Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԺԳ
       Արմիկ առտուները կանուխ կ՚ելլար եւ եէնկէ ին հետ դէմ դէմի նստած նախաճաշնին ընելով գիշերը տեսած երազներնին իրարու կը պատմէին։ Յետ աւարտման այս արարողութեանց, Վարդենի տուտուն խոհանոց կ՚իջնար եւ աղջիկն ալ պարտէզ, ուր «փիլիկներուն» ջուրը, կուտը կու տար, եւ եթէ ածեր էին, հաւկիթները առած, ուրախ զուարթ եէնկէին վրայ կը վազէր։ Ու ալ անկէ ետքը մինչեւ կէս օր անդուլ, անդադար կը կարէին։
       Ատ սեւ կիրակիին երկուշաբթի առտուն, աղջիկը սովորական ժամու վար չիջաւ, Վարդենի տուտուն բաւական ատեն սպասելէ յետոյ ֆէսֆէսէ ընելով, վեր ելաւ։ Արմիկը անկողնին մէջ արթուն երկնցած էր։
       Քա՛, Արմի՛կս, քա՛, սա թէմպէլ թէմպէլ ինչո՞ւ ես պառկեր, հարցուց սրտին խռովքը գուրգուրական կատակաբանութեամբ պարտկել ջանալով։
       —Հայտէ՛ ելիր, աղջիկս, հայտէ՛ ելիր, վրայ տուաւ, աս առտու ամուճա դ ալ քեզի համար ուշ պիտի երթայ։ Խախուէ ալթընիս ալ պախճա ն պիտի ընենք։ Անանկ ալ աղուոր հավա մը կայ քի՜։
       —Եէնկէ, հիմա՛կ կ՚ելլամ, հծծեց աղջիկը ողորմուկ ձայնով մը, որ պառաւին սիրտը խշխշեցուց։
       —Հա՛ աղջիկս, հա՛ քեզ նայիմ, ըսելով խեղճ կինը աճապարեց դուրս ելաւ, որպէս զի լացը հոն չբռնէր։
       Առջի գիշեր Արմիկ ուժասպառ անկողին իյնալով, մինչեւ առտու խորունկ մը քնացած էր. բայց երբ աչքերը բացաւ, գլուխը չկրցաւ բարձէն վեր առնել։ Սիրտը հելլա՜ք կը զգար։ Առջի օրուան տեսարանները խառն խուռն աչքին առջեւը եկան։ Աս ի՞նչ էր քի եղաւ։ Ա՛լ նշանած չունէր, ա՛լ Սամաթիա հարս պիտի չերթար, ա՛լ իրեն բիանքօ պիտի չզարնէր։
       —Եէնկէ, հարցուցած էր նշանուելէն յետոյ, սա՛ Բարիզ Բարիզ կ՚ըսեն նէ, աճապա Սամաթիային կ՚ըլմանի՞։
       Քա՛ աղջիկս, ես Բարիզները տեսած ունի՞մ քի գիտնամ, ամուճայիդ հարցուր, կը պատասխանէր շուարած կինը։
       Ան տեսե՞ր է քի։
       Չէ տեսեր, ամա, ա՛ն շա՜տ բան գիտէ, չիւնքիմ շատ բան կարդացեր է։
       Ու ամուճան աղջկանը միամիտ հարցումներուն ծիծաղելով կը պատասխանէր.
       Է՛յ, իշտէ, Փարիզը պզտիկ Սամաթիա մը ըլլալու է։
       Արմիկը Ստամպոլին կողմերը դեռ Խալբախճի ներէն անդին անցած չունէր. երկաթուղիներուն ինչ ըլլալը տակաւին չէր գիտէր, երեւակայութիւնը բորբոքած էր լսելով, որ Սամաթիայէն շըմէնտըֆէր կ՚անցնէր։
       Սա մեր շըմէնտըֆէր նե՞րը, աղա ամուճա, հարցուցած էր։
       Հա՛, աղջիկս, մեր շըմէնտըֆէրները, բայց մերինը ոսկի պիտի զարնէ, ա՛ն երկաթ է, պատասխանած էր մարդը, բան մը ըսած ըլլալու համար։
       Աճապայ ի՞նչ ըլլալու էր ատ Սամաթիան, ուրկէ շըմէնտըֆէր կ՚անցնէր։ Պէյօղլու ի վրայ աշխարհք կ՚արմննար, ու Պէյօղլու շըմէնտըֆեր չէր բաներ։— «Բերա»ն իրենց համար միշտ «Պէյօղլու» էր։
       Սամաթիա ծով կա՞յ, աղա ամուճա, հարցուցած էր օր մըն ալ։
       —Ի՞նչ կ՚ըսես, հո՛ն մենծ ծով կայ։
       Մերինի՞ն խըտար, աղա ամուճա,
       Մերինը, աղջիկս, Սամաթիայի ծովուն քովը հավուզ մը պիլէ չէ։
       Եւ դեռ ինչե՜ր պատմած էին Սամաթիայի համար. հիւանդանոցին առջեւը մենծ պարտէզ մը կար.
       Մեր Պատէմլըխէն ալ մե՞նծ, աղա ամուճա։
       —Աղջիկս. Հիւանդանոցին պարտէզը քառասուն հազար մարդ ալ լեցուի նէ, դեռ պարապ կ՚երեւայ։
       Աղա ամուճա , Ստամպօլ քառասուն հազար մարդ կա՞յ քի՞։
       Հօրեղբայրը կը սկսեր խնդալ։
       —Աղջիկս, կ՚ըսէր, տասնըինըդ ես….
       Չէ՛, աղա ամուճա, տասնըութը….
       —Բէք աղէկ. թող տասնըութը ըլլայ. տասնըութդ ես ու տահա հինգ տարու չօճուխի խօսքեր կ՚ընես։
       Է՛յ, ձգէ՛, վրայ կը բերեր անդիէն Վարդենի տուտուն, իմ աղջիկս թէւէքէլլի է, անանկ պաշխասիներուն պէս աստնի բաներ չիյտէ։
       Ատ թէւէքէլլի աղջիկը նշանածը տեսած օրէն, անոր կապուած էր. սեփ սեւ, քիչ մը դաժանկէկ դէմքով, թօփուզի պէս «աղբարըմ»ը, ատ բարակուկ, խարտիշակ, կարմրոտի խնդամոլիկին սիրտը գրաւած էր։
       Գացի՜ն, գացի՜ն, ամէնքն ալ գացին. Սամաթիան ալ, շըմէնտըֆէր ն ալ, բիանքօն ալ, նշանածն ալ, գացի՜ն, գացի՜ն։
       Երբ եէնկէն սենեակէն դուրս ելաւ, Արմիկ գլուխը վերմակին տակը խոթեց եւ սկսաւ լալ։
       Քիչ մը հանգստանալով, անկողնէն ելաւ, լուացուեցաւ, հագուեցաւ ու վար իջաւ։
       Պարտէզը խնձորի երկու ծառ կային, նոր ծաղկեր էին, անոնց միջեւ պզտիկ սեղան մը դրուած էր. վրան պնակ մը պանիր, պնակ մը հաց, սրուակ մը կաթ։ Վարդենի տուտուն ալ խոհանոցը սուրճը կ՚եփէր։ Ղուկաս աղան ալ սեղանին առջեւը նստած էր։
       —Եկուր նայինք, Արմիկ, ըսաւ Ղուկաս աղան խանդաղատ ձայնով մը։
       Արմիկ նստեցաւ. Վարդենի տուտուն ալ սուրճը բերաւ. նախաճաշիկը լռութեամբ կ՚ընէին։ Էրիկ կնիկ երբեմն իրարու երես կը նայէին, կոտրած կ՚երեւնային։ Աղջիկը չէր խնդար։ Մեծնալէն ի վեր առաջին անգամն էր, որ տխուր կ՚երեւնար։
       Ակրատը լմննալուն, էրիկ կնիկ սպասեցին, որ Արմիկը ելլէ հաւերուն նայի. բայց աղջիկը անտարբեր նստուկ կը մնար, մտածկոտ, վերաչու։
       Փիլիկներուդ եէմը չե՞ս ի տար, հարցուց Վարդենի տուտուն վարանոտ։
       —Ենկէ՛, դո՛ւն տուր, աղաչեց Արմիկ խեղճուկ ձայնով։
       Տէ՛ր ողորմեա՛, ա՜տ ի՞նչ է, չօճո՞ւխ ես, ի՞նչ ես, ըսաւ անդիէն հօրեղբայրը։— Հայտէ, աղջի՛կս, հայտէ, ելիր գործիդ նայէ։ Տես քեզի տահա ի՜նչ աղէկ նշանած մը պիտի գտնամ, հէմ տէ աս անգամ Պէյօղլուէ՛ն։
       Արմիկին աչքերը լեցուեցան, ա՛լ չդիմացաւ, թաշկինակը հանեց եւ հեծկլտալով «փլաւ»։ Եէնկէն քովը անցաւ, իր թաշկինակը հանեց, Արմիկին աչքերը անով սրբեց, ու ձեռքէն բռնած առաւ վեր տարաւ։
       Ղուկաս աղան ալ դառնութեամբ դուռը գոցեց գնաց, լեզուին տալով՝ Փարաւո՛նը, Ներո՛նը, անօրէ՜ն անասուածը, ֆարմասօնը, ա՜ս ամէնուն սէպէպ ը քի ինծի ասանկ սէֆիլ ըրաւ. ինշալլա՜հ քի Աստուծմէ կը գտնայ։