Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՂՋՈՒՄ

7, 5.

Մինակս եմ, մութ խորքին մէջ վըճիտ գիշերին,

Յանցանքներու յուշերէն հոգիս կարեվէր.

Մինչ, տարօրէն ուրուախումբ՝ աստեղց մէգն ի վեր

Կը համբառնան սէրվիներն երկրէն խաւարին:

Բղխմո՜ւնք շիջեալ սերընդոց որ հոս են թաղուեր՝

Կը վերանան պսպըղուն սրբութեան վերին.

Կարծես լոյսին տենչն ըլլա՛ր յետ մահու հնարին,

Եւ խիղճը՝ գօս գանկերուն մէջ անմեռ տեւէր:

Ո՛հ, ոչ այլ ինչ է նոճեաց մայրին տխրաբոյս՝

Քան վառ արփին մէջ ներման վըտակի մ’ի յոյս

Ննջեցելոց ապաշաւն ընդվայր երկնաբերձ.

Ոչինչ՝ քան լի հասկացմամբ նախկին մեղանչմանց՝

Ու կարօտով գերութեա՜ն առ Օրէնքն անանց՝

Թշուառութիւնն անպատում հողացող ոսկերց:

11 Դեկտ. 1907