Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՊՈՌՆԻԿԸ 
       Գ . ԶՕՀՐԱՊԻՆ 
       Կէս գիշերէ վերջ մըն էր, խոնաւ գիշեր մ’անձրեւի
Լապտերին թաց լոյսին տակ կանգներ էիր տրտմովի
Ջուրը կ’երգէր մայթին վրայ, հոս֊հոն վազքն էր կառքերուն
Կը սպասէի՜ր դուն այդ ա՛փ մը հողիդ շուրջ դեգերուն։ 
       Բռնի ժպիտ մը կու լար աչերուդ խո՛րը ծաւի
Ներկուած լիրբ շրթներուդ վրայ պրկումը կար ցաւի
Ու անառակ չըփակիդ զոյգ սահանքին տակ սիրուն՝ 
Ցայտքը չիկար այդ գիշեր ցայգազըւարճ կիրքերուն։ 
       Կը սպասէիր դուն պատրա՜ստ ու համակե՜րպ ու հըլո՜ւ
Առա՛նց սիրոյ, ընտրութեան, նուիրուելու համար կո՜յր 
Այն բարեհա՜ճ Արուին, որ հաց ունէր քեզ տալու…։ 
       Գութի, կիրքի պէս տարտամ բոց մ’զգացի սրտէս ներս՝ 
Ու թերե՜ւըս այդ գիշեր նուիրուէի քեզի, Քո՜յր
Եթէ կաթիլ մը արցունք չը սառեցնէր իմ այտերս… 
Կէսգիշերէ վերջ մըն էր, խոնաւ գիշեր մ’անձրեւի…։ 
       [1908]