Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՂՁ

7, 5.

Պիտի գայ օր մ’ուր, լըքուած՝ կեանքէն խաբեբայ՝

Վէս գլուխս հակի եւ խըրոխտ թեւերս խոնարհին.

Մթնէ, ցրտէ մարմնոյս մէջ քամիէն վիհին,

Եւ կորըստեան տըմոյն զոհ՝ իյնամ ես ճամբայ:

Ձեր բոլոր հոյլն յայնժամ նո՜ճք իմ, թող զիս ողբայ.

Թող եղերգէ, գիշերայն, մահն երգչին ձեր հին.

Ու տաղերնուդ ամենէն ծանրն ու ամեհին

Ձեր մըտերմին իբր այգողք հեծելով ծըփա՛յ:

Ձեր բազմաստեղն աղջամուղջն ըրէք սուգ անոր:

Թող ձեր սեւ լարք իր քնարին աւիւնը տաւղեն,

Եւ անոր դաշն արցունքներն հծծեն իրարու:

Ըսէ՛ք, անմեռ խոհք երկնից, թէ ան՝ մենաւոր,

Կուգար, ձեզի փարելով, հոգի խնկեղէն՝

Վաղանցութեան իր ցաւովն ըզձեզ երգելու:

19 Դեկտ. 1907