Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՃԵՐՈՒՆ ՄՕՏ

Նոճերն եզերող ճամբուն վրայ նորէն

Մինակս, այս գիշեր ալ կը դեգերիմ.

Զի կրծող կիրքերն, յուշերն ոխերիմ

Հո՜ս զիս չեն տանջեր դըժընդակօրէն:

  ո՜նջ այսպիսի գարշ ու բիրտ աշխարհի մ’

Ընտանութենէն ու ճանաչումէն,

Հոս կրնա՜մ մոռնալ նուաստ յոյզերս ամեն

Ու ’անհունին յոյսովն ահա կը բերկրիմ.

Զի ոչինչ կայ հոս գիշերին մէջ ջինջ

Քան սեւ սեւ նոճերը կարօտալից,

Եւ աստեղց ուղխերն որ կը փողփողին.

Աշխարհքէն, ցայգէն, տիեզերքէն ոչի՜նչ՝

Քան լուսաժըպիտ ցնծութիւնն երկնից,

Եւ յաւերժաբերձ հայրենախտն հողին:


10 Օգոստ. 1905