Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
3. ՊԻՏԻ ՄԵՌՆԻ 
       Ճի՜չ, ճի՜չ մըն ալ…։ Անօգո՜ւտ։ Փոթորկին մէջ աշունի
Անծի՜ր ծովուն վըրայ գորշ, դէպի ափե՜րն հայրենի
Ծիծառներուն կը սուրայ լո՜ւռ կարաւանը փութով։ 
Իրենց վերջինն, ուժասպա՜ռ, կը փորձէ ճի՜չ մ’ալ թոթով…։ 
       Պիտի մեռնի։ Ան գիտէ։ Բայց մո՜ւթ հոգին թռչունի
Անմահութեան գո՛նէ այն ճարտար հաւատքն ալ չունի
Որ կը շոյէ մեր վերջին ժամերն Յոյսով ու Սուտով…։ 
Միա՛յն գիտէ թէ աչերն խաւարելու են շուտով։ 
       Որովհետեւ մռնչող գորշ ծովուն վրայ անյատակ
Ի՜նչ դիակներ տեսաւ ան՝ ուխտի ճամբուն նահատակ…։ 
Հեռո՞ւն. ո՛չ գիծ մը տարտամ։ Հեռո՞ւն. ո՛չ կայմ մը նիհար։ 
       Մեռնի՞լ. ո՛չ, ո՛չ։ Դե՜ռ թռչիլ կը փորձէ ան տենդահար…։ 
—Ինկի՜ր, ինկի՜ր, խե՜ղճ թռչուն, ծովերու մէջ թէ ծաղկաց
Պահ մը առաջ, պահ մը ուշ, Մահը նոյն Մահն է անա՜նց…։ 
       Լօզան, 1 Մարտ 1909