ԱՐԵՒԵԼՔ
Սկիւտարի
ծովահայեաց
կէտերէն
Մէկուն
վրայ
խորասուզուած
տխրօրէ՛ն,
Քաղցըր
թոյնի
մը
պէս
կ’ըմպեմ
արեւուն
Խենթեցընող
վերջին
ցոլքե՛րը
անհուն։
Ուղի՛ղ
դէմըս,
բլուրին
վրայ,
քայլ
մ’անդին ,
Էշ
մը
ծերուկ,
թողած
ծի՛լը
մարմանդին ,
Կոշկոռած
վի՛զը
կ’երկարէ
գալարո՜ւն
Մարմարայի
իրիկնանո՛յշ
բոցերուն…։
Կը
նայիմ
նուրբ
ստուերներու
գեղեցիկ ,
Վոսփորին
վրայ
բիւր
կայմերու
սլացիկ ,
Հեռուի
հրաշէկ
երկինքներուն
բոցահալ.
Կը
նայիմ
ինձ,
ու
կը
նայիմ
իրեն
ալ…։
Այդ
է՛շը
որ
կեանքը
կ’ըմպէ
հոն
հըլո՜ւ ,
Որ
կը
լռէ,
բայց
շատ
վարժ
էր
զռալո՜ւ
—Ի՜նչ
շնորհապարտ
եմ
ես
իրեն
այս
մասին ,
—
Որուն
համար
փիլիսոփայ
ալ
ըսին…։
Այդ
է՜շը,
այդ
ծռմռած
ճի՛տը
համեստ ,
Մտրակուելէ
թուլցած
այդ
մորթն
հաստաբեստ ,
Դերասանի
այդ
կեցուածքը
բլրին
վրայ ,
Ինքնասուզուա՜ծ
պոչն
որ
հազի՜ւ
կ’երերայ…։
Այդ
է՛շն
ահա,
այդ
պարզ
որդին
բնութեան ,
Հորիզոնուա՜ծ,
շրջանակուած
յաւիտեա՜ն ,
Անվե՛րջ,
անհո՛ւն
վերջալոյսով
մը
միայն,
—Արեւելքի
պատմութիւնն
է
լռելեայն…։
[1909]