Ա.
[ՎԻՊԱԳԻՐԸ]
/455/
Տիգրան
Չէօկիւրեանի
«
Հայրենի
ձայներ
»ը
զիս
չի
կրնար
զբաղեցնել
իրմով
։
Օրուան
հովին
ծնունդ
այդ
վիպակները
չեմ
ալ
արժեւորեր
իբր
միջոց
վէպերու
թեքնիքի
մը
ստացման։
Չէօկիւրեան
անոնց
մէջ
կը
ներկայանալ
այն
կերպարանքով,
զոր
կը
տեսնենք
Մ.
Ուղուրլեանի,
Գ.
Խանճեանի
մը
քերթուածներուն
մէջ,
բանաստեղծութեան
մարզին
վրայ։
Արձակ
քերթուածները
արժանի
չեն
դարձեալ
շնորհ
գտնելու։
Բայց
կը
ճշդեմ
հոս,
ի
նպաստ
հեղինակին
որոշ,
թէեւ
տկար
տարր
մը
զգայնութեան,
այդ
շողշողուն
նախադասութեանց
թաւալումը
քիչիկ
մը
տաքցնող։
Անհուն
բառամարտին
մէջ,
որ
արձակ
քերթուածն
է
ընդհանրապէս,
զգայնութեան
սա
ցօղը
սակայն
կը
մնայ
հիմնովին
անբաւարար,
զովացնելու
շինծու
սա
չորութիւնը։
Կու
տամ
առանձին
ուշադրութիւն
իր
տպաւորութիւններուն
(իր
Եւրոպա
ները
արուեստի
գործերու
հետ
յարդարելով,
շփում,
Չէօկիւրեանի
արդեն
իրական
նկարչական
զգայութիւնները
ազա/456/տագրած
են
բաւարար
չափով։
Իր
ընթերցումները,
գործադրուած
մեծ
յամառութեամբ,
անոր
միտքին
տուած
են
որոշ
տկարութիւն
դատելու,
դասաւորելու,
թափանցելու
գրական
գործերը),
որոնք
կը
կազմեն
նկարչական
էջեր
ու
գրական
պատումներ։
Կը
զբաղիմ
իր
վէպով։
*
*
*
«
Ոստան
»ի
մէջ
Տիգրան
Չէօկիւրեան
թարգմանած
է
Մոպասանի
«
Ճարպագունդ
»ը
(Boule
de
suit):
Ուրիշ
բախտորոշ
թարգմանութիւն՝
Լ.
Անտրիեւի
«
Կարմիր
ծիծաղը
»։
Չէօկիւրեանի
«Հերոսը»
վիպակը
կու
գայ
Մօփասանէն.
«
Վանքը
»
վէպին
թեքնիքին
մէջ
անհերքելի
է
Անտրիեւի
ազդեցութիւնը։
Չեմ
վերլուծել
«
Հերոսը
»,
որուն
տարողութիւնը
կը
բարձրանայ
այնքան,
երբ
բաղդատուի
«
Հայրենի
ձայներ
»ուն
«
Լուռ
հերոսը
»ին
հետ։
Յղացում,
թեքնիք
բարեփոխուած
են
անհաւատալի
աստիճանով
մը։
Ու
ինծի
կու
գայ,
թէ
սա
բարիքը
մենք
պարտական
ենք
Մօփասանին։
Ահա՛
քանի
մը
նկատողութիւններ,
սակայն,
որոնք
Չէօկիւրեանի
յաջողագոյն
վիպակը
կը
ձգտին
ճշդորոշել։
Չունիմ
առարկութիւն
հոն
մուտք
ունեցող
մարդոց
իրաւասութեան
(vérité–ին)։
Նկարչական
քրոքինելու
շատ
մօտիկ
ըլլալով
հանդերձ,
այդ
մարդերէն
շատեր
գտած
են
տիպարային
մասնաւորում։
Հերոսին
անապահով
յօրինուածքէն
զատ,
միւս
երկրորդական
բոլոր
անձնաւորութիւնները
ունին
իրենց
հարազատութիւնը։
Մէկիկ-մէկիկ
անոնք
անառարկելի
բոլորքով,
շարժումի,
բառի,
մտայնութեան,
կա՛րճ՝
նկարագրի
բաղադրիչ
տարրերով
կը
վերբերեն
պատկերը
մեր
ընկերութեան,
տակաւին
պղտոր,
վասնզի
այդ
մարդոց
հոգին
լայնագոյն
մասը
կու
գայ
ուրիշ
բարեխառնութենէ
մը։
Անոնք
կազմուած
են
թուրքերուն
սահմանադրութիւնը
կանխող
(1908)
ահաւոր
ռեժիմի
մը
մէջ,
այլեւս
պատմական
դարձած
վերադիրով
մը,
Համիտին
ռեժիմը։
Շատ
սպասել
պիտի
չըլլա՞յ,
տակաւին
խակ
այդ
արուեստագէտէն,
եթէ
երբեք
խորացնէինք
մեր
պահանջները,
Կայծիկեան
Սիրական
էֆէնտիին
վրայ
տեսնելու,
ինչ
որ
այդ
ռեժիմին
ջոջերը
յօրինեց,
այն
մանր,
ահաւոր,
սողոսկուն
մասնիկները
արարքներու
եւ
նկարագրի,
որոնք
Րաֆֆիի
մօտ,
օրինակի
մը
համար,
կը
տիրապետեն
այնքան
արագ
տիպարը
ու
կը
սեւեռեն
վճռական
յստակութեամբ։
Իրողութիւն
է,
որ
մարդոց
կամ
երբ
դիւրաւ
նուաճելի
միութիւններ
չեն։
Դարձեալ
իրո/457/ղութիւն
է,
որ
վաթսուն–եօթանասուն
էջերու
միջոց
մը
նեղ
կու
գայ
ընկերութեան
մը
համապատկերը
ընդգծելու։
Բայց
Չէօկիւրեանի
վիպակը
ձեւուած
է
«
Ճարպագունդ
»ի
կաղապարին
վրայ
ու
փառասիրութեան
մէջ
«
Կարմիր
ժամուց
»ին։
Իբրեւ
նախատիպար,
երկու
վիպակներն
ալ
շքեղ
յաջողութիւններ
են։
Առաջինը
դուրս
կը
մնայ
իմ
հետաքրքրութենէս։
«
Կարմիր
ժամուց
»ին
տիպարները
այնքան
ընդհանուր,
ամբողջ
ընող
թեքնիքը
իր
գրական
շրջափոխութիւնը
լիուլի
աւարտած
տաղանդի
մը
կը
պատկանի։
Արփիարեան
«
Բանբեր
»ի
մէջ
(1905)
այդ
վիպակը
հրատարակելէ
ետք
պիտի
ապրի
հազիւ
երեք
տարի։
«
Հերոսը
»
հազիւ
երկու
տարի
հեռու
է
«
Հայրենի
ձայներ
»ու
«
Լուռ
հերոսը
»էն։
«
Խնդամոլին
աղջիկը
»
(Արփիար
Արփիարեան)
քսանի
մօտ
տարիներով
է
անջրպետուած
«
Կարմիր
ժամուց
»էն։
Ըսի,
թէ
տաղանդ
է
հազիւ
այցուած
այս
արուեստագէտը
ամէն
բան
պարտական
էր
աշխատանքի։
Ու
այդ
աշխատանքը
Չէօկիւրեանին
չ՚արտօներ
այն
կատարելութիւնը,
որ
ծնունդին
նուէրն
է
յաճախ։
Գրիգոր
Զօհրապ
տիպարներու
յօրինման,
սա
ma
î
trise–ը
աշխատանքով
չէ
իւրացուցած
անշուշտ։
Երուխան
իր
«
Ամիրային
աղջիկը
»
վէպին
մէջ
տիպարային
կատարելութեան
հասած
է
բաւական
ուշ։
1905–էն
ետք
(սկզբնական
թուականը
այդ
վէպին
հրատարակութեան)
թուական
մըն
է
դարձեալ
Երուխանի
արուեստին
մէջ։
«
Ոստան
»ի
մէջ
(1910)
անկէ
ստորագրուած
«
Հարազատ
որդի
»
վիպակը
տիպարային
նուազում
մը
կը
մատնէ։
Չէօկիւրեանի
տիպարները
իրաւ
են,
բայց
անբաւարար
կենդանի
են,
բայց
չեն
մշակուած,
բանուած
։
Ամենէն
աւելի
այդ
վիպակին
մէջ
թերի,
անաւարտ
տիպարը
հերոսն
է,
որձեւէգ
արարած,
որուն
վրայ
հեղինակը
ձգտած
է
բարդել
կարգ
մը
ակնբախ
երեւոյթներ,
Սահմանադրութենէն
անմիջապէս
ետք
Պոլսոյ
փողոցներուն
մէջ
լայն
կերպով
ընդհանրացած։
Մարդ
դժուար
կը
հաշտուի
ո՛չ
թէ
նման
անձերու
կարելիութեան,
այլ
այն
յօրինումին,
ուր
ընկերվարական
գաղափարախօս
մը
մէկ
օրէն
միւսը
կը
դատապարտուի
Պոլսոյ
հանըմներուն
ծրարները…
բաղնիք
կրելու
ու
նոյն
ատեն
մնալու
տեսակ
մը
դէմք։
Զէնքի
մարդերը
կէս
խենթեր
են,
կ՚ընդունիմ
ասիկա։
Բայց
կէս
խենթութիւնն
ալ
իր
պայմանները
ունի։
Չենք
արտօնուիր
կեանքին
ծիծաղելին
հում–հում
արուեստին
հանելու։
Տիպարները
պարտաւոր
են
իրենք
զիրենք
ընել
հետեւողական,
իրենց
վրայ
դիտուած
նկատումներուն
հաւատարիմ
անդրադարձ։
Նոյն
անպատասխանատու
յօրինումը
վնասած
է
Օտեանի,
որուն
հերոսախաղը
կու
գայ
մէկ
ու
նոյն
սխալէն,
ըլլալով
ծիծաղելի
վիճակներու
անկապակից
շարայարութիւն
մը։
Չէօկիւրեանի
տիպարը
չու/458/նի
ո՛չ
մէջ
ինքնութիւն,
նոյնիսկ
կեանքին
հում
ինքնութիւնը։
Վիպակին
այս
երկու
գլխաւոր
անձնաւորութեանց
մէջ
ձախողանքը
ճակատագրական
է,
սակայն։
Նոյնքան
անբնական
են
Կայծիկեանի
աղջկան
դէմքն
ու
դերը։
Հոգեբանական
տարրական
փորձառութիւն
մը
բաւական
էր,
սակայն
այդ
դիւրաւ
երեւակայելի,
բայց
կեանքին
մէջ
շատ
դժուար
կարելի
վիճակները
խնայելու
համար
ընթերցողին։
Կան
անշուշտ
այդ
աղջիկները,
որոնք
պիտի
գործածեն
իրենց
հրապոյրները՝
նուաճելու
համար
արուն
։
Ճիւաղային
ըուելու
չափ
ցանցառ
են
սակայն
անոնք,
որոնք
վիպակին
մէջ
տրուածին
նման,
այս
հրապոյրները
պիտի
սահմանեն
արուն
գրգռելու:
Մոփասանեան
իրապաշտութեան
(«
Նորման
զրոյցներ
»,
«
Մատմազէլ
Ֆիֆի
»,
«
Ճարպագունդ
»)
սխալ
հասկացողութիւնն
է,
որ
Չէօկիւրեանի
վիպակին
մէջ
մուտքն
է
արտօնած
չըսուելիք
ալ
բաներու։
Բոլոր
անբաւարար
գրողներու
մօտ
դիտուած
նուազումը
–
կեդրոնական
տիպարներու
անբաւականութիւն
–
Չէօկիւրեան
կարծած
է
փոխարինել
երկրորդականնելու
վճռական
յաջողուածքով։
Այն
դէմքերը,
որոնք
անկարեւոր
դերեր
միայն
ունին
հոն,
կը
ներկայանան
անառարկելի
ճշգրտութեամբ,
հում
կեանքին
հում
գեղեցկութի՛ւն,
եթէ
կը
ներուի։
Չէօկիւրեանի
«
Հայրենի
ձայներ
»ուն
մէջ
գործողութիւնը
ըլլալու
տեղ
վերլուծական
միջոցներու
ենթակայ,
կը
քալէր
մելոտրամին
ախորժած
ճամբաներէն։
Լուռ
հերոսը
(«
Հայրենի
ձայներ
»)
մելոտրամի
դերասան
մըն
է
եւ
ուրիշ
քիչ
բան։
Իրաւ
հերոսը
(«
Հերոսը
»)
շատ
կանոնաւոր
գնացքի
մը
մէջէն
կ՚իրագործէ
իր
ճակատագիրը։
Մնաց
որ
վիպական
գործողութիւն
մը
վարելու
համար,
միշտ
չեն
բաւեր
աշխատանքին
բարիքները։
Ո՛չ
երեւակայութիւն,
ո՛չ
դիտողութիւն,
ո՛չ
լայն
ծանօթութիւն,
ո՛չ
խառնուածք
չեն
երաշխաւորեր
յաջողութիւնը
չորս-հինգ
էջնոց
պատմումի
մը,
մինչեւ
որ
չըլլայ
քոյ
ծնունդին
նախատարրը,
բժշկական
բառ
մը
փոխ
առնելով,
կենսանիւթը
(vitamine),
որ
այդ
չորս-հինգ
էջը
պիտի
ենթարկէր
իր
ազդեցութեան
(Չէօկիւրեանի
երկրորդ
մեծ
վէպը,
«
Վանքը
»,
կը
տառապի
դարձեալ
այդ
անբաւարարութեամբ)։
Կեանքին
նպաստը
այսպէս
երբեմն
կը
կարծէ
փոխարինել
յղացումին
դերը։
«
Հերոսը
»ին
գործողութիւնը
կու
գայ
քաղաքական
ու
պատմական
իրողութիւններէ,
օր
մը
ապրուած
իրականութենէ
մը։
Անշուշտ
ասիկա
մեծ
բարեբախտութիւն
մըն
է
վիպողին։
Բայց
ահա՛
յատկանշականը։
«
Ճարպագունդ
»ին
հոգեկան
բարեխառնութիւնը
1870-1871–ի
ֆրանսական
պարտութեան
ընդհանուր
բարեխառնութիւնն
է։
Մօփասանի
դերը
եղած
է
այդ
բարեխառնութիւնը
անձնաւորել,
մարմնաւորել
հանրակինի
մը
/459/
տիպարին
ընդմէջէն,
կարկառի
հանելու
համար
մեր
վարքը,
աննահանջ
եսասիրութիւնները։
Մարդկային
է,
որ
հանրային
մը
ինքզինք
մերժէ
իր
ատած
մարդուն
(պարտուողի
մը
չկայ
աւելի
ատելի
մարդ
մը
քան
յաղթականը)։
Բայց
ո՞րքան
մարդկային
հակազդեցութիւնը
այդ
մերժումին,
հանրային
կառքի
մը
մէջ
ճամբորդութեան
մը
պահուն
այդ
կնոջ
ընկերացող
քաղքենիներուն
վրայ։
Հոդ
է
ահա
տրամին
հանգոյցը։
Մօփասան
յաջողած
է
մեր
բոլոր
զզուանքը
զայրագնեալ
կնոջ
ընկերացող
մարդոց
մասին,
սրբացնելու
չափ
մեղսազերծելով
մեղքի
կարաս
այդ
պոռնիկը։
Չէօկիւրեանի
«
Հերոսը
»
հում
ծիծաղէն
անդին
չ՚արթնցներ
մեր
մէջ,
վասնզի
հեղինակը
անոր
զլացած
է
պատեհութիւնը
ինքզինք
ըլլալու,
մարդկօրէն
ապրելու,
թէկուզ
յիմարաբար,
բայց
ապրելու։
Կեանքի,
շարժուն
կեանքի
սա
պակասը
գիրքերու
լեզուով
կը
թարգմանուի
պակաս
գործողութեան
։
Մի՛
մոռնաք
այս
բառը։
Անոր
դերը
պիտի
լայնօրէն
տեսնէք
լուսաբանուած
«
Վանքը
»ին
մէջ։
Գնահատական
բառեր
միայն
ունիմ
Չէօկիւրեանի
ընտանութենէն,
զոր
որբի,
փողոցէն
հասնող
պարզ
մարդու
ստացումները
կու
տան
մեր
չեմ
ըսեր
ոճին,
այլ
ներքին
անձնաւորութեան։
Վերերը
յիշեցի,
թէ
որքա՛ն
բնական
էր
իր
անձին
սա
հոգեղէն
հոսումը,
մտերմիկ
հովը,
որով
կը
մօտենալ
շրջապատին։
Ունինք
այդ
ընտանութեան
շատ
մը
նմոյշներ
(Արփիարեան,
Հրանդ,
Բաշալեան)։
Չէօկիւրեանի
այս
վիպակին
մէջ
ամենէն
հաճելի
առաքինութիւնը
կ՚ըլլայ
անիկա,
ամբողջութեան
վրիպանքը
հակակշռելու
չափ
ալ
զօրաւոր։
Ընթերցումին
աւարտումէն
ետք
այդ
անուշիկ,
մտերմիկ
բնականութիւնը
ատեն
մը
տակաւին
կը
շարունակէ
ապրիլ
մեր
ներսը։
Դարձեալ,
գնահատանք
ունիմ
իր
կծու,
քիչիկ
մը
խածան
որակումներէն,
սա
մեր
աշխարհին
այն
բախտաւոր
արարածներուն
դէմ՝,
որոնք
լաւ
աստղի
տակ
ծնած,
իրենց
առաջին
իսկ
քայլերուն
գտան
շատ
բան
յարդարուած,
ու
կեանքը
կ՚ապրին
յիմար
ինքնահաւանութեան
մը
մէջէն,
իրենց
արժանիքները
շահագործելով,
ըսել
կ՚ուզեմ
ասոնց
վերագրելով
իրենց
յաջողութիւնը
սա
աշխարհին
երեսին։
Ժողովուրդէն
(peuple)
եկող
սա
հեգնութիւնը
Չէօկիւրեան
իբր
փողոցէն
հասած,
կը
գործածէ
կարելի
պարզութեամբ,
պարկեշտութեամբ։
Ո՛չ
մէկ
դիտումնաւոր
պարսաւ,
սեւցնելու,
չափազանցելու
ախորժակ
չեն
խանգարեր
սա
քաշքշուքին
բնականութիւնը։
Տխուր
է
ըսել,
որ
«
Հերոսը
»,
իբր
ամենէն
մաքուր
յաջողութիւնը
Տ.
Չէօկիւրեանի,
անբաւարար
կու
գայ
անոր
տաղանդը
լիակատար
բնորոշելու,
գրագէտի
դէմքը
վճռապէս
յարդարելու։
Անշուշտ
ծաւալը
դեր
մը
ունի
սա
վրիպանքին
համար։
Բայց
մոռնալու
չէք
«
Փոսթալը
»
(Գ.
/460/
Զօհրապ),
որ
աւելի
ամփոփ
սահմաններու
մէջ,
բաւական
կու
գայ
ո՛չ
միայն
Զօհրապը
բնորոշելու,
այլ
միջավայր
մը,
հոգեբանութիւններ
վճռապէս
նուաճելու։
Տաղանդին
ձեւը
ուրիշ
պատճառ
«
Հերոսը
»ին
անբաւարարութեան։
Չէօկիւրեան
հոգեբանութիւն
ընելու
հզօր
ցանկութեամբ
տառապած
է,
առանց
օժտուած
ըլլալու
այդ
բացառիկ,
թէեւ
ո՛չ
անհրաժեշտ
առաքինութեամբ։
Յիշելու
էք,
որ
«
Ամիրային
աղջիկը
»
վէպին
մէջ
անտանելի
են
այդ
հոգեբանական
վայրկեաննեկը,
տիպարներու
ահաւոր
կենդանութեան
ու
շքեղ
փառքին
ընդդէմ։
«
Հերոսը
»
մեզի
չի
տար
այդ
գլխու
պտոյտ
պատճառող
պահերէն,
բայց
չի
տար
դարձեալ,
գէթ
«
Փոսթալը
»ին
չափով,
մեր
ընկերութիւնը,
որմէ
եղած
վերբերումները,
հատուածական,
կենդանի
է,
բայց
չեն
բաւական
մեր
մտքին
մէջ
սեւեռելու
այդ
ընկերութեան
ո՛չ
մէկ
կողմը։
Կան
աղաներ,
թաղականներ,
էֆէնտիներ,
բայց
չկայ
աղայութիւնը
(ո՛չ
իբրեւ
դասակարգ,
գէթ
իբրեւ
կերպարանք)։
Բայց
չկայ
թաղականութիւնը,
որ
սանկ
կէս
դարէ
աւելի
մեր
ազնուականութիւնը
տիրեց,
երեւան
բերելով
հետաքրքրաշարժ
երեսներ։
Բայց
չկայ
էֆէնտիութիւնը,
այնքան
իրաւ,
այնքան
ճկուն,
վիպող
մը
փորձի
ենթարկող։
Ու
չկայ
դարձեալ
ինտելիգենտը,
այնքան
շքեղ
իրականութեամբ
մը
նուաճուած
Երուխանէ
(«
Ամիրային
աղջիկը
»),
եւ
որմէ
զառածած
կերպարանքներ
չեն
1910–ի
բոլոր
հերոսները,
սոցիալ-դեմոկրատներու
փշրանքները,
մժեղ
անիշխանականները,
բոլորն
ալ
որոշ
չափով
մը
պիտի
ինկած
«
Փանջունի
»ի
մէջ։
Ա՛լ
չեմ
խօսիր
կնիկներէն,
վիպակին
մէջ
իրենց
տեղէն
ու
դերէն։
Յանուն
իրապաշտութեան,
Տիգրան
Չէօկիւրեան
ներած
է
իրեն
տրտում
փառասիրութիւնը
յանդուգն
բաներ
ըսելու,
որոնք
գրուածքին
որեւէ
շահ
չեն
ապահովել
սակայն։
Խօսեցայ
Կայծակեան
էֆէնտիին
աղջիկէն։
Այս
էֆէնտիին
կինը,
հակառակ
ստուեր
մը
մնալուն,
կը
պահէ
վճռական
իր
իրաւութիւնը։
Բայց,
ինչպէս
մարդոց,
նմանապէս
կիներու
ուրուագիծերը
չեն
ազատած
ուրուագրին
պայմաններէն։
Ո՛չ
մէկ
սե
ւ
եռում
։
Ո՛չ
մէկ
արմատական
նուաճում։
Տիգրան
Չէօկիւրեանի
տաղանդը
ուրեմն
իր
վերջին
մարտկոցին,
«
Վանքը
»ին
մէջ
ստիպուած
ենք
բնորոշելու
աշխատիլ։
*
*
*
Պատմեցի
վէպին
խմբագրութեան
քանի
մը
իրադարձութիւնները։
Իր
խօսածներէն
դիւրին
էր,
այդ
օրերուն,
ինծի
համար,
բարձ/461/րանալ
իր
լռածներուն,
որոնք
արուեստի
լուրջ
տագնապ
մը
կը
կազմէին։
Չէօկիւրեան,
«
Հերոսը
»էն
թեքնիքէն
հալածուած
ըլլալով
հանդերձ
(Մոփասանեան
ազդեցութիւն),
հմայքին,
բուռն
ձգողութեանը
տակ
էր
իր
միւս
թարգմանութեան,
«
Կարմիր
ծիծաղը
»ին։
Ռուս
վիպասանին
թէքնիքը
սակայն
գինն
էր
անհուն
զոհողութեան։
Չէօկիւրեան
կասկածն
իսկ
չունէր,
թէ
այդ
տարօրինակ
հոգեբանութիւնը
ի՛նչ
տանջանքներու
դուռ
էր
բացած
երիտասարդ
ռուս
վիպողին
հոգիին
մէջ։
Անտրիեւ
հալածանքին
մէջ
ապրած
է
Տոսթոեւսկիի,
մանաւանդ
Թոլսթոյի
համբաւներուն։
Իր
հզօր
փառասիրութիւնն
էր
տարբերիլ
այդ
վարպետներէն,
ի՛նչ
գնով
ալ
ըլլար
ատիկա։
Թոլսթոյի
խօսքն
այդ
տղուն
նորակազմ
փառքին
ու
արուեստին
տարողութեան
մասին
կը
մնայ
յատկանշական։
Անտրիեւ
այդ
ճակատագրական
պատգամը
արժեւորելու
համար
է,
որ
պիտի
հրաժարի
վարպետին,
վարպետներուն
կերպէն
ու
պիտի
հմայէ
իբր
տեսակ
մը
հոգեբանական
pointillisme,
ուր
կեանքը
կը
դադրի
կանոնաւոր
հոսանուտի
մը
դասական
իր
նկարագրէն,
ըլլալու
համար
արագ,
սուր,
ֆանթասթիք
բախումներու,
ցայտքերու,
սուզումներու
մշտագործօն,
մշտափոփոխ
մակընթացութիւն
մը,
տեղատուութիւն
մը։
Ամէն
ինչ
րոպէ
է,
ամէն
ինչ
կայծ
ու
հրթիռ,
այդ
վիպասանին
մօտ։
Եւ
որովհետեւ
այն
աշխարհը,
որուն
մէջ
կը
թաւալի
այդ
մեքենայ
մարդը,
անհուն
տագնապներու
հրաբուխ
մըն
է,
թնդանօթի
բոցերուն
եւ
մառախուղին
վարագոյրին
ընդմէջէն
հազարաւորներու,
միլիոններու
սիրտին
շուրջը
կայծեր,
այդ
արուեստը
տարօրէն
կը
յարմարի
այդ
միգամածային
աշխարհին
սեւեռումին։
Ո՛չ
տիպար։
Ո՛չ
բարք։
Ո՛չ
յառաջատու
գործողութիւն
(գէթ
ատոր
դասական
հասկացողութեան
փաստը,
մանաւանդ
«
Աննա
Քարենինա
»յի
մէջ։
Ո՛չ
ձգտում։
Ո՛չ
իմաստասիրութիւն։
Կարճ՝
ո՛չ
մէկը
այն
postulat–ներէն,
որոնք
ԺԹ.
դարու
մեծ
վիպասաններուն
տիրական
տեսակետները
կազմեր
ու
անոնց
աշխատանքը
ուղղեր
էին,
համաձայն
հիմնական
ախորժակներու,
այս
ու
այն
վարպետին
մօտ։
Փոխարէն
մէկ
բան,
ԿԵԱՆՔԸ,
այնպէս,
ինչպէս
կ՚ապրէինք
զանիկա,
ինչպէս
կ՚ապրէին
զայն
Մանչուրիոյ
ճակատէն
միլիոնաւոր
զինուորները
։
Ու
կեանքը,
մանաւանդ
«Վանքը»ին
մէջ։
*
*
*
/462/
Կը
խորհիմ,
թէ
գրականութեան
պատմութեան
համար
որոշ
կարեւորութիւն
մը
ունի
յիշել,
թէ
1908-1915
շրջանը,
հակառակ
անհուն
խանդին,
որ
կը
վառէ
բոլոր
հոգիները,
բացի
քերթողական
դիւաններէ,
չէ
արձանագրուած
վիպական
որեւէ
գործ,
որուն
տարողութիւնը
անցնէր
ալ
ընթացիկ,
որքան
անտանելի
նորավէպը։
Ահաւոր
արշաւը
արեւելահայ
վէպին
(Րաֆֆի,
Շիրվանզատէ,
մանաւանդ
Աւետիս
Ահարոնեան)
ու
զարհուրելի
dumping-ը
Օտեանի,
Քասիմի,
Սմբատ
Բիւրատի
առասպելներուն,
պոլսական
հրապարակը
կը
դնեն
հակազդեցութեան
անկարող
վիճակի
մը
մէջ։
Նոր
վիպող
դէմքերու
պակասը՝
ուրիշ
տագնապ։
Երբ
1914–ին
«
Վանքը
»
իջաւ
հրապարակ,
մարդիկ
ապշած
էին
որքան
խանդավառ
այդ
մէկ
հատիկ
փաստով։
Ու
Դարբինեանի
յօդուածները
«
Վանքը
»ին
վրայ,
«
Ազատամարտ
»ի
մէջ,
միայն
նշան
մը
չեն
կազմեր
արեւելահայ
դատաս/463/տանին,
դատաստանումին
տեսակարար
կշիռէն,
այլ
այդ
զարմանքին
ալ
գրական
արտայայտութիւնը
կը
մնան։
«
Հերոսը
»ին
վարկը
կ՚անդրադառնար
«
Վանքը
»ին
վրայ։
Տարակոյս,
չկայ,
որ
գործը
արժանի
էր
համակրանքի
։
Անոր
ստեղծած
աւելի
հետաքրքրութիւնը
բարիքն
էր
մեր
գրական
փառքերուն։
Այնպէս,
որ
քառորդ
դար
յետոյ
գործը
այլեւս
մինակ
է,
իր
արժանիքներուն
եւ
թերութեանց
գումարովը։
Կ՚ենթարկեմ
զայն
համառօտ
վերլուծման։
ա.
–
Նիւթը
։
Պատմութիւնն
է
երիտասարդ
վարդապետի
մը
(արմաշական),
որ
1896–ի
ջարդերէն
ետք
վանքի
մը
մէջ
որբերու
դասարանի
մը
տեսուչ
կը
կարգուի,
կը
շփուի
վանքերու
դասական
դէմքերուն
(վանահայր,
վարժապետներ,
տնտեսուհի),
կը
սիրահարի
տնտեսուհին
աղջկան,
մինչ
ծիւրախտը
զգետնած
է
զինք,
ու
կը
ղրկուի
Պոլիս
մեռնելու։
Պարզուկ
սա
յատակագիծը
Չէօկիւրեան
կ՚ենթարկէ
ընդլայնումի,
գտնելու
համար
վէպի
միջակ
ծաւալ
մը։
Ընդլայնումը
պիտի
հայթայթեն
արտաքին
աշխարհի
տեսարաններ,
քանի
մը
գաղափարներ
(սէր,
եկեղեցի,
կուսակրօնութիւն),
մարդերու
պատկերացում,
հայ
մանրանկարչութեան
եւ
ձեռագիրներու
վրայ
ամփոփ
խանդավառութիւն,
ծիւրախտ,
բայց
մանաւանդ
վարդապետին
հոգեբանական
տագնապը,
տնտեսուհիին
աղջկան՝
Շուշանին
մարմնինովը
ծնունդ
առած։
Սա
նիհարութիւնը,
չըսելու
համար
աղքատութիւնը
չեմ
փաթթեր
մատի։
Ամէն
ինչ
կախում
ունի
նիւթ
մը
մշակողին
տարողութենէն։
Թոլսթօ
ամենահասարակ
գիւղացիներէ
յաջողած
է
ահաւոր
ուժգնութեամբ
տրամա
ստեղծել
(La
puissance
des
ténèbres):
Կ՚արձանագրեմ,
սակայն
սա
երկիւղը
նիւթէ
նիհարութեան,
ու
կ՚անցնիմ
ուրիշ
կողմերու։
բ.
–
Տիպարները
։
«
Հերոսը
»
վիպակին
մէջ
ներկայ
խոշոր
իրողութիւնը՝
որուն
համեմատ
երրորդական,
չորրորդական
անձնաւորութիւնները
գեղեցիկ
յաջողութիւններ
էին,
նոյնութեամբ
ի
զօրու
է
դարձեալ
«
Վանքը
»ին
մէջ։
Բացի
վարդապետէն,
որ
աւագ
դերակատարն
է
ու
Անուշէն,
որ
պարտաւոր
էր
անոր
ընկերը
ըլլալ,
միսները,
վանահայր,
կուզ
վարժապետ,
Պոլսէն
ղրկուած
դաստիարակ,
տնտեսուհի
եւայլն
բոլորն
ալ
օժտուած
են
իրաւ
մարդերու
կարելի
ստորոգելիներով
–
բնական,
պարզ,
տիպարային
նոյնիսկ
(ինչպէս
վանահայրը)։
Այնպէս,
որ
ծանրութեան
միւս
կեդրոնը,
գրական
յօրինումին
վաւերական
գահաւորակը
երիտասարդ
հոգեւորականը
կը
մնայ։
Չէօկիւրեան
անոր
ստեղծագործութեան
մէջ
օգտուած
է
/464/անձնական
ապրումին
բարիքէն։
Սեպհական
որբութիւն,
վանական
միջավայրի
անձնական
փորձառութիւն,
տէքոր,
հոգեկան
յարդարանք,
յարաբերական
հարազատութիւնը
բնական
տեսարաններէ
ստանալի
զգայութիւններուն,
իրաւ
շաղն
ու
համը
գիւղի
բնանկարներուն,
այնքան
կոկ,
այնքան
ամուր
շրջագծուած,
նոյնիսկ
հովուերգութեան
վայել
քնքուշ
պատկերներ,
ուր
անասունն
ու
իր
հսկողը
կը
նոյնանան
մեծ
հեղումներուն
խորը
անծիր
դաշտագետիններուն
կամ
կանաչ
կոհակներուն
մէջը
երկնասոյզ
լեռներուն
–
Չէօկիրեանի
գիրքը
պարտական
է
այս
բոլոր
տարրերուն։
Թուումէ
անցած
սա
տարրերը
հեռու
եմ
սակայն
արժեզրկելէ։
Գիտեմ,
թէ
ի՛նչ
որ
առհասարակ
կեանք
(գլխագրեցէ՛ք)
կը
կոչենք,
մեզմէ
շատերուն
համար
չունի,
պիտի
չունենայ
տարբեր
բաղադրութիւն։
Հաշուեյարդա՜րը
մեր
բոլոր
երազներուն
միայն
ծերութեան
դռներուն
չէ
որ
կը
կատարենք։
Այդ
տարրերով
կանգուն
գործ
մը
առնուազն
կը
վա/465/յելէ
պաշտպանութիւնը
սա
միջակ,
բայց
ապահով
ալ
բարիքին։
Այն
ատե՞ն։
Այսինքն
պատմե՞լ
բոլորը,
ինչ
որ
անցել
են
մեր
զգայութեանց
ծոցէն։
Երբե՛ք։
Ատոնցմէ
անդին։
Այսի՞նքն։
Փոխակերպուած
պատկերը
այդ
ամէնուն։
Հոգեղէնին
թուումովը
պայծառակերպումը
այդ
ամէնուն։
Պահ
մը
կը
կեցնեմ
սա
նկատողութիւնները։
Կը
կանչեմ
այդ
Արտակ
վարդապետը,
որ
յոգնած,
ձանձրացած
ըլլալու
է
երկինքէն
ու
կը
հարցնեմ
երիտասարդ
այդ
արմաշականին
(mրուն
մէկ
շատ
յստակ
զգայութիւնն
ալ
կը
կրեմ
ինձմէ
ներս,
տարի
մըն
ալ
ապրած
ըլլալով
Չէօկիւրեանով
ոգեկոչուած
միջավայրին
մէջ,
Տուրինեան
վարդապետին
հմայքին
ընդմէջէն
երանգուած).
–
Վարդապե՛տ,
ի՞նչ
ուզեցիր
պատմել
մեզի
օրագիրովդ
։
Չենք
ներեր
քեզի
տղայամտութիւնը
մարմնական
քու
տագնապանքդ
մեզի
մատուցանելու,
ինչպէս
չենք
ներեր
այդ
մարմնական
տագնապին
հաղորդ
ըլլալու
համար
քեզ
կարդալու։
Նիւթին
եւ
նիւթէն
մեզ
գա/466/լիք
ամէն
ցաւ
մեզ
կը
ձգէ
եթէ
ոչ
անտարբեր,
գէթ
անտրամադիր
ուրիշներու
ցաւին,
մե՜րը
այնքան
իրաւ
ունինք
ամէնքս։
Յետոյ
տարտամօրէն
կը
զգանք,
որ
երկու
հարիւրի
մօտ
քու
էջերդ
չեն
գինը
այդ
տագնապին,
քանի
որ
կնիկի
ցաւը,
տագնապը,
ի
յառաջագունէ,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
քու
վրադ
ողբերգութեան
մը
ընդմէջէն
միայն
կ՚ըլլայ
հանդուրժելի։
Ու
մենք
կը
սպասէինք,
որ
այդ
տկարացումը
խնայէիր
դուն
քեզի,
ուխտած
ըլլալով
օրերը
տրամադրել
բարձունքներու,
ոչ
թե
կնիկները
միշտ
կարելի
վայելքին,
որուն
իրաւունքը
չէ
որ
կ՚ուրացուի
քեզի,
այլ
ատկէ
վճռօրէն
քու
հրաժարմանդ
գեղեցիկ,
առնական
փառքիդ
կը
մնանք
ակնկառոյց։
Ներքին,
հոգեկան
կշի՞ռը
քու
տառապանքիդ,
այդպէս
մատաղատի,
երբ
ինքզինքդ
չվարանեցար
զոհելու
քու
երազիդ։
Եւ
կամ
երկուքը
մէկա՞նց։
Որչափ
գոհ
ըլլայինք
պիտի,
եթէ
երբեք
ըլլայիր
արի,
անկեղծ,
յախուռն՝
ու
ընէիր
պա՛րզ՝
մտահոգութիւնը
այդ
տագնապանքը
մեզ
պատկերելու
իրաւունքը,
խենթեցնող
ու
կործանարար
զգայութիւններու,
զգացումներու,
բռնկումներու,
նահանջներու
ու
յարձակումներու
արտասուայեղց
կամ
երկնաթռիչ
համանուագին
ընդմէջէն,
որ
կիրքին
հանդէսն
է
մեր
խեղճ
ջիղերուն,
ծիւրած
կամ
քարի
պէս
ձիգ,
պիրկ
մկաններուն
հանգոյցին
վրայ,
խորը
այն
նեղ
տունին,
որուն
սիրտ
անունը
կու
տան։
Անշուշտ
պիտի
ներես
մեզի
միամտութիւնը
քու
տառապանքդ
մեզի
վարագուրելու,
քիչ
մը
սոփեստունակ,
սանկ
ու
նանկ
նկատողութեանց
ետին։
Մենք
քեզի
չափ,
եթէ
ոչ
քեզմէ
աւելի,
կը
հասկնանք
զայն,
քու
տառապանքը։
Կը
հասկնանք,
ու
ասիկա
քեզմէ
վեր
գեղեցկութեանց
ալ
կ՚ընենք
արժանի,
մարդկօրէն
ազնիւ
այն
խոնարհութիւնը,
պարկեշտութիւնը,
որով
կը
զիջիս,
քեզի
հետ
հոգեկան
ո՛չ
մէկ
աղերս,
արձագանգ
ունենալու
ճակատագրուած
միսի
կտոր
մը,
գիւղացի
իրաւ
ու
հաստ
աղջիկ
մը
կ՚ընտրես
քեզի
partenaire:
Անշուշտ
հոգիի
ազնուականութիւնը
կը
սիրենք։
Ու
տեղեակ
ենք,
քիչ
մը
աւելի
իրաւ
պայմաններու
ալ
հանդէսին,
որ
կը
պարզուէր,
քու
ուսում
առած
վանքիդ
քուլիսներուն
ետին,
սանկ
գարնան
վերջերուն,
երբ
պոլսական
ամենէն
ընտիր
դասէն,
հաճոյք
ու
արկած
կամ
առնուազն
ճակատագիր,
յապաղած
մանչ
փնտռող
կիներ,
այդ
լռանիստ
վայրերուն
մէջ
վարդագոյն
շղարշի
մը
մէջ
դրած
իրենց
միսերուն
քերթուածը,
կը
պտըտէին
դալկահար
նայուածքներով,
իրենց
ետին
ձգած
թշուառ
բանակը
երիտասարդ
վարդապետներուն,
սարկաւագներուն,
նոյնիսկ
պարման
տիրացուներուն։
Պիտի
զգացինք
քու
նախասիրութիւնդ
նման
պուպրիկի
մը
մասին,
բայց
պիտի
տառապէինք
քու
անկարողութեանդ
հաշւոյն։
/467/
Այդ
կիները,
երկինքէն
չեն
կար
անշուշտ։
Բայց,
ինչպէս
տեսանք
քեզ
յօրինողին
համբակութիւնը,
նման
կիներ
ոտքի
նետելու
(«
Հերոսը
»
վիպակին
կիները),
պիտի
չնուաճուէին
անոնք,
առնուազն
պիտի
մնային
ոչ-իրաւ։
Ատոր
համար
է,
որ
չենք
արհամարհեր
քու
Շուշանդ,
որ
պարզ
է
ու
իրաւ,
հաստ
է
ու
առողջ,
միս
է
ու
անասուն։–
Այսինքն
քիչ
մը
համադրանքը
այն
ախորժանքներուն,
որոնք
մարդոց
միջինին
զգացական
կեդրոնը
կը
կազմեն։
Ասոր
համար
է,
որ
պիտի
այցուինք
ուրիշ
խուլ,
նրբանուշ,
մարմրուք
խռովքներէ,
ձեւին
այն
զգլխիչ
խաղերէն,
որ
կինն
է
երբեմն,
արուեստին
ու
գիտութեան
բոլոր
հեշտութիւնները
իրեն
վարշամակ
ըրած,
երբ
կը
մօտենայ
մեր
ջիղերուն
ու
զանոնք,
դիմացէն,
կարմրած
լարերու
կը
վերածէ,
իր
արցունքին
մէջ
հիւսելով
ինքզինքը
ու
մեր
սիրտը,
«
մէ
փուքըր
նաւի
նըման
»,
ինչպէս
կը
պատկերէ
հանճարային
աշուղը
այդ
կիներուն
սիրոյն
ծովը,
վրան
իր
սի՛րտը՝
նամակ
ու
հեշտանքին
ահաւոր
ցայգաթիթեռները։
Բայց
չենք
խռովիր,
զի
գիտենք,
թէ
ասոնց
հոգին
երբեմն
աւելի
ճիշդ
է
քան
այն
պարզ
ու
համակրելի
բանը,
որ
քու
Շուշանիդ
պարզ
ու
համակրելի
միսերը
կը
պտըտցնէ
քու
աչքերուդ
առջեւ։
Բայց
գիտե՞ս,
թէ
ուղղակի
մեզի
տառապանք
կ՚առթես,
երբ
շուքերու
ետին,
քու
լալահառաչ
թէեւ
սրտայոյզ
թափառումներուդ
վրայ,
անզգայաբար
կը
զբաղեցնես
մեր
համակրանքը,
ուշադրութիւնը,
մեզի
մղելով
տրտում,
ալ
խորհրդածութեանց,
որոնք
ծագում
կ՚առնեն
քու
տղայական
յուզականութենէդ,
երբ
կը
հաւատաս,
թէ
գար
առաջուան
մեր
պաշտամունքը՝
միսէ՛ն,
այսօր
ալ
բաւ
կու
գայ
երեք
հարիւր
էջնոց
վէպ
մը
յագեցնելու։
Պարզ
այդ
պաշտամունքին
սիրոյն
մենք
չենք
հանդուրժեր
այսօր
նոյնիսկ
երեք
էջ,
այնքան
այդ
ամենը
իջած
է
փողոց,
կինը՝
աժան,
աղջիկը՝
սուտ։
Ինչո՞ւ
մոռցար,
ինչ
որ
կարդացիր
հաւանաբար,
այս
դարու
սկիզբը,
ծանր,
ճաղատ,
երկրաքարշ
դատողներու
վճիռներուն
մէջ,
որոնք
մեր
յոգնութիւնը
կը
քանդակեն
Վերթերներէն,
Ռընէներէն,
կնիկներու
փէշին
պտուտքող
այդ
հերոսներին,
երբ
կեանքին
մէկ
շաբաթը,
ամենէն
երջանիկ
արտաքինով
տունի
մը
ներսը,
սա
մեր
օրերուն
տասն
անգամ
աւելի
ողբերգութիւն
է,
արիւն,
ծարաւ,
ո՛չ
թէ
ժում
մը
հացի,
այլ
շատ
աւելի
զարհուրելի
կարօտներու,
պահանջներու։
Քու
թիփէդ
հազար–հազար
երիտասարդ,
սա
տողերը
գրուած
պահուն,
արիւն
ու
թոյն
կը
թքնեն
պատերազմի
դաշտերուն
վրայ
ու
կը
մեռնին
առանց
գիտնալու,
թէ
ինչո՛ւ։
Քու
թիփէդ
ուրիշ
բիւրեր,
ժում
մը
հացին
համար
մտածելէ
կը
մեռնին։
Կը
տեսնես,
որ
վէպին
հանգոյցը
յօրինող
քու
սիրահարութիւնդ
որքա՛ն
մաշած,
անայժմէ,
/468/
հակառակ
հարց
է
այսօր
քեզ
կաշկանդողներէն
մեծ
մասին
համար։
Կը
հետեւինք
քու
Շուշանիդ
իբր
բացարձակ
պարզութիւնը,
գեղջուկ
անասնութիւնը,
որոնք
երբեմն
բարդ
քաղաքակրթութեանց
հեշտանքին
ծոցը
թրծուած
մեր
զգայարանքները
կը
հաճեցնեն,
իբր
բերանփոխ,
դեղթափ,
սանկ՝
բնական
դառնալու
առիթ։
Բայց
չենք
հանդուրժեր
անոր
մունջ,
ստուերային,
դաշտի
անասունին
վայել
մենութիւնը,
օտարութիւնը,
անզբաղութիւնը
այն
ամէնէն,
որոնք
աղջիկներու
կուրծքերուն
տակ
եռ
կու
գան,
թերեւս
նոյն
ուժով,
ճակատագրական
հետեւանքներով,
ինչպէս
կ՚ըլլան
շատ
յաճախ
այդ
փորձանքները
ուրիշ
պայմաններու
աղջկանց
մօտ։
Յետոյ,
ճիշդը
խօսելով,
պիտի
արժեւորէինք
քու
Շուշանիդ
հարազատութիւնը,
բնականութիւնը,
առողջ
անասնութիւնը,
դաշտի,
գիւղի,
թշուառութեան
տղու
մը
հետ,
քով,
ուր
ան
պիտի
համերաշխուէր,
պիտի
կազմէր
բնական,
հարազատ
անդրադարձ
մը
ինչպէս,
պիտի
ըլլար
մէկը
այն
բիւրաւոր
պատկերներէն,
որոնք
աշխարհի
արձակ
հողերուն
վրայ
կ՚աճին,
բուստային
ու
անասնական,
առանց
ժանտ
ախորժակներու,
իրարու
մէջ
իրար
ամբողջացնող
ու
չուզող
աւելին
։
Բայց
քեզի
պէս
մանր
բրդողի
մը
համար,
եթէ
կ՚ուզես
յաւակնոտ
բառը՝
վերլուծողին
համար
–
ես
չեմ
մեղաւոր
քեզի
նման
յաւակնութիւններ
վերագրող,
քու
օրագիրդ
ու
իմացական
փառասիրութեանց
լայնօրէն
բաց
մտքի
մը
վրայ
ստուերային,
գրեթէ
օդ՝
սա
հեղինակութիւնը
մեզի
կը
թուի
ո՛չ
միայն
քիչ
մը
կասկածելի,
այլեւ
բռնազբօս։
Ըսել
կ՚ուզեմ,
արդ
հեղինակութիւնը
սխալած
ես
աւագ
զսպանակ
հանդերձելու
քու
ողբերգութեանդ։
Մեզ
լա՛ւ
հասկցիր։
Արիւնն
ու
մահը,
սէրն
ու
յիմարութիւնը
բացառիկ
դասերու
մենաշնորհը
չեն։
Անոնք
կերպով
որը
նոյնն
են
ամենէն
հարուստ,
ինչպէս
ամենէն
աղքատ
մեղքին
համար
ալ։
Քեզի
պակսածը
այդ
նոյնութիւնը
մեզի
պարտադրելն
է։
Այդ
պարտադրանքը
պիտի
ըլլար
անդիմադրելի,
եթէ
արուեստի
գալու
տեղ,
մարդերէ,
այսինքն
անոնց
արարքներուն
բռնութենէն,
կիկլոնէն
խոյանար
մեր
վրայ
ու
մեզ
տրորէր,
ատեն
չձգելու
չափ
անդրադարձի,
ինքնագիտակցութեան։
Ուրիշ
չէ
կերպը
մեր
աղէտներուն,
երբ
մեզ
կը
զգետնեն
ի
վերջոյ,
ուր
կը
զատուիք
իրարմէ
գիւղացի
տղան
ու
միտքին
սպասարկու
երիտասարդը,
որոնցմէ
մէկն
ես
դուն։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
ազատ
հողին
վրայ
ապրելու
տեղ,
դուն
ենթարկեցիր
քու
մարմինդ
որբանոցային
դպրոցի
մը
հազար
ու
մէկ
զրկանքներուն,
տարիներով,
աշխատեցար
մարձել
քու
ընդոծին
անկատարութիւններդ,
քու
սիրահար,
ազազուն
մարմինդ
հանդերձելու
համար
ընդունարան
բարձրագոյն
երազներու,
ազնուական
յոյզերու,
/469/
սարսուռներու
ու
վայելքներու
վայելքին՝
մեղքին
հեշտութեանց։
Վարդապե՛տ,
սիրելը
ո՛չ
մեղք
է
եւ
ոչ
ամօթ,
ո՛չ
բանաստեղծութիւն
է
եւ
ո՛չ
ալ
ամօթական
տխրութիւն։
Քեզ
գտնել
խռովքին
մէջը
յաւիտենական
զգացումին
(գերմանները
կ՚ըսեն
յաւիտենական
իգականին
)
մեզ
չի
վիրաւորեր,
ինչպէս
պիտի
ընէր
ատիկա
կէս
դար
առաջ
մեր
դատողները։
Բայց
կը
սիրենք
քու
խղճահարութիւնդ,
վարանքներդ,
վախերդ
վարկէդ,
կարգէդ,
ուխտէդ,
որոնք
քու
օրագրիդ
մէջ
թէեւ
տարտամ,
բայց
բաւ
են
քեզ
պաշտպանելու
բոլոր
սոփեստներուն
դատողութենէն։
Բայց
անհանգիստ
ենք
այդ
ամենը
պարուրող
մութէն,
անվճռական
տատանումներէն,
«
ծփական
խռովութիւններէն
»,
ինչպէս
կ՚ըսէ
հազար
տարի
առաջուան
քու
մէկ
կարգակիցդ,
որ,
վստահ
եղիր,
քեզմէ
աւելի
տառապած
ըլլալու
էր
իր
վանքէն
զինքը
պալատ
կանչող
թագաւորներու,
աւելի
ճիշդը՝
թագուհիներու
խուլ
ձգողութեան
մէջ,
երբ
աշխարհի
ամենէն
բանաստեղծական
սիրային
երգը,
«
Երգերուն
երգը
»
կը
ստիպուէր
մեկնաբանելու,
անշուշտ
քար
դնելով
սիրտին,
փոխելու
համար
երգին
հոգին,
բառերուն
մարմինը,
անոնցմէ
ներս
տեղաւորելով
ինչ
որ
ճաղատ
հայրապետներ
ուզէին։
Անհանգիստ
ենք,
օրագրիդ
մէջ
ու
հետ։
Անշուշտ,
երբ
կ՚անցնէ
իր
օրագրիդ
առջեւ,
առած
էիր
սեղանիդ
վրայ,
մասնաւոր
տրամադրութեամբ
մը,
Պոլսէն
քեզի
ղրկուած
գիրք
մը,
«
Դարձը
»
(Լեւոն
Սեղբոսեան)։
Վստահ
եմ,
որ
նեղուեցար
այդ
պատմութենէն
ո՛չ
միայն
վիպումէ,
վերլուծման,
կեանք
պատկերելու
տեղ
աժան
լրագրութիւն
ծախող
տափակութենէն,
այլեւ
ոգիէն։
Վստահ
եմ,
որ
անկեղծ
արհամարհանք
մըն
ալ
սակարկեցիր
այդ
իմաստուն
յիմարին
համար,
յաւիտենական
տիրացուն,
որ
դայեակի
մը
քարոզները
իւղի
նման
կուլ
կու
տայ,
ու
անոր
ախորժակները
–
դայեակները
անսրբագրելի
մեղքեր,
աղտեղութիւններ
–
կ՚ոսկեզօծէ
որպէսզի
հոգին,
իմաստը,
միսէն
վերը
զոհէ
արժանի
ըլլալու
անոյ
ո՛վ
դիտէ
քանի-քանի
ձեռքերէն
բեզիկ-բզիկ
պղծուած
ծոցին,
ամուլ
դայեակէ
մը։
Տխմա՜րը։
Բայց
մի՛
ցաւիր,
վարդապե՛տ։
Ստիպուած
ենք
ըսելու,
որ
ան
կ՚արժէ
քեզմէ
աւելի,
քանի
որ
յիմար
չեղաւ,
քեզի
պէս,
ինքզինք
իր
արեան
մէջ
խեղդելու,
ինչպէս
պիտի
ընես
պատմումիդ
վերջը,
անիմաստ
կեանքիդ
վերջին
gaffe–ը
իբրեւ,
հիւանդանոցի
մը
խորը
երբ
կը
փախիս
աչքերդ
փակելու
ընդմիշտ։
Ու
միշտ
պիտի
նեղուինք,
քեզ
սիրելով
հանդերձ,
արուեստին
համար
քեզ
քիչ
հանդերձուած
զգալնուս։
Պատարագը,
ժամուն
մէջ
կատարածդ,
սովորական
արարողութիւն
մը
չէ։
Արուեստին
համար
ուրիշ
կերպ
պիտի
չըլլար։
Կը
նեղուինք,
թաքնօրէն
կասկածելով,
/470/
ուրիշ
ալ
չենք
ըսեր
հաշիւներէ,
այլ
հաւանականութիւններէ։
Արդեօք
չե՞ս
շահագործեր
գայթակղութեան
հրապոյրը,
երբ
ամբողջ
ողբերգութիւն
մը
փլչի
խեղճ
խաղարկութիւն
դարձնելու
չես
վարանիր։
Կուսակրօնի
հանգամանքդ
երբ
զեղչենք,
Շուշանին
հետ
ու
կապդ
ի՛նչ
հակառակ
իրողութիւն
է
սակայն։
Այն
ատեն
մեզի
կը
մնայ
կասկածիլ
մտադրութեանդ
խոր
ալ
արժէքէն։
Ո՞վ
ես
դուն։
Ֆիզիքդ
կը
պակսի
օրագրիդ
մէջ,
ո՛չ
իբրեւ
նկարագրութիւն,
այլ
այն
կանխապատրաստութիւնը
իբրեւ,
որ
ծիւրախտը
պիտի
ընէր
ո՛չ
թէ
քո
տուածիդ
նման
երկնառաք
աստուածութիւն
մը,
քեզ
եղերական
ընծայելու
կարմիր
ողջակէզին
մէջը
արեան
հեղեղին,
այլ
իբրեւ
բնական
յարդարանք
մը,
կարգ
մը
պայմաններու
պարտադրանքը,
որոնց
տարողութիւնը
դարձեալ
պէտք
է
վերանար
պատահականին
ծանրոցէն,
ըլլալու
համար
այս
ու
այն
խոր
կիրքին,
բռնկումին,
ստորնութեան
կամ
բարութեան
հեռաւոր
անդրադարձ
կացութիւնը։
Ուզողը
չըլլար
այդ
հիւանդը,
անշուշտ
առանց
դիմադրութեան։
Քու
ֆիզիքիդ
վրայ
սա
սթիկմաթները
մեր
օրերու
ցաւին
կային
անպայման։
Չես
մտածած,
որ
անոնք
քեզի
պիտի
ճարէին
ո՛չ
միայն
հոգեբանական,
այլեւ
բնախօսական
հարազատութիւն։
Չես
ալ
լուսաւորած
քու
մեղքդ,
ըսել
կ՚ուզեմ
զայն
լեցնող
քանի
մը
հզօր,
տիրական
գաղափարներուն
վրայ
չունի
ոչ
մէկ
յիշատակութիւն։
Եւ
սակայն
թեթեւ
տղայ
մը
չէիր
դուն։
Կ՚ընես
թափանցիկ
ակնարկութիւններ
քու
ուսուցիչներուդ
վրայ,
որոնք
այս
դարուն
սկիզբը
իմաստ
մըն
էին,
խորհրդանիշ
անձնաւորութիւններ։
Անոնց
առածները
սանկ
ու
նանկ
կը
նետես
էջերուդ,
առանց
խորհելու,
որ
քու
համբակութիւնը
կը
պարզես։
Անշուշտ
միամտութիւն
է
սպասել
ամէն
զինքը
սորվեցնողին
աղօտակի
պատկերը,
մանաւանդ
իմացականին
մէջ:
Բայց
գրել
յաւակնող,
իր
կարգին
սորվեցնելու
հետամուտ
մէկը,
ինչպէս
կը
ներկայացնես
ինքզինքդ,
կերպով
մը
յանձնառութիւն
կը
ստանձնես,
այդ
մարդոց,
քու
ուսուցիչներուդ
տիրական
մտածումները
գոնէ
մեզի
բերելու,
քու
մէջէդ,
մասնաւորուած,
այլացած։
Մենք,
որ
լիապէս
կը
ճանչնանք
սա
մեծ
ուսուցիչներդ,
Տուրինեանն
ու
Օրումեանը,
քու
վրադ
ոչինչ
կը
հաստատենք
զանոնք
յիշեցնող։
Դուն
քու
այդ
միտքդ
կրնայիր
հանդիպած
տեղէդ
ճարել,
այնքան
քիչ
են
այդ
միտքիդ
արժէքները,
այնքան
նուաղ
կնիքը
անոր
վրայ
ո՛չ
թէ
քու
վարդապետներուդ,
այլ
նոյնիսկ
քու
շրջանիդ։
Գիտե՞ս,
որ
1860–ին
քեզի
պէս
երիտասարդ
վանականներ,
առանց
դպրեվանք
աւարտելու,
սպասարկեցին
իրենց
ժողովուրդին,
քու
բոլոր
հանգամանքներուդ
մէջ։
Աւելի՛ն.
երբ
/471/
քեզի
պէս
գրել
փորձեցին,
ատիկա
չեղաւ
արդիւնքը
փէշի
պատմութեան
մը
ճնշումին։
Սրուանձտեանց
վարդապետը
աշխարհ
մը
Հայաստան
ազատեց
հետախաղաղ
կորուստէ։
Ու
դուն,
անկէ
աւելի
պատրաստուած,
իջար
քու
ասպարէզդ։
Յետոյ
դժուար
կը
հաշտուինք
քու
ակնարկութիւններուդ։
Դաս
չեղա՞ն
քեզի
կորանքը,
կործանումը
«
Հայկական
նամականի
»ին
(Մատթեոս
Մամուրեան),
որ
յարգելու
համար
իբր
թէ
դիւրազգածութիւններ,
իր
օրերու
մարդերը
այդպէս
ծածկանունեց,
զրկելով
իր
տողերը
վաւերականին
անկորածանելի
բարիքէն։
Օրմանեանն
ու
Դուրեանը,
քու
օրերուդ,
տակաւին
ողջ,
արդէն
պատմութեան
կը
պատկանէին։
Ու
չխորհեցար,
թէ
քու
զգուշաւորութիւնդ,
անոնց
իրական
անունները
գործածելու,
անոնց
մահէն
ետք
պիտի
վնասէր
անոնց
իսկ
ճանաչումին։
Ըսինք,
թէ
հեռու
ես
անոնց
հասկացողութենէն։
Քու
դէմքիդ
վարկ,
ամրութիւն
(consistance),
հարազատութիւն
ճարելու
համար
չունէիր
իրաւունք
այդ
բարձր
անձնաւորութիւնները
այդպէս
մունջ
վկաներու
վերածելու։
Ահա՛,
թէ
ինչո՞ւ
մենք
դժուարութիւն
կը
զգանք,
այդ
անուններուն
փառքին
մէջէն,
ընդմէջէն,
տեսնել
քու
նիհար,
թշուառ,
անորակելի
իմացականութիւնդ,
որ,
առանց
այդ
յարդարանքին,
հաւանաբար
համակրելի
էր,
համեստ,
առնուազն
հարազատ։
Չես
տուած
քու
անձիդ
հոգեկան
երեսը,
բարեխառնութիւնը,
երբ
պարտքին
տակն
էիր
տեղեակ
ըլլալու
ծանր
վտանգին,
որ
հոգեբանական
վէպերուն
գլխուն
կը
մնայ
կախուած։
Ի
վերջոյ
ընթերցողը
պիտի
կապես
այս
ու
այն
կերպերով,
այս
ու
այն
բաներու։
Հոգեբանական
յօրինումի
մը
համար
էատարրը
հոգիէն
կ՚առնեն
մարդիկ,
որ
սա
տողերուն
վրայ
ամբողջութիւն
մըն
է,
համադրումը
քու
ցեղիդ
բոլոր
խռովքներուն,
երազանքին,
ցաւին
ու
քու
անձնական
ամենանուրբ
յոյզերուն։
Ու
կրկին
հարցումը.
–
Ո՞վ
ես
դուն։
Ո՞ւր
է
քու
միտքը։
Ինչո՞վ
կ՚ապահովես,
պիտի
ապահովես,
քու
հոգեբանական
հարազատութիւնդ։
Ապա՝
հարցումներ,
որոնց
դժուար
է
պատասխան
ճարել
քու
օրագրէն,
որ
անըմբռնելի
զանցառութիւնը
կ՚ընէ
մեր
խոր
անձուկով
սպասած
յայտնումներուն,
սա
ամէնէն,
ու
մեզ
կը
պտըտցընէ
սանկ
ու
նանկ
պատկերներու,
տեսիլներու,
անձերու
ետեւէն,
ընելով
այդ
ամենը
չէզոք
հանդէս
մը։
Ըսի,
թէ
իմացականութիւնը
միշտ
կը
մնայ
համակրելի,
թէկուզ
համեստ,
հերիք
է,
որ
ըլլար
իրաւ,
յատկանշական
։
Ձեռագիրները,
որոնց
վրայ
քու
գուրգուրանքը
քիչիկ
մը
կ՚ոսկեզօծես,
չենք
գիտեր
ինչո՛ւ,
միշտ
կը
շահին
մեր
համակրանքին
մէջ,
ամենէն
համեստ
մեղաց
դպիր,
անարժան
երէց,
տրուպ
յիմաստնոց
իրենց
սխրալի
տարազներուն
ընդմէջէն,
/472/
վասնզի
կեանքն
էին։
Մենք,
քու
օրերուդ,
կը
սիրէինք
հայաստանցի
տէրտէրը,
իր
բովանդակ
տգիտութեան
մէջ,
վասնզի
վստահ
էինք,
թէ
մեր
ժողովուրդի
մէկ
ստուար
մասին
հոգին
էր,
որ
մարմին
կ՚առնէր
այդ
քիչ
բնակուած
ուղեղին
տակը,
ներսը։
Սիրտերուն
ամենէն
ազնիւը,
ոսկին՝
այդ
բոպիկ
ըսուելու
չափ
մերկ
ուղեղներուն
խորը:
Այո՛։
Ու
երբ
կ՚ընենք
փորձը
քու
հոգիիդ
իջնելու,
մեղքիդ
սա
անփառունակ
պատկերը
մեզ
կ՚ընէ
կրկին
վարանոտ,
անհանգիստ։
Ի՞նչ
տրտմութիւն
է,
որ
երկու
հարիւր
էջի
վրայ
մէկ
անգամ
առիթ
չես
ստեղծեր
սա
քու
հոգիդ
մեզի
բերելու,
աղբերացնելու։
Ի՞նչ
բանի
կու
գայ
քու
որբութիւնդ,
այնքան
հսկայ
եղեռնագործութեան
մը
գի՛նը
հաւանաբար,
երբ
աշխարհի
բարիքը
քու
մանուկի
գողտրիկ
զգայարանքներովը
վայելելու
տեղ,
ծծեցիր,
մօրդ
կաթին
հետ
արիւն
ու
արցունք,
այս
աշխարհին
ամենէն
բարձրաստիճան,
անգերազանցելի
չարիք,
մագիստրոսահնար,
ու
եղար
վարդապետ
ի
տառապանս
տակաւին
տասնինը
ձմրան։
Դո՜ւն,
Արտակ
վարդապետ,
հայաստանցի
որբուկին
անունովդ
Մինաս
կամ
Վարդան։
Դուն
ինչե՜ր
չտեսար,
որոնք
չեն
պատմուիր`
ինչե՜ր
չապրեցար,
որոնք
չեն
գրուիր…:
Ո՞ւր,
քու
օրագրիդ
մէջ,
այս
ամէնուն
արձագանգը.
ինչո՞ւ
չես
ստեղծեր
շքեղ
հակադարձ
մը
այդ
ամէնէն։
Ինչո՞ւ
մեզի
չես
բանար
կախարդ
վարագոյրը
զգլխիչ
արարքներու,
երազանքի,
յոյզերու,
որոնց
ընդմէջէն
մենք
զմայլագին
հետեւէինք
քու
հոգիիդ
մաքրուած,
գեղեցկացած,
երկնայնացած
որովհետեւ
տառապանքի
բովքերէն
անցած
–
թռիչքին,
սրտիդ
այնքան
քաղցր,
հայեցի,
անհասելի
զեղումներուն,
որոնք
պուտ-պուտ
ժողովեցիր
հաւանաբար
քուկիններուդ
մեռեալ
պատկերներէն,
քու
այրուած
բոյնիդ
եղեամէն,
քու
արտիդ
ու
այգիիդ
աննկարագրելի
մանանայէն
–
բոլորը
սրտիդ
ճամբովը
իջած
քու
ընկալչութեանդ,
ու
եղած
ՀԱՅՈ՜Ւ
ՍԻՐՏ,
ՀԱՅՈՒ
ԱՐԻՒՆ,
ՀԱՅՈՒ
ԹԱԽԻԾ։
Վարդապե՜տ։
1896–ի
ջարդերուն
որբերը
այս
ամէնն
էին
ու
աւելին։
Անոնք
հերոսները
պիտի
տան
մեր
նոր
նահատակութեան։
Ո՞ւր
է
քու
կեցուածքդ։
Տարիքիդ
լիութիւնը
գտնելէ,
մեղքիդ
զարդարանքը
աւարտելէ,
քու
երիտասարդութեանդ
շէնքը
այդպէս
յօրինելէ
ետք,
ի՞նչ
տուիր
քու
սուղ
կեանքէդ
քու
ժողովուրդիդ։
Ո՞ր
արցունքը
սրբեցիր,
երբ
քեզ
վեղարած
ճամբա
դրին
դէպի
մահուամբ
այրեցաւեր
դաշտերը
քու
հայրենիքիդ,
դէպի
ծով
կարիքները
քու
ժողովուրդիդ,
որ
1900–ին
կ՚ապրէր
իր
պատմութեան
ամենէն
խորունկ
գիշերը,
այն
անորակելի
վիճակը,
որուն
սկիզբն
ու
վերջը
սուսերամերկ
մարդեր
կը
մնային
կանգուն
անոր
շարժումներուն
վերեւ
ու…։
Վարդապե՛տ,
ո՞ր
/473/
տառապանքը
սփոփեցիր
գալէ
առաջ
քու
վանքիդ,
ուր
դիտմամբ,
թէ
առանց
գիտնալու
քեզ
կը
գտնես
քու
մանկութեանդ
չափ
ու
գուցէ
աւելի
թշուառ
երամին
մէջ
որբերու,
բոլորն
ալ
դանակի
ծնունդ,
բոլորն
ալ
անըմբռնելի
լսուելու
չափ
այլացած
մարդկային
տարրական
ստորոգելիներէն,
անօթի,
աղտոտ,
մերկ,
սարսափի
մէջ
խաւարած
ու
սիրոյ
մէջ
չորցած,
ամայի,
բայց
որոնց
մարմնական
ու
հոգեղէն
աւերակոյտին
տակը
թաւալ
կու
գայ
սրբացած
աւիշը
քու
պապերուդ
արիւնին,
որ
պիտի
ծլաւորի,
ծաղկեցնէ
այդ
հրդեհարանը,
աւերաստանը
ու
պիտի
պատսպարէ
կեղն
ու
պալարը
հոգիին
ու
մարմնին։
Քու
օրագիրդ
բոլորովին
լուռ
է
այս
ամէնէն։
Թէեւ
տարօրինակ
փարատոքսով
մը
ըլլար
գինը
այդ
ամէնուն,
վասնզի
քեզ
հեղինակողին
կեանքէն
մենք
գիտենք,
որ
ան
ապրեցաւ
իբրեւ
վաւերական
որբ
այս
ամէնը։
Չենք
ըսեր,
որ
անզգայ,
անոպայ
մէկն
ես։
Ունիս
յուզումի
պահեր,
երբ
կը
պատմես
մեզի
տնտեսուհիին
աղջկան
ստուերին
ետեւէն։
Բայց
որքա՛ն
սովորական
են
այդ
քու
պատմածներդ,
նոյնիսկ
այդ
մարզէն։
Չես
մտած
խորունկ
տագնապանքներու,
այդ
զգացումին
մրրիկներուն,
այն
ահաւոր
վիճակներուն
վերլուծումին,
որոնց
վրայ
գիրքերու
մէջ
իսկ
մենք
կը
սարսափինք,
եւ
որոնք,
գիրքերէն
դուրս,
մարմիններուն
գիրքին
վրայ
մեզ
կ՚ընեն
խենթ,
շատ
անգամ
մեր
կեանքին
վրայ
գրոհ
տալու
աստիճան։
Սա
աշխարհի
երեսին
օրը
քանի՞
մարդ
կ՚երթայ
այդ
զգացման
ճիրաններէն
բզիկ-բզիկ.
ամէն
կարգերէ,
դաշտի
քարի
պէս
առողջ
տղայէն
մինչեւ
թագակիր
վսեմութիւնները,
դերասանուհիներու
ետեւէն,
իրենց
կայսրութիւնները
ոտնահարող։
Ի՞նչ
է
քու
Շուշանիդ
մեր
մէջ
արթնցուցած
գաղջ
զգացումին
անունը։
Ա՞ն՝
որ
մեզ
կ՚առնէ
իր
ալիքին
մէջ
ու
ծեծելէ,
թել–թել
մեզ
բզկտելէ
ետք,
կը
նետէ
գերեզմանի
մը
աստուածառաք
հանգիստին։
Ա՞ն՝
որ
մեր
բոլոր
խելքը
ջուրի,
օճառի
պղպջակի
կը
վերածէ
ու
մեզ
կ՚առաջնորդէ
յիմարանոց,
փակելու
համար
մեր
ուղեղին
սքանչելի
տուփը
մռայլ
խաւարի
մը
մէջ
նետուած
գոհար
մը
ընելէ
ետքը
մեր
մտածումին
սրբազան
հրաշքը։
Վարդապե՛տ,
մենք
այս
բաները
պիտի
ուզէինք,
անշուշտ
ո՛չ
սա
խստութեամբ,
օրէնքներու
կարծր
պարտադրումով,
այլ
այնպէս
ինչպէս
անիկա,
այդ
ամէնուն
հեղինակ
զգացումը
ըրաւ
քու
ներսը։
Ահա՛,
թէ
ինչո՞ւ
չենք
համակրիր,
համակրելով
հանդերձ
քու
Շուշանիդ,
անով
քու
մէջդ
արձակուած
այդ
գազջ,
անօսր,
անբաւարար
կրակին։
Քու
սիրած
պզտիկ
Խաչերդ
անշուշտ
գեղեցիկ
առիթ
մըն
էր
քեզի
համար
հոգի
տեսնելու,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
քու
արտաքին
դիտողութիւնները
քիչ
մը
խորունկէն
քաղելու
աշխատա՛նք՝
որ
քեզ
պիտի
/474/
արժէ
դանդաղ
կեդրոնացում,
իրաւ
խուզարկութիւն,
մանաւանդ
պարկեշտ
համակրութիւն,
քիչիկ
մը
հրաժարիլ
միամիտ
վստահութենէն,
որով
մեծերը
կը
յօրինեն
ու
մանուկներու
հոգեբանութիւն
մը
ընել
կը
կարծեն,
երբ
իրենց
տուածը
ուրիշ
բան
չէ,
եթէ
ոչ
իրենց
մեծի
հոգիին
կտրատումը,
ներկումը,
աղճատումը։
Քու
տուածդ
այդ
պզտիկէն
քանի
մը
ֆիզիք
գիծեր,
անհարազատ
շարժումներ
միայն,
որոնց
ամբողջ
եղերականութիւնը
շահագործելու
(երբ
կը
պառկեցնես
այդ
տղան
հոգեվարքի
մահիճին
մէջ
ու
անոր
զառանցանքները
կը
կարծես
արժեւորել,
անոր
վաւերական
ապրումներուն
իբր
փոխանակագիր)
քու
ձախորդ
եղանակովդ
անգամ
մըն
ալ
կը
վրիպի,
մեզ
խռովելու
սրբազան
մտադրութեանց
մէջ։
Չենք
կասկածիր
քու
զգացումներուդ
երանգէն,
այդ
տղուն
հանդէպ։
Բայց
անհանգիստ
ենք
(դիտեցիր
հարկաւ,
թէ
այս
տարազը
շատ
անգամներ
գործածեցինք
քու
վիճակներուդ
նկարագիրը
բառերու
տակ
ձգելու
մեր
փորձին
մէջ։
Անիկա
մեզմէ
չէ
որ
կու
գայ,
այլ
արդիւնք
է
կեանքը
տալու
քո
իսկ
անբաւարար
կերպին,
որով
փոխանակ
մեզ
նուաճելու,
քու
տուածիդ
անառարկելի
ստուգութեամբը,
մեզ
կը
մղես
այս
ու
այն
վերապահումին,
այս
ու
այն
անախորժ
զգուշաւորութեանց),
ինչպէս
կը
պատահի
մեզ
դիտել
մեր
մէջ
այդ
վիճակը,
ամէն
անգամ
մը
կը
հաստատենք
կիսամիջոցներ,
եզրերէն
մարդերը
դատելու
ատեն,
երբ
մեզի
չեն
տրամադրուած
մեր
դատաստանը
գոհացնող
անհրաժեշտ,
առնուազն
բաւարար
փաստաթուղթեր։
Սխալին
ուրուականը
մեզ
կը
մօտենայ
ու
կը
խռովէ։
Յետոյ,
կրնա՞նք
գիտնալ,
թէ
ի՞նչ
կարիք
կար
սա
պզտիկին
տաժանագին
հոգեվարքին,
երբ
ատիկա
ծնունդը
չէր
քու
վէպիդ
պայմաններուն։
Մի՛
ապաստանիր
իրականութեան։
Կրնաս
վաւերական
պատահումը,
ականատեսի
վկայութիւնները
արժեւորել
աշխատիլ,
ըսել
մեզի,
թէ
քու
ականջներովդ
ես
լսած
այդ
ամբողջ
զառանցանքը։
Բայց
ո՞վ
ըսաւ,
թէ
մեր
բոլոր
տեսածները,
լսածները
ըլլանք
արտօնուած
արուեստի
մասնաւոր
գործի
մը
մէջ
անպատճառ
արժեւորելու։
Տղա՜ս,
արուեստը
ընտրութիւն
է
ըսեր
են,
արուեստը
զեղչել
գիտնալն
է
ըսեր
են
ու
իրաւունք
ունին
այդ
պատուական
մարդերը։
Այլապէս,
աշխարհի
մէջ
պատահող
մէկ
օրուան
ողբերգութիւնները
արձանագրելու
համար
քիչ
պիտի
գային
բոլոր
գրողները,
գրամեքենաները։
Այն
ատե՞ն։
Արցունքի
սիրոյն
արցո՞ւնքը:
Բայց
մեզի
խնայելու
էիր
այդ
անտեղի,
աւելորդ
ռոմանթիզմը,
երբ
աւելի
քան
գիտէիր,
թէ
«
Մեր
աչքերը
ծով-ծով
լացէն
»
ցամքեր
են։
Ինչպէ՞ս
արժեւորել
քու
օրագրիդ
մէջ
գոյութիւնը
քու
տառապանքիդ
հետ
որեւէ
աղերս
չներկա/475/յացնող
ուրիշ
ալ
իրողութիւններու։
Ինչո՞ւ
չզգացիր,
որ
պատուական
կաղ
վարժապետիդ
տիպարը
չէր
կրնար
այդքան
մասնաւորուիլ,
ձեռագիրներու,
մանրանկարչական
իրաւ
սիրոյ
մը,
տարփանքի
մը
լուսապատկերին
ընդմէջէն։
Այդ
քովնտի
հետաքրքրութիւնդ
սակայն
ուրիշ
պահանջներու
դուռ
կը
բանայ
մեր
մէջ։
Մեզի
քիչ,
չըսելու
համար
ոչինչ
ես
զիջած
քու
մտքիդ
պատմութենէն,
որ
պիտի
կրնար
մեզի
համար
միջին
պատկեր
մը
թելադրել,
այս
դարու
սկիզբը
քսանամենի
երիտասարդներուն
իմացական
տարողութենէն։
Քու
դաստիարակներդ
(Օրումեանն
ու
Տուրինեանը),
երբ
ուղղագրուին,
մեզի
կու
տան
Օրմանեանն
ու
Դուրեանը։
Չենք
քննադատեր
այդ
մարդերը,
կը
գոյանանք
միայն
հոս
հաստատելով,
որ
անոնք,
իրենց
հասկցած
ձեւով
իմացական
աշխարհ
մը
յօրինած
էին,
իրենց
յատուկ,
ու
իրենց
ուժերուն,
շնորհներուն
լաւագոյնը
յատկացուցած
այդ
յօրինումին։
Իրենք
կը
խորհրդանշէին
մեր
ժողովուրդին
մէկ
պահը,
մեր
մեղքին
մէկ
կերպը,
մեր
պատմութեան
մէկ
մտատեսիլը։
Անոնց
տաղանդը
չէր
անշուշտ
հեղինակը
սա
ճարտարապետութեան։
Անոնք
անձանձիր
աշխատանքին
հերոսները
եղան։
Դուն
ո՛չ
մէկ
բան
ունիս
քու
աշխատանքէդ։
Դուն
չես
նուաճած
քու
վեղարովդ
մեզի
գալիք
խորհուրդը
անդամ։
Դուն
ի՞նչ
կը
մտածես
սա
աշխարհին
վրայ,
քու
ժողովուրդիդ
վրայ,
անոր
գրականութեանը,
անոր
երազներուն
ու
անոր
անցեալին
վրայ։
Ասոնք
դուրս
չեն
քու
մտքէդ,
որ
վերլուծման
գործիք
մըն
է։
Այս
նիւթերը
առնուազն
աւելի
կ՚արժեն
քան
գիւղացի
աղջկան
մը
մսեղէն
խռովքը,
քան
հովուերգական
քնքշութիւնները
քեզ
շրջապատող
դուրսի
տեսարաններուն։
Յետոյ,
վէպդ
վերլուծական,
հոգեբանական
աշխատութիւն
մըն
է,
ոչ
թե
իր
ձեւին
մէջ։
Ինչո՞ւ
չես
կրնար
մտքիդ
տարողութիւնը
կերպարանքի
տակ
ձգել։
Այդ
թուականներուն,
այսինքն
այս
դարու
սկիզբը,
քու
ժողովուրդը
ունէր
քաղաքականութիւն
մը,
գրականութիւն
մը,
երազներու
ամբողջ
դրութիւն
մը,
ծով
իր
մեռելներուն
սուգը
ու
հսկայ
հոգեվարք
մը,
այնքան
անողոք
սառնութեամբ
մը
մեզ
տախտապարող
հալածանքը
մեր
թշնամիին։
Ունէր,
ատկէ
անդին,
այդ
կեանքի
եւ
մահուան
հարցին
ալ
շատ
պայծառ
մտատեսութիւնը։
Քու
վէպիդ
մէջ
–
վերլուծումը
մեղքին
տարրերուն
պարզումն
է
–
այս
ամէնէն
ո՛չ
մէկ
նշմար։
Քու
վանքը
Հայաստանի
մէջ
կը
դնես։
Եւ
սակայն
այդ
վայրանկարները,
որոնք
գիրքիդ
մէջ
այնքան
առատ
են,
յոգնեցնելու
աստիճան,
կրնան
պատշաճիլ
աշխարհի
որեւէ
մէկ
մասին։
Անշուշտ
որ
լիճը
լիճ
է,
լեռը
լեռ,
դաշտը
դաշտ,
սա
ցամաքներուն
վրայ
երբ
կը
յօրինեն
իրենք
զիրենք։
Բայց
/476/
Կարնոյ
նահանգը,
Փոքր
Հայքը,
Այրարատեան
բնանկարը
իրենք
իրենց
մէջ
անվերածելի
ամբողջներ
են
ու
չունին
իրենց
նմանը
ո՛չ
Զուիցերիա,
ո՛չ
Ասիա,
ո՛չ
ալ
Ափրիկէ։
Մենք
պիտի
ուզէինք
մեր
երկրին
դիմագիծը,
անձնացած,
իւրակերպ
ու
իրաւ,
ինչպէս
մեզի
կը
տրուի
զգալ
այս
ոճը
մեր
հողերուն,
մեր
ուրիշ
գրողներու
գործին
մէջ։
Այս
վրիպանքը
աժան
վճիռ
մը
չէ
քու
շնորհներուդ
համար։
Քու
գիրքէդ
չ՚ելլեր
Հայաստանի
ո՛չ
իսկ
ուրուագիծը։
Շա՞տ
պահանջել
պիտի
նշանակէր,
երբ
փնտռէինք
նաեւ
այդ
հողերուն
հոգին,
վասնզի
ունի՛ն
անոնք
հոգի
մը։
Ինչո՞ւ
չես
մտածեր,
որ
վանքերը
առանձնարաններ
են,
բայց
առանձնութիւն
չեն,
կ՚ախորժէին
ամայքներէ,
բայց
հանգոյցներն
են
ժողովուրդին
հոգեկան
դրութեան։
Անոնք
կառուցուած
են
համաձայն
մեր
հոգեղէն
ճարտարապետութեան
ցուցմունքներուն։
Անոնք
մեր
ժողովուրդին
յանգման
կէտերն
են,
ու
առանց
այդ
ժողովուրդին
ոգեղէն
կամ
մարմնեղէն
ներկայութեան,
կը
դադրին
իրենց
իմաստէն։
Քու
ժողովուրդդ
հիմնովին
կը
պակսի
քու
գիրքէդ։
Անկէ
առած
քու
մարդերդ
իրաւ
են,
բայց
չեն
այդ
ժողովուրդը։
Ասիկա
չհասկնալը
պիտի
չներենք
քեզի։
Վանքին
մէջ
կ՚ապրիս
ու
չես
փորձուիր
ստեղծելէ
(եթէ
երբեք
իրականութիւնը
քեզի
պիտի
չտար
առիթը
այդ
ժողովուրդը
տեսնելու,
իր
վանքին
օրը
տօնախմբելու
համար
գունդագունդ
հոն
խուժելու
épique
խռովքին
մէջ)
օրը,
շաբաթը,
ուր,
հակառակ
իր
հոգին
զարնող
հսկայ
ցաւերուն,
այդ
ժողովուրդը
իր
աւանակովը
կամ
կռնակովը
պիտի
բերէր
իր
զաւակները,
այդ
վանքիդ
օրհնուած
թէեւ
փլփլուկ
պատերէն
ներս,
իր
հաւատքին,
լոյսին
ու
հոգեկան
քաջութեան
դարաւոր
պատրաստումը
կրկին
առնելու,
ապրելու
Աստուծոյ
հետ
ու
մէջ,
ինչպէս
էին
ապրել
իր
նախնիքը
ու
դիմացեր։
Թերեւս
Արմաշ
քու
տեսած
զզուելի
պատկերները
նման
հանդիսանքներէ
քեզի
սարսափ
են
ազդած։
Բայց
գրագէտ
մը
լրագրող
մը
չէ։
Գրագէտ
մը
արարքներէն
վար,
սեր,
անդին
կը
նայի,
պարտաւոր
է
նայել
ու
մարդկօրէն
կը
կենայ
գարշանքին
ինչպէս
վսեմ
զոհաբերման
դիմաց։
Կեանքը
խառնուրդն
է
միշտ
սա
իրար
հերքող
վիճակներուն։
Ու
գրականութիւնը՝
անդրադարձը
այդ
կեանքին։
Միամի՜տ,
որ
վանքերուն
մէջ
կարելի
զեղծումները,
անառակութիւնները
մաքրակրօնի
մը
հոգիով
կը
դատես։
Ու
կը
խնայես
մեր
վայելումին,
հիացումին,
առնուազն
հաղորդումին
սա
ժողովրդական
ապրումները,
այնքան
իրաւ,
պարզ,
նորոգիչ,
քու
պոլսեցիի
հոգիդ
համար
(դժբախտութիւն
է,
որ
վրայ
տուած
ես
քու
բնիկ,
հայեցի
տարրդ,
քու
դաստիարակութեանդ
մէջ,
այդ
Պոլիսին
ու
քաղքցի
ես
դարձեր)։
Ժո/477/ղովուրդիդ
պակասը
կը
ծանրանայ
նաեւ
պակասովը
քու
իրական
անձիդ,
քու
վէպիդ։
Ի՞նչ
են
քու
վկայութիւններդ
այն
ամէնէն,
որոնք
շրջանի
մը
նիւթն
ու
հոգին
կը
համադրեն։
Ինչո՞ւ
գրեցիր
օրագիրդ,
եթէ
երբեք
ան
կեանքին
ու
միտքին
սա
բացառիկ
կողմերը,
խորքերը
լուսաւորելու
պիտի
չծառայէր։
Ի՞նչ
էր
ծրագիրը,
երբ
գրիչը
ձեռք
առիր։
Պատմե՞լ
մեզի
քու
հիւանդութիւնդ։
Բայց
տղայութիւն
էր
մեզ
շահիլ
քու
դատիդ,
երբ
գիտենք,
որ
քու
հիւանդութեանդ
մէջ,
քեզմէ
զատ
ոչ
ոք
կը
մնայ
պատասխանատու,
քանի
որ
անիկա
գինն
է
մեզի
անծանօթ
ազդակներու։
Չենք
կրնար
զայն
տեսնել
արդիւնք
զրկանքի։
Քու
ուտելիքդ
գէշ
աղէկ,
մանաւանդ
սա
առողջ
բնութեան
մէջ,
քեզ
պիտի
պաշտպանէր
այդ
հիւանդութենէն,
որ
գինն
է,
ամենէն
շատ՝
գէշ
ու
քիչ
կերուած
սնունդի
բաժինի
մը։
Որքա՜ն
ծիծաղելի
ես,
երբ
կ՚աճապարես,
ուրիշներու
բերնով,
զքեզ
Պոլիս
նետել
ու
համազօր
էր
քեզ
մահուան
ղրկելու։
Աղջիկի
մը
հեռացումը
քու
անմիջական
շրջապատէն
(արդէն
անոր
նշանուիլը
սկիզբ
մըն
էր
քու
փրկութեանդ)
քեզ
պիտի
բերէր
առնուազն
մարմնական
քու
առողջացումը,
այդ
խաղաղ,
մաքուր
միջավայրը,
զոր
եւրոպացիները
մեծ
բառով
մկրտած
են
սանաթորիոմը
հիւծախտաւորներուն։
Հազարներու
համար
այդ
պայմանները
սանձումը
եղան
ախտին։
Չենք
գիտեր,
ի՞նչ
է
շահդ,
այդպէս
գահավիժելու
հիւանդութեանդ
գնացքը։
Երիտասարդութիւնդ
զօրաւոր
պաշտպանութիւն
մըն
էր։
Ու
քիչիկ
մը
խելք
բաւ
էր
քեզ
պահելու
քու
սպասիդ
մէջ։
Գիտենք,
որ
«
երկնքի
հիւանդութեան
»
կը
վազես։
Բայց
չենք
գոհանար
վազքդ
հաստատելով։
Մեզի
պակսածը
միշտ
փաստերն
են
այդ
վազքը
հասկնալի
ընող։
Քու
անձիդ
շուրջը
ցաւէն
ճարուելիք
սա
արգահատանքը
ի՛նչ
բանի
պետք
պիտի
գար,
երբ
վստահաբար
համոզուած
ես,
որ,
իբրեւ
եկեղեցական
դիակի
մը
ճակատագիրը,
քանի
մը
դամբանականով
ամենէն
շատը,
իջնելն
է
անվերադարձ,
իր
փոսը։
Չենք
նեղեր
քեզ,
պահանջելով
հաշիւը
քու
տարտղնումիդ,
օրագիրդ
վերէն
վար
կործանող։
Միտքիդ
նուաղ
պատկերը
միշտ
կը
ճնշէ
մեր
համակրանքին
աճումին։
Յետոյ,
կը
գիտակցի՞ս,
թէ
ամէն
րոպէ
գրեթէ
կը
մոռնանք
քու
ցաւդ,
որ
իրական
է
սակայն։
Դուն
կը
տառապիս,
առանց
կարողանալու
մեզ
հաղորդ
ընել
այդ
ցաւիդ։
Ծրագրիդ
էջերը
ամենէն
սովորական,
առօրեայ
դիտողութիւններով
չես
վախնար
ծանրաբեռնելէ
ու
կը
զլանաս
քու
հոգեբանական
անձնաւորութեանդ
շուրջ
այն
ամուր
ու
խոր
վկայութիւնները,
որոնք
մեզ
պիտի
նուաճէին։
Այս
անփորձութիւնդ
է
պատճառ,
որ
մեր
մէջ
ցրուի
շահագրգռութիւնը
քու
զգացական
վիճակներուդ։
/478/
Պզտիկ
շրջանակէդ
խեղճ
ու
պատառ
իրողութիւններ
կը
գրաւեն
քեզ,
ու
ստիպուած
ենք
մենք
ալ
հանդուրժել
այլ
անկշիռ
իրողութեանց։
Քու
հարիւրաւոր
էջերուդ
մէջ
ինչո՞ւ
չես
տար
մեզի
լիակատար
պահ
մը
քու
ներսէդ,
արցունք
կամ
հաճոյք,
խռովք
կամ
սլացք,
բայց
տաս
մեզ
կշտացնելու
չափ
առատ։
Ինչպէ՞ս
չես
տառապիր
սա
կտոր-բրդուճ
իրողութեանց
թափօրէն,
որոնք
գլուխնին
առած
կը
թափառին
քու
էջերուդ
վրայ,
իրենք
իրենց
հաշւոյն,
քեզի
անօգուտ,
մեզի
տաղտկալի
մանրամասնութիւններու
մանրամասնութիւններ
իբրեւ։
Ու
երանելի
միամտութեամբ
մը
կը
կործանես
գիրքդ,
որուն
ամենէն
անքաւելի
մեղքը
զանցումն
է
արուեստի
տիրական
օրէնքին,
միութեան,
երեւոյթներու
խոշորութեան
դէմ՝
ստեղծագործ
պայքարը
մէկը
գտնելու,
մէկը
ընելու:
Պէտք
կա՞յ,
կրկնելու,
թէ
ամէն
էջի
մեղանչած
ես
այդ
օրենքին
դէմ։
Ու
զանցումներ
կան,
որ
չեն
կրնար
անցնիլ
անպատիժ։
Ահա՛,
թէ
ինչո՞ւ
քու
Շուշանիդ
փարթամ
անասնութեամբը,
միսութեամբը,
անզգած
ցրտութեամբը
մինչ
կը
կարծես,
թէ
կը
զգուշանաս
սանթիմանթալիզմէ,
զգացական
տարրը
էժան
կերպով
շահագործելէ,
պատրանքին
մէջը
խորամուխ՝
արուեստին
ախորժած
ճշմարտանմանութեան,
ժուժկալութեան
շնորհներուն
սպասարկելէ,
իրականին
մէջ
կը
հասնիս
հակադիր
վտանգին,
անյարիր
պատկերին,
երբ
այդ
նոյն
էժան
զգացականին
սիրոյն
Խաչեր
մը
ողջակէզի
կը
տրամադրես,
մեզմէ
արցունք
խլելու
տրտում
փառասիրութեամբ։
Գիրքիդ
բոլոր
մասերը
այսպէս
կ՚ենթարկես
մէկ
ու
նոյն
աղօտացման,
երբ
անոնց
սիլուէթները
յաջողակի
գծագրելէ
ետք,
կը
մնաս
անճարակ
զանոնք
իրագործելու
քու
ցաւիդ,
երազներուդ,
խորհուրդիդ
լուսաւորման։
Հոգեբանութիւնը
ուրիշ
իմաստ
չունի
արուեստի
մարզին
վրայ։
Գոհ
ենք
քու
աչքերէդ
ամէն
անգամ,
որ
զանոնք
կը
սեւեռես
քու
շրջապատիդ,
օդին,
եղանակին,
համեմատ
կերպարանք
փոխող
պատկերաշարքին,
որոնք
անշուշտ
պանդոյրներուն
ենթադրած
անզգած
բաները
չեն,
մայր
բնութեան
մեզի
համար
գոց
արգանդէն
դուրս
արձակուած։
Անոնք
ունին
հոգի
մը,
այսինքն
զանոնք
տեսնող
հոգիէն
ալ
մասնիկ
մը։
Կ՚ախորժիս
փափուկ,
գողտր,
քաղցր
բաներէ։
Կը
տեսնես
արագ
ու
կտրուկ,
հիմնական
գիծին
տիրապետմամբը։
Ու
կը
խնայես
մեզի
քու
շնորհիւ
մահացու
ձանձրոյթը
էջերով
նկարագրութեան
։
Չես
տեսներ
մանաւանդ
սովորական,
տափակ,
միլիոններու
կողմէ
լլկուած
հեշտանքները,
որոնք
այդ
ծերունի
մայրիկը,
Բնութի՜ւնը,
սիրողներուն
մենաշնորհն
էին
քեզմէ
առաջ
ու
չափով
մըն
ալ
քու
օրերում։
Անշուշտ
հմայքին
մէջն
էիր
արձակ
քերթուածին
փառքին։
Պատիւ
/479/
է
քեզի,
որ
գիրքը
ազատած
ես
այդ
յիմարութենէն։
Քու
արտաքին
աշխարհը,
մանաւանդ
գիրքի
առաջին
գլուխներուն
մէջ,
համակրելի
է
ու
կենդանի։
Բայց
կը
ստեղծէ
քեզի
համար
դժնդակ
հարցու
մը.
–
Ինչո՞ւ
չես
գործածեր
նոյն
նայուածքը
ներքին
աշխարհին
համար,
որ
մինակն
է
գործերը
փրկող,
որուն
նպատակներ
են
բոլոր
դուրսէն
տարրերը։
Ու
մեզի
կու
տաս
մտածումը
քու
արուեստի
հասկացողութեանդ,
երբ
կը
փորձես
նկարչական
այդ
զուսպ
նայուածքը
հոգեղէնին
ալ
նուաճումին։
Անկարողութի՞ւն՝
հոգեկան
վիճակներու
հանդէպ
սա՛
ժուժկալութիւնը,
թէ՝
յաճախանքը
մեթոտիդ։
Ի՞նչ
գիտնանք։
Թերեւս
կը
փորձուիս
առարկել
մեր
պահանջներուն,
քու
անձերուդ
հողեղէն
աղքատութիւնը,
իմացական
համեստութիւնը
ու
ասոնց
պարտադրած
համառօտագրութիւնը
արժեւորելով։
Ի՞նչպէս
խորանալ,
պիտի
ջանայիր
փաստել,
հոգիին
ու
մտքին
մէջը
մարդոց,
որոնք
վանահայր,
տնտեսուհի,
կաղ
վարժապետ,
միւսիւ
Աղեքսանդր
եւայլն
կը
կոչուին,
այսինքն
սանկ
ու
նանկ
մարդեր։
Բայց
Աստուծոյ
այս
կարճառօտ
(sommaire)
հոգեկանութիւնը
պատճառ
մը
չէր
կրնար
կազմել
մանաւանդ
քու
հոգեկանութեանդ
«
յաւելեալ
եւ
ճոխացեալ
»
հեղումին։
Յետոյ,
ինչո՞ւ
չես
մտածեր
որ
կեանքը,
թէկուզ
իր
խոնարհագոյն
ձեւերուն
մէջ՝
անհունն
է,
քանի
որ
այդ
անհունութիւնը
գրեթէ
միշտ
զգալի
է
մարդոց
բոլորին
համար։
Քու
ամենէն
անկշիռ
անձնաւորութիւնդ,
տնտեսուհին
անգամ
անհաղորդ
չէր
այդ
հոգեվիճակին։
Մարդերու
յօրինման
մէջ
սա
զանցառութիւնները
աստիճան
մը
պիտի
ըլլային
արժանի
չքմեղացման,
եթէ
երբեք
բաւարար
լրջութեամբ,
համակրանքով
հաճած
ըլլայիր
տեսնել
դուն
քեզ:
Այն
ատեն
պիտի
գտնէիր,
որ
դուն
մէկն
էիր
այս
ժողովուրդին
բիւրաւոր
զաւակներէն։
Կու
գայիր
մարդկօրէն
ամենէն
սրտառուչ,
ողբերգական
պայմաններուն
դժոխքէն։
Մինակ
քու
որբութեանդ
լրիւ
պատկերացումը,
ջարդերուն
մէջ
ու
անոնցմէ
վերջ
անօթութեան
ու
անտուն,
անտիրական
թափառումին
արհաւիրքներուն
ընդմէջէն,
բաւ
էր
քու
գոյութիւնդ
ընդմիշտ
արդարացնելու։
Մեր
գրականութեան
մէջ
որբութիւնը
կը
պակսի,
հակառակ
անոր,
որ
գրողները,
գոնէ
քու
շրջանիդ,
որբերէ,
որբանոցներէ
recruter
եղած
են։
Ու
գիրքիդ
մէջ
ամենէն
ծանր
տարրը
դարձեալ
կու
գայ
այդ
խաւէն։
Անշուշտ
ծիծաղելի
չես
ըրած
այդ
սրբազան
թշուառութիւնը,
որբութիւնը։
Բայց
անկշիռ
զանգուածի
մը
վերածեր
ես,
ինչ
որ
ի
վիճակի
էր
քեզի
հայթայթելու
ամենէն
մաքուր
փաթեթիքը
։
Ըրինք
Խաչերիդ
հոգեվարքին
մասին
իմ
դիտողութիւնները։
Կը
շարունակենք
զբաղվել
բոլոր
այն
խոր
ու
իրաւ
վիճակներով,
որոնք
անջնջելի
կը
մնան
մեր
/480/
ամէնուն
ներսը,
հոն
քարացած
ըլլալով
կեանքին
դանդաղ
յաւելումներովը։
Դուն
անցած
ես
քու
եկեղեցիիդ
բանաստեղծութեան
ծովէն,
քու
հայրերուդ,
տառապանքին
տապանակը
իբրեւ,
առեր՝
ինչ
որ
ժամանակը
կը
դնէ
ամէն
մարդու
ջիղերուն
հասողութեան,
զգացեր՝
ինչ
որ
այս
դարուն
սկիզբը
ամէն
հայու
հոգի
զզաց
կեանքին
բոլոր
կրակներէն,
արիւնէն,
կարկուտէն։
Բայց
գնովը
հրաշքին,
որուն
անունն
է
դարձեալ
կեանք.
դուն
հասար
սա
աշխարհին
մէջ
միակ
կարելի,
միակ
իրական
դրախտին
–
քու
երիտասարդութեանդ,
տարիքին՝
որ
մենք
վեր
ենք
մարդէն,
աշխարհէն,
նոյնիսկ
տիեզերքէն,
այնքան
խորունկ
է
մեր
պատրանքը
մեր
մարմնին
ուժէն,
մեր
բազուկներուն
կարկինէն
ու
մեր
սրտին
ընկալչութենէն։
Զրկանք,
յուսախաբութին,
հիւանդութիւն
կրնան
գրոհ
տալ
այդ
զմայլելի
հրաշքին
վրայ։
Անիկա
միշտ
յաղթական
դուրս
կու
գայ։
Դուն
մի՛
մտաբերեր
փաստը
մեր
վաղամեռ
քերթողներուն,
որոնք,
քսանամենի,
քու
ցաւովդ
իջան
գերեզման։
Ու
անոնք
մեռան,
որովհետեւ
ա՛յդ
կ՚ուզէին։
Մեռան,
որովհետեւ
յուսահատներ
էին։
Անոնց
պակսածը
կամքն
էր
կեանքին,
զայն
արժեզրկելու
վայրկեանը
(ամէնքս
ալ
ունինք
այդ
պակասը)
այսպէս
մշտնջենաւորելով
միամտաբար։
Գիրքիդ
մեծագոյն
մէկ
պակասն
ալ
պակասն
է
պատմութեանը
այդ
կամքիդ
նաւաբեկման։
Ատոր
համար
է,
որ
կը
դժկամինք
հետեւիլ
քեզի,
երբ
այնքան
կ՚աճապարես
ինքզինքդ
դագաղ
դնելու,
ո՛չ
նման
բանէ
մը
վախնալնուս,
այլ
ժամանակի
հաշիւներով։
Մեր
կողմերը,
գիւղերը,
հինգը
անցնող
տղան
գրողէն
չէր
վախնար։
Ու
ամէն
որբ,
որ
քսանին
ու
երեսունին
մէջտեղուանքը
կը
կքի
կեանքին
բեռէն,
սխալ
չըլլար
կամքի
զոհ
մը
ընդունիլ։
…
Որո՞ւ
կը
բողոքես,
երբ
քու
վաղաշէջ
երիտասարդութիւնդ
հիւանդանոց
ու
անկէ ...
երկինք
կ՚ուղարկես։
Էջերով
պիտի
կրնայինք
հետդ
բառ
աղալ,
վարդապե՛տ։
Բայց
վստա՛հ
եղիր,
որ
մեզ
պիտի
չհամոզէիր
ընդունիլ
աւելորդ,
անպատրաստ
սա
քու
մեկնումդ
մեր
աշխարհէն։
Մեռնիլը
ա՛յն
միակ
բանն
է,
սակայն,
որ
ապացոյցի
պէտք
չունի։
Ու
ատով
հանդերձ,
օրագիրի
մը
մէջ
անիկա
պատրաստ
է
ինքզինքը
արդարացնել։
Գիտենք,
որ
քիչ
մը
երկարած
է
քննականը,
բայց
չէ
սպառած
փոքր
մասն
իսկ
մեր
դիտողութեանց
քու
օրագրիդ
թելադրած
հարցերուն
շուրջ։
Մեզի
համար
քու
գիրքդ
լուրջ
վկայութիւն
մըն
էր.
ու
իբր
այդ
պարտքին
տակը՝
մեզ
գոհացումներ
բերելու
առնուազն
այն
երիտասարդութեան
ներքին
կառոյցէն,
տագնապանքին
նկարագիրներէն,
վաւերագրական
ու
ցեղին
հոգեղէն
դիմագծութիւնը
դարէ
դար
կերպադրող։
Ի՞նչ
գիտնայիր,
թէ
այդ
երիտասարդութիւնը
պիտի
երթար
քեզմէ
աւելի
զար/481/հուրագին
մահուան
մը։
Անոնք,
որ
քեզի
հետ
կարգ
առին
մեր
եկեղեցիին
մէջ
ու
ապրեցան
քեզմէ
վերջ,
թերեւս
քեզի
երանի
կու
տան
հիմա,
երբ
երկինքին
մէկ
անկիւնը,
իրենց
կտրուած
գլուխները
կը
դնեն
իրենց
առջեւ
ու
կ՚ապրին,
հաւանաբար
քէն
ըրած
այդ
երկինքներուն
Տիրոջը,
որուն
հրամանովը
անշուշտ
հոս
ողջ–ողջ
թաղուեցան,
կամ
խաչ
ելան
եւ
կամ
բզիկ–բզիկ
գզուեցան
անարգ,
վայրենի
ձեռքերէ…
ի
փառս
Էին
…:
Վստած
ենք,
թէ
մեր
բոլոր
նկատումները
քեզի
համար
ջուրի
ձայն
կու
գան։
Թէ
դժուար,
անկարելի
էր
քեզ
տարհամոզել
արժէքէն
քու
խանդիդ,
որով
չես
վարանիր
մարդեր
ստեղծել,
անոնց
վրայով
մեզի
բերելու
քու
նախասիրութիւններդ
(ձեռագրի,
մանրանկարի,
գոյնի
հարցերը
քեզ
յօրինողին
կեանքին
մէջ
հզօր
յոյզեր
էին)
ու
արժեւորելու
զանոնք,
տեղի
կամ
անտեղի։
Վստահ
ենք,
թէ
սրտի
յամառիս
պարզ
ու
բնական
արժէքին
պատմութեանը
քու
տարփանքիդ,
որ
մեզի
համար
սովորական
է
ու
միամիտ։
Երբ
կնոջ
մը
ձեռքին
հպումը
քեզի
կը
ձգէ
սարսուռի
մէջ,
մեզի
համար
անոր
ամբողջ
մարմինը
անբաւական
կու
գայ
այսօր
պուտ
մը
ազնիւ
սարսուռ
արժելու։
Մելամաղձոտ,
եթէ
ոչ
հպարտ
ժպիտով
մը
պիտի
պաշտպանէ
իր
հոգեկան
կուսութեանդ
հրաշքը
ու
պիտի
մերժէիր
զայրոյթով
պատգամները
մեր
դաժան
փորձառութեան,
որ
անկոյս
աշխարհի
մը
գինն
է,
անոր
կնիքը՝
մեր
ջիղերուն
վրայ։ ...
Կ՚երթաս
քու
կայանը,
աւելի
քան
երբեք
անտրամադիր,
գտնելու
հաւանաբար
կարգակից
ընկերներդ,
քեզի
պէս
նահատակ։
Ու
երբ
անոնց
խօսիս
այս
ամէնէն,
մի՛
մոռնար,
որ
այդ
խաչ
հանուած,
գլխատուած,
ողջ–ողջ
խաչուած
հայր–սուրբերուն
հետ
քու
խօսակիցդ
ունեցեր
է
սա
հարցերուն
շուրջը
հոս
քեզի
հետ
ունեցածին
նման
խօսակցութիւններ,
անտառներուն
ծոցը,
երբ
կապտորակ
գմբէթը
Արմաշու
եկեղեցին
կ՚ոսկիանար
մայրամուտին
ու
մեր
մէջ
մահուան
սրսփուք
մը
կը
ձգէին
տրտում
ծղրիթները,
մացառներուն
տակէն
մեզի
ունկնդիր
ու
մեզ
հեգնելով։
Այդ
տղաքը
հիմա
չեմ
կարծել,
որ
գիրք
գրեն,
երկինքին
մէջ
ոչ
թէ
որովհետեւ
յիմարութիւն
է
ամէն
գիրք,
այլ
թերեւս
անոր
համար,
որ
իմ
ու
իրենց
այնքան
սիրած
ժողովուրդը
այսօր
կ՚ապրի
առանց
երկինքի,
առանց
հոգիի։
Երթա՜ս
բարով,
վարդապե՛տ։
Ա՛լ
տեղ
չունիմ,
«
Վանքը
»
վէպին
մէջ
զգալի
բազմաթիւ
տկարացումները
աչքէ
անցընելու։
Գիրքը
ողջունուեցաւ
խանդավառութեամբ,
առնուազն
համակրանքով։
հասկնալի
են,
այսօր,
այդ
վիճակները։
Տիկին
Եսայեանի
վէպերէն
զատ,
այդ
թուականներուն
/482/
մենք
կարօտը
ունէինք
վիպական
ստեղծումներու։
Մեր
քերթողութեան
պատշաճ
շքեղ
գեղեցկութիւններուն
քով
ի՜նչ
տժգոյն
էր
մեր
վէպը։
Ես
մէկն
էի
իմ
համակրանքս
չծածկողներէն։
Հոս
կ՚արձանագրեմ՝
սա
փաստն
ալ։
Չէօկիւրեան
իմ
ժլատութիւնս
վիրաւորիչ
չգտաւ։
Բայց
չծածկեց
իր
աւելի
սպասումը,
քանի
որ
1914–ին
մենք,
մեհենականներս,
կրկէս
էինք
իջած
իբրեւ
աղանդաւոր,
իբրեւ
կատաղի
պաշտպանները,
մունետիկները
իրաւ
արուեստին,
հայեցի,
հարազատ
արժէքներուն
պահանջն
ու
տարփողը
օրակարգ
ու
դրօշ
ըրած
մեր
խանդին,
երիտասարդ
կիրքերուն։
Երեսունի
մօտ
տարիներ
զիս
կը
բաժնեն
այդ
օրերէն։
Բայց
ի՛նչ
յատկանշական
է,
որ
Չէօկիւրեանի
հետ
իմ
տարակարծութիւնները,
ժամեր
երկարող
վիճաբանութիւնները,
իմ
առաջարկած
արժեքի
տարազները,
արուեստի
հանգանակները,
իրագործման
processus-ը
եւ
յարակից
տագնապները
կը
պահեն
այսօր
ալ
իրենց
երեսնամեայ
թարմութիւնը,
հակառակ
անոր,
որ
մեր
ժողովուրդը
մեր
արուեստին
անմահ
արգանդը
այսօր
դադրեր
է
իր
գոյութենէն
ու
պատերազմէն
վերջ
մեր
վէպը
հերոսական
ճիգեր
փորձեց
այդ
ժողովուրդը
կանգուն
կարծելու։
Ելլէր
իր
անյայտ
գերեզմանէն
ու
ձեռնարկէր
գրել,
եթէ
ոչ
օրագիրը,
գէթ
վէպը
ուրիշ
աբբայի
մը,
հերոսներու։
Վստահ
եմ
մատ
մը
պիտի
չշեղէր
իր
հանգանակներուն
ապահովութենէն։
Հազարի
մօտեցող
էջերու
ճնշումէն
քամուած
այդ
վիպակը
(150
էջ),
անիկա
կը
նկատէր
թունդ,
ազնուական
խտութիւն
մը,
դասական
ժուժկալութեան
յատարար
կատարեալ
յաջողուածք
մը,
ու
չէր
ընդուներ,
որ
Կեանքը
(գլխագրուած)
որքա՜ն
նիհար
կը
զգացուէր
այդ
ուրուագիրներուն,
ուրուանկարներուն,
նմանագրութիւններուն
(simulacre)
ետին։
Որքա՜ն
տկար
էին
իր
փաստերը,
որքա՜ն
ամուր
էր
իր
հաւատքը
դասական
կատարելութեան
նորոգեալ
կաղապարներուն
վրայ։
Ի
զո՛ւր
պնդեցի,
թէ
կեանքը
չէր
նման
այգիէն
կթուած
ու
հնձան
նետուած
բերքին։
Թէ
բուն,
խիտ
կեանքը
(որ
միայն
իրաւունք
ունի
արուեստին
բարձրանալու)
այնքան
դիւրաւ
ալ
ենթակայ
չի
կրնար
ըլլալ
հիւթանջատող
ճնշումներուն՝
նոյնիսկ
ամենէն
ամուր
ճնշումի
մեքենաները
արհամարհելով։
Թէ
հոգեկան
արձակ
վիճակներ,
որոնք
յորդիլ
սիրէին
քան
թէ
ծուարիլ
խորը
հնձաններուն,
էին
նախընտըելի,
մանաւանդ
ժամանակին
ընդմէջէն,
որուն
դանդաղ
մոխիրը
շատ
աւելի
արագ
կը
ծածկէ
տարածութիւնները
աշխարհէն
ինչպէս
անոր
թեւաւոր
ձեւէն,
մարդոց
կեանքէն,
որուն
մէկ
ուրիշ
պատկերն
է
իր
արուեստը։
Չէօկիւրեանի
փաստերուն
զինարանը
ֆրանսացիներուն
դասական
ու
քիչ
մըն
ալ
ընդհանուր,
ողջամիտ,
հանրամատոյց
/483/
գրականութիւնն
էր,
լրագրական
ըսելու
չափ
պարզունակ։
Բոլոր
գրականութեանց
ամէն
ընթացիկ
բիւրեղացումները
Չէօկիւրեանի
համար
փառքի
փաստեր
էին։
Ու
կենսապաշտ,
ամէն
գնով
խորունկ,
լայն,
հիւթեղ
կեանքին
հանդէպ
իմ
կեցուածքը,
իմ
դժուարահաճութիւնը
չափուած,
ձեւուած,
կրթուած
կեանքէն
(չէր
կրցած
համակրիլ
ռուս
վէպին,
«
Կարմիր
ծիծաղ
»ը
թարգմանելէն
վերջն
ալ։
Ֆլոպէրը
կը
նախընտրէր
Տոսթոեւսկիէն),
մանաւանդ
մակերեսային,
թեթեւ
պատկերացումէն
ֆրանսացիներուն
վէպին
(
Փրուստը
անծանօթ
էր
ինծի,
եւ
Պուրժէն
հրապարակին
կարելի
կոթողը),
իրեն
համար
առիթներ
էին
յորդ
զեղումի,
հռետորական
փաստարկութեան
քնարական
ըսուելու
չափ
տաք
խօսքերու։
Իրարմէ
կը
բաժնուէինք,
ժամեր
իրար
լսելէ
ետքը,
իւրաքանչիւրս
իր
համոզումներուն
խորը
քիչ
մը
աւելի
ընկղմած։
Ըսի
այս
ամէնը։
Կը
խորհիմ,
թէ
գիրքերու
պատմութիւնը
երբեմն
կիրքերու
ալ
հանդէս
է
եղած։
Հիմա
կը
դատեմ
այդ
տղան
ու
կը
մտածեմ
իր
գործին,
իրականացած
ո՛չ
թէ
իր,
այլ
իմ
հանգամանքովս։
Մենք
այսօր
պիտի
ունենայինք
անփոխարինելի
համապատկեր
մը
Ջարդերէն
մինչեւ
Մեծ
Պատերազմ
երկարող
ցայգին
վրայ,
որ
անօգուտ
մնաց
մեր
գրականութեան
հաւաքական
շահուն
տեսակէտէն,
քանի
որ
քանի
մը
պատառիկներ
(Թլկատինցի,
Զարդարեան,
Գեղամ)
միայն
հասած
են
մեզի
այդ
ահաւոր
շրջանէն։
Իրենց
ըլլայ,
այդ
շրջանէն
արեւելահայոց
փորձածը,
վասնզի
հեռուէն
մարդերու
վկայութիւններ
միայն
կրնային
ըլլալ
(Աւետիս
Ահարոնեան)
ու
չեղան
ուրիշ
բան
արդէն։
Իրապաշտներուն
չափ
ալ
նուաճում
չըրին
մեր
վաւերական
արուեստագէտները
այդ
շրջանէն։
«
Ներաշխարհ
»ը
մարդու
մը
պատմութիւնն
իսկ
չէ,
ո՜ւր
մնաց
ժողովուրդի
մը
տագնապանքին
ընդունարանը։
Տիկին
Եսայեանի
վէպերը
քանի
մը
կնիկ
միայն
բերին
մեր
գրականութեան։
Ու
տաղանդաւոր
տիկինին
վրիպանքը
(«
Երբ
այլեւս
չեն
սիրեր
»,
«
Քօղը
»
վիպակներուն
մէջ)
լայն,
հեղեղ
կեանքը
նուաճելու
հերոսութեան
մէջ,
ուրիշ
փաստ
արեւմտահայ
գրականութեան
ընդհանուր
դատողութեան։
Ստիպուած
եմ
իբրեւ
ամենէն
ընդարձակ
իրագործում
մը
արժեւորել
«
Վանքը
»,
այդ
սերունդին
(արուեստագէտ)
կրտսեր
թեւէն։
Երկար
էր
այդ
վէպին
մեղաց
ցուցակը։
Ահա՛
քանի
մը
կարճ
գնահատումներ։
ա.
–
Բանաստեղծական
է
անոր
մթնոլորտը,
բարեխառնութիւնը։
Մի՛
շփոթէք
ասիկա
սուտ
ու
փուտ
այն
ռոմանթիզմին,
որ
/484/
«
Աղջկան
մը
սիրտը
»
(Սիպիլ)
վէպին
առաջին
մասին
մէջ
կը
տիրապետէ,
այնքան
անփառունակ,
հնադրոշմ,
միամիտ
հեշտանքով
մը։
«
Վանքը
»
ներքին
ապրումին
վրայ
իբրեւ
շղարշ
կը
գործածէ
սա
քաղցր,
անիրական
բայց
սրտայոյզ
զգացումները,
որոնք
մեր
մէջ
օտար
չեն։
Ծաղիկ
մը
սիրելը
մէկ
երեսն
է
այդ
վիճակին։
Չէօկիւրեանի
վէպին
մէջ
այդ
վիճակները
չեն
պակսիր
երբեք։
Անշուշտ՝
բարի
կ՚ըլլաք
այս
տարազը
ազատել
բառին
ներգոյակ
յիմարութենէն։
Մենք
ոտանաւոր
պիտի
տեսնենք
այդ
բառին
ետին։
բ.
–
Ժուժկալ
է
անոր
գործողութիւնը
–
պարագայ
որ
կրնայ
արժեզրկման
ազդակ
մը
նկատուիլ,
տրուած
ըլլալով,
որ
անկարողութիւն,
աղքատութիւն
ուրիշ
ապարանքի
տակ
չեն
ժպտիր
երբեմն։
Չէօկիւրեանի
մօտ
գործողութեան
զօրաւոր
զգայարանք
մը
(ատոր
վախը
իրական
էր
«
Հայրենի
ձայներ
»ը
գրnղ
անփորձ
երիտասարդին
մէջ)
թերեւս
անտանելի
բանի
մը
վերածէր
պատմումը։
Երեւակայեցէք
«
Վանքը
»,
գրուած
Րաֆֆիի,
նոյնիսկ
Շիրվանզատէի
թեքնիքով։
Ու
դուք
չեք
գիտեր,
թէ
Տիգրան
Չէօկիւրեան
գրելու
արարքը,
աքթը
շատ
աւելի
կատարելութեամբ
տիրապետած
էր,
քան
արեւելահայ
վարպետները։
Գործողութեան
հանդէս
սա
զգուշաւոր
դիրքը
եթէ
վնասած
է
կեանքին,
բայց
խնայած
ալ
է
այդ
գիրքը
«
Հայրենի
ձայներ
»ուն
ողբական
ճակատագրէն։
գ.
–
Առոյգ
են
անոր
գծագրումները,
մարդերէ
որքան
բնանկարներէ։
Ո՛չ
մէկ
մարդ
չի
բռնանար
մեր
վրայ,
մեր
նկարագրամոլ
դպրոցէն
այնքան
հեշտագին
ախորժուած
միջոցներով։
Մարդերը
տրուած
են
անհրաժեշտին
շատ
սուր
յարգանքին
ընդմէջէն,
երանգի,
գիծի
զգաստ
հպումներով։
Տեղերը
գտած
են
անհրաժեշտ
sonorité
մը,
գոյներու
հարազատ
բաշխումովը
ու
հեռանկարին
վարպետ
թելադրանքին
հպատակ։
Ո՛չ
մէկ
տեսիլ,
որ
իր
գլխուն
քալէր,
ինք
իրեն
համար
ներելով
իր
մուտքը։
Արտաքին
աշխարհին
դէմ
սա
վերապահ
կեցուածքը
դարձեալ
մի՛
շփոթէք
դասական
չորութեան,
անզգածութեան
հետ։
Արտաքին
սա
աշխարհը
կրնար
պակսիլ
սա
վէպին։
Մարդերը
պիտի
չտկարանային
ատկէ։
Անոր
գոյութիւնը
մեզ
չի
զառածեր
դէպի
նկարչագեղ
ախորժակներուն
մեզի
պարտադրած
ժամավաճառութիւնը։
Մեր
մեծագոյն
վիպողին,
Տիկին
Եսայեանի
«
Շնորհքով
մարդիկ
»ը
մէկ
տխուր
փաստը
կու
տայ
այս
զառածումին։
Մեր
վէպին
տիրական
մէկ
յիշատակարանը,
«
Ամիրային
աղջիկը
»,
ուրիշ
վկայութիւն
այդ
զառածումին
վտանգներէն։
Չէօկիւրեան
չէ
նկարագրած՝
նկարագրած
ըլլալու
համար։
Իր
վէպին
մէջ,
մանաւանդ
մինչեւ
առաջին
յիսուն
էջերուն
սահմանները,
ատիկա
վայելք
ալ
է,
/485/
տեսլային
նիհարութիւնը,
անբաւարարութիւնը
գրեթէ
հակակշռող։
Այդ
հանգամանքին
երկարաձգումն
է,
որ
կը
տկարանայ
վերջ
ի
վերջոյ,
տիպարներուն
անփոփոխ
անբաւարարութիւնը
մինակ
երբ
կը
ստանձնէ
վէպը
զարգացնելու
դժնդակ
պարտքը։
Մի՛
մոռնաք,
որ
Տիգրան
Չէօկիւրեան,
Չրաքեանի
նման,
նկարչական
որոշ
զգայարանք
մըն
ալ
ունի
իրեն
վէպին
զօրավիգ։
«
Վանքը
»ին
ամենէն
տանելի
հատուածները
արտաքին
աշխարհէն
սա
ուրուագրումները
եղան։
դ.
–
Տաք
է
անոր
արտայայտութիւնը,
առանց
ըլլալու
հռետորական,
ռոմանթիք,
չափազանց
ու
ճարտար
խնամքներով
համեմուած։
Անշուշտ
այդ
ոճը
մերկ
գործիքը
չէ
Թլկատինցիի,
բայց
չէ
նոյն
ատեն
արձակ
քերթուածներու
Զարդարեանի
faisandé,
թունդ
կերպը
մեր
ուշադրութիւնը
վառ,
կենդանի
պահելու։
Մի՛
շփոթէք
հետաքրքրութիւնը
ջերմութեան,
հաղորդական
խառնուածքներու
տարիքին,
յուզումի
աստուածային
աղբերացումներուն
արդիւնքը
եղող
առաքինութեան
հետ,
որուն
տիրական
մէկ
փաստը
տուած
է
մեզի
Օհան
Կարօ
անունով
գաւառացի
մը,
«
Խրճիթներէն
խորհրդարան
»
իր
վիպակին
մէջ։
Որմէ
տարրեր
դուք
կը
գտնէք
Մնձուրիի,
Համաստեղի,
Բենիամին
Նուրիկեանի
կտորներուն
մէջ։
Չէօկիւրեանի
վէպը,
հակառակ
հեղինակին
կողմէ
գործադրուած
բազմատեսակ
չարիքներուն,
կը
կարդացուի
սա
տաքուկ,
բնական,
իրաւ
արտայայտութեան
պաշտպանութեամբը
թերեւս։
Ոճի
յատկանիշ։
Անշուշտ,
բայց
որ
գործին
ալ
մայր
նկարագիրը
կ՚ըլլայ
երբեմն։
Կըրնաք
զայն
հակադրել
պայծառ,
բայց
ցուրտ,
շքեղ,
բայց
անկենդան
գեղեցկութեանց
հանդէսին։
Չկա՞ն
այդ
կիները,
որոնք
իրենց
մարմնին
հոյակապ
շէնքը
կը
պտըտցնեն,
ցուրտ
ու
անարձագանգ,
տպաւորելով
բայց
չխռովելով,
այն
միւսներուն
դէմ,
որոնք
նուազ
գեղակերտ,
բայց
աւելի
սրտագրաւ,
կ՚անցնին
մեր
մօտէն,
աշխարհ
մը
բան
յուզելով
մեզմէ
ներս։
Կարդացէք
Զարդարեանի
«
Եօթը
երգիչները
»։
Ձեր
տպաւորութիւնը
այդ
ընթերցումէն
չափանիշը
կու
տայ
սա
վարկածին
արժէքէն։
ե.
–
Հարազատ
են
անոր
երկրորդական
անձնաւորութիւնները,
աւագ
դերակատարներուն
վրիպանքին
հակառակ։
Չեմ
կրկներ,
ինչ
որ
ըսուած
է
վերերը
այդ
մասին։
Մեր
վիպողներէն
շատին
համար
ճիշդ
այդ
նկատողութիւնը
բան
մը
կ՚ապացուցանէ
հարկաւ։
Նորավիպային
յօրինուածքով
պատմումներու
մէջ
արեւմտահայ
յաջողուածքն
ալ
դեր
մը
ունի
կը
կարծեմ
սա
ընդհանուր
հաստատումին
մէջ։
Մեր
վիպասանները
միշտ
դժուարութիւն
կը
կրեն
մեծ,
բարի,
տիպարային
անձնաւորութիւնները
զարգացնելու,
իրենց
ճակատա/486/գրին
առաջնորդելու
բարդ
գործողութեան
մէջ,
մինչ
անոնց
բնական
տաղանդը
բաւ
կու
գայ
պարզ,
սովորական
մարդեր
վարելու
կարիքին։
Չէօկիւրեան
բացառութիւն
չի
կազմեր։
«
Գիւղը
»
եւ
«
Անձրեւը
»
հատորներուն
իրական
յաջողութեան
դիմաց
հա՞րկ
կայ
յիշեցնելու
նոյնքան
իրական
ձախողանքը
«
Սպիտակ
ձիաւորը
»,
«
Սպիտակ
լեռներում
»,
«
Սրբազան
կատակերգութիւն
»
անուանուած
երկարաշունչ
յօրինումներուն,
ուր
վրիպանքը
գինն
է
բացառաբար
protagonisteներուն
տկարութեան,
երբ
դիտողութիւն,
արտաքին
աշխարհ,
ոճ
ու
դարակից
շնորհները
կը
մնային
նոյնը
Համաստեղի
մօտ։
զ.
–
Թախծոտ
ու
իրաւ
է
անոր
աշխարհը,
ներքին
ինչպէս
արտաքին
իր
երեսներուն
վրայ։
Արտակ
վարդապետը
իր
հոգին
պատկերելու
մէջ
անբաւական
է
միայն,
ո՛չ
թէ
խաբեբայ,
յերիւրածոյ
ու
հետեւաբար
սուտ։
Այդ
անձնաւորութեան
վերլուծումը
գլխաւորաբար
զիս
զբաղեցուց
սա
անբաւականութեամբը
եւ
ո՛չ
թէ
անձնականութեամբը։
Սիրելի
են
վէպին
մէջ
նկարագրական
պատառիկները,
թէ
եւ
անկարող
տեղական
գոյն
ստեղծելու,
բայց
ոչ
ծանրաբեռն՝
գրականութեամբ։
Եթէ
այդ
արտաքին
տարրին
շահագործումը
քիչ
մը
մօտէն
կը
յիշեցնէ
արեւելահայ
կերպը,
զերծ
է
սակայն
այդ
վէպին)
մասնաւորաբար
Շիրվանզատէի)
մէջ
ընթացիկ
իրականութենէն,
իրապաշտութենէն
եթէ
կ՚ուզէք։
Արեւելահայ
վիպասանին
համար
հեշտանք
մըն
էր
միջավայրերու,
զգեստներու,
դէմքի
գիծերու
պատկերացումը։
Չէօկիւրեան
գիտէ
գինը
այդ
աժան
հեշտանքին
ու
յաճախ
շրջանն
է
ըրած
վտանգին,
զեղչելով
կամ
նորոգելով
։
Այսօր,
այսինքն
1941–ին,
մարդիկ
իրենց
մտքէն
պիտի
չանցընէին
իրենց
տիպարներուն
սիւրդիւկը
տեսնել։
է.
–
Կառուցուածքը
այդ
վէպին
համաչափ
է
ու
կանոնաւոր։
Թերեւս
դասականութեան
հանդէպ
իր
պաշտամունքին
մէկ
անդրադարձն
է
ասիկա
Չէօկիւրեանի
վէպին
մէջ։
Ո՛չ
մէկ
յանդուգն
ժայթք։
Ո՛չ
մէկ
արդուզարդ,
որ
ինք
իր
գլխուն
բռնանար
վէպին
ճարտարապետական
յղացումին։
1000
էջէն
150–ի
իջնող
այդ
յօրինումը
ամենէն
աւելի
կառուցման
թերիներով
պիտի
ըլլար
մեղաւոր։
ը.
–
Մեր
վէպին
այնքան
նիհար,
այնքան
թշուառ
թանգարանին
մէջ,
«
Վանքը
»
պիտի
չվախնայի
տեղադրել
ընդմէջ
«
Վարժապետին
աղջիկը
»
եւ
«
Աղջկան
մը
սիրտը
»
գործերուն։