Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ… 
       Ահա կու գաս թօթափելէն մոխիրնե՛րըդ դարաւո՜ր
Կու գա՛ս Դուն եօթն անգամ լացուած Քոյրի մը պէս հեռաւոր։ 
Սպասելէն ու մեռնելէն մեր հոգիներն են յոգնած
Եկո՜ւր, եկո՜ւր, Ազատութեան ո՜վ Քրմուհիդ ջահագնաց։ 
       Ահա կու գա՜ս։ Դեղնորակ է աչուըներուդ բոցը վէս
Գերեզմանէն ծնած տժգոյն ու շրջմոլիկ հուրին պէս։ 
Ու մինչ հըպարտ քայլերուդ տակ երկիրն համակ կը կըքի
Ինչո՞ւ սակայն այտերդ ի վար այս տաք հետքերն արցունքի…։ 
       Ա՜խ, կը յիշե՞ս արդեօք Դուն ալ, Ազատութեա՜ն Քրմուհի
Արցունքներով ցօղուած մերին արշալոյսներն ամեհի
Ու կրակէ վերջալոյսնե՞ր Դուն կը տեսնես սոսկումով…։ 
Ահա կու գաս, ու քու ճամբադ դեռ կարմի՜ր է մեր տիղմով։ 
       Ու անո՛նք որ անշնչացան շղթաներու ժանտ բեռէն
Ու անո՛նք որ Մահն ըմպեցին դիւցազնօրէ՛ն , հեգնօ՛րէն
Ու անո՛նք որ ո՛ւ այր ու կին ո՛ւ հարս ո՛ւ որբ, անհամա՜ր  
Եղեռնօրէն ու կոյտ ի կոյտ յօշոտուեցան Քեզ համար…։ 
       Անցի՜ր, անցի՜ր, ո՜վ Քրմուհիդ Ազատութեան , խայտանքո՜վ 
Անցիր անոնց ահագնալուռ գերեզմանի փոսին քով
Ու աչերէդ թո՛ղ որ ցօղէ կրակէ արցո՛ւնք մը լոյսի… 
Տարիներով ցուրտ հողին տակ իրենց հոգին կը մըսի… 
       Անցի՜ր, անցի՜ր արիւնակերտ այդ հայարփու հողերէն
Ու քայլերուդ ազատաթռիչ տրոփին մէջ ուժգնօրէն
Հազա՛ր֊հազա՛ր զանգակներու մեռելօ՛րէն տօնական 
Զարթնո՛ւմն երգէ ոսկորներուն երգէ՜ ու լա՜ց խօլական…։ 
       Champery 
22/4 Օգոստոս 1908