ԾՆՆԴԵԱՆ
ԳԻՇԵՐ
Վառ
են
աստեղք
յաւերժական
անուրջին.
Երկիրն
անձայն
կը
քընանայ
ձիւնասքօղ.
Եւ
վերամբարձ
միշտ
դէպ’
Անդրը
կը
յանկչին
Մշտապաշտօն
կիպարիսները
հսկող:
Սակայն
ահա՛
զանգակին
հունչն
առաջին,
Սաւառնաձայն
մեծ
ղօղանջնե՜րը
դողդող.
Ու’նդհուպ
ուրի՛շ
գանգիւններ
որ
կը
թռչին
Հեռուներէն՝
գիշերին
մէջ
լուսողող:
«Ո՜վ
մոլորեալք,
կ’ըսեն,
ծընաւ
այն
Մեսիան
«Որ
թիւր
ու
մռայլ
ձեր
ձորերուն
խորերէն
«Պիտի
ցոյց
տայ
ձեզի
Ուղին
Ստուգութեան:
»
Եւ
տիեզերքին
մէջ
մեծ
նոճերն
երկնասլաց,
Մեծ
աւետիսը
կը
հծծեն
մեղմօրէն.
«Օրհնեալ
է
սէրն
ու
ճանաչումն
Օրինաց»:
7
Յունվ.
1905