/
վրան
նետուած
դերերը
պիտի
հագնի,
արեւելեան
մեհեաններու
մէջ
ոսկեհուռ
եւ
ադամանդալոյզ
կուռքի
մը
նման,
բայց
պիտի
չյուզէ
ձեզ
նայուածքի
մը
կենդանի
ջերմութեամբը։
Իր
անդրագոյն
սահմանները
մինչեւ
առաջնորդուած,
ծծուած
ու
սպառած,
այդ
հռետորութիւնը,
հակառակ
պաշտպանուած
ալ
ըլլալուն
նորակերտ
փոխաբերութեանց
որոշ
սթոքէ
մը,
չի
յաջողիր
ծածկել
վիճակին,
հոգեկան
ոլորտին
ահաւոր
նիհարութիւնը,
տարտամութիւնը,
որոնցմով
զարնուած
էր
Սիամանթոյի
գործը,
դեռ
անդրագոյն
երիտասարդութեան
օրերէն։
Եթէ
երբեք
լայնցած
այս
նուազումին
վրայ,
պատճառը՝
գրական
դպրոց
մը
կործանող
(մեր
ռոմանթիքներուն
կորանքը,
Մխիթարեան
հռետորութեան
ճնշումով)
թերութեան
մը
ուշագրաւ
երեւումն
էր
ուրիշ
դպրոցի
մը
պատկանող
ու
օժտուած
քերթողի
մը
վրայ։
Այսօր
տակաւին
կրնանք
կարդալ,
գէթ
սկսիլ
Սիամանթոյէ
որեւէ
քերթուած,
մենք,
իր
երէցները,
զիջումը
ընելով
հաւանաբար
անգիտակից
ազդակներու,
որոնք
զգացական
են
ու
դժուար
կը
մաշին։
Մեզմէ
ե՞տք։
Մանաւանդ,
երբ
մեր
ազգային
դատը
իր
լուծումը
գտնէ։
Եւ
սակայն
անարդարութիւն
պիտի
ըլլար
խօսքը,
իր
ջերմութիւնը,
իր
ուժը
պատասխանատու
բռնել
սա
կորանքին։
Ատոր
համար
է,
որ
կը
փորձեմ
մօտեցնել
Սիամանթոյի
հռետորութիւնը
Վարուժանի
մօտ
գոյ
վիճակի
մը,
որուն
ընտանի
պիտակը
դարձեալ
նոյն
բառէն,
հռետորութենէն
կ՚առնեմ,
աւելի
յարմարը
չունենալուս։
Նոյն
բառն
է,
որ
ինքնաբերաբար
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
իմ
գրչին,
թերեւս
թաքուն
ճշմարտութեան
մը,
մղումի
մը
անձնատուր։
Կարդեցէ՛ք
սա
տողերը.
«...
Աստուած,
Աստուած
Լուսաւորչի,
Ներսէսի,
Ուրեմն
ա՞յս
էր,
փոխարէնը
ա՞յս
էր
միթէ
Մեր
աղօթքին,
մեղրամոմին,
կնդրուկին ...
»։
«Հայհոյանք»
(«ՑԵՂԻՆ
ՍԻՐՏԸ»)։
Ընթերցողը
շատ
օգտաւէտ
փորձ
մը
կ՚ընէ
կարդալով
այդ
քերթուածը
ամբողջութեամբ,
տեսնելու
համար,
թէ
ի՛նչ
հրաշագործ
ուժ
է
բառը,
ԲԱՆԻՆ
այդ
կաղապարը,
հերիք
է,
որ
հողմավար
փոշիներու
նման
չհալածուի
տողերն
ի
վար
ու
«
նայի
ծանր
»,
ինչպէս
կը
պատկերէ
մեր
ժողովուրդը
լեցուն
ու
իրաւ
վիճակները։
«
Հայհոյանք
»ը
Սիամանթոյի
սէրն
է,
ամբողջական
ու
բացարձակ,
բայց
է
նոյն
ատեն
մէկը
հայ
լեզուին
գեղեցկագոյն
ստեղծումներէն։
Հոմանիշ
վիճակէ
մը
Վարուժան
հանած
է
անխորտակելի
ըսուելու
չափ
/243/
հաստատ
շէնք
մը։
Տուէ՛ք
վիճակը՝
Սիամանթոյի
ու
դուք
պիտի
ունենաք
այն
անորակելի
քերթուածները,
որոնք
կը
կոչուին
«
Ափ
մը
մոխիր
հայրենի
տուն
»,
«
Ասպետին
երգը
»,
«
Մօր
մը
երազը
»,
«
Եղբայրն
իր
եղբօրը
»
ու
ամբողջ
տաղերը
գրեթէ,
ջարդն
ու
մահուան
ջայլը
նիւթ
ունեցող։
Բայց
որոնց
բոլորին
ալ
կը
պակսի
վաւերական
կեանքին
անփոխարինելի
բախտն
ու
նպաստը։
Դարձեալ
ունեցէք
կարդալու
սա
տողերը.
«Գարմանամուտ
երեկոյ
մ՚իր
պալատին
մէջ
մարմար,
Բակուր,
Սիւնեաց
նահապետ,
շքեղ
հանդէս
մը
կու
տար…»։
«Հարճը»
(«ՀԵԹԱՆՈՍ
ԵՐԳԵՐ»)։
Սա
պոէմային
ամբողջական
ընթերցումը
գիտեմ,
թէ
ձեր
մէջ
պիտի
արթնցնէ
շատ
մը
հակասական
տրամադրութիւններ։
Պիտի
զմայլիք
գոյներուն
ամուր
վառման,
նկարագրող
տարրին
փարթամութեան,
մսուտ
կենդանութեան,
շարժումներուն
արագ
թափին,
ինչպէս
պիտի
տառապիք
հոգեբանական
զարգացման
զգալի
անխնամութենէն,
մարդկային
տարրը
տիրապետելու
անբաւարութենէն,
յուզումն
ու
կիրքը
աճեցնելու
մէջ
անփոյթ
կրաւորութենէն
ու
տակաւին
շատ
մը
նուազումներէ։
Ասոնք
չէ,
որ
կ՚ուզեմ
յանձնել
ձեր
ուշադրութեան։
Կը
թելադրեմ
նկատի
ունենալ
բացառաբար
բառին
ուժը,
բանին
մղումը,
նախադասութեանց
ներքին
կշռոյթը,
տինամիզմը,
զանոնք
բաղդատելու
համար
լաւագոյն
երակէ
Սիամանթոյի
հետ,
ու
եթէ
կ՚ուզէք
հռչակաւոր
«
Ս.
Մեսրոպ
»ի
ծանրաթաւալ,
կայծկլտուն,
գրեթէ
brutal
հռետորութեան
հետ։
Եթէ
համբաւներուն
նախապաշարումովը
հիւանդ
մէկը
չէք,
ու
մանաւանդ
բառերու
ու
աղմուկի
հանդէպ
կանխատրամադիր
տկարութիւն
մը
չունիք,
քանի
մը
տողերու
դանդաղ
վերծանումովը
պիտի
զգաք,
որ
այդ
verbal
puissance-ի
Սիամանթոյի
մէջ
ինք
իրեն
համար
ապրող
միջոց
մըն
է,
իր
տակը
քիչ
բան,
չըսելու
համար
ոչինչ
ծածկող.
«…
Ա՜հ,
ամբողջ
արիւնը
Քու
ուղեղիդ,
Ի՜նչ
տենդերէ
որպիսի՜
տենդ,
Եւ
սարսուռներէ
ի՜նչ
սարսուռ,
Ի՜նչ
գեհենական
գալարումէ
գալարում,
Եւ
վարանքէ
վարանք,
վարկածէ
ի
վարկած,
Եւ
ծովային
ծփանքներէ
ի
ծփանք,
Այլակերպիչ
նժարէ
մը
ուրիշ
նժար,
/244/
Եւ
կշիռէ
ի
կշիռ,
զքե՜զ
տարաւ
…
Ու
մէն
մի
հիւլէն
քու
հոգիիդ,
Մէն
մի
ճաճանչը
քու
աչքերուդ,
Մէն
մի
կաթիլը
քու
հանճարիդ
կայծերուն,
Հողմային
հեւքդ
եւ
խուլ
թափը
թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ
յորձանքներն
հրեղէն,
Քառասուն
օր՝
տիւ
եւ
գիշեր,
Մենութեանդ
մէջ,
մեռեալի
մը
պէս
մենաւոր,
Զքեզ՝
դէպի
Տեսի՛լքդ
տարին ...
»։
«Ս.
ՄԵՍՐՈՊ»
Անշուշտ
սա
բառերը
իմաստ
մը
ունին
Հայկազնեան
բառարան
ին
մէջ,
բայց
հոս
խմբուած,
անոնք
աղմուկ
են
իմաստ
ըլլալէ
առաջ։
Անոնք
հակառակ
իրենց
ճիգին՝
վիճակ
մը
սեղմելու
(serrer),
սեւեռելու
(fixer),
որ
հոս
տեսիլքին
լացող
մարդուն
առքը
պիտի
ըլլար
հաւանաբար,
անջատ
փայլակներու
նման
կ՚ուրուանան
ու
կ՚անցնին,
անկարող
ձեւերը
մեր
մտքին
մէջ
ամրօրէն
քանդակելու։
Աւելի՛ն.
անոնք
տեւական
տեղքայլի
մը
հետ
կը
շփոթուին,
քանի
որ
մեզ
չեն
տանիր,
քանի
որ
Սիամանթօն
այդ
տողերը
գրելէ
առաջ
անոնց
մարմինը
չունի
մտքին
մէջ,
քանի
որ
մանաւանդ
բառն
է,
որ
տարազ
կը
փոխէ,
փոխել
կարծելով
խորք
ալ։
Նկատեցիք
անշուշտ
արիւն,
տենդ,
սարսուռ,
գալարում,
վարանք,
վարկած,
ծփանք,
նժար,
կշիռ
բառերուն
մերձիմաստ
նկարագիրը։
Շարունակեցէ՛ք
սա
abstraction-ը
ու
պիտի
ունենաք
սա
տարազը.
հիւլէ,
ճաճանչ,
կայծ,
հեւք,
թռիչք,
յորձանք
։
Իր
կարգին,
այս
երկրորդ
շարքն
ալ
բառերու
կը
մեկնի
սկզբնական
միակ
բառի
մը։
Ու
երբ
սեղմեք
այս
ամէնը
ստանալու
համար
տրուածին
իսկութիւնը,
ձեզի
մնացածը՝
« ...
Մենութեան
մէջ,
մեռեալի
մը
պէս
մենաւոր...
»
մարդու
մը
ուրուականն
է,
դէպի
տեսիլքը
գացող։
Նիւթին
տագնապը,
պակասը
բանաստեղծը
կը
կարծէ
դիմաւորել
տողերու
յարաճուն
յաւելումով
մը,
որոնք
սակայն
նոյներանգ
նրբութիւններ
են
ու
զարդ,
ըլլալու
տեղ
միս
ու
ոսկոր։
Խորքին
մէջ
նոյնը
մնացող
սա
յորդումը,
այո՛,
վայրկեան
մը
կը
տպաւորէ
իբրեւ
ուժ,
բայց
քիչ
ետքը
կը
յոգնեցնէ
չարաչար։
«
Ս.
Մեսրոպ
»ը
Սիամանթոյի
վերջին,
եւ
ըստ
ոմանց
ամենէն
գեղեցիկ
արդիւնքը,
այսպէս
շքեղ
վրիպանք
մը
ընող
մեղքը,
ահա՛
ինքզինքը
կը
մերկէ։
Բանաստեղծը,
անգամ
մը
իր
դէմը
առնելէ
/245/
ետք
«
Օշականի
անհուն
մեռել
»ին
խորհրդանիշ
անձը,
առանց
դժուարութեան,
պիտի
ճարէ
անոր
համար
ներբող
մը,
որ
դարձեալ
վերածելի
է
սա
տեսակ
տարազի
մը.
Դուն
որ
…
Դուն
որուն
…
Դուն
որմէ
…
Դուն
որով
… |
դիմել
«
Ս.
Մեսրոպ
»ին։ |
էջերու
վրայ,
նոյներանգ
ու
նոյնահոլով։
Երկրորդ
եզրը
կու
գայ
բանաստեղծին
անձէն,
նմանապէս
վերածելի
սա՛
տեսակ
տարազի
մը.
Ես
…
այսինչ
Ես
…
այնինչ
Ես
…
եւայլն
եւայլն |
դիմել
«
Ս.
Մեսրոպ
»ին։ |
Այսպէս
իր
պարզագոյն
տարրերուն
վերածուած,
առանց
գործողութեան,
առանց
վիճակի
կամ
վիճակներու,
պոէման
պիտի
քալէ,
պիտի
կարծէ
քալել,
միշտ
մնալով
նոյն
տեղը։
Կրնաք
այս
պարզուած
տարազները
զգեստաւորող
նիւթեղէնը
գնահատել
թանկ
ձեր
ուզածին
չափ,
խանդավառուիլ
պատկերներով,
փոխաբերութեանց
մթերքով,
ձայնական
սէմֆոնիով։
Չեմ
հակառակիր։
Կը
մատնէք
ձեր
խառնուածքը։
Ուրիշներ
պիտի
տառապին
պոէմային
անաճուն
նկարագրէն,
որ
ճակատագիր
մըն
է
ա՛լ,
տարիներու
կրկնումով
եղանակ
դարձած
ու
մեր
մէջ
ստեղծող
այն
շատ
տխուր
տրամադրութիւնը,
որուն
համեմատ
մենք
կը
կարծենք
գուշակել,
գիտնալ,
տակաւին
չկարդացած
(ըսել
կ՚ուզեմ
4-15
տողէն
անդին
չանցած)
Սիամանթոյի
որեւէ
քերթուածին
ընդհանուր
տարողութիւնը
։
Նորօրինակ
ու
մեծածաւալ
գրական
պըլը՞ֆ
մը
այս
ամէնը։
Չեմ
երթար
այդքան
առաջ։
Բայց
ինծի
պիտի
ներեմ
սա
տարօրինակ
փորձը։
Ընթերցողը
կրնայ
վստահ
ըլլալ,
որ
հետեւեալ
էջերը
ուղղակի
ծնունդն
են
վայրկեաններուն,
որոնք
անհրաժեշտ
էին
մտածումը
թուղթին
յանձնելու
տեւողութեան
համար։
Գիտէք,
որ
Սիամանթօ
արժանի
չեղաւ
իր
այնքան
երազած
օրը
ապրելու
–
ազատուած
Հայրենիքին
փառքի
առաջին
օրը,
որ
հոմանիշ
է
Հայաստանի
Հանրապետութեան
հռչակման
(1918)։
Կը
հանեմ
զինք
իր
վայրավատին
գերեզմանէն,
յօշոտուած
իր
մարմինը
կը
յանձնեմ
Աստուծոյ
հրաշքին
ու
կ՚երեւակայեմ
զինք,
եղէգը
ձեռքը
գրելու
վրայ
սա
քերթուածը,
առաջին
«
Անդաստան
»ը,
զոր
Հայոց
/246/
կաթողիկոսը
ըսին,
թէ
տեառնագրեց
Էջմիածնի
Տաճարին
բակը,
բազմահազար
ժողովուրդի
մը
արցունքին,
անպարագիծ
խանդին
եւ
յիմարութեան
հասնող
զեղումին
մէջ,
օրհնելու
եւ
նախախնամութեան
գորովին
յանձնելու
Հայոց
Հանրապետութիւնը
եւ
Հայրապետութիւնը
։
Ո՛չ
ոք
կը
կասկածի,
թէ
պահը,
նիւթը
մեր
պատմութեան
ամենէն
սրտառուչ
մէկ
անկիւնադարձը
կը
կազմեն
ու
հազարէ
աւելի
տարիներու
սպասումի
«
աննուաճ
երազը
»
կ՚իրացնեն։
Պարագայական
ու
սեղմօրէն
Սիամանթոյական
քերթուած
մըն
է,
որ
կը
ծնի
այս
ենթադրութենէն։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
Սիամանթօն
պիտի
գրէր
քերթուածը,
աւելի
կամ
քիչ
մերձաւորութեամբ
մը
հետագայ
տողերուն,
որոնք
կը
գրեմ
րոպէական
արագութեամբ,
գիրին
գրելի
արագութեամբը։
Ընթերցողը,
կը
կրկնեմ,
թող
վստահ
ըլլայ,
թէ
ո՛չ
մէկ
բառ
փոխած
եմ
այս
հեղումին
մէջէն,
որ
առաջինն
է
արդէն,
ինչպէս
է
այս
ամբողջ
ուսումնասիրութիւնը.
ԱՆԴԱՍՏԱՆԸ
Զանգակնե՜րը,
զանգակնե՜րը,
զանգակնե՜րը։
Խենթեցող
երկինքի
մը
սատարումը,
ուրկէ
վար
թափէր
Խնդութեան
ու
սարսափի,
հեծկլտանքի
եւ
խայտանքի
Անհուն
հեղեղը
մեր
մարտնչումներուն
ու
զարհուրանքին,
Մինչ
վաղեմի,
աստուածընկալ
գմբէթին
կատարէն,
ուրկէ
Մեր
պատմութիւնը
քանի
անգամ
իբրեւ
թեւաբեկ
աղաւնի,
Թաւալատիպ
կործանեցաւ
անդունդին
մէջ
մեր
գերութեանց,
Ահա
աւետիսը
գուպարայաղթ
ու
Մեծ
Օրուան,
Որ
կը
պոռայ
անհունօրէն
ու
ողոքօրէն
ու
անողորմօրէն,
Արթնցնելու
չորս
Հայքերու
բոլոր
մեռելները,
հայրենի
հողերուն
Ներքեւ
անմուրատ
ու
անպատան
քունի
մտած
Ու
Սփիւռքի
բոլոր
անկիւններն
ու
խորշերը
Իրենց
կարօտակէզ
յոյսին
ծիածանօրէն
կամարակապ
հոգիները
ողջերուն.
–
Բոլորին,
բոլորին,
բոլորին
Պոռալու,
փառերգելու
համար
օրերուն
օրը
ու
ըսելու։
«
–
Ելէ՛ք,
սրբեցէ՛ք
ձեր
աչքերը
հողէն
ու
բիժէն
Ու
տեսէք...
»
.............................................................
/247/
Օրհնեսցի
եւ
պահպանեսցի
եւ
նախախնամեալ
պահեսցի
Արեւելեան
կողմն
աշխարհիս
եւ
Հանրապետութիւն
եւ
Հայրապետութիւն
Հայոց
…
Այս
նշանաւ ...
Այս
տողերը
ինծի
չեն
արժած
ոչ
մէկ
նեղութիւն։
Անոնք
անշուշտ
Սիամանթօ
չեն,
բայց
թեթեւ
յարդարանքով
մը,
քանի
մը
ճչան
վերադիրներու
յաւելումով,
մանաւանդ
խոշոր
բառերու
յեռումով
մը
տողերու
դարձուածքներուն,
պիտի
մօտենային
«
Հայրենի
հրաւէր
»ներուն
աժան
ներբողին։
Միւս
կողմէ,
կը
մերժեմ
parodie–ն,
որ
ուրիշ
բան
է։
Դիտել
տալ
ուզածս
այն
լրջութիւնն
է,
որով,
բառական
հռետորութենէն
իր
գտած
մշտական
նպաստովը
անփութացած,
պիտի
վարուի
ամէն
նիւթի
հետ,
մտքէն
չանցընելով
ասիկա
ենթարկել
եթէ
ոչ
մշակման,
գէթ
այն
իրաւ
խղճմտանքին,
որ
ամէն
արուեստագէտի
մէջ
բուսակերպ
կ՚ապրի
եւ
երբեմն
միայն
կը
լրջանայ։
Թերութիւնը,
հիմնական
ու
անսրբագրելի,
ան
պարտական
է
հռետորութեան,
որ
բառերուն
թելադրականութեանը
վստահուած
յօրինում
մըն
է,
տեսակ
մը
թաւալում
ու
աղմուկ,
ուրկէ
ուրուանային
իր
պատկերները,
բայց
ուրուային
ճակատագրով,
ստեղծելու
համար
վերջ
ի
վերջոյ
անխուսափելի
յոգնութիւնը
զուր
ձայնին
։
Ինչպէս
կը
զգաք
արդէն,
հռետորութեան
ամենէն
մեծ
ստորոգելին
–
ուժը
–
կը
տարտամի
հետզհետէ
սա
տողերուն
քալուածքին
հետ։
Ասիկա
իրական
էր
եւ
Սիամանթոյի
գործին
մէջ։
Այն
հատորիկը,
ուր
անիկա
նկարագիր
ունի,
«
Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր
»ն
է,
ու
ատոր
ալ
պատճառը
յիշեցի։
Քանի
տարիքին
մէջ
կ՚աճի
քերթողը,
այն
համեմատութեամբ
ուժը
կը
տկարանայ
ու
այդ
նուազումը
հերքելու
դերը
բանաստեղծը
կը
վստահի
ձայնական
ուժին
։
«
Հայրենի
լեռներ
»,
«
Հայրենիքի
ոգիին
»,
«
Նեմեսիս
»,
«
Կիլիկեան
մոխիրներուն
»,
«
Պեգասոս
»
–
բոլորն
ալ
«ՑԵՂԻՆ
ՍԻՐՏԸ»-էն
(Դանիէլ
Վարուժան),
հռետորաշունչ
ու
նոյնիսկ
տիպ
քերթուածներ
են,
որոնցմէ
յորդող
զգացումը
ամենէն
առաջ
ուժի
եւ
հնչումի
դաշնաւոր
խռովք
մըն
է
ամէն
հայու
հոգիէն
ներս։
Ու
մեզի
դիւր
եւ
հեշտ
կու
գայ
այս
տրտմանուշ
մեղեդին,
վասնզի
տողերը
չեն
ձգուած
պատահականութեան,
հոմանշային
անգթութեան
ու
մանաւանդ
հակասական
անհեթեթութեանց։
Քանի՜-քանի
անգամներ,
Սիամանթօ
երազային
թոհուբոհին
կ՚ապաստանի,
թերեւս
անգիտակցաբար,
անկէ
ճարելու
համար
դժուար,
դաժան,
fantastique
պաշտպանութիւն
մը։
Կարդացէ՛ք
«
Մօր
մը
երազը
»
(«ՀԱՅՐԵՆԻ
ՀՐԱՒԷՐ»)
ու
գտէ՛ք
այդ
քերթուածը
կանգուն
պահելու
/248/
դերը
ունեցող
հիմնական
մտածում
մը։
Մեռելոցի
գիշերով
գերեզմաններէն
չորս
եղբայրներ,
«
առանց
պատանքի
եւ
առանց
մսի
հետքի
»,
ափ
կ՚առնեն
մայրիկին
հիւղակին
դուռը
ու
կը
խօսին։
Իւրաքանչիւրը,
բան
մը
ըսելու
իր
տագնապին
մէջ,
չ՚անդրադառնար
իսկ,
թէ
որքա՛ն
հակասական
պատկերներու
տարափ
միայն
կը
թափէ
բերնէն։
Մէկը
մօրը
սրբութիւնը
կը
համեմատէ
սիրոյ
ծաղիկին:
Երկրորդը
անոր
(մօրը)
քաղցրութիւնը՝
երկու
սափոր
արցունքի,
երրորդ
մը
անոր
արիութիւնը՝
իր
մեռելի
կրծոսկրէն
զրահի։
Չորրորդ
մը
անոր
գեղեցկութիւնը
կը
հակադրէ
պառաւութեան
խորշոմներուն
ու
կ՚ըսէ
աւելի
անհեթեթ
բաներ.
«…
Եօթը
տարի,
եօթն
անգամ
տանդ
դռնակը
ծեծեցինք,
Բայց
այս
գիշեր
միայն
բաց
էր...
ո՞ր
ճամբորդին
կը
սպասես…»։
«Մօր
մը
երազը»
(«ՀԱՅՐԵՆԻ
ՀՐԱՒԷՐ»)։
Մարդ
ստիպուած
հարց
կու
տայ,
թէ
կա՞յ
մայր
մը,
որ
եօթը
տարի
սպասէ
իր
մորթուած
զաւակներուն
(ուրիշ
իմաստ
մը
չունի
վերի
երկեակը)։
Բայց
անկարելի
է
հետեւիլ
հակասութեանց
շարանին։
Այդ
հիւղակին
պարտէզին
մէջ.
«...
Ո՛չ
կանաչ
կայ,
ո՛չ
պտուղ
կայ,
ո՛չ
տատասկ
…»։
Ընդունի՛նք։
Մառանն
ալ
դատարկ,
քանի
որ
թշնամին
աւարի
էր
տուած։
Մեր
երկրին
մէջ
ասոնք
բնական
պատահարներ
էին։
Բայց
ո՞ր
հրաշքը
պիտի
միջամտէր,
որպէսզի
այդ
աւարի
տրուած
հիւղակին
գոմին
մէջ...
«...
Ճերմակ
գառնուկ
մը,
մայելով,
իր
կճղակները
կը
կրծէր…»։
եթէ
ոչ
երազին
հրաշքը
։
Եւ
սակայն,
ի՛նչ
հարկ
սա
երազին
վտիտ
պաշտպանութեան։
Եթէ
այս
երազը
իրականութեան
խորհրդանիշ
վերարտադրումն
է,
աւելորդ
է,
քանի
որ
կը
հակասէ
անոր։
Եթէ
իրականութեան
անդրահայեաց
սրբագրումն
է,
դարձեալ
աւելորդ
է,
քանի
որ
անհեթեթ
է։
Վասնզի
այդ
գերեզմանէն
եկող
տղաքը
պիտի
իմանան,
թէ
եղբայր
մը
ունին
կեանքին
մէջ
ու
իրենց
մայրը
անոր
համար
կ՚ապրի
այդ
դժոխքին
մէջ։
Ընդունի՛նք։
Բայց
ահա
աւելի
տարօրինակը։
Տղաքը
այդ
աւետիսէն
յետոյ,
«..
Չորսերնին
մէկ
իրենց
կողերը
կոտրտելով,
Մեռելներու
սեւ
արցունքն
ահաւոր,
աչքերուս
մէջ
թափելէն,
/249/
–
Եղբա՜յր
մ՚ունինք,
եղբա՛յր
մ՚ունինք,
մենք
կեանքին
մէջ
Եղբա՜յր
մ՚ունինք,
Մայրի՜կ,
մայրի՜կ.
նոր
օրերո՜ւ,
նոր
յոյսերո՜ւ
թշուառութիւն.
Ի՞նչպէս
այլեւս
մենք
մեր
հողին
վերադառնանք,
ի՛նչպէս
դառնանք...
»։
«Մօր
մը
երազը»
(«ՀԱՅՐԵՆԻ
ՀՐԱՒԷՐ»)։
Այսպէս
կը
հեծկլտան
այդ
տղաքը
իրենց
մօր,
որ
իբր
թէ
երազի
մէջ
ասոնք
լսելէ
ետք,
կը
գրէ
իր
բացակայ
հինգերորդ
զաւկին։
Եւ
դարձեալ
հարց
կու
տանք,
թէ
քերթուածը
ո՛ր
տիրական
մտածումին
վրայ
կը
փակուի։
Ինչո՞ւ
այդ
տղաքը
չեն
ուզեր
դառնալ
իրենց
հողին։
Ի՞նչ
ունին
ընելիք,
իրենց
եղբօրը
աւետիսէն
ետք։
Ի՞նչ
կը
խորհրդանշէ
սա
երազը։
Այս
բոլորը
պատասխան
չունին,
վասնզի
իրարու
ետեւէ
եկած
անհակակշիռ
բառեր
են
միայն։–
Զուր
ձայն
ու
զուր
պատկեր:
Ու
վերջացնելու
համար
կ՚ըսեմ.
–
Վարուժանի
հռետորութիւնը
խորքի
հռետորութիւն
մըն
է
առաւելապէս,
որ
երբ
քիչ
մեղմացուի
անիկա
կատարած
է
այդ
աշխատանքը
ձեւին
կարելի
խնամքովը
եւ
կառոյցին
հաստատ
ճարտարապետութեամբը
կը
դադրի
առաւելազանց
նկարագիրը
միայն
մեզի
պարտադրելէ
ու
կը
տպաւորէ
դրապէս։
« ...
Գիւղե՜ր,
գիւղե՜ր
եւ
գիւղե՜ր
Կը
հրդեհուին,
եւ
բոցն
իրենց
կը
հասնի
Արարատէն
բարձըր
եւ
բա՛րձըր
Քեզմէ
…»։
կըսէ
Վարուժանի
«
Հայհոյանք
»ին
մէջ
(«ՑԵՂԻՆ
ՍԻՐՏԸ»)
իր
Աստուծոյն,
զայն
անիծող
պառաւը
եւ
մեր
մէջ
չի
ստեղծեր
անհեթեթութեան
զգացում
մը,
վասնզի
չափազանցութիւնը
հռետորութեան
պատկանելով,
այն
չէ։
Ա՛յս
է
պատճառը,
որ
փարթամ
պատկերներու
մշտանորոգ
հեղեղը
Սիամանթոյի
մէջ
կը
յանգի
յոգնութեան,
Վաբուժանի
մօտ՝
յուզումի։
Առաջինին
համար
հիմնականը
բանն
է,
բառը,
վանկը,
երկրորդին
համար՝
խորքը,
շէնքը
։
Դժուար
չէ
այսօր
իսկ
ընել
սա
վճռական
փորձը.
–
առնել
«
Ցեղին
սիրտը
»
ու
կարդալ
արդի
ապազգայնացած
հոգիովը
յուսակտուր
մարդոց։
Նիւթին
(ազգայնականութիւն)
մեզմէ
շատերուն
համար
պարզած
հնութեանը
հակառակ,
հատորին
կէսէն
աւելին
մեզ
կը
գրաւէ։
Ըսի
ու
վստահ
եմ,
թէ
բոլորդ
ալ
պիտի
հաստատէք
փորձին
հակառակ
արդիւնքը
Սիաման/250/թոյի
որեւէ
հատորին
վրայ։
Անհուն
շաղակրատութիւն
մը
«
Ասպետին
երգը
»
ընդարձակ
քերթուածը,
որմէ
ո՛չ
մէկ
փշուր
կը
մնայ
ընթերցողին
ներսը։
Եւ
սակայն
քերթուածը
գլուխ–գործոց
մը
կը
նկատուէր,
արժանի
անգլիերէնի
թարգմանուելու։
«
Ցեղին
սիրտը
»հ
հռետորութիւնը
ուրեմն
առանձին
չէ,
պարագայական
շնորհներով
միայն
ինքզինքը
փրկող։
Հետաքրքրութիւնը
հոն
կ՚արծարծուի
նիւթէն
դուրս
արժանիքներով
ալ։
Ամենէն
հինցած
քերթուածներէն
մէկը
այդ
հատորին՝
«
Աւերակներու
Տիկինը
»
(գրուած
1908–ի
թուրքերու
սահմանադրութեան
վերահաստատման
առիթով
–
առիթ
անհուն
յոյզերու)
այսօր
ալ
ունի
բան
մը
յանկուցիչ.
«
U.
Մեսրոպ
»ը,
նոյնքան
հզօր
խռովքներու
զուգորդ
մատենիկ,
կ՚իյնայ
ձեռքէդ
երկրորդ
էջին։
Յետոյ,
Վարուժանի
հատորը
յաջողութեամբ
դիմացաւ
քառորդ
դարու
փորձին։
Չեմ
կարծել,
որ
երկրորդ
քառորդ
դար
մը
ըլլայ
աւելի
վտանգաւոր
այդ
հատորին
վարկին,
ի՞նչ
հիասթափման
ալ
ենթարկուին
մեր
հոգին
ու
արուեստը։
Այսօրուան
Հայաստանի
ռատիօերգակ
քերթողներն
իսկ
չեն
համարձակած
հերքել
Վարուժանի
անկեղծութիւնը
(արուեստի
մէջ,
ուր
բառը
տարբեր
խորութեամբ
զգայութիւններ
կը
թելադրէ
),
ուժը,
արդարութիւնը
։
Նման
փո՞րձ
մը
Սիամանթոյի
հանդէպ։
Իր
սերունդէն
մարդերն
անգամ
այսօր
չեն
կրնար
մէկ
շունչով
կարդալ
Սիամանթոյէն
որեւէ
քերթուած։
Աւելի՛ն.
մէկ
քերթուածը
աւարտելէն
ետք,
ո՛չ
ոք
մտքէն
պիտի
անցընէր
երկրորդ
մը
սկսիլ։
Եւ
ասիկա
վճռական
է։