ՄԱՀԷՆ
ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ
Ո՛վ
մշտակոթող
խուռն
ու
սեւ
նոճիք,
Որ
փոսերուն
վրայ
կեանքին
վաղազրաւ,
Բոլոր
այն
խանդով
զոր
մահն
ի
ձեզ
դրաւ,
Դէպի
վերամբարձ
Անհունը
կ’աճիք,
Այս
նըւաստ
հովտէն
զեղծ
ու
սրտագրաւ
Ի՛նչ
հեշտ
է
ձեր
ելքն,
հրաժարումն
անճիգ.
Ի՛նչ
սէր
Անյեղլւոյն
ուր
կը
մըխըրճիք,
Վերին
լուսաղբերց
համար
ի՛նչ
ծարաւ:
Ձեր
արմատներուն
ներքեւ,
այնպէս
չէ՞,
Կ’նեխին
ամեն
իղձք
աշխարհանըւէր,
Եւ
դուք
միայն
գիտէք
վախճանն
այս
թշուառ.
Եւ
ան
է
անշուշտ
որ
ձեզ
կ’ներշնչէ
Սեւեռիլ
Անդրին
բերկրութիւնն
ի
վեր,
Որ
միայն
ձե՜ր
կայքէն
կը
նշմարուի,
վառ:
8
Յունիս
1906