ՄԱՀԻԿԸ
Կատարներուն
մէջ
անտառին
բարձրաբերձ
Ցայգավերջի
մահիկն
է,
պերճ
եւ
անոք.
Ա՛հ,
կոյսն
աղու,
գա՛ղտ
երկինքէն
անողոք՝
Եկեր
է
մռայլ
սէրվիներուն
այսքան
մերձ:
Անդրի՜ն
համար
յաւերժական
լուսաղբերց՝
Անդնդակերպ
մայրւոյն
մէջ
ո՛րքան
մորմոք.
Լուսնակն
ահա
կը
ցաթէ
սփոփ
եւ
ամոք
Իր
թախիծէն
երկնանոյշի
վեհանդերձ:
Բայց
ի՜նչ
յագուրդ
կրնայ
բերել
հիմակ
ան
Մեծ
մեծ
նոճեաց
այս
դարաւոր
աղօթքին
Իր
ժըպիտովն
իսկ
աստուածազն
աղջըկան.
Ցընորքն
անոնց
գիտէ
մահիկը
չքնաղ,
Ու’
անոնց
վերեւ
եկած
ի
սփոփ
տրտմագին՝
Ճշմարտութեան
տեղ
գեղեցիկն
է,
աւաղ:
7
Յունվ.
1906