Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՄԵ՜ԾԴ ԱՍՏՈՒԱԾ 
       Ահա՛ ջուրերդ։ Աղուոր լիճե՛րըդ ահա՛
Ահա՛ ծովերդ, ովկէաննե՛րըդ մըթին
Որոնց վըրայ շունչըդ կեանքոտ կը խաղայ 
Փայփայելով հսկանե՛րն այն անդունդին
       Խոտերուն մէջ սահող հեզիկ առուակէդ 
Մինչեւ ջուրերը դարաւոր Նեղոսի
Մինչեւ հո՛ն ուր Նիակարան փրփրաւէտ 
Գահավէժին մէջ գոռալո՜վ կը հոսի։ 
       Ահա՛ հողերդ։ Լո՜ւռ անտառներդ մթաստուեր 
Ուր քու հոգիդ մենաւորիկ կ’երազէ՜
Ու բոցավառ արեւուն տակ կենսաւեր 
Տոչորող լա՜յն անապատներդ աւազէ
       Կանաչաւէտ քու դաշտերէդ լայնածիր 
Մինչեւ ձորերդ ու անդունդներդ ահաւոր
Մինչեւ լեռներդ որ դուն ձեռքո՛վդ կանգնեցիր
Ալպեաններէն՝ Հիմալայան ալեւոր։ 
       Ահա՛ երկինքդ։ Երազամո՜լ, կապտագե՜ղ
Անծի՜ր, անծա՜յր տարածութի՛ւնը անհուն
Լոյս մատներէդ վառուած աստղե՛րըդ շըքեղ՝ 
Խորհրդաստուեր կամարիդ վրայ պլպլուն
       Ու արեւուդ բոցափայլ գո՛ւնտը կրակի
Ու լուսնակիդ սիրախտաւոր դէմքն աղուոր
Ու տրտմանո՜յշ վերջալոյսնե՛րըդ ոսկի
Ու կենսալիր արշալոյսներդ փառաւոր։ 
       Ահա՛ Մարդերդ։ Ահա՛ Մարդերդ ալ, Աստուա՜ծ
Տխո՛ւր հիւրերն այս հրաշագեղ աշխարհքին
Թափառակա՜ն, վաղորդայնէ՜ն ընկճուած
Ճղճի՛մ, թշուա՛ռ, հո՛ղին կառչած , ախտագի՛ն
       Ճակատագրին մտրակին տակ խելայե՜ղ
Անոնք կու լան ու կը վազեն մտացի՜ր
—Իրենց ճակտին վրայ Մահուան գիրն ահեղ  
Անոնք զոր Դո՛ւն պատկերիդ վրայ ձեւեցի՜ր…։ 
       Ահա՛ Մարդերդ, ահա՛ Մարդերդ, Մեծդ Աստուա՜ծ…։