Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ՀԱՒԱՏՔՍ

Մոռնալ, անկարելի բան է, մանկութեան օրերու թեթեւ, վճիտ այն տպաւորութիւնները, որ ինքնին կուգային տեղ կը գրաւէին միտքի վրայ ու սրտի վրայ ալ, տարիներու ընթացքով իրենց ծաղկաբոյր սխրանքէն չիյնալու պայմանաւ: Կը հաւատայի թէ ժամուն խորանին ետեւը Ս. Ստեփանոս կայ, կանգնած ուղղաձիգ, այնպէս՝ ինչպէս անոր պատկերը կը տեսնէի ամէն օր, սիւնէն կախուած հին շրջանակի մէջ, գլխուն վրայ դեղինով լուսապսակ ու թեւերը հորիզոնաձեւ քիչ մը դէպի վեր, բիբերու արտայայտութիւնը ա՛յն ձեւով ու այնքան վառ, զգայնիկ, որ յար իմ վրայ կը գամուէին կը մնային ո՛ր կողմ ալ դիրքս փոխել ուզէի, այդ կերպով մօտէն ու հեռուէն ալ Ս. Ստեփանոս շեշտ ինծի կը նայէր միայն. անոր առջեւ ակնածանքի պէս բան մը կը խաղար հոգիէս որ շատ աւելի վախի զգացումին կը նմանէր, ասոր ալ տակ դժոխքի արհաւիրներուն սոսկումը ծրարուած:

Շատ անգամ անոր առջեւ քանի մը ուրիշ ընկերներով վէճի կը բռնուէինք՝ ո՛չ, ձեզի չի նայեր, այդ աչքերն ուղղակի ինծի են, իմ ետեւէս կուգան, հեռուէն ալ զիս միայն կը տեսնեն. նոյն խօսքերն ու պնդումները ընկերներուս բերնին մէջ ու աւելի յամառ շեշտերով. ետքը ետքը այն համոզման կուգայինք թէ՝ Ս. Ստեփանոս մեր գեղին սուրբն է, ժամը՝ իր անունով շինուած՝ իր տունն ըսել է, մենք բոլորս ալ անոր տղաքն ենք, բնական է որ նա բոլորիս ալ վրայ հաւասար նայուածք պատէ, ինչպէս գորովազեղ հաւու մը աչքերը իր թոռնիկներուն վրայ: Ամէնուս ալ երեսը ճառագայթում մը կը շողար այն հաւասարապատիւ եղբայրակցութեան գաղափարէն, վէճը կը դադրէր ու ցատկտուն, զուարթ դուրս կ՚ելլէինք:

Դուրս կ՚ելլէինք, բայց ես պատերուն ու ծառերուն թողած շուքի երկարաձգումները կը չափէի հասկնալու թէ ե՛րբ իրիկուն պիտի տայ, ժամկոչը ձեռքը զանգակին երկնցնէ, մէկ ոստումով անոր քով թռիմ, մինակ ըլլամ հետը, չեմ գիտեր ինչպէս, խորանին ետեւի սուրբին տղան հաւտալ կը սիրեմ, պզտիկ է, ձեռքի ու ոտքի մատները իմինէս պզտիկ ու շատ մանկային. միայն դէմքն է որ կը խրտչեցնէ ու կը շփոթէ հաշիւներս, իմ հասակակիցս ճիշտ, բայց տարբեր հանդերձով, կարմիր շապիկ մը հագած է մինչեւ ոտքին երեսը, այդ կարմիրը աղտոտուած մոմի կաթիլներէն ու շատ ալ սեւցած՝ լուացող մը չունենալու ու ոտքերն ալ բոպիկ ձգուած ըլլալու դժբախտութեանը կը խորհիմ ու կը կարեկցիմ ալ սրտով, ի՛նչ կրնամ ընել, մօրուք ունի անիկա, թաւ պեխ մըն ալ ահա. կը զատուիմ անկէ. ան սուրբ մը, ես մարդ մը կը մնամ նորէն. բայց ա՛լ այնքան յաճախ կ՚այցելէի զինքը, քանի որ օր մըն ալ սրդողած չտեսայ ինձմէ, համարձակուած էի հետը տեսակ մը խորհրդաւոր ընդունելութիւն հաստատել:

Կը յիշեմ թէ՝ իրիկուն մը միս մինակ ժամուն մէջ, ամառ իրիկուն մը, որ մարդ ոտք չի դներ սեմէն ներս լուերէն վախնալով, եկողը բակը կ՚աղօթէ ու կ՚անցնի, այն իրիկունները շատ հեղ տէրտէրներն ալ չեն երեւնար տեղերնին, կամացուկ մը դռնէն ներս կ՚անցնիմ, անոր ներողութիւնը կը հայցեմ. «Ես դիտմամբ չըրի, կ՚ըսեմ, Սուրբ Ստեփանոս, ճամբան ինկած էր, մեղքս եկաւ, վեր առի, ծոցս դրի, մինչեւ տուն եկայ՝ մեռած էր. եթէ ալ չարութիւն կը սեպես, խօսք կուտամ որ անգամ մըն ալ ծառի մը բոյնի մը քով չերեւնամ բնաւ»:

Այն օրը թռչունի ձագ մը գտած եմ պարտէզէն տուն դառնալու ճամբուս վրայ, ծիծեռնիկի ձագ մը կարծեմ, դեղին ու ցանցառ աղուամազ մը բուսեր չէ բուսեր վրան, կարմիր ու լղատ միսի բրդոն մը քիչ մը երկայնկեկ, որուն մէկ կողմը խոշոր ու տգեղ կտուց մը տարօրինակ անկնկալ մը ըլլայ, միւս կողմէն ծղօտի բարակութեամբ վարդագոյն սրունքներ թել ճանկերով եզերդած, ծիծեռնիկի ազազուն ձագ մը վերջապէս, հաւկիթէն նոր դուրս եկած ըլլալ կ՚երեւնայ, աչքերը լման չեն բացուիր, կը հեւայ, չես գիտեր ինչո՞ւ, տաքէ՛ն թէ ցաւէն, բոյնէն գետին ինկած է ուժգնութեամբ, ու գլխի տորտրանքով մը ինծի նշան կ՚ընէ, ընդհատ ու չլսուելու աստիճան նուաղկոտ վայիւնով մը իմ նոյն իսկ անունս կուտայ կարծես, որ զինքը վեր առնեմ տեղէն, բոյնը տանիմ, եթէ կրնայ ըլլալ այնպէս:

Կը համակերպիմ անմիջապէս, մերկ ծոցս կը դնեմ, հոգ չէ որ անոր պզտիկ ճկըտոցը ու ճանկռդուքը զիս վեր կը թռցնէ, արտորանքով տուն կը վազեմ որ անկէ վերջը խորհիմ ընելիքս: Տուն կը հասնիմ, խեղճ կենդանին ծոցիս մէջ շնչահեղձ ու գէշ կերպով ալ տրորուած կը գտնեմ:

Երկար մը վրան նայելէ ու ափիս մէջ շրմրջելէ ետքը դուր չի գար խղճիս, ի՛նչպէս ոտքի տակ նետել, պզտիկ փոս մը բանալով կը թաղեմ, կակուղ մինիկ գերեզման մը, բոյնէն ալ հանգիստ:

Ու յետոյ՝ աղէ՞կ էր ըրածս, կը հարցնեմ ինքնովի, մինչեւ իրիկուն հոգիի տարուբերումներ, ան օրը նստած տեղս կը մընամ, բերանս չի բացուիր. եթէ չվերցնէի, իմ ձեռքս չդպնար, նորէն չպիտի՞ մեռնէր. ո՛չ, չարութիւն չկայ ըրածիս մէջ. իր մահուան պատճառը կամ ինքն է որ բոյնէն դուրս սողկտալու անհարկիութիւնն ընելով ինքզինքը գետինն է նետեր, կամ այն անհոգի կաչաղակը որ խղճալ չգիտեր, սովոր է միշտ ուրիշներուն բոյնը երթալ գտնել իր սնունդը:

Սակայն ո՛ր եզերքի վրայ ալ տանիմ հաստատեմ խնդիրը, իմ նախապաշարումս է թէ՝ անկէ մաս մըն ալ անտարակոյս ինծի բաժին կ՚ելլէ. չէ՞ր ըլլար որ արտորանքով տուն չվազէի, ափիս մէջ բռնելու զգուշութիւնը ինչո՞ւ մոռցայ, որքա՞ն անկեղծ էր այդ պզտիկ անասնիկին իր բոյնը դնելու դիտաւորութիւնս, անկէ առաջ ինչո՞ւ չպիտի խորհէի որ գուցէ չկրնամ իսկ ճանչնալ անոր ծնողաց կայքը: Շիտակն այն է որ մեղսակից մըն եմ. ես զինքը վեր առի սիրած բանս գտածի մը բնազդով, ծոցս դրի որ դուրսէն տեսնող մը չպատահի, սեղմեցի որ ձայն ճիկ չհանէ, արտորանքով դէպի տուն՝ որ կեր առնելու հասունութեան մէջ տեսնելու ատենս հայթայթեմ անոր պէտք եղածը ու վերջը ինծի մտերիմ խաղընկեր մը ընեմ:

Ճիշտն ալ աս էր, ու կը հասկնայի թէ՝ սուրբին ըրած խոստովանանքս այնքանը միայն ճշմարիտ էր որ կ՚ըսէի. «Դիտմամբ չըրի այն չարութիւնը»: Միւսները ի՞նչպէս կլլեցնել որ արդար յայտնութիւններ էին, չէ՞ որ սուրբ մըն է, միտքէ անցած ու բերնով չըսուածն անգամ կրնայ վերլուծել: Այն իրիկունը ժամուն լռին ամայութեանը մէջ վերջալոյսին մոռցուած բոսոր ու նօսր շերտեր արագ արագ հալելով մութը կուգար վրայ, սուրբին երեսը առաջուանէն աւելի խոժոռ ու մռայլ երեւոյթի մը մէջ. ահռելի խռովքի մը ծամածռութիւնները կը նշմարէի, քէն պահողի ու սրդողածի մը պէս աչքերը կոպիճներէն դուրս կը պոռթկային. ընդոստ դուրս կը նետուիմ վախէս որ հարուածը վրիպեցնեմ, ինծի կ՚ըսեն որ՝ սուրբին ուսերուն քովերը երեւցող քարերը մեղաւորներուն համար դրուած են, քարերը, հինգ հատ ու ընկուզի մեծութեամբ, յատկապէս չարերուն համար պատրաստուած:

Բայց այն ատեն ի՛նչպէս կը մոռնայի զարմանալ թէ այն քարերը ամէն օր ալ նոյն իրենց տեղը կը մնային միշտ հինգ հատով, օր մըն ալ անոնց մէկ հատը չտեսայ մէկու մը գլխուն նետուած ու փշրտած: Տարիին մէջ գոնէ երկու մարդ ալ մեղք չէ՞ր գործեր այդ գիւղը, ուր շարունակ երկու տէրտէր ամէն օր իրենց նորանոր արարքներով, երկու տէրտէր զատ իրենց կուսակցութիւններով ու ժողովուրդը բարոյապէս սպաննելու ընթացքով, երկուքն ալ հայհոյիչ, ու իրարու դէմ յովազի վրէժներով զինուած. ես այն ատեն ի՛նչ կար որ այնքան չարաչար կերպով ոճրագործի մը երկաթ անուրը զգացի վզիս. նոյն իսկ եթէ ես ինքս մեռցուցած ըլլայի ձագ ծիծեռնիկը, նոյն արժէ՜քն ունին մարդն ու ծիծեռնիկը կամ ժողովուրդն ու ճնճղուկը, վերջնոյն արժէքին համար ըսուած չէ՞ եթէ երկու հատը մէկանց մէկ դանկի մը վաճառուին, մարդերու վրայ սպանութիւն գործող այն ձառատէմ կրօնաւորները ինչո՞ւ ազատ մնային պատիժէ:

«Հայրենիք», 17 Օգոստոս 1895