Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹՐՈՒՊԱՏՈՒՐՆԵՐԸ

Բանաստեղծ  ընկերներուս

Թրուպատուրնե՜րն են, տեսէ՛ք, իրե՛նք են.
Եռանդո՜ւն, անփո՜յթ, գո՜հ կը նուագեն
Հրակէզ արեւուն տակ հրապարակին։
Կիսխուփ փեղկերէ տարեց, տղայ, կին
Կ՚երեւան քիչ-քիչ։  Կէսօրի տապէն
Շա՜տ քիչերն են որ տեսնել կը շտապեն
Թրուպատուրները։

Տարօրէ՜ն դէմքեր։  Ամէ՛նքն, է՛գ, արո՛ւ
Բախտէն կատաղի հալածուողներու
Անտուն ընտանիք մը քայլամոլոր…
Փողոցի ստո՜յգ հանճարներ բոլոր
Նուագելու համար պէտք չունին նոթի
Կ՚ապրին երգելով, կը մեռնին նօթի
Թրուպատուրները։

Բախտը, տառապանքն, յարափո՜խ հովեր
Իրենց դէմքին մո՜ւթ ժպիտ մ՚են տուեր
Կեանքը ճանչցողի ալեկո՜ծ ժպիտ։
Ու իրենց բռնի՛ ձեւին մէջ հտպիտ
Խռիւ մազերնուն ներքեւ ալեւոր
Աշխարհն հեգնելու հո՜վ մ՚ունին աղուոր
Թրուպատուրները։

Անոնք երգելո՜վ անցան համօրէն
Բոյի գինեզուարճ այգեստաններէն
Մինչեւ Նեղոսի աւազուտը շէկ
Մինչեւ Ուրալներն, մինչեւ հըրաշէկ
Ափերը դերբուկ Հրոյ-Երկիրին։
Քանի՜ ընկերներ ճամբան հող դրին
Թրուպատուրները։

Մեքենայութեան այս դարը երկա՛թ
Չընկճե՛ց դեռ իրենց հոգին խանդակաթ.
Ու ոստաններու միջեւ դրամապաշտ՝
Թշուառութեան հետ գլո՜ւխ գլխի հաշտ
Կ՚ապրին նախնական կենցաղով ազատ
Ազա՜տ բնութեան որբե՜րն հարազատ
Թրուպատուրները։

- Առէ՛ք ինձ ձե՜զ հետ, երկիրէ երկիր
Տարէք այս թշուա՜ռ սիրտըս սըգակիր։
Ապրինք հեգնելով, ողբանք երգելով.
Ու երկրագունտին հետ մշտահոլով
Մեր մորթն անօգուտ քըշե՜նք մշտերեր.
Մշտնջենական մո՜ւթ ուխտաւորներ
Թրուպատուրները։

Զի մե՛նք ենք, մե՛նք ենք, բանաստե՛ղծ, պոէտ
Մե՛նք, պատառոտուն բեհեզով վէ՜տ-վէ՜տ
Երգի իշխաննե՛ր՝ ի սպա՜ռ հալածուած
Մե՛նք, նօթի՜, հպա՜րտ, երբեմնի աստուա՜ծ,
Մե՛նք, չըհասկըցուա՜ծ, մե՛նք եղերակա՜ն,
Մե՛նք, բանաստեղծնե՛ր, մե՛նք ենք իրական
Թրուպատուրները։

Մե՛նք՝ որ մեր վէրքէն երգե՜ր կը շինենք
Մե՛նք, զրկուածնե՜ր, ճակատագրէն նենգ։
Ու մինչ ուրիշներ առատ կը ջամբեն
Խինդի՜ սեղանէն, մուսային ճամբէն
Մենք կ՚երթանք ստո՜յգ Մահուան անսուա՜ղ.
Մե՛նք, հի՜ն մարդկութեան ո՜ւշ ծընած - աւա՜ղ -
Թրուպատուրները։

Բայց ի՜նչ փոյթ, մե՛նք ենք հոգիով հարուստ
Մե՛րն է ներշնչումն, որ կու գայ վերուստ
Մե՛րն է մարգը թա՜ց, վերջալոյսն անխօ՜ս.
Փթիթը վարդի՜ն, առուն մշտահո՜ս.
Մե՛րն է մթին սի՛ւքը գերեզմանին.
Հի՜ն աստուածներու ցեղին կը նմանին
Թրուպատուրները։

Մե՛նք ենք, որ անփո՜յթ գրչով կը հեգնենք
Այս նե՛նգ աշխարհքին պսակները նե՛նգ։
Քնար մը ձեռքերնիս, անտո՜ւն, մահագի՜ն
Չե՛նք ցանկար ստրո՛ւկ-պետի դղեակին։
Ազատ բարբառի ասպետներ անա՜հ
Կ՚ապրին մեռնելո՜վ, կը մեռնին անմա՜հ
Թրուպատուրները։

Մարդկութեան հտպի՞տ պէտք է անպատճառ։
Մեր սրտե՛րը մենք հաներ ենք վաճառ.
Մեր վիշտէն, սուգէն, խաբուած սէրէն նենգ՝
Ռամիկին համար երգե՜ր կը շինենք։
Ո՞վ ըսաւ «Մահը մի է», ամէ՛ն օր
Կը մեռնինք մե՛նք, հի՜ն տիեզերքին նո՜ր
Թրուպատուրները։

Սակայն մեզ ի՜նչ փոյթ ծիծաղն ամէնուն
Լքումը ստո՛ր, քաղցը անանո՛ւն.
Մենք՝ գառանց հովուին պէս սիրագորով՝
Հաւա՛տքն ունինք մեր սրինգին ծայրով
Առաջնորդելու Մարդկութիւնն ամբո՛ղջ
Մեռա՜ծ արուեստին մե՛նք տակաւին ո՜ղջ 
Թրուպատուրները։

Այս ի՜նչ դարերու հասեր ենք, Աստուա՜ծ
Փշրեցի՜ն ի՛նչ որ կար վսեմ կերտուած
Թէ դեռ սի՛րտ ունիք՝ թաղելո՜ւ տարէք
Ոսկիին նենգ ձա՛յնն է ամէնուրեք։
Մի՛ միայն մե՛նք ենք որ դեռ անարգել
Սիրե՜լ կ՚երազենք, ո՜վ կ՚ուզէ սիրե՜լ
Թրուպատուրները։

Մեռա՜ր, հնաւանդ Արուեստ սրբանուէր
Երբ դեռ կեանքն երգո՜վ կ՚ապրէր, կ՚օրօրուէ՜ր
Ու երբ երջանի՜կ, թափառի՜կ, գինո՜վ
Իրենց ծիրանի լա՜յն կրկնոցներով
Դղեակէ դղեա՛կ, փայտի երկնային
Տաւիղին թրթռո՛ւմը կը տանէին
Թրուպատուրները։

Ես կ՚երազեմ հայր թրուպատուրն Հոմեր
Որ աստուածներու ակէն կը խմէր.
Ու իր հսկաները բարձրաղաղա՜կ
Կ՚երգէր տաւղին վրայ, քաղաքէ քաղաք։
Որ թրուպատուրնե՜րը բիւր՝ որ կ՚երթա՜ն
Դարերու մէջէն. կ՚երազեմ Գողթան
Թրուպատուրները։

Կ՚երազե՜մ զիրենք. ու լո՜ւռ, շուարո՜ւն
Կը նայիմ փեղկէս ա՛յս թշուառներուն -
Որ բռնի կերպով կ՚երգեն, կը խաղան։
- Վա՜խ, արծաթն Արուեստն հանեց կախաղան
Հի՜ն, աստուածաբընա՜կ դարերը մեռան.
Ու հիմա պէտք է խնդացնե՛ն, մուրա՛ն
Թրուպատուրները։

Հրատապ արեւուն տակ հրապարակին
Ահա՛ կ՚երգեն դեռ, ու մինչ տղա՛յ, կի՛ն
Կը հասնին քիչ-քիչ նեղ ճամբաներէ
Գլխարկն անցորդին լո՜ւռ կը կարկառէ
Իրենց նահապետ երգիչն ալեւոր։
- Տուէ՛ք, իրե՛նք են, Նոր Մարդկութեան Նո՛ր
Թրուպատուրները։

Լօզան, 18 Օգոստ. 1910