Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ. ՎԻՊՈՂԸ

/309/Լեւոն Սեղբոսեանի առաջին վիպական փորձը, « Մնաք բարովի իրիկունը », կը զուգադիպի իրապաշտ շարժումին հերոսական օրերուն։ 1892-ին, « Հայրենիք » օրաթերթին մէջ լոյս տեսած այդ վիպակին ի յայտ բերած ձգտումները, իրագործած կեցուածքը շատ մօտիկէն կը մնան ենթակայ շարժումին մեծ հանգանակներուն։ Մարդեր կան հոն, բարիքի շերտեր, Պոլիս մը եւ Թիֆլիս մը, ըսել կ՚ուզեմ մեր օրերու ընկերութեան երկու մայր շերտաւորումները։ Լեւոն Սեղբոսեան չէր նմաներ, ըսի ատիկա, Ծերենցին, Վրթանես Փափազեանին, որոնք ծնունդ ըլլալով արեւմտահայ հոգեբանութեան մը, իրենց տաղանդին համար միջավայր ընտրեցին արեւելահայ շրջանակները, հոն նոյնացան այդ պայմաններուն, ու իրենց գործը տուին, հիմնովին պարպուած արեւմտահայ ոգիէն։ Լեւոն Սեղբոսեան իր մէջ անաղարտ կը պահէ արեւմտահայը, դարձէն վերջն ալ Պոլիս, լայնօրէն իւրացուցած ըլլալով հանդերձ արեւելահայ հոգեբանութիւնը։ Ճեմարանական մըն է ան։ Ու գաղտնիք չէ, թէ արեւելահայ մտայնութեան ամենէն կենդանի այդ վառարանը պատրաստած է քանակով եւ որակով ուշագրաւ մարդեր։

Բայց ան, որ մտադիր կերպով կը կարդայ « Մնաք բարովի իրիկունը », կը զգայ վիպակին երկկենցաղ նկարագիրը: Երկու բարեխառնութեանց ծնունդ այդ գործին տկարութիւնը հոտ իսկ է։ Անոր հերոսը պոլսեցի մըն է, որ ուսանողութիւնը աւարտելէ ետք ճեմարանին մէջ, կը պատրաստուի Պոլիս դառնալ ու այդ առիթով կը պտըտի քանի մը տուներ, կատարելու մնաս բարովի պարտք մը։ Կը հասկցուի, թէ գործին յօրինուածքը թոյլ ըլլայ, զուրկ վիպակին տարրական պահանջներէն գործողութենէ, շարժումէ, զարգացումէ, տրամաթիք մթնոլորտէ։ Իրարու ետեւէ մեր առջեւէն պիտի անցնին մարդերը, Երեւանի ընկերութեան այլազան խաւերէն։ Պիտի անցնին ու յօրինեն իրենք զիրենք, բնական, արագ, երբեմն յատկանշող պատմումի մը մէջէն։ Պիտի տան իրենց նկարագրին մեծ գի/310/ծերը, երբեմն ցցուն ալ տիպարայնութիւն, բայց պիտի մնան իրենց սովորականութեան, անդարմանելի անիմաստութեան մէջ։ Ու քանի անոնց թիւը կը բարձրանայ, այնքան անոնց այդ անիմաստութիւնը կը ճնշէ գիրքին։ Ընթերցողը դժգոհ է, վասնզի իրեն մատուցուածը մանրուք է, անամբողջ, անկնիք ու լրագրական ։ Արփիարեան այդ մարդոցմէն կրնար անմոռանալի տիպարներ ձեւել, ամփոփ, կտրուկ, իրենց տիրական առաքինութեան կամ թերութեան կնիքովը կնքաւոր, որոնք լայնօրէն կը գոհացնէին վիպասանին առաջադրութիւնները ընկերութիւն մը սեւեռելու միամիտ պահանջքը, իրապաշտ հանգանակով տիրապետուած նպատակներէն ամենէն հեռահայեացը ու ազնուականը։ Լեւոն Սեղբոսեան գիտէ տեսնել, կողմերու հանդէպ ունի ընկալչութիւն, որոնք մարդերը կը զանազանեն։ Բայց արուեստը ասկէ անդին է, որ կը սկսի։ Չեմ ըսել, թէ ինէ մնաք բարովի իրիկուն ներուն մէջ մեզի տրուած մարդերը նման են իրարու։ Բայց կ՚ըսեմ, թէ հարիւր ինիսուն ալ իրիկուններ, հազար ինիսուն մարդերով, անկարող պիտի ըլլային Երեւանի ընկերութիւնը սեւեռելու։ Ու ատիկա արդիւնք է տաղանդի նկարագրին։ Ձգտումի մարդ, Լեւոն Սեղբոսեան ինքզինք կը բռնադատէ, երբ այդ ձգտումը դառնայ զգալի, գիրքին մէջ մեր յառաջացման համեմատութեամբը ու չի տագնապիր, թէ այդ զգայութիւնը անգամ մը երբ մեզի կ՚ըլլայ ընտանի, ատով իսկ կը դադրի իր նորութենէն, քանի որ այդ ձգտումը իրագործելու կանչուած անձերը կը մնան մէկ, նոյն. ու կը մեղանչեն կեանքին իսկ օրէնքին դէմ, երբ պարտաւոր էին իրենց բոլոր փոփոխութիւնները, տրաման բերելու մեր սպառումին, անգամ մը ծանօթ այդ ձգտումին ընդմէջէն։ Ուրիշ խօսքով, զործողութեան պակաս մը ճակատագրական է բոլոր այն վէպերուն համար, որոնք թերթօն–հետաքրքրութիւն տարազին իբր հակազդեցութիւն, կը կիրարկեն գաղափարական ընդլայնումներ կամ, ինչպէս « Մնաք բարովի իրիկունը »ին մէջ, շրջանակի մանր փոփոխութիւններ։ Յատկանշական է նոյն ատեն դիտել տալ, որ անդրանիկ այդ փորձին մէջ Լեւոն Սեղբոսեան ըլլայ թելադրած մեզի ապագայ կէս դարու գրականութեան մը յաջողանքին որքան վրիպանքին կշիռը։

Ըսի, թէ երկկենցաղ գրուածք մըն էր « Մնաք բարովի իրիկունը »։ Ըսել կ՚ուզէի, թէ պոլսեցի ուսանողը չէր մոռցած չէր կրնար բարեբախտաբար այն մանր, բայց այնքան ալ խոր փորուող զգայութիւնները, որոնք մեր ամէնուն մանկութիւնը, առաջին պատանութիւնը կը կերպադրեն ու կը յօրինեն մեր անվերածելու վերջնական անձնաւորութիւնը այդքան կանուխէն։ Հնգետասանամեայ պատանին /311/ կեանքէն փորձառութիւններ պիտի ունենալ, բայց չսորվի պիտի ոչ մէկ նոր դրութիւն։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը (նկատի ունիմ բոլորը) այսօր մեզի կը թուի հնաբոյր, օտարոտի, աղկաղկ ու ծանծաղ, ոչ թէ անոր համար, որ զայն լեցնող մարդերը յօրինուած են այդ վերադիրները ունեցող պայմաններէն, այլ որովհետեւ հեղինակը անոնց մէջ մոռցած է, թէ ինք պոլսեցի մըն էր այսինքն զգայութիւններու, ապրումներու մարդ մը, ու իրեն տուած է դեր մը մտածման, ձգտումի գործօն մը դառնալու։ Ու ասիկա աւելի է, քան արուեստի վրիպանք մը։ Լեւոն Սեղբոսեան վէպ գրած է ո՛չ թէ մարդեր ապրեցնելու, այլ այդ մարդերուն գանկին տակ քանի մը գաղափարներու դարձդարձումը սեւեռելու անորակելի ցանկութեամբ։ Իր բոլոր, գրեթէ բոլոր վէպերը թեզեր են։ Այսպէս « Դերասանուհին », « Վերժին », « Դարձ », « Կինը » տիալոկի փոքր ապացուցումներ են։ Այնքան վէպէ վէպ սա կեցուածքը ինքզինք կը կրկնէ, որ, ի վերջոյ եղանակ մը, խնամ քով գործադրուած հանգանակի մը հետեւանքը կը թուի ըլլալ։ Ու նոր չէ, որ թեզը, գաղափար աղալը մեզ կը զառածեն արուեստին յաւէտ անայլայլ նպատակին, ԿԵԱՆՔԷՆ ու անոր նուաճումէն։

Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը չեմ ենթարկեր առանձին վերլուծման։ Ատիկա պիտի ըլլար թերեւս քիչ մը աւելի արեւելահայ, մանկավարժական, գիտակա՜ն։ Կը նկատեմ անոր վիպական ստեղծումները ամբողջական գործ մը։ Ու սխալի մէջ չեմ ալ։ Անոնք բոլորը մէկ չեն գտներ արդէն, օրինակի համար, « Կայծեր »ի ծաւալը։ Իբր այդ, կը փնտռեմ այն քանի մը մեծ թելադրութիւնները, որոնք այդ վէպին ընթերցումովը կը յառնեն մեր մէջ։ Ամենէն առաջ անոնց։

ա. Գաղափարախօսութիւնը ։ Լեւոն Սեղբոսեանի մօտ արեւելահայ ազդեցութիւնը, զօրացած՝ Գերմանիայով ալ, անոր վէպերը կ՚ընէ բացառիկ իրողութիւններ, անոնք վերցնելով իւրաքանչիւրը, առանձին—առանձին, կանխապէս ընտրուած, քիչիկ մը հանրային տարողութեամբ գաղափարներու վիճավայրի մը։ « Դերասանուհին » կը ձգտի խարանել ասիական ըմբռնողութիւն մը կնոջ հանդէպ։ Աւելորդ է մանրամասն վերլուծել այդ ըմբռնողութիւնը։ Արեւմտահայը դժուար կը հաշտուի իր սիրած կինը տեսնել իր օճախին պահպանումէն դուրս ուրիշ նպատակներու սպասարկու։ Դերասանութիւնը ասպարէզ մըն է, սրբազան ալ փառք մը, մանաւանդ տաղանդով պաշտպանուելու պարագային, պայմանաւ, որ մեր աղջիկը, կինը, մերձաւոր ազգականուհին մեզի ձգէ ու իր հետեւորդը ընտրէ ուզած տեղէն։ Այս մտածումը ո՛չ նախապաշարում է, ո՛չ ալ ցեղային ի/312/մաստութեան հրիտակ մը։ Դարաւոր Արեւելքին փորձառութիւնը, թատրոնի անգոյութիւնը, ասպարէզին յարակից անկումները ու քիչ մը աւելի մութ ազդմունքները հեղինակն են այդ ըմբռնողութեան։ Գիրքին երկու հարիւրի մօտեցող էջերը պիտի ձգտին այս ըմբռնումին անհեթեթութիւնը ապացուցանելու, գլխաւոր դերակատարուհիին, Դերասանուհիին մշտանորոգ խօսակցութեամբը։ Ամէն այր ընթերցող, հոգեպէս յօժար, պիտի հետեւի այդ աղջկան փաստարկութեանց, բայց ամրապէս դիրք բռնելով անոր արարքին դէմ, այս անգամ իր հաշւոյն։ Ան ի յառաջագունէ տուած է իր վճիռը իր սիրելիներուն համար։ Անկէ անդին զինք շահագրգռողը այդ աղջիկն է իսկ, որ մեզի կը թուի թեթեւ, հարեւանցի, սպրիկ ու պարզուած (simplifié) ու ասով իսկ՝ գաղջ, միջակ, չըսելու համար ձախող։ Ընթերցողը միսէ ու ոսկորէ մարդ մը ունի անշուշտ այդ էջերէն ներս, բայց խուլ ըղձաւորութեամբ մըն ալ կը տառապի ներսէն, սպասելով կեանքին հրաման, որ չի գար։ Դերասանուհին կը սիրէ երիտասարդ մը, որմէ փոխադարձուած է իր զգացումը։ Հետեւա՞նքը։ Դասական կա՛պը ամուսնութիւնը։ Բայց այդ երիտասարդը չի կրնար իր կինը տեսնել բեմին վրայ։ Ու ասիացի է այդ զգացումին մէջ, որքան ալ մարդ։ Կինը չի կրնար ըմբռնել, որ զարգացած երիտասարդ մը չըլլայ իր միտքէն այնքան մը բաց, որ գնահատէ արուեստը ու տայ իրեն պատեհութիւնը իր տաղանդը փրկելու ամուսնական նաւաբեկումէն։ Ու խզում։ Միջին ողջմտութեան սա փաստը Լեւոն Սեղբոսեան կէս էջնոց մտածումի մը մէջ կրնար մատուցանել, կամ ճեմարանցիներուն բացատրութեամբ՝ ընծայել մեզի։ Ու կը ներկայանայ հարցը ինքնաբերաբար` ի՞նչ ունին ընելիք այդ աղջիկը, հօրաքոյրները, մօրաքոյրները, երիտասարդը մնացեալ երկու հարիւրի մօտ էջերու ընթացքին։ Լեւոն Սեղբոսեան կանուխէն դիրք կը թուի բռնած ըլլալ արեւմտահայ վէպին ողբերգապաշտ ախորժակներուն դէմ։ Ան վճռած է ո՛չ հիւծախտով, ո՛չ անձնասպանութեամբ վերջ տալ հերոսներու կեանքին։ Այն ատեն երկու հարիւր էջ խօսքէ ետք ամէն մարդ պիտի քաշուի հոն՝ ուրկէ եկած էր։ « Վերժինը » նոյն պատմութիւնը։ Դերասանութիւնը կը փոխարինուի ուսուցչութեամբ։ Այս անունով աղջիկ մը, նիւթական որոշ կարողութեամբ, ֆիզիքական ալ ամուր տուրքերով, ընտրեալ կտոր մըն էր 1900–ի մեր քաղքենիներուն ճաշակին համար։ Սանկ ճարտարապետ մը, բժիշկ մը, պանքայի տնօրէն մը, առնուազն իւղոտ ամսականով profession libérale–ի ասպետ մը յարմար ամուսին մըն էր այդ աղջկան։ Վէպը պիտի ապացուցանէ, որ աղջիկ մը այր մարդու մը լրացուցիչ կէսը /313/ ըլլալէ առաջ, ամբողջ մըն է ինքն իրեն համար ու պարտաւոր է ինքզինք իրագործել։ Հարուստի գեղանի աղջիկ մը ի՞նչ գործ ունի վարժարանէ մը ներս, դաս տալու ծիծաղելի սոփեստութիւն մը ոսկեզօծելով, երբ նկատի չունինք հաւանական իր բախումները գորշ ու հաստ ախորժակով պառականին հետ իր պաշտօնակիցները, հոգաբարձուները, թաղականները, հանրային մարդեր, բոլորն ալ խուլ հալածանքի մը մէջ իրար գերազանցող այդ մոլորած կտորէն առնելու իրենց բաժինները։ Այսպէս կը դատէ մեր հասարակութիւնը այդ ու նման աղջիկները։ Հոս ալ մէկ էջ լրագրական մտածում բաւ էր հարցը դնելու, սպառելու։ Յետո՞յ։ Այսինքն՝ վէպին մօտ երկու հարիւր էջերուն մէջ ի՞նչ ունին ընելիք դարձեալ կրողներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, մօրաքոյրներ, վարժապետներ խօսելէ, խօսակցելէ զատ։ Ու կը խօսին այս մարդերը, ամէն առիթով, փոխանակ ապրելու։ Կը խորհիմ, թէ տեղը, շրջանակը դեր մը կը կատարեն մեր արարքներուն ներքին արեւելումին մէջ։ Այս վիպակին թատերավայրը Պոլիսն է դարձեալ։ Ու այդ օրերուն, այդ քաղաքը մեր ընկերութեան ամենէն տիրական մէկ կեդրոնն էր, ուր կրնայիր հանդիպիլ այս ցեղին բոլոր ընդունակութեանց ներկայացուցիչներուն, տեսակ մը հանդիսավայր մեր գաւառին ամէն առողջ ուժերուն, մեր իմացականութեան կարելի կերպարանքներուն, մեր համադրական բարքերուն։ Այս բոլորէն փշրանքներ։ Այս բոլորէն հատուածական սեւեռումներ։ Փոխարէն՝ հիմնական մտածումը, թէ աղջիկ մը պէտք է իր ընդունակութիւնները արժեւորէ, հարիւր անգամ կրկնուած, զանազան փոփոխումներով հրապարակ դրուած։ Լեւոն Սեղբոսեան չի կասկածիր, թէ հրապարակագրական ոգին, որ այդ Պոլիսին ողն ու ծուծը կազմեց, ինքզինք արտայայտելու համար 1900–ին ունէր իր օրաթերթերը, հանդէսները, դպրոցները, ու անիմաստ էր այդ ոգին վերլուծել արուեստի գործերէն ալ ներս։ Աղջիկներու մտաւոր պատրաստութիւնը լրագրական վիճաբանութիւն մը կրնար սնուցանել, բայց չէր կրնար վէպ մը կենսաւորել։ Սխալ չհասկցուիմ։ Ամէն գաղափար, երբ կեանքին հողերուն մէջ կը նետուի, կարող է բեղմնաւորել ընդարձակ տարածութիւններ։ Մեր ուզած այդ տարածութիւններուն ճանաչումը պիտի ըլլար ո՛չ թէ անոր տակ թաղուած մէկ ու նոյն սերմին ծննդաբերութիւնը։ Գործի, գործողութեան փոխարէն խօսքի, խօսակցութեան սա հեղեղը [1] թերեւս տիրական ազդակն է Լեւոն Սեղ/314/բոսեանի վէպին վրիպանքին։ Փառասիրութի՞ւն, կանխակալ կեցուա՞ծք, ինքնասիրութի՞ւն։ Իրողութիւն է, որ իր վէպերը կեանքի հանդէս մը ըլլալէ առաջ, այս ու այն տեսութեան նուիրուած վիճաբանական կառուցումներ են։ Ամենէն իրաւ զգացական վիճակները անոր գրչին տակ նախապէս կը վերածուին իմաստի դրութեան։ Նկարիչ մը եւ բժշկական ուսանողուհի մը Կինը ») եօթանասուն էջերու պէտք պիտի ունենան, որպէսզի կնոջ եւ այր մարդու միջեւ այնքան պարզ ձգողութիւնը նորոգեալ ձեւով մը հրամցուի մեր ընկալչութեան։ Այդ եօթանասուն էջերուն մէջ սեռին խռովքը միշտ պիտի camoufler ընէ ինքզինք այն սպրիկ, թեթեւ ծպտումներով, որոնք բնական են մեր դէմքին, զգացական մեր տագնապանքը երբ կը ջանանք պահել մեզի, խնայել դուրսին։ Ու այսքան։ Բայց սա խօսքին բռնութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի « Դարձը »ին մէջ, ուր տրաման կը դրուի ընդմէջ սարկաւագի մը (որ քանի մը շաբաթէն վեղար պիտի ստանայ եւ օրիորդի մը, որ մանկաբարձուհի պիտի ըլլայ։ Լեւոն Սեղբոսեան ընտրած է այդ տրամային բեմ հայոց աշխարհին /315/ ամենէն քաղցր վայրանկարները եւ Էջմիածնէն հովոց գացող այդ տիրացուն հանդիպող առաջին աղջկան պիտի սիրահարի, ինչպէս ընել է պարտքը հաւանաբար ամէն երիտասարդի, նման վայրերու մէջ։ Բայց այդ չէ, որ պիտի ըսէի։ Դարձեալ երկու հարիւրի մօտ էջեր պիտի տրամադրուին, որպէսզի այդ զոյգը վիճաբանի ։ Նի՞թը։– Շատ պարզ, հասարակ, ծեծուած ու լխկած հարցը կուսակրօնութեան։ Լեւոն Սեղբոսեան չանդրադառնար, որ այդ տիրացուն ոչ ոքէ չէ բռնադատուած իր որոշումին։ Թէ ծնունդով կուսակրօնները բնական են, թէեւ ցանցառ։ Թէ ընկերային խոշոր հարց մը չէ սարկաւագի դասալքումը, դարձը, ան ալ մանկաբարձուհիի մը սեւ աչքերուն սիրոյն։ Պիտի գրուին 140 էջերը այդ վէպին, որպէսզի ապացուցուի, թէ կուսակրօնութիւնը ապաբնական մտայնութիւն մըն է։ Այս գլխաւոր վիպակներուն մէջ ծեծուած սա հարցերուն դէմ իմ մեղադրանքը իրենց ճիղճ, անբովանդակ, վարդապետական, մանկավարժական նկարագիրն է։ 1900–ին մեր հասարակութիւնը յուզող խորունկ հարցեր կային։ Իրապաշտները ի՜նչ ջերմութեամբ, կիրքով մօտեցան անոնց. իւրաքանչիւրը՝ իր նախասիրութիւնը, ու սեւեռեցին մեր ընկերութեան մէկ որոշ շրջանը, մտայնութիւններ, մարդեր։ Լեւոն Սեղբոսեանի պէս անոնք դիրք ալ չէին բռնած այդ ընկերութեան դէմ։ Այսօր, « Դերասանուհի »էն քսան տարի առաջ գրուած « Վարժապետին աղջիկը » . Կամսարական) թուական մըն է, փաստը, վաւերատիպ յիշատակարան մը այդ շրջանէն։ « Դերասանուհի՞ն »։ Քանի մը ցաւագար տիպարներու շաղփաղփանքը։ Արփիարեանի վիպակները, հակառակ յօրինուածքի վրէպին, բոլորն ալ ընկերային թեմաներ են, իրաւ, կսկծագին ու սրտառուչ։ Չեմ լայննար։ Բայց կը ղրկեմ ձեզ դպրոցին, որ իր դերը հասկցած է շատ աւելի առողջ ու մարդկային նպատակներու ի խնդիր։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպին մէջ գաղափարախօսութիւնը տափակ, լրագրային, անհորիզոն, մանաւանդ վարժապետական իր նկարագիրներով, վնասած է զայն կանգուն պահելու կանչուած միւս ազդակներուն։ Այդ գաղափարները անբաւարար են վէպ մը սնուցանելու։

 

բ. Անոնց գործողութիւնը ։ Բոլորին համար ալ այդ վէպերուն հակառակաց է գաղջ ըմբռնումը վիպակին գործողութեան։ Ըսի, թե Լեւոն Սեղբոսեան դէմ էր արեւմտահայ վէպին իրապաշտութեան։ Բայց չըսի, թէ կ՚ախորժէր ան հոգեկան գործողութիւն որակուած վիպումէն, ուր տիրական են գաղափարները, սէմպոլները, ասոնց բախումները, արձագանգները ։ Թեզով վէպերուն սա բարեխառնու/316/թիւնը չեմ դատեր։ Ըրի ասիկա վերի փարակրաֆին մէջ։ Քանի մը խօսք՝ հոգեկան գործողութիւն որակուած քիչ մը տարտամ բանաձեւին շուրջը։ Անշուշտ տաղանդը, երբ հզօր է, կ՚առնէ կը տանի բոլոր առարկութիւնները։ Բայց երբ գաղջ է անիկա (ու միշտ այդ տաղանդը գաղջ գտայ ես Լեւոն Սեղբոսեանի բոլոր արտադրութեանց մէջ), այսինքն հազիւ ինքզինք տաքցնելու բանող, իսկոյն կը ծագի միւս տագնապը ի՞նչպէս պիտի զարգանայ սա սէմպոլներու բախումը միջակ կրկէսին վրայ, որ 7-8 պրակները կու տան Սեղբոսեանի վէպին։ Լեւոն Սեղբոսեան հոգեբանութեան անորակ գրող մըն է, թէեւ իր յաւակնութիւնները ձգտին ճիշդ հակադիր պատրանքին ու տպաւորեն միամիտները այդ փաստերով։ Այն իրողութիւնը, թէ այդ վէպերը կը կարդացուին, առանց նպաստ գտնելու թերթօնային հետաքրքրութենէն, բարքերու հզօր մթերքի մը կշիռէն, հսկայ կրականութեան մը խելացնոր յուշումներէն, ու կը կարդացուին դէմ դէմի խօսող մարդոց պարզ իրականութեան պաշտպանութեամբը, պատճառ է եղած զառածումի (մարդիկ հոգեբան վիպող որակեցին հոգիէ հիմնովին զերծ գրող մը, Շիրվանզատէն)։ Լեւոն Սեղբոսեանի կարդացուելուն գաղտնիքը թէկուզ իր գաղջութիւնն է, իր չէզոքութիւնը, իր գաղափարապաշտ փառասիրութիւնը գրականութեան մը մէջ, ուր այս ամէնը դեռ նոր էին, դեռ չընդհանրացած։ Լեւոն Սեղբոսեան խորքին մէջ լրագրող մըն է, ամէն բանէ առաջ։ Ու իր վէպերը՝ այդ մտայնութեամբ ոգեւորուած միջակութիւններ։ Երուանդ Օտեանը պատող համակրանքը ընթերցող հասարակութենէն երանգի տարբերութեամբ մը միայն, իրական է Լեւոն Սեղբոսեանի համար։ Տուէ՛ք այս ժողովուրդին իր ուզածը, սիրածը, մարսել կրցածը, ան պիտի վարձատրէ ձեզի, ձեր կարդալով, ձեր վարկը ընդարձակելով, ձեր գրելու շնորհները հանճարային համեմատութիւններու բարձրացնելով։ Ստիպուած եմ այս մտածումներուն ընթացք տալ հոս, այդ վէպերուն լիակատար վրիպանքին առջեւ վիպային գործողութիւն մը աճել է։ Ի՜նչ փոյթ, պիտի ըսեն հոգեբան վէպին տարփաւորները, առանց կասկածելու, թէ գաղջ տիալոկի մը թեթեւ կենդանութիւնը որքան հեռու բան է հոգեբանութեան մը յայտարար այն տենդահար սակաւախօսութենէն, որ այնքան իրական է հոգեբան վէպին լրջութիւն, խորութիւն հայթայթելու հարցին մէջ։ Պուրժէի վէպերուն մէջ միջակ հոգեբանութեամբ յօրինուած գործեր մարդիկ հազիւ կը խօսին։ Rouge et noir-ը, որ հոգեբան դպրոցին գլուխ–գործոցը կը նկատուի, խօսակցութեան փշրանքներ միայն կը նետէ հարիւրաւոր էջերու ընթացքին։ Գործողութիւնը, գաղափարա/317/պաշտ վէպերու մէջ, երբեմն կը փոխադրուի հոգեկան, իմացական աշխարհներուն։ Chartreuse de Parme–ը, « Քարամազով եղբայրները », « Ոդիսեւս »ը (Ճէյմս Ճոյս) նմոյշներ են վէպի, ուր նման վիճակներու հետ է մեր գործը։ Բայց մի՛ մոռնաք, որ խօսակցութիւնը հոդ վիպային գործողութենէն աւելի գերազանց շահեկանութեան մը աղբիւրն է, վասնզի հարցերը (այդ խօսակցութեան) ամենէն հզօր տագնապները կը կազմեն մեր օրերուն։ Ի՞նչ են այդ հարցերը Լեւոն Սեղբոսեանի վէպին մէջ։ Պատասխանը տրուած է վերի փարակրաֆին մէջ։ Անոնք լրագրական հասարակ թեզեր են ու այդքան։ Բողոքական քարոզիչի մտայնութիւնն է զանոնք մշակողը, մատուցանողը։ Կը հետեւի, որ վիպային գործողութիւնը փոխանորդելու անբաւական շնորհ մըն է Լեւոն Սեղբոսեանի մօտ, իմացական սա գործողութիւնը։ Այդ վէպերը չեն տքար անշուշտ, եզան կառքերու նման ճամբու ընթացքին։ Բայց չեն ալ տանիր մեզ։

 

գ. Անոնց տիպարները ։ Բացի « Մնաք բարովի իրիկունը »էն, միւսներուն մէջ անձերը կը պատկանին մտաւոր [2], այսպէս ըսուած՝ ինտելիգենտ դասակարգին։ Ասիկա արժանիք մը, ինչպէս տկարութիւն մըն է նոյն ատեն։ Արժանիք՝ իրապաշտ վէպին մէջ (մեր) այնքան ամուր յօրինուած քաղքենի տիպերուն զզուագին կարաւանին դէմ իբր հակազդեցութիւն, երբ Վերժին մը կը յօժարի սանկ ազնիւ, իմացապաշտ խառնուածք մը իբրեւ, մօտենալ մեր գրապաշտ, գործնամոլ, շահադէտ ախորժակներուն, զանոնք շեղելու գեղեցիկ մտադրութեամբ մը։ Իր վէպերուն աւագ դերակատարները, այսպէս, կը սիրեն պատկանիլ մեր հրապարակին միջին այարէն, յարգէն վեր բարեխառնութեան մը։ Բայց Լեւոն Սեղբոսեանի տաղանդը չարաշուք կերպով մը միջամտէ պիտի, որպէսզի այդ զարտուղութիւնները (ուրիշ բան չեն այդ մարդերը, իրենց միջավայրին մէջ) պահուին, կաշկանդուին իրենց շրջապատներուն հզօր իրականութեան վրայ։ Միակ վիպակը, ուր այդ անհատները Կինը » վիպակին նկարիչը, Սուրէն, եւ բժշկուհին՝ օրիորդ Սկետընը ), արտօնուած էին, իրենց միջավայրէն բացարձակ ձերբազատութեամբ մը, իրենք զիրենք իրագործելու, ըսել կ՚ուզեմ՝ ըլլալու կատարեալ հերոսներ, իրենց անձնականութեանց հիմնովին անձնատուր, իրենց բնազդ/318/ները շղթայազերծող, ու իրենց բախումը ճշմարիտ, կործանարար տագնապին, առաջնորդող։ Գերման օտարութեան մէջ ընկղմած, իրենց առհասական ազդեցութիւններէն կարելի չափով ազատադրուած այդ զոյգը պատեհութիւն մըն էր վիպասանին համար, որպէսզի իրենց զգայական բախումը բարձրանար յաւիտենական տրամին, որուն հանդիսականներն ենք մեր շուրջը այնքան յաճախ, որուն մէջ երբեմն կ՚ընենք մեր ալ դերը, բայց զոր իր ճշգրիտ սարսափին մէջ կը վախնանք արժեւորելէ։ Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ ունի օրը, երբ աչք աչքի պիտի նայի այդ տրամին, պիտի կենայ րոպէ մը, աւանդութեան մազէ կամուրջին վրայ ինչպէս, ու պիտի դառնայ ետ, իր խեղճութեան, միջակութեան հացին ու խոտին։ Լեւոն Սեղբոսեանի տիպարներուն տկարութիւնը թերեւս արդիւնք է իրենց իսկ ստեղծած կամ հեղինակին կողմէ իրենց մատուցուած պայմաններուն։ Վերժինը պիտի լայ գիրքին վերջը։ Դերասանուհին, յօժարելէ վերջ իր սիրածին զոհելու իր արուեստը, վերջին պահուն պիտի գտնէ իր անկախութիւնը, զգացական պոռթկումի քիչ մը տաք տեսարանի մը մէջ։ Օրիորդ Սկետընը Կինը ») կաթիլ մը արցունքի իսկ պիտի ամչնայ։ Մեր հերոսները այսպէս ընթացիկ կաղապարի մէջ բռնաշապիկ պահելու մեր յամառութիւնը ի վերջոյ պիտի վերածուի կողմնակալ յամառութեան մը։ Թող չառարկեն, թէ կեանքին մէջ բուռն, ուժգին, ընկլուզող պահերը բացառութիւն են ու ատով իսկ դուրս արուեստին նախասիրութենէն, որ առաւելապէս ընդհանուրով կը մտահոգուի։ Իրապաշտ վէպին մէջ շատ արցունք կայ անշուշտ, ու ատիկա վիպակէն դուրս ուժերու ճնշումով։ Ո՞վ ըսաւ, թէ կեանքը գաղջութիւն է, միջակութիւն։ Գոնէ Լեւոն Սեղբոսեան իբր հայ, ճանչցած է արցունքը, իր ամենէն զարհուրելի սաստկութեանը մէջ։ Իմացական դաշտին մեր մէջ գաղջութիւնը չի տար իրաւունք, որպէսզի մեր վէպն ալ կրկնէր այդ վիճակը։ Ի վերջոյ, ուր կը դադրի փոփոխութիւնը (կեանքին) ու կը տիրէ հրաշքը (արուեստին)։ Մեր վէպը, թէ՛ արեւելահայ, թէ՛ արեւմտահայ, իր տիպարները ընտրած է կարելի խնամքով, անոնց մէջ սեւեռելու համար հզօր դիտումներ։ Արեւելահայերը կազմակերպուած ուժերով յարձակումներ փորձած են իրենց ընկերութեան որոշ կարգերուն վրայ։ Անոնց վէպին հերոսները բոլորն ալ խտացումներ են մտադրութեանց, երազի, խարանի։ Իր միտքին կազմը անոնց մէջ աւարտող վիպողը, Լեւոն Սեղբոսեան, արեւմտահայ հասարակութեան վրայ կրկնած է անոնց տակտիկան, առանց պաշտպանութիւնը նախօրօք ապահովելու այդ իսկ հասարակութեան։ Շիրվանզատէի Ար /319/ սէն Դիմաքսեանը, 1900–ի տիրական տիպարն է, վէպի հերոս մը ըլլալէ առաջ։ « Վերժին »ին Արշակը ՝ մարդուկ մը, ինքը Վերժինը ցաւագին անծանօթ մը, սխալ մը, խեղճութիւն մը՝ այդ հակառակութեան արժետախտակին համար։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ, հակառակ իրենց մարդկային իրականութեան, Լեւոն Սեղբոսեանի աւագ դերակատարները անշահեկան, չըսելու համար վիժուկ տիպարներ են։ Անոնք չեն պաշտպանուին այդ հասարակութեան հոծ զգայնութենէն։ Իրենց զարտուղութիւնը, առանձնութիւնն ալ նպաստ մը չի բերեր իրենց, իմաստէ ու ծանրութենէ, վասնզի իրենց յօրինումին մէջ տիրական թեքնիքը գաղջութեան, միջակութեան, բնականութեան պարկեշտ հաւատք մըն է։ Ու կ՚ունենանք մարդեր, հաւասարապէս օտար իրենց հասարակութեան ու իրենց ալ ներքին, թաքուն անձնաւորութեան։ Շիրվանզատէի Արտիստը խտութիւն մըն է, նմոյշ մը, որ ժամանակին հետ պիտի սղնայ, քանի որ այդ ժամանակին բարքերուն անխարդախ վկան է ան։ Նոյնը կրնանք ըսել Նար–Դոսի, Մուրացանի. Րաֆֆիի մարդոց համար (այս վերջինին հետ որոշ այլայլումով)։ Դերասանուհին, անշուշտ 1900–ի մեր քաղքենի բարոյականին վրայ թեթեւ լոյս մը պիտի կրնայ պահել, պատմութեան համար որոշ շահեկանութեամբ։ Բայց նմոյշ մը չէ, մանաւանդ իր անձովը, տիպարայնութեամբը։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերուն մէջ գործող մտաւորականները անբաւարար են մեր մտաւորականութիւնը յատկանշելու, երկու դարերու շէմքին, ինչպէս կ՚ըսեն։ Յետոյ, ինչ որ դժուար է հանդուրժել, այդ մարդոց շատ անձնական, անընդհանուր հոգեբանութիւնն է, գաղջ անհատապաշտութիւնը, իրենք իրենց վրա, վստահութիւնը, վարժապետական շատզրուցութիւնը, հարցերու շուրջ, որոնք կը մնան բացառիկ։ Իր կտոր-բրդուճ վիպակներուն մէջ Արփիարեան հսկայ մտայնութիւններ յաջողած է սեւեռել։ Զօհրապի կիները պարզ մեղաւորներ չեն, այլ 1900–ի Պոլիսին շատ իրաւ մէկ խմբանկարը։ « Վարժապետին աղջիկը » եւ « Ամիրային աղջիկը » իրենց աւագ դերակատարներով նուաճումներ են։ Նոյնիսկ թշուառուհի Բուբուլը Աղջկան մը սիրտը ») կը քաւէ իր սեթեւեթեալ ռոմանթիզմը իբր կին, անհաւատալի իրականութեամբ մը երբ կը պարզէ մեր գաւառին պայմանները։ Զարդարեան, Թլկատինցի իրենց արագ, անխնամ մարդերու պատկերացումներով փրկած են վճռական դէմքեր։ Լեւոն Սեղբոսեանի 6-7 վէպերուն հերոսները կրնային պակսիլ, այդ ընկերութեան պատմութիւնը պիտի չտառապէր ատով։ Այս ամէնուն իբր եզրակացութիւն՝ դժուար չէ սա տիպարային վրիպանքը տարածել դէպի տաղանդի հիմնական անբաւարարութիւն մը, /320/ դէպի տկար հաւատքը թելադրուած ֆէթիշին վրայ, զոր գերմանները, Զուիցերիան հաւանաբար կտակած են իրեն։ Եթէ աւելցնէք յաւակնութիւն, ձգտում, խորհրդապաշտութիւն, իմացապաշտութիւն, կողմնակալ նախասիրութիւն մը թերի ըմբռնուած հոգեբանութեան մէջ, դուք կ՚ունենաք լրիւ պատկերը սա վրիպանքին [3] ։

 

դ. Անոնց մէջ խտացած բարքերը ։ Թերեւս առարկուի, թէ Լեւոն Սեղբոսեան բարքերու արձանագրիչ վիպասան մը չէ, որպէսզի ըլլայ պատասխանատու իր վէպերուն մէջ հաստատ դիտողութեան փոխարէն այնքան խնդրական հասարակ–տեղիք մեզի քշած ըլլալու։ Բայց այն ատեն մենք շատ իրաւունքով կը հարցնենք. Ի՞նչ են այդ վէպերը։ Ծիծաղելի պիտի ըլլար զանոնք ընդունիլ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ, խորաչափումներ, այնքան ժուժկալ են այդ մարդոց հոգիները։ Անոնք վերլուծական վէպեր ալ չեն, քանի որ հերոսներուն մեզի պարզած տախտակները իրենց հոգիէն, անցեալէն, կտոր-բրդուճ մանրամասնութիւններ են միայն, հիմնովին անբաւական մարդերու կազմաւորում մը տեսանելի ընելու մեզի, որ ըլլար իրաւ, իմաստալից, թելադրական նախ այդ մարդոց, յետոյ ասոնցմով գոյաւոր ընկերութեան համար։ Այդ վէպերը չեն դարձեալ գործողութեան վէպեր, ուր մենք յատկանշական անձնաւորութիւններու վրայ յաւիտենական, հզօր կիրքերուն բախումը ունենայինք հիւսելու։ Թեզով վէպեր ուն մեր զիջումը պիտի ընենք, ամէն անդամ որ թեզը լայնօրէն շահագրգռէ մեզ։ Վարժուհի, դերասանուհի, սարկաւագ անշուշտ մարդեր են մեր ամէնուն պէս։ Բայց իրենց տագնապը երբ չընդհանրանար։ Լեւոն Սեղբոսեան, թերեւս առանց ուզելու, գէթ փոքր անձերու իր կարաւանովը, մաս մը բան սեւեռած է մեր բարքերէն։ « Մնաք բարովի իրիկունը », անդրանիկ իր ճիգը, կը մնայ, այս ուղղութեամբ, բացառիկ, քանի որ թերթին իսկ ցանկու/321/թեան Հայրենի ք»ի հանգանակը ունի այդ յօդուածը) հպատակ, սեւեռած է որոշ քանակ մը բարքի, մեզի համար էկզոթիք ցաւերու չափ հեռու աշխարհ մը։ Միւս վէպերուն մէջ տաք են պոլսական intérieur-ները։ « Ոսկի աքաղաղը » (Րաֆֆի) միս-մինակը կէս դարու բարքեր փրկած է կորուստէ։ Մեր գաւառացի վիպողները, իրենց վիպակներով, ըրած են սնգնահատելի գործ, իրենց անբաւարար միջոցներով ազատելով մեծ քանակ մը բարքի։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերուն մթե՞րքը։– Վերցուցէ՛ք այդ էջերէն տափակ, քարոզամոլ տիալոկը ու ձեր գտնելիքը ճիղճ բան մըն է մեր բարքերէն։ Ու կ ՚ ունենանք մէկ ու նոյն վրիպանքը։

Սա քանի մը նկատողութիւնները կ՚ամբողջանան երբ պաշտպանուին՝

1. Իմացական բարեխառնութեամբ մը, որ հասարակաց է այդ վէպերուն։ Ըսի, թէ հոն գործող անձերը առնուազն մեր համակրանքը ունէին, չպատկանելուն զզուելի ամբոխին, որ մեր նոր վէպին (երկու թեւերն ալ տեսէք բառին ետին) տիրական դասակարգը կազմեց։ Բժիշկ, երկրաչափ, գիտուն, գրող, արուեստագէտ, հոգեւորական աւագ դերակատարները՝ այդ վէպերուն, իրենց ախորժանքը, նրա բառով՝ բարեխառնութիւնը կը պաշտպանեն այդ էջերուն ու կ՚ըլլան բացառիկ կարգ մը, տժգոյն, առանց յատկանշական կնիքի, ճիշդ է, բայց մեզմէ արտօնուած, կարելի նկարագիրներով։ Մեր հակառակութեան մէջ professionnel տիպարին թիւէ նիհարութիւնը չէք մոռնար։ Բայց չէք մոռնալու որակն ալ, որ նախնական ընկերութեանց մէջ երբեմն այնքան բախտորոշ դեր ունի։ Նոյնիսկ թեզ ով ստեղծուած գրքունակ, քարոզչական ճնշումը, որ այդ մարդերուն տխրութիւնը կը ձգտի պայմանել, կ՚ազդուի այլ բարեխառնութենէն ու կը դաշնաորուի ընդհանուր ոգիին հետ։ Հաստատ, nրոշադրուած գաղափարներուն բարիքն է ասիկա։ Ի՛նչ փոյթ, թէ անոնք կեանքին հոսանքը, տարերային թափը կ՚ենթարկեն երբեմն իրենց ու կը բռնանան հերոսներուն, ասոնք ալ ենթարկելով իրենց շարժումին։ Ի՛նչ փոյթ, որ դէմ դէմի երկու հակասեռ մարմիններ, վազելու տեղ իրենց ամենէն բնական ճակատագրին, տեղքայլ կ՚ընեն, կը ճառեն, կամ շուրջը կը դառնան իրենց կիրքերուն, մեղանչելով կեանքին իսկ անդիմադրելի օրէնքին դէմ։ Կայ բան մը, որ այս զանցումները, թերացումները, քիչիկ մը բռնազբօս վարդապետամոլութիւնը կը ջանայ հակակշռել։ Ու ատիկա իմացական յստակ բարեխառնութիւնն է, աշխարհագրական բացատրութեամբ մը գօտին, որ նկարագիր ալ է ու Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը կը զատորոշէ։ Թէ ի՜նչ /322/ է ասոր տարողութիւնը, մեր գրականութեան ընդհանուր պատկերին վրայ, կանխահաս է հարցնել։ Մեր իրապաշտ վէպը կը պատկանի պատմութեան։ Անոր տիրական յատկանիշը կրնանք նկատել քաղքենի դասակարգին վրայ իրագործած իր քանի մը սեւեռումները։ Կ՚ըսեմ քանի մը, վասնզի չունեցանք արուեստագէտը, այդ սերունդէն, որ յաւակնէր դասակարգը համադրել։ Լեւոն Սեղբոսեան, որ հաւասար չափերով կը պատկանի երկու սերունդի եւ առաջին կէսը անոր գրական գործունէութեան իրապաշտներուն կնիքը կը կրէ, միւս կէսը կը մնայ ենթակայ արուեստագէտ սերունդին ձգտումներուն), թերեւս տուժած է իր ուժերուն սա բաշխումէն։ Թերեւս իր վէպին կազմական (organique) անբաւականութիւնը արդիւնք է սա հեռուները ձգտող փառասիրութեան։ Գրականութեան պատմիչը պիտի չվարանի այդ գործը արժեւորել իբր առաջին փորձը իմացական բարեխառնութեան մը։ Չշփոթել սա հաւաստումը այն ռոմանթիք բարեխառնութեան, որ Տիկին Տիւսաբի վէպերուն մէջ եղաւ տիրական, բայց փոխադրութիւն մըն էր օտարէն, անհարազատ մեր միջավայրին, գէթ անձնական զգայնութեան մը անդրադարձ։ « Մայտա »ն իր մտաւորական բարեխառնութիւնը իրմէն կ՚առնէ, այսինքն կնոջմէ մը, որ կը պատկանի արիւնով միայն իր ժողովուրդին, բայց որուն անդրանիկ զգացողութիւնը հիւսած է ինքզինքը օտար, լըվանթէն հոգեբանութեան մը մէջ։ Պէշիկթաշլեանէն պատուաստուած հայեցիութիւնը այդ աղջկան մորթին վրայ պիտի իշխէր ու պիտի իջնէր մինչեւ ներքին աշխարհը անոր զգացումներուն։ Այդ է պատճառը, որ իբրեւ վէպի հերոսուհի, այդ Մայտան չըլլայ համարժէք Դերասանուհիին, Վերժինին, որոնք թէեւ հազուադէպ, բայց անկարելի կիներ չեն մեր մէջ, առնուազն սաղմնաւորուող խաւերու խակ նմոյշներ։ Մայտային բոլոր իմաստասիրական ճամարտականութիւնները մեզի համար անհանդուրժելի, վիրաւորիչ իսկ կը դառնան, մինչ Վերժինը մեզ կը համակէ տխուր համակրանքով մը։ Չենք հեգներ սա քաղքենուհին, վասնզի իր յօրինումը ընող վիպասանը դրական աշխատանք մը կը կատարէ։ Երկու վիպասաններուն ալ ախորժանքը՝ թեզ ին գաղափարային ոլորտէն, քիչիկ մը յառաջահայեաց ձգտումներէ կը բաժնուի արդիւնքին մէջը իրենց իրացումներուն։ Լեւոն Սեղբոսեանի մօտ մեր հետազօտութիւնը կը վարձատրուի ուրիշ ալ բարիքով մը, միշտ իմացական բարեխառնութեան կալուածին վրայ։ Քիչ անդին, թատերագիրը երբ վերլուծումի իյնայ, մենք պիտի տեսնենք նոյն ձգտումը թատերական հերոսներու յօրինման մէջ ալ։ Կը մնայ մերձեցնել սա բարեխառնութիւնը արեւելահայ վէպին ամենէն յատկա/323/նշական մէկ մտայնութեան, անոր որով յորդած է Րաֆֆիի վէպը պատմականն ու յեղափոխականը։ Ստոյգ է, որ « Կայծեր »ի հերոսները չունէին գոյութիւն գիրքէն առաջ։ Ու ստոյգ է, որ մեր յեղափոխութիւնը այդ հերոսներուն վրայ կաղապարեց իր անդրանիկ ներկայացուցիչները։ Ու նոյնքան ստոյգ է, որ ոչ մէկ աղջիկ, « Վերժին »ը կարդալէն վերջ, մտքէն անցուց Գերմանիան կամ Զուիցերիան, հոն սորվելու երազը ոսկեզօծելով, իր ուժերը տրամադրել վարժարանի մը մէջ պզտիկներ դաստիարակելու ծիծաղելի փառասիրութեան։ Այս մերձեցումը գրագէտներու ուժին տարբերացումը, ցայտեցումը չունի նկատի, այլ կը հետապնդէ իմացական նոյնութիւն մը իրարմէ տարբեր միտքերու վրայ։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը, յիսուն տարի վերջ, պիտի տայ թերեւս տժգոյն վաւերաթուղթ մը 1900–ի հոգեբանութենէն, ճիշդ ինչպէս կ՚ընէ այդ դերը « Սեւ լեռին մարդը » աւելի տժգոյն վէպը, 1870–ին հերձուածող միտքերուն համար։

2. Կամաւոր թրաժիքէն պարկեշտ զգուշաւորութեամբ մը, որ պատահական նկատողութիւն մը չէ։ Բոլոր վէպերը անշուշտ տափակ, քաղքենի լաատեսութեամբ մը չեն վերջանար իր մօտ։ Բայց տրաման միշտ կը պահուի վէպէն, վիպականէն ասդին, այսինքն կարելի եղածին չափ ամենօրեայ իրականութեան մը ծիրին մէջ։ Ուրիշներ ազատ են այս լաւատեսութիւնը վրիպանք մը նկատել։ Ինծի համար յատկանշական է, որ ընթերցողը կէս ճամբան չնետէ վէպը ձեռքէն, հերոսներուն երկարապատում խօսակցութիւններէն ձանձրացած, ոչ ալ հետաքրքրութեամբ միայն amorcé եղած, դիմէ վէպին վախճանին, գաղջ շահագրգռութեամբ մը միայն պատահելիքին։ Թէեւ այս թաքթն է, որ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերուն մէջ կը կազմէ իրեն սեպհական տրամաթիք մը։ Յուզումը, զգաստ որքան նուրբ, պակաս չէ իր ո՛չ մէկ վէպէն, բայց չի վերածուիր ո՛չ մէկուն մէջ ալ արցունքի, արիւնի, աղէտի։ Ուրեմն ի՞նչն է այն կախարդական միջոցը, որով մենք կը մնանք կապուած իր վէպերուն։ Ըսի, թէ ի՛նչ կը մտածէի այդ վէպերուն մէջ հետապնդուած թեզ երէն, պաշտպանուած գաղափարներուն իրական տարողութենէն, կտոր-բրդուճ բարքերէն ու աւագ դերակատարներէն։ Եւ հակառակ վճռական վերապահութեանս այդ ամէնուն նպաստէն, այդ գործին արժեւորման տեսակէտով, ստիպուած եմ յայտնել, թէ Լ. Սեղբոսեանի վէպերը բեռ մը չեն հայ գրականութեան։ Անոր պարզ մարդերը, պոլսեցիները, փոքր դերակատարները յաջողութիւններ էին։ Գիտէք ասիկա։ Անոր աւագ դերակատարները անբնական, անկարելի յօրինումներ չէին։ Ինծի կու գայ, թէ պարզ կեանքին վիպողը մեր մէջ Լեւոն Սեղբոս/324/եանն է դարձեալ։ Կը զգանք իր հիմնական պարկեշտութիւնը, իր գործին մէջ կիրարկած խղճմտութիւնը, իր ճամբան իր հասկցածին պէս ընելու իր որոշումը պարզելու հպարտութիւնը։ Ու այս է պատճառը, որ կը հանդուրժենք այդ վէպերը, ուր կը գուշակենք, թէ իրաւ մարդեր, իրաւ վիճակներ, իրաւ ըղձաւորութիւններ, իրաւ միջավայր պիտի տրուին մեզի եւ ուրկէ պիտի պակսին այս ամէնուն հակադիր իրողութիւններ։ Առօրեայ, լուսանկարչական իրականութեան մը հետ végéter ընելու մեր վախը բարեբախտաբար կը դադրի վէպերուն իմացական բարեխառնութեան մշտահանդէս ներկայութեամբը։ Գաղջ, տափակ, օծուն լաւատեսութեան վտանգն ալ Աղքատ երիտասարդի մը վերջը », Օգթավ Ֆէօյյէ) կը դիմաւորէ Լեւոն Սեղբոսեան, իր մարդերը միշտ թաթխուած պահելով իրենց միջավայրին պայմաններուն խորը։ Յիշեցի Ֆէօյյէի վէպը, անշուշտ ո՛չ պատահաբար։ Կը յիշեցնեմ անհուն ալ փառքը այդ մարդուն վէպին սանկ 1860-1870–ի շրջաններուն փառք մը, որուն դէմ պահ մը նսեմացաւ Education sentimentale-ը (Ֆլօպէր), բայց այսօր աւլուած է անվերադարձ: Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերուն վարկը տրտում հանդիսութիւններ թելադրած է արեւմտահայ որքան արեւելահայ ընթերցող հակառակութեան որոշ մէկ մասին։ Չեմ տանիր երեւոյթը իր բնական հետեւութիւններուն։ 1900–ին, մեր գրականութիւնը (երկուքն ալ) յոգնած էր ռոմանթիզմէն որքան իրապաշտութենէն։ Սիրեց, այդ հոգեկան տրամադրութեան մէջ, սա գործը, ուր երկու դպրոցներուն ծայրայեղութիւնները կը պակսէին։ Այդ երեւոյթը զերծ էր գոնէ վիճակներու հռետորութենէն ։

3. Ոգեղէն տարրին մշտագոյ ջերմութիւնը ։ Որ ձգտումին կը նմանի. թեզը կը յիշեցնէ, բայց կ՚անջատուի երկուքէն ալ ու ինքզինք կ՚ըլլայ՝ որուն մէջ մեր հոգիին քանի մը ազնուական պահանջները գոհացման մօտ վիճակի մը հասնէին. սիրէինք ոգիով զօրացած մարդեր եւ ախորժ զգայինք կեցուածքներէ, իրաւցնէ, մեզմէ ոչ շատ վեր, բայց վե՛ր եւ ոչ թէ վար՝ ինչպէս են ոլորտները արեւմտահայ ու արեւելահայ վէպերուն։ « Վարժապետին աղջիկը », ասկէ առաջ « Անհետացած սերունդ մը », « Աղջկան մը սիրտը », « Ամիրային աղջիկը » (քիչ բան դուրս է անկէ, որ արեւմտահայ վէպ անունով կը հասնի մինչեւ 1914), « Սիրանոյշ », « Արաքսիա », « Մայտա » վէպեր են, ուր հասկանալի շեղում մը, չափաւոր խստապահանջութեան մը գնով, հաստատումներ արտօնէր մեզ մեր հասարակութեան որոշ խաւերուն որոշ բարքերը, մտայնութիւնը, կարաւան մը մարդոց, որոնք ցեղային ընդհանուր միջինի մը պատկանէին. զգացական աշխարհ /325/ մը, ուր գործէին քանի մը տիրական զսպանակները մեր հոգիին. կարճ՝ այն քանի մը վճռական յատկանիշները, որոնցմով ըլլար պայմանաւոր այդ Պոլիսը, երկու դարերու շէմքին։ Ասոնք ձրի, առատաշնորհ բաշխումներ չեն արեւմտահայ վէպը երբ ուզենք արժեւորել։ Բայց նոյն ատեն այդ վէպը բախտը չունեցաւ աշխատաւորի մը, որ ըլլար որդեգրած ոգեղէն կեցուածք մը, այս տարազին տակ դնելով ազնիւ, ազնուացուցիչ աշխարհահայեացք մը, հաւասարապէս հեռու՝ բարոյամոլ որքան որոշադրապաշտ (deterministe) միսթիքներէն, ազատ՝ արդի շահախնդիր հրամայականներու կեղծիքէն, որքան անցեալին դիրտովը կրացած մտակուղպակներէն։ 1900–ին կային այդ մարդերը, Պոլիս, իրենց դրամը շինած ու իրենց միտքին հաւասարակշռութեան համար իրենց ժամանակին արժէքները գործածելու հետամուտ։ Կային նաեւ այն միւսները, որոնք այլապէս կազմակերպուած ընկերութեան մէջ իրենք զիրենք օտար գիտնային ու նայէին ուրիշ կարգերու, արժէքներու ուրիշ տախտակներու։ Այս վերջին դասակարգին գոյութիւնը ահա իր վէպերուն մէջ Լեւոն Սեղբոսեան ջանաց արդարացնել ու յատկանշական հաւատարմութեամբ մը անոնց դատը ստանձնեց։ Ասիկա թեզ ը չէ, քանի որ հեղինակին համակրութիւնը գրեթե պաշտօնապէս կը միջամտէ, պաշտպանելու իր մեղքին զաւակները, անշուշտ զգուշաւոր ծորումով մը, վէպին երկայնքին։ Ըսի, թէ ձգտումը մօտ էր սա վիճակին։ Բայց հոս ճշդել ուզածս այլ իրողութիւն է։ Կ՚ակնարկեմ այն ազնուական, ոգեպաշտիկ, նիւթեղէնին ներհակ առաքինութեան, որուն զգացումովը կը տոգորուինք Լեւոն Սեղբոսեանի վէպին մէջ։ Այն միակ հատորը, ուր այս զգացումը չի դառնար տիրական, « Մնաք բարովի իրիկունը » է։ Հոս ալ ծաղրը, humeur-ը կը պահեն քաղցր հով մը, հեռու դաժան, չար հեգնանքէն, որով խարանահար են Պարթեւեանի, Երուխանի, Կամսարականի, Սիպիլի, նոյնիսկ Տիկին Տիւսաբի ժխտական տիպարները, այնքան պժգագին աղտոտութիւններու խուժումով քստմնող ու անկանգնելի։ Անոր մարդերը տիպարներ չէին կրցած ըլլալ։ Ըսի ասիկա։ Բայց չեղան սուտ ալ պաճուճապատանքներ։ Տափակ լաւատեսութիւն մը կամ անզետեղելի երազայնութիւն մը չեն ձեւազեղծած այդ մարդերուն կենցաղային վաւերականութիւնը։ Այն շնորհը, որով մշտապէս պաճուճուած կը պտըտին իր մարդերը, այն իրաւութիւնը, որ անոր ամենէն աննշան անձնաւորութիւններն անգամ վիպայինէն կը պաշտպանէ, հեղինակէն յարդարուած բաշխում մը չէ, այլ կեանքին իսկ հեղումը։ Անոր հերոսները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուած են ազնուական սա մտադրու/326/թեան մէջէն, ու ի սպաս անոր։ Ասով անոր վէպը կ՚ըլլայ առանձին կեցուածք մը կեանքին դէմ։ Կը զգուշանամ արուեստին պահանջներով հարուածելէ սա շատ փափուկ, շատ դիւրախոց տրամադրութիւնը։ Լեւոն Սեղբոսեան մեծ վիպասան մը պիտի ըլլար, եթէ երբեք այս քանի մը առաքինութիւնները առաջնորդէր իրենց անդրագոյն սահմանները մինչեւ։ Թող չստեղծէր յեղափոխութիւններ (Րաֆֆի), բայց պիտի ըլլար ստեղծիչը մարդոց, որոնք իրենց սերունդէն աւելի կը դիմանան։ Ով որ 1940–ին կը կարդայ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպերը, կը տպաւորուի ցաւի մօտ զգացումով մը։ Ան ինքզինքը վատնած է իրեն անարժան նպատակներու։ Կը ցաւիմ իր ոգեղէն հարստութեան սա անիմաստ սպառումին։ Այդ հարստութիւնը բաւ էր դժուար, իրաւ, կատարեալ գործ մը ոտքի նետելու։ « Վերժինը », « Դարձը », « Դերասանուհին », « Կինը » այդ հարստութեան անարժան վկաները եղան։

 

Լեւոն Սեղբոսեանի վէպը անբաւական է անոր անունը պաշտպանելու արեւմտահայ վէպին մէջ։


 



[1] Խօսակցութեան (dialogue) չէ որ հակառակ եմ։ Ժամանակակից ու ԺԹ. դարու գլուխ-գործոց վէպերը լայնօրէն բացած են իրենց էջերը տիալոկ ին (ներքին տիալոկը Ճէյմս Ճոյսի կողմէ գործածուեցաւ այնքան տարօրինակ արդիւնքներով Ոդիսեւս » մէկ ուրիշ կողմն է անոր), որ հզօր կենդանութիւն մը կը բերէ պատմումին, պայմանաւ որ առօրեայ, ընթացիկ, տափակ խօսքին կրկնութիւնը չըլլայ, դէմ դէմի նստած կամ իրարու հանդիպող մարդոց մօտ այնքան յուսահատօրէն իրական։ Տոսթոեւսկիի վէպին մէջ խօսակցութիւնը համազօր է գործողութեան կիկլոնին, ուրիշ խօսքով մտածումներու կեանքն է, իր օրէնքներով ու խտութեամբը ու մեզ կը տպաւորէ նոյն ուժգնութեամբ, որ արարքներունն է, մարդոց մարմիններուն շարժումները առարկայող։ Հաւատաքննիչին ու Յիսուսի տեսակցութիւնը Քարամազով եղբայրներ », Տոսթոեւսկի) իր ընդքարշող թափին մէջ մեզի րոպե մը իսկ չարտօներ գտնել զմեզ, շունչ առնել, ինչպէս կ՚ըսեն ու կը տանի։ Գաղտնի՞քը։ Անշուշտ կախարդ վիպասանին արուեստը ամենէն առաջ։ Բայց մանաւանդ խօսակցութեան մարմին ծառայող հարցերուն ահաւոր կարեւորութիւնը։ Նոյնն է պարագան Պալզաքի այն վէպերուն համար, ուր բանդագուշակ մեծ վիպասանը մտածումները կ՚անձնաորէ իր հերոսներուն մարմիններովը եւ զանոնք իրարու դէմ կը լարէ կենդանի արարածներու նման (Le père Goriot (1834-1835), Illusions perdues (1837-1843) եւ այլն)։ Լեւոն Սեղբոսեանի խօսակցութիւնները գաղջ խօսքեր, պզտիկ ապրում ին անդրադարձը, կանոնաւոր մարդոց շրթունքներէն բաժնուիլ չուզող, որոնք թուղթին վրայ կ՚արժեն այն, ինչ որ կ՚արժէին այդ մարդոց գանկին տակ։ 1890–ը լրագրական տենդոտ վէճերու ոսկեդարն էր մեր մէջ։ Ու Լեւոն Սեղբոսեանի տիալոկը՝ ատոնց փոխադրութիւնն էր վէպէն ներս։

[2]     Հակառակ ջանքերուս, չեմ կրցած տեսնել « Երազ օրեր », « Դուրսեցիները » վէպերը։ Կը խոստովանիմ, թէ պակասը պակաս է։ Բայց չեմ տառապիր, թէ անիրաւ եմ։

[3] Ու ահա տարօրինակը. աւագ տիպարներու սա վրիպանքը լայնօրէն կը հակակշռուի երկրորդական մարդոց բացարձակ յաջողութեամբը: Այդ վէպերուն մէջ երեւցող մօրաքոյրերը, սանկ ու նանկ կիները, բժիշկները, երկրաչափները, նոյնիսկ մարդու փշրանքները միակտուր իրականութիւններ են։ Իրենց սիլուէթը կը յամառի մեր միտքի էքրանին, սահելով տիրական իրենց նկարագիրները։ Անոնք, հարկադրաբար դուրս ըլլալնուն թեզ ին մշուշէն, ազատած են իրենց անձնաւորութիւնները։ Ու եթէ ընդհանրացնէք սա նշմարը (Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնն ալ ենթակայ կը մնայ նոյն դատապարտութեան), դուք կը հասնիք տխուր արդիւնքներու։ Գրագէտի մը գործը պայմանաւոր է աւագ դերակատարներուն արժէքովը։