Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՀՊԱԶ

Ա

Աստուած լուսաւորէ՛։

Տէրտէրն է, պզտիկ իր խաչը լայն գրպանէն վար տեղաւորելէն։ Մօրուքը կը թօթուէ կամաց, քանի մը հեղ, պոչովը շոյելով կոկորդին սուր ցցունքը, նայուածքովը պաղած ճերմակ ճամբուն, որ գեղ կը տանի։

Հանդարտ է գերեզմանը։ Երկու պառաւներ, ծանօթ իրենց պատնողի վարժութեամբը, երկու ձեռք խաչը բռնելով, կը շարժեն իրենց կարճ ու թանձր ձեւերը դէպ առաջ, դէպ գեղ, ու անոնց սեւ լաչակէն դերձանի ճերմակ ոստայն մը կը դողայ թեթեւ, անոնց գլուխին հետ։

Արեւը տկար է տակաւին։ Ու հողքերուն քովէն, խոշոր ծաղիկներուն վրայ առտուան շաղը կը վառի հանդարտ, քանի մը գոյնով։

Քահանան կը նայի ճերմակ ճամբային։ Յուղարկաւորները զբաղած են թարմ հողակոյտին կոշտերը յարդարելու։ Բոլորն ալ ծեր։

Աստուած լուսաւորէ՛, կ’ըսէ ինքնիրեն, ամէն քաշուող, որ առտուն կը շտկի հողոտ ձեռքերը լուալու։

Քահանան կը տեղաւորէ վիզին դարձող արծաթէ շղթան։ Կը հանէ լրջութեամբ հինաւուրց իր ժամացոյցը, որ խոշոր է ձեռքի մը չափ ու համբաւով։ Շրթները կը շարժին ու համրանքը կը տեսնուի, քան թէ կը լսուի։ Ան կը գոցէ կափարիչը, չմոռնալով անգամ մը ականջին տանիլ գաւաթի պէս ուռեցած գործիքը։

Յետոյ, անորոշ, կը նայի նորէն ճերմակ ճամբային։ Բայց ոտքերն ու աչքերը չեն քալեր։

Եկէք, նստինք կտոր մը։ Կանուխ է տահա։

Տէրտէրը այս տեսակէ հաճոյքներ ունի երբեմն թէ հոս, թէ վարը, ժամուն բակը, նշանաւոր արիշին տակ։ Դրացի գեղերն անգամ լսած են անունը անոր քթախոտին ու մանաւանդ տուփը, յատկապէս բերուած Երուսաղէմէն։

Յուղարկաւորները երկուք չեն ըներ հրաւէրը։

Ասոնք գերեզմանի թաղին աղքատիկ ծերունիներն են, որոնք զանազան պատճառներով զուրկ կը մնան առտուան եկեղեցիէն։ Բայց մութնուլուսուն կը նստին դրան եզերքի սաքուններուն, մեռելները սպասելով։ Գեղը մենծ է ու օր չ՛անցնիր, որ նեղ փողոցէն չբարձրանայ տիրացու Մինասին ճուլիկ ձայնը, կամ փառահեղ թափօրը դպիրներուն։ Ետեւէն մեռել։ Ծերունիները կը սարսռան քիչ մը։ Բայց վարժուած են։ Ու պատուհանէ պատուհան՝ կիներուն բառերէն, անոնք կը ճանչնան մեռնողը։ Մէկիկ–մէկիկ կը խառնուին թափօրին, որ զառիվերին կը դանդաղի, բայց նորէն ետ կը ձգէ ծերունիները։ Ու ասոնց ալ գաւազանները հատիկ–հատիկ, քարերը ծեծելէն կը մտնեն մահուան տունէն ներս։

Պայմանադրական խումբն է անոնցը որ խեր կը վաստկի մանաւանդ անտէր մեռելներուն։

Ու կսկիծով մեռելները ու զուարթ մեռելները ու անթափօր մեռելները անոնք կը տանին նոյն պատկառանքով։

Աստուած ողորմի հոգուն։ Գէշ մարդ չէր։

Գէշ մարդ չէր, Տէր-Հայր, կը կրկնեն ծերերը, որոնք լուացուած են բոլորն ալ ու կը սպասեն որ նստելու նշան գայ։

Տիրացուն ու ժամկոչը, լծուած պարապ դագաղին, կ’երկննան զառիվարէն, սրտնեղ ու հայհոյելէն։

Երբ անոնց կարճ մարմինները անհետանան մեծ դուռնէն, Տէրտէրը պզտիկ ժպիտով մը վերարկուին փեշերը խնամքով իրարու կը բերէ մեռելքարի մը վրայ ու հանդիսաւոր, լուրջ, բայց շէն՝ կը նստի թեթեւ տքալէն։

Ծերունիները, որը աճապարոտ, որն ալ անփոյթ, շարք կը մտնեն քարին եզերքը, մարմինէն առաջ երկնցնելով իրենց մաքուր գաւազանները։

Վրան սօսիին մեծ կանանչը։ Ճիւղերը կը շուլլուին ճերմակ-ճերմակ, սրունքի կամ թեւի պատկերներով։ Անոր տակը խոտը թարմ է տակաւին ու քիչ մըն ալ թաց։ Բայց ծերունիներուն հաճոյք է իրենց մարմինները երկարել ատանկ, քիչիկ մը անփոյթ, իրենց հինցած, անպէտք մարմինները որոնց մէջէն ալ փախած է կեանքին աղն ու համը։

Քահանան կը տարուի ան առտուն։ Թաղողչէքը չէ հարկաւ, որ գրպանի զուարթութիւն մը այդպէս զարնել տայ անոր երեսներուն։ Մեռնողը գերեզմանապահն է գեղին ու տարի առաջ ծերունիները գիտեն անոր տասնոցի պզտիկ տոպրակը։ Կտաւին գինը։

Բայց չես գիտեր ուրկէ ամէնուն ալ կը դպի այն տեսակ մը ուրախութիւնը, տեսակ մը թեթեւութիւնը, որ գոցուող գերեզմանը կը բանայ երբեմն յուղարկաւորներուն ներսը։ Ու ծերունիները քիչ մը տխուր, քիչ մըն ալ զուարթ՝ գլուխ կը թօթուեն։

Աս ալ տալիքը տուաւ։

Ու կամաց–կամաց կը տեղաւորեն իրենց ոսկորներն ու գաւազանները, մտքով կախուած  տէրտէրին  քթախոտէն որ կ’ուշանայ  ամէնէն վաւերական նշանը անոր լաւ տրամադրութեանը։

Խօսակցութիւնը դանդաղ է ու անիմաստ։ Դեռ զգայարանքները չեն ազատած ճնշումէն, որ փոսէն կը բարձրանայ։ Ամէն մէկը մտքովը կը զբաղի գացողին մէկ դրուագովը։ Կան ալ, որ յաջորդութեան յոյսին կը նային, գողտուկ ու ներսէն։

Ատենը հեղ մը տէրտէրը խօսքը կ’ուղղէ Շահպազին, ու հեռուէն հեռու ազգական է մեռնողին ու կեցած է հոգեվարքին։ Մարթա մօրաքուրին հետ։

Ինտո՞ր տուաւ հոգին։

Շահպազը կը նայի կէսով տէրտէրի մօրուքին, բայց չի շարժեր կզակները։ Անոր դէմքին կարելի է տեսնել խոր տրտմութիւն, որ չի թեթեւնար։ Ան աչքին ունի, տեւական ձեւով, վարի հիւղակին մէջ, հոգէառին հետ դէմ դէմի ձգուած ծերուկին պատկերը։ Ու լուռ է անիկա։

Ամէնքը կը սպասեն անոր բառերուն։

Ու այս յամառութիւնը կերպով մը կը բարկացնէ շրջանակը։ Ու նոր ալ չէ։ Գոնէ շնորհքով ծերունի ըլլար, իրենց պէս, մօրուքով ու գաւազանով, տարիքով ու թոռներով։ Գոտի չունի։ Չուխա չունի։ Ոտքին՝ տրեխ։ Գլխին բան մը, որ անուն ու ձեւ չունի։ Անոնք գիտեն կակուղցնել անոր լեզուն։ Բայց տէրտէրը կայ։ Ու կը սպասեն գաւազանով կանանչը ծեծելով։

Շահպա՛զ, լուսահոգին խըսում էր կտորիկ մը, չէ՞։ Հարցումը կատակի շեշտ մը ունի իր վրայ, բայց զուսպ է ու բարի։

Ասիկա լեզու հանելը շատ ալ դիւրին չէ։ Չգիտցողը քիչ է անոր արկածը։ Սովորական խեղճ պատմութիւն մը ինքնին։ Անիկա շատ կանուխէն հողին տուած էր իր կնիկն ու չորս զաւակները։ Յետոյ քանի մը ամիս խենթացած։ Բայց ետքէն գտած խելքը։

Այսքան։ Բայց այսքանը բաւական եղած է, որպէսզի անիկա չկարենայ հաւաքել ինքզինքը, կնկան տեղը նորը բերել։ Տունն ու մալերը պահել, պաշտպանել։ Անիկա մանաւանդ համբաւ ունի քիչ խօսելովը։ Ատկեց զատ գեղին մէջ ծանօթ է բոլորին իր բացակայութիւնը հօրը մեռելէն։

Չըսե՛ս, տղա՛յ։

Ի՛նչ, Տէր հայր։

Ձայնը մեղմ է շատ ու կը մեղքնաս։

Խըսո՞ւմ չէր։

Մօրքուրիս դիէն։

Է՜, ինչենի՞ կու գայ։

Շահպազ եւս մտմտաց՝ յիշողութիւնը խառնող մէկու մը ճիգովը։ Բայց ապարդիւն։

Կը կրկնուին հարցումները, խառնիխուռն, բարի կամ չար։ Հոգը չէ։ Մատովը կը փորէ կանանչը ու կը նետէ մէկ քովին։ Տէրտէրը կը նեղուի։ Կը յանդիմանէ։ Անոր կը խօսի մեռնելէն ու թաղուելէն։ Լաւ չէ ուրիշները վշտացնել։

Ե՛ս գիտեմ։

Որեւէ կապ չկայ այս բառերուն ու քահանային քարոզին մէջ։ Ծերերը կը խնդան։

Անցած տարի հիսապ ըրինք հեղ մը։ Աս քարին վրան էր։ Կը ցուցնէ տէրտէրին քարը։ Լռութիւն։

Ինչ ըսեմ։ Ելած է մտքէս։

Գլուխ չէ որ, եղի դդում։ Երկու ծակ փորեր, աչք են դրեր։

Այս անգամ բարձրաձայն է խնդուքը։ Ամէնէն շատ տէրտէրը, որ կը սիրէ ծերունիները լարել իրարու դէմ ու կատուի պէս զգուըտցնել։

Շահպազը անտարբեր է։ Կամացուկ, գրեթէ բարութեամբ կը նայի հեգնութեան հեղինակին, որ ճուռպոտ ու շռան ծերունի մըն է։

Ուրիշներ պզտիկ ու ներելի հայհոյութիւններ կը ճարեն կարգաւորի առջեւ ծանր չկշռող բառերով։

Է, է՛, կ’օգտէ։ Ինչ կ’ուզէք ֆախիրէն, տէրտէրը կը կտրէ բառերն ու անարգանքը։

Ինծի նայէ, Շահպազ, խօսքս խօսք։ Քեզի այսօրուընէ պահապան կ’ընեմ։ Կրնա՞ս։

Նախադասութիւնը, անակնկալ, կը դիմաւորուի ծանր լռութեամբ։

Բերնին է ինկեր, Մինաս աղբարն է, որ չի կրնար զսպել իր ցաւը ու կը նետուի խօսքի, խենթ ու վճռական, վստահ ըլլալով, որ տէրտէրին կարգադրութիւնը չի փոխուիր ու գերեզմանը անդարձ գացած է իրմէն։

Ինչո՞ւ։ Քիթ բերա՞ն կ’ուզէ։

Ինչ գիտցար։ Հապա գիշերները։ Մեռելները ելլան նէ պտտելու։

Տէրտէրը կը միջամտէ այս անգամ գրաբար ու պաշտօնապէս, ձեռքը տանելով Մաշտոցին։ Մեռելները տեղերնուն չեն շարժիր «մինչեւ զգալուստն Քրիստոսի»։ Մաշտոցը բարձրացած է օդին մէջ ու ծերունիները վախով կը նային մահուն մատեանին։

«Անշարժ եղեցի կնիք... »։ Կը հասկնաք։

Ով որու։ Վէճը կը սկսի՝ հակառակ քահանային հեղինակութեան։ Ոգիի պատմութիւններ, ամէն տան ծանօթ աղբիւրի ու ծովի աղջիկներ, մեծ քարերուն պզտիկ ճիները կու գան ու կ’երթան։ Ծերերէն մէկը, որ կոյր է հիմա գրեթէ, աչքովն է տեսած, վարի դուռնէն մեռելներուն գեղ իջնալը, Կաղանդ գիշերով։

Խաչդ հանէ, պառկէ տուն։ Աստուած չի թողուր, որ թելիդ դպին։ Առանց Աստըծոյ տերեւ կը շարժի՞։

Ատ ուրիշ։ Աստըծոյ չըրած կա՞յ։ Ողորմութեանը մեռնիմ։

Ու նախադասութեան հետ ամբողջ խումբը կը լրջանայ մէկէն։ Բոլորն ալ իրենց աչքերը կը նետեն ներս իրենց հոգիէն։

Նորէն լռութիւն։

Էնֆիյէդ, Տէր հայր, ձեռքերը կը շփէ Պետիկ տէտէն ու լայն–լայն կը բանայ ռունգերը։

Համբերէ։ Գործի ատեն է հիմա։ Լմնցնենք։ Ինչ կըսես, Շահպազ։ Երկու ծեր, դրացի Մինաս աղբարին նախանձէն, կը թելադրեն, որ ընդունի։

Ինչ է որ։ Հազըր տուն, հազըր հաց։ Գիշերը պառկիլ մը չէ՞։ Հա՛ ըսէ, Շահպազ։ Գէլ գայ նէ՝ մեզի թող գայ։

Ու կը նային իրենց փայտերուն, այնքան գոհունակ, որ կը զարմանայ տէրտէրը։

Մէտէն կ’ըլլայ կոր, կեցէք նայիմ, կ’աւելցնէ տէրտէրը՝ կէս–խնդուն, կէս–հեգնոտ։

Դուք գիտէք։ Ինտոր կ’ուզես նէ, Տէր հայր։

Առանց մտածումի, որոշում ըլլալէ տարբեր բան մը այս պատասխանը։ Բայց՝ քաղցր ու կամաց, ինչպէս եղան միշտ իր բառերը։

Ալ ծերունիները թող գովեն անոր քաջութիւնը, երբ երիտասարդ էր ու կռիւ կ’ընէր թուրքերուն հետ։ Թող գովեն գերեզմանի կեանքն ու անոր համերը։ Ով գիտէ քանի՜ հոգի ինքզինքը կ’ուտէ հիմա ներսէն, խըսմէթը փախցուցած ըլլալուն։ Հապա։ Կատակ չէ։ Հարսէն հաց ուզելու չի նմանիր։ Մահը կենալ չի գիտեր, կը տանի ամառ ու ձմեռ ու պահապանին ալ հացը կը բերէ ամէն օր։

Դուն ալ կ’ազատիս օտար դռներէն։ Ով ի՛նչ ըսէ իրաւունքով խօսքին։

Տէրտէրը կը հանէ ժամացոյցը ու տեղը կը դնէ նորէն։ Ոտքի։ Խումբը կը հետեւի անոր մինչեւ հիւղակին դուռը։ Պահպանիչ մը։

Խաչովը կը դպի հիւղակի տախտակներուն։ Կը ջախէ կատուն, որ անընդհատ կը ճուայ աճախին պոչին, ոտքի իսկ չելած։ Յետոյ կը մօտեցնէ քառաթեւը զատ–զատ, ամէնուն շրթունքին։

Աստուած ուժ ու կարողութիւն տայ։

Աստուած չամչցնէ։

Ամէն։

Ու քթախոտին տուփը կու գայ խաչին իջած գրպանէն։

Գերեզմանի մուտքին, դրան աջ կողմը, կէս պարիսպէն վեր, կը կենայ պահապանին հիւղակը։

Անիկա շինուած է հին ատեններուն։ Բոլոր եկող ու գացող պահապանները քիչ մը բան աւելցուցած են անոր պատերուն, տանիքին կամ պարտէզին։

Ներսէն աչքի կու գայ լայն օճախը։ Չորս պատերուն՝ վարէն, չորսական սաքու, վերէն՝ չորսական առէք։ Գետինը՝ հո՛ղ, բայց թրքուած։ Երկու պատուհան ու շատ մը պատիհոններ։ Անձրեւ օրերուն յուղարկաւորները կրակ ու օղի կը գտնեն հոն, ո՛վ ալ ըըայ պահապանը։

Առջին՝ անուն ունի ծաղիկներու պարտէզ մը, որ աւանդի պէս կ’անցնի ձեռքէ ձեռք։ Անկէ ծաղիկ կ’առնեն հաւկիթով կամ պանիրով, պառաւներն ու մայրերը, երբ լուր օրերուն գերեզման կու գան իրենց սիրելիներուն վրայ փունջ մը հոտ դնելու։

Երկու աւազան ու շուրջանակի միաձեւ հովանոցներ, մայրիներէ, կը կորացնեն գետինը եւ օդը, մինչ վայրի որթերուն բարունակները կ’ոլորեն երկար նստարաններ, ածուներու եզերքէն։

Բոլոր ձեւերուն վրայ խելօք հանդարտութիւն մը։ Գողտր, մահուան մօտ գոյներու հանդէս մը այսպէս, գերեզմանի մուտքին, մեղմելու համար կարծես սարսափը, որուն կապուեցաւ բառը մարդերու մտքին։

Հիւղակին դուռին առջեւ կայ քարը։ Հոն է նստած Շահպազը մենաւորիկ։

Գերեզմանը պարապ է բոլորովին։

Ու քարեր։ Քարեր, սեւ ու ճերմակ, թուխ ու դեղին։ Կանանչով կամ ոսկիով։ Ու քարեր, մեծ ու պզտիկ, հաստ կամ նիհար, ինչպէս մարդերը կեանքին մէջ։ Ու անոնց մէջտեղուանքը ցրուած ամբոխը փոքր շոճիներու։ Ու առուակի եզրէն երկարուն պարը բարտիներուն, օդն ի վեր, բայց գլխահակ ու թրթրռուն։ Ու երկու սօսիները խիտ ու լայն, իրենց հանդարտ ամբարձումովը։

Շահպազը կը նայի այս ամէնուն։ Ու արեւին, որ հազար կտոր կ’ըլլայ իյնալով քարերուն ու կանանչին, ծաղիկներուն։ Ու հանդարտութեան, որ կը շինուի թիւը կորսուած այս ժողովուրդին մեծ քունէն։ Ու կը մօտենայ կամ կը կարծէ մօտենալ այդ հանգչած կեանքին, որ օր մը վարը, գեղին մէջ թաւալ–թաւալ դարձաւ, հեղեղի պէս ու խեղդուեցաւ քարերէն։

Մէկէն, չգիտցաւ ինչպէս, մութ եղաւ, անոր հոգիէն ներս։

Կէս-գիշեր։ Հիւղակին անկիւնէն, գլխիկը օճախի շեմին, երկարած է Մելքոն աղբարը։ Անոր աչքերը, էտինքէն ի վեր չեն զատուիր, չեն կրնար, դէմի պատկերէն, որ իւղաներկ հրեշտակ մըն է, թեւերուն վրայ աչքով, ու ձեռքին՝ սուրով։

Բայց նայուածք ըլլալէ տարբեր բան մըն է ծերուկին սեւեռումը։ Անոր կոպերը, հանդիպակաց երկու աղեղներու նման, կը քաշուին դէպի վար ու դէպի վեր։ Ու գունտերը կէս մը կործած են մէկ կողմին։ Բիբը չկայ արդէն ու գօտին ալ ճըմըռքուած երիզի մը կը նմանի։ Մինակ ճերմակը, գծգծուած՝ կարմիր տողերով, պղտոր խոշորութեամբ մը։

Հիւանդը կը շարժի տակաւին ու անոր շրթներուն վրայ բարակ բան մը կ’երթայ ու կու գայ։ Ոտքին, Մարթա հօրքուրը, կնկուկը, որ հակառակ բոլոր հայհոյութիւններուն, չէ կրցած տունը կենալ ու օգտուած է մութէն ու Շահպազէն՝ կենալու համար իր մարդուն մօտիկ, անոր վերջին վայրկեանին, ինք՝ որ այնքան ուրիշներու հոգեվարքը հսկած է ու ամէնէն աղէկ գիտէ, թէ երբ աչքին կապերը կը փոթին ու նայուածքը ապակիի պէս կը սառի ու չի տեսներ նայելով, նայելով։

Անիկա ներս է սպրդած, առանց շշուկի, Շահպազի ստուերին մէջ, գոցելու համար բերանն ու աչքերը մարդուկին։

Տալմատաղէն  կանթե՛ղը որ պզտիկ լեզուներ  կը նետէ պզտիկ աւազանէն։ Կայծեր, լայն բռնուած, իրարու ետեւէ, կը դառնան ու կը մեռնին։ Բոցը նորէն կը խելօքնայ։

Դուրսը, լուսնկայ։ Գունատ՝ կտաւի մը պէս պատուհանի ապակին։ Հովը՝ որ կը դպի թիթեղի մը թեւին ու սարսուռի պէս կը լայննայ տժգոյն հիւղակէն ներս ու դուրս։

Ու պառաւը, ափովը գոցած մարդուկին ոտքը, որ ալ չի շարժիր։

Շահպազ դարձաւ մտապատկերէն։ Գեղէն, մանարանէ մը, սուլիչը օրհարսակը կ’ըսէր։ Ու անմիջապէս բանուորուհիներուն գոյնզգոյն շարանը բարձրացաւ դէմի բլուրին։ Անոնք հացի կ’իջնային։ Դպաւ փորին, որ պարապ էր, բայց բան մը չուզեց։ Աչքերը երկարեցան քարերուն, անոնց վրայէն պարիսպի ճերմակ գիծին, յետոյ բարձրացան բլուր։ Նորէն գիշերին մէջ ինկած էին։

Դարձեալ Մելքոն աղբարը։ Թեւը վերմակէն դուրս, քիչ մը շեղ ու կոտրածի պէս։ Տեսաւ քամուած մատներուն փութաւոր կաշին, որուն գոյնը, պղտոր փայլով մը, սաթի մօտիկ, կը զատուէր պորտին սեւ յատակէն։

Պաղի զգայութիւն մը արթնցուց զինքը։ Արեւը բարի էր իր վրան, վճիտ երկինքին մէջ ու տաքուկ՝ բոցէ շապիկի մը պէս, որ չ՛այրեր։ Աչքին դպաւ թարմ հողակոյտ մը, որ առաջին օրը կը սկսէր իր անսահման կեանքին ու սեւ իր տրապէզը կը գծէր լուսաւոր գետինէն։

Պատկերը նորէն տարաւ զինքը գիշերին։

Այս անգամ իր ականջները լեցուեցան բարբառուն լռութեամբ մը, որ հիւղակէն կը բխէր։ Անհամար ծղրիթներու մշտական եղերերգ մը, որ պարապութեան երգը ըլլալ կը թուէր ու կու լար իր ականջներուն։

Յանկարծ սուր գիծ մը ձայնի։ Պառկողը տուած էր հոգին։ Ա՞ս էր աշխարհը։

Ուրի՜շ ինչ կրնար ըլլալ։

Շահպազ այնքան շատ տեսած էր այս վերջնական շեղումները։ Ու անոր մասնաւոր տկարութիւնը՝ մինչեւ հիմա, սպասելու, որ հոգիները մեկնին ու մարմինները ատանկ մնան, իրենք իրենց, աղտոտ, դեղին ու տգեղ։

Պառաւը ելաւ ոտքերուն կողմէն։ Ու ծռեցաւ գլուխին։

Խաչ հանեց երեք անգամ։ Հանդարտ էր ու պարտք մը կատարողի ամփոփումը կար երեսին։

Մատին ծայրովը դպաւ նայուածքի գունտերուն, որոնք շարժեցան, աջ ու ձախ, վեր ու վար, յետոյ հանդարտեցան, երբ կոպերուն վարագոյրը եկաւ ծածկելու անոնց տգեղ շրջումը։

Նոյն մատները յետոյ իրարու բերին կզակները։ Ու մօտեցան մեղմով շրթներու շերտերուն, կապուտցած ու բաց։ Անոնք ծածկեցին նորէն դեղնութիւնը ակռաններուն։

Շտկեց գլուխը, ուղիղ։ Թեւերը խաչաձեւ դրաւ իրարու վրայ։

Այն ատեն մեռելի երեսին չես գիտեր ուրկէ եկաւ հանդարտ դառնութիւն մը, որ կը շփոթուէր մեծ խաղաղութեան հետ։

Պառաւը սկսաւ կամացուկ ողբը, իր տունէն հեռու մեռնող ծերուկին վրայ, որ վռնտուած էր իր իր հարսներէն ու հիւղակէն, չէր իջած իր տղոցը քով տալու իր հոգին։

Տխուր էր գիշերուան այդ պահուն բարակ այդ լացը ու լեղի։ Ու անիկա կը քակուէր պառաւին բերնէն կամաց, աշնան անձրեւին պէս յուսահատ։

Ու Շահպազը կու լար անոր հետ։

Այդ լացը, մարդերուն ամէնէն դժբախտին վրայ, մարդերուն ամէնէն դժբախտին աչքերէն, կը դաշնաւորէր կարծես երկու ճակատագիրները։ Համոզում թէ հաւատք, Շահպազ պիտի մեռնէր ասանկ, հեռու մարդերէն։

Ու իրենց յետին մանրամասնութեանը մէջ կրկնուեցան գիշերուան բոլոր պատկերները։ Լուսդէմին աննկարագրելի սարսափը, որ առաջ էր եկած հոգեդարձի մը վախէն, երբ մեռելին կոկորդէն ձայնի նմանող հնչիւններ դուրս եկան։

Ատկէ սթափեցաւ նորէն։

Լոյսը բարի էր, առատ ամէն դի։

Ելաւ ոտքի, մղուած ուսերէն։ Ուժով շփեց աչքերը, կարծես աւրելու համար տարօրինակ ճամբան, ուրկէ գիշերին կը թափէր իր միտքը, քանդելու համար ոստայնը այդ յամառ ու աներես տեսիլներուն։

Մտաւ հիւղակ։

Կրակը մարելու վրայ էր։ Մէկտեղեց երտերը։ Փչեց քանի մը լեցուն պուկ շունչ։ Ոտքին հանդիպեցաւ կապերտին կտորը որ մեռնողէն կը մնար։ Առաւ, դարձուց իր առաջ։ Յետոյ դուրսը փռեց արեւին։

Չէր կրնար խելօք կենալ։

Ներս անցաւ նորէն։ Շարժեց սափորը ու ջուրը թափեց։ Մոխիրնոցը նետեց աղի քանի մը գունտեր, որոնք մնացեր էին գուշին տակ։ Ձախ–աւելով շփեց ուժով–ուժով պատերը, որոնք երկար–երկար դողացին։

Բնազդական այդ շարժումները, մեռելը մեռցնելու այս անգիտակից գործունէութիւնը թեթեւցուց քիչ մը ճնշումը, որ կար ներսը։ Ծեր, անպէտք։ Բայց հոգին հոգի է։ Ու մեռելը մեռել է վերջապէս։

Այդ շեղումը մտածում մըն էր ու հետեւաբար ճիգ մը անոր ուղեղին համար տպաւորութիւնները հակակշռելու։ Ու օգտակար։ Քիչ–քիչ գիշերուան յամառ զգայութիւնները անցան երկրորդ գիծի։ Կեանքին պահանջները երեւան կու գային։

Օճախին  մէկ քարին խունկ տեսաւ։ Երկու պտղունց նետեց կրակին ու շարժող , թեւ առնող կաթի ալիքի մը պէս ծուխը կամար կապեց։

Բուրումը  դարձեալ իր միտքը դէպի  մահը ու  գիշերը հակեցուց։ Շահպազ յոգնած էր անկէ։ Մեռելը չտեսնելու համար դուրս նետեց ինքզինքը։ Ծաղիկի մը երկար ու ներդաւոր ցօղունովը մղլակը կապկպեց դուռին ու քալեց դէպի բոցը։

Գեղին դին նայեցաւ։ Յստակ ու համով արեւին տակ, տուները իրարու ետեւէն կը բարձրանային ձորակէն։ Անոնք ալ, այդքան հեռուէն, օդին մէջ կը շինէին հսկայ գերեզմանը։ Մեծը կար, պզտիկը կար։ Կար ճերմակը, որուն պատուհանները, իրենց քողերուն տակէն, ժպտող հարսի պէս աղուոր էին։ Ու կային կոյր պատուհանները, որոնք պատերէն մութ կը լեցնէին դէպի ներս։

Ու բլուրները տեսաւ իրենց հատիկ–հատիկ ծառերովը, որոնք այգիներուն վրայ սեւ պարոյրներ կը բռնեն հեռուէն։ Ու տեսաւ լիճը, որ խոշոր մահիկի մը պէս իր ծայրերը կը մխէր լերան իրաններուն։

Հասած էր ճերմակ ճամբան։ Անկէ գեղ կ’երթան։ Բայց անիկա՞։

Անիկա ա՛լ մարդն է գերեզմանին։ Անոր աշխարհը այս քարերուն անկանոն ու անհուն սալարկն է միայն։ Ու անոր տունը այդ երաժիշտ հիւղակը։ Անիկա պիտի մեռնի, Մելքոն աղբարին պէս հո՛դ։ (Նայեցաւ հիւղակին9։ Բայց աչքերը բա՛ց։

Ու աշխարհը ձգող վանականին պէս, անիկա տխրեցաւ մէկէն։ Բայց կարճ էր այդ վայրկեանը։ Գլուխը թօթուեց։ Անցեալը թաղելու անգիտակից շարժում մըն էր ըրածը։ Ինչ հասկցած էր անկէ։ Ու մանաւանդ ուրիշները։ Այսինքն անոնք, որ ամէնէն աւելի նախանձելի եղած էին։

Կանգուն մը կտաւ ու այնչափ ալ հող։ Առ ու պառկէ։ Այսպէս ըսած է ժողովուրդը։

Այն ատեն քալեց, ձեռքերը կռնակին կպած։ Ու իր պատկերներով տառապած մտքին մէջ, անիկա հակազդելու համար մահուան մտածումներուն ու մանաւանդ գացող պահապանի ուրուականին, իջաւ իր անցեալին, բնական, դիւրին քայլով մը։

Արեւը տաք էր ալ ու շուքերը դարձած էին կէս մը արեւելք։

Այս էջքը քաղցր էր մանաւանդ հիմա, երբ ալ գոցած կը կարծէր աշխարհի հետ իր հաշիւը։

* * *

Պատանի էր գրեթէ, երբ անոր ճիտին կապեցին կանանչ շարը ու ժամ տարին փեսայ ընելու։

Անիկա տխուր էր, հակառակ օրէնքին ու անոր ճակտին սեւ գիծեր եկան։ Պատանի ճակտին սեւ գիծեր եկան ու մէկը չտեսաւ ցաւը, որ կախ էր անոր թարթիչներէն։ Ու մէկը չտեսաւ բախտը, որ իր սեւ շղարշը բռներ էր անոր գլուխին։

Անիկա նայուածքը չվերցուց ու չբացաւ բերանը։ Պատասխան չունեցաւ տէրտէրին հարցումին ու անոր մատները չփական աղջկանը մատներուն։

Համ չարաւ հարսնիքէն ու չմտաւ մեծ պարին, ուր տղաքն ու աղջիկները, այրերն ու կիները քիչ մը խենթ կը դառնան։ Ու չխմեց օրհնուած գինին։

Ու առագաստը մտաւ անէծքը սրտին։

Անիկա չսիրեց հարսը, որ չոր, տաշուած տախտակի պէս չոր հասակ մը կը բերէր անկողին։

Անոր մատները ոսկորներ միայն գտան։ Ու զարհուրելի էր մանաւանդ վանդակը կուրծքին, գիծ–գիծ, ու ակօս–ակօս։ Բայց չհասկցաւ ափերուն խոնաւ կրակը ու մատներուն ապակի սառոյցը։ Ու առջեւի գիշերէն անոր հոգին երկարեցաւ միւսին ետեւէն։

* * *

Անիկա, տարիներ ու տարիներ իր մէջ ապրեցուց առջի նշանածը, թարմ, արիւնոտ վէրքի մը պէս փորելով շարունակ անոր յիշատակը։

Անոնք շատ պզտիկ էին, երբ նշանով արգիլուեցան իրար տեսնելէ։ Գեղը իր օրէնքները ունի։

Բայց նոյն թաղին մէջ, անոնք օր օրի պատեհութիւններ գտան իրարու հետեւելու։ Բնազդով գուշակեցին ժամերը, երբ աղջիկները սափոր ուսին՝ աղբիւր կը դիմեն։ Ու տղաքը բահ, բրիչ ուսին՝ պարտէզ կը շտկին։

Գրեթէ ամէն առտու, աղբիւր տանելու համար, անիկա առջին ձգեց Բաբէթին պզտիկ հասակը, որ կարմիր պարեգօտին մէջ դողալ կը սկսէր։ Ու կախուեցաւ հոգիովը անոր մազերուն, որոնք ոսկի ջուրի պէս կ’իջնային անոր կռնակին ակօսէն։ Ու իր հետ, աշխատած տեղը տարաւ անոր երեսները, այնքան կարմիր։

Ու հակառակ օրէնքին՝ անոնք խօսեցան գիշերուան խորերուն, երբ մութը ձեւերը կը մեռցնէ, բայց հոգին անլոյս պայծառութեան մը պէս երեւան կը բերէ։

Խօսեցան։ Չհամբուրուեցան։ Իրար չկսմտեցին։ Անոնք իրար կը սիրէին, երբ պատանի չէին տակաւին։

Ու անոնք կը մեծնային, ամէն մէկը իր տունին մէջ, բայց իրարու համար։ Պզտիկներու ձեռքով անոնք պտուղ ու շաքար հասցուցին իրարու։ Ու անոնց ներքին աշխարհը իրարու համար պատրաստուած՝ մատուռի նման ջահուած էր ու անարատ։

Անոնք չգիտցան սահիլը տարիներուն։ Ու երբ առաջին դողերը ինկան Բաբէթին պզտիկ ծիծերուն ու առջի խռովքը պզտիկ սարսուռներ քալեցուց տղուն ողնայարէն, արդէն մօտ էր հարսնիքը։

Բայց կորսուած թէ գողցուած հաւու մը համար տղուն հայրը կոտրեց նշանը։ Պարապի գնաց դրացիներուն միջամտութիւնը ու տէրտէրին խրատը։ Խնամիներուն կռիւը անդրադարձաւ տղոցը ճակատագրին։ Բաբէթը տուին խման ձկնորսի մը, որ լիճին մէջ անհետ եղաւ քառասունքը չբոլորած։ Աղջիկն ալ կը խեղդուէր երկունքի արիւնէն։

Բայց տղուն հոգին չմոռցաւ անիկա։

Իրեն չհարցուցին, երբ իր նոր նշանածը գտան։ Չէր տեսած, բայց լսած էր դեղին ու չոր այդ աղջիկներուն մասին, որոնք կը վախնան ջուրէն ու հովէն, նազարէն ու պուկիէն։ Գեղը իր խելքը ունի։ Աղջիկները ձեռքէ ձեռք կը խլուին դեռ տասնին չմտած։

Ու Աննան տունը կը մնար տասնհինգէն մօտիկ։ Առածը այրի մըն էր կարծես։

Ու չսիրեց իր հարսնուկը։ Բայց չատեց ալ։

Բ

Գերեզմանը փոքրիկ գեղ մըն է։

Անոր բաժանումները, երեսը, թաղերը, կածանները հաւատարմութեամբ, բայց մանր չափի մը վրայ կը կրկնեն վարի տուներուն համախմբումն ու պատկերը։

Հարուստները հոս ալ կը շարունակեն իրենց փառքը, մաքուր ու մեծ մարմարներու շքեղութեամբը զարդարուած։ Անոնց շիրիմներուն՝ ծաղիկներն ու վարդերը հոտ ու գեղեցկութիւն կը ցանեն ամրան օրերուն, երբ բլուրներուն երեսներն անգամ կը կռընձին երաշտէն ու գերեզմանը, սովորականը՝ խոտի դեղնած պատանքին մէջէն հազիւ դուրս կը հանէ անզգած ձանձրոյթը քարերուն։ Ու եղեւնիներ ու պարապ մայրիներ շուք ու հպարտութիւն կը լարեն, երբ իրենց ներքեւ լացողները, ոսկիով կամ արծաթով, ճերմակ կամ թուխ, վիզերնին վեր՝ կը նստին մեռելքարի եզերքին ու պառկողներուն գովքը ըրած ատենն անգամ իրենց կը խորհին։

Բայց կեանքը հարուստներուն չէ տրուած մինակ, որպէսզի այդպէս ոսկիով ու վանդակով մեռնին։ Անիկա պարզ հողքերու ու համեստ քարերու անհատնում ալեկոծութեան մը կը նմանի գերեզմանին մէջ։ Ունի իր հրապոյրը, եթէ ոչ իր փառքը։ Կանուխ կամ ուշ բոլոր այդ մարմարեայ յաւակնութիւններէն անսկիզբ մոռացումը պիտի թափթփի, անվերջ անձրեւի մը պէս։

Ու ինչպէս կեանքին մէջ, հոս ալ բազմութիւնը կ’երթայ իր պարզ քարերուն։

Այն ատեն յարութեան շունչին պէս բան մը կ’անցնի մեռելներուն վրայէն, ողջերուն բերնովը։

Ու պառկողները կ’ելլան կանչուած կամաց–կամաց։ Անոնք ըսելիք ունին։

Մայր մըն է յաճախ, որ ձայնին տուած իր գորովն ու կարօտը, կը խօսի իր տղուն, արտէն ու այգիէն, ձիէն ու զէնքէն։ Անոր կը յայտնէ անունները թոռներուն ու անոնց արցունքոտ որբութիւնը։

Երբեմն երիտասարդ այրի մըն է, որ պզտիկի մը հետ կը նստի հողակոյտին առջեւ ու կը պատմէ պառկողին հասակն ու գեղեցկութիւնը տղուն, անոր խաղերն ու խաղալիքները։ Ու անոր մանուկի, որբ մանուկի անսփոփ տրտմութիւնը։

Ուրիշներ, ընդարձակ գերեզմանին գրեթէ ամէն անկիւններէն իւրաքանչիւրը, հագցնելով վայել տարազ մը մահուան մեծ վշտին։ Ու ծայր կու տայ լացը, լայն, երկար, ծաւալուն ու սրտառուչ։

Ու դիւրին է հետեւիլ, այդ լացերուն մէջէն, կեանքի անսահման տրամին–հազար վարագոյրով ու անթիւ դերակատարներով, բայց միօրինակ վախճանով, որ մարմին կը դառնայ ու կը թափառի արեւին։

Ամէն օր կրկնուող այս ողբերգութիւնը գաղտնիք չունի ա՛լ պահապանին։ Ու ինչ որ վարը տուներուն մեծութենէն խեղդուած՝ ատեն չէ գտած յայտնելու, հոս պզտիկ բերանէ մը ու քանի մը գովքերէ՝ կը տրուի ամէնէուն հասողութեան։

Ու անուններ, ու տառապանքներ, ու զրկանքներ, ու երջանկութիւն ու սէր։ Ու բոլոր փառքերը, ու բոլոր վայելքները։ Պահապանը կրնայ նայիլ իր անցեալին թեթեւ աչքերով։

Յուզումի այս ամէնօրեայ կրկնութիւնը, ամէն օր բացուող ու գոցուող գերեզմանին սարսափը, ամէն օր թարմացող ու չհատնող մարդկային մեծ տառապանքը տեսակ մը հանդարտութիւն են բերած անոր ջիղերուն։  Ասպարէզի  անզգացութիւն որ մահուան պաշտօնեաները կը պաշտպանէ ու անոնց երկրորդ բնաւորութիւն մը կ’ըլլայ։

Անիկա անփոյթ պատրաստութեամբ մը կը սպասէ ժամուն, երբ կիներուն խումբը կ’անցնի պարիսպի մեծ դուռնէն ու, դառնալով հիւղակին՝ կ’երկարէ քարի կամ կղմինտրի բեկոր մը, կրակը առնելու համար։

Առանց աճապարանքի, բայց կիսաժպիտ, կ’առնէ մանաւանդ յատկապէս գերեզմանի համար պզտիկ թիերը, կը լեցնէ անոնց մէջ կրակին լաւ մասը ու կը սպասէ միւսներուն։

Կը պատահի, որ բարի պառաւ մը կտոր մը պանիր հանէ իր շալին փաթէն, ու գողտուկ–գողտուկ դնէ հիւղակին անկիւնը։ Բարիքը Աստուած կը տեսնէ մինակ։

Պահապանը կ’օրհնէ, ինչպէս սովորութիւն է ատիկա։ Կը տեղաւորէ բերուածը առէքին ու կու տայ կրակը, բարի ու անտարբեր։

Ու քաղցր աչքերով կը հետեւի անիկա կիներուն, որոնք տարիքի ու գեղեցկութեան բոլոր աստիճաններովը, իրենց զարդասիրութեան կամ պարզութեան ունայնութեամբն ու համեստութեամբը իրենց կսկիծը կամ ասոր շինծու պատկերը կը տանին հողքերուն։ Անոնք պիտի լան, որը սուտ, որը սրտանց։ Պիտի թեթեւնան կամ պիտի ծանրանան պարպուած վշտէն կամ խաբուած խղճմտանքէն։ Աստուծոյ գիտելիքն է ատիկա։

Ու անոնց ձայնը՝ հեռուէն, բարակ, երկարուն, կեանքի ծանր ու զգլխիչ ալիք մըն է, տաք, որ սիրտդ կ’առնէ երբ երիտասարդ ու շքեղ կոկորդներէ դուրս կու գայ։ Ու կը դողայ պահապանը, անբացատերելի յուզումով, երբ կիներու այդ բխումը, արեւին մէջ հանդարտ ու մելամաղձոտ ծփանքի մը պէս կը պտտի հեշտանքին ու կը դպի իր բերնին ու միսերուն։ Անիկա կը դողայ, մասնաւորապէս խորունկ, երբ կտոր մը երգ կ’անցնի ականջին դուռնէն ու կ’երկննայ անտես ապրշումին պէս, դէպի մութ աշխարհը, ուրկէ ուրիշ թելեր կը քաշուին, կը բարձրանան, կարծես միանալու համար եկողներուն։ Այն ատեն ասեղներ կ’անցնին իր միսերուն ներքեւէն։

Բայց ասիկա չի տեւեր։

Քահանան։ Մաշտոցը անութին, բարի բառեր, օրհնութիւն ու պահպանիչ շրթներուն։ Խումբէ խումբ ու հողքէ հողք։ Անիկա կը կարդայ մեռելներուն վրայ, կը մխիթարէ ողջերը եւ կը գրպանէ տասնոցները։

Ու երբ յարութիւնը ընդհանուր դառնայ ու փորձուի յուսահատ գուրգուրանքին ու անամոք վշտին մեծ բարբառը, օդին մէջ սաւառնող աներեւոյթ էակներուն հետ, Շահպազ, ծանր–ծանր, կը քաշուի իր ընտանեկան գերեզմանը։

Ու նստած կնկանը քարին վրայ, որ սեւցեր է ալ բոլորովին, հակառակ իր կամքին, կը հանէ անոր չոր, տաշուած տախտակէ հասակը ու կը դնէ կուշտին։

Անիկա չսիրեց իր կնիկը։ Բայց չատեց ալ։

Երբ հարսնիքին շաբաթը անցաւ ու Աննային մատներէն հինան աղօտիլ սկսաւ, Շահպազը ուշադիր նայեցաւ անոր երկար հասակին առաջ ծռող ուսերուն  ու  մանաւանդ  երեսին ոսկրակոյտին։ Դրաւ անիկա, մտքովը, քովիկը Բաբէթին ու զգաց, որ բան մը կը փրթէր, կ’երթար իր ներսէն։ Նիւթական ցաւ մը գրեթէ, որ զարկաւ սրտին ու աչքերը պղտորեց։

Յետոյ գլուխը կախեց։

Ճակտի գիր, մտմտաց։ Ու բահը շալկած եկաւ դաշտ, աշխատանքի։

Այդ շաբաթէն իսկ, անոր երեսին ընդմիշտ ջնջուեցաւ ժպիտը։ Ու անոր ճակտին սեւ գիծերը, կանուխ-կանուխ, լայնցան ու խորացան։

Անիկա մութին եկաւ տուն. մութ ելաւ անկէ։ Չերեւաց ուրիշներու նման սաքուներու ամբոխին, ուր զոյգերը, անկողին ելլելէ առաջ քիչիկ մը երիտասարդութիւն, երբեմն ալ գեղեցկութիւն կը ցուցադրեն։ Չիջաւ հաւաքատեղիները գիւղին, մանաւանդ տօնական օրերուն, երբ երիտասարդները իրենց կիներուն պարին կը նային, կալերուն շրջանակէն։ Ու անիկա չգնաց հարսնիքներուն, չտեսնելու համար հմայքը հարսնութեան, որ աղջիկները կ’առնէ զմայլանքի հովանիին տակ։ Չգնաց նորէն մեռելներուն, որ կիներուն գեղեցկութիւնը քովէ քով կու գայ դագաղի եզերքին։

Այդ տարին։

Անիկա խածաւ շրթները ու սեղմեց բահը։

Զատուեցաւ հօրմէն, չկրնալով անոր անտարբեր լռութեանը հանդուրժել ու առանձին աշխատեցաւ։

Բայց ի՜նչ աշխատանք։ Անիկա մոռցաւ, թէ մարդկային էր իր ուժը։ Ու մխրճուեցաւ հողին։

Հեշտանք, փրկարար գորով մը կու գար իրեն, դարձուած ամէն մէկ կոշտէն։ Կը մանրէր գորշ նիւթը, յաճախ ափերովը ու անոր խոնաւ հպումէն տարօրինակ համեր կը հանէր իր մատներուն մէջ։

Կը մոռնար ժամանակը։ Երբ իրերուն դիմագծութիւնը պղտորէր ու փայլը տժգունէր իր բրիչին, այն ատեն կը կենար։ Հաճոյք էր իրեն համար մութին այս էջքը, մեծ, խաղաղ, որ իր տակը կը խեղդէր բոլոր զարտուղութիւնները ու նոյն ատեն բոլոր գեղեցկութիւնները։

Տուն գալու համար կը սպասէր, որ փողոցները հանդարտէին ու դրան առջեւներէն հատնէր կիներուն խումբը, իրենց միսերուն բոլոր փորձութիւններովը։

Անոր համար տունը գերեզման մըն էր, ուր կը մտնէր աչքերը փակած։ Սեղանը կը նստէր՝ աչքերը ներսը դարձուցած։

Չխօսեցաւ հօրը հետ, որ օճախին անկիւնէն իր ծխափողը կը փչէր, տարտամ լոյսին տակ։

Ու քիչ բառ փոխանակեց մամային հետ, որ անոր չափ, թերեւս անկէ աւելի վիրաւոր եղաւ տգեղ իր հարսովը։

Քիչ խօսեցաւ հարսին հետ, որ արտակարգ զգայնութեամբ պատանի մըն էր ու մահուան գրուածներուն դալուկն ու կեանքին ետեւէն անոնց ահաւոր ծարաւը կը կրէր իր միսերուն տակ։

Ու փեսայ չեղաւ, ուրիշներու կարգին, երթալու համար տունը զոքանչին, որ հոգի կու տար արսլան իր զաւկին։ Չկերաւ բոլոր պահծուները, որոնք Աննան կը բերէր մէրանցը տունէն։

Ու լուռ, ու մռայլ, ան գործի գնաց, իր աւանակով։

Չլսեցին ատոր բերնէն գանգատ կամ գովեստ։ Ինքն իր մէջ դարձած, ինքն իր մէջ խորացող այս երիտասարդը հանելուկ եղաւ թաղին կիներուն։ Պառաւները անոր մայրը թուղթին ղրկեցին ու քահանան կարդաց անոր լաթերուն վրայ, ու օրհնած ջուր ըրին անոր չուխային։

Բացի մամայէն ոչ մէկը մտքէն անցուց Բաբէթը յիշել անոր անունին հետ։ Այնքան քիչ բան է սիրտ ըսուածը գեղերուն մէջ ու հովէ բան մը՝ նշանը տղոց։

Չխօսեցաւ թաղին հարսներուն, երբ աղբիւրին առջեւ անոնք ջուր տուին իր աւանակին։ Ու մտիկ չըրաւ պառաւները, որոնք առտուն կանուխ ժամուն ճամբան անոր կը հարցնէին տունէն, մօրմէն ու հօրմէն, ու հարս Աննայէն։

Բայց օրերը կ’երթան, մենք խօսինք ու չխօսինք։

Երբ հարսը փորովցաւ, Շահպազին հոգին պզտիկ մը լուսաւորուեցաւ։  Անիկա չէր  հասկնար, թէ ուրկէ  կու  գար այս ճառագայթը։ Բայց նայեցաւ կնկանը երեսին քիչ մը նուազ պրկուած։

Անոնց անկողինը տաք սկսաւ առաջին իսկ տարիէն։ Աննային միսերուն վրայ շատ բարակ կրակ մը, ամէն գիշեր, եկաւ ու չգնաց մինչեւ առտու։ Մեծ բան մը չէր։ Բայց կինը մատները չէր կրնար գոցել։ Ու լեզուին վրայ լեղի բանի մը տարտամ հետքը, որ կը փախչէր առաջին ջուրին։

Շահպազին մատները հանդիպեցան այդ նիհար բոցին, մանաւանդ ծիծերուն ներքեւ ու անիկա կրցաւ զատել պզտիկ կէտերը, ուրկէ կարծես կը բխէր տենդը, երկու վզի մէջտեղներէն։ Օր մը, չես գիտեր ինչպէս տուն մտաւ պզտիկ հազ մը, նեղ ու ճմռկուած հազ մը, որ կոկորդէն ելլելու ատեն կը ճանկռտէր կարծես հոգին։ Բակին մէջ, աւելին տակը, կամ սանդուխի գլուխներուն, երբ հարսը վեր ելլէր հազը կու գար, ձեռքով կանչուածի պէս ու կը թռչէր օդն ի վար կամ օդն ի վեր։ Օր օրի անիկա ընտանի բան մը դարձաւ։ Ունեցաւ իր որոշ պահերը։ Անակնկալի բերաւ հարսնուկը օճախի շեմին։ Բայց ճշդապահ եղաւ մանաւանդ գիշերներուն։ Երբ հարսին մատները երկարէին վերմակին, պահուըտած տեղէն, բարձին տակէն կ’ելլար անիկա, կը մտնէր կուրծքէն ներս ու կը սկսէր ծեծել անոր վանդակը, միօրինակ, անողոք, անարձագանգ ու խոնաւ։ Ու չգնաց անիկա՝ հակառակ բոլոր աղօթքներուն ու բոլոր դեղերուն։ Արհամարհեց բժիշկը, թուղթը գրողը, տէրտէրը ու կախարդի համբաւ ունեցող պառաւներուն միջամտութիւնը։

Ի վերջոյ վարժուեցան։ Բայց հարսը չէր հաշտուած իր պարտութեանը։ Անիկա սեղմեց կզակները, աչքերը դուրս իյնալու աստիճան, վար մղելու համար անոր սղոցումը կոկորդէն։ Ու քրտնեցաւ, իր ճիգին մէջ, զսպելու համար անոր ճնշումը կուրծքին վրայէն։ Այս արգելքները զգուշաւոր ըրին թշնամին։ Բայց անիկա միշտ գտաւ յարձակումի յարմար պահերը ու կամաց–կամաց զգետնեց դիմադրութիւնը։

Ու տէրն էր տունին։ Դրացիները գիտէին անոր կատաղութիւնը, մանաւանդ լուսադէմին։ Ու դպրոց գացող տղաքը ու գործի իջնող մարդերը կարծես պակաս մը կը զգային, երբ անոնց դուռին մօտերը չդիմաւորուէին անոր պատկերէն։

Բայց ամէնէն աւելի անկէ Շահպազը տառապեցաւ։

Ան չկրցաւ իրմէն վանել այդ ձայնը, աւելի ճիշդ՝ սուր այդ գիծը ու անոր հետեւող բզկտումի զգայնութիւնը։ Աշխատութիւնը անգամ քիչ կու գար անոր տպաւորութիւնը թաղելու համար իր ներքեւը։ Օրուան այն պահերուն, երբ յօգնութիւնը ծանր կշիռքի մը պէս կախուեր իր մատներէն ու միսերը քաշուելէն–քաշուելէն կոտտալ սկսէին, անիկա ծունկերը կու տար գետինին։ Բայց անմիջապէս կը փրթէր միւսը, սրտին մէջ բերելով գանակոծ իրենց սենեակը, կրակ ինկած անկողինովը ու բռնկած հարսնուկովը, որ մատներովը կը պաշտպանէր կոկորդը, յետոյ կը բռնէր ու կը սեղմէր, բանտարկելու համար հոն ապաստանած եղերական կենդանին։

Ու մութին տուն եկաւ։

Հազը կը յարգէր անոր մուտքը դուռնէն։ Կը սպասէր, որ քակէ տրեխները ու կապէ աւանակը։ Լուացուի։ Ու սեղան նստի։ Հարսնուկը այդ պահերուն կը բզկտուէր կոկորդէն։ Սրտին նուաղում կու գար։ Բայց կը զսպէր։

Ու Շահպազը գիտէր ատիկա։

Չէր սիրեր իր կինը։ Բայց չէր ալ ատեր։ Կը մեղքնար անոր երիտասարդութեանը, մանաւանդ երբ իր ցաւին վրայ, անոր հետ գրեթէ, կը մեծցնէր իր փորին մէջ ուրիշ մը, ան՝ որ պիտի գար տեւելու, երբ ինք անցնէր մուխին պէս։ Կը մեղքնար, որ չէր կրնար խնդալ սրտէն, այնպէս խորունկէն, ինչպէս ըրած էր ատոր երազը Բաբէթին համար։

Ու անոնց սենեակը չեղաւ այն պզտիկ մատուռը, որուն մէջ հոգիէ հոգի տիեզերքին ճակատագիրը կը թաւալի։ Ուր իրարու եկող երկու սրտերու զարկին մէջտեղը կեանքին ամէնէն մեծ խորհուրդը հնչիւն, իրականութիւն, պատկեր ու սարսուռ կը դառնայ։

... Ու անոնց օրերը արեւ չտեսան։

Անոր հայրը մեռաւ՝ գողցուած հաւուն վրէժը սրտին։ Հոգեվարքի անկողինին մէջ անգամ երեսը դարձուց պատին, չտեսնելու համար խնամի Սարգիսը, Բաբէթին ալեւոր հայրը, որ եկած էր հաշտուելու մահուան դուռին առջեւ։

Թաղեցին անիկա առանց իր տղուն, որ գլուխը գետին էր զարկած, հիւանդ ըլլալուն։ Ըսին, թէ պատրուակ էր։ Աստուած գիտէ, թէ որն է իրաւ։

Ան չունեցաւ անդրանիկ մանչը։

Ձեր ինչի՛ն պէտք, թէ գեղի տղաքը ինչպէս կը ծնին։ Բայց ան, որ առաջնութիւնը ունեցաւ Շահպազին աչքը լուսելու, նորէն չտեսաւ անոր դէմքին գիծերու թեթեւ այդ շարքը, որ ժպիտ կը կոչուի։

Թող մեծնայ տղան ու մայրը հալի ասդին, հալի որքան որ կրնայ հալիլ մայրերուն կաշին։

Ու Աննային կուծքը սնունդ կու տար երկու հոգիի, մէկուն՝ ճերմակ իր կաթէն, միւսին՝ կարմիր արիւնէն։ Ու հազն ու տղան քերթեցին անոր միսերը, յղութեան ամիսներէն գողունի հայթայթուած կեանքին պահեստը։

Պառաւները ժողովք ըրին ու տղեկը զատեցին մայրիկէն։ Մանուկը անցաւ մեծ մօրը անկողինը։ Անիկա պզտիկ շրթունքները վարժեցուց այծի մը ծիծերուն։ Ձմեռը շաքարաջուրը գտաւ։

Ու պէտք եղաւ մեծ մայրիկներու անսպառ կախարդանքը, ու անոնց անսպառ խղճմտանքը քիչիկ մը միս ու գոյն ու շարժում ճարելու համար ոսկորներու պզտիկ այդ խուրձին, որ անոր մարմինը կը շինէր։ Մազ եկաւ անոր փորուած ու գծաւոր գանկին։ Ու հոգի, արտայայտութիւն ինկաւ թոռմած խաղողի նմանող անոր աչուկներէն ներս։

Տարի մը ետքը, պզտիկ ու թափանցիկ ան իր մատները երկարեց հայրիկին, բայց այնքան անձայն, այնքան յոգնած, որ Շահպազը վախցաւ։

Թեթեւ տաքութիւն մը, քիչ մը արիւն վերէն ու վարէն, տարին տղեկը երեք օրուան մէջ։

Էրիկ–կնիկ բան չհասկցան այս հարուածէն։ Այնքան շուտ եկած էր անիկա։

Երբ գերեզման բերաւ անոր ափ մը մարմինը ու դրաւ հանգիստի քարին, այն ատեն զգաց, որ աղիքները կը դառնային ներսը եւ կոկորդին մէջ դանակի բերան մը լայննալէն կը հասնէր քիմքին։ Ուզեց լալ ու չկրցաւ։ Ոտքերը կեցան ու ձեռքերը ուսերէն վար կախուեցան այնքան անուժ, որ վախցաւ, թէ հալած էին։ Ժամկոչը գրկեց մեռելը ու տարաւ փոսին քով։

Հողը կործելէն առաջ բացաւ անոր շլացիկ պատանքը, ու գամի մը պէս բան մը սիրտը ծակեց, երբ նայեցաւ կապուտիկ կոպերուն ու արեւէն աղուորցած դեղին այտերուն; Ու ծռեցաւ՝ շրթունքը դնելու անոր պզտիկ բերնին ու խաչուած թաթիկներուն։

Երբ հողին կոշտերը թաւ ձայնով մը ինկան տղուն դիակին, անիկա կարծեց, թէ սիրտը խեղդուէր պիտի։ Ի՜նչ խորունկ է չտեսնուող այդ կապը։

Բայց չտեսան նորէն լալը, ինչպէս չէին տեսած խնդալը։

Իրիկունը շուտ անկողին մտաւ։ Իրմէ առաջ հոն էր Աննան, դարձեալ փաթթուած կրակէ իր շապիկին մէջ։ Ու հազը լարած էր մեքենան։

Անոնք չխօսեցան ժամերով։ Մէկը իր հազին ընդհատներէն, միւսն ալ իր ցաւին դադարէն խորհեցան պզտիկին, որ տունն էր առտուն ու չկար հիմա։

Գիշերը կէս եղաւ։

Արթո՞ւն ես, մարդ։

Ինչո՞ւ չես քնանար։

Ու տղուն յիշատակին ու անմեղութեանը դիմաց անոնց սառնութիւնը հալեցաւ քիչ–քիչ։ Հայրը խօսեցաւ։ Խօսեցաւ այն օրերէն, երբ պզտիկին հետ պիտի աւարտէին Մանթաշի մեծ արտին քիրիզմէն։ Անոր պիտի տար օճախին անկիւնը, ալեւոր ու հանդարտ։ Կամ ժամուն բակը իր տեղը պիտի ունենար տէրտէրին քովիկը մեծ արիշին տակ։

Ու մայրը վերաքաղն ըրաւ իր յոյսերուն, փափաքներուն, ցաւերուն, երկունքին ու դիեցումին։ Ան ալ փեսայ ըրաւ իր տղան։ Ունեցաւ թոռներ ու  մեծ մօր պէս  դողդողաց անոնց ամէն  մէկ մազին, ու տկարացաւ անոնց ամէն ուզածին դիմաց։

Պզտիկ կանթեղը քանի մը կայծ նետեց պարապին։ Հեգնութիւ՞ն, թէ օրհնութիւն։ Մարդերը չհասկցան իրարու լեզուն։

Հովը կ’անցնէր բացէն թէ մօտէն, դող տալով ապակիներուն, որոնք լռութեան մէջ, իրարու սրտին նման կը հեծկլտային երկա՜ր–երկա՜ր։ Ու պատուհանէն աստղերը կը շարունակէին նայիլ ու կենալ։

Անտուն, անթափանց առեղծուածը, պզտիկ սենեակէն մինչեւ ամբաւութեան դաշտերը։

Անհուն ու անսփոփ վիշտը, որ հոգիներուն եւ իրերուն վրայ պիտի չպակսի։

Ու մահը, անողոք առեղծուածը նորէն, զոր չլուծեցին աշխարհի բոլոր իմաստունները։

Անոնք մտածուած ըլլալէ աւելի ներքնայայտնութեամբ զգացուած աղօտ զգայնութիւններ էին։ Ու դուրսի ցուրտէն թէ մտքին պաղէն՝ որոնք իրարու մօտեցան։ Ու առանց բառի, տեղի ունեցաւ եղերական գիրկընդխառնումը, մահուան երեսին նետուած անարգանքի մը պէս։

Անիկա չէր սիրեր իր կինը։ Բայց չէր ալ ատեր։

Ու եկաւ երկրորդ տղան, որ գնաց ինչպէս առաջինը։ Ու երրորդը աղջիկ էր։

Առին անիկա, ծնած վայրկեանէն, մեծ մայրիկին սենեակը։ Պառա՜ւը։ Անիկա երիտասարդը եղաւ ճերմակ մազերով ու վազեցուց պզտիկը թաղին բոլոր ծծկաններուն։ Ու մայրերը տուին անոր թոռանը իրենց կաթէն, առանց հաշիւի։ Անոնք ալ մայր էին։ Ու կը հասկնային, թէ ինչպէս օճախ մը կը մարի։

Աղջիկը մեծցաւ կարմիր, շատ կարմիր երեսներ գտաւ  ու  հօրը նայեցաւ պզտիկ ժպիտովը իր սեռին։ Բայց ան ալ լուռ էր ու դատապարտուած։

Թաղեցին անիկա միւսներուն մօտիկ։

Երբ չորրորդը աշխարհ եկաւ։ Աննան հոգեվարք էր։

Երկունքի  սենեակէն  Շահպազ լսեց կնոջ աղաղակը, որուն  մէջ անոր բնազդը ուրիշ աշխարհի մը զարկը ճանչցաւ, ու հակառակ օրէնքին, որ այրերը կ’արգիլէ տղաձգաններու մօտենալ, հրեց դուռը ու ներս մտաւ։

Ան չտեսաւ իսկ կիներու իրարանցումը, պառաւներուն յանդիմանական բացագանչութիւնները։ Ուղղուեցաւ կնոջը սնարին ու ափն առաւ անոր բազուկը։

Հիւանդը ազատած մէկ մահէն, կը մտնէր միւսին մէջ։

Անոր ձեռքը կորսնցուցած էր արդէն մարդկային միսին հեռաւոր պատկերը։ Ի՜նչ բարկացրեր էին մատները, Տէ՜ր։ Ու ինչպէս չէր տեսած ատիկա առտուն։

Ու զարհուրած նայեցաւ անիկա կնկանը երեսներուն։ Ինչպէ՜ս չէր տեսած ատիկա առտուն։ Բայց կաշի կար միայն իր առջին, ու ինչ կաշի։ Ինչպէ՜ս այդ ոսկորները չէին քակուէր իրարմէ ու մանաւանդ ինչպէ՜ս կը դիմանար ճմռթքուած այդ մաշկիկը ոսկորներուն, որոնք ամէն կողմէ կը ճնշէին դեղին այդ պատանքին։

Անիկա մնաց գլխուն վերեւ։ Չհեռացաւ՝ հակառակ մօրը թախանձանքին ու պառաւներու դժգոհութեան։

Տղեկը տարած էին։ Ու կիները շուարուն իրարու կը նայէին։

Հիւանդին աչքերը գոց էին ու շունչը մեղմացած։

Երբ քահանան մտաւ ներս, հաղորդութիւնը ձեռքին, պառաւը բռնեց ձեռքէն ու դուրս ըրաւ երկուքը մէկէն։

Ներս մտած պահուն անկողինը մաքուր էր։ Հաղորդեցին հարս Աննան։ Անկեց ետքը կարելի էր հանդարտութեամբ սպասել մահուան։

Տէրտէրին մեկնումէն ետքը, դրացիները, մէկիկ–մէկիկ, եկան տեսնելու հիւանդը, խօսելու անոր հետ վերջին խօսքը, ու ելան գացին։

Օրը իրիկուն էր։ Պառաւը դուրսն է, զբաղած պզտիկներով։ Ու Աննային մօտիկ հոգիները, մայրն ու քոյրը ու թաղին քանի մը մեծ կնիկները շրջապատած են անկողինը։

Շահպազը ծունկի է, գլուխը նայած կողմին։

Հազը մեկնած էր շատոնց։ Ու Աննան կը խօսի, ցած, երբեմն լայն, միշտ հանգիստ։ Բան մը ելլալիք հոգի՞ն արդեօք մաքրած է կոկորդին ճամբաները։

Կռնակին բարձ։ Աչքերուն՝ արեւն–գոյն պայծառութիւն, բոց՝ պիտի ըսէր բանաստեղծը։

Ու խօսեցաւ հարս Աննան։ Անիկա չէր վախնար մահէն։ Գիտէր, թէ մէջքէն վար կախուած էր արդէն գերեզման։

Ու թերի բառերով, որոնք կրակի պէս կը տաղեն ունկնդիրներուն հոգին, ան հրաժեշտը կու տայ աշխարհին։

Ամէնէն առաջ բարի ու մեծ պառաւներուն, որոնց ծունկին իր դժբախտ ճակատը կրակ դրաւ տարիներ, ու շրթունքներն ալ՝ արիւն։ Որոնք լքուած հարսնուկի, անբախտ հարսնուկի իր կեանքը անուշցնել ջանացին ու գէշ ժամերուն անոր մարմինը մահէն ետ բերին։

Անոնց անունները կու տայ զատ–զատ, բառի մը մէջ դնելով ամբողջ մարտիրոսութեան մը երախտիքը ու արեւ ու երջանիկ մահ կը մաղթէ իւրաքանչիւրին։

Ու ձեռքը կ’երկարէ մայրիկին։ Ամէն երիտասարդ հոգեվար ինքզինքը մահուան լքելէ ետքը, անգամ մը կը նայի մամային։ Ինք կ’ազատի, բայց մնացո՞ղը։

Ու անիկա հրաժեշտ կու տայ մայրիկին, որուն սիրտը ասանկ պատառ–պատառ խորտակեց ու դեռ չմեռած իր գերեզմանը հոն զետեղեց։

Անիկա ներող է հիմա։ Բարիք ու կեանք կը մաղթէ կեսուրին, որ հազին հետ, հազին չափ, արիւնին հետ ու արիւնին չափ չարչարեց զինքը տարիներ ու տարիներ ու ամէն օր յանցանքի մը պէս իր ճակտին զարկաւ չարաշուք իր ցաւը։

Անիկա կը համբուրէ անոր ալ ձեռքը ու չի կրնար աւարտել իր բանաձեւը։

Սենեակը կը պարպուի։ Սիրտ չի դիմանար։ Բայց իր մանուկը քովն է անոր ու չի զատուիր։

Կը նային իրարու։

Այն ատեն աչքերուն կրակը կը բացուի քիչ–քիչ, վանուելով հոգիին ճնշումէն։

Ու կ’ըլլայ պայծառ, ինչպէս եղան առագաստ մտնող աչքերը հարսներուն։

Ու անոնց վրայ, զմայլելի յստակութեամբ մը անսահման, չբաժնուած գորովը, որ կիներուն սիրտէն կը շինուի ու կը վատնուի համբոյրով ու խօսքով, տղոց կամ մարդուն։ Ու անոնց վրայ չապրուած երիտասարդութիւնը, որ մէջքէն կտրուած շուքի մը պէս հողին կը պառկի։ Ու սէ՜ր. մանաւանդ սէ՜ր, ամբաւ, տիեզերքին չափ մեծ սէրը երիտասարդ կիներուն, որ հող ըլլալէ առաջ ինքզինքը կ’այրէ, այդքան անուշ ու այդքան հզօր։ Ու արցու՜նք կ’ըլլայ։

Ու դէմ դէմի հանդիպակաց աչքերէն արցունքը կ’ըլլայ ու կը թաւալի լոյսէ  գնդակի մը պէս ուր  բիւրեղացան  չեկած յուզումներ։  Ու անոր բազուկները կը շարժին թեթեւ, դէպի գլուխը, դէպի նայուածքը մարդուն։ Բայց անոր միսերը փտուկ թելերու կարժին կը նմանին ու չեն դիմանար։

Այն ատեն աչքն է նորէն, որ կը դիմանայ։ Ու անոր վրայ՝ կինը կու տայ իր չապրած տարփանքին ամբողջ հոծութիւնը։ Ու կարօտը աշխարհի համին, ու կարօտը մանաւանդ իր զաւակին։

Ու անոր յիշատակին առջեւ միւսները, թեթեւ շղարշի վրայ բանուած դէմքերուն նման կը կենան ու կը նային։

Բայց պատրանքը կ’իյնայ շուտ։ Նայուածքը այս անգամ իր ձեռքին կ’անցնի, սեփական ձեռքին, որ մեռելի է արդէն, խոշոր, տգեղ, պարպուած, մատներուն դեղին բացուածքովը ու յօդուածներուն խնկագոյն դալկութեամբը։

Իրիկունը կը քալէ ու արեւէն կու գայ թեթեւ ծիրանի մը, քաղցր ու տաքուկ, հոգիի պատանք աւելի, քան թէ լոյսի խաղ մը։

Հեւքը։ Ան՝ որ անոր ընկերը եղաւ տարիներով։ Հիմա կու գայ վերստին ու նոր սկսող հովի մը նման, որ ջուրերը կը փոթաւորէ, շուարում կը նետէ անոր բառերուն։

Բարակ քրտինքը, որ վազելէն–վազելէն ինքզինքը նիհարցուց, պզտիկ իր պտուղները կը շարժէ անոր մազերէն։ Ու յաւիտենական անդոհը, հազին սարսափը, որ անոր դէմքին գիծերը խախտեց ու ճեղք–ճեղք ըրաւ։

Անիկա կը վախնայ։ Կեանքի զգայութիւններ են անոնք։ Ի՜նք, որ մտած էր միւսին ստուերին մէջ։

Բայց մէկէն կը զգայ, որ բոլոր իր մարմինը կը թեթեւնայ։ Մէկը կ’առնէ անկէ ջիղերուն ամբողջ ցանցը կարծես։ Ու իր ներսը կը լայննայ, կը լայննայ, ու երկինքի կտոր մը կ’ըլլայ։

Զաւակս։ Բերէք։

Կին մը, քիթը բռնելէն կ’ելլայ ոտքի։

Ու տակաւին նայուածքին լարը չփրթած՝ կը նայի վերջին անգամ իր մարդուն։ Բառեր կը փնտռէ։ Բայց շունչը շատ անգայտ է ատոնք կազմելու համար։ Պղպջակներ են անոնք, որոնք շրթունքէն դուրս դժուար կը շարժին։

Անիկա կեցած է ահա երկու աշխարհներուն սեմին։ Նայուածքը տակաւին կը դիմանայ ու մատները կը զգան հպումը իր մարդուն։

Չկարգուի՛ս։

Աչքերը գոց են հիմա։ Խժլտուկ մը կը տեղաւորուի խաղաղ կոկորդին։ Քրտինքն ու  արցունքը  իրարու  խառնուած՝  կը թափառին անոր երեսներուն՝ ճիշդ ինչպէս ջուրի թելիկ մը, կործանուած տաճարի մը աւերակոյտին վրայ։

Մէկէն պրկում մը։ Մատները գալարքին կը դառնան ափին մէջ մխուելու։

Ու չկայ։

* * *

Անիկա չկրցաւ գերեզման երթալ։ Ուղեղային տագնապ մը, որ կը յայտնուէր գլխու ահաւոր ցաւուվ մը, գոցեց անոր աչքերը սեւ վարագոյրով։

Ու չտեսաւ, թէ ինչպէս տարին։

Բայց ուղեղին տակը, իրականութենէն աւելի յստակ պարզուեցաւ հոգեվարքը։ Չվերցուող նկար մը՝ անոր հոգիին կախուած։

Վախցան թէ կը խենթենար։

Բայց մայրը մեղմեց անոր զգայնութեանց այս խստութիւնը։ Ու մանաւանդ պզտիկին ձայնը խախտեց անոր հոգին կապող լռութիւնը։ Ու  այդ օրէն  անոր մէջ հոգեվարքի առջեւ  անզգած  մնալու, դիտող մնալու կորով մը, որ իր ներկայութիւնը փնտռել տուաւ շատ սրտաճմլիկ մահերուն։

Ու ամբողջ իր գորովը փոխադրեց պզտիկին, որ գունատ էր դարձեալ ու այնքան կը նմանէր մեռնողներուն։

Ամիսներ ետքը իր տունը սեւ, ու շուքը՝ ծանր բան մը եղաւ։ Մայրը կու լար թոռներուն, քիչ անգամ հարսին վրայ։

Ու պզտիկը կը մեծնար միւսներուն նման, նոյն օրրանին մէջ։ Մերժեց ամուսնութիւնը, որ թելադրուեցաւ մօրը բերանէն։

Ու դաշտ գնաց աշխատանքի։ Մինչեւ որ պզտիկը մեռաւ։

* * *

Անկէ վե՞րջը։

Թաղեց ան ալ միւսներուն քովիկ։

Այն ատեն, երբ իր հոգին կանգուն պահող բոլոր զօրութիւնները անցան ու գացին ու իր ներսի աշխարհը անարեւ անապատի մը նմանեցաւ, երբ իր փափաքները, փառասիրութիւնը, տենդերը չորցած աղբիւրի մը պէս իրենց կմախքները քարացուցին անոր ներսի դաշտերէն, զարմանքով նայեցաւ իր մարմինին, որ կը մնար երիտասարդ եւ ուժով։

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։ Չհասկցաւ։ Բայց կ’ընկղմէր իր ներսը, կը չափէր անոր ամայի պարապութիւնը, որ կը բաղդատէր զայն կոպիճոտ խոպաններուն, ուր ծղօտը չէր դողացած։ Բայց դուրսէն, անիկա կը մնար անփոփոխ։ Նոյն քարի պէս բազուկները, որոնք կը կենային իրանին քովերը, ու աշխարհին՝ սպառնալիքի մը պէս կը բարձրանային։

Մեռած տարիները հետք չէին ունեցած իր միսերուն վրայ։ Անիկա ելած էր յաջորդական գերեզմաններու այդ խորխորատէն ու տգեղ կնիկ մը տունին մէջ պահելու դժոխքէն՝ աւելի առոյգ, որքան չէր եղած հոն մտած օրին։

Առողջութիւնն ու երիտասարդութիւնը կ’աւելնային, կը զեղուէին իրմէ։ Բա՛յց։

Ու առաջին անգամ ըլլալով պէտքը զգաց հոգիի կեանքին; Նախնական մարդ, չկրցաւ ճիշդ տեսնել իր զգայնութեանց բոլորած տագնապը։ Մտքէն չանցուց խորհիլ այն տարիներուն, երբ իր մարմինը ապրեր էր հողին վրայ ու հողին հետ, բայց իր հոգին հեռու էր մնացած սիրոյ ջերմութենէն։ Բայց իր հոգին չէր ելած իր միսերէն ու չէր դողացած, ու չէր գալարած։ Նոյնիսկ տառապելու անկարող, բան չէր հասկցած մահէն։ Մինակ առջի տղան թաղելու ատենը քիչ մը պղտորեցաւ անոր անզգած սիրտը։ Բայց ատիկա պահ մըն էր։

Ու անիկա խենթի պէս նետուեցաւ իր հոգիին։ Ախտաւոր ու ծիծաղելի այս ինքնասուզու՛մը, որուն առաջին տեսարանն էր կնկանը հոգեվարքը։ Բոլոր գիծերը, ու բոլոր շեշտերը, պահն ու անոր գոյնը, դէմքերն ու անոնց լարուածքը։ Բոլոր բառերը ու բոլոր հեծքերը։ Ա՛րեւը՝ իր պատանքի ծիրանովը ու նայուածքը կնկան, անքա՜ն խոր, այնքա՜ն լայն, ուր կրնար աշխարհ մը ընկղմիլ։ Պատկերէ դուրս դիմացկունութիւն ունէին այս տեսիլները ու անոր գանկին տակ իրական կեանքը կը փոխադրէին, բիրտ, սարսուռն ու ահաւոր մէկ պահը անոր։ Ամէն անգամուն անիկա կ’անցնէր նոյն սարսուռէն ու խղդուելու մօտ մարդու զգայնութիւններէն, երբ կնիկը հրաժեշտ կ’ընէր աշխարհին։

Յետոյ՝ անկողինը։ Աչքէն աւելի իր մատները եւ իր մարմինին միւս մասերը հոն իրեն նպաստ կը բերէին։ Դեռ իր միսին վրայ կը զգար անոր խորտուբորտ մարմինին կծու տաքութիւնը։ Ազդրերուն թուլութիւնը, որ կը շարունակէր մինչեւ վեր։ Ու դարձեալ լխկած ալիքները երանքներուն, որոնք կը թափէին իր մատներէն։ Նիւթական այս զգայնութիւնները սըրսկումներ էին մատներէն, ելլելու համար դէպի տարփանքը, որ պաղ եղաւ իր մօտ ու վախկոտ մեռնողին մէջ։ Բայց անիկա կը յիշեր անոր մէկ–երկու համբոյրները, որոնց իրենց լայնքովը սիրտը լման ներս կ’առնէին։ Ուրկէ՝ անոր ամբողջ աղապատանքը հերարձակ ու խենթ, կը վազէր դուրս, թրթռուն ու արիւնոտ, լեղի ու այրած։

Ու սիրեց իր կինը։ Շատ աւելի, քան Բաբէթը, որ տափակ պատկեր մըն էր անոր մանկութեանը վերեւ, թուղթէ պատկեր մը, անոր չափ անշունչ։ Հիմա՝ որ Աննային մարմինը գոցուած էր ա՛լ աշխարհին, կը փաթթուէր անոր հոգիին ու քովիկը կը դնէր զայն գոց գիրքի մը պէս անթափանց մնացած Բաբէթին հոգիին։

Ու այս սէրը կը խորանար, կը գտնէր անոր սիրտին մէջ ծալքեր, որոնք ուրիշ զգացումներու պահեստը կը ներկայացնէին, կը լեցնէր զանոնք։ Յետոյ կը տարածուէր ամբողջ զգացական աշխարհին։ Պահեր կային, երբ ան իր դիրտը կը մոռնար ու անոր տեղը գորովի, տարփանքի մեծ գետ մը կը հաստատէր կուրծքին տակ, որ կը քալէր դէպի զգայարանքները, ընելով անոր մատները փափուկ՝ աշխարհին բոլոր ծաղիկները գգուելու համար, աչքերը օծուն՝ բոլոր մարմիններուն վրայ թափելու համար տաքուկ քնքշութիւնը իր սէրին։ Ու անոր շրթները այն ատեններուն կը թրթռային ներքին այդ բաբախումէն։ Ու անոր բառերը այնքան գողտր, այնքան անուշ կ’ելլային իրմէն դուրս, որ ինք կը փորձուէր նոր հարսներուն քալուածքը տալ անոնց գնացքին։

Անշուշտ մարդկային զգայարանքները դժուար կը տանին այսքան ծանրաբեռնուած սեւեռումները։ Ու Շահպազը կեցաւ այն սահմաններուն, ուրկէ վար գիտակցութիւնը մշուշի անթափանց զանգուած մը կը թուի։

Իրեն համար քաղցր էր կենալ հոդ ու մտապատկերին հետ խօսիլ։ Խօսիլ աննիւթ տարփանքին լեզուն։ Գեղջուկ գորովին լեզուն։ Անիկա նմանցուց սիրականը բոլոր աղուոր բաներէն է՛ն աղուորներուն։ Թառամած վարդին ու մսկոտ շաղին։ Ամպէն բռնուած ոսկեգոյն աստղին, դաշտը մոռցուած կարմրուկ հացին։

Ու, ո՜վ խենթութիւնը բոլոր սէրերուն, անիկա ըրաւ ոսկորներու այդ տոնտոլակը ամէնէն գեղեցիկը աշխարհի կիներուն։

Այս գերադրումը աստիճանաբար մօտեցուց իրականութեան տուեալներուն։ Առանց ատոր յիմարութիւնը վերահաս էր գրեթէ։ Ու սէրէն դէպի արգահատանքի իջաւ անիկա առանց նեղուելու։ Գրեթէ սրտի ճմլումով անդրադարձաւ անոր ծաղիկ տարիքին, որ առանց կրակի գիշեր չէր տուած ու անոր ցերեկները մահուան զանգակով, եղերական հազով մը անդադար հարուածեց։

Այս վէրքը ամէն օր նոր մնաց անոր ներսը։

Կնիկէն ետքը ամէնէն շատ կը մտածէր տղոցը վրայ։ Անոնք մեծ ողկոյզներու  նման կանանչ բարունակի  մը փաթթուած  կու  գային երազքին։ Մարմին ըլլալէ աւելի՝ գլուխներ, ճերմակ ու մազով դեղին։ Անոնց վրայ բանուած երազները կ’աւելնային անոնց, լուսապսակի մը պէս։

Մեռելներուն հետ այս յաճախումները, որոնց հետ տեսակցութիւնները, երկար ապրումները  ու  նոյնիսկ անոնց միջոցով իրական զգայնութիւններ ստեղծելու պատրանքը՝ անոր մէջ առաջացուցին տեսակ մը անտարբերութիւն, չըսելու համար զզուանք, իրական կեանքին դէմ։ Ու հարցը կու տար շարունակ ինքնիրեն։

Ի՞նչ է ապրիլը։

Այս հարցումներուն հետ անիկա կ’իյնար շատ հեռուները։ Գիտակցութեան ամէնէն ահռելին սկիզբէն մինչեւ իր արիւնոտ ներկան, ի՞նչ եղած էր անոր օրը։

Անիկա մանուկ իսկ չեղաւ։

Չունեցաւ ուրիշ տղոց նման ազատ օրերու ու տարիներու աւազան մը, որուն եզերքին մեր մարմինը անծանօթ համերու եւ չճանչցուած վայելքներու առջեւ թրթռալ կը սորվի։ Անիկա զրկուեցաւ մանաւանդ մանկութեան ելքին, երբ հոգին իր հենքը առնել կը սկսի ու իր կտաւը կը լարէ արտաքին աշխարհի տպաւորութեանցը դէմ։

Անիկա դաշտ գնաց առտուն կանուխ ու հօրը շուքին մէջ դարձաւ ու դարձաւ, հասակին չափ բրիչ մը կեանքին։ Պատանի՞։ Բայց չեղաւ անիկա։ Բաբէ՞թը։ Բայց հողին մէջ ու հողին հետ, անիկա չապրեցաւ նոյնիսկ անոր ստուերին հետ։ Աղջիկը ուժով չէր եղած իրեն հետեւելու։

Սրտոտ տղայ, անիկա կռիւներ փորձեց թուրքերուն հետ ու ակռաները սեղմած նետուեցաւ անոնց բազմութեան, գեղին մէջ հազուադէպ յանդգնութեամբ մը։ Բայց հայրը կու գար այդ ճամբայէն։

Ստիպուած՝ մտաւ հնազանդ տղու իր պատեանին մէջ։ Իր անցեալէն այս երեսը ամէնէն շատ կը ճնշէր հիմա իրեն։ Ինչո՞ւ մտիկ ըրած էր խելօքներուն։

Ու անիկա եղաւ կորովի, կտրիճ, ձեւաւոր երիտասարդը, որ քալած տեղը թունդ կը հանէ։ Անիկա ճարեց քարի պէս դիմացկուն դնդերներն ու եփեց, փայլեցուց անոնք յամառ ու անդուլ աշխատանքին մէջ։

Արդիւ՞նքը։ Աւելցող քանի մը այգի ու խոպանէն հանուած մեծ արտը։ Տախտակի պէս տաշուած կնիկը։ Ու չհանգչող փոսերը մեռելներուն։

Հայր ու տղայ ապրեցան կեանքը այն մարդերուն, որոնց ամէնէն շատ կարելի է գիւղերուն մէջ հանդիպիլ։ Ասոնք տրեխը ոտքերնուն չհանած, շէնք–շնորհք շուկայ մը, սրճարան մը չգացած պիտի մեռնին։ Աշխատանքը անոնց հիւանդութիւնն է։ Զայն կը ստեղծեն ամէն օր։ Երբ օդը ներէ՝ անոնք դուրսն են։ Անձրեւը զանոնք կը նետէ ախոռի գործերուն։ Անոնք հարուստ պիտի չըլլան։ Ատիկա գրուած է անոնց ճակատին։ Բայց անոնց գլուխը պիտի չազատի հողին կախարդութենէն։

Երբ կնիկը գնաց ու օճախին վերջին լոյսն ալ դադրեցաւ, այն ատեն դարձաւ ապառնիին։

Հակառակ պարզ մտքին ու պատկերող երեւակայութեան, չկրցաւ հասկնալ տէրտէրին մխիթարութիւնը։ Մօրուքն ի վար տարտղնուած այդ բառերը բան չըսին անոր հոգիին ու երկնքին սպեղանին, որ մահուան վէրքերուն այնքան կը պատշաճի, քիչ եկաւ անոր։

Ու մենաւոր, ու դժբախտ, մանաւանդ իր հոգիին տարօրինակ կարօտովը, որ անկարելի վայելքին կը ցանկար, անիկա իր ձեւովը մօտեցաւ աշխարհին բոլոր ցաւերուն ու կեանքին իմաստին ու մանաւանդ տարուեցաւ մահուան քաղցրութեամբը։ Հողին նուիրուած  ու  հողէն  շինուած  իր կենդանի գոհունակութիւնը  ծիծաղելի թուեցաւ  իրեն։ Որո՞ւ  պիտի մնար այդ ամէնը։  Որո՞ւ  մանաւանդ Մանթաշի մեծ արտը, ուր քրտինքը վազեց այնքան տարիներ։

Նոր, բոլորովին նոր, այս ճամբան, մէկու մը համար, որ հող եղաւ իր օրերուն մեծ մասին։ Ով վախցաւ ոտքին փոշին փողոցը թօթուելէ ու հողէ բակին աւելցուց զայն։ Որ հողին հակած, անկէ հմայուած, տարուէ տարի մխուեցաւ իր հոգիին բոլոր կապերովը անկէ ներս։ Որ ճամբաներուն  հայհոյեց, անոնց իմաստը չհասկնալու չափ, կորսուած ժամանակին վրայ ցաւելով։ Որ, վերջապէս, տուն ու կնիկ, տօն ու տաղաւար, շուկայ եւ խաղ, բոլորը, բոլորը տեսաւ իր արտին մէջ ու անոր բուրումովը, խունկովը պիտի ըսէր ինք, փոխարինեց աշխարհին մնացեալ բոլոր վայելքները։

Հիմա՞։ Անիկա կը պաղէր։ Արտէն, ուր ոչինչ էր նետած։ Դաշտէն, ուր իջնելու համար քալել պէտք էր։ Ու մանաւանդ ձիթենիի պարտէզներէն, որոնք կոխ եղան խոտին ու խոպանին։ Ու յստակութեամբ մը, որ միամիտ վերլուծում մըն էր անոր համար, անիկա օր օրի չափեց իր մէջ բացուող այս պարապին լայքն ու խորութիւնը։ Ու զգաց, թէ այդ բացուածքին մէջ, ինչպէս անդունդի մը, կը թաւալէին բոլոր վայրագ թելադրանքներն ունենալու տենդին ու բոլոր կոպիտ բնազդները, որոնք կողէն կը սնանին։ Ու անիկա արհամարհեց գեղացիի գոհունակութիւնը, որ կալուածներէն կ’առնէ մանաւանդ իր հպարտութիւնը, գահակալելու՝ մեր յիմար, մեր խղճալի ծանրամտութեան վրայ։

Այս ազատագրումը իր ետեւէն բերաւ ուրիշ բարիքներ։ Եթէ չկրցաւ կեանքին նայել այնպէս՝ ինչպէս ըրած են մեծ իմաստունները մեռած դարերուն, անիկա մահուան նայեցաւ մեծ հերոսութեամբ։ Պէտք չունեցաւ ակռաները սեղմելու ու շուքեր փնտռելու անոր անցած պահերուն։ Վասնզի իր ուղեղը եթէ չէր տեսներ կեանքը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ կը թափանցէր մահուան բոլոր ձեւերուն։ Ու անոր հազարով դիմայեղումները գաղտնիք չունէին։

Անոր վերագրեց, գեղջուկ իր խելքովը, ինչ որ մարդերու մեծ մտածողները ըսին անոր վրայով։ Ու ընտանեցաւ անոր, ու սիրեց զանիկա։

Օր մը փորձեց քարէ մը վար նետել ինքզինքը։ Փայտ մը կառչելով իր գոտիին, բռնեց անիկա անդունդին վրայ։ Ազատեցաւ։ Բայց համոզուեցաւ, որ մահուան հետ չեն կատակեր։

Ու անոր մարմինը կը շարունակէր պահել իր կազմին լիութիւնը։ Աշխատանքին մէջ հասունցած իր դնդերները կը մնային անաղարտ։ Ուժը կ’եփէր անոր մէջ։

Մտածեց փոխադրել այդ աւելին՝ ներքին կենցաղին։ Ու սկսան ծոյլ ու յօրանջուն ընկողմանումները, ծառերուն ներքեւ կամ լճի ափին։ Բաց թէ գոց, անոր նայուածքը կը մխրճուէր նոր գտնուած հեշտութեանց խորը, մրափի գինովութիւն, որ կամքին զսպանակները կը ժանգոտէ ու գործունէութեան ճամբաներուն մշուշ կը նետէ։ Ու անոր տեսողութեան դաշտը փաթթուեցաւ տարտամ ծիրանիով մը, որ երեւոյթները կ’այլակերպէ ու ձեւերը բռնկումի, թռիչը կը տանի։

Ու ձեւերը ելան։ Ելան անոր խորունկէն, թոյլ, ծփանուտ, գեղեցիկ ու տրտում։ Ընդհանրապէս կնիկն էր, աղուորցած ու մաքուր, մահէն լեցուած շնորհքով մը սարսռալէն, որ կու գար ետին, երկարելու քաղցր ողկոյզը իր զաւակներուն։

Անիկա կը նստէր մօտիկը, մեռելի անբարբառ հանդարտութեամբ եւ կամ հոգեվարքի սրտառուչ գեղեցկութեամբը։ Յետոյ՝ հարսնութիւնը ու լեղի հաճոյքը, որ ամէն իրիկուն անոր ոսկորները կը թօթուէր եւ որ հիմա հանգչած կը թուէր։

Ինքզինքը կը պրկէր, կը լարէր, կէտի մը պէս կը կենդրոնացնէր իր ներսը, վերագտնելու համար տաք թրթռումը, որ ողնայարը առաձիգ ճիւղի մը պէս կը գալարէր։ Յետոյ կ’ամչնար։ Բայց քիչ ետքը նորէն կը մերկացնէր մեռելը ու կը թաղուէր անոր ծոցը լուսնոտի մը պէս փրփրած ու սրսփուն։

Այս այցելութիւնները սկիզբները երազի մը պէս կը տպաւորէին զինքը։ Երբ արթննալ ուզէր ու աչքերը շփէր, առջին կը գտնար ջուրին անզգած մարմինը, որ կ’երթար լերան տակ պառկելու կամ մռայլ հասակը ձիթենիին, որ ճիւղերը կախ արեւին ընել կը թուէր իր անվերջ, բայց անպատասխան հարցումը.

Ինչո՞ւ կ’ապրինք։

Կամաց–կամաց երեւոյթները իրենց յաճախումը տիրապետող տարրը սկսան ըլլալ անոր ուղեղին։ Եթէ անոնց մեծ մասը սեռական բնազդին շուրջը կը դառնային ու անծանօթ կամ ծանօթ կիներու պատկերը կը բերէին, ուրիշներ, վախի ու շուարումի գիծեր ունէին։ Ու հետզհետէ անոնց՝ ուղեղին մէջ դիմանալը ենթարկուեցաւ իրմէն դուրս ուժերու ազդեցութեան։ Չէր կրնար կեցնել անոնց փախուստը կամ արգիլիլ անոնց խուժումը։ Ատկէ դուրս, չէր կրնար անոնք մեկուսացնելու ու ազատել արտաքին զգայնութեանց սլաքներէն, որոնք կը վիրաւորէին զաղփաղփուն, հոսանուտ նրբութիւնը տեսիլներուն ու կէս կը ձգէին իր յափշտակութիւնը, գինովութիւնը, անոնց մէջ անէանալու իր մոլեռանդ ցանկութիւնը։

Անոր ուղեղը  հիմա անտէր  հայելի  մըն էր։  Անկէ  պատկերները կ’անձրեւէին հոգիին։ Բայց չկար ձեռքը, որ կարգ ու յարաբերութիւն պահպանէր սանձարձակ այդ հեղհեղումին առջեւ։

Մշտական, ծանր մշուշ մը, կիսով թափանցիկ, անոր գիտակցութիւնը կը բռնէր ամէն ուղղութեամբ։ Ու անոր մէջէն, զգացական բոլոր երեւոյթները ու մտածական բոլոր կայծերը կը հասնէին անոր գիտակցութեան, պղտոր ու խոշորցած։ Յաճախ ձեւազեղծումը այնքան մեծ կ’ըլլար, որ մեկնումի նկարագիրը կը ձգէին անոնք ու իբր նոր կը տեղաւորէին։ Թմրութեան այս վիճակը կը լուսաւորուէր ուժով զգացումէ մը։ Կնիկն էր ատիկա։ Բայց ոչ իրը։ Կնիկը։

Դուրսէն իր պատկերը կը քալէր այնպէս՝ ինչպէս եղած էր պատանութեան օրերէն։ Մէկը չէր կրնար գուշակել այդ խելօք մարմինէն՝ ձեւերու այն փոթորիկը, որ քակուած իր կապերէն, կ’երթար անոր հետ։

Ու ձեւերը եկան։ Անպատկառ էին անոնք։ Անոնք կու գային ամէն հովերէ։ Կը բուսնէին աչքին ինկած կէտերէն, կը բուսնէին ոտքին կոխած քարերէն։ Ու շա՜տ, շատ էին։ Ամէն հասակէ ու ամէն տարիքէ։ Անոնք լուռ, զօրանցքի մը պէս, կ’երթային իր առջեւէն։ Երբ կը շարժէր զանոնք բռնելու, պարապը կ’ելլար ձեռքին դէմ ու արտաքին աշխարհին այս յանկարծական յայտնութիւնը զարհուրագին տպաւորութիւն մը կը նետէր իր մէջ։

Քիչ–քիչ ականջներն ալ տարուեցան։ Տեսակ մը թրթռում, ուղեղին երկու անկիւնները տեղաւորուած ծղրիթներու անվախճան եղերգութիւն մը, սուր մեղեդի մը մէկէն։ Յետոյ՝ գիշերը, անկողինին մէջ, առաստաղէն ու պատերէն ու գետինէն համախումբ լարուածքը լռին ու անտես թելերուն։ Ու անոնց արտածորած, ահաւոր դաշնակութիւնը։

Յետոյ՝ լեզուն։ Միսի, մեռելի միսի համ մը, որ փակած էր իր քիմքին ու չէր երթար։

Ներքին այս տագնապին վրայ դուրսի աղմուկը, նոյնիսկ պզտիկ, ահարկու արձագանգի մը պէս կը զարնէր։ Կը սասանէր հովէն ու մանաւանդ անոր սուլումէն, զոր կը տարտղնէր հազար բերաններու, հազար ոգիներէ։ Գրեթէ կը տեսնար անոնց լեզուին սլաքները, որոնք ապակիին վրայ կը սահէին եղկ փսփսուքով մը։ Ու կը սասանէր դարձեալ անոր արշաւէն։ Իրեն այնպէս կու գար, որ անոր շարժած առարկաները օդային այլանդակ ճամբորդներ կը դառնային։ Տակաւին գիտէր, թէ կը սխալէր։ Աչքերը կը խփէր՝ չտեսնելու համար։ Բայց ականջները կը լսէին անոնց ճարճատիւնը միջոցն ի վեր։

Կը սարսափէր դարձեալ կատուէն, որուն աչքերը մութին մէջ յանկարծակի բուսած կանանչ աստղերու կը նմանէին ու իրենց շարժումներովը, փախուստովը, կրկին յայտնութեամբը տագնապ ու անձուկ կը նետէին անոր արդէն խանգարուած բանականութեան մէջ։

Այդ վախը կը կճէր իր սիրտը, մանաւանդ կէս–գիշերներուն, երբ աքաղաղները, լռութեան մէջէն, երկրին ընդերքէն երկարած գալարափողերու նման անջրպետը ծակէին ու ոգիները հալածէին։ Այն ատեն սփոփանք մը կ’իջնար վրան։ Կ’ելլար, կը քալէր, կը քալէր սենեակէն սրահ, բայց կամաց, բայց անձայն։

Գերագրգռութեան ու ներքին պրկումի ու թմբիրային լքումի այս յաջորդութեան տակաւին կը դիմանար անոր ուղեղը, ու եթէ երեւոյթներուն տիրապետումը դուրս էր իր հասողութենէն, անոնց ազդեցութիւնն ալ տժգոյն էր բաւական՝ խախտել կարենալու համար մտքին օրէնքները։

Փնտռեց անկիւնները։ Փնտռեց մանաւանդ այն տեղը, ուր ձայները տկար կը հասնէին։ Ելաւ գեղէն դուրս։

Կը փախչէր խճուղիէն, որուն վրայ սայլերն ու ձիերը, ու մանաւանդ աւանակները խարտոցող իրենց աղաղակը կ’ոլորեն ու կ’ոլորեն։

Ու մտաւ անտառ։ Լռութիւնը, շուքը դիմաւորեցին անոր կրակ առած երեւակայութիւնը ու կրցաւ ընկողմանիլ նորէն, այնպէս՝ ինչպէս կ’ընէր առաջները։

Այն ատեն անդիմադրելի բան մը, օղակ–օղակ, ելաւ վեր իր ողնասիւնէն։ Աւելի ճիշդը՝ հեշտութեան հզօր ալիքը, օղակ–օղակ, անցաւ ողներէն ու իջաւ անոր կեդրոնը։ Անիկա երկնցաւ կաղինի մատաղ ծառի մը ու փաթթուեցաւ անոր։ Չէր գիտեր, թէ ինչ էր ըրածը։ Բայց շփումը հանգչեցուց զինքը։ Ու թաց բան մը իր սրունքները զովացուց։

Զարմացաւ այս զգայնութեան վրայ։ Հանգիստի, հաւասարակշռութեան այս համը մէկէն զինքը տարաւ իր անկողինին, երբ անոր մէջ կինը կը պառկէր։

Ոտքի ելաւ։ Առաջին, գերեզմանատունը իր քարերը կը կախէր շեղ իր երեսէն։ Հոն կը կանչէին զինքը։ Ո՞վ։ Չէր գիտեր։ Ու կրակը կրկնուեցաւ, որ մէջքին կեդրոնէն նորէն կը բարձրանար, օղակ–օղակ, ու կը պրկէր իր ծոծրակը։

Զառիվարը իջաւ։ Յոգնութիւնը ու շարժումը թեթեւցուցին անոր գլուխէն կապարէ ճնշում մը։ Երբ գերեզման մտաւ, կրցաւ համակրիլ խաղաղ լռութեան։ Օրուան այդ պահուն հանդարտ էր մահուան տունը, քանի մը այցելուի լացովը վիրաւոր։

Ծաղիկ կար կնկանը հողքին, չոր կմախքովն իսկ գեղեցիկ։ Ո՞վ էր բերած։ Արեւը կը փռուէր վրան դեղին շղարշի մը պէս, որուն յատակը սեւ նետուած ըլլար։

Ինքնաբերաբար ու անմիջապէս մեռելը դուրս եկաւ։ Ու անոնք իրարու նայեցան այնպէս՝ ինչպէս չէր եղած ատիկա։ Աննային ողջուցը։

Պահապանին ձայնը, վարէն, եկաւ իյնալու անոնց վրայ։ Շահպազը գլուխը դարձուց։ Վախ ունէր, յանցանքի մէջ բռնուած տղու մը նման։ Իրականութեան եւ զգայախաբութեան մէջտեղը կը գտնուէր ան։

Բայց սոսկումը սիրտը զարկաւ մէկէն, երբ քով դարձին տեսաւ կինը, անշարժ ու  գլխահակ։ Տեսիլքը կը դիմանար։ Աչքերը շփեց, ուժով ու ցաւեցնելու չափ։ Պոռաց պահապանին։ Կինը կը նայէր իրեն։ Երկնցուց ձեռքը հրելու համար։ Բայց ձեռքերը չանցան մարմինէն, որ կը դիմանար։

Խելքը գլխուն էր սակայն։ Որոշ զգայնութիւններ ունեցաւ՝ տեսնելու չափ պահապանին բրիչը, որ ուսէն կը փայլէր։ Լսեց նոյնիսկ անոր ծաւալուն հազը, որ կեցուց զայն։

Հիմա մեռելը չէր իր քովինը։ Կինն էր, գրեթէ հարսնիքի տարազովը, տակաւին քայքայումէն հեռու ու պատանութեան հովովը։ Անոր երեսին կար լուռ այն տառապանքը, որ ամէն օր քիչ–քիչ պիտի թափէր իր տունին։ Ու աչքերը կը վառէին հեռաւոր, տրտում ու սրտառուչ խորութեան մը մէջէն, որ նոր էր անոր վրայ։

Առջին քալեց շուք մը, որ կ’ելնար վերէն գացող թռչունէ մը։ Ճերմակ ճամբան կը նեղնար, գերեզմանին ճիշդ մէջտեղէն։ Ու անոր վրայէն հեռացող կնիկ մը պզտիկնալու տեղ կը խոշորնար։ Ու շատ յստակ էր պահապանին հազը, որ մէկէն լայնցաւ։ Անոր զարկերը անջատուեցան ու որպէս ահաւոր զանգակէ մը, խոշոր–խոշոր, սկսան փրթիլ։ Մեռել կը բերէին կարծես։

Բայց անոր գանկին տակէն սուր բան մը, միջատի խայթումով մը կը թափառէր կճելով։ Ծղրիթներուն չարաշուք երգը պոռալ առաւ ականջին երկու քովերէն։ Ու իրեն թուեցաւ, թէ գլուխին զանազան կէտերէն կապեր կը փրթէին։ Ու զգաց, որ ոսկորը կը թուլնար ճակատին։ Յետոյ կրակի բարակ շերտ մը, ժապաւէնի մը պէս կախուեցաւ աչքերէն։

Այրումի զգայնութիւնը այնքան ուժով էր, որ մատները նետեց վէր, մէկդի ընելու համար թարթիչները խանձող պատկերը։

Պահապանին հասակը ազատած էր բարտիներէն։ Սպաննող անձկութեամբ մը սպասեց անոր գալուն։ Ու կը զայրանար անոր դանդաղութեանը վրայ։

Ուզեց պոռալ։ Բայց կոկորդը նեղցաւ, այնքան՝ որ ձայնը չելաւ։ Ուզեց ձեռքերը գործածել կանչելու համար։ Բայց անոնք փայտի պէս կը մնային իրենց ծխնիներուն վրայ խորտակուած։ Ուզեց քալել դէպի ան։ Բայց ոտքերը հողին կը մխուէին։

Այս իջնալու զգայնութիւնը, գերեզման երթալու այս սարսափը պղտորող ու կտրտող ցնցում մը բերաւ անոր ուղեղին։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ գլուխը կը պայթէր ու աչքերը գոցեց։

Երբ արթնցաւ՝ գերեզմանատան հիւղակին մէջն էր։ Օղի կը հոտէր վրայէն։ Պահապանը անով շփած էր երակները։ Ու դեռ ձեռքն էր սոխը։

Ինչ եղար, ամա՛ն։

Պատասխան չտուաւ։ Կոկորդին շուրջը ծանր մարմին մը փաթթուած էր։ Ու կը ճնշէր, կը ճնշէր։ Բայց թեթեւ էին ոտքերը ու հողը հաստատուն անոնց տակ։

Աչքերը յոգնած, կտրած՝ նայեցան կեդրոն չունեցող նայուածքը խենթերուն։

Դուրս ելաւ հիւղակէն։ Ոտքերը նորէն ծանրացան։ Դիակ մը քաշելու տպաւորութիւնը կար վրան։ ծանր էր մանաւանդ գլուխը որ ամպի մէջէն կը շարժէր։ Մէկէն նայուածքին դաշտը շրջապատուեցաւ լուսաւոր, կարմիրի զարնող, բայց հող հոտող շոգիով մը։

Բայց քալեց։ Ամբողջ ոսկորները կը դղրդէին ներսը ու որոշակի կը լսէր անոնց աղմուկը։ Միսերը աքցանէ բռնուածի պէս վեր–վեր կ’ելլային։

Անցաւ մեծ դուռնէն։ Պահապանը ձգեց զինքը։

Սոսկալի եղաւ իր մանկութեան զգայնութիւնը։ Կարծեց բիրտ ձեռք մը գլուխը ետ դարձուց։

Կինը կու գար։

Առջին պայծառ։ Պարտէզները կը մտնէր, որոնք գեղ կը տանին։ Հաւեր, աքաղաղը։ Կատու ու հորթ մը։ Քանի մը պառաւ, որոնք կը խնդային ու անոնց ծիծաղը ահաւոր, լայն դէմքն էր ատոնց։

Բայց իր ետեւէն կամաց աղմուկը, հծծիւնը, աւելի ճիշդը՝ մեռելին քայլերուն։ Այնքան ձայներէն ինչպէ՜ս կը զատուէր այդ շրշիւնի նմանող ու հատիկ–հատիկ կրկնուող բաբախումը։

Իր տունին առջին տեսան անիկա անհուն անձուկով մը լարուած դէպի թթաստանները, ուրկէ կը մեկնի գերեզմանին ճամբան։

Անոր երեսին բոլոր գիծերը քաշուած էին վեր ու վար, աջ ու ձախ։ Կարծես թէ կոտրած գաւաթ մըն էր, որ միս էր եղած։ Ու գլուխը բաց էր, ուժով  գլուխը ուրկէ  մազերը սուր–սուր  կը նետուէին  փախչիլ ուզելով։

Պատասխան չտուաւ ծերուկի մը, որ պաղած կը մնար անոր նայուածքին ուղղութեանը։ Պատուհաններէն, հարսներ ու տղաք կեցան չես գիտէր ինչու։

Մէկէն կոկորդէն դուրս եկաւ հագագը, այնքան ճիգով, որ լերան տակէն կը բարձրանար։ Նետուեցաւ ներս, ու լսեցին դրան փեղկը, որ անսովոր սաստկութեամբ իջաւ իր ընկերին։

Ու դուրսէն լսուեցան անոր հարուածները։ Դուռը կը գամէր։

Ու ծեծին տակ խոշոր դուռը կը տքար, խորունկ կը հեծլկտար ու աղխերը կը նետէր վեր ու վար, մետաղեայ լացի մը պէս։

Բազմութիւն։ Մէկը բան չէր հասկնար։

Հարուածները կեցան։ Ու դուրսէն կարելի էր հետեւիլ ոտքին զարկերուն, որոնք սանդուխները կը ծեծէին։

Քիչ ետքը յայտնուեցաւ դրան վերեւի պատուհանին։ Ձեռքին կացին կար։

Անիկա լրումին մէջն էր սարսափին։ Իր ամբողջ մարմինը կը դողար։ Կը դողար մանաւանդ կացինը, սպառնագին ճօճելով օդին մէջ՝ աներեւոյթ էակի մը գլխուն։ Բառի կտորներ, առանց իմաստի, կարծես պահելով իրենց վրայ կոտրուած պատկերին անհարթ անկիւնները։

Յանկարծ ծռեցաւ։ Կացինը շարժեց կնոջը գլխուն, որ բանալին կը հանէր գրպանէն։

Ու կորսնցուցած էր խելքը, իր կշիռը՝ անիկա ինկաւ վար, գլխուն վրայ։

Արիւնը վազեց, փակուած աչքին քովերէն, սեւ, փայլուն, արիւն մը։ Դրացիները կապեցին վէրքը եւ իր սենեակը տարին։

Երեք օր քնացաւ անիկա, մեռելի մը պէս։

Երբ արթնցաւ, գլուխը թեթեւցած էր բոլորովին ու վէրքին ասեղը փրկարար իր խայթումովը կը հսկէր ուրուականներուն։

Անոնք հեռացեր էին։

* * *

Գեղացիները մատաղ ըրին անոր կողմէն։ Արիւնը դէմ կու գայ ինչպէս եկած էր, իրենց կարծիքովը, անոր անկումէն ետքը։

Ճակտին կապը չքակած՝ անիկա հեռացաւ տունէն։ Ելաւ գեղին ամէնէն մեծ անտառը։

Ամառուան օրեր էին ու հանդարտութիւնը կը քնանար լեռնէն ներս, ձգուած ինքնիրեն, կէսօրէն ետքը հովը կը քալէր ծառերուն մէջէն, բայց հեզ ու բարի։ Ու ճիւղ ու տերեւ կ’օրօրուէին անոր շոյող թեւին տակ։

Ո՞վ տուաւ իրեն մենութեան այս խրատը։

Ու թափառեցաւ։ Անտառը կը բարձրանար ու կը ցածնար, անհուն վերակուի մը պէս իյնալով լերան ոտքերուն։ Սահմաններ ու ճամբու գիծեր կը պակսէին այդ միօրինակ տարածութեան վրայ ու կը բնակէին գաճաճ մացառները, մինչ անոնց գլխուն բարձր ու անընդհատ կանանչ կը կենար հանդարտ, մանաւանդ առտուններուն։

Երբեմն փոսեր, երկար ու զուարթ, ջուրէն պեղուած, որ կը ճերմկէր պզտիկ քարերու վրայ կամ փրփուր կը դառնար ժայռէ մը ցատկելուն։

Երբեմն կենդանի մը, որ ճիւղէ ճիւղ կ’անցնէր կամ գետինէն կը սուրար արագ աչքերով։

Բայց ամէնէն աւելի անոր դիւր կու գար ծփանուտ խաղաղութիւնը, վերէն ու վարէն, որ կը կաթէր ծառերէն կամ կը բխէր խելօք խոտերէն։

կ’երկննար։ Ու հողին, առողջ հողին հոտը կամաց–կամաց կը թափանցէր անոր ծակտիկներէն, վանելով մանաւանդ լեզուէն միւս համը, մեռելին հողին համը։

Այս քաղցրութեան մէջ անոր մարմինին բոլոր պրկումները հետզհետէ մեղմացան։ Երեւոյթները կը վախնային ուժովնալով։ Հիմա անգոյն ու անձեւ խորք մը միայն կը կազմէին անոնք, ան ալ հոգիին ներսը։

Անիկա կը փնտռէր ջուրի պզտիկ աւազանները, որոնք յստակ կ’ըլլան ամառ ու ձմեռ։ Ու կը թաղէր անոնց զովութեանը իր կրակը, որ կը յամառէր կենալ ճակտին տակ։

Ու գետակին ալ աւազանները կ’առնէին անոր մարմինը ու կը զովացնէին անոր միսերուն ձգտուած զօրութիւնը։ Պաղի այս կրկնուող ազդեցութիւնը օր օրի հակակշռեց անոր մէջ հանգչած հրդեհի ու տեւական գրգռութեան, եղերական տեսիլներու համախմբումը, որոնց բեռանը տակ, անոր ուղեղը մօտեցեր էր խորտակուելու։

Կամաց–կամաց անոր երեսին քաշուեցաւ–գնաց այն դաժան գիծը, որ ներքին զարհուրանքը կը փոխադրէ աչքերու աշխարհին։ Անոր նայուածքին գունտերը իջան իրենց սովորական աղեղին ու պայթելու մօտիկ անոնց լարուածքը փախաւ անոնցմէ։ Ու կրցան նայիլ։

Անոր բերանը, ազատած եղերական համէն, մօտեցաւ հացին, ծռեցաւ ջուրին՝ ինչպէս կ’ընէր ան աշխատանքին ժամերուն։

Երբ տագնապը հեռացաւ բոլորովին, երեւան ելաւ նոր մարդուկ մը։ Երիտասարդ էր անիկա, երեսունի դուռներուն։ Բայց հակառակ իր միսերուն ու ձեւին լիութեանը, հակառակ իր կազմին, ծեր էր անոր հոգին։

Ծե՞ր։ Ինքն ալ չէր գիտեր։ Արկածը իրմէն տարած էր մանաւանդ թաքուն տոչորումը իր սեռական բնազդներու։ Կը նմանէր այն երանելի մարդերուն, որոնք ձիւնի պէս մօրուք ու խունկի գոյն մարմին կ’ունենան ու ջիղերը առնուած միսի կտոր մը՝ սրտին տեղ։

Ու տեսակ մը կնոջ հոգի ինկաւ անոր վրայ։ Խելօք, մունջ, հարսի պէս խօսք–մըռուկ, անիկա մտիկ կ’ընէր նոյնիսկ փոքր տղոց։

Անիկա ամէն օր քիչ մը աւելի շատ ցոյց կու տար հանդարտ համակերպութիւնը, որմէ շինուեցաւ կիներուն հոգին գեղին մէջ, խօսքին մէջ ժլատ, անիկա մտիկ կ’ընէր ամէնէն պարապ բառերը մարդերուն, գործ ըրած ըլլալու գաղտնի գոհունակութեան մը մէջ երջանիկ։

Ու գրեթէ կնիկ մըն էր։ Իր շարժումները փոքրացան. քայլերուն բացուածքը կարճցաւ։ Հասակը քիչ մը ներս քաշուեցաւ։ Ձայնը բարկցաւ, մեղմացաւ։ Այս փոփոխութիւնը շատ շուտ կը քալէր։

Երկու ամիս ետքը, անոր նոր դիմագծութիւնը պարզուեցաւ գեղացիին։

Աստուծոյ բանն է։ Ըսին ծերերը։

Բայց կիները չար հաճոյքն ունէին անոր հետ իյնալու։ Շատեր անոր կերպարանափոխութիւնը շահագործեցին պզտիկ աշխատութիւններու համար։

Ուրիշներուն կամքին տակ մտնելու այս ինքնամատոյց փութկոտութիւնը օգտակար էր մանաւանդ թաղին մինակ կիներուն։ Անոնք կը թխմէին անոր գիրկը թզկացող իրենց տղաքը ու կը նայէին իրենց գործին։

Ժամերով կը նստէր, ծունկին վրայ խաղցնլով պզտիկը ու չէր ձգեր գետին, մինչեւ անոր մայրը, լուացքը աւարտէր կամ հացը թրէր ։

Կարօտ չէր անիկա։ Բակը կային կատոզ ներ։ Ու մառանին մէջ եղին գուբերը ծեփուած կը կենային։

Բայց հաճոյքով կ’առնէր ինչ որ կը տրուէր իրեն։ Փուռին առջին անիկա հացերը կը վանէր խմորին վրայէն ու գոհ կ’ըլլար կտոր մը տաքուկ հացով։

Կիները առին անիկա աւելի ներս։ Մասնակից ըրին իրենց գործերուն։ Սորվեցուցին հաց թխել, լուացք ընել, տախտակ սրբել։ Օր մը տեսան անիկա, երբ գուլպայ կը հիւսէր։

Ու խառնուածքի այս զառածումը քիչ–քիչ իրական ընդունելու չափ առաջ գնաց։ Անոր մօտ կը խօսէին, առանց կարմրելու բոլոր այն բաներէն, որոնք կիները բերան չառին տարասեռներու առջին։

Առնականութեան այս ընկրկումը, գուցէ խաւարումը անոր մէջ կը զուգադիպէր բոլորովին նոր ծուլութեան մը։ Իր ծառայութեանցը փոխարէն անոր ստացած ժում մը բանը բաւական էր, որպէսզի չխորհի ուրիշ աշխատանքի։ Ժամերով կը մնար սաքուներուն, ձեռքերուն օղակին մէջ դրած ծունկերը ու կը սպասէր, որ ձայն մը գործի կանչէր զինքը։

Ու յատկանշական պարագայ, անոր ուժերը կը մնային անաղարտ։ Անիկա կացինը կու տար փայտին, ինչպէս էրիկ մարդերը կ’ընեն, տեղն ու տեղը ու հարուածը խորն էր ու կատարեալ։

Անիկա փնտռուեցաւ մանաւանդ բերքի այն եղանակներուն, երբ կիները մաքրութիւնը կ’ընեն տակառներուն եւ գուբերուն։ Ծանր առարկաները վերցուց դիւրութեամբ մը, որ զարմանք կը բերէր։

Էրիկ մարդուն շախա ՞ն կ’ըլլայ։

Երբ կը լսէր այս պարբերութիւնը կիներուն բերանէն, կը տրտմէր յանկարծական ճմլումով մը։ կ’անդրադառնար իր անկումին, բայց երկու աղի ձուկ ու գլուխ մը սոխ բաւական էին, որպէսզի անիկա մոռնար հպարտոթիւնը ու անկիւն մը կծկտած ուտէր կամացուկ։

Ու կիները անփոյթ եղան անոր մօտ։ Անտարբեր վեր կը նետէին իրենց պարեգօտի փէշերը՝ զիստերուն վրայէն լուեր բռնելու ու կը քերէին իրենց բումբերուն թանձր սպիտակութիւնը, երկար, հեշտագին, մինչեւ որ կարմիր–կարմիր վառէր մորթերնին։

Կը տեսնա՞ր։ Բայց կը նայէր ու կնկան մը պէս կը պահէր իր անզգած հանդարտութիւնը։

Ու անիկա անցաւ տունէ տուն։

Երբեմն խելքը կը փչէր կ’ելլար դուրս։ Կը նախընտրէր այն ճամբան, որ ելեւէջ չունի։ Կը մտնէր այգի մը ու մէկ կողմին կը նստէր մտազբաղ։ Աչքերը կը գոցուէին առանց իր ուզելուն։ Քո՞ւն։ Ոչ անշուշտ։ Բայց արթնութիւն մը, որ կապանքի տակ էր ինկած։ Բայց արթնութիւն մը, որուն մէջ կամքը, սառած պզտիկ արեւի մը պէս, կը կենար հոգիին մէկ կէտին, անվերջ խաւարումէ կլլուած։

Ու շարժումը ցաւ էր անոր համար։ Ու ճիգը անոր միսերուն մէջ ուժգին թելի մը պէս կը քաշէր բան մը մինչեւ ուղեղը։ Երբ աչքերը բանար՝ իրերը քիչ մը գէրցած, ձեւով մը թրթռուն ու կիսամշուշ կ’երեւային։

Զգայնութիւններու ամէնէն կարեւորներուն այս գուլութիւնը, կամքին այս չբուժուող համբերութիւնը անոր մէջ առաջ բերին ուրիշ երեւոյթներ։

Անոր ուղեղը շեղեցաւ գործունէութեան լայն դաշտէ մը։ Անտարբեր եղաւ հաշիւներուն, դրամին, ագահ ու գիւղական կծծի հետաքրքրութիւններուն։

Ծախեց իր բերքերը առանց կշիռքի։ Դրամի տեղ գոհացաւ հացով ու չուխայով։

Ասիկա նորութիւնն էր։ Թափեցան անոր վրայ մօտիններն ու հեռուէն ազգականները։

Մէկը շաբաթ մը վրայէ վրայ, ամէն գիշեր, տուն տարաւ անիկա։ Հաւ մորթեց, գինի խմցուց։ Տղաքը դրաւ անոր ծունկերուն։ Կնիկը աղբօր պէս վստահեցաւ անոր, երբ ինք գիշերանց ջաղաց գնաց աղօնքը բերելու։ Խօսեցաւ, գովեց, փայփայեց ու առաւ անոր ձեռքէն, մեծ մատովը ստորագրուած թուղթը, որով Մանթաշի մեծ արտը կը տրուէր ամուճա Պաղտիկին։

Ուրիշ մը, ձմեռուան մուտքին ներս կանչեց անիկա։ Պատուական կրակի մը դէմ դրաւ անոր մսկոտ ոտները, որոնք մերկ էին։ Փարչով գինին բռնեց շրթներուն, մինչ կնիկը, անդին, անոր ոտքերուն կ’անցընէր զոյգ մը նոր գուլպայ։ Անիկա տէր կ’ըլլար անոր ամէնէն գեղեցիկ թթաստանին։

Ու այդպէս ամէն մէկը իր ձեւովը ձեռք անցուց անկէ ինչ որ կրնար։ Տէրտէրը անգամ չդիմացաւ փորձութեան։ Ու պահպանիչի մը փոխարէն առաւ անոր մէկ ձիթաստանը, որ սահմանակից էր իրեն։

Մեղք էր, չէ՞, ու ամօթ, երբ հողերը այդպէս անմշակ կը մնային։ Միւս կողմէն՝ անօթի չէր։ Իր տունին պէս կը մտնէր ու կ’ելլէր թաղին բոլոր դուռներէն։

Բոլոր անոնք, որ օգտուած էին կողոպուտէն, տօն ու տաղաւար օրերուն, Բարեկենդաններուն սեղանի կը կանչէին զայն ու գինիով զուարթ կ’ընէին անոր փորն ու հոգին։

Տունը միայն, իր ահաւոր համբաւին համար, երկար ատեն հեռու մնաց գիշատիչ ախորժակներէ։

Բայց չարաշուք բան էր տեսնել ծխանը, որ ամառ ու ձմեռ կը մնար աղքատ ու եզակի, երբ արեւմուտքին բոլոր տանիքներէն քմայքի ժապաւէններու նման ծուխերը կը շտկէին, բերելով այդպէս թանկագին զարդը, որ կեանքը կը խորհրդանշէ ու մարդերուն խորհուրդը կը տանի օդերուն։

Բայց չարաշուք բան էր, տեսնել չբացուող այդ փեղկերուն վէրքերը, որոնք բակին ամայութիւնը կը ծամածռէին ու տունին քայքայումը կը ցուցադրէին։

Ու անոր պատուհանները, առանց ապակիի, սարդով զարդաւոր։ Ու պատերը, որոնց վրայէն ծեփը կը բանար աղտոտ վէրքը գռեհիկ շաղախին։

Ու կը քակուէր անիկա, քիւերէն, ուր ագռաւներու ընտանիք մը բզիկբզիկ կը բերէր բարակ տախտակները։

Ու կը քակուէր անիկա տանիքէն, ուրկէ հովերը տարուէ տարի կը տանէին ինչ որ կրնային։

Փլեցաւ անոր բակի պատը, հաստ ձիւնի մը տարին։ Ու անոր դուռները կոտրտեցին տղաքը բակին մէջ ու տաքցան աշնան ցուրտերուն։

Կտոր–կտոր կը քիչնար անիկա։

Շահպազին անտարբերութիւնը յանդիմանուեցաւ։ Տուն էր վերջապէս։

Ողջիդ ալ պէտք, մեռելիդ ալ պէտք։ Կ’ըսէին ծերերը ու գլուխ կը շարժէին։

Բայց ոչ մէկը համարձակուեցաւ թաթ նետել անոր։ Անիծուա՞ծ. ո՞վ գիտէ։ Մարած ծխանը բախտ չի բերեր։

Մաս մը խորտակուեցաւ անիկա։ Իր բացակայութեան տարիներուն գողցան սրահին տախտակները։ Գերանները հանեցին պատերուն փորէն ու ծակ–ծակ ըրին վերնայարկի որմերը։

Անոր փոյթը չէր, մանաւանդ առաջին շրջանին, երբ պառկելու համար անգամ կը խուսափէր տուն երթալէ ու կ’երկննար օտարին պատերուն տակ։ Ձմեռը սրճարանի մը անկիւնը կու տային իրեն։

Ճամբորդելու պէտքը քալելու դժկամութեան չափ ուժով էր իր մէջ։

Երբ կը նեղուէր ատիկա կը զգար անվրէպ հոտառութեամբ մը այսինքն՝ գլուխին տակ ասեղը քալելու երբ ելլար, շուտ մը ճամբայ կ’իյնար ու լճափի գիւղերը մէկ–մէկ կը պտտէր։

Երես ունէր։ Խղճամիտ, իրեն յանձնուած գործը գլուխ կը հանէր անթերի։ Հացին համար միայն աշխատող՝ անիկա կը յարգուէր ծակաչք աղաներէ։

Բայց կը սիրէր ագարակ մը, ուր ամէն տարի իր ուխտը կ’ընէր։ Այնքան հաճելի էր տեղը, ու կեանքը այնքան հեշտ, որ մէկ–երկու տարի մտքէն չանցուց բաժնուիլ։ Անոր առջեւը ձգեցին սագերու ահագին երամակ մը։

Հրապոյր կար պաշտօնի մէջ։ Ագարակին դուռնէն մինչեւ լիճ, աւազներուն վրայ, անոր ոտքերը հանդարտ ու ծոյլ քաղցրութեամբ մը փոս կը փորէին։ Ու կը կենար ակնապիճ, բերանը բաց, երբ դանդաղ թռչունները թեւ բանային ու ջուր նետուէին։ Չէր գիտեր ուրկէ կու գար այս հաճոյքը։ Բայց ոտքերը գաղջ հեղուկին, չէր կրնար աչքերը զատել անոնցմէ։ Ու անոնց վիզերուն անհամար աղեղներէն հինայուած ու սուր կտուցներով կը նայէր, երբ փրփուրին մարգարիտները փոշի դառնային ատոնց ցոլացիկ աղուամազին վրայ։

Անուն ու վերադիր կը գտնէր անոնց։ Ու անձանձիր ու երջանիկ կը հետեւէր անոնց պանդոյր թափառումին, ինք ալ խառնուելով անոնց անզբաղ անասնութեան։

Հոն ճանչցաւ կին մը, խաթունիկ, ոտքերը կախ ու ետեւը՝ հաստ, ճիշդ սագի մը պէս։ Քառասունէն անց էր ան ու կռնծած։ Լաւ եղան իրարու հետ։ Կը խօսէին քիչ մը ամէն բանի վրայ։ Անոր էրիկը լուծքին հետ կ’ըլլար։ Ու Եղսա խաթունը շատ կը սիրէր փռուած պառկիլը։

Անիկա կսմթեց Շահպազին միսերը ու ծեծեց։ Առանց պատճառի այս յարձակումը առաջին անգամ կը պատահէր իրեն։ Հաշտութիւնը շուտ կու գար սակայն։

Մեկնեցաւ ագարակէն քիչ մը, շատ քիչ խռոված։ Ու ատոր համար։

Ու անիկա ապրեցաւ իր օրերը այսպէս ու այնպէս։ Տարի ըսածդ ինչ էր որ։ Աչքդ կը խփես՝ կ’անցնի։

Ու շատցան տարիները անոր ուսերուն վրայ ու ճերմկցան տարիները անոր մազերուն վրայ։

Ու անոր մարմինը խախտեցաւ իր կրունկներուն ու մէջքին վրայ հակած, բայց անոնց չհասած։

Շատեր փորձուեցան քոքուրներուն քով ու հետ դնել իր անունը։ Անիրաւ էին։ Մինակ կնիկ չէր, որ ունեցած էր ան, հապա չորս ալ զաւակներ։

Ոչ խենթ, ոչ ալ տէրը իր խելքին։ Ուժով էր, բայց քաղցրահոգի, ու տարիներ չլսեցին անոր բերնէն ոչ մէկ գէշ բառ։ Ու ձեռք չվերցուց նոյնիսկ աւանակներուն։ Կռիւ ալ չըրաւ զինքը ծաղրող պզտիկներուն հետ։

Ծերունի չէր անիկա, երբ գերեզմանին պահապան դրին։

Չունէր գօտի ու չուխա։ Չունէր գաւազան ու թոռներ։ Բայց դժբախտութեանը համար մեղքցուած անուն մը։

Կնիկ Մարգար մը. ինչպէս ըսուեցաւ անկէ ետքը։

(Աւազանի անունը Մարգար էր եղած)։

Գ

Ամառը կը քալէր իր վերջին։

Բացաստանի այգիներուն մէջ, գերեզմանէն աչքը կրնար նշմարել կիներու եւ տղոց խոշոր գոյները, որոնք կը շարժէին կամ կը կենային։ Խաղողները դեղնած ըլլալու էին։ Ու գեղին վրայ մանաւանդ առտու եւ իրիկուն զգալի կը դառնար տրտմութեամբ խառնուած համը աշունին։

Ո քաղցր, շաքարի չափ քաղցր էր արեւը, էտինքին, մահուան տունին մէջ։ Հովը, միօրինակ ու խելօք, կու գար վարերէն, լուացուած հաւանաբար լիճին ջուրերէն, այնքան մաքուր էր անոր շունչը։

Լացողները կանուխ կը մեկնին։ Անոնք այգի ունէին երթալիք ու գործը, որ չի հատնիր։ Օրերը կարճ են ալ։

Շահպազ, դրան կողմի պատուհանէն գլխուն  կէսովը  միայն կը նայի դուրս։ Երբ ձեւերը քիչնան ու լացին ոլորքը դադրի բոլորովին, կը սկսի պզտիկ իր արդուզարդէն։ Շատ բան չէր ատիկա։ Տեսակ մը քմահաճ աշխատանք, գտակէն դուրս ինկած ճերմակ մազերը ներս տեղաւորելու։ Ատկից զատ, աւելի ջղային չարչարանք  մը. պեխերը ոտքի հանելու ու մանաւանդ ոտքի պահելու։ Կը հայհոյէ։ Կը քաշքշէ խեղճ մազերը, որոնք բուսած օրերուն՝ կախ–կախ ինկան անոր բերանին ու հիմա չեն կրնար շտկել իրենց մէջքը։ Ու Շահպազ թուքով թրջուած մատներով կը գալարէ անոնց թնճուկը։

Անօգուտ։

Հիւղակին դուռը կը բացուի մեղմով։ Կը գոցուի կամաց։

Շահպազ դանդաղ–դանդաղ կ’անցնի ճերմակ ճամբայէն։ Չի կենար սօսիներուն տակ, որոնք անձայն՝ կը կախեն իրենց տերեւներուն խոշոր աստղերը պարապին վրայ։ Կռնակ կու տայ երկիւղած բարտիներուն, որոնց ողորկ հասակը կը սիրէր։

Անկէ վեր սարահարթը։ Թմբիի մը կէսը, առանց կոթի հովանոցի մը պէս։

Շահպազ գիտէ, որ անոր տակը, ոսկեզօծ ձողերով շրջափակին մէջ, կնիկ մը կու լայ։

Առաջին օրէն  այդ կնիկը կու  գայ այդպէս էտինքէն  վերջը, երբ ուրիշներ կը պատրաստուին քաշուելու։ Թող կու տայ բուրդի կծիկ մը հողին ու կը բանի, կռնակը վանդակին ու երեսը բլուրին։ Երբեք չէ փոխած նստելու այդ ձեւը։

Երկու–երեք շիշ։ Անզգալաբար հիւսածը կ’իյնայ ձեռքէն։ Վայրկեան մը գլուխը կը ծռէ աջին, հողքերը մտիկ ընելու երեւոյթով։ Քիչ ետքը լացը կու գայ։

Բայց պահապանը պարապ մարդ մը չէ, ինչպէս կը կարծեն գեղացիները։ Անիկա առջի պատահումէն  հասկցաւ  անոր շեշտին զարտուղութիւնը։

Անմիջապէս վազող հեղուկը չէ ան, որ պատրաստ կը սպասէ կիներու թարթիչին տակ ու կը գլորի ուզուած վայրկեանին։

* * *

Շողիկը կրակը ինք կը բերէ, բառ մը պակաս խօսելու համար մարդոց հետ։

Խունկը կը բաժնէ հաւասար չափով, հողքերուն գլխուն խնամքով տեղաւորուած ծխամանին մէջ։ Յետոյ կը կենայ քիչ մը։

Երբ երեք կոյտերէն խունկին գիծերը բարձրացան ուղիղ, կինը կը գոցէ աչքերը։

Ու ծուխին թելերը կը թանձրանան, հողքերէն վեր կը լայննան, գալարներ կը դառնան ու իրարու կ’երթան ու կու գան։ Անոնց կեդրոնն է կնկան սեւաւոր հասակը, գլուխէն հալած՝ կապուտիկ ամպէն։

Յետոյ՝ ծուխը կը ցածնայ, կը պզտիկնայ, կը քիչնայ։ Այն ատեն կը բացուին կնոջը թարթիչները։

Կրակը ճերմկած է բոլորովին ու խունկին փոքրիկ ծուէնն անգամ սպառած։

Մեղմով կը կոտրէ խունկը ու կը հակի հողքերուն։

Երեք հատ են անոնք։ Մութ մարմարէ երեք դամբաններ. նոյն հասակով։ Անոնք կարելի չէ զանազանել իրարմէ։

Ու կինը երկու թեւերը կը տարածէ՝ հասնելու համար երեք քարերուն։ Մարմարի այս զգայնութիւնը թեթեւ սարսուռ մը կ’անցընէ իր մատներուն։ Աչքերը կը պաղին։ Ու անիկա կը քալէ դէպի իր հոգին։

Ու անիկա կը քալէ դէպի անցեալը։

Երեք հատ են իր աղջիկները, իրարու ետեւէ հոս եկած, երբ հարսնիքը կը սպասէր անոնց։

Գեղերուն մէջ քիչ պատահած դժբախտութիւ՛ն մը, պատմութիւնը այս մահերուն։

Գեղերուն մէջ սովորական դժբախտութիւ՛ն մը, պատմութիւնը այս մահերուն։

Գեղերուն մէջ սովորական դժբախտութիւն մը, պատմութիւնը այս կնկան։

* * *

Պզտիկ–պզտիկ կարգեցին զինքը, երբ իր ծիծերը դեռ չէին արթնցած։ Աղուոր էր անիկա ու բարձրահասակ։

Իր մա՞րդը։ Բայց անիկա ծեր էր արդէն դեռ քսան տարեկան չեղած։ Անոր երեսին վրայ գորշ ու ճմռքուած կտաւի մը պէս կ’իյնար իր կաշին։ Ու ճակատ չունէր, խզտուած ըլլալուն անթիւ գիծերով։

Անիկա արիւն կը թքնէր գարնան ու աշնան։ Ու ամառը չէր կրնար պատիլ առանց չուխայի։

Բայց անոր տունը ամէնէն շքեղներէն էր գեղին։ Անոր արտերը բարեբեր ու առատ։ Ու այգի։ Ու պարտէզներ։ Ու տուներ։

Անոր մայրը, վերահաս աղէտին առջեւ, աճապարեց։ Բժիշկները երեք տարի կեանքի կտրեցին իր տղուն։

Ու գիւղացիի բնազդով անիկա ընտրեց ամէնէն առողջ աղջիկը իր թաղին։

Նշանուած Շողիկին նշանը ետ ընել տուաւ պարապ պատրուակով մը։ Ու ամիս մը ետքը գնաց անոր ճիտէն կախելու գեղին մէջ անուանի խաթար ը, մեծ ու պզտիկ ոսկիներու զմայլելի հիւսք մը, որ աղջկանը կուրծքին վրայ ճառագայթներ արձակեց։

Ու խեղդեց պզտիկ աղջիկը հարուստի փառքին ու ոսկիին ճնշումին տակ։

Անիկա հագուեցուց պուպրիկի մը պէս ու տունին մէջ նստեցուց անկիւնը թագուհիի պէս։

Ու աղջիկը մտաւ աշխատաւոր այդ անկողինը, միամիտ ու երջանիկ։ Կեսուրը ոչխար ու երինջ մորթեց, գուբ մը իւղ նուէր տարաւ ժամուն, երբ հարսը փորովցաւ։ Անիկա մոռցած էր իր տղան, որ մինչեւ կէսօր կը պառկէր ու ամէն գիշեր քիչ մը նուազ հաց կ’ուտէր։ Ի՜նչ անհամբերութեամբ համրեց ամիսները։

Աղջիկ էր ծնածը։

Թեթեւ տրտմութիւն մը խառնուեցաւ իր երջանկութեան։ Աղջի՜կ։

Բայց անիկա օտարինն է միշտ։ Ու թոռնիկին մարմինը լուալու պահուն կը խորհէր ակամայ այն դուրսէ մանչուն, որ պիտի գար նստելու իր կալուածներուն վրայ։

Բայց յոյսը չկտրեց։ Դեռ երկու տարի ունէր իր առջին։

Չնչին գումարով մը ծծկան մը վարձեց։ Շողիկին ծիծերը քիչ կու գային։ Իրականին մէջ ուրիշ էր անոր հաշիւը։

Ու պառաւը աճապարեց։ Անիկա չէր մեղքնար իր տղուն։

Ու հիւանդ իր տղէն անիկա առնել տուաւ իր հարսին երկրորդ ժառանգը։

Ան ալ աղջիկ էր։ Տուին անիկա ուրիշ ծծկանի։

Հիւանդը քիչ անգամ դուրս կ’ելլէր։ Մարդ ըլլալէ աւելի ստուեր էր անիկա։ Վրայէ վրայ կը հագցնէին անոր երեք–չորս լաթ։ Այս շինծու մարմինով տղան կ’ամչնար փողոց ելլալու։

Ու պառաւը սկսաւ գործի։ Անիկա մանչ կ’ուզէր։ Անիկա իր օճախը վառող կ’ուզէր։

Շոյեց աւելի քան երբեք իր հարսը, որ պժգանքով կը մտնէր մարդուն սենեակը, աւելի պժգանքով՝ անոր անկողինը։ Ու տուաւ անոր մատանի ու ապարանջան։ Ու ոսկի ու գոհար։ Ու բոլոր պահեստը անուանի գերդաստանի մը, որ կը մարէր հիմա իր վերջին շառաւիղին։

Փառքով ու նմանը չտեսնուած հանդիսութիւնով թաղեց անիկա իր մանչը։ Բայց տուն դարձին գրեթէ ժպիտով առաւ հարսնուկը գիրկը ու մատներովը համբուրեց անոր որովայնը։ Հոն կը մեծնար իր վերջին յոյսը։

Երբ եկաւ երրորդը, դարձեալ աղջիկ, պառաւը չկրցաւ զսպել կատաղի անէծք մը։

Հարսը զարմացաւ ու գոցեց աչքերը։

* * *

Բայց աղջիկները մեծցան։

Զմայլելի նրբութեամբ մանուկներ էին անոնք։ Երեքն ալ ունէին կակուղ ու ոսկիի պէս փայլուն մազը, որ շատ ճերմակ երեսներու շուրջը տարօրինակ քաղցրութիւն ու չբացատրուած մելամաղձութիւն կը դնէ։ Երեքն ալ ունէին գեղին համար հազուադէպ կապոյտը, որ անոնց նայուածքը ծովակէ գօտի մը կընէ, մանրանկարչական ու եզրային։ Ու երեքին ալ այտերուն ճակատագիրը գծեր էր, ոսկի գրիչով, ահաւոր ծաղիկը, որ առտուները կը դալկանայ ու իրիկուններուն կը բռնկի ինքնիրեն, չես գիտեր ինչու։

Իր գուրգուրանքով անոնց մայրը յաջողած էր ոտքի հանել անոնց ազազուն մարմինները ու քալեցնել անոնց սրունքները, որոնք կակուղ սկսան ու տարիներով ծուռ կոխեցին։

Բայց աղջիկները մեծցան։

Երեք հատ էին։ Իրարու ետեւէ, երբ ոսկիներ կախեցին իրենց վիզերէն, կարելի չէր չնայիլ անոնց պզտիկ փունջին, դեղին մազերուն ու հով զգեստներուն, որոնք նոր բաներ էին գեղերուն համար։

Երեք հատ էին։ Իրարու ետեւէ, երբ ոսկիներ կախեցին իրենց վիզերէն ու կալերը գացին պարելու ու պոռալու։ Անկարելի էր չզմայլիլ անոնց ճերմակ դալկութեան ու այտերու վարդին, որ կրակ կ’առնէր հովէն, արեւէն։

Բայց երեքով գերեզման գացին, իրարու ետեւէ, հարսնիքին տարին, առագաստ չկոխած։

Մայրը գրեթէ խենթեցաւ, երբ երկուքին մահէն ետքը երրորդն ալ առտու մը նուաղած ինկաւ իր գիրկը, արեան հեղեղի մը մէջ։

Վերցուց անիկա իր թեւերուն վրայ։ Ու զարհուրեցաւ անոր յանկարծական թեթեւութենէն։

Դե՞ղ։ Բայց անիկա ահաւոր ձեւով մը փորձառութիւնն ունէր այս եղերական սկիզբին։

Անկողին տարաւ։ Գարնան մուտքերուն էր ու պատուհանները կրնային բացուիլ։

Վերցուց վարագոյրները ու արեւը կանչեց ներս։

Ու արեւը եկաւ տղուն ճակատին, ուր քրտինքը բարակ ու նիհար իր պղպջակները կ’ոլորէր անզգամ հարաբերութեամբ մը։

Ու արեւը եկաւ տղուն երեսին։ Ու անոր լոյսին մէջ այտերուն կարմիրը կը դալկանար, կը հալէր կարծես, տարօրինակ դեղնութիւն առնելով իր մէջ։

Բայց անիկա եկաւ մանաւանդ ռունգերուն գիծին, ուր կարմիր հեղուկը կախարդի մը պէս իր թելերը կը հաւաքէր, յետոյ կ’ոլորէր ու թող կու տար մէկէն։

Ու անիկա քաղցր էր համբոյրի մը պէս, կապուտիկ շրթներուն, որոնք պրկուած էին ներքին սարսափէ։

Ըրաւ ինչ որ ըսին մեծերն ու պզտիկները, խենթերն ու խելօքները։ Ինկաւ դեղագործի ոտքերուն։ Պաղատեցաւ, աստուծոյ մը պէս ծերունի բժիշկին։ Բայց բժիշկը գլուխը թօթուեց ու երկինք նայեցաւ։

Այդ օրէն սկսաւ հոգեվարքը։

Զարհուրելի ու հազուադէպ այս հոգեվարքը գեղերուն մէջ, ուր ամէն բան իր օրէնքները ունի։ Երկու օրուան մէջ անոր ոսկորներուն գծագրութիւնը զգալի եղաւ ճերմակ մարմինին տակէն։ Մէկիկ–մէկիկ կելլային անոնք, միեւնոյն ատեն։ Ու սպաննող բան էր մօրը համար դիտել անոնց ամբարձումը այտերուն կարմիր ծովակէն, պզտիկ բլուրներու պէս։ Ու չէր կրնար անոր հօրը դէմքը չտեսնել, որ արիւնի ու քրտինքին մէջ կ’աղերսէր իրեն՝ հանդարտ թողուլ զինքը ու մեղքնալ իրեն։

Ու պզտիկին միսերը ամէն օր բռնուած մնացին գաղտնի կրակէ մը, որ իյնալ չունէր։ Ու անոր միսերը ամէն օր լոգցան անձրեւի մը մէջ, որ ներսէն կը բխէր։

Հազը բարի էր, բայց եղերական։ Անիկա կուրծքէն դուրս կը կրէր անոր արիւնը, գաւաթ–գաւաթ, յետոյ կ’երթար իր քունին։

Անոր կոկորդը փակուեցաւ խօսքին։ Ու լեզուն մոռցաւ բառերը։ Ու անոր թարթիչները, սեւ մետաքսի պէս, անգոյ ծաղիկի մը տերեւներուն պէս երկարեցան։ Անոնց ելեւէջովը կը խօսէր աղջնակը։

Գարնան մուտքին էր ու արեւը բարի՜ ու բարի՜։

Դուրսը սկիզբ կ’առնէր անիմանալի կեանքը, իրերուն մեծ կեանքը։ Հող ու ծառեր, քարերն ու գօս ճիւղերը կ’արթննային։ Ու տղեկը կը ցամքէր։

Մայրը վռնտեց կեղծաւոր համակրանքը, հեգնող արգահատանքը։ Անիկա խուլ եղաւ բոլոր մխիթարանքներուն։ Խելքը թռցնելու մօտ բան մը զգաց իր մայրը, հանդարտ ու ընչաքաղց, չափ, յանձնարարեց անոր, մէջտեղ դնելով երիտասարդութիւնը ու անոր կեանքի մը կարելի հեռանկարը։

Ու աղջիկը արագ կը վազէր մահուան։ Գրեթէ կը տեսնէր անոր միսերուն քակուիլը, քալելը անոր ոսկորներէն։ Ու հոգին, որ դուրս կը տարածուէր պատեանէն, բովանդակուիլ չկրնալով։

Աղօթեց անիկա։ Ահաւո՜ր իր աղօթքը։ Անով չէր ուզեր կեանքին վերադարձը։ Բայց կ’ուզէր, որ երկարէր այս հոգեվարքը, այնքան՝ որքան կամենար։

Անցնող ամէն օր շահ մըն էր անոր համար։ Այն ատեն չափեց, թէ ինչ կարճ է միջոցը, որ կեանք կը կոչուի։

Վերջին օրը, առատօրէն, զգաց, որ պիտի մեռնի։

Անցաւ իր տղուն դիմաց, անշարժ՝ կապուած ստուերի մը պէս։

Որքան քիչ բան կը մնար իր առջին։ Բարձը կ’աւելնար երկու կողմերէն։ Մազերը միայն դիմացած էին այս ոսկորներուն։

Ու անոր ձեռքը կրծուած ոստի մը կը նմանէր։

Քիչ–քիչ անոր շունչը կորսնցուց իր երկարութիւնը։ Ատեն–ատեն կը փրթէր, բայց նորէն կը գտնար իր չափը։

Ու իրարմէ հեռու նետուած կզակներէն կարելի էր տեսնել նիհար այդ հեւքին տառապանքը, որ մարմինին խորերէն կը ջանար հաւաքել անոր հոգին ու կը չարչարուէր։

Յետոյ բարկացաւ անիկա, նեղցաւ ու ոստոստուն թելի մը պէս կ’ելլէր ու կ’իջնէր։

Ոչ մէկ շարժում մարմինին միւս մասերուն վրայ։ Աչքերը խելօք էին ու գամուած կոպիճներուն խորը։ Թաթիկը արդէն թափանցիկ, լոյս կու տար արեւին տակ։

Ու շունչը իջաւ։ Իջաւ։ Հիմա փրթած թելերու երթեւեկ մըն է անիկա։ Ու կը դադրի, առանց պայմանադրական երեք ցնցումին, որ մեռնողներուն կզակները կը լարէ աւելի՝ հոգիին ելքը դիւրացնելու համար։

Միւսներուն նման անիկա թաղեց հարսնիքին քողովը։

* * *

Յաջորդ օրն իսկ անոր կեանքը կը բաժնուէր երկուքի։

Առաջին մասը, այն՝ որ հիմա անցեալն էր, մեծ ու եղերական պատկերն մըն էր, վրան սեւ վարագոյրով, ուր քանդակուած էին անոր ամէնէն մեծ վիշտերը, ինչպէս անոր կարելի ուրախութիւնը։ Անիկա պիտի չանդրադառնար, վճռած էր մէկ անգամէն, իր պատանութեան անծաղիկ ձմեռին, իր չապրուած գեղեցկութեան։ Պիտի չյիշէր, վճռած էր նորէն, արիւնոտ մահիճը, որ չոր չեղաւ երբեք եւ ուր մտած էր զզուանքէն խեղդուած։

Միւսը, նոր մասը, անիկա պիտի շինէր քիչ–քիչ։

Իր հարստութիւնը զբաղում մըն էր իրեն համար։ Իր պարտէզները պիտի երթար, առանձին, աղուոր օդերուն։ Պիտի երթար այգիները, դարձեալ առանձին ու մանաւանդ պիտի պատրաստուէր երկինքին համար, ինք՝ որ բան չէր հասկցած իրերուն աշխարհէն։

Բայց մանաւանդ  պիտի ապրէր  յիշատակին մէջը  իր զաւակներուն։

Ու ան սկսաւ իր նոր կեանքը գերեզմանէն։

Անիկա շինել տուաւ իր տղոց հողքերուն վրայ անարատ մարմարէ դամբարանը, ոսկեզօծ գիրերով։ Անոր շուրջը քաշեց վանդակը, դարձեալ ոսկի։

Գեղը, փոփոխութեան շրջան մը կ’անցընէր։ Մետաքսի մանարաններուն հետ հոն մուտք ունեցան քաղքենի ճաշակին կարգ մը նորութիւնները։

Ինք օգտուեցաւ ամէնէն առաջ սգաւոր մօր իր հանգամանքէն, հագնելու համար սեւ տարազ մը, որ գեղին ու քաղաքին մէջտեղը կը մնար։

Սեւ ու երկայն այդ զգեստը վայլեց իրեն։ Այդ մռայլութեան մէջէն կը ծագէր անոր մորթին անաղարտ ճերմակը։ Ու նուրբ իր հասակովը, որ մազերուն զոյգ հիւսկէններովը չափաւոր ներդաշնակութիւն մը կ’առնէր, անոր ամբողջ մարմինէն, վշտէն քաղցրացած իր դիմագծին ազնուութեամբը, ու երկնաբաղձ այլուրութեամբը իր նայուածքին անիկա գեղին մէջ ստեղծեց նոր տիպար մը կիներու, որոնք աշխարհին կը նայէին զզուանքի մէջէն, այսինքն՝ մարդու չեն երթար, բայց կը դողան իրենց երիտասարդութեանը վրայ։ Ու կ’ապրին իրենց գեղեցկութիւնը անծանօթ հաճոյքներու համար։

Ու անիկա ելած էր ախտաժէտ ճահիճէն, որ իր ամուսնութիւնը եղաւ, աւելի նրբացած ու աւելի սլացիկ։ Տառապանքին մէջ հալեցուց գեղացիի թանձրութիւնը ու միսերուն մեղկ ծանրոյթը։ Ու մտաւ այն տարիքին, երբ կիները, աւարտած իրենց կեանքին մեծ գործը, զաւակները շարած իրարու ետեւէ, կը խորհին անցնող երիտասարդութեան ու կ’աշխատին դիմանալ որքան որ կարելի ըլլայ ատիկա։ Շատեր միսը կը գտնեն։ Ուրիշներ՝ ազդեցութիւն ու մեծ կնիկ դառնալու առաջին խորհրդաւորութիւնը, բամբասանք կամ զոհողութեան ոգի։

Շողիկին համար այդ շրջանը տուաւ տեսակ մը դալուկ, մանաւանդ այտերուն, ուրկէ նուազեցաւ գեղացին մատնող եռոտ կարմիրը, ան՝ որ պզտիկ ցուրտի մը, դէմքին վրայ կապոյտ երակներու տգեղ ոստայն մը կ’ըլլայ։ Անոնք, այտերը, մարեցան, աւելի ճիշդը՝ դեղին վարդի մը հատած ծիրանին ունին հիմա, զմայլելի արուեստով մը տարածուած շատ ճերմակ խորքի մը վրայ։ Բայց անոր հովը կու գայ մանաւանդ եազմայ էն, որ, գլխուն՝ կը նմանի թռչունի մը մեծ թեւին եւ իր քալուածքին հետ բացուիլ, թռիլ կը սպառնայ։ Անիկա չկրցաւ զատուիլ նախնական այդ լաթէն։ Գլխարկը ներելի չէր տակաւին։ Ու անոր հովը դարձեալ, մազերուն համաչափ աղեղէն, որ ճակատը կը բանայ ու գանկը կը կամարէ։

Անիկա զայրոյթով մերժեց ամուսնութեան առաջարկները։ Վռնտեց մայրը, որ ամէն առտու նոր անուն մը կը բերէր իրեն։ Ու չտեսաւ նոր բուսնող տղոց աղերսարկու դարձը իր տունին առջեւ կամ անոնց երկարումը իր պտոյտներէն։ Իր տղոցը յիշատակը կը բաւէր իրեն՝ դիմանալու համար մարդերու փորձութեան։

Անիկա չզգաց առաջին այրիութիւնը։ Ցաւ ալ չունեցաւ մահովը այդ տղուն, զոր սպաններ էին գրեթէ հարս ու կեսուր; Իր տղոցը գեղեցկութիւնը բաւած էր իրեն։

Բուն այրիութիւնը տարաւ անիկա համակերպութեամբ ու շնորհով։

Իր հարստութիւնը գոցեց իր ծագումին հասարակութիւնը։ Ներուեցաւ իրեն իր տգիտութիւնը, որ անարժէք թերութիւն մըն է միշտ։ Բայց մասնակցեցաւ բարեպաշտ կիներու կիրակնօրեայ աղօթքներուն  ու  հաւաքումներուն։  Հոն մտիկ ըրաւ  սուրբերու  կեանքէն պատմութիւնները։ Ու հիացումով կը խորհէր բարբարոս ճգնաւորներուն, Սուրբ Անտոնին մանաւանդ։ Ու երջանիկ էր իր մինակ անկողինովը։

Ապրեցաւ անիկա սրբուհիի մը պէս։ Չփախցուց ժամերգութիւնները, մանաւանդ իրիկուններուն, իր աղուոր հասակը տանելով բերանաբաց ամբոխին առջեւէն դէպի նուիրումը Աստուծոյ։ Կրօնքին այս ապաստանը հաստատուն գետին մը եղաւ անոր անգործութեան դէմ։ Եթէ մեղքի պահուն չկրցաւ անիկա օգտագործել, ապագային, գոնէ անով պաշտպանուեցաւ քանի մը տարի։ Ու դարձեալ այդ հաւատքն էր, որ զինքը նետեց բարիքներուն ճամբան։

Եղաւ բաց ձեռք ու բուխ սիրտ։ Ունէր իր աղքատները, բոլորն ալ գաղտնի, որոնց ոտքը կը տանէր ձեռքովը պատրաստած կերակուրները, միշտ մութը կոխելուն։ Անիկա իր պչրանքն ունէր այս խորհրդաւորութեան մէջ։ Գիտէր, թէ կը տեսնային։ Բայց կը սիրէր հաւատալ, թէ անծանօթ մնացած մաս մը կար միշտ։ Իր աղջիկներուն ձեռքովը կ’օգնէր աղքատիկ դպրոցականներուն։ Անդամ էր Աղքատախնամին։ Փանկալի, իւղագինի, հիւանդանոցի հանգանակութեանց մէջ ամէնէն շատ գրուողը կ’ըլլար։

Կեանքի այս ձեւը անոր խնայեց չարչարանքը միսի թելադրանքներուն։ Գիշեր ու ցերեկ իր տղոցը շունչին մէջ կամ անոնց մահէն ետքը, մտապատկերին հետ, ատեն չունեցաւ անդրադառնալու բնազդներուն ու ասոնց բռնակալ մղումներուն։ Իր հպարտութիւնը, ամուսնութեան առաջարկները ետ ընելու իր գրեթէ կատաղի յամառութիւնը կղզիացուցին զինքը։

Իր ծառաները չանցան տասնչորս տարեկանէն անդին։ Երբ անոնք քիչ մը պէխ ճարէին, կը ճամբուէին։

Ու անիկա պաշտպանեց իր այրիութիւնը արտաքին ցանկութիւններէ, բարեպաշտ, աստուածավախ ու մաքուր իր կենցաղին պատկառանքովը: Անոր զաւակները բաւեցին իր ներքին գոհացումին, երբ ողջ էին: Դիմացուցին զայն իրենց մահէն ետքը, իրենց յիշատակովը:

Ու  տարիները քալեցին: Անոր մեծագոյն մտահոգութիւնը  եղավ ամէն օր այցելել իր տղոցը: Անձրեւ ու ձիւնը չկրցան արգելք ըլլալ անոր այս սովորութեան:

Առաջին տարիները հոն կ’անցընէր իր կէս օրը: Ու հաճոյք էր տեսնել անիկա, հողքերուն վերեւ, սուգի ոգիի մը պէս, երբ մտածկոտ կը սուզուէր իր ներսը:

Ու հեշտանք է Շահպազին համար դէմը կենալ անոր աչքերուն, երբ ուլունք–ուլունք արցունք կը թափէր: Պահապանը հազիւ կը զսպէր ափը, որ կ’ուզէր երկարիլ, բռնելու համար անոնց կաթիլները:

Անոնք շատոնց ընտանի են իրարու:

Մարդերէն փախչող այս կինը, առանց յուզումի ու վտանգի խօսեցաւ անոր հետ առաջին օրէն: Բնական գտաւ անոր փութկոտութիւնը կրակը երկարելու: Ու չափազանց չերեւցան անոր մանր խրատները, որոնք պարզ ու անկեղծ քարոզներ էին: Թողուց, որ անիկա նստի իր դէմը, գերեզմանին պարպուելէն ետքը: Մեռելներուն մօտ, հոգիով մեռած այդ մարդուկը հակադրութիւն չէր բերեր:

Մարդերէն փախչող այս կինը կրցաւ նայիլ պահապանին, որուն պատմութիւնը շուտով սովորեցաւ եւ զոր անմիջապէս առաւ իր աղքատներուն շարքին մէջ: Մտքէն չանցաւ զգուշանալ անկէ, ինչպէս տարիներ ըրած էին գեղին միւս կիները: Դիմեց անոր բազուկներուն, երբ պէտք ունեցաւ ծանր գործերուն մէջ: Կը ցաւէր մասնաւոր ձեւով մը անոր անցեալէն աւելի ներկային վրայ:

Ճերմակ անոր մազերուն նայելով կը նայէր: Լաւ չէր գտեր այս հետաքրքրութեան թաքուն զսպանակը: Կը զգար զայն դժբախտ ու մենաւոր գուցէ իրեն չափ: Ատկէ դուրս, չաշխատած մարդու անոր մարմինը կը պահէր համ մը, որ տանելի է յիսունէն վեր այրերու վրայ: Ու կ’ախորժէր անկէ:

Քանի ՜ –քանի՜ անգամներ անոր պատմել տուած էր երիտասարդութիւնը, երբ վանդակ ին  մէջ արեւը դեռ ատեն ունենար քաշուելու: Անիկա տեսակ մը չարութեամբ մանրամասնութիւններ կ’ուզէր Բաբէթէն, զոր հազիւ կը յիշէր: Իրենց թաղէն եղած էր անիկա: Պահապանը միտքը պահածն ու չպահածը  կ’աւարտէր շատ շուտ, զգուշանալով զգացական տարրեր խառնելէ պատկերին: Պահանջկոտ էր Աննային նկարագրութեանը  դիմաց ու  մանաւանդ անոր հիւանդութեան երեւոյթները կ’ուզէր կարելի մանրամասնութեամբ մը: Տեղ–տեղ կը միջամտէր ինքը, տալով կարեւոր դիտողութիւն մը, որ կը զարմացնէր միամիտ պահապանը: Անիկա չէր կասկածեր, թէ ուրիշներ ալ իր փորձառութիւնները կրնային հանդուրժած ըլլալ: Ու կը չարչարուէր՝ գտնելու համար հարազատ ու նկարող բացատրութիւնը:

Այրին կը կտրտէր, կը հարուածէր անոր չոր ու կարճ նախադասութիւնները, կը սրբագրէր անոնց տժգոյն հասարակութիւնը ու կը ստիպէր, որ խօսէր անիկա լայն, ճիշդ, մանրամասն, թրթռուն՝ ինչպէս իր կեանքը իրականութեան մէջ:

Անիկա չէր զգար, իր ծերուկ միտքովը, նմանութիւնը, որ անոնց ճակատագիրները իրարու մօտ կը բերէր, դժբախտութեան նոյն գիծին վրայ: Առաջին անվարժութիւնները անցան: Անմատչելի այդ կնիկը, ուր տարիներով պտտեցաւ ամբոխին բառերուն մէջ, ականջ տուաւ հաճոյքով Շահպազին, որ զարմանալի կենդանութեամբ ու հարազատութեամբ, յաջողեցաւ ներկայացնել անոր իր կեանքին ամբողջ դառնութիւնը ու մանաւանդ իր երիտասարդութեան դժոխքը:

Անիկա ճարտարութիւնը ունեցաւ թարգմանել կարենալու այն յուսահատ ձանձրոյթն ու մաղձոտութիւնը, որ տգեղ կին մը կը բերէ իր հետ երիտասարդի մը անկողինին: Ու զգայուն բառեր ու յաջող պատկերներ գտաւ արտայայտելու համար աղուոր երեսի մը կամ աղուոր  ու  հովոտ հասակի մը տրոփուն  հրապոյրները: Անիկա, ասոնք ըսած ատենը, օրինակը կ’առնէր Շողիկէն, անկեղծութեամբ մը, որ կասկածէ դուրս էր ձեւին միամտութեամբը ու շեշտին համոզումովը: Եւ այս ընթացքը հեռու էր վիրաւորիչ ըլլալէ:

Ու գուշակեց անիկա, ծերուկ պահապանը, թաքուն հաւանութիւնը կամ ախորժը, որմէ կազմուած է գրեթէ ամբողջութեամբ կիներուն հոգին: Անիկա հասկցաւ անոնց անզուսպ ցանկութիւնը, որով մարդոց հետաքրքրութիւնը կը պահանջեն անոնք ամէն գնով: Ծերուկին հասողութենէն դուրս էին գուցէ տակաւին շատ մը բաներ, որոնք զգալէ աւելի կ’ենթադրէր տարտամօրէն, բայց ինչուն էր պէտք: Անիկա յստակ կը տեսնէր ուզածը ու կ’ընէր:

Այրին երբեմն կ’անդրադառնար իր ախորժակներուն ու նկատումներուն ճիշդ արժէքին վրայ: Ու վախէն, զանազանութեան համար պատմել կու տար տղոցը վրայ: Մատղաշ–մատղաշ գացած ու հիմա հիմնովին ջնջուած  այդ էակները  պարտաւորուած  էին գոյն, գիծ, գրեթէ նկարագիր հագնիլ, մասնաւորուիլ, որպէսզի Շողիկը կարենար տեսնել։ Անիկա հոդ եսասէր գոհունակութիւն մը կը հետապնդէր, իր թարմ մեռելներուն հետ բաղդատութեան մը տարուելով, անշուշտ մտքէն, բայց մասնաւոր հաճոյքով մտիկ կընէր անոր հոգեվարքին զրոյցները, որոնք իրենց չսպասուած գիծերով, դիտուած նրբերանգներովը ականատեսը կը հաստատէին։ Իրաւ ալ, Շահպազին երկու մեծ տկարութիւնները եղան դիտել սագերու լոգանքը ու դիտել հոգի տուողները։ Անիկա առիթ չէր փախցներ հոգեվարքներու ներկայ ըլլալու։ Ու մարդիկ չէին հաւատար իր կնիկ Մարգարի ջղերուն այսքան դիմադրական կարողութեան։ Բայց իրականութիւնը կարելի չէր ուրանալ։ Դրացիներէն դուրս, գեղին հեռաւոր թաղերէն բոլորովին անծանօթ մարդեր կը կանչէին զինքը վտանգաւոր գիշերներ լուսցնելու մահամերձ հիւանդներու հետ։

Այրին անտարբեր հետաքրքրութեամբ ականջ կու տար անոր պատմութեան միւս երեսներուն։ Զգուշացաւ պահանջկոտ ըլլալէ այն շրջանին վրայ, ուր խելքը խաւարած էր պահի մը համար։ Արգիլեց անոր կրկնութիւնը դժնդակ դրուագին, ուր մեռած կինը ելեր էր գերեզմանէն ու տուն էր եկեր։

Բայց միշտ իրեն չպակսեցաւ առիթը խօսքը իր վրայ դարձնելու։

Ու զարմանքով կը տեսնէր, որ չէր կշտանար։ Չէր կշտանար ամէն օր յեղյեղուած, շարքովը ծանօթ ու գրեթէ գոց սորվըւած նախադասութիւններուն հանդարտ այս փոխանակութենէն։ Բառերը տափակցան, բայց ձանձրոյթը չեկաւ։

Ձանձրոյթը չեկաւ։ Վասնզի՝ բառերուն հետ ու անոնցմէ դուրս կինը զգաց այն անորոշ ոլորտը, յետնաշխարհը, որուն մէջէն անցնելով անոնք հրապոյր, թեթեւութիւն ու քաղցրութիւն կը հագնէին։ Մինակ իր մէջը չէր այդ մշուշոտ տարածութիւնը։ Անիկա գիտէր մարդէն ներս գոյութիւնը այդ աշխարհին, որ ամէն օր մէյ-մէկ քիչ կը բարձրանար անգիտակից խորքերէ։ Ու անոր դէմքը, ձայնը, մանաւանդ նայուածքը, ու նստած պահուն ձեռքերը ծալելու եղանակը այդ աշխատանքին արտաքին յայտնութիւնները կը դառնային։ Ու ձանձրոյթի տեղ հաճոյք ունէր այրին, ընդունելով ներքին ապրումին հասարակ նշանները, բառերը՝ իբր կրկնուող զգայնութիւններ։ Կը փաթթուէր գգուանքի այդ հեռաւոր ծփանքին մէջ ու անկէ յառաջացած թրթռումի անուշութեան կը յանձնէր ամայութիւնը իր հոգիին։

Իր ներսը, իր խորերը չիջնող այդ կինը կը խաբուէր առանց գիտնալու։  Իր սուրբի  անցեալը տեսակ մը իրաւունք  կը բերէր  իրեն չկասկածելու ալ բացարձակ իր մարմնական անզգածութեանը վրայ։ Իր մարմինը բզիկ–բզիկ խորտակուած նուագարանն էր, ուրկէ հնչիւն ստեղծել անկարելի կը կարծէր։ Բայց չէր ճշդած իր հաւատքին արժէքը։ Այս արդիւնքին չէր հասած ան կամքի մեծ պայքարի մը կամ զգայնութեան բզկտող մէկ աղէտին գնովը։ Դիպուածը առաջնորդած էր իր օրերը ու պատրաստած իր դժբախտութիւնը։ Բայց չէր քայքայած անոր հոգիին անդրագոյն ընդունակութիւնները։ Չէր քակած անոր սիրտը։ Եթէ չէր վախցած մարդերէն ու յամառած էր իր տունը չառնել մայրը կամ մէկը եղբայրներէն, պատրանքի մը կը հպատակէր։

Պզտիկ ճիգ մը իրեն ցոյց տար պիտի իր տկարութիւնը ու մանաւանդ իր սխալը։ Անիկա, անգիտակցաբար, իր մշտական փախուստին մէջ սպառած էր զգայարանքներուն վրայ ծանրացող կիրքին մշուշը, երբ անոնք ազատած էին զզուանքին թոյնէն։ Ետքին, երբ տղոցը պակասովը, իր մէջ մթերուած գուրգուրանքը կը մնար անգործածելի, ճնշելով բեռան մը պէս, անիկա զարգացուցած էր իր ողորմութեանց շրջանակը։ Ու կիներէն աւելի՝ անոնք ու անօգնական ծերունիները օգտուած էին այս պատեհութենէն։

Գիտէ՞ր, թէ ինչ կ’ընէր։ Բայց, հեշտագին ու դառն պրկումէ մը թեթեւցած կ’ելլէր խեղճուկ այն տնակներէն, ուր այծի կաշիի մը վրայ ոտքերը կոտրտած ծերուկ մը կը պառկէր տարիներով։ Անոր հարսը գործի կ’երթար առտուընէ։ Թոռներ մտիկ չէին ըներ անոր աղաչանքը։ Ասանկ մահիճներու մօտ կը սիրէր ուշանալ Շողիկ հարսը՝ շնորհալի համստութեամբ ծունկի գալով աղտոտ կաշիին քովը։ Ու կը խօսէր, ինչպէս կը խօսին անգործ կիները։

Անշուշտ կը խաբէր ինքզինքը, եթէ ոչ լրբութեամբ ու հաշիւով, գոնէ առանց իր ուզելուն ու գիտնալուն։ կ’արդարացնէր իր համակրութեան այդ նախընտրանքը դէպի այրերը բոլոր այն պատրուակներով ու փաստերով, որոնք մեր ձեռքին տակը հնազանդ կը սպասին։ Բայց եազման նետելու իր գրեթէ բնազդական շարժումը ու երեսներուն քանի մը մատ դպելու իր վախկոտ իրարանցումը, երբ ատանկ տուն մը մտնէր կը վրիպէին իր հասողութենէն։

Երբ պահապանին հանդիպումը ըրաւ, անիկա անցած էր երեսունէն տարիներ առաջ։ Ու հասած՝ իր զգայնութեան այս ընդհանուր բարեխառնութեան, որ լրում մըն է միշտ։ Ու փոփոխութիւնը անխուսափելի։

Կը հաւատար, թէ պահապանը, միւսներուն նման, ոչ աւելի, ոչ պակաս, պիտի արժանանար իր գութին։  Անոր պիտի տար ինչ որ ըրած էր տարիներէ ի վեր ուրիշ շատ նմաններու։ Բայց ակամայ բաղդատութիւններու իջաւ։

Շահպազը ծեր մը չէր, վաւերական ու անառարկելի, ինչպէս էր Մելքոն աղբարը։ Անոր մարմինէն չէր պակսած տակաւին այն հովը, որ էրիկմարդերը կ’ունենան մինչեւ իրենց սեռական բնազդներուն շիջումը։ Իր աղէտը դիպուածական պաշտպանութիւն մը եղաւ անոր զգայարանքներուն համար։ Չամչեցան անոնք, ինչպէս չմաչեցաւ իր մարմինը, որ կը մնար հակառակ մազերուն, գրեթէ թարմ ու անվթար։ Ու հիմա, երբ իր տարեկիցները լխկած միսեր կամ թոմթռկած կաշի ունէին երեսի տեղ, անիկա կրնար հպարտ ըլլալ իր մարմինովը։

Անիկա, գերեզման չեկած, արդէն կամաց–կամաց ազատած էր իր վախվխուն առնականութիւնը, կեանքին դէմ ուշ սկսած պայքարով մը։ Տարիներու ընթացքին անկէ փախած էին նորութիւնը եւ սեզոնները։ Աշխատանքը արժեցուց  իր դնդերները, որոնց սպառումը դանդաղ տեղի կ’ունենար, անկողինին հարկէն զերծ ըլլալուն։

Գրեթէ  էրիկ  մարդ էր, երբ գերեզմանը յանձնուեցաւ  իրեն։ Բայց դուրսին համար անիկա կը մնար յաւիտենական կնիկ Մարգարը։

Որ ոչ ոք մտքէն կասկած անցուց Շահպազը տեսնելով շարունակ այրիին քով։ Բայց գանգատները ծայր տուին։ Նոր մեռելները երեսի վրայ կը մնային։ Ու անոնց թարմ հողքերը պէտք եղածին պէս յարդարուած չէին։

Անիկա կը մոռնար իր գործը։ Կիները կէսօրին յաճախ կրակ չէին գտնէր օճախին մէջ։ Ու դժգոհ էին։ Առարկեց անոնց ու Շողիկ հարսը օրինակ բերաւ։ Բայց ամէն կին ատանկ հարս Շողիկին պէս խազնայ ի չէր կռթնած։

Ծաղիկները կը զրկուէին  նոյնչափ։  Եղան, որ չորցան։ Տէրտէրը լուրջ՝ նեղացաւ անոր։ Աւազանը ոտքին տակ էր։ Ջուր մը տա՞լն ալ գործ եղաւ։

Չէր մօտենար նորատունկ եղեւնիներուն, որ հիւանդոտ աղջկան մը պէս տեւական հոգածութեան կը կարօտին ու շատ ուշ կը չորնան։ Չէին մաքրուեր հաստատուն ծառերը։ Ու բրիչը ժանգոտած էր անկիւնին փակած տեղը։

Գեղին մէջ երեւոյթները այնքան կանոնով կը յաջորդեն իրարու, որ պզտիկ շեղումներ աչքի կու գան անմիջապէս։

Ու աչքի եկաւ Շահպազին ծուլութիւնը։ Աչքի եկաւ մանաւանդ անոր յամառութիւնը հիւղակին մէջ փակուելու, երբ կէսօրին ետքը լացուորները կենային։ Ու աչքի եկաւ նորէն անոր խորհրդաւոր թափառումը այրիին քովէն։ Կին մը գուշակեց անոր ներքին հրճուանքը, երբ այրիին հետ մինչեւ դուռ կը քալէր։

Գէշ չխորհեցան հարկաւ։ Որկէ ուր։ Գիտէին այրիին օգնութիւնները։ Թաղեցիները կը տեսնէին Շողիկ հարսը, որ շատ իրիկուններ, մութը կոխուելուն, գոգնոցին տակ պահ ամանովը կ’երթար մինչեւ գերեզմանին դուռը ու ետ կը դառնար։ Գիտէին նորէն, որ կը լուար անոր զգեստները եւ գուլպաները։ Կը կարկտէր ալ։

Ու  շատ բնական ձեւով  մը պահապանը աշնան մուտքին  գնաց անոր տունը գործի։ Ատիկա անոր կեանքին մեծ գիծն էր։

Թաքուն՝ բայց չպարտկուող ուրախութիւն մը կը լեցնէր զինքը, երբ անոր հետ մառան կ’իջնային։ Կիսասքող այդ մենութեան մէջ Շողիկ հարսին դէմքը աւելի կը բացուէր։ Ճերմակութիւնը կը շեշտուէր։

Ու կ’աշխատէին։ Ճիգին տենդը անոր դէմքին երբեմն յանկարծօրէն կը ներտէր խենթեցնող երանգ մը, կտոր–կտոր, բայց թեթեւ։ Մորթը տարօրինակ բան մը, ծիրանի ու կաթի խառնուածքը յիշեցնող բան մը կը դառնար։

Երբեմն, շարժումին սաստկութենէն կամ երկարումէն, կ’արագանար անոր շունչը։ Այն ատեն անոր ծիծերը կը բարձրանային, հրելով պլուզին սեղմ փոթերը, որոնք կը բացուէին ու կ’ուռենային։

Բառը պատահական հրաման մըն էր անոր բերնին վրայ, բայց անուշ, բայց սրտագրաւ։ Այդ շեշտով մարդ կրնար վազել նոյնիսկ մահուան։

Ու մենութենէն, կնոջը հմայքէն, ու տարիներու զրկանքէն աւելի ազնուացած  յուզումը  կը բացուէր  անոր հոգիէն  ներս։ Ու  կը զգար, պուտ–պուտ անոր խոշորնալը։ Անոնց մարմինները կը քսուէին իրարու։ Յաճախ կէտի մը շուրջը, ծանր առարկայ մը տեղափոխած պահուն, անոնց ձեռքերը կու գային իրարու վրայ։

Ու այրիին աչքերը կիսաժպիտ, տարտամ, առանց մասնաւոր արտայայտութեան կ’իջնային Շահպազին մէջ, որ երկու մեծ կրակներու պէս կը տեսնէր իր միսերէն անոնց թափանցումը։

Կը պատահէր, որ գուբի մը յատակը մաքրելու համար, այրին ներս կախէր կէսը իր մարմինին։ Այն ատեն, բռնուելէ ապահով, Շահպազ դիմացէն, կը թրթռար միւս կէտին շեղ բարձրացումէն, որ երեւան կը բերէր, գուլպաներէն վեր անոր միսին ձիւնէ սիւնակը։ Ու կը պղտորէին իր աչքերը։

Ատանկ օր մը անիկա, անակնկալ յանդգնութեամբ մը, փաթթուեցաւ անոր մարմինին, երբ այրին գամ կը գամէր։

Անոր թեւերը անցան ուսերուն տակէն ու վրայէն ու գլուխը կեցուցին անշարժ։

Այրին չպոռաց։ Նայեցաւ խիստ։ Բայց իր մարմինը կեցաւ խելօք ու չըրաւ փախուստին յատկանշող շարժումը։ Երբ ուրագը ինկաւ ձեռքէն, անոր մարմինը ինքնիրեն քակուեցաւ միւսին բազուկներէն։

Դուն խե՞նթ ես։

Յանդիմանութիւ՞ն։ Կարելի չէր վճռել։ Բայց հետեւցաւ անոր։ Չկերաւ  հացը։ Այրին դարձաւ  իր զբաղումներուն։  Չտեսաւ  նոյնիսկ անոր գալարուն նայուածքները։ Երբ միւս սենեակը անցաւ, Շահպազը դուրս ելաւ ու անհետացաւ։

Մահճակալին մաքրութիւնը աւարտեցաւ։ Շողիկ հարսը մինակ էր։ Ու յիշեց պատահարը։

Մինչեւ հիմա չզգացուած յոգնութեան մը տակ, անիկա երկարեցաւ կակուղ անկողինին։

Իրեն այնպէս կու գար, թէ իր տակէն բան մը կամաց–կամաց կը փաթթուէր իր մարմինին։ Բացաւ իր ջիղերը։ Գգուանքը թոյլ–թոյլ կը դառնար իր միսերուն վրայէն ու կ’ուղղուէր դէպի սիրտը։

Աւելի լաւ վայելելու համար այս զգացողութիւնները, հանեց գուլպաները ու թեւերը առաւ վերմակին տակ։ Ու գգուանքը, աւելի նրբացած, աւելի հեշտ՝ կը բարձրանար բումբերէն, կ’անցնէր զիստերէն լայն գիծերով, կը հաւաքուէր մէջքին վրայ, յետոյ կը շեղէր դէպի ողնայարը ու կը հասնէր ծիծերուն ու կը թափէր դարձեալ սիրտին մէջ, որոշ, պայծառ, նիւթական համբոյրի մը պէս։

Ցնցուեցաւ ու վախցաւ։ Կարծես մէկը կը պագնէր իր բերնէն։ Բայց աչքերը բաց էին ու իջած վարագոյրները իրենց մեղմ ճերմակութիւնը կը ցոլացնէին կապոյտ պատերուն վրայ։

Ձեռքերը դպան, դիպուածով, իր ծիծերուն, որոնք քարի պէս ամուրցած էին։ Խաղաց անոնց կաղապարին հետ, բայց ամչցաւ։ Ինչո՞ւ։ Ինքն ալ չէր գիտեր։

Բոլոր այս զգայնութեանց ընդհատներուն Շահպազին պատկերը կու գար, անհրաւէր ու տաղտկալի։ Կը ճամբուէր, բայց կը վերադառնար։ Այն ատեն պատճառներ փնտռեց ու գտաւ։

Կու գար, որովհետեւ հաւատաց անիկա, կը մեղքնար անոր։ Բայց անիկա կու գար ճիշդ այն պահերուն, երբ զգայնութիւնը իր լրումին կը բարձրանար ու պակաս մը կը գծագրուէր։ Միեւնոյն ատեն, ուրուականին պէս իր մարդը ելաւ իր գարշ անկողինովը։ Ինչ կապ կար երկու մարդերուն մէջ։

Բայց մեռելին յիշատակը պիղծ ջուրի մը պէս աւրեց անոր երազանքը։ Ելաւ ոտքի, հագաւ նոր փէշերէն մէկը, որ այնքան խօսքի պատճառ եղած էր գեղին մէջ։

Անցաւ հայելիին առջին։ Ժպտեցաւ՝ ինչպէս ըրած էր միշտ իր պատկերին։ Ականջները կարմրած էին ու դէմքը դալուկ։ Խնամքով կապեց եազման։ Դարձեալ նայեցաւ իրեն։ Ու ժպիտը կոտրեցաւ կէս–ճամբան։

Ու ոտքերը ծանր էին իր ներքեւ։ Հանեց փէշը նորէն, նետեց բոլորովին վարագոյրը ու մտիկ ըրաւ։

Ինքզինքը մտիկ կ’ընէր։

Այն ատեն կրկնուեցան բոլոր զգայնութիւնները, առանց որ անկողինին փափկութիւնը կենար իր ներքեւ։ Այս անգամ անոնք ներքին կեդրոնէ մը դուրս կը խուժէին։

Ու կը զգար առանձին–առանձին անոնց կարճ ճամբորդութեան ու մանաւանդ անոնց ձեւ, գրեթէ շարժում ըլլալուն։ Ու անոնք կը յայտնուէին դարձեալ այն կէտերուն վրայ, ուրկէ գացած էին նախորդները։

Ու բան մը կ’եռար անոր ներսը։

Ինչպէ՜ս կապեց այս տակնուվրայութիւնը քիչ առաջուան պատահարին։

Բարկացաւ ինքնիրեն։ Մարդերը արժանի չէին ոչ իսկ գթութեան։ Բայց բարկութիւնը  ինկաւ  ինքնիրեն, երբ տեսաւ  պահապանին տառապած դէմքը։ Իրը պարզ արգահատանքն էր, իր հաւատքովը։ Յետոյ եկան ուրիշ մտահոգութիւնները։

Անիկա բաց թուղթի մը պէս կը տեսնար միւսին հոգին։ Ամիսներու արդիւնքն էր այս գիտութիւնը իրեն մօտ։ Խենթ եղած էր ան կնկան յիշատակին հետ, այն կնկանը, զոր չէր սիրած։ Խենթ կրնար ըլլալ ան նորէն կնիկի մը հետ, զոր կը սիրէր։

Որոշեց զգուշանալ։ Գերեզման պիտի չերթար ամբողջ շաբաթը։ Միտքը բերաւ միւս աղքատները։ Անոնց պիտի տանէր իր օրերը։

Եր ր որդ անգամը ըլլալով երեւան եկաւ ջղերու խիստ պրկումը, որ արտակարգ թուլութիւններ կը բերէր իր ետեւէն։ Ու անիկա շատ որոշ լսեց իր միսին ձայնը։

Ատիկա ձայն ըլլալէ աւելի՝ ամբողջական թրթռում մըն էր բոլոր իր մարմինէն բարձրացող։ Տեսակ մը անձայն փոթորիկ , այնպէս՝ ինչպէս նկարները կու տան, գրեթէ որոշ տեսանելի գիծերու բռնկում մը, որ կը քալէ քեզ հետ ու կը ծաւալի քեզմէ դուրս։

Ելաւ ոտքի։ Բայց թոյլ էին ոսկորները։ Հագաւ սովորական գերեզմանի զգեստը։ Էտինք էր։

Ու հակառակը իր բարկութեան, ու հակառակ իր որոշումներուն, անիկա գնաց գերեզման, իր կարծիքովը, Շահպազին կացութիւնը դիտելու։

Պահապանը գրեթէ դանդաղելով ելած էր անոր դուռնէն։

Գինով է, ըսին երկու պառաւ ցածուկէն։ Շահպազը լսած էր։

Գինո՞վ։ Ի՜նչ քիչ էր այդ բառը։ Անոր ներսը կը պոռար բան մը, որ կը նմանէր ժամացոյցի մը թող տրուած զսպանակին։ Ու աչքերը լաւ չէին տեսներ։

Փակուեցաւ հիւղակին մէջ։ Արագ–արագ մխտեց կրակի շրթունքին քնացած երտերը։ Կայծերը շարժումի ելան։ Կատուն փութաց քովը, մռլտուքը կախ մռութէն։

Տուաւ ոտքերը կրակին ու կը նայէր բոցերուն։

Ու տեսաւ, որ ինք էրիկ մարդ էր հիմա։ Անիկա հետեւցաւ մտքովը այս աստիճանական վերադարձի բոլոր փուլերուն։ Անդրադարձաւ, որ ինչպէս ամէն օր, անիկա աշխատած էր հանելու իր գերեզմանէն–նուիրական զգացումը թել-թել փետտելով ու գտնելով, տարիներու փոշիին տակ, անոր քայքայուած ոստայնը։ Ու կը տեսնէր հիմա, թէ ինչպէս այրիին նայելու մէկ ձեւը, շարժումի մը պահուն անոր ծիծին մէկ խաղը, խնդալուն մէկ գիծը պատճառներ էին, որպէսզի անոր մէջ արթննար զգայնութեան ամէնէն սուր դանակը, որ մարդերուն սիրտը կը կտրտէ։

Ու տրտմեցաւ. բայց նոյն ատեն հպարտացաւ։ Ոտքերը զարկաւ հողէ յատակին ու սպասեց։ Հիւղակը իր բոլոր խեղճութիւնով փոխուեցաւ հարուստի ապարանքին։ Ու ապրեցաւ իր կարգին խնամուած մանրամասնութեան մը մէջ ինչ որ պատահած էր քիչ առաջ։

Երբ դուրս ելաւ, այրին գերեզման կը մտնէր։

Իրարու նայեցան առանց խօսելու։ Ու որոշ անջրպետով մը քալեցին դէպի դամբարանը։

Նստեցաւ վանդակէն դուրս։ Կը վախնար ուղղակի նայելէ, բայց լրտեսեց պահերը, երբ անոր ձայնը ուժով ու արցունքոտ շեշտովը մը կ’ոլորուէր։ Կը նայէր անմիջապէս ու տեսածը կը փոխադրէր իրմէն ներս։ Իր ձեռքերը կը տաշէին փայտի կտոր մը, բայց իր ներսը կնոջ պատկերը կը պաշտուէր։

Էջքը տեղի ունեցաւ նորէն առանց խոշոր յուզումի։ Պահեց սովորական անջրպետը, որով քալած էին ամիսներ։ Քովիկէն՝ բայց քիչ մը ետեւօք, լեցուն իր աչքերը՝ վիզին մանեակովը, որ երկու սեւերու մէջտեղը կը դարձնէր զմայլելի իր օղակը, ու կիսադէմքին՝ լուսնկան։

Քիչ եղան անոնց բառերը։ Բայց տարօրինակ քաղցրութեամբ։ Ու Շահպազը գրեթէ կը շօշափէր անոր բառերը, որոնք սրտին շաքարին մէջ թաթախուած եւ օծուն դուրս կու գային՝ իյնալու իր երեսներուն համբոյրի մը պէս։

Ու ինկաւ իր երեսին հովը անոր մարմինին, այդպէս բարակ, ու այդպէս գրաւիչ։

Անոնք չմօտեցան կէսօրուան դէպքին։

Բարտիներուն տակ ջուրը զբաղեցուց քիչ մը անոնց ջիղերը։ Անիկա տերեւ կը կրէր ու անիկա խոտերուն մէջ դող կը ձգէր։

Ճերմակ ճամբան, բաժանումին ճամբան, կծկեց անոնց ուրուագծուող հաճոյքը։ Բայց զգայնութիւնը թռաւ։ Ու քալեցին։

Անոր ետեւէն, եազման իր մէկ պոչովը կ’երկննար ու կը գրկուէր մազերուն հիւսքին հետ։ Փորձեց բռնել նուրբ ոլոր մը, որ սեւ սաթէ օղակ մը վեր կը դարձնէր, բայց չըրաւ։

Բառ մը իրեն դարձուց անոր երեսը։ Ու անոր բերանէն իր վրայ եկաւ մոռցուած մշուշ մը։ Ու անիկա վերզգալ կը կարծէր այն շունչը, որ մութին մէջ Աննային բերանէն կու գար։ Գորովի տեսակ մը ծփանք, տեսակ մը թափանցիկ ու այրող պատմուճան, որ նոյնն է սիրողներուն մօտ, սիրտէն գայ կամ աչքէն։

Ա նիկա գիւտեր ըրաւ անոր կեցող մարմինէն, քալող մարմինէն։ Երբ հանգչած քարին հասան, այրին մէկ ոտքը վեր սպասեց։ Կը նայէր սեւցող լճակին։ Այն ատեն անոր միսերուն շէնքը հեռաւոր, բոլորովին մոռցուած զգայնութիւն մը հանեց իր մէջ։ Ու միտքը եկաւ իր կինը նորէն, որ չհազալու համար իր ծունկին նպաստը կու տար իր փորին, ու կը սպասէր, որ մարդը, իր մարդը գրկէ անոր յոգնութիւնը։

Ու երբ դուռնէն դուրս տարաւ զայն, նայեցաւ ետեւէն։ Անոր քայլերուն բացուելովը՝ բան մը կը նեղուէր իրմէն ներս։ Ու քանի ձեւը հեռացաւ, այնքան իր զգայնութիւնը տեսանելի կ’ըլլար իրեն։ Ու զարմանալի կապը գտաւ՝ իջնող այդ մարմինին նուաղումին ու խոշորցող, լայնցող իր սրտին մէջ։ Ի՞նչ էր այս աղերսը։ Անիկա պատճառներ փնտռելու խելքը չունեցաւ։ Բայց երեւոյթները ու տպաւորութիւնները չփախցուց երբեք։

Այդ օրէն իր գիշերները սկսան տագնապիլ։ Իր քունը պղտորեցաւ։ Առաջին անգամն էր, որ քսան տարիներու ընդհատէ մը ետքը անոր երազը փորձուեցաւ։ Գրկած կինը անուն չունէր ու անծանօթ էր։ Բայց կին էր։ Ու արթնցաւ սարսռուն։

Մութ էր հիւղակը, որուն մէկ պատուհանը միայն կարելի կ’ըլլար տեսնել։ Տախտակը իր ներքեւը, կատուն ոտքերուն վրայ։ Շարժեցաւ աջ ու ձախ։ Պատկերը մեռած էր։

Միւս գիշերը եկաւ Շողիկը։ Անիկա բարի էր ու աղքատ բոլորովին։ Ունէր իր աղջիկութեան պարզ զգեստը ու պարզ սիրտը։ Անիկա նորէն աղջիկ էր եղած։ Ու անոր թեւերը իր վիզին շուրջը կ’իյնային հանդարտ քաղցրութեամբ մը։ Բայց Շահպազին սիրտը կը կոտտար, ամուր ու արագ։

Երբ արթնցաւ, նոյն խաւարը, որ լուռ էր իր վրայ։ Նոյն դալկացած սեւին կտորը՝ պատուհանին առջեւ։ Ու անխուսափելի կատուն։

Ելաւ ոտքի։ Պրկեց իր ձեռքերը ետ ու առաջ։ Ծռեցաւ մեղմով ողնասիւնի վրայ։ Ու ոսկորները քաղցր ու հեշտ բզզիւնով մը դղրդացին ողնէն մինչեւ ծունկի մեծ ծխնին, ու լարուեցաւ ինքնաբերաբար ու ցնցեց անոր հեշտագին թմբիրը։

Ու մինչեւ լոյսը, անիկա աչքին առջեւը պահեց աղքատիկ աղջկան այդ պատկերը։ Միտքը դրած էր պատմել տեսիլը, բայց որ չափով։ Չէր գիտեր։

Այն օրը տեսան անիկա, որ կը նայէր երիտասարդ կիներուն, յանդգնութեամբ ու զօրութեամբ։ Անոր աչքերը իր նայուածքին կու տային էրիկ մարդու շեշտուած արտայայտութիւն մը, որ կիներուն միսերը կը խտղցնէ։

Այրին եկաւ։ Գերեզմանը գրեթէ ամայի էր։ Անոր կրակը սովորականէն աւելի քիչ էր շաբաթներէ ի վեր։ Անոր խունկին արարողութիւնը՝ կարճ։

Ու վանդակէն դուրս Շահպազը նստած ով գիտէ որո՞ւ մարմինին վրայ, կը նայէր այդ պատկերին ու զայն կը բռնէր մտքին մէջ բեւեռուած միւս նկարին հետ։ Գիծերը նոյնն էին։ Բայց գոյնը կը տարբերէր։

Ու անիկա պատմեց իր տեսիլը։ Անոր պատմութենէն երեւան կ’ելլար գեղացի աղջնակ մը, տասնհինգին դուռներուն։ Հագուստը նկարագրեց այնպէս՝ ինչպէս հագուած էր այրին հիմա մոռցուած այդ անցեալին մէջ։ Պզտիկցուց զայն, վերցնելով վրայէն լայնքը կուրծքին եւ ուսերուն, քիչ մը առաւ հասակէն ու երեսներէն։ Այսպէս փոքրացած այրին կը դառնար պատանութեան շրջանին։ Ու հաճելի էր այս յետադարձը։

Ժպիտով մտիկ ըրաւ։ Ու սպասեց։

Այդչա՞փ։

Շահպազը գլուխը ծռեց մէկ կողմին։ Ձեռքը նետեց վեր՝ օդին մէջ գծելով տարտամ ճամբան։

Բայց այրին չէր թողուր։

Պահապանը կը տառապէր, անիկա քրտնեցաւ նոյնիսկ, երբ արդէն ցուրտը դողեր էր առած։

Ի՞նչ կ’ընէինք։

Հարցումը հանդարտ էր։ Կարելի չէր անկէ ուժ առնել։ Ու անկեղծ իր շեշտովը շուարումը կ’աւելցնէր։

Փորձուեցաւ ուժով նայիլ անոր աչքերէն ներս։ Անտարբեր դէմքին առջեւ տկարացաւ իր հոգին։ Կախեց երեսը ու մատովը կը խաղար դեղնած տերեւի մը հետ։

Նորէն տամարդ բռնեց։

Ինչ կը կարդաս դուն, գիտե՞ս։

Շահպազը իր վրդովումը կրցաւ դնել նախադասութեան մէջ։ Այրին իր կարգին թեթեւ անհանգստութեամբ մը պարուրուեցաւ։ Անոր դէմքին հանդարտութիւնը գիծ–գիծ եղաւ կարելի էր ըսել։ Չպնդեց։

Իրիկունը կու գար։ Բլուրին գագաթէն վերջին լոյսն ալ քաշուեցաւ ու գեղին փորէն մուխը, կապոյտ քիչ առաջ, տրտմեցաւ ու գորշ բան մը եղաւ ինքնիրեն։ Անմիջական զովութիւն մը, որ արեւէն վախնալուն՝ կը պահուէր կարծես քարերուն մէջ, վեր կ’ելլար։ Ու թեթեւ մսուքը մը կը յայտնուէր անոնց վրայ։

Կինը դուրս ելաւ վանդակէն։ Խաղաղ էր դարձեալ, ինչպէս ամէն իրիկուն։ Բայց ետ կը մնար։ Ու կը յարմարցնէր քայլերը քայլերուն։

Չխօսեցան։ Երբ ճամբան գտան, տխուր  էին իւրաքանչիւրը  իր ձեւովը։ Դուռին առջեւ կեցուց, գրեթէ ձեռքը բռնելով.

Հիմա տո՞ւն կ’երթաս։

Հապա ո՞ւր։

Հարցումը անակնկալ էր։

Իրարու նայեցան։ Սկսող մութին մէջ կարելի էր զանազանել միսերուն խաղը դէմքին վրայ։

Շահպազին շրթները կծկուած էին։ Անոր ձեռքը մէջքէն կռթնած՝ կամաց կը շարժէր։ Գլուխը ուսերէն վար, ներս իջնալու ձեւ մը ցոյց կու տար։ Անիկա յայտնի պայքարի մը ճնշումին տակ կ’աշխատէր պահել ինքզինքը։

Կինը դուռնէն դուրս ելաւ, հակառակ սովորութեան Շահպազ չկրցաւ ներս մնալ ու աչքովը ճամբու դնել։ Չէր զգացած, թէ կը հետեւէր անոր։

Այրիին դարձը յանկարծակիի բերաւ զայն։

Նե՛րս գնա։

Հրամայողական էր այս շեշտը։ Առանց ետին դառնալու՝ շտկեցաւ գերեզման ու վազեց հիւղակը։ Դուռը գոցեց ներսէն, կանթեղը վառեց ու կրակը արծարծեց։

Փայտերէն՝ լոյսը տեսակ մը շարժում կը խաղար պատերուն ու շուք կը ստեղծէր։

Նստեցաւ կրակին առջին։

Բայց իր ամբողջ միսերը ոտքի էին կարծես։ Ու բազմութեան այս զգայնութիւնը երկիւղալի բան մը կու տար անոր մինակութեան։ Ու կը կարծէր լսել անոնց պահանջները զատ-զատ։ Բերանը, որ բերան կ’ուզէր. թեւերը, որ մէջք կ’ուզէին. երեսները, որ լեզու կ’ուզէին։

Ինքզինքը մտքիկ ընելու այս ստիպումը անոր մէջ յաճախ կը փոխարինուէր զգայնական նոր շահերով։ Անիկա, այդ միջոցով, երեւան կը հանէր իր հոգիին պահծու յուզումները ու կատաղութեամբ կ’ելնար անոնց վրայ։

Մէկէն գրեթէ թանձրացաւ կնկան պատկերը իր առջին։ Երեւո՞յթ։ Բայց կրակը կար իր խաղցող բոցին հետ ու կատուն, որ կէս գլուխը կը հետեւէր իր մտածումներուն։

Լսեց իր անունը։

Ցատկեց դուրս։ Դրան մէջ անոր հասակը։

Ա՛ռ։

Ու ստուերը քաշուեցաւ։

Կէս–մութին մէջ ճերմակ պնակը իր աղօտ ձեւը կը գծէր։ Գրեթէ վազեց։ Դրան մէջէն նայեցաւ դուրս։ Ոչ ոք կար։ Առաւ պնակը։

Ուտե՞լ։ Փորը կուշտ կը զգար եօթը շաբթուան համար։

Բայց գորովով, բայց թրթռալէն իր մատները կը պտտէին ամանին կափարիչին, եզերքներուն։

Ու տեսաւ անիկա աղուոր տունին մէջ, երբ ծռած էր կրակին առջեւ եփելու համար այս ձուազեղը։

Ու այս պատկերը չկրցաւ հեռացնել իր հոգիէն։ Ուզեց միտքը փոխադրել ուրիշ գետիններ։ Չէր կրնար ու կը նեղուէր։ Մէկէն զգաց, որ իր հոգին կեցած, դադրած էր գործելէ։  Ու  իր մէջը  կ’ապրէր, եկած էր ապրելու ուրիշ մը. այրին։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ անիկա իր մէջէն դուրս կը նետէր ինչ որ ինքը չէր։ Ու մարդկային բոլոր փափաքները, բոլոր սովորութիւնները, բոլոր վախերը եւ նկատումները դադրեցան իր մէջ։

Անիկա այդ կնիկը կ’ուզէր։ Ու կ’ուզէր այս գիշեր։

Այս ահաւոր ցանկութեան առջեւ, անիկա առաջին անգամ զգաց ուրի՛շ, աչքերը մշուշող, ու ջիղերը արմատներէն փրցնող միւս զգացումը, որուն մասին ոչինչ գիտէր։ Գեղերուն մէջ սիրոյ զոհերը այնքան քիչ են, որ հասարակ ուղեղներու չ՛իջնար անոնց ազդակներուն թափանցումը։

Ու կը մխտէին զինքը։ Գրեթէ կը տեսնէր հարուածները, որոնք իր մարմինին զանազան կէտերէն կ’ուղղուէին իր սիրտը։ Ու ինչ շատ էին անոնք։ Ոտքի ելաւ՝ չէր գիտեր ինչու։ Դարձաւ հիւղակին չորս կողմը։ Կը տատանէր։

Դուռը շարժեցաւ հովէն։ Այս ձայնը թելադրանք մը եղաւ անոր դուրս ելլելու։

Մութը ուժով էր ու խորունկ, կը սահէր անոր վրայէն աւելի՝ քան թէ կը քալէր։ Հողը կակուղ, բամպակի պէս, պաղ իր կռնակովը։

Լոյսեր, գեղին բոլոր տուներէն, առատ կամ նիհար։ Անցաւ պարտէզներուն արահետը։ Հոդ շրջափակը լեցուց զինքը։

Սպրդեցաւ ճեղքէ մը ու մտաւ անոր պարտէզը։ Շունչ առաւ։ Ետեւէն բլուրը կը սեւնար։ Քովերէն ուրիշ պարտէզներէ ձայնի կտորներ։ Երբեմն պատուհանէ մը քանի մը գիծ լոյս, որ արիւնի պէս կը քաշուէր ծառերուն մէջէն։

Քալեց։ Գոց գիտէր պարտէզը։ Հորին առջեւ կանգ առաւ։ Ծռեցաւ։ Սեւը աւելի թանձր էր։ Ու շատ վարը տժգոյն մազ մը կը կլորնար։

Բակ տանող դուռը հրեց, որ անձայն բացուեցաւ։ Արգելքներու այս չգոյութիւնը վճռականութիւն կը բերէր իրեն։ Չէր գիտեր, թէ չէր լսեր իր սրտին ձայնէն դուրս ոչ մէկ բան։

Գրեթէ կը տեսնէր սանդուխը։ Աչքերը այնքան լոյս կը հանէին իրենց խորէն։

Երբ հասաւ սրահ, այն ատեն միայն զգաց, ծունկերը կոտրելու չափ կը դողային ու չէին բացուեր։ Սարսուռը սիրտը իջած էր։ Ինչէ՞ն կը վախնար, չէր գիտեր։

Ճակատը անոր սենեակը։ Պզտիկ կանթեղ մը վարագոյրին վրայ արիւնի ցոլք մը կը փռէր, որ վարերը կը տարտամնար։ Բայց քալեց։ Ու կեցաւ նորէն, երբ դուռը բացուեցաւ։

Ո՞վ է ան։

Ե՛ս։

Շահպա՞զ։

Ու դուռը գոցուեցաւ կրկին։

Շահպազը քար կտրեցաւ։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ տախտակները պիտի կոտրէին ու պիտի իյնար։ Ու զգուշաւոր իջաւ ծունկերուն վրայ։

Դուռը կրկին բացուեցաւ։ Ու լոյսը ձեռքը Շողիկը մօտեցաւ։

Ի՞նչ կայ։

Ձայնը խելօք էր, ու բարկութիւն, վախ չէր արտայայտեր։

Ինչո՞ւ եկար։ Չպատասխանեց։

Քեզի կ’ըսեմ, չե՞ս լսեր։

Ձայնը ցած էր՝ բայց քաղցր. ոչ մէկ յուզման հետք։ Մինակ տարտամ զգուշութիւն մը։ Պատերը թափանցիկ են գեղերուն մէջ։

Շահպազ վերցուց նայուածքը։ Ու կինը նայեցաւ անոր աչքերուն, որոնք կորսնցուցած կը թուէին իրենց մարդկային արտայայտութիւնը։ Շարժուն ու հեղուկ բան մը, որ պզտիկ լոյսին տակ արիւնի պէս փոթեր ցոյց կու տար, լեցուցած էր անոնց գունտերը։ Կարելի չէր զանազանել ճերմակը սեւէն։ Կասկածելի էր նոյնիսկ անոնց տեսնալը։

Ի՞նչ ունիս։

Հիմա ձայնը աւելի ցած էր։ Քովի տունէն լոյս մը զարկած էր պարտէզ։ Ու անոր թելին մէջ տեսնուեցան զանազան ճիւղեր, բարակ դեղինով մը։

Ուրկէ՞ եկար։

Ետեւէն։

Իր բնազդովը հասկցած էր հարցումին թաքուն զսպանակը։

Ինչո՞ւ եկար։

Լռութիւն։ Բայց կարելի չէր սրահին մէջ խօսիլ անոր հետ։ Ոչ ալ ճամբել անիկա։ Քովի տունէն աղմուկը, խօսակցութիւնը յստակ կը լսուէր։

Անօթի՞ ես։

Խեղդուողին երկնցող տախտակն էր ատիկա։ Շահպազը փաթթուեցաւ սուտին։

Հա՛։

Քալէ՛։

Ոտքի ելաւ ու ծունկերը կը ցաւէին։ Կը քալէր կամաց, բնազդական զգուշութեամբ մը։

Կինը բացաւ օճախով սենեակը։ Անոր մէկ հատիկ պատուհանը թանձր քողով մը ծածկուած կը մեկուսացնէր զայն ետեւէն, պարտէզէն։ Պատերը հաստ՝ գուլ էին հոս։

Լոյսը դրաւ փայտեայ աթոռակի մը վրայ։ Տարօրինակ հանդարտութիւն մը կը պաշտպանէր անիկա։ Պատիհոնէն առաւ հաց ու պանիր։

Կե՛ր, ինչպէս կին մը պիտի ըսէր իր ամուսինին։ Պահապանը մատ չշարժեց։

Ինչո՞ւ չես ուտեր։

Նայեցաւ դարձեալ աչքերուն։ Աւրուած օդի մը պատկերը կար հոն, որ քիչ–քիչ կը մաքրուէր։

Անօթի չե՞ս։

Չէ՛։

Բայց իր ճիգերը սպառելու վրայ էին։ Զգաց, որ քիթին երկու ծակերէն կտրտող բան մը դէպի աչքերը կը քալէր, տեսակ մը կարմրցուած շիշ, որ տաղելէն գտաւ անոր արցունքին ակը ու կճեց։

Հեղուկը վազեց անմիջապէս։

Անհուն դառնութիւն կար ինկող այս ջուրին մէջ ու անսահման կարօտ։

–Ինչո՞ւ կու լաս։

Ծունկը դրաւ անոր մօտիկ։ Ու անոր մարմինէն քաղցր տաքութիւն մը հոսեցաւ պահապանին երեսին։

Երեք-չորս ամիսներ անոնք իրարու խօսած էին առանց նեղուելու։ Հոգիէ հոգի անցնելու տեսակ մը դիւրութիւն անոնց մարմինները մօտեցուցեր էր իրարու։ Հիմա՞։

Բայց արցունքները կը շարունակէին թափիլ, հանդարտ ու շարքով։ Ու եղերական բան էր այս ստուերոտ սենեակին մէջ, ինքնիրմէն դուրս այս մարդուն տղու պէս լալը։

Ու կու լար, ափերովը գոցած երեսները, չնայելու, չտեսնելու համար։

Այրին ձեռքովը դպաւ  անոր մատներուն։  Հպումին  տակ ափերը վար ինկան երեսներէն։ Թաշկինակով սրբեց անոր աչքերը։ Ու կտաւը նուրբ էր ու փափուկ կնկան շրթներուն նման։

Ջո՞ւր տամ։

Գլխովը մերժեց։ Խօսքին բոլոր թելերը կտրուած էին։ Սենեակին բաց դուռը  ինքնիրեն գոցուեցաւ։  Ու  լռութիւնը  շարունակուեցաւ ատեն մըն ալ։

Ու այդ միջոցին այրին առաջին անգամ զգաց էրիկմարդու այսքան մօտութիւնը եւ անկէ բխող խռովքը։ Ծե՞ր։ Բայց ասիկա իր յուզուելուն աստիճանովը, իր դողովն ու արցունքովը մէկ գիշերուան մէջ աւելի բան էր ըրած անոր, քան միւսին հետ ապրուած չորս տարիները։

Ու վախը եկաւ։ Անիկա աշխատեցաւ չիյնալ անոր աչքերուն տակ։ Ինքզինքը բաւական ուժով կը կարծէր՝ ուրիշ կողմերէն չազդուրուելու համար։

Ու միւսը, լացողը, ինքզինքը զսպած կը նայէր անոր մարմինին, որ զգեստին ու տարտամ լոյսին տակ ցնորաբեր երեւոյթ մը կը դառնար։

Բայց կարելի չէր պահել այս ձգտուած սպասումը։ Ու խօսքէ փախչելու  փորձը կը տանէր  աւելի  վտանգաւոր  գահավէժի  մը։ Կինը գիտցաւ ատիկա։ Մարդուն շարժումները մօտեցած էին ջղաձգական ձեւերու։ Անոր ուսը մէկէն վեր ելաւ ու իջաւ տեղը նորէն։

Գլուխը կախեցաւ քիչ մը շատ։

Ու այրին կը նայէր ճերմակ այս գանկին։ Անոր դուրս ինկած մազերը կը դողդղային կարծես։ Մէկէն յիշեց անոր երիտասարդութեան արկածը։ Ու խենթի մը հետ գտնուելու վախը պաղ հոսանքի մը պէս տարածուեցաւ անոր բոլոր անդամներուն։

Աւելի մօտեցաւ անոր։ Որոշած էր մեղմով, առանց ցնցումի դուրս հանել անիկա ու հիւղակը ղրկել։

Ձեռքը տարաւ  անոր ճակատին։ Մէկ  ծունկը  գետինն էր, միւսը՝ կոտրած։

Պահապանը իր ձեռքը տարաւ դնելու անոր վրայ։

Այրին չհասկցաւ։

Ասանկ էիր, գիշերը, ձեռքդ հոս դրած։

Բառերը խելօք էին ու նայուածքին պղտորութիւնը գացած։ Պատրանքը այնքան իրական էր, որ այրին մոռցաւ վտանգը ու ամփոփութեամբ մը, որ անոր տեւական պչրանքն էր եղած։

Պահապանը իր ձեռքը կը սեղմէր անոր կակուղ միսերուն վրայ։ Անիկա իր զգայնութիւնը փոխադրած էր այդ ոսկորուտ միսի կտորին վրայ, որ հիմա կը կոչուէր դիմանալու ամենախոր յուզումի մը։

Անոնց մարմինները իրարու մօտ էին քիչ մը աւելի շատ, քան որեւէ ատեն։ Ու անզգալաբար իրարմէ զատող միջոցը կը նեղնար։ Ու պահապանին երեսը սկսած էր թեթեւօրէն տաքնալ։ Ու անոր ռունգերէն ներս կը քաշուէր հոտ մը, հեռաւոր, մոռցուած հոտը տաքուկ ծիծերուն, որոնք իր քիթին մօտիկը սեւ կերպասին վրայ աւելի որոշ, կը լարուէին ու կը լարուէին։ Մշուշ մը իջաւ բոլոր իր անդամներուն։ Ու զգաց, որ անոնք բռնող ուժը ինկած էր մէջէն։ Յետոյ կրկնուեցաւ պարապի այն խոշոր ու անհասկանալի զգայնութիւնը, որ հիւղակին մէջ յայտնուած էր անոր հոգիէն ներս։

Այն ատեն առանց գիտնալու ձեռքը երկարեց՝ բռնելու համար բացը մնացած բազուկը այրին, որ իր կարգին չէր կրնար զսպել իր դողը։ Տարաւ անիկա շատ կամաց դէպի վեր, ու ձգեց անոր կէսը կռնակին, կէսն ալ վիզին։

Ասանկ էիր։

Ասանկ էիր։

Բառ չէր ելած, յուզումէն իր բոլոր հնչականութիւնը կորսնցուցած՝ պատկերը ըլլալէ աւելի անպատմելի տառապանքի մը անգայտ մէկ հեւքը, որ ծանրութիւն չունէր գրեթէ։

Այս շարժումին հետ անիկա քաշած էր անոր իրանը։ Ու երեսները դրած ծիծերուն, միւս ձեռքն ալ նետած կռնակին՝ կը կենար հանդարտ։ Ու այրիին բազուկը վիզին շրջանը ընելէն ետքը կը թառէր անոր կռնակին։

Ասանկ էիր։ Աղջի՛կ, աղջի՛կ էիր։

Բայց այրին մէկ ծունկովը դուրս էր միշտ։ Անիկա կը վախնար, բայց չէր կրնար ազատիլ այն տաք ու թոյլ բանէն, որ իր ծիծերուն վրայ կը բաբախէր, խոշոր։ Ու անիկա չէր կրնար ազատել իր մէջքը այդ բազուկէն, որ ուժով, հաւատարիմ ապաւէնի մը պէս կ’երկննար իր կեդրոնին։ Ու առաջին անգամ կը զգար ինքզինքը այս բռնուած, ինքնիրմէն բոլորովին դուրս, ուրիշի մը հոգիին վրայ։

Ինչպէս ելաւ անոր գիրկը։ Չկրցաւ տեսնել։ Բայց կը թրթռար։ Կուրծքը տուած անոր գլուխին, կը նայէր իր թեւին, որ ճերմակ ու օտար բանի մը պէս ինկած էր անոր կռնակին։ Ու կը զգար, որ տաք բան մը կը ծանրանար իր մէջքին։

Ասանկ էիր։

Իր մէջէն կու գար այս հնչիւնը կարծես, այնքան նոյնացում կար իր գլուխէն վար, իր միսին միւս մասերուն վրայ։ Դեռ աչքերը կը տեսնային։ Կրցաւ նայիլ լոյսին, որ խելօք կ’այրէր։ Բայց շուտով մշուշ մը ելաւ անոնց դէմ։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ լոյսը ամբողջութեամբ արիւն կը դառնար։ Գոցեց աչքերը՝ չտեսնելու համար։ Բայց այս անգամ տեսաւ իր հոգին։ Հալելու, հատնելու զգայնութիւն մըն էր ինք հիմա իր ամբողջութեամբ։ Գիտակցութիւնը գրեթէ կ’ընկղմէր անծանօթ հոսանքի մը մէջ։ Ու իրեն այնպէս եկաւ, որ պիտի դադրէր ապրելէ։

Պահապանին գլուխը շարժեցաւ իր կուրծքէն։ Այս զգայնութիւնը անդրադարձ մը եղաւ։ Մարմինը ծանրութիւնը կը գտնէր։ Ճիգ ըրաւ ազատելու համար թմրութենէն։

Ինչպէս ոտքի ելաւ։ Չէր գիտեր։

Պահապանը կքած իր ջիղերուն ցնցումին տակ, կռնակը տուած էր պատին։ Անիկա կը նայէր անխօս իր նայուածքը, որ նիւթացած պաղատանք մըն էր գրեթէ։

Մե՜ղք է ինծի, Շողիկ հարս։

Բայց ինչ ըրած էր Շողիկ հարսը։

Անոնց ձգտումը  մեղմացաւ  քիչ մը։ Ու  խօսիլ սկսան։ Այն ատեն Շահպազը նկարագրեց անոր իր երազը՝ իր խռովքին բոլոր ուժգնութեամբը։ Ու այրին անոր բառերուն մէջ տեսաւ ինքզինքը պատանի, աղքատ, գեղին միւս աղջիկներուն նման։ Անիկա մերկացաւ բոլոր զարդարանքներէն, որոնք այնքան եղերական իր կեանքը ծածակեր էին աշխարհին աչքերէն ու դարձաւ պարզ, իրական աղջիկը աղքատին։

Ու սարսռաց, թեթեւ ու ցաւագին սարսուռը բոլոր անոնց, որոնք անդարձ կորուստին առջեւ ուրիշ ընելիք չունէին։ Իր կեանքը գացած էր իրմէն, առանց իր գիտնալուն։ Ճիգ ըրաւ իր վրայ, բուռն ու երկար ճիգ մը, որ աչքերուն թուլցող երակները պրկեց ու ետ հրեց արցունքը։

Պահապանը ելաւ ոտքի։ Վախով երկարեց մատները ու բռնեց մէկ երեսը։ Ի՜նչ նիւթէ շինած ես ատոր խմորը, Տէր։

Թեւի պզտիկ շարժում մը հեռացուց անոր մատները։ Խօսելիք չունէին։ Դադար։

Ելիր գնա՛։

Բայց ո՞ւր։ Ու՞ր կը ղրկէր զինքը։ Շահպազին դէմքին ինկաւ անյատակ յուսահատութիւն։

Նորէն լռեցին։

Ու այրին կը պայքարէր իր անցեալին, գուցէ իր նախապաշարումներուն դէմ։ Կը պայքարէր մանաւանդ տեսակ մը յիմար սնափառութեան դէմ։ Մա՞րդ պիտի պակսէր իրեն։ Այս անգիտակից բաղդատութիւնը նորէն անոր չափող նայուածքին տակ ձգեց պահապանին խոշոր ծերութիւնը։

Բայց ատիկա դուրսի պատկերն էր։ Անիկա կը թափանցէր, ու խորունկ հաճոյքով կը հաստատէր տարողութիւնը անոր տարփանքին, որ կը թրջէր  իր աներեւոյթ  ալիքին տակ անոր մարմինին անարգ նիւթը ու դուրս կը բերէր անոր հոգին, ամբողջ յուզումը ու թրթռում, ամբողջ գորով ու սրբազան կրակ։ Ու այս հոգեկան վիճակը անիկա կ’ընէր պատանիի մը պէս մատղաշ ու համբուրելի։

Ու շարունակելով պատկերը, ինկաւ ինքն իր մէջ։ Անիկա չէր յիշեր իր կեանքին մէջ պահ մը, ուր այսքան մօտ եղած ըլլար իր մանկութեան, այսքան պէտքը զգացած՝ տղու մը պէս իր գլուխը թաղելու գորովի, սիրոյ ու գինովութեան ալիքի մը։ Ու հոգեկան այս վիճակը անոր հինցած զգայնութիւնը, իր յոգնած մարմինը թարմացուց ու ըրաւ աշխարհը չճանչցող աղջկան մը պէս ցանկալի։

Յետոյ պատրանքը թռաւ։ Կրկին նայեցաւ իրեն։ Խե՜ղճ այդ մարմինները։ Անո՜րը քիչ մը աւելի տառապած, քիչ մը աւելի զրկուած ու հիմա աւելի կախ՝ գերեզմանին, որ գրեթէ չէր լուսաւորուած երանութեան  միակ փայլակէն սիրոյ կրակէն կեանքի մեծ գիշերին վրայ։ Ի՜րը, դարձեալ, մօտեցած եթէ ոչ գերեզմանին, բայց աւելի ահաւոր բանի մը, անսփոփ ու յաւիտենապէս խաւար ձմեռին։

Ու մտքի արտակարգ արագութեան մը մէջ անցաւ մէկ գիծով իր ամբողջ ապրածն ու չապրածը։ Ի՛նչ տուած էր աշխարհը իրեն։

Այս յուսահատ քայքայումին խորէն երկինքի կտոր մը կապուտցաւ յանկարծ։ Բայց ցաւին մշուշը գոցեց անիկա։ Երկինքը հեռու էր եղած միշտ ու անմասն մանաւանդ իր տառապանքէն։ Իր համբա՞ւը։

Անիկա կը դադրէր դրանը սեմին ու չէր ազատէր, չէր ազատած անոր մարմինը։ Ու չէր տուած իրեն միակ վայրկեան մը, ուր ընկղմէր ադամանդ կաթիլի մը պէս իր ծարաւի հոգին ու արբենար։

Լոյսը դողաց։ Կատուն դուռը կը հրէր։ Անոնք սարսափով նայեցան կենդանիին։

Գնա՛, Շահպազ։ Ուշացար:

Կոտրած էր այս ձայնը ու անոր տարողութիւնը անորոշ։ Երբեմն բառերը հնչումին հակառակը պատմեցին։

Ու՞ր կը ղրկես ինծի, Շողիկ հարս։

Գերեզման։

Գերեզմա՜ն։ Ինչ ունէր անիկա հիմա ուրիշ, այս աշխարհէն, հողքին մէջ կամ դուրսը նո՞յնը չէր։

Իր մտածումը բառ չեղաւ, բայց դէմքին զարկաւ այնքան յստակ, ու այրին զղջաց։ Ու բռնեց նորէն անոր թեւը, տղու մը պէս։ Դուռը բացաւ, առանց լույսը առնելու։ Ու քալեցուց անիկա, տղու մը պէս սրահէն, զգուշաւոր բայց թրթռագին։

Անիկա գրեթէ գրկած էր պահապանը։ Սանդուխին վերի աչքին կեցան։ Պատուհանէն զով բան մը ներս կը թափէր։ Անոնց ձեռքերը հիւսուածի պէս էին։ Իջան։ Բայց կը տատանէին։ Շունչը քիչ կու գար անոնց կուրծքին։ Քովի տունէն լոյս մը բացաւ իրենց պատկերը ու գնաց։

Բակին մէջ, անոնց հասակները կը քալէին, փաթթուածի պէս։ Ինչպէս բացաւ փողոցին դուռը։ Շահպազը կը նմանէր մէկուն, որ գերեզման կ’երթայ ու քայլը դուրս չէր ելլեր։

Գնա՛ տուն հիմա։

Կակուղ փայփայանք մը երեսին վրայ, անոր ափովը, դուրս ելաւ ան։ Խոստո՞ւմ։ Ո՜վ գիտէ։

Ու դուռը գոցուեցաւ մեղմով։

Այրին յոգնած էր չափազանց։ Սանդուխները երբեք այդքան շատ չէին եկած անոր։

Լոյսը առնելու մտաւ։ Աչքը անմիջապէս գնաց այն տեղը, ուր անոր մարմինը ձեւէն ելած՝ խոշորցած տառապանքի մը պէս դիզուեր էր քիչ առաջ։ Յուզուեցաւ ու զղջաց։ Ինչո՞ւ ղրկած էր։

Լոյսը ձեռքը մտաւ իր ամայի սենեակը։ Այն միայն զգաց պատերուն չարութիւնը ու պաղը վարագոյրներուն։ Անկարող զայրոյթով մը նախատեց իրերը, որոնք տարիներով նայած էին իր մարմինին ու ոչինչ խօսած։ Ջիղերը գրգռուած էին ու չէին գիտեր ինչ բերէին անոր ուղեղին։ Ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ինչ կ’ուզէր։

Մինչեւ ուշ գիշեր, անիկա եղաւ երազուն ու կատաղի փոխնիփոխ։ Աքաղաղը խօսեցաւ քանի մը անգամ ու անիկա աչքերը գոց կը նայէր իր աշխարհին։

Բոլոր իր փաստերը փորձեց շատ անգամներ այդ լռիկ ժամերուն ու չկրցաւ հաւատալ ոչ մէկին։ Աշխատեցաւ պժգանքը արթնցնել, բայց վախցաւ իր մարմինէն, որ կը թրթռար ու կը բռնկէր։ Ու պէտք ունեցաւ գալարուելու իր զիստերուն վրայ։ Ու կռնակին սիւնը քսեց մահճակալի երկաթներուն։

Այն ատեն, գրգռուած, յուզուած, արցունքոտ ու ամօթէն պարտասուն լսեց իր միսերուն մէջ իրեն ծանօթ ձայնը, այնքան յստակ ու այնքան բռնաւոր, որ կծկուեցաւ։

Քսան տարիներու սնոտքին տակ խորուած զգացումը կը յառնէր իր մէջ։

Ու նայեցաւ գրեթէ այդ ողջունցող մեռելին։ Ի՞րն էր ատիկա։ Ի՞նքն էր ատիկա։

Ու կը դողար անոր դիմաց։

Իր սարսուռէն անցաւ միւսին պատկերին։ Ու տարածեց իր յուզումները անոր վրայ։ Ան ատեն արգահատանքը եկաւ առաջին գիծին։ Կը մեղքնար պահապանին։

Բայց անմիջապէս զգաց, որ գիտնալով կը խաբէր ինքզինքը։ Աշխատեցաւ անոր ծերութեան դէմ հանել իր գեղեցկութեան արհամարհանքը։ Բայց ալ թափելու չափ լեցուած իր կիրքը միջամտեց ու պաշտպանեց չարաբախտ Շահպազը։

Ու կ’իյնար բարձէ բարձ։

Զաւակները եկան, նայեցան մայրիկին ու գացին։

Նայեցաւ երկինք։ Ոչ մէկ լոյս։ Ինչո՞վ էր մեղաւոր։ Ի՞նչ ըրած էր աշխարհին։

Ու կը դառնար, կը դառնար մէկ կողմէն միւս կողին, մէկ բարձէն միւսին, իյնալու համար միշտ խորը անտանելի բզզիւնի մը, որ իր կեդրոնէն կը բխէր կարծես։

Լոյսը թեթեւ մը դեղնեցաւ վարագոյրներուն վրայ։ Փողոցէն բանուոր Օհանը իր հազովը քաշուեցաւ գործին։ Երկու էշ, իրենց կարծր աղաղակովը, առտուն գարին կ’ուտէին։

Երբ հայելիին մէջ տեսաւ իր զարնուած գոյնը ու ցաւէն յոգնած աչքերը, սիրտը նուաղում ինկաւ։ Երեսը չլուացած, ետեւի դուռնէն գերեզման գնաց։

Հիւղակին դուռը բաց էր երեսին վրայ։ Ներսը պարապ։

Աչքով պտտեցաւ գերեզմանին տարածութիւնը։ Քարերը ճերմակ ու սեւ կը պառկէին ու դեղին ու կանանչ իրարու քով կը մսէին առտուան մէջ։

Քալեց ու վարժուած իր ոտքերը տարին իր դամբարանը։

Դիմացէն տեսաւ վանդակէն ներս սեւ բան մը ու վախցաւ։ Նախազգացո՞ւմ մը։

Հասաւ քովը։ Պառկած էր գլուխը քարին։

Իրիկուան շաղէն թրջուած էր զգեստը։ Բայց շունչը թեթեւ շոգիի մը պէս կը քակուէր կիսաբաց իր բերնէն։ Աչքերը կղպուած էին։

Անունը տուաւ։ Ոչ մէկ շարժում։

Ցնցեց ձեռքովը։ Մարմինը երերաց, բայց կեցաւ իր նախկին դիրքին մէջ։

Ամուր սեղմեց քիթը։ Ջուր կաթեց, բայց աչքերը չբացուեցան։

Այն ատեն համակերպած կեցաւ։ Անոր դէմքը խաղաղ էր՝ ինչպէս փոթորիկէ մը վերջ աւազէ ափը ծովուն։ Արցունքին աղը ճերմկած էր երեսներուն վրայ ու իր գիծերը կը քաշէր դէպի կոկորդը։

Բազկերակը գտաւ, որ կամաց, շատ կամաց, կու գար ու կ’երթար։ Ընելիք չունէր ան։ Գնաց լուր տալու տէրտէրին։

Կէսօրին թաղին պառաւները տարին անիկա հիւղակին մէջ։ Անոնք կը յիշէին այդ քունը տարիներ առաջ, որ երեք օր տեւած էր։

Չգտան մէկը, որ յօժարէր հսկելու անոր սնարին։

Ոչ դրամը, ոչ ալ բարիքին գոհացումը կրցան յաղթել պառաւներուն մէջ գերեզմանին սարսափը։

Մարթա մօրքուրը մինչեւ մութը կոխելու յանձն առաւ սպասել, եթէ Շողիկ հարսը մնար։ Մինակ չէր կրնար։

* * *

Օրը իրիկուն կ’ըլլար։

 

Պահապանը քիչ–քիչ կը դառնար իր գիտակցութեան։ Պառաւի դեղեր ու բժիշկին ղրկած մէկ ջուրը սթափեցուցին անիկա էտինքին։

Երբ աչքը բացաւ, տեսաւ կախ իր վրայ Շողիկ հարսը։ Ուզեց ժպտիլ։ Ու դժբախտ ծամածռութիւն մը սառեցաւ անոր երեսին՝ ժպիտի տեղ։ Իր ջիղերը պրկուած էին։ Քիչ–քիչ ցաւի իրական ու խոր զգայնութիւններ կոկեցին անոր դէմքը եւ լրջացուցին։

Յետոյ կրկին եկաւ թմբիրը։ Բայց խօսուն, զառանցոտ ու տենդահար թմբիրը, որ ցաւին կը հետեւէր։

Զառանցանքը վտանգաւոր էր։ Անիկա յայտնութիւններ կ’ընէր։ Ու Շողիկ հարսը միշտ գործի դրաւ Մարթա մօրքուրը, հիւղակէն դուրս, տուն կամ ժամ ղրկելով։

Ամէն անգամ, որ ցաւը բռնէր, աչքերը կը բացուէին։

Ու այդ ցա՜ւը։ Կարծես ձեռք մըն էր, որ մտած էր անոր կուրծքերէն ներս ու, կախուած անոր սրտին վերեւ, պահէ պահ կ’իջնար ափին մէջ առնելու զայն ու սեղմելու։

Կը սեղմէր։ Ոչ ուժով, բայց հատնցող, հալեցնող պրկումով, որ հոգիին կ’անդրադառնար նուաղումին  բոլոր լայնքովը։ Այն ատեն շունչը կը կենար։

Յետոյ կը մեղմանար։ Ու տակաւին թմբիրը չհասած՝ անոր խորքէն կը բարձրանար այրիին անունը ու անոնց տրամը։ Աչքերը կը գոցուէին քիչ–քիչ ու բառերը կը վերածուէին իմաստէ զուրկ հծծիւնի մը։

Քահանան հաղորդեց ու կոչնակին հետ ժամ իջաւ իր սովորական անտարբերութեամբ։ Անիկա մէկը չէր ճարած գիշերուան համար։

Երբ արեւը գնաց բոլորովին, հիւանդը տէրն էր իր գիտակցութեան։

Զօրքին մեռնիմ, թեթեւութիւն կու տայ։

Ճաշակն էր ատիկա ընողը, Մարթա մօրքուրին կարծիքովը։

Հիմա ցաւը չկար։ Բայց նեարդերուն մէջ մանր-մանր աստղտուք մը կը բանէին։

Երկու կիները խորհրդակցեցան դուրսը։ Լաւ էր հիւանդը ու կրնային մեկնիլ։

Շահպազը ծանր հառաչանքով մը ընդունեց  լուրը։  Անոր ձայնը կարծր էր ու գուբէ մը ելածի երկարումը ունէր։ Նայեցաւ անոր ու աչքերը ծռեց ձեռքերուն։

Մարթա մօրքուրը, դուրսէն, կ’աճապարէր.

Հատէ, Շողի՛կ հարս, հիմա կը մթնէ։

Աւել մը զարնեմ, անանկ։

Ու աւելը ձեռքը առաւ։ Խնամքով մաքրեց գետինը, որ ցեխոտ էր ցերեկէն վեր։ Դուռը բացաւ՝ նետելու համար աւլուքը։ Մարթա մօրքուրը կ’ելլար մեծ դուռնէն։

Աւելը դրաւ իր անկիւնը ու կը պատրաստուէր խօսելու.

Մ’երթար, Շողիկ հարս։ Կեցաւ մէկէն։

Ինչո՞ւ։

Մ’երթար կ’ըսեմ, մեռելներուդ հոգուն։ Մարդու հալ է. ինչ կ’ըլլայ, ինչ չ՛ըլլար։

Գոյնը առողջ էր, ու բառերը իմաստէ աւելի զգացումներ էին, որոնք կը քալէին օդին մէջ։

Մարթա մօրքուրը գնաց։

Մարթա մօրքուրը չգնաց ան իրիկունը։

Այրին գիտէր պատմութիւնը։ Սիրտը փլեցաւ մէկէն։

Բան չունիս։ Դուն քեզի վախ մի բերեր։

Ով գիտէ...

Կեցաւ շունչ առնելու։

Տունը սպասող չունիս...

Տարօրինակ զարկ մը կար այս ձայնին մէջ։

Այրին կը վարանէր։ Զանազան նկատումներ իրարու յաջորդեցին իր մէջ։ Բայց զգաց նաեւ գոյութիւնը հակումին, որ կենալու կը մղէր զինքը։

Մութը կը գոցէր կամաց-կամաց հիւղակին անկիւնները. ու ստուերը կը սկսէր տարածուիլ դէմէն։ Պզտիկ պատուհանէն կարծես ներս թափելով։

Հիւանդը կրցաւ նստիլ։ Կրակին դէմ, քով քովի։

Դուն աղէկ ես ա՛լ։

Ելաւ պատուհանը գոցելու։

Մ’երթար, Շողի՛կ։ Ձայնը դողաց։

Հարս Շողիկը զգաց այն խոնաւ թրթռումը, որով ծանրացած էր նախադասութիւնը։

Ու մութը լեցուց, անկիւններէն վերջը, գետինը, յետոյ ուղղուեցաւ առէքներուն ու պատուհանին, որոնք տող–տող կը լուծուէին։

Կինը ելաւ ոտքի։ Պատուհանին մէջէն քարերուն գոյնզգոյն քառանկիւնները կը հեռանային։ Բայց սեւցող բլուրը կը մօտենար։

Մարթա մօրքուրը չգնաց, Շողիկ։

Ինչպէս կ’ըլլար, որ նոյն վայրկեանին երկուքն ալ նոյնը մտածէին։ Չէր գացած պառաւը, որ անոր հետն էր։ Ի՞նք։ Կը վախնար գերեզ–

մանէն, կը վախնար պահապանէն ու տակաւին ուրիշ շատ բաներէ։ Բայց բան մը կը կեցնէր զինքը։ Չէր գիտեր ու չէր ուզեր գիտնալ։

Մի վառեր։

Լուցկին ինկաւ ձեռքէն։

Ինչո՞ւ մտիկ կ’ընէր այս մարդուն։

Լռեցին։ Անցաւ պատուհան։ Ու կը կարծէր լսել դուրսի քարերէն մեռելներուն անվերջ խօսքը, որ մութէն կը սկսէր մինչեւ կէսգիշեր։ Այդ պատկերէն անիկա իջաւ մեռելներու պատկերին։ Դրաւ իր մարմինը, բոլոր մարմինները հողին մէջ ու գոցեց։ Երկի՞նքը։ Բայց չէր կրցած մօտեցնել անիկա։

Հառաչանք մը ետ դարձուց։ Ցաւը եկած էր նորէն։

Կրակին թեթեւ լոյսին մէջ կինը տեսաւ անոր կոկորդին վեր նետուիլը, օդ փնտռելու համար։ Շունչը կեցաւ։ Դէմքին գիծերը իրար անցան։ Այրին վախցաւ, բռնեց ճակատն ու թեւին մէկը։ Միւսը գետին էր կռնթցուցած, չիյնալու համար։

Տագնապը գնաց։ Բայց ամբողջ մարմինը կը սարսռար փոթորիկէն ելլող նաւու մը պէս։

Երկուքին ալ մտքէն չէր անցներ լոյսը վառել։

Ճնշող բան մը կ’իջնար այս մութէն։ Երկուքն ալ զգացին ատիկա։ Հիւանդ կար հիւղակին մէջ։ Հարկա՛ւ։ Բայց Շողիկ հարսը անհանգիստ էր աւելի իր վախերէն։ Տեսակ մը վտանգ կար հոն։ Բայց ի՛նչ։ Զղջաց մնալուն։ Ինչ պիտի ըսէր գեղը, երբ իմացուէր։

Գոհ եղաւ կանթեղը չվառելուն։ Ու պատուհանի ապակիին լաթ անցուց։

Ու մութին մէջ կը նեղուէր, նստիլ չկրնալով։

Հիւանդը ելաւ ոտքի։ Կամացուկ մը բռնեց թեւէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած էր Շողիկ գիշերը։ Նստեցուց բազմոցին ու այրին տղու մը պէս հպատակեցաւ այս հրամանին։

Յետոյ՝ ականջին դուռէն, հոգիին մէջ յանկարծ պարպուեցաւ բառ մը։

Շողի՜կ։

Հեւ՜ք ու հրդեհ անիկա, բառը՝ որ լոյս կու տար մութերուն վրայ։ Լռեց։ Զգաց, որ բռնած էր երկու թեւերն ալ։

Ու ակամայ բառը կրկնեց իր մէջ, անգամ մըն ալ վայելելու համար անոր թրթռումը։

Ալ հարս չէր անիկա։ Աղջիկ մը, ինչպէս կ’ուզէր ծերունի բերանը աշխարհին։

Աղջիկ, պարզ ու աղքատ, որ երիտասարդի մը կուշտին պիտի ապրէր իր օրը։ Գուցէ տառապէր պիտի։ Ո՛վ չէ անցած ցաւէն։ Բայց... ու չհամարձակեցաւ բանաձեւել մտածումը։ Ցամաք հաց պիտի ուտէր. աղքատիկ պիտի հագուէր, բայց (միտքը բռնադատեց հոս) պիտի ապրէր սրբազան սարսուռը, յաւիտեանէն գողցուած միակ պահը մեր կեանքին։

Իրեն այնպէս եկաւ, որ մութին մէջէն, իր վրայէն մէկիկ–մէկիկ կը թափէին ինչ որ հարուստին տունէն նետուած էր իրեն։ Ու մութին մէջ, առաջին անգամ, պայծառ թափանցումով մը կը դպէր իր կեանքի մեծ կեղծիքին, որ իր միսերը պահպանեց ուրիշներու աչքին համար ու զրկեց անոնց վայելքէն սեփական իր հոգին։

Ու  կը դառնայ անիկա գիւղացի  սիրաւէտ  աղջնակը, նոր մտած տասնվեցին, որուն շրթները անծանօթ համին վազեցին եւ որուն մարմինը կը վազէ երազուած զգլխանքին։

Բայց ժողվեց մտքին թեւերը։ Հիւանդը կը դպէր իր միսերուն։ Այն ատեն յիշեց նորէն անոր զառանցանքը, որուն մէջ իր անունը, իր գեղեցկութիւնը, իր հրապոյրներուն ամբողջ հարստութիւնը պատմուած էր իրեն այնքան սրտազեղ պարզութեամբ, թափանցող խորութիւնով։ Ու գրեթէ կը սիրէր անոր բերանը, որ ամպէն խօսող մարգարէի մը պէս անոր կը բանար իր անցեալը ու ցոյց կու տար անիմաստ ողջակէզը իր երիտասարդութեան, ոսկիին ու նանրամտութեան առջեւ։

Շահպազ փաթթեց անիկա կամաց–կամաց։ Ու անոր բազուկները ուժով էին ու երիտասարդ։

Ու մութը կը գոցէր անոնց մարմինները։ Մութը կը ծածկէր տարիքը, մազերը, ծերութիւնը, աղքատութիւնը, գեղեցկութիւնը, բոլոր այն բաները, որոնք լոյսին հանելու այնքան կը վախնանք երբեմն։

Ու մութը կը պաշտպանէր գեղին ամէնէն զրկուած երկու կուսութիւնները։

Ու պահապանը մեղմով դրաւ անոր մարմինը գետին, գրեթէ նուաղած։ Ծանր բան մը կը ճնշէր կուրծքին։

Վախկոտ՝ տուաւ անունը փսփսալէն։ Պատասխան չեկաւ։

Ձեռքով հրեց գլուխը երեսէն, որ մէկ կողմին գնաց ու կախուեցաւ։ Կրկնեց անունը։

Ձայնը չելաւ։

Թօթուեց ինքզինքը։ Պահապանին մարմինը դարձաւ միւս կողմին ու ինկաւ։

Դարձեալ տուաւ անունը։ Նոյն լռութիւնը։

Այն ատեն խարխափով գտաւ կանթեղը ու վառեց։

Շահպազը կը պառկէր հողէ յատակին։ Գլուխը ծռած էր շատ դէպի ուսը, փրթող դդումի մը պէս դրուած հոն։ Աչքերը բաց էին ու լոյսը արիւնոտ երակներու կը վերածուէր անոնց ծիածանի վրայ։

Մտիկ ըրաւ սիրտը։ Լուռ էր ան ալ։

Վախն ու շուարումը մթագնեցին անոր աչքերը։

Արիւնը  կեցաւ։  Կապուեցան  սրունքները  եւ  ձեռքերուն  խաղերը։ Չկրցաւ ծռիլ՝ կանթեղը առնելու։

Ու չիյնալու համար՝ կռթնեցաւ պատին, որ դողդողաց մետաղէ դող մը, խորունկ ու ցաւոտ։

Ցնցումը արթնցուց զինքը։ Ծռեցաւ ու բոլոր ուժովը երերցուց անոր մարմինը, որ հպատակեցաւ շարժումին, բայց իսկոյն վերադարձաւ իր անզգած խաղաղութեան։

Գաղափարը ունեցաւ լոյսը բռնելու անոր շունչին դէմ։ Պատրոյգը ծռեց քիչ մը իր բոցը, որ գնաց ու եկաւ, բայց շտկեց իր պարարտ եւ ուղիղ գիծը, եւ սուզուեցաւ դէպի վեր մունջ հարսի մը նայուածքին պէս, միօրինակ ու մեռած։

Մեռա՞ծ։ Չէր կրնար հաւատալ։ Շահպազը երկարած էր, աչքերը բաց։

Պաղը շատ շուտ տարածուեցաւ։ Ճակատէն գացած էր պզտիկ գոլը։ Ցուրտ ու մեռած էին մատները, որոնք կոր կը մնային մագիլներու պէս, դէպի ներս աղեղուած։

Կոտրեց աղեղները ու մատները ցցուեցան, գունատ ու խոշոր, ինչպէս կ’ըլլայ միշտ։

Կրցածին չափ ուղղեց մարմինին գիծը, քաշելով աջ ու ձախ, թեւէն, ուսէն ու ոտքէն։ Ու գլուխը դրաւ իր ճիշդ ծխնիին վրայ։

Կարծես կը սպասէր, որ արթննայ։

Բայց պահապանին աչքերը ապակի մեռելութեան մը մէջէն կը նայէին մեռելներուն հանգչած նայուածքը։ Ու կը ցրուէին լոյսը, առանց ներս առնելու։

Մեռա՞ծ։ Կրկին մտածեց այդ կարելիութեան ու մէկէն գտաւ, որ իրաւ էր ան։

Անհուն յոգնութիւն մը, մտածումին հետ տարածուեցաւ իր մսի ամէն մէկ թելին ու ծունկի բերաւ զայն։

Հիմա՞։

Այրին չէր գիտեր ու պիտի չգիտնար, թէ պահապանը կը մեռնէր, գերագոյն երջանկութեան  մը մէջէն, սիրտին կապը փրթա՜ծ  իր մարմինին վրայ։

Մեռած մէկ ու միակ սէրէն։

Գոցեց անոր աչքերը, որոնք արիւնի պզտիկ կոյտեր կ’ըլլային դեղին երեսին վրայ։

Այն ատեն մեռելի դէմքին ինկաւ մեծվայելուչ հանդարտութիւնը, որ փրկութեան վարագոյրի մը պէս կը ծածկէ քնացողին երեսը։

Զարհուրեցաւ անիկա, երբ դուռը բացուեցաւ, Կատուն էր։ Մռութը երկարած, բան մը հոտուըտալէն անիկա դարձաւ պառկողին ոտքերէն մինչեւ գլուխը։ Չէր նայեր Շողիկին։

Անոր ներկայութիւնը կեանքի կտոր մը կը բերէր ներս։ Պատուհանէն վերցուց լաթը ու ակռաններուն զարկէն չէր կրնար տեսնել տժգոյն պայծառութիւնը, որ լուսինէն ինկած էր քարերուն վրայ։

Ինք ալ չգիտցաւ, թէ ինչպէս ելաւ դուրս ու գտաւ ճերմակ ճամբան, որ գորշ էր հիմա։

Գոցեց աչքերը ու վազեց։

Երբ ցատկեց սեմը մեծ դուռին ու տուներուն լոյսը տեսաւ, կեցաւ։ Մոռցեր էր շունչ առնել։

Երկնցաւ իր մահիճին։

Ու երկու մեծագոյն զգացումները կեանքին, սէրն ու մահը փոխ ի փոխ եկան նստելու անոր սրտին։ Երկուքն ալ զօրաւոր ու անողոք էին։

Ու գեղացի կնոջ խեղճ իր ուղեղը կը զարնէր պատերուն ու կու լար։ Կու լար։ Որո՞ւ վրայ։ Ի՞ր, թէ մեռելին։

Իր մահճակալը կը սպասէր իրեն։

Կատուն ու կանթեղը կը հսկէին պահապանին վրայ։

 

1924